Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եզրասայ գիրքէն աչքառու կէտեր

Եզրասայ գիրքէն աչքառու կէտեր

Եհովայի խօսքը կենդանի է

Եզրասայ գիրքէն աչքառու կէտեր

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ Եզրասայ գիրքը կը սկսի այն կէտէն, ուր Բ. Մնացորդաց գիրքը կանգ կ’առնէ։ Գրողը՝ Եզրաս քահանան, նախ կը նշէ Պարսկաստանի Կիւրոս թագաւորին հրովարտակը, որ թոյլ կու տայ Բաբելոն աքսորուած Հրեայ մնացորդի մը որ իր հայրենիքը վերադառնայ։ Արձանագրութիւնը կ’աւարտի, խօսելով թէ ի՛նչպէս Եզրաս քայլեր կ’առնէ երկրին ժողովուրդին հետ իրենք զիրենք պղծող անհատները մաքրելու համար։ Գիրքը 70 տարի կը ծածկէ,– Հ.Դ.Ա. 537–էն մինչեւ Հ.Դ.Ա. 467։

Եզրաս գիրքը կը գրէ յստակ նպատակով մը. ցոյց տալ թէ Եհովա իր ժողովուրդը Բաբելոնի գերութենէն ազատելու եւ Երուսաղէմի մէջ ճշմարիտ պաշտամունքը վերահաստատելու Իր խոստումը ի՛նչպէս կատարեց։ Ուստի Եզրաս միայն այս նպատակին հետ առնչուած դէպքերուն վրայ կը կեդրոնանայ։ Եզրասայ գիրքը ցոյց կու տայ թէ տաճարը ի՛նչպէս վերաշինուեցաւ եւ Եհովայի պաշտամունքը ի՛նչպէս վերահաստատուեցաւ, ի հեճուկս հակառակութեան եւ Աստուծոյ ժողովուրդին անկատարութեան։ Արձանագրութիւնը մեծապէս կը հետաքրքրէ մեզ, քանի որ մենք ալ վերահաստատման ժամանակի մը մէջ կ’ապրինք։ Շատեր «Եհովային լեռը» կը խուժեն եւ ամբողջ երկրագունդը ‘Տէրոջը փառքին գիտութիւնովը լեցուելու’ վրայ է։—Եսայեայ 2։2, 3. Ամբակումայ 2։14

ՏԱՃԱՐԸ ԿԸ ՎԵՐԱՇԻՆՈՒԻ

(Եզրասայ 1։1–6։22)

Կիւրոսի ազատագրման հրովարտակին ընդառաջելով, շուրջ 50,000 Հրեայ աքսորեալներ Երուսաղէմ կը վերադառնան՝ Զօրաբաբէլ կամ Սասբասար կուսակալին առաջնորդութեամբ։ Հայրենադարձները փութով զոհասեղանը կը կանգնեն իր նախկին վայրը եւ կը սկսին Եհովայի զոհեր մատուցանել։

Յաջորդ տարին, Իսրայելացիները Եհովայի տան հիմը կը դնեն։ Թշնամիները յարատեւ կը ջանան վերաշինութեան գործը խանգարել եւ ի վերջոյ գործը կասեցնելու արքայական հրաման մը ձեռք կը ձգեն։ Անգէ եւ Զաքարիա մարգարէները ժողովուրդը կ’ոգեւորեն, այնպէս որ անոնք կը վերսկսին տաճարը կառուցանել, հակառակ արգելումին։ Նախապէս Կիւրոսի կողմէ հանուած անփոփոխելի պարսկական հրովարտակի մը հակառակելու վախը, պատճառ կ’ըլլայ որ թշնամիները հեռու մնան։ Պաշտօնական քննութիւն մը կը գտնէ «Երուսաղէմի մէջ եղող Աստուծոյ տանը համար» Կիւրոսի հանած հրովարտակը։ (Եզրասայ 6։3) Գործը լաւ կ’ընթանայ ու կ’ամբողջանայ։

Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանել.

1։3-6—Իրենց հայրենիքը չվերադարձող Իսրայելացիները հաւատքով տկա՞ր էին։ Թերեւս ոմանք Երուսաղէմ չվերադարձան քանի որ նիւթապաշտ էին կամ ճշմարիտ պաշտամունքին հանդէպ գնահատութեան պակաս ունէին, բայց բոլորին պարագան այսպէս չէր։ Նախ եւ առաջ, դէպի Երուսաղէմ 1,600 քիլոմեթր ճամբորդելը չորս կամ հինգ ամիս կը տեւէր։ Ասկէ զատ, 70 տարի ամայացած երկրի մը մէջ հաստատուիլը եւ վերաշինութեան գործը կատարելը շատ ֆիզիքական կորով կը պահանջէր։ Հետեւաբար աննպաստ պայմանները, ինչպէս՝ հիւանդութիւնը, յառաջացած տարիքը եւ ընտանեկան պարտաւորութիւնները, անկասկած ոմանց արգելք հանդիսացան որ վերադառնան։

2։43—Որո՞նք էին Նաթանայիմները։ Անոնք ծագումով ոչ–Իսրայելացիներ էին, որոնք տաճարին համար կը սպասարկէին որպէս ստրուկներ կամ ծառաներ։ Անոնց մէջ կային Յեսուի օրերուն ապրող Գաբաւոնացիներուն զարմը եւ անոնք որ «Դաւիթ ու իր իշխանները Ղեւտացիներու ծառայութեանը տուեր էին»։—Եզրասայ 8։20

2։55—Որո՞նք էին Սողոմոնի ծառաներուն որդիները։ Անոնք ոչ–Իսրայելացիներ էին, որոնց մասնայատուկ առանձնաշնորհումներ տրուած էին Եհովայի ծառայութեան մէջ։ Թերեւս անոնք տաճարին մէջ ծառայեցին որպէս դպիրներ, արտագրողներ կամ որոշ վարչական հանգամանքով։

2։61-63—Ուրիմը եւ Թումիմը, որոնք կը գործածուէին երբ Եհովայի պատասխանին հարկ ըլլար, հայրենադարձ աքսորեալներուն մատչելի՞ էին։ Անոնք որ քահանայական սերունդէն ըլլալ կը դաւանէին եւ չկրցան իրենց ազգաբանութիւնը հաստատել, իրենց դաւանութիւնը կարելի էր վաւերացնել՝ Ուրիմը եւ Թումիմը գործածելով։ Եզրաս ասիկա կը յիշէ միայն որպէս հաւանականութիւն մը։ Սուրբ Գրութիւնները չեն նշեր թէ Ուրիմը եւ Թումիմը գործածուեցան այդ ատեն կամ անկէ ետք։ Ըստ հրէական աւանդութեան, Ուրիմը եւ Թումիմը անյայտացան երբ տաճարը կործանեցաւ Հ.Դ.Ա. 607–ին։

3։12—Եհովայի ‘նախկին տունը տեսնող ծերերը’ ինչո՞ւ լացին։ Այս մարդիկը կրնային մտաբերել թէ որքա՜ն շքեղ էր Սողոմոնի կառուցանած տաճարը։ Բայց նոր տաճարին հիմը, նախկինին բաղդատելով՝ ‘ոչինչի պէս էր իրենց աչքերուն’։ (Անգեայ 2։2, 3) Արդեօք իրենց ջանքերը նախկին տաճարին փառքը պիտի վերադարձնէի՞ն։ Անոնք վհատած ըլլալու էին եւ հետեւաբար լացին։

3։8-10. 4։23, 24. 6։15, 16—Տաճարին վերաշինութիւնը քանի՞ տարի տեւեց։ Տաճարին հիմը դրուեցաւ Հ.Դ.Ա. 536–ին,– ‘անոնց գալուն երկրորդ տարուան մէջ’։ Շինարարական աշխատանքը կասեցուեցաւ Արտաշէս թագաւորին օրերուն, Հ.Դ.Ա. 522–ին։ Արգելումը շարունակուեցաւ մինչեւ Հ.Դ.Ա. 520, Դարեհ թագաւորին երկրորդ տարին։ Տաճարը ամբողջացաւ անոր իշխանութեան վեցերորդ տարին, կամ՝ Հ.Դ.Ա. 515–ին։ (Տես՝ «Պարսկաստանի թագաւորները՝ Հ.Դ.Ա. 537-467» խորագրով շրջանակը։) Ուստի տաճարի շինարարութիւնը շուրջ 20 տարի տեւեց։

4։8–6։18—Այս համարները ինչո՞ւ Արամերէնով գրուեցան։ Այս հատուածը մեծաւ մասամբ կը բովանդակէ պետական պաշտօնեաներու կողմէ թագաւորներու ուղարկուած նամակներ եւ անոնց պատասխանները։ Եզրաս զանոնք ընդօրինակեց Արամերէնով գրուած հանրային արձանագրութիւններէն, որ այն ատենուան առեւտրական ու դիւանագիտական լեզուն էր։ Աստուածաշունչի հետեւեալ մասերն ալ գրուած են այդ հին սեմական լեզուով՝ Եզրասայ 7։12-26. Երեմեայ 10։11 եւ Դանիէլ 2։4բ–7։28։

Դասեր՝ մեզի համար.

1։2. Շուրջ 200 տարի առաջ ի՛նչ որ Եսայի մարգարէացաւ՝ կատարուեցաւ։ (Եսայեայ 44։28) Եհովայի Խօսքին բովանդակած մարգարէութիւնները երբեք չեն ձախողիր։

1։3-6. Բաբելոնի մէջ մնացող կարգ մը Իսրայելացիներուն նման, բազմաթիւ Եհովայի Վկաներ չեն կրնար լիաժամ ծառայութեան ձեռնարկել կամ ծառայել հո՛ն, ուր կարիքը աւելի մեծ է։ Այսուհանդերձ անոնք թիկունք կը կանգնին եւ կը քաջալերեն զանոնք որ կրնան, ինչպէս նաեւ յօժարակամ նուիրատուութիւններ կ’ընեն Թագաւորութեան քարոզչութիւնը ու աշակերտելու գործունէութիւնը յառաջացնելու համար։

3։1-6. Հ.Դ.Ա. 537–ի եօթներորդ ամսուն (Թիշրի, կամ՝ Սեպտեմբեր/Հոկտեմբեր), հաւատարիմ հայրենադարձները իրենց առաջին զոհը մատուցանեցին։ Բաբելոնացիները Երուսաղէմ մտած էին Հ.Դ.Ա. 607–ի հինգերորդ ամսուն (Ապ, կամ՝ Յուլիս/Օգոստոս), իսկ երկու ամիս ետք՝ քաղաքը բոլորովին ամայացած էր։ (Դ. Թագաւորաց 25։8-17, 22-26) Ինչպէս նախագուշակուած էր, Երուսաղէմի 70 տարուան ամայացումը ճիշդ ժամանակին վերջ գտաւ։ (Երեմեայ 25։11. 29։10) Եհովայի Խօսքը ի՛նչ որ նախագուշակէ, միշտ կ’իրականանայ։

4։1-3. Հաւատարիմ մնացորդը մերժեց առաջարկ մը, որ կրնար նշանակել՝ սուտ երկրպագուներու հետ կրօնական դաշնակցութիւն հիմնել։ (Ելից 20։5. 34։12) Ներկայիս Եհովայի երկրպագուներն ալ որեւէ միջդաւանական շարժումի մաս չեն կազմեր։

5։1-7. 6։1-12. Եհովա հարցերը կրնայ այնպէս մը ուղղել, որ իր ժողովուրդին յաջողութեան նպաստեն։

6։14, 22. Եհովայի գործին նախանձախնդրաբար մասնակցիլը, իր հաճութիւնն ու օրհնութիւնը կը բերէ։

6։21. Հրէական շրջաններուն մէջ ապրող Սամարացիները եւ հեթանոսական ազդեցութիւններու տեղի տուող հայրենադարձները, Եհովայի գործին յառաջդիմութիւնը տեսնելով՝ մղուեցան իրենց կեանքին մէջ հարկ եղած փոփոխութիւնները ընելու։ Պէտք չէ՞ խանդավառօրէն մասնակցինք մեր աստուածատուր գործին, ի ներառեալ Թագաւորութիւնը ծանուցանելը։

ԵԶՐԱՍ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ ԿՈՒ ԳԱՅ

(Եզրասայ 7։1–10։44)

Եհովայի վերաշինուած տան նաւակատիքին վրայ յիսուն տարի անցած է։ Հ.Դ.Ա. 468 տարին է։ Եզրաս Բաբելոնէն Երուսաղէմ կը մեկնի, իրեն հետ առնելով Աստուծոյ ժողովուրդէն մնացորդ մը եւ նուիրատուութիւններ։ Ան հոն ի՞նչ կը գտնէ։

Իշխանաւորները Եզրասի կ’ըսեն. «Իսրայէլի ժողովուրդը եւ քահանաներն ու Ղեւտացիները այս երկիրներուն ժողովուրդներէն չզատուեցան, հապա . . . [անոնց] պղծութիւններուն պէս կ’ընեն»։ Ասկէ զատ, «իշխաններն ու ոստիկանները այս մեղքը գործելու մէջ առաջինները եղան»։ (Եզրասայ 9։1, 2) Եզրաս կը ցնցուի։ Անոր քաջալերութիւն կը տրուի որ ‘զօրանայ ու ընէ’։ (Եզրասայ 10։4) Եզրաս սրբագրիչ քայլեր կ’առնէ եւ ժողովուրդը բարեհաճութեամբ կ’ընդառաջէ։

Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանել.

7։1, 7, 11—Այս բոլո՞ր համարները կ’ակնարկեն այն Արտաշէսին, որ շինարարական գործը կասեցուց։ Ո՛չ։ Երկու Պարսիկ թագաւորներ Արտաշէս անունը կամ տիտղոսը կրեցին։ Հ.Դ.Ա. 522–ին, տաճարի վերաշինութեան գործը դադրեցնողը՝ Բարդիան կամ Գոմատան էր։ Իսկ Արտաշէս Լոնկիմանուսի ժամանակ, Եզրաս Երուսաղէմ եկաւ։

7։28–8։20—Բաբելոնի մէջ եղող Հրեաներէն շատեր ինչո՞ւ Եզրասի հետ Երուսաղէմ վերադառնալու վարանեցան։ Թէեւ աւելի քան 60 տարի անցած էր այն ժամանակէն, երբ Հրեաներու առաջին խումբը իրենց հայրենիքը վերադարձաւ, սակայն Երուսաղէմի բնակչութիւնը քիչ էր։ Երուսաղէմ վերադառնալը կը նշանակէր անհանգստաւէտ ու վտանգաւոր պայմաններու ներքեւ նոր կեանք մը վարել։ Այդ ժամանակ Երուսաղէմը հրապուրիչ նիւթական հեռանկարներ չէր հրամցներ Հրեաներուն, որոնք թերեւս Բաբելոնի մէջ բարգաւաճութիւն կը վայելէին։ Նաեւ պէտք չէ անտեսել թէ ճամբորդութիւնը վտանգաւոր էր։ Հայրենադարձները պէտք էր ունենային Եհովայի հանդէպ զօրաւոր հաւատք, ճշմարիտ պաշտամունքին հանդէպ նախանձախնդրութիւն եւ քաջութիւն՝ փոխադրութեան քայլը առնելու։ Նոյնիսկ Եզրաս Եհովայի ձեռքը իր վրայ ըլլալով ուժովցաւ։ Եզրասի քաջալերութեամբ, 1,500 ընտանիք,– թերեւս շուրջ 6,000 հոգի,– ընդառաջեցին, ինչպէս նաեւ՝ 38 Ղեւտացի եւ 220 Նաթանայիմներ։

9։1, 2—Խառն ամուսնութիւնը ո՞րքան լուրջ սպառնալիք մըն էր։ Վերահաստատուած ազգը Եհովայի պաշտամունքը պէտք էր պահպանէր մինչեւ Մեսիայի գալը։ Խառն ամուսնութիւնը ճշմարիտ պաշտամունքին իսկական սպառնալիք մըն էր։ Որովհետեւ ոմանք կռապաշտ ժողովուրդին հետ խնամիութիւն հաստատած էին, ի վերջոյ ամբողջ ազգը կրնար ձուլուիլ, իսկ երկրագունդի վրայ մաքուր պաշտամունքը կրնար անհետանալ։ Ուստի Մեսիան որո՞ւն պիտի գար։ Զարմանալի չէ որ Եզրաս տեղի ունեցածը տեսնելով զարհուրեցաւ։

10։3, 44—Ինչո՞ւ կիներուն հետ դուրս հանուեցան անոնցմէ ծնածներն ալ։ Եթէ երախաները մնային, աւելի մեծ հաւանականութիւն պիտի ըլլար որ արձակուած կիները անոնց պատճառով վերադառնային։ Ասկէ զատ, երախաները ընդհանրապէս իրենց մօր հոգատարութեան կարիք ունին։

Դասեր՝ մեզի համար.

7։10. Որպէս Աստուծոյ Խօսքին ժրաջան աշակերտ եւ ատակ ուսուցիչ, Եզրաս մեզի օրինակ կը հանդիսանայ։ Ան ջերմեռանդ աղօթքով իր սիրտը պատրաստեց, որ Եհովայի Օրէնքին դիմէ, ապա Եհովայի ըսածին լման ուշադրութիւն ընծայեց ու իր սորվածը կիրարկեց եւ ուրիշներուն ջանասիրութեամբ սորվեցուց։

7։13. Եհովա յօժարակամ ծառաներ կ’ուզէ։

7։27, 28. 8։21-23. Եզրաս վարկը Եհովայի տուաւ, դէպի Երուսաղէմ երկար ու վտանգաւոր ճամբորդութիւն ընելէ առաջ՝ անկեղծօրէն աղօթեց, եւ Աստուծոյ փառքին համար պատրաստ էր իր կեանքը վտանգելու։ Այսպէս ան ընտիր օրինակ մը հանդիսացաւ մեզի։

9։2. ‘Միայն Տէրոջմով’ ամուսնանալու յորդորը լուրջի պէտք է առնենք։—Ա. Կորնթացիս 7։39

9։14, 15. Չար ընկերակցութիւնները կրնան Եհովայի տհաճութեան առաջնորդել։

10։2-12, 44. Խառն ամուսնութիւն կնքողները խոնարհաբար զղջացին ու իրենց սխալ ճամբաները սրբագրեցին։ Անոնց կեցուածքն ու վերաբերմունքը օրինակելի էին։

Եհովա իր խոստումները կը յարգէ

Եզրասայ գիրքը մեզի համար շա՜տ արժէքաւոր է։ Եհովա իր ժողովուրդը բաբելոնական աքսորէն ազատագրելու եւ Երուսաղէմի մէջ ճշմարիտ պաշտամունքը վերահաստատելու իր խոստումը ճի՛շդ ժամանակին կատարեց։ Ասիկա Եհովայի ու իր խոստումներուն հանդէպ մեր հաւատքը չի՞ զօրացներ։

Պահ մը խորհէ Եզրասայ գիրքին հայթայթած օրինակներուն մասին։ Եզրաս եւ Երուսաղէմի մէջ մաքուր պաշտամունքին վերահաստատման մէջ բաժին բերելու համար վերադարձող մնացորդը, Աստուծոյ հանդէպ օրինակելի նուիրում ցուցաբերեցին։ Այս գիրքը նաեւ ցցուն կ’ընէ բարեպաշտ օտարականներուն հաւատքը եւ զղջացող յանցագործներուն խոնարհ կեցուածքը։ Արդարեւ, Եզրասի ներշնչեալ խօսքերը յստակ ապացոյց կը ներկայացնեն թէ «Աստուծոյ խօսքը կենդանի է ու զօրեղ»։—Եբրայեցիս 4։12

[Ցուցակ/Նկար՝ էջ 14]

ՊԱՐՍԿԱՍՏԱՆԻ ԹԱԳԱՒՈՐՆԵՐԸ՝ Հ.Դ.Ա. 537-467

Մեծն Կիւրոս (Եզրասայ 1։1) Հ.Դ.Ա. 530–ին մահացաւ

Կամբիւսես կամ Ասուերոս (Եզրասայ 4։6) Հ.Դ.Ա. 530-522

Արտաշէս՝ Բարդիա (Եզրասայ 4։7) Հ.Դ.Ա. 522 (Միայն եօթը ամիս կամ Գոմատա իշխելէ ետք՝ սպաննուեցաւ)

Դարեհ Ա. (Եզրասայ 4։24) Հ.Դ.Ա. 522-486

Քսերքսես կամ Ասուերոս * Հ.Դ.Ա. 486-475 (Դարեհ Ա.–ի իշխանակից էր՝ Հ.Դ.Ա. 496-486)

Արտաշէս Լոնկիմանուս (Եզրասայ 7։1) Հ.Դ.Ա. 475-424

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 50 Քսերքսես Եզրասայ գիրքին մէջ չէ յիշուած։ Ան Ասուերոս անունով յիշուած է Աստուածաշունչի Եսթերայ գիրքին մէջ։

[Նկար]

Ասուերոս

[Նկար՝ էջ 13]

Կիւրոս

[Նկար՝ էջ 13]

Կիւրոսի Գլանը նշեց՝ գերիները իրենց հայրենիքը վերադարձնելու քաղաքականութիւնը

[Նկարին աղբիւրը]

Cylinder: Photograph taken by courtesy of the British Museum

[Նկար՝ էջ 16]

Գիտե՞ս թէ ի՛նչ բան Եզրասը ատակ ուսուցիչ դարձուց