Կեանքի պարգեւդ պատշաճօրէն արժեւորէ՛
Կեանքի պարգեւդ պատշաճօրէն արժեւորէ՛
«Քրիստոսին արիւնը . . . պիտի սրբէ ձեր խղճմտանքը մեռած գործերէն՝ կենդանի Աստուածը պաշտելու»։—ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 9։14
1. Ի՞նչ բան կ’ապացուցանէ թէ կեանքը մեծապէս կ’արժեւորենք։
ԵԹԷ քեզի հարցուէր թէ կեանքդ ո՛րքան կ’արժէ, ի՞նչ կը պատասխանէիր։ Թէ՛ մեր եւ թէ ուրիշներու կեանքը մեծապէս կ’արժեւորենք։ Անոր համար բժիշկի կը դիմենք երբ հիւանդանանք կամ կանոնաւոր քննութիւններ ընելու համար։ Կ’ուզենք ողջ ու առողջ մնալ։ Նոյնիսկ գրեթէ բոլոր տարեցները կամ անկարողները չեն ուզեր մեռնիլ. անոնք կ’ուզեն ողջ մնալ։
2, 3. (ա) Առակաց 23։22–ը ի՞նչ պարտաւորութիւն աչքառու կը դարձնէ։ (բ) Աստուած ի՞նչպէս պարփակուած է Առակաց 23։22–ի յիշած պարտաւորութեան մէջ։
2 Կեանքին ո՛րքան արժէք տալդ կ’ազդէ ուրիշներու հետ քու յարաբերութիւններուդ։ Օրինակ, Աստուծոյ Խօսքը կը պատուիրէ. «Հնազանդէ՛ [«լսիր», Արարատ] հօրդ՝ որ քեզ ծնաներ է, ու մի՛ արհամարհեր մայրդ՝ երբ ծերանայ»։ (Առակաց 23։22, ԱՎ) Այս առակը կը նշէ լսել ապա հնազանդիլ։ (Ելից 15։26. Բ. Օրինաց 7։12. 13։18. 15։5. Յեսուայ 22։2. Սաղմոս 81։13) Աստուծոյ Խօսքը՝ լսելու կամ հնազանդելու ի՞նչ պատճառ կու տայ։ Ո՛չ թէ որովհետեւ հայրդ ու մայրդ տարիքով աւելի մեծ են կամ աւելի փորձառութիւն ունին։ Տրուած պատճառը այն է թէ անոնք «քեզ ծնաներ» են։ Կարգ մը թարգմանութիւններ կ’ըսեն. «Մտիկ ըրէ քու հօրդ, որ քեզի կեանք տուաւ»։ Հասկնալի է թէ երբ կեանքդ արժեւորես, կեանքիդ աղբիւրին հանդէպ պարտաւոր զգաս։
3 Եթէ ճշմարիտ Քրիստոնեայ մըն ես, անշուշտ կ’ընդունիս որ կեանքիդ սկզբնաղբիւրը Եհովան է։ Անով ‘կ’ապրիս’. իբր զգայուն արարած կրնաս ‘շարժիլ’ կամ գործել. եւ այժմ ‘կաս’ ու կրնաս մտածել կամ ծրագրել ապագայի եւ անվերջ կեանքի համար։ (Գործք 17։28. Սաղմոս 36։9. Ժողովողի 3։11) Առակաց 23։22–ի համաձայն, պատշաճ է Աստուծոյ ‘հնազանդիլ’, փափաքելով կեանքի հանդէպ իր տեսակէտը ըմբռնել ու անով առաջնորդուիլ, փոխանակ կեանքի նկատմամբ այլ արժեւորում ընդունելու։
Կեանքը Յարգէ
4. Մարդկային պատմութեան սկիզբէն իսկ կեանքի հանդէպ յարգանքը ի՞նչպէս կարեւոր հարց մը դարձաւ։
4 Մարդկային պատմութեան սկիզբէն իսկ Եհովա բացայայտ դարձուց թէ ինք չէր թոյլատրեր որ մարդիկ որեւէ պատճառով կեանքը գործածէին (կամ չարաչար գործածէին)։ Նախանձով ու ատելութեամբ լեցուած, Կայէն իր եղբօր Աբէլի անմեղ կեանքին վերջ դրաւ։ Կը խորհի՞ս որ Կայէն կեանքի նկատմամբ այս որոշումը կայացնելու իրաւասութիւն ունէր։ Աստուած այդպէս չխորհեցաւ։ Ան Կայէնէն հաշիւ պահանջեց. «Ի՞նչ ըրիր, քու եղբօրդ արեան ձայնը գետնէն ինծի կը բողոքէ»։ (Ծննդոց 4։10) Նկատէ թէ Աբէլի թափուած արիւնը ներկայացուց անոր կեանքը, որ վայրագօրէն վաղաժամ վերջ գտաւ, եւ Աստուծոյ աղաղակեց վրէժխնդրութեան համար։—Եբրայեցիս 12։24
5. (ա) Նոյի օրերուն Աստուած ի՞նչ արգելում դրաւ, եւ անիկա որո՞նց կիրարկուեցաւ։ (բ) Այդ արգելումը ի՞նչ առումով կարեւոր քայլ մըն էր։
5 Ջրհեղեղէն ետք, մարդկութիւնը նոր սկիզբ ունեցաւ միայն ութը անհատներով։ Բոլոր մարդոց կիրարկուող յայտարարութեան մը մէջ, Աստուած ա՛լ աւելի յայտնեց թէ ի՛նչպէս կ’արժեւորէր կեանքն ու արիւնը։ Ան ըսաւ որ մարդիկ կրնային անասունին միսը ուտել, բայց սա արգելումը դրաւ. «Ամէն շարժող կենդանի՝ ձեզի կերակուր ըլլայ. կանաչ բոյսի պէս՝ բոլորը ձեզի տուի։ Բայց միսը իր կեանքով՝ այսինքն իր արիւնով՝ մի՛ ուտէք»։ (Ծննդոց 9։3, 4, ԱՎ) Կարգ մը Հրեաներ այս խօսքը կը մեկնաբանեն, ըսելով թէ մարդոց արգիլուեցաւ ո՛ղջ անասունին միսը կամ արիւնը ուտել։ Սակայն հետագային բացայայտօրէն ցոյց տրուեցաւ թէ Աստուած կ’արգիլէր արիւն ուտել կեանքը պահպանելու համար։ Ասկէ զատ, Նոյի տրուած Աստուծոյ հրամանը արիւնի վերաբերեալ Իր վեհ նպատակը իրագործելու ուղղութեամբ կարեւոր քայլ մըն էր. նպատակ մը որ թոյլ պիտի տար որ մարդիկ յաւիտենական կեանք ձեռք ձգեն։
6. Նոյի միջոցաւ, Աստուած ի՞նչպէս կեանքի արժէքին նկատմամբ Իր տեսակէտը շեշտեց։
6 Աստուած շարունակեց. «Ձեր կեանքի արեան համար հաշիւ պիտի պահանջեմ. ամէն գազանի ձեռքէն ու ամէն մարդու ձեռքէն պիտի պահանջեմ զայն։ Մարդուն կեանքը եղբօրը ձեռքէն պիտի պահանջեմ։ Ով որ մարդու արիւն թափէ, իր արիւնն ալ մարդէ պիտի թափուի. քանզի Աստուած իր պատկերին պէս ստեղծեց մարդը»։ (Ծննդոց 9։5, 6) Ամբողջ մարդկային ընտանիքին ուղղուած այս յայտարարութենէն կրնաս տեսնել թէ Աստուծոյ աչքին մարդուն արիւնը կը ներկայացնէ անոր կեանքը։ Ստեղծիչը անհատին կեանք կու տայ, եւ ո՛չ ոք արիւնով ներկայացուած այդ կեանքին պէտք է վերջ դնէ։ Եթէ անհատ մը, Կայէնի նման, մարդ սպաննէ, Ստեղծիչը իրաւունք ունի մարդասպանին կեանքը ‘պահանջելու’։
7. Արիւնի մասին Նոյի տրուած Աստուծոյ յայտարարութեամբ ինչո՞ւ պէտք է հետաքրքրուինք։
7 Իր յայտարարութեամբ, Աստուած մարդոց կը պատուիրէր որ արիւնը սխալ կերպով չգործածեն։ Բնաւ հարց տուա՞ծ ես թէ Աստուած ինչո՛ւ այս պատուէրը տուաւ եւ ի՛նչ պատճառով արիւնի հանդէպ այս տեսակէտը ունի։ Իրականութեան մէջ, պատասխանը առնչուած է Աստուածաշունչի ամենակարեւոր ուսուցումներէն մէկուն հետ։ Այս ուսուցումը քրիստոնէական պատգամին կորիզը կը կազմէ, թէեւ բազմաթիւ կրօնական կազմակերպութիւններ կը նախընտրեն զայն անտեսել։ Ի՞նչ է այդ ուսուցումը, եւ ի՞նչպէս կեանքդ, որոշումներդ ու արարքներդ պարփակուած են։
Արիւնը Ի՞նչպէս Կրնար Գործածուիլ
8. Օրէնքին մէջ, Եհովա արիւնի գործածութեան նկատմամբ ի՞նչ արգելք դրաւ։
8 Եհովա կեանքի ու արիւնի մասին յաւելեալ մանրամասնութիւններ հայթայթեց, երբ Օրէնքը Իսրայէլի տուաւ։ Այդ ատեն, ան իր նպատակը իրագործելու համար յաւելեալ քայլ մը առաւ։ Հաւանաբար գիտես որ Օրէնքը պահանջեց Աստուծոյ ընծաներ մատուցանել, ինչպէս՝ ցորեն, իւղ եւ գինի։ (Ղեւտացւոց 2։1-4. 23։13. Թուոց 15։1-5) Կային նաեւ անասնական զոհեր։ Աստուած ասոնց մասին ըսաւ. «Մարմինին կեանքը արիւնին մէջ է, եւ ես ձեզի տուի զայն՝ որպէսզի զոհասեղանին վրայ ձեր անձերուն համար քաւութիւն ընէք. արդարեւ արի՛ւնն է անձին համար քաւութիւն ընողը։ Ուստի Իսրայէլի որդիներուն ըսի. ‘Ձեզմէ ո՛չ մէկ անձ արիւն թող ուտէ’»։ Եհովա աւելցուց որ եթէ անհատ մը, ինչպէս՝ որսորդ կամ երկրագործ մը, ուտելու համար անասուն մը սպաննէր, անոր արիւնը պէտք էր թափէր ու հողով ծածկէր։ Երկիրը Աստուծոյ ոտքերուն պատուանդանն է, եւ արիւնը գետին թափելով անհատը կ’ընդունէր թէ կեանքը կը վերադարձուէր Կենսատուին։—Ղեւտացւոց 17։11-13, ԱՎ. Եսայեայ 66։1
9. Օրէնքին մէջ նշուած արիւնի միակ գործածութիւնը ի՞նչ էր, եւ ասոր նպատակը ի՞նչ էր։
9 Այդ օրէնքը մեզի նշանակութիւն չունեցող կրօնական ծէս մը չէր։ Նկատեցի՞ր թէ ինչո՛ւ Իսրայելացիները արիւն պէտք չէր ուտէին։ Աստուած ըսաւ. «Ուստի Իսրայէլի որդիներուն ըսի. ‘Ձեզմէ ո՛չ մէկ անձ արիւն թող ուտէ’»։ Ի՞նչ էր պատճառը։ «Ես ձեզի տուի [արիւնը]՝ որպէսզի զոհասեղանին վրայ ձեր անձերուն համար քաւութիւն ընէք»։ Կը նկատե՞ս որ ասիկա կ’օգնէ ըմբռնելու թէ Աստուած ինչո՛ւ Նոյի ըսաւ որ մարդիկ արիւն չուտեն։ Ստեղծիչը որոշեց արիւնը սեպել վեհ նշանակութիւն ունեցող բան մը, զայն վերապահելով մէկ մասնայատուկ գործածութեան համար, որ կրնար շատերու կեանքը փրկել։ Անիկա մեղքեր ծածկելու (քաւելու) մէջ կենսական դեր պիտի խաղար։ Ուստի Օրէնքին ներքեւ, Աստուծոյ կողմէ վաւերացուած արիւնի միակ գործածութիւնը զոհասեղանին վրայ էր, քաւութիւն ընելու այն Իսրայելացիներուն համար, որոնք Եհովայէ ներում կը խնդրէին։
10. Անասնական արիւնը ինչո՞ւ չէր կրնար ամբողջական ներում ապահովել, բայց Օրէնքին ներքեւ զոհերը ի՞նչ բան վերյիշեցուցին։
10 Այս գաղափարը Քրիստոնէութեան մէջ օտար չէ։ Աստուծոյ կողմէ կարգադրուած Օրէնքի այս երեսակին ակնարկելով, Քրիստոնեայ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Օրէնքին համաձայն՝ գրեթէ ամէն բան կը մաքրուի Եբրայեցիս 9։22, ԱՎ) Պօղոս յստակացուց թէ պահանջուած զոհերը Իսրայելացիները չդարձուցին կատարեալ, անմեղ մարդիկ։ Ան գրեց. «[Զոհերով] ամէն տարի մեղքերու յիշատակութիւն կ’ըլլայ. վասն զի նոխազներուն ու ցուլերուն արիւնը չի կրնար մեղքերը ջնջել»։ (Եբրայեցիս 10։1-4) Այսուհանդերձ զոհերը օգտակար էին։ Անոնք Իսրայելացիներուն յիշեցուցին որ մեղաւոր էին եւ ամբողջական ներում ստանալու համար յաւելեալ բանի մը կարիք ունէին։ Բայց եթէ անասուններուն կեանքը ներկայացնող արիւնը չէր կրնար մարդկային մեղքերը ամբողջովին քաւել, ուրիշ կենսարիւն մը կրնա՞ր ասիկա ընել։
արիւնով. եւ առանց արիւն թափելու՝ ներում չ’ըլլար»։ (Կենսատուին Լուծումը
11. Ի՞նչպէս գիտենք թէ անասնական զոհերը բան մը կը մատնանշէին։
11 Իրականութեան մէջ, Օրէնքը կը մատնանշէր բան մը, որ շա՜տ աւելի ազդու էր Աստուծոյ կամքը իրագործելու համար։ Պօղոս հարցուց. «Հապա ինչո՞ւ տրուեցաւ Օրէնքը»։ Ան պատասխանեց. «Ան աւելցաւ՝ օրինազանցութիւնները յայտնելու համար, (մինչեւ որ գար այն զարմը՝ որուն եղած էր խոստումը,) եւ հրեշտակներու կողմէ պատուիրուեցաւ միջնորդի մը [Մովսէսի] ձեռքով»։ (Գաղատացիս 3։19, ԱՎ) Նմանապէս Պօղոս գրեց. «Օրէնքը գալիք բարիքներուն շուքն է՛, ոչ թէ անոնց բուն կերպարանքը»։—Եբրայեցիս 10։1
12. Արիւնին նկատմամբ Աստուծոյ նպատակը ի՞նչպէս յայտնուեցաւ։
12 Առ ի ամփոփում, մտաբերէ թէ Նոյի օրերուն Աստուած վճռեց որ մարդիկ կրնային անասունին միսը ուտել, բայց չէին կրնար արիւնը ուտել։ Ժամանակի ընթացքին, Աստուած նշեց թէ «մարմինին կեանքը արիւնին մէջ է»։ Այո, ան որոշեց նկատել արիւնը կեանք ներկայացնող եւ ըսաւ. «Ես ձեզի տուի [արիւնը]՝ որպէսզի զոհասեղանին վրայ ձեր անձերուն համար քաւութիւն ընէք»։ Սակայն տակաւին Աստուծոյ նպատակին սքանչելի մէկ յայտնումը տեղի պիտի ունենար։ Օրէնքը գալիք բարիքներուն շուքն էր։ Ի՞նչ բարիքներ։
13. Յիսուսի մահը ինչո՞ւ կարեւոր էր։
13 Անոնց իրականութիւնը կը կեդրոնանար Յիսուս Քըրիստոսի մահուան վրայ։ Գիտես որ Յիսուս չարչարուեցաւ ու ցցահանուեցաւ։ Ան իբր ոճրագործ մահացաւ։ Պօղոս գրեց. «Մինչ մենք տակաւին տկար էինք, յարմար ժամանակին՝ Քրիստոս մեռաւ ամբարիշտներուն համար. . . . Աստուած մեզի հանդէպ ունեցած իր սէրը ապացուցանեց այն իրողութեամբ, որ երբ տակաւին մեղաւոր էինք՝ Քրիստոս մեռաւ մեզի համար»։ (Հռովմայեցիս 5։6, 8, 9, ԱՎ) Մեզի համար մեռնելով, Քրիստոս փրկանք հայթայթեց՝ մեր մեղքերը քաւելու։ Այդ փրկանքը քրիստոնէական պատգամին կորիզն է։ (Մատթէոս 20։28. Յովհաննու 3։16. Ա. Կորնթացիս 15։3. Ա. Տիմոթէոս 2։6) Ասիկա ի՞նչ կապ ունի արիւնին ու կեանքին հետ, եւ ի՞նչպէս կեանքդ պարփակուած է։
14, 15. (ա) Կարգ մը թարգմանութիւններ ի՞նչպէս Եփեսացիս 1։7–ի մէջ շեշտ կը դնեն Յիսուսի մահուան վրայ։ (բ) Եփեսացիս 1։7–ի նկատմամբ ի՞նչ բան կրնայ անտեսուիլ։
14 Կարգ մը եկեղեցիներ Յիսուսի մահուան վրայ շեշտ կը դնեն, եւ անոնց յարողները յաճախ կ’ըսեն. «Յիսուս ինծի համար մեռաւ»։ Նկատի առ թէ կարգ մը Աստուածաշունչի թարգմանութիւններ ի՛նչպէս կը թարգմանեն Եփեսացիս 1։7–ն. «Իրմով եւ իր մահուան միջոցով ազատագրութիւն ունինք, այսինքն՝ մեր յանցանքներուն չքացումը»։ (The American Bible, Ֆրանք Շիլ Պալէնթայն, 1902) «Քրիստոսի մահով ազատ կ’արձակուինք, եւ մեր մեղքերը կը ներուին»։ (Today’s English Version, 1966) «Քրիստոսի եւ իր կեանքի զոհին միջոցով է որ ազատագրուեցանք, ազատագրութիւն մը որ մեղքերու ներում կը նշանակէ»։ (The New Testament, Ուիլիըմ Պարգլէ, 1969) «Քրիստոսի մահով է որ մեր մեղքերը կը ներուին եւ ազատ կ’արձակուինք»։ (The Translator’s New Testament, 1973) Կրնաս նկատել որ այս թարգմանութիւններուն մէջ շեշտ դրուած է Յիսուսի մահուան վրայ։ Բայց անհատ մը կրնայ ըսել. ‘Յիսուսի մահը իրապէս կարեւոր է։ Ուստի ի՞նչ սխալ կայ այս թարգմանութիւններուն մէջ’։
15 Արդարեւ, եթէ միայն այս թարգմանութիւնները գործածէիր, շատ կարեւոր կէտ մը պիտի անտեսէիր, սահմանափակելով հասկացողութիւնդ Աստուածաշունչի պատգամին։ Այս թարգմանութիւնները կը թաքցնեն այն իրողութիւնը թէ Եփեսացիս 1։7–ի բնագիրը կը բովանդակէ Յունարէն բառ մը, որ «արիւն» կը նշանակէ։ Հետեւաբար, շատ մը Աստուածաշունչեր, ինչպէս՝ Հայերէն լեզուով Անթիլիաս թարգմանութիւնը, ճշգրտօրէն կը թարգմանեն այս համարը. «Արդարեւ, անով փրկուեցանք եւ անոր արիւնով մեր մեղքերուն թողութիւն գտանք։ Որքա՜ն մեծ է իր շնորհքը»։
16. «Անոր արիւն»ը արտայայտութիւնը ի՞նչ բան մեզի կը յիշեցնէ։
16 «Անոր արիւն»ը արտայայտութիւնը խոր իմաստ ունի եւ մեզի շատ բաներ կը յիշեցնէ։ Պահանջուածը մահէ մը աւելին էր, նոյնիսկ՝ կատարեալ մարդ Յիսուսի մահէն։ Ան կատարեց ինչ որ նախապատկերացուած էր Օրէնքին մէջ, յատկապէս Քաւութեան Օրը։ Այդ մասնայատուկ օրը որոշ անասուններ կը զոհուէին, ապա քահանայապետը անոնց արիւնէն մաս մը կը տանէր տաղաւարին կամ տաճարին Սրբութիւն Սրբութեանց բաժանմունքը, եւ զայն Աստուծոյ առջեւ կը ներկայացնէր։—Ելից 25։22. Ղեւտացւոց 16։2-19
17. Յիսուս ի՞նչպէս կատարեց ինչ որ Քաւութեան Օրը կը նախապատկերացնէր։
17 Պօղոս բացատրեց թէ Յիսուս կատարեց ինչ որ Քաւութեան Օրը կը նախապատկերացնէր։ Նախ, ան նշեց թէ Իսրայէլի մէջ քահանայապետը տարին անգամ մը Սրբութիւն Սրբութեանց բաժանմունքը կը մտնէր այն արիւնով որ «իրեն համար ու ժողովուրդին մեղքերուն համար» մատուցանուած էր։ (Եբրայեցիս 9։6, 7) Ասոր հետ ներդաշնակ, որպէս հոգեղէն արարած յարուցանուելէ ետք, Յիսուս բուն երկինքը գնաց։ Հոգի մը ըլլալով, որ միսէ ու արիւնէ բաղկացած մարմին չունի, ան կրնար «Աստուծոյ առջեւ երեւնալ մեզի համար»։ Ան Աստուծոյ ի՞նչ բան ներկայացուց։ Ո՛չ թէ նիւթական, այլ՝ շատ իմաստալից բան մը։ Պօղոս շարունակեց. «Երբ Քրիստոս եկաւ իբր . . . Քահանայապետ, . . . ի՛ր իսկ արիւնով՝ ո՛չ թէ նոխազներու եւ զուարակներու արիւնով՝ մէ՛կ անգամ ընդմիշտ մտաւ սրբարանը, յաւիտենական ազատագրութիւն ստանալով։ Որովհետեւ եթէ ցուլերուն ու նոխազներուն արիւնը . . . կը սրբացնէր՝ մարմինի մաքրութեան համար, ա՛լ ո՜րչափ աւելի Քրիստոսի արիւնը, որ յաւիտենական Հոգիին միջոցով մատուցանեց ինքզինք Աստուծոյ՝ իբր անարատ զոհ, պիտի մաքրէ ձեր խղճմտանքը մեռած գործերէն՝ պաշտելու համար ապրող Աստուածը»։ Այո, Յիսուս Աստուծոյ ներկայացուց իր կենսարիւնին արժէքը։—Եբրայեցիս 9։11-14, 24, ԱՎ, 28. 10։11-14. Ա. Պետրոս 3։18
18. Արիւնին վերաբերեալ Աստուածաշունչի ըսածները ինչո՞ւ Քրիստոնեաներուն համար կարեւոր են ներկայիս։
18 Այս աստուածային ճշմարտութիւնը թոյլ կու տայ մեզի որ ըմբռնենք արիւնին վերաբերեալ Հռովմայեցիս 3։25) Մեր ներում ստանալը եւ Աստուծոյ հետ խաղաղութիւն ունենալը կարելի է միայն «անոր [Յիսուսի] արիւնով, որ թափուեցաւ»։ (Կողոսացիս 1։20, ԱՎ) Ասիկա վստահաբար ճշմարիտ է անոնց պարագային, որոնց հետ Յիսուս մասնայատուկ ուխտ մը ըրաւ, որ երկինքի մէջ իրեն հետ իշխեն։ (Ղուկաս 22։20, 28-30. Ա. Կորնթացիս 11։25. Եբրայեցիս 13։20) Անիկա նաեւ ճշմարիտ է «մեծ բազմութեան» պարագային, որոնք մօտալուտ «մեծ նեղութենէն» վերապրելով, երկրային դրախտի մէջ յաւիտենական կեանք պիտի վայելեն։ Անոնք այլաբանօրէն ‘իրենց հանդերձները Գառնուկին արիւնով կը լուան’։—Յայտնութիւն 7։9, 14
Աստուածաշունչի բոլոր ըսածները. Աստուած ինչո՛ւ արիւնը այս կերպով կը նկատէ, մենք ի՛նչպէս պէտք է նկատենք զայն, եւ ինչո՛ւ պէտք է յարգենք Աստուծոյ դրած արգելքը արիւնին գործածութեան վրայ։ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւնները կարդալով, բազմաթիւ ակնարկումներ պիտի գտնես Քրիստոսի արիւնին։ (Տես շրջանակը։) Ասոնք բացայայտ կը դարձնեն թէ իւրաքանչիւր Քրիստոնեայ «անոր [Յիսուսի] արեան» պէտք է հաւատայ։ (19, 20. (ա) Աստուած ինչո՞ւ արիւնին գործածութիւնը սահմանափակեց, եւ ասոր հանդէպ ի՞նչպէս պէտք է զգանք։ (բ) Ի՞նչ բան կ’ուզենք գիտնալ։
19 Բացորոշ է թէ արիւնը Աստուծոյ աչքին մասնաւոր նշանակութիւն մը ունի։ Նոյն տեսակէտը մենք ալ պէտք է ունենանք։ Ստեղծիչը, որ կեանքով հետաքրքրուած է, իրաւունք ունի սահմանափակելու արիւնին գործածութիւնը մարդոց կողմէ։ Մեր կեանքով մեծապէս հետաքրքրուած ըլլալով, ան որոշեց արիւնը վերապահել շատ կարեւոր գործածութեան մը համար, որ յաւիտենական կեանքը կարելի կը դարձնէ։ Անիկա պարփակեց Յիսուսի թանկագին արիւնը։ Որքա՜ն շնորհապարտ ենք որ Յայտնութիւն 1։5, 6, ԱՎ
Եհովա Աստուած մեր օգտին համար գործեց, այս փրկարար կերպով արիւնը՝ Յիսուսի արիւնը՝ գործածելով։ Իսկ որքա՜ն երախտապարտ պէտք է ըլլանք Յիսուսի որ մեզի ի նպաստ իր արիւնը զոհաբերական կերպով թափեց։ Արդարեւ կրնանք Յովհաննէս առաքեալի արտայայտած զգացումները հասկնալ. «Անոր՝ որ սիրեց մեզ, իր արիւնով լուաց մեզ մեր մեղքերէն, եւ թագաւորներ ու քահանաներ ըրաւ մեզ՝ Աստուծոյ եւ իր Հօր համար, անոր փա՜ռք ու զօրութի՜ւն դարէ դար։ Ամէն»։—20 Մեր ամենագէտ Աստուածը ու Կենսատուն վաղուց ի մտի ունէր այս փրկարար դերը։ Ուստի հարց կրնանք տալ. ‘Ասիկա ի՞նչպէս պէտք է ազդէ մեր որոշումներուն եւ արարքներուն’։ Յաջորդ յօդուածը պիտի պատասխանէ այս հարցումին։
Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես
• Արիւնին նկատմամբ Աստուծոյ տեսակէտին մասին ի՞նչ կրնանք սորվիլ Աբէլի ու Նոյի պատմութիւններէն։
• Օրէնքին մէջ, Աստուած ի՞նչ արգելք դրաւ արիւնին գործածութեան վրայ, եւ ինչո՛ւ։
• Յիսուս ի՞նչպէս կատարեց ինչ որ Քաւութեան Օրը կը նախապատկերացնէր։
• Յիսուսի արիւնը ի՞նչպէս կրնայ մեր կեանքը փրկել։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Շրջանակ՝ էջ 12]
Ո՞Ր ԱՐԻՒՆԸ ԿԵԱՆՔ ԿԸ ՓՐԿԷ
«Զգո՛յշ եղէք դուք ձեր անձին եւ ամբողջ հօտին՝ որուն վրայ Սուրբ Հոգին տեսուչ կարգեց ձեզ հովուելու համար Տիրոջ ժողովուրդը, զոր ան փրկեց իր արիւնով»։—Գործք 20։28, Երուսաղէմ
«Հիմա որ իր արիւնով արդարացանք, ո՜րչափ աւելի իրմով պիտի ազատինք բարկութենէն»։—Հռովմայեցիս 5։9
«Դուք . . . յոյս մըն ալ չունէիք եւ աշխարհի մէջ անաստուած էիք։ Բայց հիմա Քրիստոս Յիսուսով դուք որ ատեն մը հեռաւոր էիք, մերձաւոր եղաք Քրիստոսին արիւնովը»։—Եփեսացիս 2։12, 13
«Հայրը հաճեցաւ որ Աստուածութեան բոլոր լեցունութիւնը անոր մէջ բնակի եւ անով ամէնքը հաշտեցնէ իրեն հետ, խաղաղութիւն ընելով խաչին վրայ թափած իր արիւնովը»։—Կողոսացիս 1։19, 20
«Եղբա՛յրներ, համարձակութիւն ունինք սուրբ տեղը մտնելու Յիսուսին արիւնովը»։—Եբրայեցիս 10։19
«Ո՛չ թէ ապականացու արծաթով կամ ոսկիով ազատագրուեցաք ձեր հայրերէն աւանդուած փուճ վարքէն, հապա Քրիստոսի պատուական արիւնով՝ որպէս անարատ եւ անբիծ գառի մը արիւնը»։—Ա. Պետրոս 1։18, 19, ԱՎ
«Եթէ լոյսի մէջ քալենք, ինչպէս անիկա լոյսի մէջ է, իրարու հետ հաղորդակից կ’ըլլանք ու անոր Որդիին Յիսուս Քրիստոսին արիւնը մեզ ամէն մեղքէ կը սրբէ»։—Ա. Յովհաննու 1։7
«Արժանի ես դուն այդ գիրքը առնելու եւ ատոր կնիքները քակելու. վասն զի մորթուեցար ու քու արիւնովդ մեզ ծախու առիր Աստուծոյ համար ամէն ցեղէ ու լեզուէ եւ ժողովուրդէ ու ազգէ»։—Յայտնութիւն 5։9
«Մեր եղբայրներուն դէմ չար խօսողը վար ձգուեցաւ . . . եւ անոնք անոր յաղթեցին Գառնուկին արիւնովը ու իրենց վկայութեանը խօսքովը»։—Յայտնութիւն 12։10, 11
[Նկար՝ էջ 10]
Օրէնքին միջոցով Աստուած բացայայտ դարձուց թէ արիւնը կրնար մեղքերու թողութեան մէջ դեր մը խաղալ
[Նկար՝ էջ 11]
Յիսուսի արիւնով բազմաթիւ կեանքեր կրնան փրկուիլ