«Աւետարանիչի գործ գործէ՛»
«Աւետարանիչի գործ գործէ՛»
«Ամէն բանի մէջ արթո՛ւն կեցիր, . . . աւետարանիչի գործ գործէ՛»։—Բ. ՏԻՄՈԹԷՈՍ 4։5
1. Յիսուս իր հետեւորդներուն ի՞նչ յանձնարարութիւն տուաւ։
ԵՀՈՎԱՅԻ անունը եւ նպատակները կը ծանուցանուին համայն աշխարհի մէջ, քանի որ Աստուծոյ նուիրեալ ժողովուրդը լուրջի առած է այն յանձնարարութիւնը, որ Յիսուս Քրիստոս իր հետեւորդներուն տուաւ, երբ ըսաւ. «Գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք, մկրտեցէ՛ք զանոնք յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. սորվեցուցէք անոնց որ այն բոլոր բաները պահեն՝ ինչ որ ես ձեզի պատուիրեցի»։—Մատթէոս 28։19, 20
2. Տիմոթէոս տեսուչը ի՞նչ ցուցմունք ստացաւ, եւ ի՞նչ է կերպերէն մէկը, որով Քրիստոնեայ տեսուչներ կրնան իրենց ծառայութիւնը կատարել։
2 Յիսուսի առաջին դարու աշակերտները այդ յանձնարարութեան կարեւորութիւն տուին։ Օրինակ, Պօղոս առաքեալ Քրիստոնեայ տեսուչ Տիմոթէոսը յորդորեց. «Աւետարանիչի գո՛րծ ըրէ, լմա՛ն կատարէ քու սպասարկութիւնդ»։ (Բ. Տիմոթէոս 4։5, ԱՎ) Այսօր տեսուչ մը իր ծառայութիւնը կատարելու համար, կերպերէն մէկն է որ Թագաւորութիւնը նախանձախնդրաբար ծանուցանող մը ըլլայ, մէկը որ դաշտի ծառայութեան կանոնաւորաբար կը մասնակցի։ Օրինակ, Ժողովքի Գիրքի Ուսումնասիրութեան տեսուչը, քարոզչութեան մէջ առաջնորդութիւն առնելու եւ ուրիշները մարզելու վարձահատոյց առանձնաշնորհումը ունի։ Պօղոս բարի լուրը ծանուցանելու իր անձնական պատասխանատուութիւնը կատարեց եւ ուրիշները մարզեց ծառայութեան համար։—Գործք 20։20. Ա. Կորնթացիս 9։16, 17
Անցեալի Նախանձախնդիր Աւետարանիչներ
3, 4. Աւետարանիչ մը ըլլալով, Փիլիպպոս ի՞նչ փորձառութիւններ ունեցաւ։
3 Նախկին Քրիստոնեաները ճանչցուած էին որպէս նախանձախնդիր աւետարանիչներ։ Նկատի առէք Փիլիպպոս աւետարանիչը։ Ան այն եօթէն էր, որոնք «բարի վկայուած, Սուրբ Հոգիով եւ իմաստութիւնով լեցուն» էին ու ընտրուեցան Երուսաղէմի յունախօս եւ եբրայախօս Քրիստոնեայ այրիներուն ամէն օր անաչառօրէն ուտելիք բաշխելու համար։ (Գործք 6։1-6) Այդ մասնայատուկ նշանակումը վերջ գտնելէն եւ հալածանքը՝ առաքեալներէն զատ ամէնքը ցիրուցան ընելէն ետք, Փիլիպպոս Սամարիա գնաց։ Հոն ան բարի լուրը ծանուցանեց եւ սուրբ հոգիին զօրութեամբ կրցաւ դեւեր հանել, եւ կաղեր ու անդամալոյծներ բժշկել։ Սամարացիներէն շատեր Թագաւորութեան պատգամը ընդունեցին եւ մկրտուեցան։ Երուսաղէմի մէջ եղող առաքեալները ասոր մասին լսելով, Պետրոս ու Յովհաննէս առաքեալները Սամարիա ղրկեցին, որպէսզի նոր մկրտուած հաւատացեալները կարենան սուրբ հոգին ստանալ։—Գործք 8։4-17
4 Այնուհետեւ Աստուծոյ հոգին Փիլիպպոսը առաջնորդեց որ Եթովպիացի ներքինիին հանդիպի Գազա տանող ճամբուն վրայ։ Փիլիպպոս Եսայիի մարգարէութիւնը յստակօրէն բացատրելէ ետք, ‘Եթովպիացիներու Կանդակա թագուհիին այս պաշտօնեան’ Յիսուս Քրիստոսի հաւատք ընծայեց ու մկրտուեցաւ։ (Գործք 8։26-38) Ապա Փիլիպպոս Ազովտոս գնաց ու անկէ ետք՝ Կեսարիա, իր ճամբուն վրայ եղող ‘բոլոր քաղաքներուն աւետարան քարոզելով’։ (Գործք 8։39, 40) Ան վստահաբար աւետարանիչի գործ ընելու մէջ ընտիր օրինակ հանդիսացաւ։
5. Փիլիպպոսի չորս աղջիկները յատկապէս ի՞նչ բանով ճանչցուած էին։
5 Շուրջ 20 տարի ետք, Կեսարիայի մէջ Փիլիպպոս տակաւին ծառայութեան մէջ գործունեայ էր։ Երբ Պօղոս եւ Ղուկաս անոր տունը իջեւանեցին, ան «չորս կոյս աղջիկ ունէր, որոնք մարգարէութիւն կ’ընէին»։ (Գործք 21։8-10) Բացորոշ է որ անոնք հոգեւոր լաւ մարզում ստացած էին, ծառայութեան հանդէպ նախանձախնդրութիւն ունէին, եւ նոյնիսկ մարգարէաբար խօսելու առանձնաշնորհումը ունէին։ Այսօր ծառայութեան հանդէպ ծնողքին նախանձախնդրութիւնը կրնայ զաւակներուն վրայ լաւ ազդեցութիւն ունենալ, զիրենք մղելով որ նախանձախնդիր աւետարանչութիւնը իրենց կեանքի ասպարէզը դարձնեն։
Այժմու Նախանձախնդիր Աւետարանիչներ
6. Առաջին դարու աւետարանիչները ի՞նչ յաջողութիւն գտան։
6 Մեր օրերը եւ վերջին ժամանակը մատնանշող իր մեծ մարգարէութեան մէջ, Յիսուս Քրիստոս ըսաւ. «Առաջ պէտք է որ աւետարանը քարոզուի բոլոր ազգերուն»։ (Մարկոս 13։10) Վերջը պիտի գայ՝ բարի լուրը «բովանդակ աշխարհի մէջ» քարոզուելէ ետք։ (Մատթէոս 24։14) Մինչ Պօղոս եւ առաջին դարու այլ աւետարանիչներ բարի լուրը քարոզեցին, շատեր հաւատացեալներ եղան, եւ Հռովմէական Կայսրութեան տարածքին՝ ամէնուրեք ժողովքներ կազմուեցան։ Այս ժողովքներուն մէջ նշանակուած երէցները իրենց եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ աւետարանչութեան մասնակցեցան եւ քարոզչութեան գործունէութիւնը ընդարձակեցին։ Այդ օրերուն Եհովայի խօսքը շարունակեց աճիլ ու զօրանալ, ճիշդ ինչպէս որ ներկայիս կ’ընէ, քանի որ միլիոնաւոր Եհովայի Վկաներ աւետարանիչի գործ կ’ընեն։ (Գործք 19։20) Դուք ալ ուրախօրէն Եհովան փառաբանողներէն մէ՞կն էք։
7. Ներկայիս Թագաւորութիւնը ծանուցանողները ի՞նչ կ’ընեն։
7 Ներկայիս Թագաւորութիւնը ծանուցանողներէն շատեր աւետարանչութեան մէջ իրենց մասնակցութիւնը ընդարձակելու պատեհութիւնները կ’օգտագործեն։ Հազարաւորներ միսիոնարներ եղած են եւ հարիւր հազարաւորներ լիաժամ աւետարանչութեան կը մասնակցին որպէս կանոնաւոր ու օժանդակ ռահվիրաներ։ Իսկ ի՜նչ սքանչելի գործ կը կատարեն տղամարդիկ, կիներ ու երախաներ, որոնք Թագաւորութեան նախանձախնդիր հրատարակիչներ են։ Արդարեւ Եհովայի բոլոր ժողովուրդը իր ճոխ օրհնութիւնները կը վայելեն, մինչ ուս–ուսի իրեն կը ծառայեն որպէս Քրիստոնեայ աւետարանիչներ։—Սոփոնեայ 3։9
8. Ներկայիս նշան դնելու ի՞նչ գործ կը կատարուի, եւ որո՞նց կողմէ։
8 Աստուած Յիսուսի օծեալ հետեւորդներուն տուած է բարի լուրը ամբողջ երկրի մէջ ծանուցանելու Յովհաննու 10։16) Այս փրկարար գործը մարգարէաբար նկարագրուած է որպէս նշան դնել անոնց ճակատներուն վրայ, որոնք ներկայ պղծութիւններուն համար կը հառաչեն ու կ’ողբան։ Շուտով ամբարիշտները պիտի կործանին։ Մինչ այդ, ի՜նչ առանձնաշնորհում է հաղորդել փրկարար ճշմարտութիւնները երկրագունդի բնակիչներուն։—Եզեկիէլ 9։4-6, 11
պատասխանատուութիւնը։ Այս աւետարանչութեան մէջ անոնց կ’օգնեն Քրիստոսի «ուրիշ ոչխարներ»ը, որոնց թիւը հետզհետէ կ’աւելնայ։ (9. Ի՞նչպէս կրնանք նորեկներուն օգնել ծառայութեան մէջ։
9 Եթէ որոշ ժամանակէ ի վեր կը մասնակցինք աւետարանելու գործին, շատ հաւանաբար կրնանք ժողովքին մէջ եղող նորեկներուն օգնել։ Ատեն–ատեն կրնանք անոնցմէ խնդրել որ մեզի հետ ծառայութեան մասնակցին։ Երէցներուն քաջալերութիւն կը տրուի որ իրենց կարելին ընեն, իրենց հաւատակիցները հոգեւորապէս կերտելու համար։ Խոնարհ տեսուչներուն ընտիր ջանքերը մեծապէս կ’օգնեն ուրիշներուն որ նախանձախնդիր ու պտղաբեր աւետարանիչներ ըլլան։—Բ. Պետրոս 1։5-8
Տունէ Տուն Վկայել
10. Քրիստոս ու իր նախկին հետեւորդները ծառայութեան մէջ ի՞նչ օրինակ հանդիսացան։
10 Որպէս աւետարանիչ, Յիսուս Քրիստոս իր հետեւորդներուն հոյակապ օրինակ մը հանդիսացաւ։ Քրիստոսի ու իր առաքեալներուն ծառայութեան առնչութեամբ, Աստուծոյ Խօսքը կ’ըսէ. «Ինք քաղաքէ քաղաք ու գիւղէ գիւղ պտըտելով՝ կը քարոզէր եւ Աստուծոյ թագաւորութիւնը կ’աւետարանէր ու տասներկուքը իրեն հետ էին»։ (Ղուկաս 8։1) Ի՞նչ կրնանք ըսել առաքեալներուն մասին։ Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին սուրբ հոգին թափուելէն ետք, անոնք «ամէն օր տաճարը ու տուներուն մէջ [«տունէ տուն», ՆԱ] չէին դադարեր սորվեցնելէ ու Յիսուս Քրիստոսը քարոզելէ»։—Գործք 5։42
11. Գործք Առաքելոց 20։20, 21–ի համաձայն, Պօղոս առաքեալ իր ծառայութեան մէջ ի՞նչ ըրաւ։
11 Իր նախանձախնդիր աւետարանչութեան շնորհիւ, Պօղոս առաքեալ Եփեսոսի Քրիստոնեայ երէցներուն կրցաւ ըսել. «Բնաւ ետ չկեցայ օգտակար բաներ ձեզի ըսելէ ու ձեզի՝ հրապարակաւ եւ տան մէջ [«տունէ տուն», ՆԱ ] սորվեցնելէ»։ Երբ Պօղոս ‘տունէ տուն կը սորվեցնէր’, արդեօք Եհովան պաշտող իր հաւատակիցներուն տունե՞րը կ’այցելէր, հաւատացեալներուն հովուական այցելութիւններ տալով։ Ո՛չ, քանի որ ան կը շարունակէ բացատրել. «Վկայութիւն [տուի] Հրեաներուն եւ Յոյներուն առջեւ՝ դէպի Աստուած ապաշխարութեան համար, մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին վրայ եղած հաւատքին համար»։ (Գործք 20։20, 21) Ընդհանուր առմամբ, Եհովայի արդէն նուիրուած անհատները «դէպի Աստուած ապաշխարութեան» եւ «մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին վրայ եղած հաւատքին» վերաբերեալ ցուցմունքներ ստանալու կարիք չունէին։ Պօղոս Եփեսոսի Քրիստոնեայ երէցները մարզեց տունէ տուն ծառայութեան մէջ, մինչ անհաւատներուն կը սորվեցնէր ապաշխարութեան ու հաւատքի մասին։ Ասիկա ընելով, Պօղոս Յիսուսի հաստատած մեթոտին կը հետեւէր։
12, 13. Փիլիպպեցիս 1։7–ի հետ ներդաշնակ, Եհովայի ծառաները քարոզելու իրենց իրաւունքին նկատմամբ ի՞նչ ըրած են։
12 Տունէ տուն ծառայութիւնը կրնայ մարտահրաւէր մը ըլլալ։ Օրինակ, ոմանք կ’ընդվզին երբ իրենց դուռը զարնենք, Աստուածաշունչի պատգամը հաղորդելու համար։ Մեր փափաքը չէ մարդիկը ընդվզեցնել։ Այսուհանդերձ, տունէ տուն ծառայութիւնը սուրբ գրային է, եւ Աստուծոյ ու դրացիին հանդէպ սէրը մեզ կը մղէ այս կերպով վկայելու։ (Մարկոս 12։28-31) Տունէ տուն քարոզելու մեր իրաւունքը «պաշտպանելու եւ օրինապէս հաստատելու» համար, դատեր ներկայացուցած ենք ատեաններու առջեւ, մէջը ըլլալով Միացեալ Նահանգներու Բարձրագոյն Ատեանը։ (Փիլիպպեցիս 1։7, ՆԱ) Այդ ատեանը գրեթէ միշտ մեզի ի նպաստ վճիռներ արձակած է։ Հետեւեալ վճիռը օրինակ մըն է.
13 «Կրօնական թերթիկներ բաշխելը միսիոնարական աւետարանչութեան հնամենի մէկ ձեւն է. ա՛յնքան հին որքան տպագրամեքենաներու գիւտը։ Տարիներու ընթացքին անիկա կրօնական զանազան շարժումներու մէջ ազդու ոյժ մը եղած է։ Աւետարանչութեան այս կերպը ներկայիս մեծ տարողութեամբ կը գործածուի կրօնական զանազան աղանդներու կողմէ, որոնց շրջավաճառները Աւետարանը կը տանին տասնեակ հազարաւոր տուներ եւ կը ջանան անձնական այցելութիւններով իրենց հաւատքին յարողներ շահիլ։ . . . Կրօնական գործունէութեան
այս ձեւը՝ [Միացեալ Նահանգներու Սահմանադրութեան] Առաջին Բարեփոխումին ներքեւ՝ նոյն բարձր դիրքը կը գրաւէ, ինչպէս՝ եկեղեցիներու մէջ կատարուած պաշտամունքը եւ ամպիոններէն քարոզելը»։—Մըրտոք ընդդէմ Փէնսիլվանիայի, 1943Ինչո՞ւ կը Շարունակենք Քարոզել
14. Մեր ծառայութեան յարաճուն ազդեցութիւնը ի՞նչ կրնայ ըլլալ։
14 Տունէ տուն վկայելու բազմաթիւ պատճառներ կան։ Ամէն անգամ որ տանտիրոջ մը այցելենք, կը փորձենք սուրբ գրային ճշմարտութեան սերմ մը ցանել։ Վերայցելութիւններ ընելով կը ջանանք ջրել զայն։ Եւ ասիկա կրնայ յարաճուն ազդեցութիւն մը ունենալ, քանի որ Պօղոս գրեց. «Ես տնկեցի, Ապօղոս ջուր տուաւ, բայց Աստուած աճեցուց»։ (Ա. Կորնթացիս 3։6) Ուստի շարունակենք ‘տնկել ու ջրել’, վստահ ըլլալով թէ Եհովա ‘կ’աճեցնէ’։
15, 16. Ինչո՞ւ շարունակ մարդոց տուները կ’այցելենք։
15 Աւետարանիչի գործ կ’ընենք, քանի որ կեանքեր վտանգի տակ են։ Քարոզելով կրնանք փրկել թէ՛ մեր անձը, թէ՛ մեզ լսողները։ (Ա. Տիմոթէոս 4։16) Եթէ գիտնայինք թէ անհատի մը կեանքը վտանգուած է, անոր օգնելու համար միայն անփոյթ փո՞րձ մը պիտի ընէինք։ Անշուշտ ո՛չ։ Որովհետեւ փրկութիւնը պարփակուած է, կրկին անգամ մարդոց տուները կ’այցելենք։ Պարագաները յարափոփոխ են։ Անհատ մը որ շատ զբաղած ըլլալով չուզեց մտիկ ընել, թերեւս ուրիշ առիթով յօժարի Աստուածաշունչի պատգամին ականջ տալ։ Ընտանիքին տարբեր մէկ անդամը կրնայ դուռը բանալ եւ առիթ տալ սուրբ գրային խօսակցութեան մը։
16 Ո՛չ միայն տանտէրներուն պարագաները կրնան փոխուիլ, այլ նաեւ՝ անոնց կեցուածքը։ Օրինակ, սիրելիի մը կորուստը կրնայ անհատը մղել որ Թագաւորութեան պատգամին մտիկ ընէ։ Կը յուսանք անհատը մխիթարել, զինք գիտակից դարձնել իր հոգեւոր կարիքներուն, եւ ցոյց տալ թէ ի՛նչ կերպով կրնայ գոհացնել զանոնք։—Մատթէոս 5։3, 4
17. Մեր քարոզչութեան առաջնագոյն պատճառը ի՞նչ է։
17 Տունէ տուն վկայելու կամ քրիստոնէական ծառայութեան այլ երեսակներուն մասնակցելու մեր առաջնագոյն պատճառն է՝ Եհովայի անունը ճանչցնելու մէջ բաժին բերել։ (Ելից 9։16. Սաղմոս 83։18) Ի՜նչ վարձահատոյց է, երբ մեր աւետարանչութիւնը օգնէ ճշմարտութիւն ու արդարութիւն սիրողներուն որ Եհովան փառաբանողներ ըլլան։ Սաղմոսերգուն տաղերգեց. «Երիտասարդներ եւ կոյս աղջիկներ, ծերեր ու տղաքներ։ Բոլորը թող Տէրոջը անունը օրհնեն, վասն զի միայն անոր անունը բարձր է, անոր փառքը երկրէն ու երկնքէն վեր է»։—Սաղմոս 148։12, 13
Աւետարանչութիւնը Մեզի Անձնապէս Օգտակար Է
18. Աւետարանիչի գործ ընելով ի՞նչպէս կ’օգտուինք։
18 Աւետարանիչի գործ ընելը մեզի անձնապէս օգտակար է զանազան կերպերով։ Բարի լուրը ծանուցանելու համար տունէ տուն երթալը մեզի կ’օգնէ խոնարհութիւն մշակելու, յատկապէս երբ ազնիւ ընդառաջում չենք գտներ։ Ազդու աւետարանիչներ ըլլալու համար, Պօղոսի նման պէտք է ըլլանք, որ ‘ամենուն հետ ամէն բան եղաւ, որպէս զի մէկ քանիները ապրեցնէ’։ (Ա. Կորնթացիս 9։19-23) Ծառայութեան մէջ փորձառութիւն ձեռք ձգելը կ’օգնէ որ փափկանկատ ըլլանք։ Եհովայի ապաւինելով եւ մեր բառերը լաւ ընտրելով, կրնանք կիրարկել Պօղոսի խրատը. «Ձեր խօսքը ամէն ատեն շնորհքով, որպէս թէ աղով համովցած ըլլայ ու գիտնաք թէ ի՛նչպէս կը վայլէ ձեզի ամէն մէկուն պատասխան տալ»։—Կողոսացիս 4։6
19. Սուրբ հոգին ի՞նչպէս կ’օգնէ աւետարանիչներուն։
19 Աւետարանչութիւնը մեզ կը մղէ նաեւ որ Աստուծոյ սուրբ հոգիին ապաւինինք։ (Զաքարեայ 4։6) Իր կարգին, անոր պտուղը՝ «սէր, խնդութիւն, խաղաղութիւն, երկայնմտութիւն, քաղցրութիւն, բարութիւն, հաւատարմութիւն [«հաւատք», Երուսաղէմ], հեզութիւն, ժուժկալութիւն», մեր ծառայութեան մէջ բացայայտ կ’ըլլայ։ (Գաղատացիս 5։22, 23) Անիկա մարդոց հետ մեր գործառնութեանց կ’ազդէ, քանի որ հոգիին ուղղութեան ենթարկուիլը մեզի կ’օգնէ որ բարի լուրը ծանուցանելու ընթացքին սէր յայտնենք, ուրախ ու խաղաղարար ըլլանք, երկայնամիտ ու քաղցր ըլլանք, բարութիւն ու հաւատք ցոյց տանք, եւ հեզութիւն ու ժուժկալութիւն ցուցաբերենք։
20, 21. Որպէս աւետարանիչներ զբաղած մնալուն կարգ մը օրհնութիւններն ու օգուտները ի՞նչ են։
20 Աւետարանիչներ ըլլալով ուրիշ օրհնութիւն Բ. Կորնթացիս 4։4) Իսկ ի՜նչ օրհնութիւն է հոգեւոր օգնութիւն մատուցանել պարկեշտ սիրտ ունեցողներուն։
մըն ալ կը վայելենք. աւելի կարեկից կը դառնանք։ Երբ մարդիկ իրենց խնդիրները կը յիշեն,– հիւանդութիւն, անգործութիւն, ընտանեկան նեղութիւններ,– խրատատուի մը դերը չենք առներ, այլ անոնց հետ քաջալերական ու մխիթարական համարներ կը բաժնենք։ Հետաքրքրուած ենք այն անհատներով որ հոգեւորապէս կուրցած են, բայց կը թուի թէ արդարութեան հանդէպ սէր ունին։ (21 Աւետարանչութեան կանոնաւորաբար մասնակցիլը կ’օգնէ որ մեր միտքը հոգեւոր բաներու վրայ կեդրոնացած պահենք։ (Ղուկաս 11։34) Վստահաբար ասիկա օգտաշատ է, քանի որ այլապէս այս աշխարհի մէջ տիրական եղող նիւթապաշտական փորձութիւններու կրնայինք տեղի տալ։ Յովհաննէս առաքեալ Քրիստոնեաները յորդորեց. «Մի՛ սիրէք աշխարհը, ոչ ալ ինչ որ աշխարհի մէջ է։ Եթէ մէկը աշխարհը կը սիրէ, անոր ներսիդին Հօրը սէրը չկայ. քանզի ամէն բան որ աշխարհի մէջ է՝ մարմնի ցանկութիւնը ու աչքերու ցանկութիւնը եւ այս կեանքին ամբարտաւանութիւնը՝ Հօրմէն չէ, հապա այս աշխարհէն է։ Աշխարհս ալ կ’անցնի, անոր ցանկութիւնն ալ. բայց ան որ Աստուծոյ կամքը կը կատարէ, յաւիտեան պիտի մնայ»։ (Ա. Յովհաննու 2։15-17) Որպէս աւետարանիչներ՝ Տէրոջ գործին մէջ ընելիք շատ բան ունենալով զբաղած մնալը կ’օգնէ որ աշխարհը չսիրենք։—Ա. Կորնթացիս 15։58
Երկնային Գանձեր Դիզեցէք
22, 23. (ա) Քրիստոնեայ աւետարանիչները ի՞նչ գանձեր կը դիզեն։ (բ) Յաջորդ յօդուածը ի՞նչպէս պիտի օգնէ մեզի։
22 Թագաւորութիւնը նախանձախնդրաբար քարոզելու գործունէութիւնը մնայուն օգուտներ կը բերէ։ Յիսուս ասիկա ցոյց տուաւ, երբ ըսաւ. «Երկրի վրայ ձեզի գանձեր մի դիզէք, ուր ցեցը ու ժանգը կ’ապականեն, ուր գողերը պատ կը ծակեն ու կը գողնան. հապա ձեզի գանձեր դիզեցէք երկինքը, ուր ո՛չ ցեցը եւ ո՛չ ժանգը կ’ապականեն ու ո՛չ գողերը պատ կը ծակեն եւ կը գողնան։ Քանզի ձեր գանձը ուր որ է, սրտերնիդ ալ հոն պիտի ըլլայ»։—Մատթէոս 6։19-21
23 Շարունակե՛նք երկինքը գանձեր դիզել, գիտակցելով թէ աւելի մեծ առանձնաշնորհում չենք կրնար ունենալ, քան՝ որպէս իր Վկաները, Գերիշխան Տէր Եհովան ներկայացնելը։ (Եսայեայ 43։10-12) Մինչ իբր Աստուծոյ ծառաներ մեր յանձնարարութիւնը կը կատարենք, կրնանք 90–ական տարիքի մէջ եղող Քրիստոնեայ կնոջ նման զգալ, որ Աստուծոյ ծառայութեան մէջ անցուցած իր երկար կեանքին մասին խօսելով՝ ըսաւ. «Շնորհապարտ եմ Եհովայի, որ այս բոլոր տարիներու ընթացքին զիս ընդունեց հակառակ թերութիւններուս, եւ ջերմեռանդօրէն կ’աղօթեմ որ ան յաւիտեան սիրալիր Հայրս ըլլայ»։ Եթէ Աստուծոյ հետ մեր յարաբերութեան վրայ նոյնպէս կը գուրգուրանք, վստահաբար պիտի ուզենք լման կերպով աւետարանիչի գործ ընել։ Յաջորդ յօդուածը ցոյց պիտի տայ թէ ի՛նչպէս կրնանք մեր ծառայութիւնը լման կատարել։
Ի՞նչպէս պիտի պատասխանէք
• Ինչո՞ւ աւետարանիչի գործ պէտք է ընենք։
• Անցեալի եւ այժմու աւետարանիչներու գործին մասին ի՞նչ կրնաք ըսել։
• Ինչո՞ւ տունէ տուն կը վկայենք։
• Աւետարանիչի գործ ընելով ի՞նչպէս անձնապէս կ’օգտուիք։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկարներ՝ էջ 8]
Փիլիպպոսի ու իր աղջիկներուն նման, ներկայիս ալ ուրախ աւետարանիչներ կան
[Նկար՝ էջ 12]
Բարի լուրը ուրիշներու հետ բաժնելով, ի՞նչպէս անձնապէս կ’օգտուիք