Յեսուայ գիրքէն աչքառու կէտեր
Եհովայի խօսքը կենդանի է
Յեսուայ գիրքէն աչքառու կէտեր
ՄՈՎԱԲԻ դաշտերը բանակած Իսրայելացիները, Հ.Դ.Ա. 1473–ին, սա խօսքերը լսելով ոգեւորուած ըլլալու են. «Ձեզի պաշար պատրաստեցէ՛ք. քանզի երեք օրէն յետոյ դուք այս Յորդանանէն պիտի անցնիք, որպէս զի երթաք ժառանգէք այն երկիրը, որ ձեր Տէր Աստուածը ձեզի իբր ժառանգութիւն պիտի տայ»։ (Յեսուայ 1։11) Անապատին մէջ անոնց 40 տարուան կեցութիւնը վերջ գտնելու վրայ է։
Աւելի քան երկու տասնամեակ ետք, Յեսու Քանանի երկրին մէջ Իսրայէլի ծերերուն կ’ըսէ. «Նայեցէք, ես ձեզի այս մնացած ազգերը վիճակով իբր ժառանգութիւն բաժնեցի՝ ձեր ցեղերուն համեմատ, Յորդանանէն, իմ կոտորած բոլոր ազգերովս մէկտեղ, մինչեւ մեծ ծովը դէպի արեւմուտք։ Ձեր Տէր Աստուածը ինքը ձեր առջեւէն պիտի հալածէ զանոնք ու պիտի վռնտէ եւ անոնց երկիրը դուք պիտի ժառանգէք, ինչպէս ձեր Տէր Աստուածը ձեզի ըսաւ»։—Յեսուայ 23։4, 5
Հ.Դ.Ա. 1450–ին Յեսուի կողմէ գրուած Յեսուայ գիրքը, այդ 22 տարուան ընթացքին տեղի ունեցած դէպքերուն պատմական արձանագրութիւնն է։ Մինչ խոստացեալ նոր աշխարհի սեմին կը գտնուինք, մեր պարագան նման է Իսրայէլի որդիներուն պարագային, որոնք պատրաստ էին Խոստացեալ երկրին տիրանալու։ Ուստի խոր հետաքրքրութեամբ Յեսուայ գիրքին ուշադրութիւն ընծայենք։—Եբրայեցիս 4։12
ԴԷՊԻ «ԵՐԻՔՈՎԻ ԴԱՇՏԵՐԸ»
Յեսու ի՜նչ սքանչելի նշանակում մը կը ստանայ, երբ Եհովա իրեն կ’ըսէ. «Իմ ծառաս Մովսէս մեռաւ. հիմա ելի՛ր ու անցի՛ր Յորդանանէն՝ դուն եւ այս բոլոր ժողովուրդը՝ այն երկիրը որ ես Իսրայէլի որդիներուն պիտի տամ»։ (Յեսուայ 1։2) Յեսու միլիոնաւորներէ բաղկացած ազգ մը դէպի Խոստացեալ Երկիր պիտի առաջնորդէ։ Առ ի պատրաստութիւն, ան երկու լրտես կը ղրկէ Երիքով,– նուաճուելիք առաջին քաղաքը։ Այդ քաղաքին մէջ կ’ապրի Ռախաբ պոռնիկը, որ Իր ժողովուրդին ի նպաստ Եհովայի հզօր արարքներուն մասին լսած է։ Ան երկու լրտեսները կը պաշտպանէ ու անոնց կ’օգնէ, իսկ անոնք կը խոստանան զինք ողջ պահել։
Լրտեսները վերադառնալէ ետք, Յեսու եւ ժողովուրդը կը պատրաստուին Յորդանանէն անցնելու։ Գետին յորդումը արգելք չի հանդիսանար անոնց, քանի որ Եհովա պատճառ կ’ըլլայ որ վերէն իջնող ջուրերը կարկառի մը պէս կայնին, թոյլ տալով մնացեալ ջուրերուն որ պարպուին Մեռեալ ծովու մէջ։ Յորդանանը կտրելէ ետք, Իսրայելացիները Գաղգաղա կը բանակին, Երիքովի մօտ։ Չորս օր ետք, Ապիպ ամսուան 14–րդ օրուան իրիկունը, անոնք Երիքովի դաշտերուն մէջ Պասեքը կը պահեն։ (Յեսուայ 5։10) Հետեւեալ օրը, անոնք երկրին արտադրութենէն կը սկսին ուտել, եւ մանանան կը դադրի։ Այդ միջոցին, Յեսու անապատին մէջ ծնած բոլոր արուները կը թլփատէ։
Սուրբ Գրային Հարցումներու Պատասխանել.
2։4, 5—Ռախաբ ինչո՞ւ լրտեսները փնտռող մարդոց սխալ տեղեկութիւն կու տայ։ Ռախաբ իր կեանքը վտանգելով լրտեսները կը պաշտպանէ, քանի որ Եհովայի հանդէպ հաւատք մշակած է։ Ուստի ան պարտաւոր չէ լրտեսներուն պահուըտած տեղը իմացնել այն մարդոց, որ կը ջանան Աստուծոյ ժողովուրդին վնաս հասցնել։ (Մատթէոս 7։6. 21։23-27. Յովհաննու 7։3-10) Իրականութեան մէջ, Ռախաբ «գործերով արդարացաւ», ի ներառեալ թագաւորին գործակալներուն սխալ ուղղութիւն տալը։—Յակոբու 2։24-26
5։14, 15—Ո՞վ է «Տէրոջը զօրավարը»։ Մինչ Խոստացեալ Երկրին նուաճումը կը սկսի, Յեսուն զօրացնելու համար եկող զօրավարը հաւանաբար «Բան»ն է,– Յիսուս Քրիստոս իր նախամարդկային գոյութեան մէջ։ (Յովհաննու 1։1. Դանիէլ 10։13) Որքա՜ն սրտապնդիչ է ունենալ այն երաշխիքը, թէ ներկայիս փառաւորեալ Յիսուս Քրիստոս Աստուծոյ ժողովուրդին հետ է, մինչ անոնք հոգեւոր պատերազմ կը մղեն։
Դասեր՝ Մեզի Համար.
1։7-9. Աստուածաշունչը ամէն օր կարդալը, անոր ըսածներուն վրայ կանոնաւորաբար խոկալը եւ մեր սորվածները կիրարկելը, հոգեւոր ձեռնարկներուն մէջ յաջողութիւն գտնելու համար էական են։
1։11. Յեսու ժողովուրդէն կը խնդրէ որ իրենց պաշար պատրաստեն եւ ծուլօրէն չսպասեն որ Աստուա՛ծ հայթայթէ զայն։ Յիսուսի յորդորը թէ կեանքի անհրաժեշտութիւններուն մասին չմտահոգուինք եւ իր խոստումը թէ «այդ բոլոր բաներն ալ ձեզի պիտի տրուին», չեն նշանակեր թէ մեր կարիքները լեցնելու համար ջանք պէտք չէ թափենք։—Մատթէոս 6։25, 33
2։4-13. Եհովայի հզօր արարքներուն մասին լսելէ ետք եւ ըմբռնելով թէ ժամանակը շատ վտանգաւոր է, Ռախաբ կ’որոշէ Եհովայի երկրպագուներուն կողքին դիրք բռնել։ Եթէ որոշ ժամանակէ ի վեր Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրես եւ կը գիտակցիս որ «վերջին օրեր»ուն մէջ կ’ապրինք, պէտք չէ՞ որոշես Աստուծոյ ծառայել։—Բ. Տիմոթէոս 3։1
3։15. Որովհետեւ Երիքով ղրկուած լրտեսներուն տեղեկագրութիւնը նպաստաւոր է, Յեսու անմիջապէս գործի կը լծուի, առանց սպասելու որ Յորդանանի ջուրերը նուազին։ Երբ ճշմարիտ պաշտամունքին վերաբերեալ ընելիք բաներ կան, քաջաբար գործի պէտք է նետուինք, փոխանակ սպասելու աւելի յարմար պարագաներու։
4։4-8, 20-24. Յորդանանի յատակէն առնուած 12 քարերը Իսրայէլի մէջ իբր յիշատակ պիտի ծառայեն։ Իր այժմու ժողովուրդը իր թշնամիներուն ձեռքէն ազատելն ալ կը ծառայէ իբր յիշատակ թէ Եհովա իր երկրպագուներուն հետ է։
ՆՈՒԱՃՈՒՄԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ
‘Երիքով ամուր կերպով փակուած է. ելլող ու մտնող չկայ’։ (Յեսուայ 6։1) Քաղաքը ի՞նչպէս պիտի գրաւուի։ Եհովա Յեսուի կը յայտնէ հետեւելիք ռազմավարութիւնը։ Շատ չանցած պարիսպները կը փլին ու քաղաքը կը կործանի։ Միայն Ռախաբն ու իր ազգականները կ’ազատին։
Յաջորդ քայլն է նուաճել Գայի՝ թագաւորանիստ քաղաքը։ Հոն ղրկուած լրտեսները կը տեղեկագրեն թէ քաղաքին բնակիչները փոքրաթիւ են, ուստի զայն գրաւելու համար հարկ չկայ մեծ բանակ ղրկելու։ Սակայն Գայիի վրայ յարձակող շուրջ 3,000 զինուորները կը ստիպուին փախուստ տալ։ Ինչո՞ւ։ Եհովա Իսրայելացիներուն հետ չէ, քանի որ Յուդայի տոհմէն Աքար մեղք գործած էր, Երիքով ներխուժելու ատեն։ Հարցը սրբագրելէ ետք, Յեսու Գայիի դէմ կը պատերազմի։ Իսրայելացիներուն վրայ յաղթանակ տարած ըլլալով, Գայիի թագաւորը անհամբեր է անոնց հետ կռուելու։ Բայց Յեսու ռազմավարութիւն մը կը գործածէ, որ Գայիի մարդոց չափազանց ինքնավստահութիւնը կ’օգտագործէ, եւ քաղաքին կը տիրանայ։
Գաբաւոն ‘մեծ քաղաք մըն է, Գայիէն մեծ, եւ անոր բոլոր մարդիկը զօրաւոր են’։ (Յեսուայ 10։2) Սակայն, երբ Գաբաւոնի բնակիչները Երիքովի ու Գայիի դէմ Իսրայէլի տարած յաղթանակներուն մասին կը լսեն, անոնք Յեսուն կը խաբեն որ իրենց հետ խաղաղութեան դաշինք կնքէ։ Շրջակայ ազգերը այս ձեռնթափութիւնը սպառնալիք կը նկատեն։ Հինգ թագաւորներ դաշնակցութիւն մը կազմելով Գաբաւոնի վրայ կը յարձակին։ Իսրայէլ Գաբաւոնացիներուն օգնութեան կը փութայ եւ յարձակողները լիովին պարտութեան կը մատնէ։ Յեսուի հրամանատարութեան ներքեւ, Իսրայէլ կը նուաճէ նաեւ հարաւը ու արեւմուտքը գտնուող այլ քաղաքներ, ինչպէս նաեւ՝ հիւսիսային շրջանի թագաւորներուն միացած բանակները։ Իսրայէլ Յորդանանի արեւմտեան կողմը 31 թագաւոր պարտութեան մատնեց։
Սուրբ Գրային Հարցումներու Պատասխանել.
10։13—Այս անսովոր երեւոյթը ի՞նչպէս կարելի է։ Երկինք ու երկիր Ստեղծող «Տէրոջը առջեւ դժուարին բան կա՞յ արդեօք»։ (Ծննդոց 18։14) Եթէ ուզէ, Եհովա կրնայ երկրագունդի թաւալումը այնպէս մը ղեկավարել, որ արեւն ու լուսինը կրնան մարդոց համար անշարժ թուիլ։ Կամ, ան կրնայ երկրագունդին ու լուսնին թաւալումը պահել ինչպէս որ է, բայց արեւէն ու լուսինէն եկած ճառագայթները բեկբեկել այնպիսի կերպով մը, որ անոնց լոյսը շարունակէ փայլիլ։ Ինչ որ ալ ըլլայ պարագան, մարդկային պատմութեան մէջ «անոր պէս օր մը չեղաւ»։—Յեսուայ 10։14
10։13—Ի՞նչ է Ուղիղին գիրքը։ Այս գիրքը դարձեալ յիշուած է Բ. Թագաւորաց 1։18–ի մէջ, «Աղեղը» կոչուած բանաստեղծութեան կապակցաբար,– ողբերգ՝ Սաւուղ թագաւորին ու իր որդիին՝ Յովնաթանի մասին։ Այս գիրքը թերեւս պատմական նիւթեր բովանդակող երգերու եւ քերթուածներու հաւաքածոյ մըն էր, եւ հաւանաբար Եբրայեցիներուն մօտ հանրածանօթ էր։
Դասեր՝ Մեզի Համար.
6։26. 9։22, 23. Երիքովի կործանման ատեն Յեսուի տուած անէծքը կը կատարուի շուրջ 500 տարի ետք։ (Գ. Թագաւորաց 16։34) Նոյի անէծքը իր թոռան՝ Քանանի դէմ, կ’իրականանայ երբ Գաբաւոնացիները ծառաներ կը դառնան։ (Ծննդոց 9։25, 26) Եհովայի խօսքը միշտ ճշմարիտ կ’ելլէ։
7։20-25. Ոմանք թերեւս Աքարի գողութիւնը փոքր յանցանք նկատեն, պատճառաբանելով թէ անիկա ուրիշներուն վնաս չհասցուց։ Անոնք կրնան նո՛յն կերպով նկատել պզտիկ գողութիւնները եւ աննշան յանցագործութիւնները։ Սակայն մենք Յեսուի նման պէտք է վճռենք ապօրէն կամ անբարոյ արարքներ գործելու ճնշումներուն դէմ դնել։
9։15, 26, 27. Մեր կնքած համաձայնութիւնները լուրջի պէտք է առնենք եւ մեր խօսքը յարգենք։
ՅԵՍՈՒ ԻՐ ՎԵՐՋԻՆ ՄԵԾ ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՍԿՍԻ ԿԱՏԱՐԵԼ
Այժմ շուրջ 90 տարեկան ըլլալով, Յեսու կը սկսի երկիրը բաժնել։ Արդարեւ մե՜ծ պարտականութիւն մը։ Ռուբէնի տոհմը, Գադի տոհմը եւ Մանասէի կէս տոհմը արդէն իրենց ժառանգութիւնը ստացած են Յորդանանի արեւելեան
կողմը։ Այժմ վիճակով մնացեալ տոհմերուն ժառանգութիւն կը տրուի արեւմտեան կողմը։Եփրեմի երկրամասին մէջ գտնուող Սելովի մէջ կը կանգնեցնեն խորանը։ Քաղէբ կը ստանայ Քեբրոն քաղաքը, իսկ Յեսու՝ Թամնաթ–Սարան։ Ղեւտացիներուն կը տրուին 48 քաղաքներ, մէջը ըլլալով ապաստանի 6 քաղաքները։ Յորդանանի արեւելքը գտնուող իրենց ժառանգութեան վերադառնալու ատեն, Ռուբէնի, Գադի եւ Մանասէի կէս տոհմին ռազմիկները, «երեւոյթով մեծ» զոհասեղան մը կը շինեն։ (Յեսուայ 22։10) Յորդանանի արեւմուտքը գտնուող տոհմերը ասիկա հաւատուրացութիւն կը նկատեն, եւ միջտոհմային պատերազմ մը ծագելու վրայ է, բայց լաւ հաղորդակցութեան շնորհիւ արիւնահեղութիւն տեղի չ’ունենար։
Յեսու որոշ ժամանակ Թամնաթ–Սարայի մէջ բնակելէ ետք, ան Իսրայէլի ծերերը, իշխանները, դատաւորներն ու ոստիկանները կը կանչէ եւ կը յորդորէ որ քաջ ըլլան ու Եհովայի հաւատարիմ մնան։ Հետագային, Յեսու Իսրայէլի բոլոր տոհմերը Սիւքէմի մէջ կը հաւաքէ։ Ան վերաքաղ կ’ընէ Եհովայի գործառնութիւնները Աբրահամի օրերէն սկսեալ, եւ անգամ մը եւս զիրենք կը յորդորէ որ ‘Տէրոջմէն վախնան եւ անոր հաւատարմութեամբ ու ճշմարտութեամբ ծառայութիւն ընեն’։ Ժողովուրդը կ’ընդառաջէ. «Մենք մեր Տէր Աստուածը պիտի պաշտենք ու անոր խօսքին պիտի հնազանդինք»։ (Յեսուայ 24։14, 15, 24) Այս դէպքերէն ետք, Յեսու 110 տարեկանին կը մահանայ։
Սուրբ Գրային Հարցումներու Պատասխանել.
13։1—Ասիկա Յեսուայ 11։23–ի խօսքերուն չի՞ հակասեր։ Ո՛չ, քանի որ Խոստացեալ Երկրին նուաճումը երկու երեսակ ունէր. ազգային պատերազմը, որ Քանանի երկրին 31 թագաւորները պարտութեան մատնեց ու Քանանացիներուն զօրութիւնը ջախջախեց, եւ՝ տոհմային ու անհատական ջանքերով երկրին լման տիրանալը։ (Յեսուայ 17։14-18. 18։3) Թէեւ Իսրայէլի որդիները ամբողջովին չվռնտեցին Քանանացիները իրենց մէջէն, սակայն վերապրողները Իսրայէլի ապահովութեան իսկական սպառնալիք մը չէին։ (Յեսուայ 16։10. 17։12) Յեսուայ 21։44–ը կ’ըսէ. «Տէրը զանոնք ամէն կողմէն հանգստացուց»։
24։2—Աբրահամի հայրը՝ Թարա, կռապա՞շտ էր։ Սկիզբը, Թարա Եհովա Աստուծոյ մէկ երկրպագուն չէր։ Հաւանաբար ան կը պաշտէր Սին անունով լուսին–չաստուածը,– Ուրի մէջ ժողովրդական չաստուած մը։ Հրէական աւանդութեան համաձայն, Թարա թերեւս կուռքեր շինող մըն էր։ Սակայն երբ Աբրահամ Աստուծոյ պատուէրին համաձայն Ուրը ձգեց, Թարա անոր հետ Խառան գնաց։—Ծննդոց 11։31
Դասեր՝ Մեզի Համար.
14։10-13. 85 տարեկան ըլլալով հանդերձ, Քաղէբ կը խնդրէ Քեբրոնի շրջանը թշնամիներէն մաքրագործելու դժուար նշանակումը։ Այդ շրջանին մէջ Ենակիմները կը բնակին,– յաղթանդամ մարդիկ։ Եհովայի օգնութեամբ այս փորձառու ռազմիկը կը յաջողի, եւ Քեբրոնը ապաստանի քաղաք կը դառնայ։ (Յեսուայ 15։13-19. 21։11-13) Քաղէբի օրինակը մեզ կը քաջալերէ որ աստուածպետական դժուար նշանակումներէ չխուսափինք։
22։9-12, 21-33. Պէտք է զգուշանանք ուրիշներու շարժառիթները սխալ կերպով դատելէ։
«Բնաւ Խօսք մը Գետին Չինկաւ»
Իր յառաջացած տարիքին մէջ, Յեսու Իսրայէլի պատասխանատու տղամարդոց կ’ըսէ. «Ձեր Տէր Աստուածը ձեզի համար որչափ բարիք որ խոստացաւ, անոնցմէ բան մը չպակսեցաւ. անոնց ամէնքն ալ կատարուեցան»։ (Յեսուայ 23։14) Յեսուայ գիրքը որքա՜ն վառ կերպով կ’ապացուցանէ այս մէկը։
Պօղոս առաքեալ գրեց. «Նախապէս գրուած ամէն ինչ՝ գրուեցաւ որ մե՛նք սորվինք, որպէսզի յոյս ունենանք՝ համբերութեամբ ու Գիրքերուն մխիթարութեամբ»։ (Հռովմայեցիս 15։4, ԱՎ) Կրնանք վստահ ըլլալ որ Աստուծոյ խոստումներուն վերաբերեալ մեր յոյսը անտեղի չէ։ Ո՛չ մէկ խոստում պիտի ձախողի, այլ բոլորն ալ պիտի կատարուին։
[Քարտէս՝ էջ 18]
(Լման շարադրանքին համար՝ տե՛ս հրատարակութիւնը)
Յեսուի հրամանատարութեան ներքեւ նուաճուած երկիրը
ԲԱՍԱՆ
ԳԱՂԱԱԴ
ԱՐԱԲԱ
ՆԱԳԵԲ
Յորդանան գետ
Աղի ծով
Յաբոկ ձոր
Առնոն ձոր
Հասոր
Մադոն
Լասարօն
Սամրօն
Յեկնամ
Դովր
Մակեդդով
Կադէս
Թանաք
Ոփեր
Թերսա
Ափէկ
Թափուա
Բեթէլ
Գայի
Գաղգաղա
Երիքով
Գազեր
Երուսաղէմ
Մակեդա
Յերիմութ
Ոդողոմ
Լեբնա
Լաքիս
Էգղոն
Քեբրոն
Դաբիր
Արադ
[Նկար՝ էջ 20]
Յեսու Իսրայէլը յորդորեց որ ‘Տէրոջմէն վախնան ու անոր ծառայութիւն ընեն’