Հարցումներ ընթերցողներէն
Հարցումներ ընթերցողներէն
Ինչո՞ւ Բ. Պետրոս 3։13–ի մէջ Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւնը կը խօսի «նոր երկինքներու [յոգնակի] ու նոր երկրի» մը մասին, մինչ Յայտնութիւն 21։1–ը (ՆԱ) կը նախագուշակէ «նոր երկինք մը [եզակի] ու նոր երկիր մը»։
Ասիկա հիմնականօրէն բնագիր լեզուներուն հետ կապ ունեցող քերականական մանրամասնութիւն մըն է։ Ըստ երեւոյթին, անիկա իմաստի մէջ ո՛չ մէկ տարբերութիւն կ’ընէ։
Նախ նկատի առէք Եբրայերէն Գրութիւնները։ Բնագիր լեզուին մէջ, Եբրայերէն շա·մայիմ բառը, որ «երկինք(ներ)» թարգմանուած է, միշտ յոգնակի է։ Ըստ երեւոյթին, անոր յոգնակիութիւնը ո՛չ թէ գերազանցութեան իմաստով է, հապա այն իմաստը կը կրէ թէ անիկա ընդհանուր ընդարձակութեան կամ անջրպետին մէջ, անթիւ ու իրարմէ անջատ մասերու կամ կէտերու բարդ բաղադրութիւն մըն է։ Ասիկա հասկնալի է, ի տես այն գաղափարին թէ, ֆիզիքական երկինքը երկրէն հեռու կը տարածուի ամէն ուղղութեամբ եւ միլիառաւոր աստղեր կը պարփակէ։ Երբ շա·մայիմ–էն առաջ որոշիչ յօդ կայ (բառացիօրէն՝ «երկինքները»), Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւնը գրեթէ միշտ «երկինքներ» կը թարգմանէ զայն, ինչպէս՝ Եսայեայ 66։22–ի մէջ։ Երբ շա·մայիմ–էն առաջ որոշիչ յօդ չկայ, անիկա կրնայ թարգմանուիլ որպէս եզակի («երկինք», ինչպէս՝ Ծննդոց 1։8. 14։19, 22. Սաղմոս 69։34–ի մէջ) կամ որպէս յոգնակի («երկինքներ», ինչպէս՝ Ծննդոց 49։25. Դատաւորաց 5։4. Յոբայ 9։8. Եսայեայ 65։17–ի մէջ)։
Եսայեայ 65։17–ի եւ 66։22–ի մէջ, երկինք թարգմանուած Եբրայերէն բառը յոգնակի է, եւ անոր համապատասխանող ընտրուած բառն է՝ «նոր երկինքներ ու նոր երկիր»։
Յունարէն ու·րա·նոս բառը «երկինք» կը նշանակէ, իսկ յոգնակին՝ ու·րա·նէ՝ «երկինքներ»։ Հետաքրքրականօրէն, Յունարէն Եօթանասնից–ը թարգմանողները, եզակի ձեւը գործածեցին թէ՛ Եսայեայ 65։17–ին եւ թէ 66։22–ին մէջ։
Արդ, ի՞նչ կրնանք ըսել Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն մէջ երկու անգամ պատահող «նոր երկինք [կամ՝ երկինքներ] ու նոր երկիր» արտայայտութիւններուն մասին։
Բ. Պետրոս 3։13–ի մէջ, առաքեալը Յունարէն յոգնակի բառը գործածեց։ Անկէ քիչ առաջ (7, 10, 12–րդ համարներուն մէջ), ան խօսեցաւ ներկայ ամբարիշտ «երկինքներուն» մասին, յոգնակին գործածելով։ Հետեւաբար, ան շարունակեց 13–րդ համարին մէջ ալ յոգնակին գործածել։ Ասկէ զատ, կը թուի թէ ան Եսայեայ 65։17–ի բնագրէն կը մէջբերէր, ուր Եբրայերէնը յոգնակի է, ճիշդ ինչպէս որ Բ. Պետրոս 2։22–ի մէջ, ան կը մէջբերէր Առակաց 26։11–ի Եբրայերէն բնագրէն։ Ուստի Պետրոս նշեց թէ «իր խոստումին համեմատ, նոր երկինքներու (յոգնակի) ու նոր երկրի մը կը սպասենք»։
Ասկէ քիչ մը տարբեր ըլլալով, Յայտնութիւն 21։1–ի մէջ, Յովհաննէս առաքեալ բացայայտօրէն գործածեց Եօթանասնից–ին համաձայն թարգմանուած Եսայեայ 65։17–ն, որ ինչպէս նշուեցաւ կը պարունակէ Յունարէն «երկինք» բառը, եզակի ձեւին մէջ։ Ուստի, ինչ որ Յովհաննէս գրեց հետեւեալն էր. «Ահա նոր երկինք մը [եզակի] ու նոր երկիր մը տեսայ, վասն զի առաջին երկինքը ու առաջին երկիրը անցան»։
Ասոնք թարգմանութեան վերաբերեալ քերականական մանրամասնութիւններ են։ Կ’արժէ կրկնել թէ, ըստ երեւոյթին, իմաստի նկատմամբ որեւէ տարբերութիւն չկայ, երբ անհատ մը «նոր երկինքներ» կամ «նոր երկինք» կարդայ։ Երկու արտայայտութիւններուն իմաստն ալ նոյնն է։
[Նկարին աղբիւրը՝ էջ 31]
Stars։ Frank Zullo