Ալքոլի գործածութեան հանդէպ հաւասարակշռուած տեսակէտ պահպանէ
Ալքոլի գործածութեան հանդէպ հաւասարակշռուած տեսակէտ պահպանէ
«Գինին ծաղրող է, եւ օղին՝ կռիւ ծագեցնող. ո՛վ որ ասոնցմով մոլորի՝ իմաստուն չէ»։—ԱՌԱԿԱՑ 20։1, ԱՎ
1. Եհովայի կարգ մը բարի նուէրներուն հանդէպ սաղմոսերգուն իր գնահատութիւնը ի՞նչպէս արտայայտեց։
«ԱՄԷՆ բարի տուրք ու ամէն կատարեալ պարգեւ վերէն է եւ լոյսի Հօրմէն կ’իջնէ», գրեց Յակոբոս աշակերտ։ (Յակոբու 1։17) Աստուծոյ անհամար բարի նուէրներուն հանդէպ երախտապարտութեամբ լեցուած, սաղմոսերգուն տաղերգեց. «Անիկա անասուններուն համար խոտ կը բուսցնէ ու մարդուն ծառայութեան համար՝ բոյս, որպէս զի կերակուր հանէ երկրէն ու գինի՝ որ կ’ուրախացնէ մարդուն սիրտը եւ իւղ՝ որ անոր երեսը կը փայլեցնէ ու հաց՝ որ կը հաստատէ մարդուն սիրտը»։ (Սաղմոս 104։14, 15) Ինչպէս բոյսը, հացն ու իւղը, նմանապէս գինին եւ այլ ոգելից ըմպելիները Աստուծոյ կողմէ ընտիր պարգեւներ են։ Զանոնք ի՞նչպէս պէտք է գործածենք։
2. Ալքոլի գործածութեան վերաբերեալ ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնենք։
2 Հաճոյալի պարգեւ մը լաւ է միայն երբ պատշաճօրէն գործածուի։ Օրինակ, մեղրը Առակաց 24։13. 25։27) Մինչ ‘քիչ մը գինի’ խմելը կրնայ հաճելի ըլլալ, խմիչքի չափազանց գործածութիւնը լուրջ խնդիր է։ (Ա. Տիմոթէոս 5։23) Աստուածաշունչը կը զգուշացնէ. «Գինին ծաղրող է, եւ օղին՝ կռիւ ծագեցնող. ո՛վ որ ասոնցմով մոլորի՝ իմաստուն չէ»։ (Առակաց 20։1, ԱՎ) Սակայն ի՞նչ բան կ’ապացուցանէ ալքոլով մոլորիլը։ * Ո՞ր քանակը չափազանց է։ Այս ուղղութեամբ ի՞նչ է հաւասարակշռուած տեսակէտը։
«աղէկ է», բայց «շատ մեղր ուտելը աղէկ չէ»։ (Ի՞նչպէս Ալքոլով «Մոլորիլ»
3, 4. (ա) Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ թէ Աստուածաշունչը կը դատապարտէ գինովութեան աստիճան խմելը։ (բ) Գինովութեան կարգ մը ախտանշանները ի՞նչ են։
3 Վաղեմի Իսրայէլի մէջ, այն զաւակը որ անզեղջ որկրամոլ ու գինեմոլ էր, մինչեւ մահ պէտք էր քարկոծուէր։ (Բ. Օրինաց 21։18-21) Պօղոս առաքեալ Քրիստոնեաները յորդորեց. «Հիմա գրեցի ձեզի որ չյարաբերիք, եթէ ոեւէ մէկը՝ որ եղբայր կը կոչուի, ըլլայ պոռնկող, կամ ագահ, կամ կռապաշտ, կամ հեգնող, կամ արբեցող, կամ յափշտակող. այդպիսի մարդու հետ մի՛ ուտէք անգամ»։ Բացորոշ է որ Սուրբ Գրութիւնները կը դատապարտեն գինովութեան աստիճան խմելը։—Ա. Կորնթացիս 5։11. 6։9, 10
4 Գինովութեան ախտանշանները նկարագրելով, Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Մի՛ նայիր գինիին կարմրութեան, երբ բաժակին մէջ իր գոյնը կը ցուցնէ ու դիւրութեամբ կը հոսի։ Ան վերջը օձի պէս կը խածնէ, եւ իժի պէս կը խայթէ. արդարեւ քու աչքերդ օտար կիներուն [«բաներու», ՆԱ] պիտի նային, ու սիրտդ նենգութիւն պիտի խօսի»։ (Առակաց 23։31-33, ԱՎ) Չափազանց խմելը թունաւոր օձի պէս կը խայթէ, պատճառելով հիւանդութիւն, մտային շփոթութիւն եւ նոյնիսկ անզգայութիւն։ Գինովը կրնայ «օտար բաներ» տեսնել, այսինքն՝ կրնայ զառանցել կամ ցնորիլ։ Ան նաեւ դիւրաւ կ’արտայայտէ խոտոր գաղափարներ ու փափաքներ, որոնք սովորաբար կը սանձուին։
5. Ալքոլի անձնատուր ըլլալը ի՞նչ կերպով վնասակար է։
5 Արդեօք անվնաս բա՞ն մըն է եթէ անհատը ալքոլ գործածէ բայց զգոյշ ըլլայ որ չխմէ այն աստիճան որ իր գինովութիւնը նկատելի դառնայ։ Ոմանք նոյնիսկ մի քանի բաժակ խմելէ ետք, գինովութեան նշաններ չեն ունենար։ Սակայն ինքնախաբէութիւն է խորհիլ թէ այս սովորութիւնը անվնաս է։ (Երեմեայ 17։9) Անհատը աստիճանաբար կրնայ ալքոլի բռնուիլ ու «շատ գինիի ծառայ» դառնալ։ (Տիտոս 2։3, ԱՎ, ստորանիշ) Ալքոլամոլութեան առաջնորդող քայլերուն մասին խօսելով, հեղինակուհի Քարոլին Նէփ կ’ըսէ. «Անիկա դանդաղ, աստիճանական, նենգ ու խաբէական գործընթաց մըն է»։ Ալքոլի անձնատուր ըլլալը ի՜նչ մահաբեր թակարդ մըն է։
6. Անհատ մը ինչո՞ւ պէտք է խուսափի ալքոլի անձնատուր ըլլալէ, ինչպէս նաեւ՝ շատակերութենէ։
6 Նկատի առ նաեւ Յիսուսի ազդարարութիւնը. «Զգուշացէք ձեր անձերուն, չըլլայ որ սրտերնիդ կերուխումով ու գինովութիւնով եւ աշխարհային զբաղմունքներով ծանրանայ ու յանկարծակի այն օրը ձեր վրայ հասնի. վասն զի բոլոր երկրին երեսը բնակողներուն ամենուն վրայ որոգայթի մը պէս պիտի հասնի»։ (Ղուկաս 21։34, 35) Ալքոլ գործածելը կրնայ անհատը ֆիզիքապէս ու հոգեւորապէս քնատ ու ծոյլ դարձնել, նոյնիսկ գինովութեան աստիճանին չհասած։ Երեւակայէ որ Եհովայի օրը գայ ու անհատը այդ վիճակին մէջ գտնէ։
Խմիչքի Չափազանց Գործածութեան Հետեւանքները
7. Խմիչքի չափազանց գործածութիւնը ինչո՞ւ ներդաշնակ չէ Բ. Կորնթացիս 7։1–ի մէջ յիշուած ցուցմունքին հետ։
7 Ալքոլի անչափաւոր գործածութիւնը անհատը կ’ենթարկէ ֆիզիքական եւ հոգեւոր շատ մը վտանգներու։ Խմիչքի չափազանց գործածութեան պատճառած կարգ մը հիւանդութիւններն են. լերդակարծրութիւն, ալքոլական լերդատապ եւ ջղային խանգարումներ, ինչպէս՝ դողային զառանցանք։ Ալքոլի չափազանց ու երկարատեւ գործածութիւնը կրնայ նաեւ առաջնորդել քաղցկեղի, շաքարախտի, եւ սիրտի ու ստամոքսի որոշ հիւանդութիւններու։ Բացայայտ է որ ալքոլի չափազանց գործածութիւնը ներդաշնակ չէ աստուածաշնչական ցուցմունքին հետ. «Մեր անձերը մարմնի ու հոգիի ամէն կերպ պղծութենէ մաքրենք եւ սրբութիւնը կատարելագործենք Աստուծոյ վախովը»։—Բ. Կորնթացիս 7։1
8. Առակաց 23։20, 21–ի համաձայն, խմիչքի չափազանց գործածութեան հետեւանքը ի՞նչ կրնայ ըլլալ։
Առակաց 23։20, 21, ԱՎ
8 Խմիչքի չափազանց գործածութիւնը կրնայ նաեւ անհատին եկամուտը վատնել եւ նոյնիսկ պատճառ ըլլալ որ ան իր գործը կորսնցնէ։ Վաղեմի Իսրայէլի Սողոմոն թագաւորը զգուշացուց. «Մի՛ ընկերանար գինեմոլներուն, ո՛չ ալ որկրամոլութեամբ միս ուտողներուն»։ Ինչո՞ւ։ Ան բացատրեց. «Որովհետեւ արբեցողն ու որկրամոլը կը թշուառանան, եւ մրափը ցնցոտինե՛ր կը հագցնէ»։—9. Եթէ անհատ մը ինքնաշարժ պիտի վարէ, ինչո՞ւ խոհեմութիւն է որ ոգելից ըմպելիներէ ետ կենայ։
9 Յաւելեալ վտանգ մը մատնանշելով, աշխատասիրութիւն մը (The Encyclopedia of Alcoholism) կ’ըսէ. «Ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են թէ ալքոլը ինքնաշարժ վարելու հմտութիւնները կը տկարացնէ, ի ներառեալ՝ հակազդեցութեան ժամանակը, համադասութիւնը, ուշադրութիւնը, տեսողական գիտակցութիւնը եւ դատողութիւնը»։ Ալքոլի ազդեցութեան ներքեւ ինքնաշարժ վարելու հետեւանքները աղիտալի են։ Միայն Միացեալ Նահանգներու մէջ, ամէն տարի տասնեակ հազարաւորներ կը մեռնին ու հարիւր հազարաւորներ կը վիրաւորուին, ալքոլի առնչուած երթեւեկի արկածներով։ Յատկապէս պատանիները այս վտանգին կ’ենթարկուին, քանի որ թէ՛ ինքնաշարժ վարելու եւ թէ ալքոլ գործածելու մէջ նուազ փորձառու են։ Անհատ մը կրնա՞յ ոգելից ըմպելիներ գործածելէ ետք ինքնաշարժ վարել եւ միեւնոյն ժամանակ դաւանիլ թէ կեանքը կը յարգէ իբր Եհովա Աստուծոյ մէկ պարգեւը։ (Սաղմոս 36։9) Կեանքի սրբութեան ի տես, եթէ անհատ մը ինքնաշարժ պիտի վարէ, լաւ կ’ընէ որ բոլորովին ոգելից ըմպելիներ չխմէ։
10. Ալքոլը ի՞նչպէս կրնայ մեր միտքին ազդել, եւ ասիկա ինչո՞ւ վտանգաւոր է։
10 Ալքոլի անչափաւոր գործածութիւնը անհատին ո՛չ միայն ֆիզիքապէս կը վնասէ, այլեւ՝ հոգեւորապէս։ «Գինին ու քաղցուն սիրտը կը խաբեն», կ’ըսէ Աստուածաշունչը։ (Ովսեայ 4։11) Ալքոլը միտքին կ’ազդէ։ Մ.Ն. Թմրամոլութեան Ազգային Հաստատութեան մէկ գրականութիւնը կը բացատրէ. «Երբ անհատ մը խմիչք խմէ, ալքոլը մարսողական համակարգէն կ’անցնի արեան շրջան եւ արագօրէն կը հասնի ուղեղին։ Անիկա կը սկսի դանդաղեցնել ուղեղին այն կեդրոնները որ մտածումն ու յուզումը հակակշռի տակ կ’առնեն։ Անհատին ինքնազսպումը կը նուազի ու աւելի ազատ կը զգայ»։ Այս վիճակին մէջ, աւելի հաւանական է որ ‘մոլորինք’, անպատշաճօրէն վարուինք եւ բազմաթիւ փորձութիւններու ենթարկուինք։—Առակաց 20։1
11, 12. Ալքոլի անչափաւոր գործածութիւնը ի՞նչ հոգեւոր վնասներ կրնայ պատճառել։
11 Ասկէ զատ, Աստուածաշունչը կը պատուիրէ. «Թէ՛ ուտէք, թէ՛ խմէք եւ թէ ի՛նչ գործ որ ընէք, ամէն բան Աստուծոյ փառքին համար ըրէք»։ (Ա. Կորնթացիս 10։31) Մեծ քանակով ալքոլ խմելը երբեք Աստուծոյ փառք կը բերէ՞։ Վստահաբար Քրիստոնեան պիտի չուզէ ճանչցուիլ իբր չափազանց խմող մը։ Այս գէշ համբաւը Եհովայի անունին նախատի՛նք կը բերէ, ո՛չ թէ փառք։
12 Ի՞նչ կրնանք ըսել եթէ Քրիստոնեայի մը անչափաւորութիւնը խմելու մէջ գայթակղեցնէ հաւատակից մը, թերեւս նոր աշակերտ մը։ (Հռովմայեցիս 14։21) Յիսուս ազդարարեց. «Ով որ գայթակղեցնէ այս պզտիկներէն մէկը, որոնք ինծի կը հաւատան, աղէկ է անոր՝ որ իր պարանոցէն իշու աղացքի քար մը կախուի ու ծովուն անդունդը ընկղմի»։ (Մատթէոս 18։6) Չափազանց խմելը կրնայ նաեւ պատճառ ըլլալ որ անհատը ժողովքին մէջ իր առանձնաշնորհումները կորսնցնէ։ (Ա. Տիմոթէոս 3։1-3, 8) Իսկ ընտանիքէն ներս, խմիչքի չափազանց գործածութիւնը վստահաբար խնդիրներու դուռ կը բանայ։
Վտանգներէն Ի՞նչպէս Խուսափիլ
13. Խմիչքի չափազանց գործածութենէն խուսափելու համար ի՞նչ բան էական է։
13 Խմիչքի չափազանց գործածութեան վտանգներէն խուսափելու կարեւոր ազդակ մըն է՝ գիտնալ ո՛ւր սահման դնել, ո՛չ թէ չափազանցութեան եւ գինովութեան միջեւ, այլ՝ չափաւորութեան եւ չափազանցութեան միջեւ։ Ո՞վ կրնայ քու սահմանդ որոշել։ Որովհետեւ բազմաթիւ ազդակներ պարփակուած են, կարելի չէ խիստ կանոն մը դնել, թէ քանի՛ բաժակ խմելը շատ կը նկատուի։ Իւրաքանչիւր անհատ իր սահմանը պէտք է գիտնայ եւ այդ սահմանէն ներս մնայ։ Ի՞նչ բան կրնայ քեզի
օգնել որոշելու թէ ի՛նչ քանակ քեզի համար շատ է։ Ուղղութիւն տուող սկզբունք մը կա՞յ։14. Ուղղութիւն տուող ո՞ր սկզբունքը պիտի օգնէ քեզի որ չափաւորութեան եւ չափազանցութեան միջեւ սահման դնես։
14 Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Իմաստութիւնն ու խոհեմութիւնը քովդ պահէ եւ քու հոգիիդ՝ կեանք ու քու պարանոցիդ զարդ թող ըլլան»։ (Առակաց 3։21, 22) Ուստի ուղղութիւն տուող սկզբունքն է. ալքոլի այն քանակը որ դատողութիւնդ եւ մտային կարողութիւնդ անտեղիօրէն կը բթացնէ, քեզի համար շատ է։ Բայց այս սահմանը պարկեշտութեա՛մբ պէտք է որոշես։
15. Ո՞ր պարագաներուն թերեւս խոհեմութիւն է ո՛չ մէկ խմիչք խմել։
15 Կարգ մը պարագաներուն, թերեւս խոհեմութիւն է ո՛չ մէկ խմիչք խմել։ Յղի կինը կրնայ որոշել բնա՛ւ ալքոլ չգործածել, որպէսզի սաղմին վնաս մը չհասնի։ Իսկ ազնուութիւն չէ՞ չխմել անհատի մը ներկայութեան, որ անցեալին ալքոլամոլ էր կամ որուն խիղճը կը մերժէ խմիչքի գործածութիւնը։ Խորանին մէջ քահանայական պարտականութիւններ կատարողներուն Եհովա պատուիրեց. «Երբ վկայութեան խորանը մտնէք . . . գինի կամ օղի մի՛ խմէք, որպէս զի չմեռնիք»։ (Ղեւտացւոց 10։8, 9) Հետեւաբար, երբ քրիստոնէական ժողովներու ներկայ պիտի գտնուիս, ծառայութեան պիտի մասնակցիս, եւ հոգեւոր այլ պատասխանատուութիւններու հոգ պիտի տանիս, հեռու կեցիր ոգելից ըմպելիներէ։ Ասկէ զատ, այն երկիրներուն մէջ, ուր ալքոլի գործածութիւնը արգիլուած է, կամ արտօնուած է միայն անոնց որ որոշ տարիքէ մը վեր են, Քրիստոնեաները երկրին օրէնքներուն պէտք է անսան։—Հռովմայեցիս 13։1
16. Ի՞նչպէս պիտի որոշես ի՛նչ ընել, երբ քեզի ոգելից ըմպելիներ հրամցուին։
16 Երբ քեզի ոգելից ըմպելի մը հրամցուի կամ առջեւդ դրուի, նախ դուն քեզի հարց տուր. ‘Պէ՞տք է խմեմ’։ Եթէ որոշես խմել, ի մտի ունեցիր սահմանդ եւ աւելին մի՛ խմեր։ Թոյլ մի՛ տար առատաձեռն հիւրընկալին որ որոշումիդ ազդէ։ Եւ զգուշացիր բաց խմիչք հրամցնող առիթներէ, ինչպէս՝ հարսանեկան խնճոյքներ։ Շատ մը երկիրներու մէջ, օրէնքը կ’արտօնէ որ երախաներ խմիչք խմեն։ Ծնողքին պատասխանատուութիւնն է ալքոլի գործածութեան նկատմամբ իրենց զաւակներուն ուղղութիւն տալ եւ այս մարզին մէջ անոնց վրայ հսկել։—Առակաց 22։6
Կրնա՛ս Խնդրին Հետ Գլուխ Ելլել
17. Ի՞նչպէս կրնաս գիտնալ թէ խմիչքը չափազանց կը գործածե՛ս թէ ոչ։
17 Ալքոլի չափազանց գործածութիւնը քեզի համար խնդի՞ր մըն է։ Եթէ անիկա սկսած է գաղտնի մեղք մը դառնալ, անտարակոյս ուշ կամ կանուխ անոր հետեւանքները պիտի կրես։ Ուստի խորազնին ու անկեղծ ինքնաքննութիւն մը ըրէ։ Դուն քեզի հետեւեալին նման հարցումներ հարցուր. ‘Անցեալին նայելով, աւելի՞ յաճախ կը խմեմ։ Սկսած եմ ծա՞նր խմիչք գործածել։ Ալքոլի կը դիմեմ որպէսզի մտատանջութենէ, ճնշուածութենէ կամ խնդիրներէ խո՞յս տամ։ Ընտանիքիս մէկ անդամը կամ բարեկամ մը խմիչք գործածելուս նկատմամբ մտահոգութիւն յայտնա՞ծ է։ Ալքոլ խմելս ընտանիքէս ներս խնդիրներ յարուցանա՞ծ է։ Դիւրաւ կրնա՞մ խմիչքէ հեռու կենալ մէկ շաբաթ, մէկ ամիս կամ մի քանի ամիս։ Այն քանակը որ կը խմեմ, ուրիշներէ գաղտնի կը պահե՞մ’։ Եթէ այս հարցումներէն ոմանց պատասխանը՝ այո՛ է, մի՛ նմանիր այն մարդուն որ ‘հայելիի մէջ կը դիտէ իր բնական երեսը, բայց իսկոյն կը մոռնայ թէ ի՛նչպէս էր’։ (Յակոբու 1։22-24) Խնդիրը լուծելու համար քայլեր առ։ Ի՞նչ կրնաս ընել։
18, 19. Ի՞նչպէս կրնաս ալքոլի անչափաւոր գործածութիւնը դադրեցնել։
18 Պօղոս առաքեալ Քրիստոնեաները յորդորեց. Եփեսացիս 5։18) Որոշէ ալքոլի այն քանակը որ քեզի համար անչափաւոր է, եւ ըստ այնմ սահման դիր։ Վճռէ սահմանդ յարգել. ժուժկալութիւն գործադրէ։ (Գաղատացիս 5։22, 23) Ընկերակիցներ ունի՞ս որոնք ճնշում կը բանեցնեն որ չափազանց խմես։ Զգո՛յշ եղիր։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Իմաստուններուն հետ ընթացողը իմաստուն կ’ըլլայ, իսկ անմիտներուն բարեկամացողը չարիքի կը հանդիպի»։—Առակաց 13։20, ԱՎ
«Մի՛ գինովնաք գինիով, որուն մէջ անառակութիւն կայ, հապա Հոգիո՛վ լեցուեցէք»։ (19 Եթէ խմիչքի կը դիմես որոշ խնդրէ մը խոյս տալու համար, ուղղակի խնդիրը դիմագրաւէ։ Խնդիրներու հետ կարելի է գլուխ ելլել, Աստուծոյ Խօսքին խրատները կիրարկելով։ (Սաղմոս 119։105) Վստահելի Քրիստոնեայ երէցէ մը օգնութիւն խնդրելու մի՛ վարանիր։ Եհովայի հայթայթումները օգտագործելով հոգեւորականութիւնդ կերտէ։ Աստուծոյ հետ յարաբերութիւնդ զօրացուր։ Կանոնաւորաբար աղօթէ,– մանաւանդ տկարութիւններուդ մասին։ Աստուծոյ աղերսէ որ ‘երիկամունքդ եւ սիրտդ զտէ’։ (Սաղմոս 26։2, ԱՎ) Ինչպէս նախորդ յօդուածին մէջ նկատի առինք, լաւագոյնդ ըրէ որ ուղղամտութեան ճամբային մէջ քալես։
20. Խմիչքի չափազանց գործածութեան խնդրին վերջ դնելու համար, թերեւս ի՞նչ քայլեր ստիպուիս առնել։
20 Ի՞նչ կրնաս ընել եթէ խմիչքի չափազանց գործածութեան խնդիրը յարատեւէ, հակառակ թափած ջանքերուդ։ Գործադրէ՛ Յիսուսի խրատը. «Եթէ քու ձեռքդ քեզ կը գայթակղեցնէ, կտրէ զանիկա. աղէկ է քեզի պակասաւոր մտնել կեանքը, քան թէ երկու ձեռք ունենալ ու գեհեանը երթալ»։ (Մարկոս 9։42) Լուծումը՝ բացարձակապէս ալքոլ մի՛ խմեր։ Կին մը, որ պիտի կոչենք Այրին, վճռեց ասիկա ընել։ Ան կ’ըսէ. «Շուրջ երկուքուկէս տարի ալքոլ չգործածելէ ետք, սկսայ խորհիլ թէ յարմար է միայն մէկ բաժակ խմել, պարզապէս վիճակս արժեւորելու համար։ Բայց անմիջապէս որ այս զգացումը ունենամ, հարցին շուրջ Եհովայի կ’աղօթեմ։ Վճռած եմ բնաւ ոգելից ըմպելի չգործածել մինչեւ նոր դրութիւն,– եւ թերեւս հոն ալ»։ Խմիչքէն բոլորովին ետ կենալը, Աստուծոյ արդար նոր աշխարհին մէջ ապրելու համար կատարուելիք շատ մեծ զոհողութիւն մը չէ։—Բ. Պետրոս 3։13
«Ա՛յնպէս Վազեցէք՝ որ Ստանա՛ք»
21, 22. Ի՞նչ բան կրնայ արգելք ըլլալ որ կեանքի մրցարշաւին մէջ աւարտագծին հասնինք, եւ ի՞նչպէս կրնանք անկէ խուսափիլ։
21 Քրիստոնեային կեանքը մրցարշաւի կամ մրցոյթի նմանցնելով, Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Չէ՞ք գիտեր թէ ասպարէզին մէջ վազողները՝ բոլորը կը վազեն, բայց մէ՛կը կը ստանայ մրցանակը։ Ուստի ա՛յնպէս վազեցէք՝ որ ստանա՛ք։ Ո՛վ որ կը մրցի՝ չափաւորութիւն կը պահէ ամէն բանի մէջ. անոնք՝ եղծանելի պսակը ստանալու համար, իսկ մենք՝ անեղծանելին։ Ուստի ես ա՛յդպէս կը վազեմ, ո՛չ թէ անստուգութեամբ. ես ա՛յդպէս կռփամարտ կ’ընեմ, ո՛չ թէ հովը ծեծելով. բայց կը ճնշեմ ու կը նուաճեմ մարմինս, որպէսզի՝ ուրիշներուն քարոզելէ ետք՝ ես ինքս խոտելի չըլլամ»։—Ա. Կորնթացիս 9։24-27, ԱՎ
22 Մրցանակը կը տրուի միմիայն անոնց որ մրցարշաւը յաջողութեամբ կ’աւարտեն։ Կեանքի մրցարշաւին մէջ, խմիչքի չափազանց գործածութիւնը կրնայ արգելք հանդիսանալ որ աւարտագծին հասնինք։ Ժուժկալութիւն պէտք է գործադրենք։ Ստուգութեամբ վազելը կը պահանջէ որ ‘գինեմոլութեան’ անձնատուր չըլլանք։ (Ա. Պետրոս 4։3) Ընդհակառակը, ամէն բանի մէջ ինքնազսպում պէտք է ի գործ դնենք։ Երբ հարցը կը վերաբերի ոգելից ըմպելիներու գործածութեան, խոհեմութիւն է որ «ամբարշտութիւնն ու աշխարհային ցանկութիւնները ուրանանք եւ զգաստութիւնով ու արդարութիւնով եւ բարեպաշտութիւնով ապրինք»։—Տիտոս 2։12
[Ստորանիշ]
^ պարբ. 2 Այս յօդուածին մէջ «ալքոլ»ը կ’ակնարկէ գարեջուրին, գինիին, օղիին եւ այլ ոգելից ըմպելիներու։
Կը յիշե՞ս
• Ի՞նչ է ալքոլի չափազանց գործածութիւնը։
• Ալքոլի չափազանց գործածութեան վնասները ի՞նչ են։
• Ալքոլի չափազանց գործածութեան վտանգներէն ի՞նչպէս կրնաս խուսափիլ։
• Ալքոլի չափազանց գործածութեան խնդրին հետ ի՞նչպէս կարելի է գլուխ ելլել։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 29]
Կանխաւ որոշէ թէ ո՛րքան կրնաս խմել