Աստուածաշունչը հասկնալու համար օգնութիւն
Աստուածաշունչը հասկնալու համար օգնութիւն
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ անզուգական գիրք մըն է։ Զայն գրողները կը դաւանին թէ անիկա Աստուծմէ ներշնչուած է, եւ անոր պարունակութիւնը բաւարար ապացոյց կը հայթայթէ թէ անոր դաւանութիւնը ճշմարիտ է։ (Բ. Տիմոթէոս 3։16) Ուրիշ բաներու կողքին, Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ թէ ո՛ւրկէ եկած ենք, ինչո՛ւ հոս ենք եւ ո՛ւր կ’երթանք։ Վստահաբար, անիկա մեր նկատողութեան արժանի գիրք մըն է։
Թերեւս փորձած էք կարդալ Աստուածաշունչը, սակայն զայն հասկնալը դժուար գտած էք։ Թերեւս ձեր հարցումներուն պատասխաններ գտնելու համար չէք գիտեր ո՛ւր պէտք է դիմէք։ Եթէ այս է պարագան, դուք առանձին չէք։ Ձեր պարագան նման է առաջին դարուն ապրած մարդու մը։ Ան կառքով Երուսաղէմէն իր ծննդավայրը՝ Եթովպիա կը վերադառնար։ Այս Եթովպիացի պաշտօնատարը բարձրաձայն կը կարդար Աստուածաշունչի Եսայեայ մարգարէութենէն, որ աւելի քան եօթը հարիւր տարի առաջ գրուած էր։
Յանկարծ, կառքին քովէն վազող մարդ մը ողջունեց զինք։ Այս մարդը Փիլիպպոսն էր, Յիսուսի աշակերտներէն մէկը, եւ ան Եթովպիացիին հարցուց. «Կարդացածդ կը հասկնա՞ս արդեօք»։ Եթովպիացին պատասխանեց. «Ի՞նչպէս կրնամ հասկնալ, եթէ մէկը ինծի չառաջնորդէ»։ Ապա ան Փիլիպպոսը հրաւիրեց իր կառքին մէջ։ Փիլիպպոս մարդուն կարդացած հատուածին իմաստը բացատրեց եւ շարունակեց ‘Յիսուսը քարոզել անոր’։—Գործք 8։30-35
Եբրայեցիս 6։1) Մինչ կը յառաջդիմէք, պիտի կարենաք ընկալել ինչ որ Պօղոս առաքեալ կոչեց «հաստատուն կերակուր», այսինքն՝ խորունկ ճշմարտութիւններ։ (Եբրայեցիս 5։14) Թէեւ դուք Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրէք, բայց այլ գրականութիւններ՝ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան օժանդակող գրքեր՝ կրնան ձեզի օգնել որ այլազան նիւթերու շուրջ Աստուածաշունչի համարներ գտնէք ու հասկնաք։
Ճիշդ ինչպէս որ շատ տարիներ առաջ Փիլիպպոս օգնեց այդ Եթովպիացիին որ Աստուծոյ Խօսքը հասկնար, ներկայիս Եհովայի Վկաները մարդոց կ’օգնեն որ Աստուածաշունչը հասկնան։ Անոնք ուրախութեամբ ձեզի ալ պիտի օգնեն։ Սովորաբար, լաւագոյն կերպն է Աստուածաշունչը հետեւողական կերպով ուսումնասիրել, սուրբ գրային հիմնական ուսուցումներէն սկսելով։ (Ուսումնասիրութիւն մը սովորաբար կրնայ դասաւորուիլ ձեզի յարմար եղող ժամու մը եւ վայրի մը մէջ։ Ոմանք նոյնիսկ հեռաձայնով կ’ուսումնասիրեն։ Ուսումնասիրութիւնը դասարանի մը մէջ տեղի չ’ունենար. անիկա ձեր անհատական պարագաներուն՝ ձեր ենթահողին եւ կրթութեան համաձայն ալ յարմարցուած կարգադրութիւն մըն է։ Աստուածաշունչի այսպիսի ուսումնասիրութիւն մը անվճար է։ (Մատթէոս 10։8) Քննութիւններ չկան, եւ նեղ կացութեան պիտի չմատնուիք։ Ձեր հարցումները պիտի պատասխանուին, եւ պիտի սորվիք ինչպէս Աստուծոյ մօտենալ։ Սակայն, ինչո՞ւ պէտք է Աստուածաշունչը ուսումնասիրէք։ Նկատի առէք կարգ մը պատճառներ, թէ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը ինչո՛ւ կրնայ ձեր կեանքը աւելի ուրախ դարձնել։