Մարդիկ ո՞րքան երկար կրնան ապրիլ
Մարդիկ ո՞րքան երկար կրնան ապրիլ
ՍՊԱՆԱՑԻ երկրախոյզ Խուան Փոնսէ տէ Լէոն ուշագրաւ արշաւի մը ձեռնարկեց՝ 3 Մարտ 1513–ին։ Ան Բորթօ Ռիքոյէն ճամբայ ելաւ նաւով, յուսալով Պիմինի կղզին հասնիլ։ Առասպելը կ’ըսէ թէ ան կ’որոնէր հրաշալի աղբիւր մը,– Երիտասարդութեան Աղբիւրը։ Բայց ան հասաւ ուր որ ներկայիս Միացեալ Նահանգներու Ֆլորիտա նահանգը կը գտնուի։ Անշուշտ ան երբեք չգտաւ այդ անգոյ աղբիւրը։
Այսօր մարդիկ ընդհանուր առմամբ 70 կամ 80 տարիէ աւելի չեն ապրիր։ Աստուածաշունչը կը յիշէ անհատներ որոնք շատ երկար ապրեցան, իսկ գիրք մը (2002 Guinness Book of World Records) կ’ըսէ թէ ցարդ ամենէն երկար ապրած անհատին տարիքը՝ 122 տարի եւ 164 օր էր։ (Ծննդոց 5։3-32) Սակայն կենսաբարոյագէտ Ճոն Հէրիս ըսաւ. «Նոր հետազօտութիւնները այժմ ցոյց կու տան թէ կարելի է ակնկալել որ օրին մէկը ծերութիւնը եւ նոյնիսկ մահը, այլեւս անխուսափելի չըլլան»։ 21–րդ դարու կարգ մը հետազօտիչներ կը խօսին «իրական անմահութեան», «2099–ին մարդուն կեանքի տեւողութիւնը անսահման ըլլալուն», «բջիջներու անվերջ աճում ունենալու կարողութեան» մասին, եւ նման բաներ։
Իր մէկ գիրքին մէջ (The Dream of Eternal Life), Մարք Պէնէքա կը նշէ. «Կեանքի տեւողութեան, գրեթէ մարմինի բոլոր բջիջները մի քանի անգամ կը վերանորոգուին։ . . . Շուրջ եօթը տարի ետք, իրապէս նոր մարդ կը դառնանք»։ Սակայն ասիկա առյաւէտ չի շարունակուիր, որովհետեւ նախասահմանուած է թէ բջիջները քանի անգամ պիտի բաժնուին։ Եթէ պարագան այս չըլլար, կ’ըսէ Պէնէքա. «Մարդկային մարմինը կրնար ինքզինք վերանորոգել շատ երկար ժամանակ, նոյնիսկ յաւիտեան»։
Նկատի առ նաեւ մարդկային ուղեղին ապշեցուցիչ կարողութիւնը, որ մեր կարճ կեանքին պատճառով լման չենք գործածեր։ Համայնագիտարանի մը համաձայն (Encyclopædia Britannica, 1976 Edition, Volume 12, page 998), մարդկային ուղեղը «օժտուած է շա՜տ աւելի կարողութեամբ, քան ինչ որ կարելի է գործածել անհատի մը կեանքի տեւողութեան»։ Իր մէկ գիրքին մէջ (How the Brain Learns, page 78, Second Edition, copyright 2001), Տէյվիտ Ա. Սուսա կ’ըսէ. «Տեղեկութիւն ամբարելու ուղեղին կարողութիւնը անսահման է»։
Հետազօտիչները ինչո՞ւ բնախօսական պատճառ մը չեն գտներ թէ ինչո՛ւ կը մեռնինք։ Իսկ մարդկային ուղեղը ինչո՞ւ մեծ կարողութիւն ունի։ Կարելի՞
է որ ծրագրուած ենք այնպէս որ յաւիտեա՛ն գիտութիւն ստանանք։ Ինչո՞ւ կրնանք յաւիտենական կեանքը մտապատկերել։Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «[Աստուած] մարդուն միտքին մէջ յաւիտենականութեան մտածումը դրաւ. սակայն ո՛չ մէկը կրնայ յայտնաբերել Աստուծոյ ըրած գործը՝ սկիզբէն մինչեւ վախճանը»։ (Ժողովողի 3։11, ԱՎ) Այս խօսքերը ցոյց կու տան թէ Աստուած մեր մէջ յաւիտեան ապրելու գաղափարը դրած է։ Այսպէս, Աստուծոյ ու իր գործերուն մասին միշտ սորվելիք բաներ պիտի ունենանք։ Եթէ միլիառաւոր տարիներ կամ յաւիտեան ապրինք, միշտ կարող պիտի ըլլանք Աստուծոյ ստեղծագործական սքանչելիքներուն մասին աւելին սորվելու։
Յիսուս Քրիստոսի խօսքերն ալ ցոյց կու տան թէ յաւիտենական կեանքը կարելի է։ Ան ըսաւ. «Այս կը նշանակէ յաւիտենական կեանք, որ գիտութիւն ստանան, քու՝ միակ ճշմարիտ Աստուծոյ մասին, ու Յիսուս Քրիստոսի մասին, որ դուն ղրկեցիր»։ (Յովհաննու 17։3, ՆԱ) Կ’ուզե՞ս յաւիտեան ապրիլ։
[Նկարներ՝ էջ 3]
Խուան Փոնսէ տէ Լէոն երիտասարդութեան աղբիւր մը որոնեց
[Նկարին աղբիւրը]
Ponce de León։ Harper’s Encyclopædia of United States History