‘Հոգիով պիտի ընթանա՞ս’
‘Հոգիով պիտի ընթանա՞ս’
«Հոգիո՛վ ընթացէք, ու մարմինին ցանկութիւնը պիտի չգործադրէք»։—ԳԱՂԱՏԱՑԻՍ 5։16, ԱՎ
1. Հոգիին դէմ մեղանչելու մտահոգութիւնը ի՞նչպէս կարելի է վանել։
ԵՀՈՎԱՅԻ սուրբ հոգիին դէմ մեղանչելու մտահոգութիւնը վանելու կերպն է՝ Պօղոս առաքեալի ըսածը ընել. «Հոգիո՛վ ընթացէք, ու մարմինին ցանկութիւնը պիտի չգործադրէք»։ (Գաղատացիս 5։16, ԱՎ) Եթէ թոյլ տանք որ Աստուծոյ հոգին մեզ ուղղէ, մարմնաւոր անպատշաճ ցանկութիւնները մեզ պիտի չնուաճեն։—Հռովմայեցիս 8։2-10
2, 3. Եթէ հոգիով ընթանանք, ի՞նչպէս պիտի ազդուինք։
2 Մինչ ‘հոգիով կ’ընթանանք’, Աստուծոյ գործօն ուժը մեզ պիտի մղէ Եհովայի հնազանդելու։ Աստուածային յատկութիւններ պիտի ցուցաբերենք մեր ծառայութեան մէջ, ժողովքին մէջ, տան մէջ եւ այլուր։ Հոգիին պտուղը բացայայտ պիտի ըլլայ մեր կողակիցին, զաւակներուն, հաւատակիցներուն եւ ուրիշներու հետ մեր գործառնութեանց մէջ։
3 ‘Աստուծոյ համաձայն՝ հոգիով ապրիլը’ կարելի կը դարձնէ որ մեղքէն հեռու կենանք։ (Ա. Պետրոս 4։1-6) Եթէ հոգիին ազդեցութեան ներքեւ ենք, վստահաբար աններելի մեղք մը պիտի չգործենք։ Բայց եթէ շարունակենք հոգիով ընթանալ, ուրիշ ի՞նչ օգտակար կերպերով պիտի ազդուինք։
Աստուծոյ ու Քրիստոսի մօտի՛կ մնացիր
4, 5. Հոգիով ընթանալը ի՞նչպէս Յիսուսի հանդէպ մեր տեսակէտին կ’ազդէ։
4 Որովհետեւ սուրբ հոգիով կ’ընթանանք, Աստուծոյ ու իր Որդւոյն հետ սերտ յարաբերութիւն մը կրնանք պահպանել։ Հոգեւոր պարգեւներուն մասին գրելով, Պօղոս Կորնթոսի մէջ եղող հաւատակիցներուն ըսաւ. «Այս ձեզի [նախկին կռապաշտներ] կ’իմացնեմ թէ մէկը չկայ որ Աստուծոյ հոգիովը խօսի ու Յիսուսին նզովեալ ըսէ։ Եւ մէկն ալ չի կրնար Յիսուսը Տէր կոչել՝ եթէ ոչ սուրբ հոգիով»։ (Ա. Կորնթացիս ) Որեւէ դրդիչ ոյժ որ մարդիկը կը մղէ Յիսուսը անիծելու, Բանսարկուէն ծագում առած պէտք է ըլլայ։ Սակայն որպէս սուրբ հոգիով ընթացող Քրիստոնեաներ, համոզուած ենք թէ Եհովա Յիսուսը յարուցանեց եւ միւս բոլոր ստեղծուածներէն վեր բարձրացուց։ ( 12։1-3Փիլիպպեցիս 2։5-11) Քրիստոսի փրկանքի զոհին հանդէպ հաւատք ունինք եւ Յիսուսը կ’ընդունինք որպէս Աստուծոյ կողմէ մեր վրայ նշանակուած Տէր։
5 Հ.Դ. առաջին դարու կարգ մը դաւանեալ Քրիստոնեաներ ուրացան թէ Յիսուս մարմնով եկած էր։ (Բ. Յովհաննէս 7-11) Այդ սխալ տեսակէտը որդեգրելը պատճառ եղաւ որ ոմանք Յիսուս Մեսիայի վերաբերեալ ճշմարիտ ուսուցումները մերժեն։ (Մարկոս 1։9-11. Յովհաննէս 1։1, 14) Սուրբ հոգիով ընթանալը մեզ ետ կը պահէ այսպիսի հաւատուրացութեան տեղի տալէ։ Բայց միայն հոգեւորապէս արթուն մնալով կրնանք շարունակել Եհովայի շնորհքը վայելել եւ ‘ճշմարտութեան մէջ քալել’։ (Գ. Յովհաննէս 3, 4) Հետեւաբար վճռենք ամէն հաւատուրացութիւն մերժել, որպէսզի կարենանք մեր երկնաւոր Հօր հետ զօրաւոր յարաբերութիւն մը պահպանել։
6. Աստուծոյ հոգին ի՞նչ յատկութիւններ յառաջ կը բերէ հոգիով ընթացողներուն մէջ։
6 Պօղոս հաւատուրաց կռապաշտութիւնն ու հերձուածները, պոռնկութեան եւ անառակութեան հետ մէկտեղ, «մարմնին գործեր»ուն շարքին դասեց։ Բայց ան բացատրեց. «Անոնք որ Քրիստոսիններն են՝ իրենց մարմինը խաչը կը հանեն բնական կրքերով ու ցանկութիւններով մէկտեղ։ Հոգիով ապրինք, Հոգիին համեմատ քալենք»։ (Գաղատացիս 5։19-21, 24, 25) Աստուծոյ գործօն ուժը ի՞նչ յատկութիւններ յառաջ կը բերէ հոգիով ապրողներուն եւ ընթացողներուն մէջ։ Պօղոս գրեց. «Հոգիին պտուղը այս է. սէր, խնդութիւն, խաղաղութիւն, երկայնմտութիւն, քաղցրութիւն, բարութիւն, հաւատարմութիւն [«հաւատք», Երուսաղէմ], հեզութիւն, ժուժկալութիւն»։ (Գաղատացիս 5։22, 23) Այժմ նկատի առնենք հոգիին պտուղին այս երեսակները։
«Մէկզմէկ սիրենք»
7. Ի՞նչ է սէրը, եւ անոր կարգ մը յատկանիշները ի՞նչ են։
7 Սէրը,– հոգիին պտուղին մէկ երեսակը,– յաճախ կը պարփակէ ուրիշներու հանդէպ խոր խանդաղատանք եւ անձնուրաց հետաքրքրութիւն, ինչպէս նաեւ ջերմ կապուածութիւն։ Սուրբ Գրութիւնները կ’ըսեն թէ «Աստուած սէր է», քանի որ ան այս յատկութեան մարմնացումն է։ Մարդկութեան հանդէպ Աստուծոյ եւ իր Որդւոյն մեծ սէրը դրսեւորուած է Յիսուս Քրիստոսի փրկանքի զոհով։ (Ա. Յովհաննէս 4։8. Յովհաննէս 3։16. 15։13. Հռովմայեցիս 5։8, 9) Որպէս Յիսուսի հետեւորդներ, իրարու հանդէպ մեր ունեցած սէրէն կը ճանչցուինք։ (Յովհաննէս 13։34, 35) Իրականութեան մէջ, մեզի պատուէր տրուած է որ «մէկզմէկ սիրենք»։ (Ա. Յովհաննէս 3։23) Իսկ Պօղոս կ’ըսէ թէ սէրը երկայնամիտ ու քաղցր է։ Անիկա չի նախանձիր, չի գոռոզանար, անվայել վարմունք չ’ունենար եւ իրենը չի փնտռեր։ Սէրը բարկութեան չի գրգռուիր կամ չարութիւն չի խորհիր։ Անիկա ճշմարտութեան խնդակից կ’ըլլայ, ո՛չ թէ՝ անիրաւութեան։ Սէրը ամէն բանի կը զիջանի, կը հաւատայ, կը յուսայ ու կը համբերէ։ Ասկէ զատ, անիկա բնա՛ւ չ’իյնար։—Ա. Կորնթացիս 13։4-8
8. Ինչո՞ւ Եհովայի երկրպագուներուն հանդէպ սէր պէտք է ցուցաբերենք։
8 Եթէ թոյլ տանք որ Աստուծոյ հոգին մեր մէջ սէր յառաջ բերէ, այս յատկութիւնը պիտի յատկանշէ Աստուծոյ ու դրացիին հետ մեր յարաբերութիւնը։ (Մատթէոս 22։37-39) Յովհաննէս առաքեալ գրեց. «Ան որ եղբայրը չի սիրեր՝ մահուան մէջ կը մնայ. ամէն ով որ իր եղբայրը կ’ատէ՝ մարդասպան է։ Գիտէք թէ ամէն մարդասպան իր մէջ յաւիտենական կեանք չունի»։ (Ա. Յովհաննէս 3։14, 15) Մարդասպան մը կրնար Իսրայէլի ապաստանի քաղաքներէն մէկուն մէջ ապահովութիւն գտնել, միայն եթէ իր զոհը նախապէս չէր ատեր։ (Բ. Օրինաց 19։4, 11-13) Եթէ սուրբ հոգիով առաջնորդուած ենք, Աստուծոյ, հաւատակիցներու եւ ուրիշներու հանդէպ սէր պիտի ցուցաբերենք։
«Տէրոջը ուրախութիւնը ձեր զօրութիւնն է»
9, 10. Ի՞նչ է ուրախութիւնը, եւ ուրախ ըլլալու կարգ մը պատճառները ի՞նչ են։
9 Ուրախութիւնը երջանկութեան վիճակ մըն է։ Եհովա «երանելի Աստուած» է։ (Ա. Տիմոթէոս 1։11. Սաղմոս 104։31) Որդին կ’ուրախանայ իր Հօր կամքը կատարելով։ (Սաղմոս 40։8. Եբրայեցիս 10։7-9) Իսկ «Տէրոջը ուրախութիւնը [մեր] զօրութիւնն է»։—Նէեմիա 8։10
10 Աստուածատուր ուրախութիւնը խոր գոհունակութիւն կը բերէ, երբ Աստուծոյ կամքը կը կատարենք նոյնիսկ նեղութեան, վիշտի կամ հալածանքի ժամանակներուն մէջ։ «Աստուծոյ գիտութիւնը» ի՜նչ երջանկութիւն կու տայ մեզի։ (Առակաց 2։1-5) Աստուծոյ հետ մեր ուրախալի յարաբերութիւնը հիմնուած է ճշգրիտ գիտութեան եւ հաւատքին վրայ՝ իրեն ու Յիսուսի փրկանքի զոհին հանդէպ։ (Ա. Յովհաննէս 2։1, 2) Միջազգային միակ ճշմարիտ եղբայրութեան մէկ մասը ըլլալը ուրախութեան այլ աղբիւր մըն է։ (Սոփոնիա 3։9. Անգէ 2։7) Թագաւորութեան մեր յոյսը եւ բարի լուրը ծանուցանելու մեծ առանձնաշնորհումը մեզ կ’ուրախացնեն։ (Մատթէոս 6։9, 10. 24։14) Յաւիտենական կեանքի հեռանկարն ալ մեզ կ’ուրախացնէ։ (Յովհաննէս 17։3) Այսպիսի հոյակապ յոյս մը ունենալով, ‘ի՛րապէս ուրախ պէտք է ըլլանք’։—Բ. Օրինաց 16։15, ԱՎ
Խաղաղասէր ու երկայնամի՛տ եղիր
11, 12. (ա) Խաղաղութիւնը ի՞նչպէս կը սահմանես։ (բ) Աստուածային խաղաղութիւնը մեր վրայ ի՞նչ ազդեցութիւն ունի։
11 Խաղաղութիւնը,– հոգիին պտուղին այլ մէկ երեսակը,– անդորրութեան ու խռովութենէ զերծ վիճակ մըն է։ Մեր երկնաւոր Հայրը խաղաղութեան Աստուածն է, եւ մեզի սա երաշխիքը տրուած է. «Տէրը իր ժողովուրդը խաղաղութիւնով պիտի օրհնէ»։ (Սաղմոս 29։11. Ա. Կորնթացիս 14։33) Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Խաղաղութիւն կը թողում ձեզի, ի՛մ խաղաղութիւնս կու տամ ձեզի»։ (Յովհաննէս 14։27) Ասիկա իր հետեւորդներուն ի՞նչպէս պիտի օգնէր։
Յովհաննէս 14։26) Հոգիին ազդեցութեան ներքեւ եւ մեր աղօթքներուն առ ի պատասխան, կը վայելենք «Աստուծոյ [անբաղդատելի] խաղաղութիւնը», որ մեր սրտերն ու մտքերը կը հանգստացնէ։ (Փիլիպպեցիս 4։6, 7) Ասկէ զատ, Եհովայի հոգին մեզի կ’օգնէ որ հաւատակիցներու եւ ուրիշներու հետ հանդարտօրէն ու խաղաղութեամբ վարուինք։—Հռովմայեցիս 12։18. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։13
12 Իր աշակերտներուն տուած Յիսուսի խաղաղութիւնը, անոնց սրտերն ու մտքերը հանդարտեցուց եւ անոնց վախերը մեղմացուց։ Անոնք յատկապէս խաղաղութիւն ունեցան՝ երբ խոստացեալ սուրբ հոգին ստացան։ (13, 14. Ի՞նչ է երկայնամտութիւնը, եւ զայն ինչո՞ւ պէտք է ցուցաբերենք։
13 Երկայնամտութիւնը առնչուած է խաղաղասիրութեան։ Անիկա գրգռումի կամ սխալի դիմաց համբերատար ըլլալ է, կացութեան բարելաւման նկատմամբ ամէն յոյս չկտրելով։ Աստուած երկայնամիտ է։ (Հռովմայեցիս 9։22-24) Յիսուս ալ այս յատկութիւնը կը ցուցաբերէ, եւ կրնանք ասկէ օգտուիլ, քանի որ Պօղոս գրեց. «Անոր համար ողորմութիւն գտայ, որ ամենէն առաջ Յիսուս Քրիստոս իմ վրաս ցուցնէ երկայնմտութիւնը՝ օրինակ ըլլալու անոնց, որոնք պիտի հաւատային իրեն՝ յաւիտենական կեանքի համար»։—Ա. Տիմոթէոս 1։16
14 Երկայնամտութեան յատկութիւնը մեզի կ’օգնէ համբերատար ըլլալու, երբ ուրիշներ անազնիւ կամ անխոհեմ բաներ ըսեն կամ ընեն։ Պօղոս Քրիստոնեայ հաւատակիցները յորդորեց. «Ամենուն ալ երկայնամիտ եղէք»։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։14) Որովհետեւ բոլորս ալ անկատար ենք եւ սխալներ կը գործենք, վստահաբար կ’ուզենք որ մարդիկ մեզի հետ համբերութեամբ ու երկայնամտութեամբ վարուին, երբ իրենց դէմ յանցանքներ գործենք։ Հետեւաբար ջանանք ‘ուրախութեամբ երկայնամիտ ըլլալ’։—Կողոսացիս 1։9-12
Քաղցրութիւն եւ բարութի՛ւն ցուցաբերէ
15. Քաղցրութիւնը սահմանէ եւ օրինակներ տուր։
15 Քաղցրութիւն կը ցուցաբերենք երբ ուրիշներու հանդէպ հետաքրքրութիւն ցոյց կու տանք՝ բարեկամական ու օգտակար խօսքերով եւ արարքներով։ Եհովա քաղցր է, նոյնպէս ալ՝ իր Որդին։ (Հռովմայեցիս 2։4. Բ. Կորնթացիս 10։1) Աստուծոյ ու Քրիստոսի ծառաներէն կ’ակնկալուի քաղցր ըլլալ։ (Միքիա 6։8. Կողոսացիս 3։12) Նոյնիսկ Աստուծոյ հետ անձնական յարաբերութիւն չունեցողներէն ոմանք «արտասովոր մարդասիրութիւն» ցուցաբերած են։ (Գործք 27։3. 28։1, 2, ԱՎ) Հետեւաբար, տրամաբանական է որ կարենանք քաղցրութիւն ցուցաբերել, եթէ շարունակենք ‘հոգիով ընթանալ’։
16. Ո՞ր կարգ մը պարագաները կը մղեն մեզ որ քաղցրութիւն ցուցաբերենք։
16 Քաղցրութիւն կրնանք ցուցաբերել, նոյնիսկ եթէ մէկը վիրաւորական խօսքեր ուղղելուն կամ աննկատառու գտնուելուն պատճառաւ արդարացիօրէն բարկանանք։ Պօղոս ըսաւ. «Եթէ բարկանաք՝ մեղք մի՛ գործէք, արեւը ձեր բարկութեանը վրայ մարը թող չմտնէ։ Ու Սատանային՝ տեղի մի՛ տաք։ Եւ իրարու հետ քաղցր եղէք, գթած, ներելով իրարու, ինչպէս Աստուած Քրիստոսով ներեց ձեզի»։ (Եփեսացիս 4։26, 27, 32) Յատկապէս տեղին է որ փորձութիւններ դիմագրաւողներուն հետ քաղցրութեամբ վարուինք։ Անշուշտ, Քրիստոնեայ երէց մը քաղցրութիւն ցուցաբերած չըլլար, եթէ աստուածաշնչական խրատ չտայ անհատի մը որ ‘բարութեան, արդարութեան ու ճշմարտութեան’ ընթացքը լքելու վտանգին մէջ է, պարզապէս անոր զգացումները չվիրաւորելու համար։—Եփեսացիս 5։9
17, 18. Բարութիւնը ի՞նչպէս սահմանուած է, եւ այս յատկութիւնը մեր կեանքին մէջ ի՞նչ դեր պէտք է խաղայ։
17 Բարութիւնը՝ առաքինութիւն, բարոյական արժանիք, կամ բարի ըլլալու յատկութիւնը կամ վիճակն է։ Աստուած բարի է բացարձակ իմաստով։ (Սաղմոս 25։8. Զաքարիա 9։17) Յիսուս առաքինի է եւ բարոյական արժանիքի յատկութիւնը ունի։ Այսուհանդերձ, ան «Բարի» տիտղոսը չընդունեց, երբ մէկը զինք «Բարի վարդապետ» կոչեց։ (Մարկոս 10։17, 18) Բացայայտօրէն, քանի որ ան կը գիտակցէր թէ Աստուած էր բարութեան գերագոյն տիպարը։
18 Մեր ժառանգած մեղքը կը խոչընդոտէ բարիք ընելու մեր կարողութիւնը։ (Հռովմայեցիս 5։12) Այսուհանդերձ կրնանք այս յատկութիւնը ցուցաբերել, եթէ աղօթենք որ Աստուած մեզի ‘բարութիւն սորվեցնէ’։ (Սաղմոս 119։66, ՆԱ) Պօղոս Հռովմի մէջ եղող հաւատակիցներուն ըսաւ. «Ես ինքս ալ հաստատ համոզուած եմ ձեզի համար, իմ եղբայրնե՛րս, որ դուք լեցուած էք բարութիւնով եւ գիտութիւնով»։ (Հռովմայեցիս 15։14) Քրիստոնեայ տեսուչը պէտք է «բարեսէր» ըլլայ։ (Տիտոս 1։7, 8) Եթէ Աստուծոյ հոգին մեզ առաջնորդէ, մեր բարութեամբ պիտի ճանչցուինք, եւ Եհովա մեզ պիտի յիշէ «բարիքի համար»։—Նէեմիա 5։19. 13։31, ԱՎ
«Անկեղծ հաւատք»
19. Եբրայեցիս 11։1–ի համաձայն, հաւատքը սահմանէ։
19 Հաւատքը,– նաեւ հոգիին պտուղին մէկ մասը,– «յուսացուած բաներուն հաստատութիւնը ու չերեւցած բաներուն ապացոյցն է»։ (Եբրայեցիս 11։1) Եթէ հաւատք ունինք, վստահ կրնանք ըլլալ թէ Եհովայի խոստացած բոլոր բաները անպայման պիտի իրականանան։ Անտեսանելի բաներուն համոզիչ ապացոյցը ա՛յնքան զօրաւոր է, որ հաւատքը համազօր է այդ ապացոյցին։ Օրինակ, ստեղծուած բաներուն գոյութիւնը մեզ կը համոզէ թէ Ստեղծիչ մը կայ։ Եթէ շարունակենք հոգիով ընթանալ, այսպիսի հաւատք պիտի ցուցաբերենք։
20. Ի՞նչ է «մեզ դիւրաւ պաշարող մեղքը», եւ ի՞նչպէս կրնանք անկէ ու մարմնին գործերէն խուսափիլ։
20 Անհաւատութիւնը կոչուած է «մեզ դիւրաւ պաշարող մեղքը»։ (Եբրայեցիս 12։1) Մարմնին գործերէն, նիւթապաշտութենէ եւ հաւատք կործանող սուտ ուսուցումներէ խուսափելու համար, պէտք է Աստուծոյ հոգիին ապաւինինք։ (Կողոսացիս 2։8. Ա. Տիմոթէոս 6։9, 10. Բ. Տիմոթէոս 4։3-5) Աստուծոյ հոգին Եհովայի արդի ծառաներուն մէջ յառաջ կը բերէ այն հաւատքը, որ նախաքրիստոնէական վկաներն ու աստուածաշնչական այլ անձնաւորութիւնները ունէին։ (Եբրայեցիս 11։2-40) Իսկ մեր «անկեղծ հաւատք»ը կրնայ ուրիշներուն հաւատքը ամրապնդել։—Ա. Տիմոթէոս 1։5. Եբրայեցիս 13։7
Հեզութիւն ու ժուժկալութի՛ւն ցուցաբերէ
21, 22. Հեզութիւնը ի՞նչպէս սահմանուած է, եւ զայն ինչո՞ւ պէտք է ցուցաբերենք։
21 Հեզութիւնը՝ բնաւորութեան ու վերաբերմունքի մէջ մեղմութիւն է։ Աստուծոյ յատկութիւններէն մէկն է՝ մեղմ տրամադրութիւնը։ Ասիկա գիտենք քանի որ Յիսուս, որ բնաւորութեամբ հեզ էր, կատարելապէս Եհովայի անձնաւորութիւնը ցոլացուց։ (Մատթէոս 11։28-30. Յովհաննէս 1։18. 5։19) Ուստի, Աստուծոյ ծառաներէն ի՞նչ պահանջուած է։
22 Որպէս Քրիստոնեաներ մեզմէ կ’ակնկալուի որ ‘հեզութիւն ցոյց տանք ամէն մարդու’։ (Տիտոս 3։2, ԱՎ) Մեր ծառայութեան մէջ հեզութիւն ցոյց կու տանք։ Հոգեւոր որակումներ ունեցողներուն խրատ տրուած է որ յանցագործ Քրիստոնեան «հեզութեան հոգիով» ուղղեն։ (Գաղատացիս 6։1) Բոլորս ալ կրնանք քրիստոնէական միութեան ու խաղաղութեան նպաստել՝ ‘խոնարհութիւն ու հեզութիւն’ ցուցաբերելով։ (Եփեսացիս 4։1-3) Կրնա՛նք հեզութիւն ցուցաբերել եթէ յարատեւաբար հոգիով ընթանանք եւ ժուժկալութիւն ի գործ դնենք։
23, 24. Ի՞նչ է ժուժկալութիւնը, եւ մեզի ի՞նչպէս կ’օգնէ։
23 Ժուժկալութիւնը մեզ կարող կը դարձնէ որ մեր խորհուրդները, խօսքերն ու արարքները հակակշռի տակ պահենք։ Եհովա Երուսաղէմը անբնակ դարձնող Բաբելոնացիներուն հետ իր գործառնութեանց մէջ ինքզինք «զսպեց»։ (Եսայի 42։14) Իր Որդին ‘մեզի օրինակ թողուց’, իր չարչարանքներուն ընթացքին ինքնազսպում ի գործ դնելով։ Իսկ Պետրոս առաքեալ Քրիստոնեայ հաւատակիցները խրատեց որ ‘իրենց գիտութեան վրայ ժուժկալութիւն աւելցնեն’։—Ա. Պետրոս 2։21-23. Բ. Պետրոս 1։5-8
24 Քրիստոնեայ երէցներէն կ’ակնկալուի ժուժկալ ըլլալ։ (Տիտոս 1։7, 8) Արդարեւ, բոլոր անոնք որ սուրբ հոգիով կ’առաջնորդուին կրնան ժուժկալութիւն ի գործ դնել եւ հետեւաբար խուսափիլ անբարոյութենէ, ռամիկ խօսելակերպէ կամ Եհովայի տհաճութեան արժանացնող այլ բաներէ։ Եթէ թոյլ տանք որ Աստուծոյ հոգին մեր մէջ ժուժկալութիւն յառաջ բերէ, ասիկա ուրիշներուն բացայայտ պիտի ըլլայ մեր բարեպաշտ խօսակցութեամբ ու վարքով։
Շարունակէ հոգիով ընթանալ
25, 26. Հոգիով ընթանալը մեր ներկայ յարաբերութեանց եւ ապագայ հեռանկարներուն ի՞նչպէս պիտի ազդէ։
25 Եթէ հոգիով ընթանանք, Թագաւորութիւնը նախանձախնդրաբար ծանուցանողներ պիտի ըլլանք։ (Գործք 18։24-26) Հաճելի ընկերակիցներ պիտի ըլլանք, իսկ յատկապէս աստուածապաշտ անհատներ մեր ընկերակցութենէն հաճոյք պիտի առնեն։ Որպէս սուրբ հոգիով առաջնորդուած անհատներ, նաեւ հոգեւոր քաջալերութեան աղբիւր պիտի ըլլանք Եհովայի երկրպագուներուն։ (Փիլիպպեցիս 2։1-4) Բոլոր Քրիստոնեաներն ալ չե՞ն ուզեր այդպէս ըլլալ։
26 Սատանայի տիրապետութեան ներքեւ եղող այս աշխարհին մէջ, հոգիով ընթանալը դիւրին չէ։ (Ա. Յովհաննէս 5։19) Այսուհանդերձ, ներկայիս միլիոնաւորներ ասիկա կ’ընեն։ Եթէ ամբողջ սրտով Եհովայի ապաւինինք, հիմա կեանքը պիտի վայելենք եւ պիտի կարենանք սուրբ հոգին սիրալիրօրէն Հայթայթողին արդար ճամբաներուն մէջ յաւիտեան քալել։—Սաղմոս 128։1. Առակաց 3։5, 6
Ի՞նչ պիտի պատասխանես
• ‘Հոգիով ընթանալը’՝ Աստուծոյ ու իր Որդւոյն հետ մեր յարաբերութեան ի՞նչպէս կ’ազդէ։
• Սուրբ հոգիին պտուղը ո՞ր յատկութիւնները կ’ընդգրկէ։
• Աստուծոյ հոգիին պտուղը ցուցաբերելու կարգ մը կերպերը ի՞նչ են։
• Հոգիով ընթանալը մեր ներկայ կեանքին ու ապագայ հեռանկարներուն ի՞նչպէս կ’ազդէ։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 15]
Եհովայի սուրբ հոգին մեր հաւատակիցներուն հանդէպ սէր կը յառաջացնէ
[Նկար՝ էջ 16]
Օգտալից խօսքերով ու արարքներով քաղցրութիւն ցուցաբերեցէք