Եհովա հնազանդութիւնդ կ’արժեւորէ
Եհովա հնազանդութիւնդ կ’արժեւորէ
«Որդեա՛կ իմ, իմաստուն եղի՛ր ու սիրտս ուրախացո՛ւր»։—ԱՌԱԿԱՑ 27։11
1. Ներկայ ընկերութենէն ներս ի՞նչ հոգի կը թափանցէ։
ՆԵՐԿԱՅԻՍ անկախութեան եւ անհնազանդութեան հոգի մը կը պատէ աշխարհը։ Պօղոս առաքեալ պատճառը կը բացատրէ՝ Եփեսացի Քրիստոնեաներուն յղած իր նամակին մէջ. «Անոնց մէջ ժամանակին կը քալէիք այս աշխարհին բռնած ճամբովը, այս օդին իշխանութեանը իշխանին ուզածին պէս, այն ոգիին՝ որ հիմա ապստամբութեան որդիներուն ներսիդին կը ներգործէ»։ (Եփեսացիս 2։1, 2) Արդարեւ, կրնաս ըսել թէ Բանսարկուն՝ «այս օդին իշխանութեանը իշխան»ը, ամբողջ աշխարհը անհնազանդութեան հոգիով վարակած է։ Ան ասիկա առաջին դարուն ըրաւ, եւ կը շարունակէ աւելի ուժգնօրէն ընել՝ Ա. Աշխարհամարտի ատենները երկնքէն դուրս վտարուելէն ի վեր։—Յայտնութիւն 12։9
2, 3. Եհովայի հնազանդելու ի՞նչ պատճառներ ունինք։
2 Սակայն Քրիստոնեաներ ըլլալով, գիտենք թէ Եհովա Աստուած մեր սրտագին հնազանդութեան արժանի է, քանի որ ան մեր Ստեղծիչը, մեր կեանքը Պահպանողը, սիրալիր Գերիշխանը եւ մեր Ազատարարն է։ (Սաղմոս 148։5, 6. Գործք 4։24. Կողոսացիս 1։13. Յայտնութիւն 4։10) Մովսէսի օրուան Իսրայելացիները գիտէին թէ Եհովա իրենց Կենսատուն եւ Ազատողն էր։ Հետեւաբար, Մովսէս անոնց ըսաւ. «Զգոյշ եղէ՛ք, ձեր Տէր Աստուծոյն պատուէրը կատարեցէք»։ (Բ. Օրինաց 5։32) Արդարեւ Եհովա անոնց հնազանդութեան արժանի էր։ Այսուհանդերձ անոնք շուտով իրենց Գերիշխանին անհնազանդ դարձան։
3 Տիեզերքի Ստեղծիչին մեր հնազանդիլը ո՞րքան կարեւոր է։ Անգամ մը Աստուած Սամուէլ մարգարէին բերնով Սաւուղ թագաւորին ըսաւ. ‘Հնազանդութիւնը զոհէն աղէկ է’։ (Ա. Թագաւորաց 15։22, 23) Ինչո՞ւ։
Ի՛նչպէս հնազանդութիւնը ‘զոհէն աղէկ է’
4. Ի՞նչ առումով կրնանք Եհովայի բան մը տալ։
4 Ստեղծիչն ըլլալով, Եհովա արդէն իսկ սեփականատէրն է մեր ունեցած բոլոր նիւթական բաներուն։ Ուստի կա՞յ բան մը որ կրնանք իրեն տալ։ Այո՛, կրնանք շատ արժէքաւոր բան մը տալ իրեն։ Ի՞նչ։ Պատասխանը կրնանք առնել հետեւեալ յորդորէն. «Որդեա՛կ իմ, իմաստուն եղի՛ր ու սիրտս ուրախացո՛ւր, որպէս զի անարգողին պատասխան տամ»։ (Առակաց 27։11) Կրնանք Աստուծոյ տալ մեր հնազանդութիւնը։ Թէեւ տարբեր պարագաներ եւ ենթահողեր ունինք, բայց հնազանդ ըլլալով՝ իւրաքանչիւրս կրնանք պատասխան տալ Բանսարկուի չարամիտ դաւանութեան, թէ մարդիկ փորձութիւններու ներքեւ Աստուծոյ հաւատարիմ պիտի չմնան։ Ասիկա ի՜նչ մեծ առանձնաշնորհում մըն է։
5. Լուսաբանէ թէ անհնազանդութիւնը ի՛նչպէս Ստեղծիչին կ’ազդէ։
5 Աստուած մեր կայացուցած որոշումներով հետաքրքրուած է։ Եթէ անհնազանդ գտնուինք, ասիկա իրեն կ’ազդէ։ Ի՞նչպէս։ Ան կը նեղանայ երբ անհատ մը այսպիսի անխոհեմ ընթացք մը որդեգրէ։ (Սաղմոս 78։40, 41) Ենթադրէ որ շաքարախտաւոր մը իր օգտին համար դեղագրուած սննդականոնին կառչելու մէջ կը թերանայ եւ կը շարունակէ իրեն վնասակար եղող բաները ուտել։ Անոր հոգածու բժիշկը ի՞նչպէս կը զգայ։ Կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովա կը նեղանայ երբ մարդիկ իրեն չհնազանդին, քանի որ իր կենսատու դեղագիրը զանց ընելուն հետեւանքները գիտէ։
6. Ի՞նչ բաներ մեզի պիտի օգնեն Աստուծոյ հնազանդելու։
6 Ի՞նչ բան պիտի օգնէ որ անհատապէս հնազանդ ըլլանք։ Պատշաճ է որ Սողոմոն թագաւորին նման իւրաքանչիւրս Աստուծմէ խնդրենք որ մեզի հնազանդ կամ «իմաստուն սիրտ» մը տայ։ Ան այս խնդրանքը ներկայացուց որպէսզի «բարին ու չարը որոշէ», իր ազգակիցները դատելու համար։ (Գ. Թագաւորաց 3։9) «Իմաստուն սիրտ»ի մը պէտք ունինք եթէ կ’ուզենք բարին ու չարը զատորոշել աշխարհի մը մէջ, ուր անհնազանդութեան հոգին թափանցած է։ Աստուած մեզի տուած է իր Խօսքը, Աստուածաշունչը սերտելու նպաստող հրատարակութիւններ, քրիստոնէական ժողովներ եւ հոգածու երէցներ, որպէսզի կարենանք հնազանդ կամ «իմաստուն սիրտ» մը մշակել։ Այս սիրալիր հայթայթումները կ’օգտագործե՞նք։
7. Եհովա ինչո՞ւ հնազանդութեան վրայ աւելի շեշտ կը դնէ քան՝ զոհերու վրայ։
7 Այս ուղղութեամբ, մտաբերէ թէ անցեալին Եհովա իր վաղեմի ժողովուրդին յայտնեց թէ հնազանդութիւնը շա՜տ աւելի կարեւոր է, քան անասնական զոհերը։ (Առակաց 21։3, 27. Ովսէէ 6։6. Մատթէոս 12։7) Ինչո՞ւ պարագան այդպէս էր, երբ Եհովա՛ն էր որ իր ժողովուրդին պատուիրած էր զոհեր մատուցանել։ Լաւ, զոհ մատուցանողին շարժառիթը ի՞նչ է։ Ան զոհ կը մատուցանէ Աստուա՞ծ հաճեցնելու թէ պարզապէս ծէս մը կատարելու համար։ Եթէ երկրպագու մը իրապէս կը փափաքի Աստուած հաճեցնել, վստահ պիտի ըլլայ որ Աստուծոյ բոլոր պատուիրաններուն կը հնազանդի։ Աստուած անասնական զոհերու կարիք չունի, բայց մեր հնազանդութիւնը արժէքաւոր բան մըն է, որ կրնանք իրեն մատուցանել։
Ազդարարական օրինակ մը
8. Աստուած ինչո՞ւ Սաւուղը մերժեց որպէս թագաւոր։
8 Սաւուղ թագաւորին մասին Աստուածաշունչի արձանագրութիւնը, հնազանդութեան մեծ կարեւորութիւնը կ’ընդգծէ։ Սաւուղ սկիզբը խոնարհ ու համեստ կառավարիչ մըն էր, որ ‘ինքն իր աչքերուն պզտիկ կ’երեւնար’։ Բայց ժամանակ մը ետք, հպարտութիւնն ու սխալ տրամաբանութիւնը սկսան իր որոշումներուն ազդել։ (Ա. Թագաւորաց 10։21, 22. 15։17) Առիթով մը, Սաւուղ Փղշտացիներուն հետ պատերազմ ունէր։ Սամուէլ ըսաւ թագաւորին որ իրեն սպասէր, որպէսզի գար ու Եհովայի զոհեր մատուցանէր եւ յաւելեալ ուղղութիւններ տար։ Սակայն Սամուէլ ակնկալուածին չափ շուտ չեկաւ եւ ժողովուրդը սկսաւ ցրուիլ։ Ասիկա տեսնելով՝ Սաւուղ «ողջակէզը մատուցանեց», Եհովան տհաճեցնելով։ Երբ Սամուէլ ի վերջոյ եկաւ, թագաւորը իր անհնազանդութիւնը արդարացուց, ըսելով թէ քանի որ Սամուէլ ուշացաւ, ինք ‘համարձակեցաւ’ ողջակէզը մատուցանել՝ Եհովայի առջեւ պաղատելու համար։ Սաւուղ թագաւորին համար, այդ զոհը մատուցանելը շա՜տ աւելի կարեւոր էր քան՝ այդ զոհը Սամուէլի ձեռքով մատուցուելու նկատմամբ իր ստացած ուղղութեան հնազանդիլը։ Սամուէլ իրեն ըսաւ. «Յիմարութիւն ըրիր, որ քու Տէր Աստուծոյդ քեզի պատուիրած պատուիրանքը չպահեցիր»։ Եհովայի անհնազանդ գտնուելուն պատճառաւ, Սաւուղ իր թագաւորութիւնը կորսնցուց։—Ա. Թագաւորաց 10։8. 13։5-13
9. Սաւուղ դարձեալ ի՞նչպէս Աստուծոյ անհնազանդ գտնուեցաւ։
9 Թագաւորը այս փորձառութենէն դաս մը սորվեցա՞ւ։ Ո՛չ։ Հետագային, Եհովա Սաւուղի հրամայեց որ Ամաղեկացիները բնաջնջէ, Ա. Թագաւորաց 15։1-15
որոնք նախապէս առանց գրգռումի Իսրայէլի վրայ յարձակած էին։ Սաւուղ նոյնիսկ անոնց ընտանի անասուններուն պէտք չէր խնայէր։ Ան հնազանդեցաւ, բայց միայն «Եւիլայէն մինչեւ Սուրը՝ Ամաղէկը զարկաւ»։ Երբ Սամուէլ եկաւ զինք դիմաւորելու, թագաւորը յաղթանակով ոգեւորուած ըսաւ. «Դուն Տէրոջմէն օրհնեալ ըլլաս. Տէրոջը խօսքը կատարեցի»։ Բայց իրենց ստացած յստակ ցուցմունքներուն հակառակ գործելով, Սաւուղ եւ իր ժողովուրդը խնայեցին Ագագ թագաւորին եւ ‘լաւագոյն ոչխարներուն, արջառներուն ու գէրերուն եւ բոլոր պատուական բաներուն’։ Սաւուղ թագաւոր իր անհնազանդ ընթացքը արդարացուց՝ ըսելով. «Ժողովուրդը ամենէն աղէկ ոչխարներն ու արջառները ողջ թողուցին, որպէս զի զանոնք քու Տէր Աստուծոյդ զոհ մատուցանեն»։—10. Սաւուղ ո՞ր դասը սորվելու մէջ թերացաւ։
10 Ուստի Սամուէլ Սաւուղի ըսաւ. «Միթէ Տէրոջը առջեւ ողջակէզներն ու զոհերը Տէրոջը ձայնին հնազանդութիւն ընելու չափ հաճո՞յ են։ Ահա հնազանդութիւնը զոհէն ու խօսք մտիկ ընելը խոյերուն ճարպէն աղէկ է»։ (Ա. Թագաւորաց 15։22) Որովհետեւ Եհովա վճռած էր որ այդ անասունները բնաջնջուէին, անոնք զոհագործութեան համար ընդունելի չէին։
Ամէն բանի մէջ հնազա՛նդ եղիր
11, 12. (ա) Եհովա մեր պաշտամունքին մէջ զինք հաճեցնելու մեր ջանքերը ի՞նչպէս կը նկատէ։ (բ) Անհատ մը ի՞նչպէս կրնայ ինքզինք խաբել, խորհելով թէ Աստուծոյ կամքը կը կատարէ, մինչ անհնազանդ է։
11 Եհովա ո՜րքան կը հաճի՝ տեսնելով թէ իր հաւատարիմ ծառաները հաստատ կը մնան ի հեճուկս հալածանքի, Թագաւորութիւնը կը ծանուցանեն հակառակ մարդոց անտարբերութեան, եւ քրիստոնէական ժողովներուն կը յաճախեն՝ ապրուստ ճարելու ճնշումը դիմագրաւելով հանդերձ։ Մեր հոգեւոր կեանքին այսպիսի կարեւոր երեսակներու մէջ մեր հնազանդութիւնը իր սիրտը կ’ուրախացնէ։ Եհովան պաշտելու մեր ջանքերը իրեն թանկագին են, երբ սիրով կը մատուցանուին։ Մարդիկ կրնան մեր ծանր աշխատանքը անտեսել, բայց Աստուած մեր սրտագին պատարագները կը նկատէ եւ կը յիշէ։—Մատթէոս 6։4
12 Մեր Աստուածը լիովին հաճեցնելու համար, մեր կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ հնազանդ պէտք է ըլլանք։ Երբեք մենք մեզ պէտք չէ խաբենք, խորհելով թէ Աստուծոյ պահանջները գործադրելու մէջ կրնանք ազատութիւն առնել, այնքան ատեն որ կեանքի ուրիշ մարզերու մէջ Իրեն պաշտամունք կը մատուցանենք։ Օրինակ, անհատ մը կրնայ ինքզինք խաբել, խորհելով որ եթէ պաշտօնական պաշտամունքի կարգ մը երեսակները մեքենաբար կատարէ, կրնայ չպատժուիլ անբարոյութեան կամ այլ լուրջ յանցագործութեան համար։ Գաղատացիս 6։7, 8
Ասիկա ի՜նչ սխալ մը պիտի ըլլար։—13. Եհովայի հանդէպ մեր հնազանդութիւնը ի՞նչպէս կրնայ փորձի ենթարկուիլ երբ առանձին ըլլանք։
13 Հետեւաբար, կրնանք մենք մեզի հարց տալ. ‘Առօրեայ գործունէութիւններուս մէջ Եհովայի կը հնազանդի՞մ, նոյնիսկ երեւութապէս անհատական հարցերու մէջ’։ Յիսուս ըսաւ. «Ան որ քիչ բանի մէջ հաւատարիմ է, շատի մէջ ալ հաւատարիմ կ’ըլլայ եւ ան որ քիչի մէջ անիրաւ է, շատի մէջ ալ անիրաւ կ’ըլլայ»։ (Ղուկաս 16։10) Մեր ‘սրտին կատարելութեամբ կը վարուի՞նք’ նոյնիսկ ‘մեր տան մէջ’, ուր ուրիշներ մեզ չեն տեսներ։ (Սաղմոս 101։2) Արդարեւ, մինչ մեր տան մէջ ենք, մեր ուղղամտութիւնը կրնայ փորձի ենթարկուիլ։ Շատ մը երկիրներու մէջ, ուր համակարգիչը տան սովորական մէկ առարկան կը համարուի, լկտի պատկերները շատ դիւրամատչելի են։ Քանի մը տարի առաջ, այսպիսի պատկերներ տեսնելու համար՝ անհատ մը ստիպուած էր անբարոյ ժամանցներ մատուցանող վայրեր երթալու։ Յիսուսի սա խօսքերուն պիտի անսա՞նք. «Ով որ կին մարդու կը նայի անոր ցանկալու համար, ալ անիկա իր սրտին մէջ շնութիւն ըրաւ անոր հետ»։ Արդարեւ, պիտի մերժե՞նք նոյնիսկ անբարոյ պատկերներու նայիլ։ (Մատթէոս 5։28. Յոբ 31։1, 9, 10. Սաղմոս 119։37. Առակաց 6։24, 25. Եփեսացիս 5։3-5) Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ բռնութիւն բովանդակող հեռատեսիլի յայտագիրներուն մասին։ Մեր Աստուծոյն հետ համամի՞տ ենք, որուն անձը ‘կ’ատէ բռնութիւն սիրողը’։ (Սաղմոս 11։5) Կամ, ի՞նչ կրնայ ըսուիլ ալքոլի չափազանց գործածութեան մասին, երբ առանձին ենք։ Աստուածաշունչը գինովութիւնը կը դատապարտէ, բայց նաեւ Քրիստոնեաները կը զգուշացնէ ‘գինեմոլութենէ’։—Տիտոս 2։3. Ղուկաս 21։34, 35. Ա. Տիմոթէոս 3։3
14. Ի՞նչ են կարգ մը կերպերը, որոնցմով կրնանք դրամական հարցերու մէջ Աստուծոյ հանդէպ մեր հնազանդութիւնը ցոյց տալ։
14 Դրամական հարցերը ձեռք առնելը այլ մարզ մըն է, որուն մէջ ուշադիր պէտք է ըլլանք։ Օրինակ, միջամուխ կ’ըլլա՞նք արագօրէն–հարստանալու ծրագրի մը, որ գրեթէ խարդախութիւն է։ Մեր միտքէն կ’անցնի՞ ապօրինի միջոցներու դիմել՝ տուրքերը վճարելէ խուսափելու համար։ Կամ, խղճմտօրէն կը հնազանդի՞նք տրուած պատուէրին՝ «հատուցանեցէ՛ք պէտք եղածը անոնց։ Որո՛ւ որ տուրք տրուելու է՝ տուրքը»։—Հռովմայեցիս 13։7
Սէրէ մղուած հնազանդութիւն
15. Եհովայի պատուէրներուն ինչո՞ւ կը հնազանդիս։
15 Աստուածային պատուէրներուն հնազանդիլը օրհնութիւններ կը բերէ։ Օրինակ, ծխախոտի գործածութենէն հեռու կենալով, բարոյական կեանք վարելով եւ արեան սրբութիւնը յարգելով, կը խուսափինք կարգ մը հիւանդութիւններու զոհ դառնալէ։ Ասկէ զատ, կեանքի այլ մարզերու մէջ Աստուածաշունչի ճշմարտութեան հետ ներդաշնակ ապրելով, կրնանք օգտուիլ տնտեսական, ընկերային կամ ընտանեկան գետնի վրայ։ (Եսայի 48։17) Այսպիսի շօշափելի օգուտներ իրաւացիօրէն կրնան օրհնութիւններ նկատուիլ, որոնք կ’ապացուցանեն Աստուծոյ օրէնքներուն գործնականութիւնը։ Այսուհանդերձ, Եհովայի հնազանդելու մեր գլխաւոր պատճառը այն է, թէ զինք կը սիրենք։ Մենք Աստուծոյ չենք ծառայեր անձնասէր պատճառներով։ (Յոբ 1։9-11. 2։4, 5) Աստուած մեզի ազատութիւն տուած է որ ընտրենք հնազանդիլ որո՛ւ որ ուզենք։ Մենք կ’ընտրենք Եհովայի հնազանդիլ, քանի որ կ’ուզենք զինք հաճեցնել եւ շիտակը ընել։—Հռովմայեցիս 6։16, 17. Ա. Յովհաննէս 5։3
16, 17. (ա) Յիսուս ի՞նչպէս անկեղծ սէրէ մղուած Աստուծոյ հնազանդեցաւ։ (բ) Ի՞նչպէս կրնանք Յիսուսը ընդօրինակել։
16 Յիսուս անկեղծ սէրէ մղուած Եհովայի հնազանդելու մէջ կատարեալ օրինակ հանդիսացաւ։ (Յովհաննէս 8։28, 29) Երբ երկրի վրայ էր, ան «իր չարչարանքներէն հնազանդութիւն սորվեցաւ»։ (Եբրայեցիս 5։8, 9) Ի՞նչպէս։ Ան «խոնարհեցուց ինքզինք ու հնազանդ եղաւ մինչեւ մահ, նոյնիսկ՝ խաչին մահը»։ (Փիլիպպեցիս 2։7, 8, ԱՎ) Երկինքի մէջ հնազանդ ըլլալով հանդերձ, երկրի վրայ ալ Յիսուսի հնազանդութիւնը փորձի ենթարկուեցաւ։ Կրնանք վստահ ըլլալ որ Յիսուս ամէն կերպով որակեալ է ծառայելու որպէս Քահանայապետ, թէ՛ իր հոգեւոր եղբայրներուն եւ թէ ուրիշ հաւատացեալ մարդոց համար։—Եբրայեցիս 4։15. Ա. Յովհաննէս 2։1, 2
17 Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ մեր մասին։ Կրնանք Յիսուսը ընդօրինակել՝ նախապատուութիւն տալով Աստուծոյ կամքին հնազանդութեան։ (Ա. Պետրոս 2։21) Կրնանք գոհունակութիւն գտնել, երբ Աստուծոյ հանդէպ մեր սէրը մեզ մղէ ընելու ինչ որ Եհովա մեզի կը պատուիրէ, նոյնիսկ ճնշումի կամ փորձութեան ներքեւ։ (Հռովմայեցիս 7։18-20) Ասիկա կը պարփակէ սիրայօժար հնազանդիլը ճշմարիտ պաշտամունքին մէջ առաջնորդութիւն առնողներուն ցուցմունքներուն, թէեւ անկատար են։ (Եբրայեցիս 13։17) Մեր անձնական կեանքին մէջ աստուածային պատուէրներուն հնազանդ ըլլալը Եհովայի աչքին արժէքաւոր է։
18, 19. Աստուծոյ սրտանց հնազանդիլը ի՞նչ արդիւնք կու տայ։
18 Ներկայիս, Եհովայի հնազանդիլը կրնայ պարփակել հալածանքի տոկալ՝ մեր ուղղամտութիւնը պահպանելու համար։ (Գործք 5։29) Նաեւ, քարոզելու եւ սորվեցնելու Եհովայի պատուէրին հնազանդիլը կը պահանջէ որ մինչեւ իրերու այս դրութեան վախճանը տոկանք։ (Մատթէոս 24։13, 14. 28։19, 20) Համբերատարութեան կարիք ունինք որ մեր եղբայրներուն հետ շարունակենք ժողվուիլ, նոյնիսկ երբ աշխարհի ճնշումներով ծանրաբեռնուած ենք։ Մեր սիրառատ Աստուածը, այս մարզերուն մէջ հնազանդ ըլլալու մեր ջանքերուն լիովին իրազեկ է։ Սակայն լրիւ հնազանդ ըլլալու համար, մեր մեղաւոր մարմնին դէմ պայքար պէտք է մղենք եւ չար բաներէ հեռու կենանք, մինչ բարիին հանդէպ գնահատութիւն կը կերտենք։—Հռովմայեցիս 12։9
19 Երբ սէրէ եւ երախտապարտ սրտէ մղուած Եհովայի կը ծառայենք, ան «վարձահատոյց կ’ըլլայ» մեզի։ (Եբրայեցիս 11։6) Պատշաճ զոհերը անհրաժեշտ ու բաղձալի են, բայց Եհովայի հանդէպ սէրէ մղուած կատարեալ հնազանդութիւնն է որ զինք լիովին կը հաճեցնէ։—Առակաց 3։1, 2
Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես
• Ինչո՞ւ կարելի է ըսել թէ կրնանք Եհովայի բան մը տալ։
• Սաւուղ ի՞նչ սխալներ գործեց։
• Ի՞նչպէս կրնաս ցոյց տալ թէ կը հաւատաս որ հնազանդութիւնը զոհէն աղէկ է։
• Ի՞նչ բան քեզ կը մղէ Եհովայի հնազանդելու։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 12]
Հոգածու բժիշկ մը ի՞նչպէս կը զգայ հիւանդի մը հանդէպ, որ իր յանձնարարութիւնները կ’անտեսէ
[Նկար՝ էջ 14]
Սաւուղ թագաւոր ի՞նչպէս Եհովան տհաճեցուց
[Նկարներ՝ էջ 16]
Երբ տանդ մէջ առանձին ես, Աստուծոյ պատուէրներուն կը հնազանդի՞ս