Զգուշացէք խաբէութենէ
Զգուշացէք խաբէութենէ
«Զգուշացէ՛ք, չըլլայ թէ մէկը ձեզ գերի դարձնէ . . . փուճ խաբէութիւնով»։—ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 2։8
1-3. (ա) Ո՞ր օրինակները ցոյց կու տան թէ խաբէութիւնը առօրեայ կեանքի գրեթէ բոլոր մարզերէն ներս սպրդած է։ (բ) Աշխարհի մէջի խաբէութիւնը ինչո՞ւ մեզ չի զարմացներ։
«ՁԵԶՄԷ քանի՞ հոգի ունեցած է յաճախորդ մը որ չէ ստած»։ Քանի մը տարի առաջ այս հարցումը հարցուց օրէնքի ուսուցչապետ մը, որ փորձագիտանք մը կ’ընէր։ Պատասխա՞նը։ Ան կը բացատրէ. «Հազարաւոր փաստաբաններէն միայն մէկը չէր ունեցած յաճախորդ մը որ ստած էր»։ Պատճա՞ռը։ «Փաստաբանը տակաւին նոր սկսած էր աշխատիլ մեծ հաստատութեան մը հետ եւ դեռ յաճախորդի մը հետ խօսած չէր»։ Այս փորձառութիւնը տխուր ճշմարտութիւն մը կը յայտնէ. ստախօսութիւնը եւ խաբէութիւնը սովորական են ներկայ աշխարհին մէջ։
2 Խաբէութեան տեսակները շատ են եւ անիկա արդի կեանքի գրեթէ բոլոր մարզերէն ներս սպրդած է։ Լրատուամիջոցներու տեղեկագրութիւնները օրինակներով լեցուն են. քաղաքագէտներ կը ստեն իրենց արարքներուն շուրջ, հաշուապահներ ու փաստաբաններ ընկերութիւններու շահերը կը խարդախեն, ծանուցում ընողները կը մոլորեցնեն գնորդները, դատ բացողները կը խաբեն ապահովագրական ընկերութիւնները, եւ շարքը երկար է։ Կայ նաեւ կրօնական խաբէութիւնը։ Կղերները կը մոլորեցնեն ժողովուրդը, սխալ վարդապետութիւններ սորվեցնելով, ինչպէս՝ հոգիի անմահութիւնը, դժոխքի կրակը եւ Երրորդութիւնը։—Բ. Տիմոթէոս 4։3, 4
3 Այս խաբէութիւնները պէ՞տք է զարմացնեն մեզ։ Իրականութեան մէջ, ո՛չ։ «Վերջին օրեր»ու մասին, Աստուածաշունչը զգուշացուց. «Չար ու խաբեբայ մարդիկ չարութեան մէջ պիտի յառաջանան՝ մոլորեցնելով ու մոլորելով»։ Բ. Տիմոթէոս 3։1, 13) Քրիստոնեաներ ըլլալով, աչալուրջ պէտք է ըլլանք մոլորեցուցիչ գաղափարներու նկատմամբ, որոնք կրնան մեզ հեռացնել ճշմարտութենէն։ Բնականաբար երկու հարցումներ կը յարուցուին. Ինչո՞ւ ներկայիս խաբէութիւնը այսքան համատարած է, եւ ի՞նչպէս կրնանք զգուշանալ խաբուելէ։
(Ինչո՞ւ Ներկայիս Խաբէութիւնը Համատարած Է
4. Ըստ Աստուածաշունչին, աշխարհի մէջ խաբէութիւնը ինչո՞ւ լայնատարած է։
4 Աստուածաշունչը յստակօրէն կը բացատրէ թէ ինչո՛ւ այս աշխարհին մէջ խաբէութիւնը լայնատարած է։ Յովհաննէս առաքեալ գրեց թէ «բոլոր աշխարհ չարին մէջ է»։ (Ա. Յովհաննու 5։19) Այդ «չար»ը Բանսարկու Սատանան է։ Անոր մասին Յիսուս ըսաւ. «Անիկա . . . ճշմարտութեան մէջ չկեցաւ, վասն զի անոր ներսիդին ճշմարտութիւն չկայ։ Երբ անիկա ստութիւն խօսի, բուն իրեններէն կը խօսի, քանզի անիկա ստախօս է եւ անոր հայրը»։ Ուստի զարմանալի՞ է որ այս աշխարհը իր կառավարիչին հոգին, արժէքները եւ խաբէութիւնները կ’արտացոլացնէ։—Յովհաննու 8։44. 14։30. Եփեսացիս 2։1-3
5. Սատանան ի՞նչպէս խաբելու իր ջանքերը կրկնապատկած է այս վերջին ժամանակին մէջ, իսկ մանաւանդ որո՞նք են իր թիրախը։
5 Այս վերջին ժամանակին, Սատանան իր ջանքերը կրկնապատկած է։ Ան երկիր նետուած է։ Գիտնալով որ իր ժամանակը կարճ է, ան «շատ բարկացած է»։ Վճռած ըլլալով կարելի եղածին չափ շատ մարդ կործանել, ան ‘բոլոր աշխարհ կը մոլորեցնէ’։ (Յայտնութիւն 12։9, 12) Սատանան պատահական խաբող մը չէ։ Ան մարդկութիւնը մոլորեցնելու իր ջանքերուն մէջ դադար չունի։ * Ան իր զինամթերքին մէջ ունեցած խաբելու ամէն գործիք կը գործածէ,– մէջը ըլլալով խարդախութիւնն ու նենգութիւնը,– անհաւատներուն միտքը կուրցնելու ու զանոնք Աստուծմէ հեռու պահելու համար։ (Բ. Կորնթացիս 4։4) Այս վարպետ խաբողը յատկապէս վճռած է կլլել զանոնք, որ Աստուած կը պաշտեն «հոգիով ու ճշմարտութիւնով»։ (Յովհաննու 4։24. Ա. Պետրոս 5։8) Բնա՛ւ մի մոռնաք Սատանայի մարտահրաւէրը. ‘Ես կրնամ ոեւէ մարդ Աստուծմէ հեռացնել’։ (Յոբայ 1։9-12) Այժմ նկատի առնենք Սատանայի կարգ մը «հնարքներ»ը եւ անոնցմէ զգուշանալու կերպերը։—Եփեսացիս 6։11
Զգուշացէ՛ք Հաւատուրացներու Կողմէ Խաբուելէ
6, 7. (ա) Հաւատուրացները ի՞նչ կրնան դաւանիլ։ (բ) Սուրբ Գրութիւնները ի՞նչպէս յստակօրէն ցոյց կու տան հաւատուրացներուն ուզածը։
6 Սատանան յաճախ հաւատուրացներ գործածած է Աստուծոյ ծառաները մոլորեցնելու համար։ (Մատթէոս 13։36-39) Հաւատուրացները կրնան դաւանիլ Եհովան պաշտել եւ Աստուածաշունչին հաւատալ, բայց անոր կազմակերպութեան տեսանելի մասը կը մերժեն։ Ոմանք նոյնիսկ կը վերադառնան «Մեծ Բաբելոն»ի՝ սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութեան՝ Աստուած անպատուող վարդապետութիւններուն։ (Յայտնութիւն 17։5. Բ. Պետրոս 2։19-22) Աստուածային ներշնչման ներքեւ, Աստուածաշունչը գրողները ազդու բառեր գործածեցին հաւատուրացներուն շարժառիթներն ու կերպերը քօղազերծելու համար։
7 Հաւատուրացներուն ուզածը ի՞նչ է։ Անոնցմէ շատեր չեն բաւարարուիր նախապէս ճշմարտութիւն նկատած իրենց հաւատքը լքելով։ Անոնք յաճախ կ’ուզեն ուրիշները իրենց հետ տանիլ։ Փոխանակ դուրս ելլելով իրենց աշակերտներ շինելու, հաւատուրացներէն շատեր կը ջանան Քրիստոսի «աշակերտները իրենց ետեւէն քաշել»։ (Գործք 20։29, 30) Կեղծ ուսուցիչներու մասին Պօղոս առաքեալ հետեւեալ ազդարարութիւնը տուաւ. «Զգուշացէ՛ք, չըլլայ թէ մէկը ձեզ գերի դարձնէ»։ (Կողոսացիս 2։8) Ասիկա չի՞ նկարագրեր հաւատուրացներէն շատերուն ըրածը։ Առեւանգիչի մը նման որ անզգոյշ անհատը իր ընտանիքէն կը հեռացնէ, հաւատուրացները կ’որսան ու կը ջանան հօտէն հեռացնել ժողովքի այն անդամները, որ կը խորհին թէ իրենք անկեղծ են։
8. Հաւատուրացները ի՞նչ կերպեր կը գործածեն իրենց նպատակին հասնելու համար։
8 Հաւատուրացները ի՞նչ կերպեր կը գործածեն իրենց նպատակին հասնելու համար։ Անոնք յաճախ կը դիմեն խեղաթիւրումներու, կէս–ճշմարտութիւններու եւ բացայայտ սուտերու։ Մատթէոս 5։11, Անթիլիաս) Այս չարամիտ հակառակորդները շիտակ չեղող բաներ պիտի ըսէին, ուրիշները խաբելու համար։ Պետրոս առաքեալ հաւատուրացներէն զգուշացուց, որոնք «հնարուած խօսքեր» պիտի գործածէին, «խաբէութիւններ» պիտի տարածէին եւ ‘Սուրբ Գրութիւնները ծուռ պիտի մեկնէին’, իրենց նպատակները իրագործելու համար։ (Բ. Պետրոս 2։3, 13. 3։16) Ցաւալի է որ հաւատուրացները «կը կործանեն ոմանց հաւատքը»։—Բ. Տիմոթէոս 2։18
Յիսուս գիտցաւ որ իր հետեւորդները «ամէն տեսակի զրպարտութեան» ենթակայ պիտի ըլլային։ (9, 10. (ա) Հաւատուրացներուն կողմէ խաբուելէ ի՞նչպէս կրնանք զգուշանալ։ (բ) Երբ Աստուծոյ նպատակին մեր հասկացողութիւնը ճշդումի ենթարկուի, ասիկա ինչո՞ւ մեզ չի խանգարեր։
9 Հաւատուրացներուն կողմէ խաբուելէ ի՞նչպէս կրնանք զգուշանալ։ Աստուծոյ Խօսքին խրատին անսալով, որ կ’ըսէ. «Ուշադի՛ր եղէք անոնց՝ որ կը գոյացնեն բաժանումներ եւ գայթակղութիւններ, հակառակ ձեր սորված ուսուցումին, ու հեռացէ՛ք անոնցմէ»։ (Հռովմայեցիս 16։17, ԱՎ) ‘Անոնցմէ կը հեռանանք’, մերժելով անոնց պատճառաբանութիւնները, որոնք կու գան ուղղակի անհատներէ, հրատարակութիւններէ կամ Համացանցի միջոցով։ Ինչո՞ւ այս կեցուածքը։ Նախ, անոր համար որ Աստուծոյ Խօսքը մեզի այս ուղղութիւնը կու տայ, եւ մենք վստա՛հ ենք որ Եհովա միշտ մեր լաւագոյն շահերը ի մտի ունի։—Եսայեայ 48։17, 18
10 Երկրորդ, կը սիրենք այն կազմակերպութիւնը որ մեզի սորվեցուցած է թանկարժէք ճշմարտութիւնները, որոնք բացայայտօրէն մեզ կ’անջատեն Մեծն Բաբելոնէն։ Միեւնոյն ժամանակ, կը գիտակցինք որ Աստուծոյ նպատակին մասին մեր գիտութիւնը կատարեալ չէ. տարիներու ընթացքին մեր հասկացողութիւնը ճշդումի ենթարկուած է։ Հաւատարիմ Քրիստոնեաները Եհովայի կը նային այսպիսի յղկումներու համար։ (Առակաց 4։18) Մինչ այդ, մենք չենք լքեր այն կազմակերպութիւնը որ Աստուած կը գործածէ, քանի որ անոր վրայ Իր օրհնութիւնը բացայայտ է։—Գործք 6։7. Ա. Կորնթացիս 3։6
Զգուշացէ՛ք Ինքնախաբէութենէ
11. Անկատար մարդիկ ինչո՞ւ հակում ունին իրենք զիրենք խաբելու։
11 Անկատար մարդիկ հակում մը ունին, որ Սատանան անյապաղ կը շահագործէ. ինքնախաբէութիւնը։ «Սիրտը ամէն բանէն աւելի խաբեբայ ու խիստ չար է», կ’ըսէ Երեմեայ 17։9–ն։ Իսկ Յակոբոս գրեց. «Ամէն մէկը կը փորձուի՝ իր ցանկութիւններէն հրապուրուած ու խաբուած»։ (Յակոբու 1։14) Եթէ մեր սիրտը հրապուրուի, կրնայ մեղքը մեր դիմաց հրապուրիչ կերպով երերցնել, զայն գրաւիչ ու անվնաս ցոյց տալով։ Այս տեսակէտը խաբէական է, քանի որ մեղքի անձնատուր ըլլալը վերջապէս կը կործանէ անհատը։—Հռովմայեցիս 8։6
12. Ի՞նչ կերպերով ինքնախաբէութեան որոգայթին մէջ կրնանք իյնալ։
12 Ինքնախաբէութիւնը դիւրաւ կրնայ մեզ ծուղակը ձգել։ Խաբեբայ սիրտը կրնայ արդարացնել անձնաւորութեան լուրջ թերացում մը կամ ծանր մեղք մը։ (Ա. Թագաւորաց 15։13-15, 20, 21) Մեր ճարահատ սիրտը կրնայ նաեւ հարցական եղող վարք մը արդարացնելու կերպեր փնտռել։ Առէք, զոր օրինակ, ժամանցի հարցը։ Կարգ մը ժամանցներ օգտակար ու հաճելի են։ Սակայն ինչ որ այս աշխարհը կը հրամցնէ շարժապատկերով, հեռատեսիլով եւ Համացանցով, մեծաւ մասամբ պիղծ ու անբարոյ է։ Հեշտ է մենք մեզ համոզել որ կրնանք վատահամբաւ ժամանցներ դիտել առանց վնասուելու։ Ոմանք նոյնիսկ կը պատճառաբանեն. «Անիկա խիղճս չ’անհանգստացներ, ուստի խնդիր չկայ»։ Բայց այսպիսի անհատներ ‘ինքզինքնին կը խաբեն’։—Յակոբու 1։22
13, 14. (ա) Սուրբ գրային ո՞ր օրինակը ցոյց կու տայ որ մեր խիղճը միշտ ապահով ուղեցոյց մը չէ։ (բ) Ինքնախաբէութենէ ի՞նչպէս կրնանք զգուշանալ։
13 Ի՞նչպէս կրնանք զգուշանալ ինքնախաբէութենէ։ Նախ, պէտք չէ մոռնանք թէ մարդկային Գործք 9։1, 2) Այդ ժամանակ իր խիղճը զինք չէր տանջեր։ Բացորոշ է որ իր խիղճը սխալ ուղղուած էր։ «Անհաւատութեան մէջ եւ չգիտնալով ըրի», ըսաւ Պօղոս։ (Ա. Տիմոթէոս 1։13) Ուստի, երբ որոշ ժամանց մը չի նեղացներ մեր խիղճը, ինքնին երաշխիք մը չէ որ մեր ընթացքը շիտակ է։ Միայն Աստուծոյ Խօսքով պատշաճօրէն մարզուած առողջ խիղճը կրնայ ապահով ուղեցոյց մը ըլլալ։
խիղճը միշտ վստահելի չէ։ Նկատի առէք Պօղոս առաքեալի պարագան։ Ան Քրիստոնեայ մը ըլլալէն առաջ, Քրիստոսի հետեւորդները հալածեց։ (14 Ինքնախաբէութենէ խուսափելու համար, պէտք է մեր միտքը պահենք կարգ մը օգտակար թելադրութիւններ։ Ջերմեռանդ աղօթքով ինքնաքննութիւն մը կատարեցէք։ (Սաղմոս 26։2. Բ. Կորնթացիս 13։5) Անկեղծ ինքնաքննութիւնը թերեւս երեւան հանէ թէ կարիքը ունիք կարգ մը տեսակէտներու ու կերպերու մէջ փոփոխութիւններ ընելու։ Ուրիշներու լսեցէք։ (Յակոբու 1։19) Որովհետեւ ինքնաքննութիւնը ձեր անձին կը վերաբերի, իմաստութիւն է լսել հասուն Քրիստոնեաներու առարկայական խօսքերը։ Եթէ տեսնէք որ որոշումներ կը կայացնէք կամ այնպէս կը վարուիք որ հաւասարակշռուած ու փորձառու հաւատակիցներու աչքին հարցական են, դուք ձեզի հարցուցէք. ‘Կրնա՞յ ըլլալ որ խիղճս լաւ կերպով մարզուած չէ, կամ թէ սիրտս կը խաբէ զիս’։ Կանոնաւորաբար կերակրուեցէք Աստուածաշունչով եւ սուրբ գրային հրատարակութիւններով։ (Սաղմոս 1։2) Ասիկա պիտի օգնէ որ ձեր խորհուրդները, կեցուածքը եւ զգացումները աստուածային սկզբունքներուն հետ ներդաշնակ մնան։
Զգուշացէ՛ք Սատանայի Սուտերէն
15, 16. (ա) Ջանալով մեզ խաբել, Սատանան ի՞նչ սուտեր կը գործածէ։ (բ) Ի՞նչպէս կրնանք այս սուտերէն խաբուելէ խուսափիլ։
15 Սատանան այլազան սուտեր կը գործածէ, ջանալով մեզ խաբել։ Ան կը փորձէ մեզ համոզել թէ նիւթական ստացուածքները ուրախութիւն եւ գոհունակութիւն կու տան, սակայն յաճախ հակառակը շիտակ է։ (Ժողովողի 5։10-12) Ան կ’ուզէ որ հաւատանք թէ այս ամբարիշտ աշխարհը յաւիտեան պիտի գոյատեւէ, թէեւ բացայայտ է որ «վերջին օրեր»ուն մէջ կ’ապրինք։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1-5) Սատանան կը յառաջացնէ այն գաղափարը թէ անբարոյ կենցաղ մը հետապնդելը վնասակար չէ, հակառակ անոր որ հաճոյասէր անհատներ յաճախ դառն հետեւանքներ կը հնձեն։ (Գաղատացիս 6։7, 8) Ի՞նչպէս կրնանք այսպիսի սուտերէ խաբուելէ խուսափիլ։
16 Սուրբ գրային օրինակներէն օգտուեցէ՛ք։ Աստուածաշունչը կը պարունակէ ազդարարական օրինակներ անհատներու մասին, որոնք խաբուեցան Սատանայի սուտերէն։ Անոնք սիրեցին նիւթական բաները, իրենց ապրած ժամանակներուն կարեւորութեան վրայ չկեդրոնացան կամ անձնատուր եղան անբարոյութեան, քաղելով գէշ հետեւանքներ։ (Մատթէոս 19։16-22. 24։36-42. Ղուկաս 16։14. Ա. Կորնթացիս 10։8-11) Արդի օրինակներէն սորվեցէ՛ք։ Ցաւօք սրտի, երբեմն կարգ մը Քրիստոնեաներ ժամանակին ստիպողական ըլլալը կը մոռնան եւ կը սկսին խորհիլ թէ Աստուծոյ ծառայելով լաւ բան մը կը կորսնցնեն։ Անոնք թերեւս ճշմարտութիւնը կը ձգեն, հաճոյքներ հետապնդելու համար։ Սակայն այսպիսի անհատներ «սահուն տեղեր» կեցած են, քանի որ ուշ կամ կանուխ իրենց անբարեպաշտ վարքին հետեւանքը պիտի կրեն։ (Սաղմոս 73։18, 19) Իմաստութիւն է ուրիշներու սխալէն սորվիլ։—Առակաց 22։3
17. Սատանան ինչո՞ւ այն սուտը կը յառաջացնէ թէ Եհովա ո՛չ կը սիրէ եւ ոչ կ’արժեւորէ մեզ։
17 Սատանան ազդու կերպով ուրիշ սուտ մըն ալ գործածած է, որ է՝ թէ Եհովա ո՛չ կը սիրէ եւ ոչ կ’արժեւորէ մեզ։ Սատանան հազարաւոր տարիներէ ի վեր կ’ուսումնասիրէ անկատար մարդիկը։ Ան շատ լաւ գիտէ թէ վհատութիւնը կրնայ տկարացնել մեզ։ (Առակաց 24։10) Ուստի ան կը յառաջացնէ այն սուտը թէ մենք անարժէք ենք Աստուծոյ աչքին։ Եթէ «վար ձգուած» ըլլանք եւ համոզուինք որ Եհովա մեր մասին չի մտածեր, կրնանք փորձուիլ ձեռնթափ ըլլալ։ (Բ. Կորնթացիս 4։9) Մեծ Խաբողը ճիշդ այս է որ կ’ուզէ։ Արդ, ի՞նչպէս կրնանք այս սատանայական սուտէն խաբուելէ զգուշանալ։
18. Աստուածաշունչը ի՞նչպէս մեզի հանդէպ Եհովայի սէրը կ’երաշխաւորէ։
18 Մեզի հանդէպ Աստուծոյ ունեցած սիրոյն մասին Աստուածաշունչին ըսածին վրայ խոկացէ՛ք։ Աստուծոյ Խօսքը յուզիչ պատկերալից Սաղմոս 56։8) Ան գիտէ երբ ձեր «սիրտը կոտրած է», եւ այսպիսի պահերուն ան ձեր կողքին է։ (Սաղմոս 34։18) Ան ձեր մասին ամէն մանրամասնութիւն գիտէ, նոյնիսկ «ձեր գլխուն բոլոր մազեր»ուն համրանքը։ (Մատթէոս 10։29-31) Բայց ամէն բանէ առաջ, Աստուած «իր միածին Որդին տուաւ» ձեզի համար։ (Յովհաննու 3։16. Գաղատացիս 2։20) Երբեմն, թերեւս չէք հաւատար որ այսպիսի համարներ անձնապէս կը կիրարկուին ձեզի։ Բայց Եհովայի խօսքին պէտք է վստահինք։ Ան կ’ուզէ որ հաւատանք որ մեզ կը սիրէ, ո՛չ միայն որպէս խումբ, այլ նաեւ անհատապէս։
լեզու կը գործածէ մեզ վստահեցնելու համար թէ Եհովա կը նշմարէ ու կը սիրէ մեզ՝ անհատապէս։ Ան ձեր արցունքները իր «տիկ»ին մէջ կը դնէ. այսինքն ան կը տեսնէ ու կը յիշէ հաւատարիմ մնալու ձեր պայքարին մէջ ձեր թափած արցունքները։ (19, 20. (ա) Ինչո՞ւ կարեւոր է ճանչնալ ու մերժել սատանայական այն սուտը, թէ Եհովա ձեզ չի սիրեր։ (բ) Ճամբորդող տեսուչ մը ի՞նչպէս վհատած անհատներու օգնած է։
19 Սուտը ճանչցէ՛ք ու զայն մերժեցէ՛ք։ Եթէ գիտէք որ անհատ մը կը ստէ, դուք ձեզ կը պաշտպանէք որ չխաբուիք։ Նոյնպէս, գիտնալը թէ Սատանան կ’ուզէ որ հաւատաք այն սուտին թէ Եհովա չի սիրեր ձեզ, ինքնին մեծ օգնութիւն մըն է։ Սատանայի ռազմավարութեան մասին զգուշացնող Դիտարան–ի մէկ յօդուածին ընդառաջելով, Քրիստոնեայ կին մը ըսաւ. «Բնաւ չէի անդրադարձած որ Սատանան կը ջանայ զգացումներս գործածել զիս վհատեցնելու համար։ Ասոր գիտակցիլը զիս կը մղէ որ այդ զգացումներուս դէմ պայքարիմ»։
20 Նկատի առէք Հարաւային Ամերիկեան երկրէ մը ճամբորդող տեսուչի մը փորձառութիւնը։ Երբ վհատած հաւատակիցներու հովուական այցելութիւն կ’ընէ, ան յաճախ կը հարցնէ. ‘Երրորդութեան կը հաւատա՞ս’։ Վհատած անհատը սովորաբար կը պատասխանէ. ‘Անշո՛ւշտ ոչ’, գիտակցելով որ ասիկա Սատանայի սուտերէն մէկն է։ Ապա ճամբորդող տեսուչը կը հարցնէ. ‘Դժոխքի կրակին կը հաւատա՞ս’։ Ան դարձեալ կը պատասխանէ. ‘Անշո՛ւշտ ոչ’։ Անկէ ետք ճամբորդող տեսուչը անոնց կ’ըսէ թէ սատանայական ուրիշ սուտ մըն ալ կայ, որուն սովորաբար չենք անդրադառնար։ Անոնց ուշադրութեան կը յանձնէ Եհովայի Մօտեցէք * գիրքին 249–րդ էջի 21–րդ պարբերութիւնը, որ կը քօղազերծէ այն սուտը թէ Եհովա մեզ անհատապէս չի սիրեր։ Այսպէս օգնելով վհատած անհատներուն որ սատանայական այս սուտը ճանչնան ու զայն մերժեն, ճամբորդող տեսուչը դրական արդիւնքներու հասած է։
Դուք Ձեզ Պահպանեցէք Խաբէութենէ
21, 22. Սատանայի հնարքներուն մասին ինչո՞ւ խաւարի մէջ չենք, իսկ ի՞նչ պէտք է վճռենք։
21 Վերջին օրերու այս վերջին մասին ընթացքին, կ’ակնկալուի որ Սատանան շարունակէ սուտերու ու խաբէութեան ալիք մը բերել։ Բարեբախտաբար Եհովա մեզ խաւարի մէջ չէ ձգած Սատանայի հնարքներուն մասին։ Աստուածաշունչը եւ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին սուրբ գրային գրականութիւնները յստակօրէն կը քօղազերծեն Բանսարկուին չարամիտ կերպերը։ (Մատթէոս 24։45) Նախապէս ազդարարուած ըլլալով, կանխազինուած ենք։—Բ. Կորնթացիս 2։11
22 Արդ, հաւատուրացներու պատճառաբանութիւններէն զգուշանանք։ Վճռենք ինքնախաբէութեան խորամանկ որոգայթէն խուսափիլ։ Եւ Սատանայի բոլոր սուտերը ճանչնանք ու զանոնք մերժենք։ Այսպէս վարուելով, պիտի պահպանենք մեր յարաբերութիւնը ‘ճշմարտութեան Աստուծոյն’ հետ, որ խաբէութիւնը կ’ատէ։—Սաղմոս 31։5. Առակաց 3։32
[Ստորանիշներ]
^ պարբ. 5 Յայտնութիւն 12։9–ի մէջ ‘կը մոլորեցնէ’ թարգմանուած բային նկատմամբ, աշխատասիրութիւն մը կ’ըսէ թէ անիկա «շարունակական գործողութիւն մը ցոյց կու տայ, որ անբաժան նկարագրի գիծ դարձած է»։
^ պարբ. 20 Հրատարակուած՝ Եհովայի Վկաներուն կողմէ։
Կը յիշէ՞ք
• Ներկայ աշխարհին մէջ ինչո՞ւ այսքան խաբէութիւն կայ։
• Հաւատուրացներու կողմէ խաբուելէ ի՞նչպէս կրնանք զգուշանալ։
• Ինքնախաբէութեան որեւէ հակումէ ի՞նչպէս կրնանք զգուշանալ։
• Սատանայական սուտերէ խաբուելէ ի՞նչպէս կրնանք խուսափիլ։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 15]
Ժամանցներու նկատմամբ դուք ձեզ մի՛ խաբէք
[Նկարներ՝ էջ 16]
Ինքնախաբէութենէ զգուշանալու համար, ջերմեռանդ աղօթքով դուք ձեզ քննեցէք, ուրիշներու լսեցէք եւ կանոնաւորաբար Աստուծոյ Խօսքէն կերակրուեցէք