Սաղմոսներու երրորդ ու չորրորդ հատուածներէն աչքառու կէտեր
Եհովայի խօսքը կենդանի է
Սաղմոսներու երրորդ ու չորրորդ հատուածներէն աչքառու կէտեր
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ուղղուած աղօթքի մը մէջ, սաղմոսերգուն կը հարցնէ. «Միթէ կը պատմուի՞ քու ողորմութիւնդ գերեզմանին մէջ ու քու ճշմարտութիւնդ՝ կորստեան մէջ»։ (Սաղմոս 88։11) Անշուշտ պատասխանը՝ ո՛չ է։ Առանց կեանք ունենալու, չենք կրնար Եհովան փառաբանել։ Եհովան փառաբանելը մեր կեանքը շարունակելու բաւարար պատճառ մըն է, իսկ ողջ ըլլալը՝ զինք փառաբանելու լաւ պատճառ մըն է։
Սաղմոսներու երրորդ ու չորրորդ հատուածները, որոնք կը պարփակեն Սաղմոս 73–էն Սաղմոս 106, Ստեղծիչը փառաբանելու եւ իր անունը օրհնելու բազմաթիւ պատճառներ կու տան մեզի։ Այս սաղմոսներուն վրայ խոկալը, «Աստուծոյ խօսք»ին հանդէպ մեր գնահատութիւնը պէտք է խորացնէ եւ մեզ մղէ զինք փառաբանելու մեր արտայայտութիւնները աւելցնելու եւ բարելաւելու։ (Եբրայեցիս 4։12) Սուր հետաքրքրութեամբ, նախ նկատի առնենք Սաղմոսներու երրորդ հատուածը։
«ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՄՕՏԵՆԱԼՍ ԲԱՐԻ Է ԻՆԾԻ»
Երրորդ հաւաքածոյին առաջին 11 սաղմոսները՝ Ասափի կամ Ասափի տան անդամներուն կողմէ յօրինուած են։ Բացման սաղմոսը կը բացատրէ թէ ի՛նչ բան Ասափը փրկեց սխալ մտածելակերպի պատճառաւ մոլորելէ։ Ան շիտակ եզրակացութեան յանգելով՝ կը տաղերգէ. «Աստուծոյ մօտենալս բարի է ինծի»։ (Սաղմոս 73։28) Սաղմոս 74–ը Երուսաղէմի կործանման առիթով ողբ մըն է։ Սաղմոս 75, 76 եւ 77–ն Եհովան կը նկարագրեն որպէս արդար Դատաւոր, հեզերուն Փրկիչ եւ աղօթքի Լսող։ Սաղմոս 78–ը վերաքաղ կ’ընէ Իսրայէլի անցեալը, Մովսէսի ժամանակէն մինչեւ Դաւիթի ժամանակը։ Սաղմոս 79–ն տաճարի կործանման վրայ կ’ողբայ։ Ասոր կը յաջորդէ Աստուծոյ ժողովուրդին վերահաստատման համար աղօթք մը։ Սաղմոս 81–ը Եհովայի հնազանդելու յորդոր մըն է։ Սաղմոս 82 եւ 83–ը, փտած դատաւորներու եւ Աստուծոյ թշնամիներուն դէմ աստուածային դատաստան ի գործ դնելու մասին աղօթքներ են։
«Իմ անձս կը փափաքի ու նաեւ կը մարի Տէրոջը սրահներուն համար», կ’ըսէ Կորխի որդիներուն մէկ օրհներգը։ (Սաղմոս 84։2) Սաղմոս 85–ը Աստուծմէ կը խնդրէ որ աքսորէ վերադարձողները օրհնէ։ Այս սաղմոսը կը շեշտէ թէ հոգեւոր օրհնութիւնները շա՜տ աւելի արժէքաւոր են, քան՝ ֆիզիքական օրհնութիւնները։ Սաղմոս 86–ի մէջ, Դաւիթ Աստուծմէ կը խնդրէ որ զինք պահպանէ եւ իրեն սորվեցնէ։ Սաղմոս 87–ն կը խօսի Սիօնի եւ հոն ծնողներուն մասին, իսկ Սաղմոս 88–ը Եհովայի մատուցուած աղօթք մըն է։ Դաւիթենական ուխտին մէջ դրսեւորուած Եհովայի հաւատարիմ սէրը ընդգծուած է Սաղմոս 89–ի մէջ։ Անիկա յօրինուած է Եթանի կողմէ, որ թերեւս Սողոմոնի ժամանակակից չորս իմաստուններէն մէկն էր։—Գ. Թագաւորաց 4։31
Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանել.
73։9—Ի՞նչ կերպով ամբարիշտները ‘իրենց բերանը երկնքի դէմ կը դնեն ու իրենց լեզուն երկրի մէջ կը պտըտի’։ Որովհետեւ ամբարիշտները յարգանք չունին ոեւէ մէկու հանդէպ երկնքի մէջ կամ երկրի վրայ, անոնք չեն վարանիր իրենց բերնով Աստուծոյ հայհոյելու։ Անոնք նաեւ իրենց լեզուով մարդիկը կը զրպարտեն։
74։13, 14—Եհովա ե՞րբ ‘վիշապներուն գլուխները ջուրերուն մէջ փշրեց եւ Լեւիաթանին գլուխները ջարդեց’։ «Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւոր»ը կոչուած է՝ ‘իր գետերուն մէջ պառկող մեծ վիշապ’։ (Եզեկիէլ 29։3) Լեւիաթանը կրնայ Փարաւոնի հզօր մարդիկը ներկայացնել։ Անոնց գլուխներուն ջարդուիլը հաւանաբար կ’ակնարկէ Փարաւոնի ու իր բանակին ջախջախիչ պարտութեան, երբ Եհովա Իսրայելացիները եգիպտական ստրկութենէն ազատագրեց։
75։4, 5, 10—«Եղջիւր» արտայայտութիւնը ի՞նչ բանի կ’ակնարկէ։ Անասունի մը եղջիւրները զօրաւոր զէնք են։ Ուստի «եղջիւր» արտայայտութիւնը այլաբանօրէն զօրութեան կամ ուժի կ’ակնարկէ։ Եհովա իր ժողովուրդին եղջիւրները կը բարձրացնէ, իսկ ‘ամբարիշտներուն բոլոր եղջիւրները կը փշրէ’։ Մեզի ազդարարութիւն տրուած է որ ‘մեր եղջիւրները վեր չվերցնենք’, այսինքն հպարտ կամ ամբարտաւան կեցուածք մը չորդեգրենք։ Որովհետեւ Եհովա ինք բարձրացում կը շնորհէ, ժողովքին մէջ պատասխանատուութեան նշանակումները պէտք է նկատուին իրմէ եկած։—Սաղմոս 75։7
76։10—«Մարդուն բարկութիւնը» ի՞նչպէս կրնայ Եհովան գովել։ Երբ Աստուած թոյլ կու տայ որ մարդիկ իրենց բարկութիւնը մեր վրայ թափեն, քանի որ իր ծառաներն ենք, ասիկա դրական արդիւնք կրնայ տալ։ Յառաջ եկած որեւէ դժուարութիւն կրնայ ձեւով մը մեզ կրթել։ Եհովա նեղութիւնը կը թոյլատրէ միայն այն տարողութեամբ որ մեզի մարզում կու տայ։ (Ա. Պետրոս 5։10) ‘Աստուած մարդուն մնացած բարկութիւնը կը զսպէ’։ Իսկ եթէ մինչեւ մահ տառապինք, այս ալ Եհովան կը գովաբանէ, քանի որ ուրիշներ մեր հաւատարմօրէն տոկալը տեսնելով՝ կը սկսին Աստուած փառաւորել։
78։24, 25—Մանանան ինչո՞ւ «երկնքի ցորենը» եւ «հրեշտակներուն հացը» կոչուած է։ Երկու արտայայտութիւններն ալ չեն նշանակեր թէ մանանան հրեշտակներուն ուտելիքն էր։ Անիկա «երկնքի ցորեն»ն էր, այն առումով որ անոր աղբիւրը երկնային էր։ (Սաղմոս 105։40) Որովհետեւ հրեշտակները երկինքը կը բնակին, «հրեշտակներուն հացը» արտայայտութիւնը կրնայ պարզապէս նշանակել թէ անիկա երկինքը բնակող Աստուծոյ կողմէ հայթայթուած էր։ (Սաղմոս 11։4) Թերեւս Եհովա հրեշտակներն ալ գործածեց՝ մանանան հայթայթելու համար Իսրայելացիներուն։
82։1, 6—Որո՞նք «աստուածներ» եւ «Բարձրեալին որդիներ» կոչուած են։ Երկու արտայայտութիւններն ալ Իսրայէլի մէջ մարդկային դատաւորներուն կ’ակնարկեն։ Ասիկա պատշաճ է, քանի որ անոնք պիտի ծառայէին որպէս Աստուծոյ խօսնակներն ու ներկայացուցիչները։—Յովհաննու 10։33-36
83։2—‘Գլուխ վերցնել’ արտայայտութիւնը ի՞նչ կը նշանակէ։ Այս շարժումը՝ իշխանութիւն բանեցնելու կամ գործի լծուելու պատրաստակամութիւն ցոյց կու տայ, սովորաբար ընդդիմանալու, կռուելու կամ կեղեքելու համար։
Դասեր՝ մեզի համար.
73։2-5, 18-20, 25, 28. Ամբարիշտներուն բարգաւաճութեան պէտք չէ նախանձինք եւ անոնց անբարեպաշտ ճամբաները պէտք չէ որդեգրենք։ Ամբարիշտները սահուն տեղեր կեցած են եւ անպայման ‘կործանման մէջ պիտի իջնեն’։ Ասկէ զատ, քանի որ ամբարշտութիւնը մարդկային անկատար իշխանութեան ներքեւ կարելի չէ վերցնել, զայն արմատահան ընելու ջանքերը ապարդիւն են։ Ասափի նման, խոհեմութիւն է ամբարշտութեան դիմանալ՝ ‘Աստուծոյ մօտենալով’ եւ իրեն հետ սերտ յարաբերութիւն ունենալով։
73։3, 6, 8, 27. Պէտք է զգուշանանք յոխորտալէ, գոռոզանալէ, ծաղրելէ եւ անիրաւութիւն գործելէ, նոյնիսկ եթէ այս յատկանիշները շահաբեր թուին։
73։15-17. Երբ մեր միտքը խռոված է, պէտք է խուսափինք մեր շփոթեցուցիչ գաղափարները հանրապէս արտայայտելէ, որպէսզի ուրիշները չվհատեցնենք։ Մեր մտահոգութիւններուն մասին խաղաղօրէն պէտք է խորհրդածենք եւ զանոնք լուծենք՝ հաւատակիցներուն հետ ընկերակցելով։—Առակաց 18։1
73։21-24. Ամբարիշտներուն երեւութական բարօրութեան պատճառաւ սրտով դառնանալը կը նմանցուի անբան անասուններու պէս հակազդելուն։ Անիկա անշրջահայեաց հակազդեցութիւն է, միմիայն զգացումներու վրայ հիմնուած։ Բայց մենք Եհովայի խրատով պէտք է առաջնորդուինք, լիովին վստահ ըլլալով թէ ան ‘մեր աջ ձեռքէն պիտի բռնէ’ ու մեզի նեցուկ պիտի կանգնի։ Ասկէ զատ, Եհովա ‘մեզ փառքի մէջ պիտի ընդունի’, այսինքն՝ մեզի պիտի շնորհէ սերտ յարաբերութիւն իրեն հետ։
77։6. Հոգեւոր ճշմարտութիւններու հանդէպ սրտագին հետաքրքրութիւն ցուցաբերելը եւ զանոնք ուշադրութեամբ փնտռելը, կը պահանջէ որ ուսումնասիրութեան ու խոկալու համար ժամանակ յատկացնենք։ Որքա՜ն կենսական է որ մեր կեանքին մէջ առանձնութեան համար որոշ ժամանակ տրամադրենք։
79։9. Եհովա մեր աղօթքները մտիկ կ’ընէ, մանաւանդ երբ իր անուան սրբացման հետ կապ ունին։
81։13, 16. Եհովայի հնազանդիլը եւ իր ճամբաներուն մէջ քալելը ճոխ օրհնութիւններ կը բերեն։—Առակաց 10։22
82։2, 5. Անիրաւութիւնները պատճառ կ’ըլլան որ «երկրի բոլոր հիմերը» երերան։ Անարդարութիւնները մարդկային ընկերութեան կայունութիւնը կը խախտեն։
84։1-4, 10-12. Եհովայի պաշտամունքի վայրին հանդէպ սաղմոսերգուներուն գնահատութիւնը եւ իրենց ծառայութեան առանձնաշնորհումներուն հանդէպ գոհունակ զգալը, մեզի օրինակ կը հանդիսանայ։
86։5. Որքա՜ն երախտապարտ ենք որ Եհովա «ներող» է։ Ան կը փնտռէ որեւէ ապացոյց որ կրնայ իրեն հայթայթել զղջացող յանցագործին ողորմութիւն ցուցաբերելու հիմ մը։
87։5, 6. Երկրային Դրախտին մէջ կեանք ստացողները, երկնային կեանքի յարուցանուողներուն անունները պիտի գիտնա՞ն։ Համարները ցոյց կու տան թէ ասիկա հաւանական է։
88։13, 14. Երբ խնդրի մը շուրջ մեր աղօթքներուն պատասխանը ուշանայ, ասիկա կրնայ նշանակել թէ Եհովա կ’ուզէ որ մեր նուիրումին հարազատութիւնը ապացուցանենք։
«ՇՆՈՐՀԱԿԱ՛Լ ԵՂԷՔ ԱՆԿԷ, ՕՐՀՆԱԲԱՆԵՑԷ՛Ք ԱՆՈՐ ԱՆՈՒՆԸ»
Նկատի առ Սաղմոսներու չորրորդ հաւաքածոյին մէջ նշուած՝ Եհովան գովաբանելու զանազան պատճառները։ Սաղմոս 90–ի մէջ, Մովսէս «յաւիտենական թագաւորին» գոյութիւնը կը հակադրէ մարդուն անցողական կեանքին հետ։ (Ա. Տիմոթէոս 1։17) Սաղմոս 91։2–ի համաձայն, Մովսէս Եհովայի կ’ակնարկէ որպէս ‘իր ապաւէնն ու ամրոցը’,– իր ապահովութեան Աղբիւրը։ Յաջորդ քանի մը սաղմոսները կը խօսին Աստուծոյ գեղեցիկ յատկութիւններուն, գերազանց խորհուրդներուն եւ սքանչելի գործերուն մասին։ Երեք սաղմոսներ կը սկսին սա արտայայտութեամբ. «Տէրը կը թագաւորէ»։ (Սաղմոս 93։1. 97։1. 99։1) Եհովայի ակնարկելով որպէս մեր Արարիչը, սաղմոսերգուն մեզ կը հրաւիրէ որ ‘շնորհակալ ըլլանք անկէ ու օրհնաբանենք անոր անունը’։—Սաղմոս 100։4, ԱՎ
Եհովայէ ակնածող կառավարիչ մը ի՞նչպէս իր գործերը պէտք է վարէ։ Դաւիթ թագաւորին կողմէ յօրինուած Սաղմոս 101–ը կը պատասխանէ։ Յաջորդ սաղմոսը մեզի կ’ըսէ թէ Եհովա «տնանկներուն աղօթքին մտիկ պիտի ընէ ու անոնց աղօթքը պիտի չանարգէ»։ (Սաղմոս 102։17) Սաղմոս 103–ը ուշադրութեան կը յանձնէ Եհովայի հաւատարիմ սէրը եւ ողորմութիւնը։ Երկրի վրայ Աստուծոյ ստեղծածներուն ակնարկելով, սաղմոսերգուն կը բացագանչէ. «Ո՛վ Տէր, որչա՜փ շատ են քու գործերդ. որոնք՝ բոլորը՝ իմաստութիւնով ըրիր»։ (Սաղմոս 104։24) Չորրորդ հաւաքածոյին վերջին երկու օրհներգութիւնները Եհովան կը փառաբանեն իր հրաշալի գործերուն համար։—Սաղմոս 105։2, 5. 106։7, 22
Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանել.
91։1, 2—Ի՞նչ է «Բարձրելոյն ծածկոց»ը, եւ ի՞նչպէս կրնանք անոր տակ ‘բնակիլ’։ Ասիկա հոգեւոր ապահովութեան այլաբանական վայր մըն է,– հոգեւոր վնասէ պաշտպանուելու վիճակ մը։ Անիկա անյայտ է անոնց, որոնք Աստուծոյ չեն վստահիր։ Անոր տակ ‘կը բնակինք’, Եհովան մեր ապաւէնն ու ամրոցը նկատելով, զինք որպէս տիեզերքի Գերիշխանը փառաբանելով եւ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելով։ Հոգեւորապէս ապահով կը զգանք, քանի որ գիտենք թէ Եհովա միշտ պատրաստ է մեզի օգնելու։—Սաղմոս 90։1
92։12—Ի՞նչ կերպով արդարները ‘արմաւենիի պէս կը ծաղկին’։ Արմաւենին հանրածանօթ է իր արգասաբերութեամբ։ Արդար անհատը արմաւենիի պէս է, այն իմաստով որ Եհովայի աչքին ուղիղ է եւ շարունակ «բարի պտուղ» կու տայ, որ բարի գործեր կը պարփակէ։—Մատթէոս 7։17-20
Դասեր՝ մեզի համար.
90։7, 8, 13, 14. Մեր յանցագործութիւնը միշտ վնաս կը հասցնէ ճշմարիտ Աստուծոյ հետ մեր յարաբերութեան։ Իսկ ծածուկ մեղքերը կարելի չէ իրմէ պահել։ Սակայն, եթէ իրապէս զղջանք եւ մեր սխալ ընթացքը լքենք, Եհովա մեզի պիտի հաճի ու ‘մեզ կշտացնէ իր ողորմութեամբ’։
90։10, 12. Որովհետեւ կեանքը կարճ է, պէտք է ‘մեր օրերը համրենք’։ Ի՞նչպէս։ «Սրտի իմաստութիւն» ստանալով, կամ իմաստութիւն ի գործ դնելով, որպէսզի մեր մնացեալ օրերը չվատնուին, այլ՝ Եհովան հաճեցնող կերպով մը գործածուին։ Ասիկա կը պահանջէ որ հոգեւոր նախապատուութիւններ դնենք եւ մեր ժամանակը խոհեմաբար գործածենք։—Եփեսացիս 5։15, 16. Փիլիպպեցիս 1։10
90։17. Պատշաճ է աղօթել որ Եհովա ‘մեր ձեռքերուն գործը հաստատէ’ եւ ծառայութեան մէջ մեր ջանքերը օրհնէ։
92։14, 15. Աստուծոյ Խօսքին ժրաջան աշակերտները ըլլալով եւ Եհովայի ժողովուրդին հետ կանոնաւորաբար ընկերակցելով, տարեցները կը շարունակեն «պարարտ ու կանանչ»՝ հոգեւորապէս կայտառ՝ ըլլալ եւ կը փաստեն թէ ժողովքին համար թանկարժէք սատար մըն են։
94։19. Մեր «հոգերուն» պատճառը ի՛նչ որ ալ ըլլայ, Աստուածաշունչին բովանդակած «մխիթարութիւններ»ը կարդալը եւ անոնց վրայ խոկալը մեզ պիտի մխիթարեն։
95։7, 8. Աստուածաշնչական խրատները մտիկ ընելով, անոնց ուշադրութիւն ընծայելով եւ իսկոյն անոնց հնազանդելով, թոյլ չենք տար որ մեր սիրտը խստանայ։—Եբրայեցիս 3։7, 8
106։36, 37. Այս համարները կռապաշտութիւնը կ’առնչեն դեւերուն զոհեր մատուցանելուն։ Ասիկա ցոյց կու տայ թէ կուռքեր գործածող անհատը կրնայ դիւային ազդեցութեան ենթարկուիլ։ Աստուածաշունչը մեզ կը յորդորէ. «Ինքզինքնիդ կուռքերէն պահեցէք»։—Ա. Յովհաննու 5։21
«Ալէլուիա՜»
Սաղմոսներու չորրորդ հատուածին վերջին երեք տաղերգութիւնները սա յորդորով կ’եզրափակուին. «Ալէլուիա՜ [այսինքն՝ գովաբանեցէ՛ք Եահը]»։ Վերջին սաղմոսը նոյն արտայայտութեամբ ալ կը սկսի։ (Սաղմոս 104։35. 105։45. 106։1, 48) Իրականութեան մէջ, «Ալէլուիա՜» արտայայտութիւնը յաճախ կրկնուած է Սաղմոսներու չորրորդ հատուածին մէջ։
Արդարեւ Եհովան փառաբանելու պատճառներ ունինք։ Սաղմոս 73-106–ը՝ խոկալու համար բաւական նիւթեր հայթայթեցին, մեր սրտերը երախտագիտութեամբ լեցնելով մեր երկնաւոր հօր հանդէպ։ Երբ խորհինք թէ ան մեզի համար ի՜նչ բաներ ըրած է եւ պիտի ընէ ապագային, չե՞նք մղուիր մեր ամբողջ զօրութեամբ ‘Եահը գովաբանելու’։
[Նկար՝ էջ 28]
Ասափի նման, կրնանք ամբարշտութեան դիմանալ՝ ‘Աստուծոյ մօտենալով’
[Նկար՝ էջ 29]
Փարաւոն Կարմիր ծովուն մէջ պարտութիւն կը կրէ
[Նկար՝ էջ 29]
Գիտե՞ս թէ մանանան ինչո՛ւ «հրեշտակներուն հացը» կոչուած է
[Նկար՝ էջ 31]
Ի՞նչ բան կ’օգնէ մեր «հոգեր»ը վանելու