Հոգեւորապէս խորհեցէ՛ք՝ եւ ապրեցէ՛ք
Հոգեւորապէս խորհեցէ՛ք՝ եւ ապրեցէ՛ք
‘Հոգեւոր խորհուրդը՝ կեանք է’։—ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 8։6
1, 2. Աստուածաշունչը ի՞նչպէս կը հակադրէ «մարմնին»ը եւ «հոգիին»։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ առջեւ բարոյական մաքուր կեցուածք մը պահպանելը դիւրին մարտահրաւէր մը չէ փճացած ընկերութեան մը մէջ, որ մարմնաւոր ցանկութիւններու յագեցումը կը փառաւորէ։ Սակայն, Սուրբ Գիրքը «մարմինը» եւ «հոգին» կը հակադրէ, յստակ սահմանագիծ մը քաշելով մեղաւոր մարմնին կողմէ տիրապետուելու ցաւալի հետեւանքներուն եւ Աստուծոյ սուրբ հոգիին ազդեցութեան ենթարկուելու օրհնաբեր արդիւնքներուն միջեւ։
2 Օրինակ, Յիսուս Քրիստոս ըսաւ. «Հոգին է կենդանի ընողը, մարմինը շահ մը չ’ըներ։ Այն խօսքերը որոնք ես ձեզի կը խօսիմ, հոգի ու կեանք են»։ (Յովհաննու 6։64) Գաղատիոյ Քրիստոնեաներուն, Պօղոս առաքեալ գրեց. «Մարմինը կը ցանկայ Հոգիին հակառակ ու հոգին՝ մարմնին հակառակ եւ ասոնք իրարու հակառակ են»։ (Գաղատացիս 5։17) Պօղոս ըսաւ նաեւ. «Ան որ իր մարմնին կը սերմանէ, այն մարմնէն ապականութիւն պիտի հնձէ ու ան որ Հոգիին կը սերմանէ, այն Հոգիէն յաւիտենական կեանք պիտի հնձէ»։—Գաղատացիս 6։8
3. Սխալ ցանկութիւններէն եւ հակումներէն ազատագրուելու համար ի՞նչ բանի կարիքը կայ։
3 Եհովայի սուրբ հոգին՝ իր գործօն ոյժը, կրնայ «մարմնաւոր ցանկութիւններ»ը եւ մեր մեղաւոր մարմնին քանդիչ տիրապետութիւնը յաջող կերպով արմատախիլ ընել։ (Ա. Պետրոս 2։11) Սխալ հակումներու գերութենէն ազատագրուելու համար, կենսական է Աստուծոյ հոգիին օգնութիւնը ունենալ, քանի որ Պօղոս գրեց. «Մարմնաւոր խորհուրդը մահ է իսկ հոգեւոր խորհուրդը՝ կեանք ու խաղաղութիւն»։ (Հռովմայեցիս 8։6) Հոգեւոր խորհուրդ ի՞նչ կը նշանակէ։
«Հոգեւոր Խորհուրդ»
4. «Հոգեւոր խորհուրդ» ի՞նչ կը նշանակէ։
4 Երբ Պօղոս «հոգեւոր խորհուրդ»ի մասին գրեց, ան գործածեց Յունարէն բառ մը որ «մտածելակերպի, մտային հակումի, . . . նպատակի, տենչի, մաքառումի» կ’ակնարկէ։ Ասոր առնչակից բայ մը կը նշանակէ՝ «մտածել, որոշ խորհելակերպ մը ունենալ»։ Հետեւաբար, հոգեկանը խորհիլը կը նշանակէ Եհովայի գործօն ուժին կողմէ ղեկավարուիլ, տիրապետուիլ եւ մղուիլ։ Անիկա կը նշանակէ թէ մենք յօժարութեամբ թոյլ կու տանք որ մեր մտածելակերպը, հակումները եւ տենչերը Աստուծոյ սուրբ հոգիին ամբողջական ազդեցութեան ներքեւ գան։
5. Ո՞ր տարողութեամբ պէտք է սուրբ հոգիին ազդեցութեան ենթարկուինք։
5 Պօղոս ընդգծեց թէ ո՛ր աստիճան սուրբ հոգիին ազդեցութեան պէտք է ենթարկուինք, երբ խօսեցաւ ‘հոգիին ծառայելու’ մասին։ (Հռովմայեցիս 7։6) Յիսուսի փրկանքի զոհին հանդէպ իրենց հաւատքին հիման վրայ, Քրիստոնեաները մեղքին տիրապետութենէն ազատագրուած՝ եւ որպէս մեղքի ծառաներ իրենց նախկին վիճակին նկատմամբ «մեռած» են։ (Հռովմայեցիս 6։2, 11) Այլաբանօրէն՝ այս կերպով մեռած անհատներ ֆիզիքապէս տակաւին ողջ են եւ հիմա ազատ են որպէս «արդարութեան ծառաներ» Քրիստոսի հետեւելու։—Հռովմայեցիս 6։18-20
Շշմեցուցիչ Փոփոխութիւն մը
6. «Արդարութեան ծառաներ» եղող անհատները ի՞նչ փոփոխութիւն ունեցած են։
6 «Մեղքի ծառաներ»ըլլալէ՝ Աստուծոյ ծառայելու համար «արդարութեան ծառաներ» ըլլալու փոփոխութիւնը արդարեւ շշմեցուցիչ է։ Այսպիսի փորձառութենէ անցած կարգ մը անհատներու մասին խօսելով, Պօղոս գրեց. «Դուք մէկ քանիներդ այնպիսիներ էիք. բայց լուացուեցաք, բայց սրբուեցաք, բայց արդարացաք Տէր Յիսուսին անունովը ու մեր Աստուծոյն Հոգիովը»։—Հռովմայեցիս 6։17, 18. Ա. Կորնթացիս 6։11
7. Ինչո՞ւ կարեւոր է հարցերու շուրջ Եհովայի տեսակէտը ունենալ։
Սաղմոս 25։4, 5) Եհովա մտիկ ըրաւ Դաւիթի. Ան իր արդի ծառաներուն մատուցած այսպիսի աղօթքներուն ալ կրնայ պատասխանել։ Քանի որ Աստուծոյ ճամբաները եւ իր ճշմարտութիւնը մաքուր եւ սուրբ են, անոնց մասին խոկալը օգտակար պիտի ըլլայ, երբ անմաքուր մարմնաւոր ցանկութիւններ յագեցնելու փորձութեան ներքեւ գտնուինք։
7 Այսպիսի աչքառու փոփոխութիւն մը ունենալու համար, նախ պէտք է գիտնանք թէ Եհովա հարցերը ի՛նչպէս կը դիտէ։ Դարեր առաջ, սաղմոսերգու Դաւիթ ջերմեռանդօրէն Աստուծմէ խնդրեց. «Ո՛վ Տէր, քու ճամբաներդ ցուցուր ինծի, . . . քու ճշմարտութեանդ մէջ ինծի առաջնորդէ ու սորվեցուր ինծի»։ (Աստուծոյ Խօսքին Կենսական Դերը
8. Ինչո՞ւ անհրաժեշտ է որ Աստուածաշունչը ուսումնասիրենք։
8 Աստուծոյ Խօսքը՝ Աստուածաշունչը, իր հոգիին մէկ արտադրութիւնն է։ Ուստի, այդ հոգին մեր մէջ ներգործելու կերպերէն մէկն է՝ Աստուածաշունչը կարդալ եւ ուսումնասիրել, եթէ կարելի է՝ ամէն օր։ (Ա. Կորնթացիս 2։10, 11. Եփեսացիս 5։18) Մեր միտքն ու սիրտը Աստուածաշունչի ճշմարտութիւններով եւ սկզբունքներով լեցնելը, մեզի պիտի օգնէ որ մեր հոգեւորականութեան վրայ եկած յարձակումներուն դիմադրենք։ Այո՛, երբ անբարոյ փորձութիւններ դիմագրաւենք, Աստուծոյ հոգին կրնայ մեր միտքը բերել սուրբ գրային վերյիշեցումներ եւ առաջնորդող սկզբունքներ, որոնք կրնան Աստուծոյ կամքին հետ ներդաշնակ գործելու մեր վճռակամութիւնը ամրապնդել։ (Սաղմոս 119։1, 2, 99. Յովհաննու 14։26) Հետեւաբար, խաբուելով սխալ ընթացքի մը պիտի չհետեւինք։—Բ. Կորնթացիս 11։3
9. Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնը Եհովայի հետ մեր ունեցած յարաբերութիւնը պահպանելու մեր վճռակամութիւնը ի՞նչպէս կը զօրացնէ։
9 Մինչ Սուրբ Գրքին վրայ հիմնուած գրականութիւններու օգնութեամբ Աստուածաշունչի մեր անկեղծ եւ ժրաջան ուսումնասիրութիւնը կը շարունակենք, Աստուծոյ հոգին մեր մտքին ու սրտին վրայ ազդեցութիւն կը բանեցնէ, պատճառ ըլլալով որ Եհովայի չափանիշներուն հանդէպ մեր յարգանքը խորանայ։ Աստուծոյ հետ մեր յարաբերութիւնը մեր կեանքին ամենէն կարեւոր բանը կը դառնայ։ Երբ փորձութիւն դիմագրաւենք, չենք սնուցաներ այն միտքը թէ յանցագործութիւնը որքա՜ն հաճելի ըլլալու է։ Այլ, մեր անմիջական մտահոգութիւնը կ’ըլլայ Եհովայի հանդէպ մեր ուղղամտութիւնը պահել։ Իր հետ մեր ունեցած յարաբերութեան հանդէպ խոր գնահատութիւնը, մեզ կը մղէ պայքարելու որեւէ հակումի դէմ, որ կրնայ անոր վնաս հասցնել կամ զայն կործանել։
«Ո՜րչափ կը Սիրեմ Քու Օրէնքդ»
10. Եհովայի օրէնքին հնազանդիլը ինչո՞ւ անհրաժեշտ է հոգեւոր խորհուրդ ունենալու համար։
10 Եթէ հոգեկանը պիտի խորհինք, Աստուծոյ Խօսքին գիտութիւնը բաւարար չէ։ Սողոմոն Թագաւոր Եհովայի չափանիշներուն մասին շատ լաւ հասկացողութիւն ունէր, սակայն, իր կեանքի վերջին տարիներուն անոնց համաձայն չապրեցաւ։ (Գ. Թագաւորաց 4։29, 30. 11։1-6) Եթէ հոգեւոր մտայնութեան տէր անհատ մըն ենք, պիտի ըմբռնենք ո՛չ միայն Աստուածաշունչին ըսածը գիտնալու, այլեւ՝ Աստուծոյ օրէնքին սրտանց հնազանդելու կարիքը։ Ասիկա կը նշանակէ Եհովայի չափանիշները խղճմտօրէն քննել եւ ջանադրութեամբ անոնց հետեւիլ։ Սաղմոսերգուն այսպիսի կեցուածք մը ունէր։ Ան տաղերգեց. «Ո՜րչափ կը սիրեմ քու օրէնքդ։ Ա՛յն է ամէն օր իմ մտածութիւնս»։ (Սաղմոս 119։97) Երբ իսկապէս հետաքրքրուած ենք Աստուծոյ օրէնքին հետեւելով, կը մղուինք աստուածային յատկութիւններ ցուցաբերել։ (Եփեսացիս 5։1, 2) Փոխանակ անպաշտպան կերպով յանցագործութեամբ հրապուրուելու, մենք հոգիին պտուղները կը ցուցաբերենք, եւ Եհովան հաճեցնելու փափաք մը մեզ «մարմնին գործեր»էն ետ կը պահէ։—Գաղատացիս 5։16, 19-23. Սաղմոս 15։1, 2
11. Պոռնկութիւնը արգիլող Եհովայի օրէնքը մեր պաշտպանութեան համար ըլլալը ի՞նչպէս կը բացատրէք։
11 Եհովայի օրէնքին հանդէպ ի՞նչպէս կրնանք Եբրայեցիս 13։4) Այս օրէնքին հնազանդիլը մեզ որեւէ բարիքէ կը զրկէ՞։ Կարելի՞ է որ սիրալիր երկնաւոր Հայր մը օրէնք մը դնէ որ մեզ զրկէ օգտակար բանէ մը։ Անշուշտ ո՛չ։ Նկատի առէք թէ ի՛նչ կը պատահի Եհովայի բարոյական չափանիշներուն համաձայն չապրող շատ անհատներու կեանքին մէջ։ Անփափաքելի յղութիւններ յաճախ զանոնք կ’առաջնորդեն վիժումներու, կամ՝ կանխահաս ու ապերջանիկ ամուսնութիւններու։ Շատեր կը ստիպուին առանց կողակիցի մը զաւակ մեծցնել։ Ասկէ զատ, պոռնկութիւն գործողներ իրենք զիրենք սեռային գետնի վրայ փոխանցուած հիւանդութիւններու կ’ենթարկեն։ (Ա. Կորնթացիս 6։18) Իսկ եթէ Եհովայի ծառայ մը պոռնկութիւն գործէ, զգացական ազդեցութիւնները կրնան զգետնել զինք։ Տանջող խղճմտանքի մը խայթոցները խեղդելու ջանքերը կրնան անքուն գիշերներ եւ մտային կսկիծ պատճառել։ (Սաղմոս 32։3, 4. 51։3) Հետեւաբար, բացայայտ չէ՞ որ պոռնկութիւնը արգիլող Եհովայի օրէնքը մեզ պաշտպանելու համար ծրագրուած է։ Այո՛, արդարեւ բարոյական մաքրութիւն պահպանելը մեծ օգուտ ունի։
յարգանք եւ սէր զարգացնել։ Ուշադրութեամբ անոր արժէքը քննելը կերպերէն մէկն է։ Նկատի առէք սեռային յարաբերութիւնը միայն ամուսնութեան սահմանափակող եւ պոռնկութիւնն ու շնութիւնը արգիլող Աստուծոյ օրէնքը։ (Եհովայի Օգնութեան Համար Աղօթեցէք
12, 13. Ինչո՞ւ պատշաճ է աղօթել երբ մեղաւոր ցանկութիւններ մեզ պատեն։
12 Հոգեւոր խորհուրդը անպայման սրտանց աղօթել կը պահանջէ։ Պատշաճ է Աստուծոյ հոգիին օգնութիւնը հայցել, քանի որ Յիսուս ըսաւ. «Եթէ դուք որ չար էք՝ ձեր զաւակներուն աղէկ ընծաներ տալ գիտէք, որչա՜փ աւելի ձեր Հայրը երկնքէն Սուրբ Հոգին պիտի տայ անոնց որ իրմէ կը խնդրեն»։ (Ղուկաս 11։13) Աղօթքով կրնանք արտայայտել թէ հոգիին կ’ապաւինինք որ մեզի օգնէ մեր տկարութիւններուն մէջ։ (Հռովմայեցիս 8։26, 27) Եթէ նկատենք թէ մեղաւոր ցանկութիւններ կամ կեցուածքներ կ’ազդեն մեզի, կամ եթէ սիրալիր հաւատակից մը ասիկա մեր ուշադրութեան յանձնէ, իմաստութիւն պիտի ըլլայ այս խնդիրը մասնայատուկ կերպով յիշել մեր աղօթքին մէջ եւ Աստուծմէ խնդրել որ մեզի օգնէ այս հակումները յաղթահարելու։
13 Եհովա կրնայ մեզի օգնել որ մեր միտքը կեդրոնացնենք արդար, մաքուր, առաքինի եւ գովելի բաներու վրայ։ Իսկ որքա՜ն պատշաճ է անկեղծօրէն իրմէ խնդրել որ «Աստուծոյ խաղաղութիւնը» մեր սրտերն ու մտքերը պաշտպանէ։ (Փիլիպպեցիս 4։6-8) Հետեւաբար, Եհովայի աղօթենք որ «արդարութեան, աստուածպաշտութեան, հաւատքի, սիրոյ, համբերութեան ու հեզութեան ետեւէն» երթալու մէջ մեզի օգնէ։ (Ա. Տիմոթէոս 6։11-14) Մեր երկնաւոր Հօրը օգնութեամբ, մտահոգութիւններն ու փորձութիւնները անղեկավարելի ըլլալու աստիճան պիտի չաճին։ Ընդհակառակը, մեր կեանքը աստուածատուր անդորրութեամբ պիտի յատկանշուի։
Հոգին Մի՛ Տրտմեցնէք
14. Ինչո՞ւ Աստուծոյ հոգին մաքրութեան նպաստող ոյժ մըն է։
14 Եհովայի հասուն ծառաները անձնապէս կը կիրարկեն Պօղոսի խրատը՝ «Սուրբ Հոգին մի՛ մարէք»։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։19) Քանի որ Աստուծոյ հոգին «սրբութեան հոգի»ն է, անիկա մաքուր, անարատ եւ սուրբ է։ (Հռովմայեցիս 1։4) Ուստի, երբ մեր մէջ կը ներգործէ, այդ հոգին սրբութեան կամ մաքրութեան մղող ոյժ մըն է։ Անիկա մեզի կ’օգնէ որ Աստուծոյ հանդէպ հնազանդութեամբ յատկանշուած մաքուր ապրելակերպ մը պահպանենք։ (Ա. Պետրոս 1։2) Որեւէ անմաքուր սովորութիւն՝ հոգին անարգելու հաւասար է, եւ ասիկա կրնայ աղիտալի հետեւանքներ ունենալ։ Ի՞նչպէս։
15, 16. (ա) Ի՞նչպէս կրնանք Աստուծոյ հոգին տրտմեցնել։ (բ) Ի՞նչպէս կրնանք Եհովայի հոգին տրտմեցնելէ խուսափիլ։
15 Պօղոս գրեց. «Աստուծոյ Սուրբ Հոգին մի՛ Եփեսացիս 4։30) Սուրբ Գրութիւնները Եհովայի հոգին կը բնորոշեն որպէս կնիք մը՝ հաւատարիմ օծեալ Քրիստոնեաներուն տրուած կամ գալիք բաներուն՝ «գրաւը»։ Իսկ անիկա երկնային անմահ կեանքն է։ (Բ. Կորնթացիս 1։22. Ա. Կորնթացիս 15։50-57. Յայտնութիւն 2։10) Աստուծոյ հոգին կրնայ օծեալները եւ երկրային յոյս ունեցող անոնց ընկերակիցները առաջնորդել որ հաւատարիմ կեանք մը վարեն, եւ կրնայ օգնել որ անոնք մեղաւոր գործերէն խուսափին։
տրտմեցնէք, որով դուք կնքուեցաք փրկութեան օրուանը համար»։ (16 Պօղոս առաքեալ զգուշացուց խաբեբայութեան, գողութեան եւ ամօթալի վարմունքի եւ նման բաներու դէմ։ Եթէ մենք մեզի թոյլ տանք այսպիսի բաներով հրապուրուելու, Աստուծոյ Խօսքին հոգիէն ներշնչուած խրատին դէմ աշխատած կ’ըլլանք։ (Եփեսացիս 4։17-29. 5։1-5) Ասիկա ընելով առնուազն որոշ տարողութեամբ մը Աստուծոյ հոգին կրնանք տրտմեցնել, եւ վստահաբար չենք ուզեր ասիկա ընել։ Այս պատճառաւ, եթէ սկսինք Եհովայի Խօսքին խրատը զանց ընել, կրնանք կեցուածքներ կամ յատկութիւններ զարգացնել, որոնք կամակոր մեղքի եւ բոլորովին Աստուծոյ հաճութիւնը կորսնցնելու կրնան առաջնորդել։ (Եբրայեցիս 6։4-6) Թէեւ այժմ մեղք չենք գործեր, սակայն, թերեւս այդ ուղղութեամբ կ’ընթանանք։ Յարատեւաբար հոգիին տուած ցուցմունքին հակառակ երթալով, զայն տրտմեցուցած կ’ըլլանք։ Նաեւ Եհովայի՝ սուրբ հոգիի աղբիւրին՝ ընդդիմացած ու զինք տրտմեցուցած կ’ըլլանք։ Որպէս Աստուած սիրողներ, բնաւ չենք ուզեր ասիկա ընել։ Փոխարէն, կրնանք Եհովայի աղօթել իր օգնութեան համար, որպէսզի իր հոգին չտրտմեցնենք, այլ կարենանք իր սուրբ անուան պատիւ բերել՝ շարունակելով հոգեւոր խորհուրդ ունենալ։
Շարունակեցէք Հոգեւոր Խորհուրդ Ունենալ
17. Հոգեւոր ի՞նչ նպատակակէտեր կրնանք դնել, եւ անոնց հասնելու համար ջանք թափելը ինչո՞ւ իմաստութիւն է։
17 Հոգեւոր խորհուրդի մէջ յարատեւելու յատկանշական կերպերէն մէկն է՝ հոգեւոր նպատակակէտեր դնել եւ ջանալ անոնց հասնիլ։ Մեր կարիքներէն եւ պարագաներէն կախեալ ըլլալով, մեր նպատակակէտերը կրնան պարփակել՝ ուսումնասիրութեան մեր սովորութիւնները բարելաւել, քարոզչութեան մէջ մեր բաժինը աւելցնել, ծառայութեան մասնայատուկ առանձնաշնորհումի մը ձգտիլ՝ ինչպէս լիաժամ ռահվիրայական ծառայութեան, Պէթէլի ծառայութեան Մատթէոս 6։19-21
կամ միսիոնարական գործին։ Ասիկա մեր միտքը հոգեւոր հետաքրքրութիւններով զբաղած պիտի պահէ եւ մեզի պիտի օգնէ որ մեր մարդկային տկարութիւններուն տեղի չտանք, կամ այս իրերու դրութեան մէջ սովորական եղող նիւթապաշտական նպատակակէտերով եւ ոչ–սուրբ գրային ցանկութիւններով չտարուինք։ Վստահաբար ասիկա իմաստուն ընթացք մըն է, քանի որ Յիսուս յորդորեց. «Երկրի վրայ ձեզի գանձեր մի դիզէք, ուր ցեցը ու ժանգը կ’ապականեն, ուր գողերը պատ կը ծակեն ու կը գողնան. հապա ձեզի գանձեր դիզեցէք երկինքը, ուր ո՛չ ցեցը եւ ո՛չ ժանգը կ’ապականեն ու ո՛չ գողերը պատ կը ծակեն եւ կը գողնան։ Քանզի ձեր գանձը ուր որ է, սրտերնիդ ալ հոն պիտի ըլլայ»։—18. Այս վերջին օրերուն ինչո՞ւ կարեւոր է հոգեւոր խորհուրդ ունենալու մէջ յարատեւել։
18 Հոգեւոր խորհուրդ ունենալը եւ աշխարհային ցանկութիւններ սանձելը, իմաստուն ընթացք մըն է այս «վերջին օրեր»ուն։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1-5) Ի վերջոյ, «աշխարհս ալ կ’անցնի, անոր ցանկութիւնն ալ. բայց ան որ Աստուծոյ կամքը կը կատարէ, յաւիտեան պիտի մնայ»։ (Ա. Յովհաննու 2։15-17) Օրինակ, եթէ պատանի Քրիստոնեայ մը լիաժամ ծառայութեան նպատակակէտը հետապնդէ, ասիկա կրնայ պատանեկութեան կամ անչափահասութեան դժուար տարիներուն որպէս փարոս ծառայել։ Երբ համակերպումներ ընելու ճնշումին ներքեւ գտնուի, այսպիսի անհատի մը մտքին մէջ յստակ պիտի ըլլայ թէ Եհովայի ծառայութեան մէջ ի՛նչ կ’ուզէ իրագործել։ Այսպիսի հոգեւոր անհատ մը անմտութիւն, նոյնիսկ յիմարութիւն պիտի նկատէ հոգեւոր նպատակակէտերէ հրաժարիլ, նիւթական հետապնդումներու կամ մեղքին խոստացած որեւէ հաճոյքի սիրոյն։ Յիշեցէք թէ հոգեւոր մտայնութեան տէր Մովսէսը, «աւելի աղէկ սեպեց Աստուծոյ ժողովուրդին հետ չարչարուիլ, քան թէ մեղքին ժամանակաւոր զուարճութիւնը վայելել»։ (Եբրայեցիս 11։24, 25) Երիտասարդ ըլլանք թէ տարեց, նման ընտրութիւն մը կ’ընենք երբ ինկած մարմնին փոխարէն կը շարունակենք հոգեւոր խորհուրդ ունենալ։
19. Եթէ շարունակենք հոգեւոր խորհուրդ ունենալ, ի՞նչ օգուտներ պիտի վայելենք։
19 «Մարմնաւոր խորհուրդը Աստուծոյ դէմ թշնամութիւն է», մինչդեռ՝ «հոգեւոր խորհուրդը՝ կեանք ու խաղաղութիւն»։ (Հռովմայեցիս 8։6, 7) Եթէ շարունակենք հոգեւոր խորհուրդ ունենալ, թանկարժէք խաղաղութիւն պիտի վայելենք։ Մեր սիրտն ու մտային կարողութիւնը մեր մեղաւոր վիճակին ազդեցութենէն աւելի լման կերպով պաշտպանուած պիտի ըլլան։ Յանցագործութեան միջամուխ ըլլալու փորձութիւններուն աւելի լաւ կերպով պիտի ընդդիմանանք։ Նաեւ, աստուածային օգնութիւն պիտի ունենանք մարմնին ու հոգիին անվերջ պայքարին հետ գլուխ ելլելու համար։
20. Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ որ մարմնին եւ հոգիին միջեւ մղուած պայքարէն յաղթական դուրս գալը կարելի է։
20 Հոգեւոր խորհուրդ ունենալու մէջ յարատեւելով, Եհովայի՝ կեանքի եւ սուրբ հոգիի աղբիւրին հետ կենսական կապ մը պիտի պահպանենք։ (Սաղմոս 36։9. 51։11) Բանսարկու Սատանան եւ իր գործակալները ամէն ինչ կ’ընեն որ Եհովա Աստուծոյ հետ մեր յարաբերութիւնը բեկանեն։ Անոնք կը փորձեն մեր միտքը ղեկավարել, գիտնալով որ եթէ տեղի տանք, ասիկա ի վերջոյ Աստուծոյ թշնամիները ըլլալու եւ մահուան պիտի առաջնորդէ։ Սակայն, կրնանք մարմնին եւ հոգիին այս պայքարէն յաղթական դուրս գալ։ Պօղոս ասոր փորձառութիւնը ունեցաւ, քանի որ երբ իր անձնական պայքարին մասին կը գրէր, ան նախ հարց տուաւ. «Ո՞վ պիտի ազատէ զիս այս մահկանացու մարմնէն»։ Ապա ցոյց տալով թէ ազատագրութիւնը կարելի է, ան բացագանչեց. «Գոհութիւն Աստուծոյ մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով»։ (Հռովմայեցիս 7։21-25) Մենք ալ կրնանք Քրիստոսի միջոցաւ Աստուծոյ շնորհակալութիւն յայտնել, մարդկային տկարութիւններուն հետ գլուխ ելլելու միջոց մը հայթայթելուն համար, շարունակելով հոգեւոր խորհուրդ ունենալ, ի մտի ունենալով յաւիտենական կեանքի հոյակապ յոյսը։—Հռովմայեցիս 6։23
Կը յիշէ՞ք
• Հոգեւոր խորհուրդ ունենալ ի՞նչ կը նշանակէ։
• Ի՞նչպէս կրնանք թոյլ տալ որ Եհովայի հոգին մեր մէջ ներգործէ։
• Բացատրեցէք թէ ինչո՛ւ մեղքի դէմ մեր մղած պայքարին մէջ, կենսական է Աստուածաշունչը ուսումնասիրել, Եհովայի օրէնքին հնազանդիլ եւ իրեն աղօթել։
• Հոգեւոր նպատակակէտեր դնելը ի՞նչպէս կրնայ մեզ կեանքի ճամբուն մէջ պահել։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 16]
Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնը կ’օգնէ որ մեր հոգեւորականութեան վրայ եղած յարձակումներուն դէմ դնենք
[Նկար՝ էջ 17]
Մեղաւոր ցանկութիւններ յաղթահարելու համար աղօթքով Եհովայի օգնութիւնը խնդրելը պատշաճ է
[Նկարներ՝ էջ 18]
Հոգեւոր նպատակակէտերը կրնան օգնել որ շարունակենք հոգեւոր խորհուրդ ունենալ