Սրբազան բաներուն հանդէպ Եհովայի տեսակէտը ունի՞ս
Սրբազան բաներուն հանդէպ Եհովայի տեսակէտը ունի՞ս
«Զգուշացէ՛ք, . . . չըլլայ որ մէկը պոռնիկ ըլլայ կամ անսուրբ»։—ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 12։15, 16
1. Եհովայի ծառաները ո՞ր ընթացիկ կեցուածքը կը մերժեն։
ԱՇԽԱՐՀԸ ընդհանուր առմամբ հետզհետէ նուազ ուշադրութիւն կ’ընծայէ սրբազան բաներու։ Ֆրանսացի ընկերաբան Էտկար Մորան ըսաւ. «Բոլոր այն հիմերը՝ որոնց վրայ հիմնուած են բարոյական արժանիքները,– Աստուած, բնութիւն, հայրենիք, պատմութիւն, բանականութիւն,– իրենց անվիճելի բնոյթը կորսնցուցած են։ . . . Մարդիկ իրենց արժանիքները իրե՛նք կ’ընտրեն»։ Ասիկա կ’արտացոլացնէ «աշխարհի հոգին» կամ ‘ապստամբութեան որդիներուն ներսիդին ներգործող ոգին’։ (Ա. Կորնթացիս 2։12. Եփեսացիս 2։2) Եհովայի նուիրուած եւ յօժարակամ անոր իրաւացի գերիշխանութեան հպատակող անհատները, այս անյարգալից հոգին կը մերժեն։ (Հռովմայեցիս 12։1, 2) Ընդհակառակը, Աստուծոյ ծառաները կը գիտակցին Եհովայի պաշտամունքին մէջ սրբութեան խաղցած կենսական դերին։ Մեր կեանքին մէջ ի՞նչ բաներ սուրբ պէտք է ըլլան։ Այս յօդուածը նկատի պիտի առնէ հինգ բաներ, որոնք Աստուծոյ բոլոր ծառաներուն համար սուրբ են։ Յաջորդ յօդուածը մեր քրիստոնէական ժողովներուն սրբութեան վրայ պիտի կեդրոնանայ։ Բայց «սուրբ» բառը ի՞նչ կը նշանակէ։
2, 3. (ա) Սուրբ Գրութիւնները ի՞նչպէս Եհովայի սրբութիւնը կ’ընդգծեն։ (բ) Եհովայի անունը ի՞նչպէս սուրբ կը նկատենք։
2 Աստուածաշնչական Եբրայերէնին մէջ, «սուրբ» բառը զատուած ըլլալու գաղափարը կը հաղորդէ։ Պաշտամունքի մէջ, «սուրբ» բառը կը կիրարկուի բանի մը, որ սովորական գործածութենէ անջատուած է, կամ սրբազան նկատուած է։ Եհովա բացարձակ իմաստով սուրբ է։ Ան կոչուած է «Ամենասուրբ»ը։ (Առակաց 9։10. 30։3) Վաղեմի Իսրայէլի մէջ, քահանայապետը իր խոյրին վրայ կը կրէր ոսկիէ թիթեղ մը, որուն վրայ «Սրբութիւն Տեառն» փորագրուած էր։ (Ելից 28։36, 37) Աստուածաշունչը կը նշէ թէ Եհովայի գահին մօտ կայնած քերովբէներն ու սերովբէները կը յայտարարեն. «Սուրբ, Սուրբ, Սո՛ւրբ է զօրքերու Տէրը»։ (Եսայեայ 6։2, 3. Յայտնութիւն 4։6-8) Այս կրկնումը կ’ընդգծէ թէ Եհովա գերադրականօրէն սուրբ, մաքուր ու անարատ է։ Իրականութեան մէջ, Ան ամբողջ սրբութեան Աղբիւրն է։
3 Եհովայի անունը սուրբ է։ Սաղմոսերգուն բացագանչեց. «Թող գովեն քու մեծ ու ահաւոր անունդ։ Անիկա սուրբ է»։ (Սաղմոս 99։3) Յիսուս մեզի սորվեցուց աղօթել. «Ով Հայր մեր որ երկինքն ես, քու անունդ սուրբ ըլլայ»։ (Մատթէոս 6։9) Յիսուսի երկրային մայրը՝ Մարիամ ըսաւ. «Իմ անձս կը մեծցնէ Տէրը։ . . . Հզօրը ինծի մեծամեծ բաներ ըրաւ ու անոր անունը սուրբ է»։ (Ղուկաս 1։46, 49) Եհովայի ծառաները ըլլալով, իր անունը սուրբ կը նկատենք եւ կը խուսափինք ընելէ որեւէ բան, որ կրնայ այդ սուրբ անուան նախատինք բերել։ Ասկէ զատ, սրբութեան շուրջ Եհովայի տեսակէտը ունինք, այսինքն՝ իր սուրբ նկատած բաները մենք ալ սուրբ կը նկատենք։—Ամովսայ 5։14, 15
Ինչո՛ւ Յիսուսը խորապէս կը յարգենք
4. Աստուածաշունչը ինչո՞ւ Յիսուսը «Սուրբ» կը կոչէ։
4 Որպէս սուրբ Աստուծոյ՝ Եհովայի ‘միածին Որդին’, Յիսուս սուրբ ստեղծուեցաւ։ (Յովհաննու 1։14. Կողոսացիս 1։15. Եբրայեցիս 1։1-3) Հետեւաբար, ան «Աստուծոյ Սուրբը» կոչուած է։ (Յովհաննու 6։69, Անթիլիաս) Ան իր սրբութիւնը պահեց երբ իր կեանքը երկինքէն երկիր փոխադրուեցաւ, քանի որ սուրբ հոգիին զօրութեամբ Մարիամ իրեն ծնունդ տուաւ։ Հրեշտակ մը Մարիամի ըսած էր. «Սուրբ Հոգին պիտի գայ քեզի . . . այն քեզմէ ծնանելու սուրբը Աստուծոյ Որդի պիտի կոչուի»։ (Ղուկաս 1։35) Եհովայի մատուցած իրենց աղօթքին մէջ, Երուսաղէմի Քրիստոնեաները երկու անգամ Աստուծոյ Որդիին ակնարկեցին որպէս ‘քու սուրբ Որդիդ Յիսուս’։—Գործք 4։27, 30
5. Յիսուս երկրի վրայ ի՞նչ սրբազան առաքելութիւն մը կատարեց, եւ իր արիւնը ինչո՞ւ պատուական է։
5 Յիսուս երկրի վրայ կատարելիք սրբազան առաքելութիւն մը ունէր։ Հ.Դ. 29–ին, իր մկրտութեան ատեն, Յիսուս Եհովայի հոգեւոր մեծ տաճարին Քահանայապետ օծուեցաւ։ (Ղուկաս 3։21, 22. Եբրայեցիս 7։26. 8։1, 2) Ասկէ զատ, ան զոհաբերական մահով պիտի մեռնէր։ Իր թափուած արիւնը պիտի հայթայթէր այն փրկանքը, որով մեղաւոր մարդիկ պիտի կարենային փրկուիլ։ (Մատթէոս 20։28. Եբրայեցիս 9։14) Հետեւաբար Յիսուսի արիւնը սրբազան կամ «պատուական» կը նկատենք։—Ա. Պետրոս 1։19
6. Քրիստոս Յիսուսը ի՞նչպէս կը նկատենք եւ ինչո՞ւ։
6 Ցոյց տալով թէ մեր Թագաւորն ու Քահանայապետը՝ Քրիստոս Յիսուս՝ խորապէս կը յարգենք, Պօղոս առաքեալ գրեց. «Աստուած [իր Որդին] խիստ բարձրացուց ու անոր անուն մը տուաւ՝ որ ամէն անունէ վեր է. որպէս զի Յիսուսին անունին ծնրադրեն երկնաւորները ու երկրաւորները ու սանդարամետականները։ Ամէն լեզու դաւանի թէ՝ Յիսուս Քրիստոս Տէր է՝ Հօր Աստուծոյ փառքին համար»։ (Փիլիպպեցիս 2։9-11) Մեր Առաջնորդին ու իշխող Թագաւորին եւ քրիստոնէական ժողովքի Գլուխին՝ Քրիստոս Յիսուսի ուրախութեամբ հպատակելով, կ’ապացուցանենք թէ սրբազան բաներուն հանդէպ Եհովայի տեսակէտը ունինք։—Մատթէոս 23։10. Կողոսացիս 1։18
7. Քրիստոսի հպատակիլը ի՞նչպէս ցոյց կու տանք։
7 Քրիստոսի հպատակիլը նաեւ կը պարփակէ՝ ներկայիս իր առաջնորդած գործին մէջ առաջնորդութիւն առնող տղամարդոց հանդէպ պատշաճ յարգանք ցուցաբերել։ Սրբազան պատասխանատուութիւն պէտք է նկատուի այն դերը, զոր կը խաղան Կառավարիչ Մարմինը կազմող օծեալները եւ անոր կողմէ նշանակուած տեսուչները մասնաճիւղերուն, նահանգներուն, շրջաններուն եւ ժողովքներուն մէջ։ Հետեւաբար այս կարգադրութիւնը մեր խոր յարգանքին ու հնազանդութեան արժանի է։—Եբրայեցիս 13։7, 17
Սուրբ ժողովուրդ մը
8, 9. (ա) Իսրայելացիները ի՞նչ կերպով սուրբ ժողովուրդ մըն էին։ (բ) Եհովա Իսրայելացիներուն մտքին մէջ սրբութեան սկզբունքը ի՞նչպէս դրոշմեց։
8 Եհովա Իսրայէլի հետ ուխտ մը ըրաւ։ Այս յարաբերութիւնը այդ նոր ազգին շնորհեց յատուկ դիրք մը։ Անոնք սրբացուեցան կամ ջոկուեցան։ Եհովա անոնց ըսաւ. «Դուք սուրբ պիտի ըլլաք ինծի. քանզի ես՝ Տէրս՝ սուրբ եմ ու ձեզ միւս ազգերէն զատեցի, որպէս զի իմս ըլլաք»։—Ղեւտացւոց 19։2. 20։26
9 Իսրայէլ ազգին հիմնադրութեան ատեն իսկ, Եհովա Իսրայելացիներու մտքին մէջ սրբութեան սկզբունքը դրոշմեց։ Մահապատիժի պիտի ենթարկուէր ո՛վ որ դպչէր այն լերան, ուր Տասը Պատուիրանները տրուեցան։ Այն ատեն Սինա լեռը ձեւով մը սուրբ նկատուած Ելից 19։12, 23) Քահանայութիւնը, խորանը եւ անոր կահկարասին ալ սուրբ պէտք էր նկատուէին։ (Ելից 30։26-30) Իսկ քրիստոնէական ժողովքին մէջ ի՞նչ է պարագան։
էր։ (10, 11. Ինչո՞ւ կրնայ ըսուիլ թէ օծեալներէ բաղկացած քրիստոնէական ժողովքը սուրբ է, եւ ասիկա «ուրիշ ոչխարներ»ուն վրայ ի՞նչ ազդեցութիւն ունի։
10 Օծեալներէ բաղկացած քրիստոնէական ժողովքը Եհովայի աչքին սուրբ է։ (Ա. Կորնթացիս 1։2) Իրականութեան մէջ, որեւէ ժամանակ՝ երկրի վրայ գտնուող օծեալ Քրիստոնեաներու ամբողջ խումբը նմանցուած է սուրբ տաճարի մը, թէեւ անոնք Եհովայի հոգեւոր մեծ տաճարը չեն կազմեր։ Եհովա այդ տաճարին մէջ կը բնակի իր սուրբ հոգիին միջոցաւ։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «[Քրիստոս Յիսուսով] բոլոր շէնքը մէկտեղ յարմարութեամբ կազմուած՝ կ’աճի սուրբ տաճար մը կ’ըլլայ Տէրոջմով. որով դուք ալ մէկտեղ կը շինուիք՝ Աստուծոյ բնակարան ըլլալու Սուրբ Հոգիով»։—Եփեսացիս 2։21, 22. Ա. Պետրոս 2։5, 9
11 Պօղոս նաեւ օծեալ Քրիստոնեաներուն գրեց. «Չէ՞ք գիտեր թէ Աստուծոյ տաճար էք դուք եւ Աստուծոյ Հոգին ձեր մէջ կը բնակի։ . . . Աստուծոյ տաճարը սուրբ է եւ դուք էք այդ տաճարը»։ (Ա. Կորնթացիս 3։16, 17) Իր հոգիին միջոցաւ, Եհովա օծեալներուն մէջ ‘կը բնակի’ եւ ‘անոնց մէջ կը քալէ’։ (Բ. Կորնթացիս 6։16) Ան անդադար իր հաւատարիմ «ծառան» կ’ուղղէ։ (Մատթէոս 24։45-47) «Ուրիշ ոչխարներ»ը տաճար դասակարգին հետ ընկերակցելու իրենց առանձնաշնորհումը մեծապէս կ’արժեւորեն։—Յովհաննու 10։16. Մատթէոս 25։37-40
Սրբազան բաներ՝ մեր քրիստոնէական կեանքին մէջ
12. Մեր կեանքին մէջ ի՞նչ բաներ սրբազան են եւ ինչո՞ւ։
12 Զարմանալի չէ որ քրիստոնէական ժողովքի օծեալ անդամներուն եւ անոնց ընկերակիցներուն կեանքին առնչուած շատ մը բաներ սուրբ կը նկատուին։ Եհովայի հետ մեր յարաբերութիւնը սուրբ բան մըն է։ (Ա. Մնացորդաց 28։9. Սաղմոս 36։7) Անիկա մեզի համար ա՛յնքան թանկագին է, որ թոյլ չենք տար որ որեւէ բան կամ ոեւէ անձ զայն տկարացնէ։ (Բ. Մնացորդաց 15։2. Յակոբու 4։7, 8) Եհովայի հետ սերտ յարաբերութիւն պահպանելու մէջ աղօթքը կարեւոր դեր կը խաղայ։ Դանիէլ մարգարէին համար աղօթքը ա՛յնքան սուրբ էր, որ Եհովայի աղօթելու իր սովորութիւնը հաւատարմօրէն շարունակեց, նոյնիսկ իր կեանքը վտանգելով։ (Դանիէլ 6։7-11) «Սուրբերուն [կամ օծեալ Քրիստոնեաներուն] աղօթքներ»ը, տաճարի պաշտամունքին մէջ գործածուած խունկին նմանցուած են։ (Յայտնութիւն 5։8. 8։3, 4. Ղեւտացւոց 16։12, 13) Ասիկա աղօթքին սրբութիւնը կ’ընդգծէ։ Ի՜նչ առանձնաշնորհում է տիեզերքի Գերիշխանին հետ հաղորդակցելու կարող ըլլալ։ Զարմանալի չէ որ աղօթքը մեր կեանքին մէջ սրբազան նկատուի։
13. Ո՞ր ոյժը սուրբ է, եւ անոր ի՞նչպէս թոյլ պէտք է տանք որ մեր կեանքին մէջ ներգործէ։
13 Օծեալ Քրիստոնեաներուն ու իրենց ընկերակիցներուն կեանքին մէջ կայ ոյժ մը, որ ամէն գնով սուրբ կը նկատեն,– սուրբ հոգին։ Այդ հոգին Եհովայի գործօն ոյժն է, եւ քանի որ միշտ սուրբ Աստուծոյ կամքին հետ ներդաշնակ կը գործէ, պատշաճօրէն կոչուած է՝ «սուրբ հոգի» կամ «սրբութեան հոգի»։ (Յովհաննու 14։26. Հռովմայեցիս 1։4) Սուրբ հոգիին միջոցաւ, Եհովա իր ծառաներուն զօրութիւն կը հայթայթէ որ բարի լուրը քարոզեն։ (Գործք 1։8. 4։31) Եհովա իր հոգին կու տայ «իրեն հնազանդ եղողներուն», անոնց՝ որոնք ‘հոգիին համեմատ կը քալեն’ եւ ո՛չ թէ մարմնաւոր ցանկութիւններու համեմատ։ (Գործք 5։32. Գաղատացիս 5։16, 25. Հռովմայեցիս 8։5-8) Այս զօրաւոր ոյժը Քրիստոնեաները կարող կը դարձնէ որ ցուցաբերեն «հոգիին պտուղը» կամ ընտիր յատկութիւններ, ‘սուրբ վարմունք ու բարեպաշտութիւն’։ (Գաղատացիս 5։22, 23. Բ. Պետրոս 3։11) Եթէ սուրբ հոգին մեզի համար սուրբ բան մըն է, պիտի չընենք բան մը որ զինք ‘կը տրտմեցնէ’ կամ մեր կեանքին մէջ անոր ներգործութեան արգելք կը հանդիսանայ։—Եփեսացիս 4։30
14. Օծեալները ո՞ր առանձնաշնորհումը սուրբ կը նկատեն, եւ ի՞նչպէս ուրիշ ոչխարներն ալ այս առանձնաշնորհումը կը վայելեն։
14 Եհովա Աստուծոյ անունը կրելու եւ իր Վկաները ըլլալու մեր առանձնաշնորհումը նաեւ սուրբ կը նկատենք։ (Եսայեայ 43։10-12, 15) Օծեալ Քրիստոնեաները Եհովայի կողմէ որակեալ դարձան «նոր կտակարանին պաշտօնեաներ ըլլալու»։ (Բ. Կորնթացիս 3։5, 6) Այս հանգամանքով, անոնք «արքայութեան այս աւետարանը» քարոզելու եւ ‘բոլոր ազգերէն մարդիկ աշակերտելու’ յանձնարարութիւնը ունին։ (Մատթէոս 24։14. 28։19, 20) Անոնք այս յանձնարարութիւնը հաւատարմօրէն կը կատարեն, եւ միլիոնաւոր ոչխարանման անհատներ կ’ընդառաջեն, այլաբանօրէն օծեալներուն ըսելով. «Ձեզի հետ երթանք, քանզի լսեցինք թէ Աստուած ձեզի հետ է»։ (Զաքարեայ 8։23) Հոգեւոր առումով, ասոնք ուրախութեամբ կը ծառայեն որպէս «երկրագործներ» ու «այգեգործներ»՝ «մեր Աստուծոյն [օծեալ] պաշտօնեաներ»ուն համար։ Այս կերպով, ուրիշ ոչխարները մեծապէս կ’աջակցին օծեալներուն, որ համաշխարհային տարողութեամբ իրենց ծառայութիւնը իրագործեն։—Եսայեայ 61։5, 6
15. Պօղոս առաքեալ ո՞ր գործունէութիւնը սրբազան նկատեց, եւ ինչո՞ւ նոյն տեսակէտը մենք ալ ունինք։
15 Օրինակ, Պօղոս առաքեալ իր հանրային ծառայութիւնը սրբազան բան մը նկատեց։ Ան իր անձին ակնարկեց որպէս ‘Յիսուս Քրիստոսին սպասաւորը հեթանոսներուն մէջ, որ Աստուծոյ [սուրբ] աւետարանը կը մատակարարէ’։ (Հռովմայեցիս 15։16) Կորնթոսի մէջ գտնուող Քրիստոնեաներուն գրելով, Պօղոս իր ծառայութեան ակնարկեց իբրեւ «գանձ»։ (Բ. Կորնթացիս 4։1, 7) Մեր հանրային ծառայութեան միջոցաւ, «Աստուծոյ [«սրբազան», ՆԱ] պատգամներ»ը կը ճանչցնենք։ (Ա. Պետրոս 4։11) Հետեւաբար, ըլլանք օծեալներէն թէ ուրիշ ոչխարներէն, վկայելու գործին մասնակցիլը սրբազան առանձնաշնորհում կը նկատենք։
«Սրբութիւնը կատարելագործենք Աստուծոյ վախովը»
16. Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ որ սրբազան բաները չգնահատող չըլլանք։
16 Պօղոս առաքեալ իր Քրիստոնեայ հաւատակիցները զգուշացուց «անսուրբ» ըլլալէ։ Ան զիրենք խրատեց որ ‘սրբութեան ետեւէ ըլլան’, եւ աւելցուց. «Զգուշացէ՛ք, չըլլայ որ . . . դառնութեան արմատ մը վեր երեւնալով՝ ձեզ նեղէ ու անով շատեր պղծուին»։ (Եբրայեցիս 12։14-16) «Դառնութեան արմատ» արտայայտութիւնը կ’ակնարկէ քրիստոնէական ժողովքին մէջ գտնուող փոքրաթիւ անհատներու, որոնք կը քննադատեն հարցերը ձեռք առնելու կերպը։ Օրինակ, անոնք ամուսնութեան սրբութեան կամ բարոյական մաքրութեան նկատմամբ Եհովայի տեսակէտին հետ կրնան համամիտ չըլլալ։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։3-7. Եբրայեցիս 13։4) Կամ, թերեւս անոնք հաւատուրաց խօսակցութեան կը մասնակցին, հիմնուած՝ ‘ճշմարտութենէն մոլորած’ անհատներու կողմէ հրամցուած «պիղծ ու փուճ խօսքեր»ու վրայ։—Բ. Տիմոթէոս 2։16-18
17. Ինչո՞ւ օծեալները յարատեւ ջանք պէտք է թափեն՝ սրբութեան հանդէպ Եհովայի տեսակէտը արտացոլացնելու համար։
17 Իր օծեալ եղբայրներուն գրելով, Պօղոս ըսաւ. «Սիրելինե՛ր, . . . մեր անձերը մարմնի ու հոգիի ամէն կերպ պղծութենէ մաքրենք եւ սրբութիւնը կատարելագործենք Աստուծոյ վախովը»։ (Բ. Կորնթացիս 7։1) Այս խօսքը ցոյց կու տայ թէ օծեալ Քրիստոնեաները՝ «երկնային կոչումին մասնակիցներ»ը՝ յարատեւ պէտք է ջանք թափեն, ապացուցանելու համար թէ իրենց կեանքին բոլոր մարզերուն մէջ սրբութեան հանդէպ Եհովայի տեսակէտը կ’արտացոլացնեն։ (Եբրայեցիս 3։1) Նոյնպէս, Պետրոս առաքեալ հոգիէն ծնած իր եղբայրները յորդորեց. «Հնազանդ զաւակներու պէս, ո՛չ թէ ձեր տգիտութեան ատենուան ցանկութիւններովը վարուելով, հապա ձեզ կանչող Սուրբին պէս դուք ալ սուրբ եղէք ձեր բոլոր վարմունքներուն մէջ»։—Ա. Պետրոս 1։14, 15
18, 19. (ա) «Մեծ բազմութեան» անդամները ի՞նչպէս ցոյց կու տան թէ սրբազան բաներուն հանդէպ Եհովայի տեսակէտը ունին։ (բ) Մեր քրիստոնէական կեանքին մէջ ո՞ր սրբազան բանը նկատի պիտի առնուի յաջորդ յօդուածին մէջ։
18 Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ «մեծ բազմութեան» անդամներուն մասին, որոնք «մեծ նեղութենէն» պիտի վերապրին։ Անոնք ալ պէտք է ապացուցանեն թէ սրբազան բաներուն հանդէպ Եհովայի տեսակէտը ունին։ Յայտնութիւն գրքին մէջ, անոնց մասին կը խօսուի թէ Եհովայի սրբազան ծառայութիւն կը մատուցանեն՝ իր հոգեւոր տաճարին երկրային գաւիթին մէջ։ Անոնք Քրիստոսի փրկանքի զոհին հաւատք ընծայեած են, այլաբանօրէն ‘իրենց հանդերձները լուալով ու զանոնք Գառնուկին արիւնով ճերմկցնելով’։ (Յայտնութիւն 7։9, 14, 15) Ասիկա անոնց կը շնորհէ մաքուր կեցուածք մը Եհովայի առջեւ եւ զիրենք կը պարտաւորէ որ ‘մաքրեն իրենք զիրենք մարմինի ու հոգիի ամէն տեսակ պղծութենէ, եւ կատարելագործեն սրբացումը Աստուծոյ վախով’։
19 Օծեալ Քրիստոնեաներուն ու անոնց ընկերակիցներուն կեանքին մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւէ՝ կանոնաւորաբար ժողվուիլը, Եհովան պաշտելու եւ իր Խօսքը ուսումնասիրելու համար։ Եհովա իր ժողովուրդին ժողովները սրբազան բան մը կը նկատէ։ Յաջորդ յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք թէ ի՛նչպէս եւ ինչո՛ւ այս կենսական մարզին մէջ Եհովայի տեսակէտը պէտք է ունենանք։
Վերաքաղի համար
• Եհովայի ծառաները աշխարհային ո՞ր տեսակէտը կը մերժեն։
• Եհովա ինչո՞ւ բոլոր սուրբ բաներուն Աղբիւրն է։
• Ի՞նչպէս ցոյց կու տանք թէ Քրիստոսի սրբութիւնը կը յարգենք։
• Մեր կեանքին մէջ ի՞նչ բաներ սուրբ պէտք է նկատենք։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 19]
Վաղեմի Իսրայէլի մէջ, քահանայութիւնը, խորանը եւ անոր կահկարասին սրբազան պէտք էր նկատուէին
[Նկար՝ էջ 20]
Երկրի վրայ եղող օծեալ Քրիստոնեաները սուրբ տաճար մը կը կազմեն
[Նկարներ՝ էջ 21]
Աղօթքը եւ մեր հանրային ծառայութիւնը սրբազան առանձնաշնորհումներ են