Յաւիտեան Եհովայի անունով պիտի քալենք
Յաւիտեան Եհովայի անունով պիտի քալենք
«Մենք յաւիտեանս յաւիտենից մեր Տէր Աստուծոյն անունովը պիտի քալենք»։—ՄԻՔԻԱՅ 4։5
1. Միքիայ գիրքին 3-5–րդ գլուխներուն մէջ ի՞նչ պատգամներ արձանագրուած են։
ԵՀՈՎԱ իր ժողովուրդին ըսելիք ունի, եւ Միքիան կը գործածէ որպէս իր մարգարէն։ Աստուծոյ նպատակն է յանցագործներուն դէմ գործի լծուիլ։ Ան Իսրայէլը պիտի պատժէ իր ապստամբութեան համար։ Սակայն Եհովա պիտի օրհնէ իր անունով քալողները։ Այս պատգամները յստակօրէն արտայայտուած են Միքիայի մարգարէութեան 3-5–րդ գլուխներուն մէջ։
2, 3. (ա) Իսրայէլի առաջնորդները ո՞ր յատկութիւնը պէտք է ցուցաբերեն, բայց իրականութեան մէջ ի՞նչ կ’ընեն։ (բ) Միքիայ 3։2, 3–ի մէջ գործածուած պատկերաւոր արտայայտութիւնները ի՞նչպէս կը բացատրէք։
2 Աստուծոյ մարգարէն կը յայտարարէ. «Հիմա լսեցէ՛ք, ո՛վ Յակոբի գլխաւորներ ու Իսրայէլի տանը իշխաններ. պէտք չէ՞ որ դուք իրաւունքը ճանչնաք»։ Այո, այս է որ կ’ակնկալուի իրենցմէ, բայց իրականութեան մէջ անոնք ի՞նչ կ’ընեն։ Միքիա կ’ըսէ. «Դուք որ աղէկութիւնը կ’ատէք ու չարութիւնը կը սիրէք, մարդոց վրայէն մորթերն ու անոնց ոսկորներէն միսերը կը հանէք։ Անոնք, որ իմ ժողովուրդիս միսը կ’ուտեն, անոնց վրայէն մորթերը կը հանեն, անոնց ոսկորները կը փշրեն, զանոնք պտուկի մէջ ու կաթսայի մէջ եփելու միսի պէս կտոր կտոր կ’ընեն»։—Միքիայ 3։1-3
3 Այո, առաջնորդները կը հարստահարեն աղքատները, անպաշտպան մարդիկը։ Միքիայի ունկնդիրները հոս գործածուած պատկերաւոր արտայայտութիւնները դիւրաւ կը հասկնան։ Եթէ մորթուած ոչխար մը խաշուելով պիտի պատրաստուի, նախ անոր մորթը կը հանեն, ապա ոսկորները իրենց տեղէն կը հանեն։ Երբեմն ոսկորները կը փշրեն, անոնց ծուծը հանելու համար։ Թէ՛ միսը եւ թէ ոսկորները կը խաշեն Միքիայի յիշածին նման մեծ կաթսայի մէջ։ (Եզեկիէլ 24։3-5, 10) Ի՜նչ յարմար լուսաբանութիւն մը՝ չար առաջնորդներուն ձեռքով Միքիայի օրուան ժողովուրդին կրած անգութ վերաբերումին մասին։
Եհովա կ’Ակնկալէ որ Իրաւունք Գործադրենք
4. Եհովայի ու Իսրայէլի առաջնորդներուն միջեւ ի՞նչ հակադրութիւն կայ։
4 Սիրալիր Հովիւը՝ Եհովա, ճիշդ հակապատկերն է Իսրայէլի առաջնորդներուն։ Քանի որ իրաւունք չեն գործադրեր, անոնք հօտը պաշտպանելու իրենց յանձնարարութիւնը կատարելու մէջ կը թերանան։ Փոխարէն, անոնք անձնասիրաբար կը շահագործեն այլաբանական ոչխարները, զանոնք իրաւունքէ զրկելով եւ արիւնահեղութեան ենթարկելով, ինչպէս նշուած է Միքիայ 3։10–ի մէջ։ Այս պարագայէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։
5. Եհովա իր ժողովուրդին մէջ առաջնորդութիւն առնողներէն ի՞նչ կ’ակնկալէ։
5 Աստուած իր ժողովուրդին մէջ առաջնորդութիւն առնողներէն կ’ակնկալէ որ իրաւունք գործադրեն։ Ներկայիս այս է որ կը գտնենք Եհովայի ծառաներուն մէջ։ Ասկէ զատ, անիկա ներդաշնակ է Եսայեայ 32։1–ի հետ, ուր կը կարդանք. «Ահա թագաւոր մը արդարութեամբ պիտի թագաւորէ ու իշխանները իրաւունքով պիտի իշխեն»։ Սակայն Միքիայի օրերուն ի՞նչ կը գտնենք։ ‘Աղէկութիւն ատողներն ու չարութիւն սիրողները’ կը շարունակեն իրաւունքը խեղաթիւրել։
Որո՞նց Աղօթքները կը Պատասխանուին
6, 7. Միքիայ 3։4–ի մէջ ի՞նչ կարեւոր կէտ մը կ’ընդգծուի։
6 Միքիայի ամբարիշտ ժամանակակիցները կրնա՞ն Եհովայի հաճութիւնը ակնկալել։ Անշուշտ ո՛չ։ Միքիայ 3։4–ը կ’ըսէ. «Տէրոջը պիտի աղաղակեն, բայց անոնց պատասխան պիտի չտայ ու այն ժամանակ իր երեսը անոնցմէ պիտի ծածկէ, վասն զի անոնք չար գործեր ըրին»։ Ասիկա շատ կարեւոր կէտ մը կ’ընդգծէ։
7 Եհովա մեր աղօթքներուն պիտի չպատասխանէ եթէ մեղք գործելը սովորութիւն դարձնենք։ Մանաւանդ եթէ կրկնակի կեանք մը կ’ապրինք, մեր յանցագործութիւնը ծածկելով ու Աստուծոյ հաւատարմօրէն ծառայել դաւանելով։ Սաղմոս 26։4–ի համաձայն, Դաւիթ տաղերգեց. «Խարդախ մարդոց հետ չնստեցայ ու կեղծաւորներու պիտի չընկերանամ»։ Ո՛չ ալ Եհովա պիտի պատասխանէ անոնց աղօթքներուն, որոնք դիտումնաւոր կերպով իր Խօսքը կը բեկանեն։
Զօրացած՝ Աստուծոյ Հոգիով
8. Միքիայի օրուան սուտ մարգարէները ի՞նչ ազդարարութիւն ստացան։
8 Իսրայէլի հոգեւոր առաջնորդներուն մէջ ի՜նչ ողբալի արարքներ սովորական դարձած են։ Սուտ մարգարէները պատճառ կ’ըլլան որ Աստուծոյ ժողովուրդը հոգեւորապէս մոլորի։ Ագահ առաջնորդները «խաղաղութիւն» կը յայտարարեն, սակայն իրականութեան մէջ պատերազմ կը սրբացնեն ոեւէ անհատի դէմ որ իրենց բերանը բան չի դներ։ «Հետեւաբար», կ’ըսէ Եհովա, «գիշեր պիտի ունենաք առանց տեսիլքի, խաւար պիտի ունենաք առանց դիւթութեան. արեւը մայր պիտի մտնէ մարգարէներուն վրայ, օրը պիտի խաւարի անոնց վրայ։ Տեսանողները պիտի ամչնան, դիւթերը պիտի շիկնին. բոլորն ալ իրենց պեխը պիտի ծածկեն»։—Միքիայ 3։5-7ա, Արեւմտահայերէն՝ Վերագրումներով
9, 10. ‘Պեխը ծածկելը’ ի՞նչ կը նշանակէ, եւ Միքիա ինչո՞ւ ասիկա ընելու պատճառ մը չունի։
9 Ինչո՞ւ ‘պեխը ծածկել’։ Ասիկա բան մըն է որ Միքիայի ամբարիշտ ժամանակակիցները կ’ընեն իրենց ամչնալէն։ Իսկ այս չար տղամարդիկը պէտք է ամչնան։ ‘Աստուծմէ պատասխան մը չկայ’ անոնց։ (Միքիայ 3։7բ) Եհովա ուշադրութիւն չ’ընծայեր հպարտ ամբարիշտներու աղօթքներուն։
10 Միքիա իր ‘պեխը ծածկելու’ պատճառ մը չունի։ Ան չ’ամչնար։ Եհովա կը պատասխանէ անոր աղօթքներուն։ Նկատի առէք Միքիայ 3։8–ն, ուր հաւատարիմ մարգարէն կ’ըսէ. «Սակայն ես Տէրոջը Հոգիովը՝ զօրութեամբ, դատաստանով եւ արիութեամբ լեցուած եմ»։ Միքիա որքա՜ն շնորհապարտ է որ իր երկար ու հաւատարիմ ծառայութեան ընթացքին, միշտ ‘Տէրոջը Հոգիովը՝ զօրութեամբ լեցուած է’։ Ասիկա իրեն զօրութիւն տուած է որ ‘Յակոբին իր յանցանքը ու Իսրայէլին իր մեղքը յայտնէ’։
11. Աստուծոյ պատգամները ծանուցանելու համար, մարդկային արարածներ ի՞նչպէս զօրութիւն կը ստանան։
11 Միքիա Աստուծոյ դատաստանական պատգամը ծանուցանելու համար մարդկային զօրութենէն աւելիին կարիքը ունի։ Եհովայի հոգին, կամ զօրաւոր գործօն ուժը, կենսական է։ Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ մեր մասին։ Մեր քարոզչական յանձնարարութիւնը կրնայ կատարուիլ միայն եթէ Եհովա մեզ զօրացնէ իր սուրբ հոգիին միջոցով։ Անտարակոյս, քարոզելու փորձերը բոլորովին պիտի ձախողին, եթէ կամովին մեղք կը գործենք։ Այդ պարագային, այս գործը կատարելու համար զօրութիւն խնդրելու նպատակաւ եղած մեր աղօթքներուն Աստուած չի պատասխաներ։ Վստահաբար չենք կրնար մեր երկնաւոր Հօրը դատաստանական պատգամները ծանուցանել, եթէ «Տէրոջը Հոգին» մեզի հետ չըլլայ։ Լսելի աղօթքներով եւ սուրբ հոգիին օգնութեամբ, կրնանք Աստուծոյ խօսքը խիզախօրէն խօսիլ՝ Միքիայի նման։
12. Յիսուսի նախկին աշակերտները ինչո՞ւ կրնային ‘բոլոր համարձակութիւնով Աստուծոյ խօսքը խօսիլ’։
12 Թերեւս յիշէք Գործք Առաքելոց 4։23-31–ի մէջ արձանագրուած դէպքը։ Երեւակայեցէք որ Յիսուսի առաջին դարու աշակերտներէն մէկն էք։ Մոլեռանդ հալածիչներ կը ջանան Քրիստոսի հետեւորդները լռեցնել։ Սակայն այս հաւատարիմները կ’աղօթեն իրենց Գերիշխան Տիրոջ, պաղատելով. «Ո՛վ Տէր, նայէ անոնց սպառնալիքներուն ու շնորհէ քու ծառաներուդ, որպէս զի բոլոր համարձակութիւնով քու խօսքդ խօսինք»։ Արդի՞ւնքը։ Երբ անոնք աղօթք կ’ընեն, կը շարժի այն տեղը՝ ուր հաւաքուած են եւ ամէնքը սուրբ հոգիով կը լեցուին ու Աստուծոյ խօսքը համարձակ կը խօսին։ Հետեւաբար, աղօթքով Եհովայի դիմենք եւ սուրբ հոգիին միջոցով իր տուած օգնութեան ապաւինինք, մինչ մեր ծառայութիւնը կը կատարենք։
13. Երուսաղէմի ու Սամարիոյ ի՞նչ պիտի պատահի, եւ ինչո՛ւ։
13 Դարձեալ մտածենք Միքիայի ապրած ժամանակին մասին։ Միքիայ 3։9-12–ի համաձայն, արիւնապարտ կառավարիչները կաշառքով կը դատեն, քահանաները դրամով կը սորվեցնեն, եւ սուտ մարգարէները ստակով գուշակութիւն կ’ընեն։ Զարմանալի չէ որ Աստուած կը վճռէ Յուդայի մայրաքաղաքը՝ Երուսաղէմը՝ «աւերակներու դէզ»ի վերածել։ Որովհետեւ սուտ պաշտամունքն ու բարոյական ապականութիւնը կ’ուռճանան նաեւ Իսրայէլի մէջ, Միքիան կը ներշնչուի որ ազդարարէ թէ Աստուած Սամարիան «քարակոյտի» պիտի վերածէ։ (Միքիայ 1։6) Իրականութեան մէջ մարգարէն կը տեսնէ Սամարիոյ նախագուշակուած կործանումը Ասորեստանի բանակներուն կողմէ՝ Հ.Դ.Ա. 740–ին։ (Դ. Թագաւորաց 17։5, 6. 25։1-21) Բացայայտ է թէ Երուսաղէմի ու Սամարիոյ դէմ այս զօրաւոր պատգամները, միայն Եհովայի զօրութեամբ կրնային ներկայացուիլ։
14. Միքիայ 3։12–ի մէջ արձանագրուած մարգարէութիւնը ի՞նչպէս կատարուեցաւ, եւ ասիկա ի՞նչպէս պէտք է ազդէ մեզի։
14 Յուդա ալ կ’ենթարկուի Եհովայի աննպաստ Միքիայ 3։12–ի մէջ արձանագրուած մարգարէութեան, Սիօն «ագարակի պէս պիտի հերկուի»։ ԻԱ. դարու մեր հասկացողութեամբ գիտենք որ այս բաները տեղի ունեցան, երբ Բաբելոնացիները Յուդան ու Երուսաղէմը աւերեցին՝ Հ.Դ.Ա. 607–ին։ Ասիկա Միքիան մարգարէանալէն տարիներ ետք կատարուեցաւ, սակայն ան վստահ էր ասկէ։ Մենք ալ նո՛յնքան վստահ պէտք է ըլլանք, թէ ներկայ իրերու ամբարիշտ դրութիւնը վերջ պիտի գտնէ նախագուշակուած «Աստուծոյ օրուան» մէջ։—Բ. Պետրոս 3։11, 12
դատավճիռին։ Առ ի կատարումԵհովա Հարցերը կը Շտկէ
15. Միքիայ 4։1-4–ի մէջ արձանագրուած մարգարէութիւնը ի՞նչպէս կրնաք ձեր բառերով նկարագրել։
15 Յետադարձ ակնարկ մը նետելով, կը տեսնենք թէ յաջորդիւ Միքիա յոյսի զգայացունց պատգամ մը կը ծանուցանէ։ Միքիայ 4։1-4–ի մէջ ի՜նչ սրտապնդիչ խօսքեր կը գտնենք։ Միքիա մասամբ կ’ըսէ. «Վերջին օրերը Տէրոջը տանը լեռը լեռներուն գլխուն վրայ պիտի հաստատուի, բլուրներէն վեր պիտի բարձրանայ, ժողովուրդները հեղեղի պէս անոր պիտի դիմեն։ . . . Անիկա շատ ժողովուրդներու մէջ դատաստան պիտի ընէ, զօրաւոր ազգերը՝ մինչեւ հեռաւոր տեղերը՝ պիտի յանդիմանէ։ Անոնք իրենց սուրերը՝ խոփեր, իրենց նիզակները յօտոցներ պիտի շինեն։ Ազգ ազգի վրայ սուր պիտի չվերցնէ եւ ա՛լ պատերազմ պիտի չսորվին, հապա ամէն մարդ իր որթատունկին տակ ու իր թզենիին տակ պիտի նստի, վախցնող պիտի չըլլայ. վասն զի զօրքերուն Տէրոջը բերանը խօսեցաւ»։
16, 17. Միքիայ 4։1-4–ը ներկայիս ի՞նչպէս կը կիրարկուի։
16 Հոս յիշուած «շատ ժողովուրդներ»ը եւ «զօրաւոր ազգերը» որո՞նք են։ Անոնք այս աշխարհի ազգերն ու կառավարութիւնները չեն։ Այլ, մարգարէութիւնը կը կիրարկուի բոլոր ազգերէն եղող անհատներու, որոնք Եհովայի ճշմարիտ պաշտամունքի լերան վրայ սրբազան ծառայութեան մէջ միացած են։
17 Միքիայի մարգարէութեան համաձայն, Եհովայի մաքուր պաշտամունքը շուտով կատարելապէս ի գործ պիտի դրուի համայն աշխարհի մէջ։ Ներկայիս, «յաւիտենական կեանքի տրամադրուած» անհատներ կը դաստիարակուին Եհովայի ճամբաներուն մէջ։ (Գործք 13։48, ՆԱ) Եհովա դատաստան կ’ընէ եւ հոգեւորապէս հարցերը կը շտկէ այն հաւատացեալներուն համար, որոնք Թագաւորութեան կողքին դիրք կը բռնեն։ Անոնք «մեծ նեղութենէն» պիտի վերապրին, որպէս «մեծ բազմութեան» մէկ մասը։ (Յայտնութիւն 7։9, 14) Իրենց սուրերը խոփերու վերածած ըլլալով, նոյնիսկ հիմա անոնք խաղաղութեամբ կ’ապրին Եհովայի Վկայ հաւատակիցներու եւ ուրիշներու հետ։ Անոնց մէջ գտնուիլը ի՜նչ ուրախութիւն է։
Վճռած՝ Եհովայի Անունով Քալել
18. ‘Ամէն մարդ իր որթատունկին տակ ու իր թզենիին տակ նստիլը’ ի՞նչ կը խորհրդանշէ։
18 Մեր օրերուն, երբ վախը չարաշուք ամպի մը նման երկիրը պատած է, կը հրճուինք որ շատեր Եհովայի ճամբաները կը սորվին։ Կը տենչանք այն ժամանակին, որ հիմա մօտ է, երբ բոլոր աստուածասէր անհատները պատերազմ պիտի չսորվին, այլ իրենց որթատունկին ու թզենիին տակ պիտի նստին։ Թզենիի ծառերը յաճախ կը տնկուին այգիներու մէջ։ (Ղուկաս 13։6) Ամէն մարդ իր որթատունկին եւ թզենիին տակ նստիլը, խաղաղ, բարգաւաճ եւ ապահով վիճակներ կը խորհրդանշէ։ Նոյնիսկ հիմա, Եհովայի հետ մեր յարաբերութիւնը մեզի կու տայ մտքի խաղաղութիւն եւ հոգեւոր ապահովութիւն։ Երբ Թագաւորութեան իշխանութեան ներքեւ այսպիսի պարագաներ գոյութիւն ունենան, վախէ զուրկ եւ բոլորովին ապահով պիտի ըլլանք։
19. Ի՞նչ կը նշանակէ Եհովայի անունով քալել։
19 Աստուածային հաճութիւնն ու օրհնութիւնը վայելելու համար, Եհովայի անունով պէտք է քալենք։ Ասիկա ուժգնօրէն արտայայտուած է Միքիայ 4։5–ի մէջ, ուր մարգարէն կ’ըսէ. «Բոլոր ժողովուրդները՝ ամէն մէկը իր աստուծոյն անունովը կը քալէ, բայց մենք յաւիտեանս յաւիտենից մեր Տէր Աստուծոյն անունովը պիտի քալենք»։ Եհովայի անունով քալելը չի նշանակեր պարզապէս ըսել թէ ան մեր Աստուածն է։ Անիկա քրիստոնէական ժողովներուն եւ Թագաւորութեան քարոզչութեան մէջ մեր մասնակցութիւնը բերելէն աւելին կը պահանջէ, թէեւ այս գործունէութիւններն ալ կենսական են։ Եթէ Եհովայի անունով կը քալենք, ուրեմն իրեն նուիրուած ենք եւ անձնուէր սէրէ մղուած կը ջանանք հաւատարմօրէն իրեն ծառայել։ (Մատթէոս 22։37) Եւ իր երկրպագուները ըլլալով, վստահաբար վճռած ենք յաւիտեան մեր Աստուծոյն՝ Եհովայի՝ անունով քալել։
20. Միքիայ 4։6-13–ի մէջ ի՞նչ մարգարէացուած էր։
Միքիայ 4։6-13–ի մարգարէական խօսքերը։ «Սիօնի աղջիկ»ը պէտք է աքսորուի ‘մինչեւ Բաբելոն’։ Ճիշդ ասիկա է որ պատահեցաւ Երուսաղէմի բնակիչներուն, Հ.Դ.Ա. եօթներորդ դարուն։ Այսուհանդերձ, Միքիայի մարգարէութիւնը ցոյց կու տայ թէ մնացորդ մը Յուդա պիտի վերադառնայ, եւ Սիօնի վերահաստատման ատեն Եհովա հոգ պիտի տանի որ անոր թշնամիները բնաջնջուին։
20 Այժմ նկատի առնենք21, 22. Միքիայ 5։2–ը ի՞նչպէս կատարուեցաւ։
21 Միքիայ գիրքին 5–րդ գլուխը կը նախագուշակէ այլ շշմեցուցիչ զարգացումներ։ Օրինակ, նկատի առէք Միքիայ 5։2-4–ի խօսքերը։ Միքիա կը մարգարէանայ որ Աստուծոյ կողմէ նշանակուած Իշխան մը,– որուն «ելքը հինէն» է,– պիտի ելլէ Բեթլէհէմէն։ Ան «Տէրոջը զօրութիւնովը» պիտի իշխէ իբրեւ հովիւ։ Ասկէ զատ, այս Իշխանը մեծ պիտի ըլլայ, ո՛չ միայն Իսրայէլի մէջ, այլ «մինչեւ երկրին ծայրերը»։ Անոր ինքնութիւնը կրնայ ընդհանուր աշխարհը շփոթութեան մէջ ձգել, բայց անիկա մեզի համար գաղտնիք մը չէ։
22 Բեթլէհէմի մէջ ցարդ ծնած ամենակարեւոր անձը ո՞վ եղած է, եւ ո՞վ մեծ պիտի ըլլայ «մինչեւ երկրին ծայրերը»։ Անիկա ուրիշ մէկը չէ, եթէ ոչ Մեսիան՝ Յիսուս Քրիստոսը։ Երբ Մեծն Հերովդէս քահանայապետներուն ու դպիրներուն հարցուց թէ Մեսիան ո՛ւր պիտի ծնէր, անոնք պատասխանեցին. «Հրէաստանի Բեթլէհէմին մէջ»։ Անոնք նոյնիսկ Միքիայ 5։2–ի խօսքերը մէջբերեցին։ (Մատթէոս 2։3-6) Հասարակ ժողովուրդէն ոմանք ալ ասիկա գիտէին, քանի որ Յովհաննու 7։42–ը անոնց խօսքը կը մէջբերէ. «Չէ՞ որ գիրքը կ’ըսէ թէ Քրիստոս Դաւիթին սերունդէն ու Դաւիթին եղած գիւղէն Բեթլէհէմէն պիտի գայ»։
Մարդոց Համար Իսկական Թարմացում
23. Միքիայ 5։7–ի առ ի կատարում, ներկայիս ի՞նչ տեղի կ’ունենայ։
23 Միքիայ 5։5-15–ը կ’ակնարկէ ասորական արշաւանքի մը, որ լոկ ժամանակաւոր յաջողութիւն պիտի ունենայ, եւ կը նշէ թէ Աստուած անհնազանդ ազգերէն վրէժխնդիր պիտի ըլլայ։ Միքիայ 5։7–ն կը խոստանայ թէ զղջացած Հրեայ մնացորդ մը իր հայրենիքը պիտի վերադառնայ, սակայն այս խօսքերը մեր օրերուն ալ կը կիրարկուին։ Միքիա կը յայտարարէ. «Յակոբին մնացորդը շատ ժողովուրդներու մէջ ցօղի պէս պիտի ըլլայ, որ Տէրոջմէ կու գայ եւ շաղի պէս, որ կանանչ խոտի վրայ կ’իջնէ»։ Այս գեղեցիկ փոխաբերութիւնը կը գործածուի, նախագուշակելու համար թէ հոգեւոր Յակոբի՝ կամ Իսրայէլի՝ մնացորդը, Աստուծմէ ժողովուրդին տրուած օրհնութիւն մը պիտի ըլլայ։ Երկրային յոյս ունեցող՝ Յիսուսի «ուրիշ ոչխարները» ուրախ են որ ուս–ուսի կը ծառայեն այժմու «Աստուծոյ Իսրայէլ»ի մնացորդին հետ, ուրիշները հոգեւորապէս թարմացնելու համար։ (Յովհաննու 10։16. Գաղատացիս 6։16. Սոփոնեայ 3։9) Այս ուղղութեամբ, նկատի առնուելիք յատկանշական կէտ մը կայ։ Իբր Թագաւորութիւնը ծանուցանողներ, բոլորս ալ ուրիշներուն իսկական թարմացում բերելու մեր առանձնաշնորհումին վրայ պէտք է գուրգուրանք։
24. Միքիայի մարգարէութեան 3-5–րդ գլուխներէն ի՞նչ կէտեր ձեզ տպաւորեցին։
24 Միքիայի մարգարէութեան 3-5–րդ գլուխներէն ի՞նչ սորվեցաք։ Թերեւս հետեւեալին նման կէտեր. (1) Աստուած կ’ակնկալէ որ իր ժողովուրդին մէջ առաջնորդութիւն առնողները իրաւունք գործադրեն։ (2) Եհովա մեր աղօթքներուն պիտի չպատասխանէ, եթէ կամովին մեղք գործելը սովորութիւն դարձնենք։ (3) Մեր քարոզչութեան յանձնարարութիւնը կրնայ կատարուիլ, միայն եթէ Աստուած մեզ զօրացնէ իր սուրբ հոգիին միջոցով։ (4) Աստուածային հաճութիւն վայելելու համար, Եհովայի անունով պէտք է քալենք։ (5) Իբր Թագաւորութիւնը ծանուցանողներ, մարդոց իսկական թարմացում բերելու մեր առանձնաշնորհումին վրայ պէտք է գուրգուրանք։ Թերեւս ուրիշ կէտեր ալ ձեզ տպաւորեցին։ Աստուածաշունչի այս մարգարէական գիրքէն ուրիշ ի՞նչ կրնանք սորվիլ։ Յաջորդ յօդուածը մեզի պիտի օգնէ որ Միքիայի հաւատք զօրացնող մարգարէութեան վերջին երկու գլուխներէն գործնական դասեր քաղենք։
Ի՞նչպէս պիտի պատասխանէք
• Աստուած իր ժողովուրդին մէջ առաջնորդութիւն առնողներէն ի՞նչ կ’ակնկալէ։
• Աղօթքն ու սուրբ հոգին ինչո՞ւ կարեւոր են Եհովայի մատուցած մեր ծառայութեան առնչութեամբ։
• Մարդիկ ի՞նչպէս ‘Եհովայի անունով կը քալեն’։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 13]
Կաթսային մասին Միքիայի լուսաբանութիւնը կրնա՞ք բացատրել
[Նկարներ՝ էջ 14]
Միքիայի նման, մեր ծառայութիւնը խիզախօրէն կը կատարենք