«Հին կտակարան»ը այժմէակա՞ն է
«Հին կտակարան»ը այժմէակա՞ն է
ՖՐԱՆՍԱՑԻ բժիշկ մը 1786–ին հրատարակեց Քննարկութիւն՝ կազմաբանութեան ու բնախօսութեան վերաբերեալ խորագրով գիրք մը (Traité d’anatomie et de physiologie)։ Անիկա այդ ժամանակուան ամենէն ճշգրիտ աշխատասիրութիւնը նկատուած է, եւ անոր հազուագիւտ մէկ օրինակը վերջերս ծախուեցաւ աւելի քան 27 հազար տոլարի։ Այսուհանդերձ, ներկայիս շատ քիչ հիւանդներ պիտի վստահէին վիրաբոյժի մը, որ կ’ապաւինի այս գրքին նշած վաղեմի բժշկական պրպտումներուն։ Այս գրքին պատմական ու գրական արժէքը ո՛չ մէկ կերպով կ’օգտէ հիւանդի մը ներկայիս։
Շատեր նոյն զգացումը ունին այդպէս կոչուած Հին Կտակարանին հանդէպ։ Անոնք կը գնահատեն անոր բովանդակած Իսրայէլի պատմութիւնը եւ գեղեցիկ բանաստեղծութիւնները։ Այսուհանդերձ անոնք չեն խորհիր թէ խոհեմութիւն է հետեւիլ ուղղութիւններու, որոնք աւելի քան 2,400 տարի առաջ արձանագրուած են։ Ներկայիս գիտութիւնը, առեւտուրը եւ նոյնիսկ ընտանեկան կեանքը շատ տարբեր են, Աստուածաշունչի ժամանակներուն հետ բաղդատած։ Christianity Today պարբերաթերթի նախկին խմբագիր՝ Ֆիլիփ Եանսի, իր մէկ գրքին մէջ (The Bible Jesus Read) կը նշէ. «Անիկա միշտ ըմբռնելի չէ, իսկ եթէ ըմբռնելի ըլլայ, ներկայ ընթերցողները կ’ընդվզեցնէ։ Այս եւ այլ պատճառներով, Հին Կտակարանը՝ Աստուածաշունչի երեք չորրորդը, յաճախ չի կարդացուիր»։ Այս մտածելակերպը նոր չէ։
Շուրջ Հ.Դ. 100–ին Յովհաննէս առաքեալի մահէն ետք, 50 տարի չանցած՝ Մարկիոն անունով հարուստ երիտասարդ մը հանրապէս պնդեց թէ Քրիստոնեաները Հին Կտակարանը պէտք է մերժեն։ Անգլիացի պատմաբան Ռոպին Լէյն Ֆոքսի համաձայն, Մարկիոն առարկեց թէ «Հին Կտակարանին մէջ ‘Աստուած թունդ բարբարոս’ մըն է, որ աւազակներու եւ ահաբեկիչներու կը հաճէր, որոնցմէ մէկն էր Իսրայէլի Դաւիթ թագաւորը։ Միւս կողմէ, Քրիստոս յայտնեց գերակայ Աստուած մը, որ բոլորովին նոր ու տարբեր էր»։ Ֆոքս կը գրէ թէ այս հաւատալիքները «կազմեցին ‘մարկիոնականութիւնը’, որ մինչեւ չորրորդ դար շարունակեց հետեւորդներ շահիլ, մանաւանդ Ասորերէն խօսող Արեւելքին մէջ»։ Այս գաղափարներէն ոմանք տակաւին կը գոյատեւեն։ Որպէս արդիւնք, աւելի քան 1,600 տարի ետք, ինչպէս Ֆիլիփ Եանսի կը գրէ, «Հին Կտակարանին գիտութիւնը Քրիստոնեաներուն մօտ արագօրէն կ’անհետանայ, իսկ արդի ընկերութեան մէջ գրեթէ անհետացած է»։
Հին Կտակարանը փոխարինուա՞ծ է։ Ի՞նչպէս կրնանք Հին Կտակարանի «զօրքերու Տէրը» հաշտեցնել Նոր Կտակարանի «սիրոյ ու խաղաղութեան Աստուծոյն» հետ։ (Եսայի 13։13. Բ. Կորնթացիս 13։11) Ներկայիս Հին Կտակարանը կրնա՞յ քեզի օգտակար ըլլալ։