Ուրախութիւն՝ լոյսին մէջ քալողներուն համար
Ուրախութիւն՝ լոյսին մէջ քալողներուն համար
«Եկէ՛ք Տէրոջը լոյսովը քալենք»։—ԵՍԱՅԵԱՅ 2։5
1, 2. (ա) Լոյսը որքա՞ն կարեւոր է։ (բ) Խաւարը երկիրը ծածկելուն ազդարարութիւնը ինչո՞ւ այդքան լուրջ է։
ԵՀՈՎԱ է լոյսի Աղբիւրը։ Աստուածաշունչը զինք կը կոչէ ‘արեւը հաստատողը օրուան լոյսին համար եւ գիշերուան լոյսին համար լուսինին ու աստղերուն կանոններ դնողը’։ (Երեմեայ 31։35. Սաղմոս 8։3) Ինք է որ մեր արեւը ստեղծեց, որ խորքին մէջ, կորիզային վիթխարի հալոց մըն է, որ անջրպետին մէջ հսկայական ոյժ կ’արձակէ, մաս մը՝ լոյսի եւ տաքութեան ձեւով։ Այդ ոյժին շատ փոքր մասը որ մեզի կը հասնի որպէս արեւալոյս, այս երկրին վրայ կեանքը կը պահպանէ։ Առանց արեւալոյսի, գոյութիւն պիտի չունենայինք։ Երկիրը անկենդան մոլորակ մը պիտի ըլլար։
2 Ասիկա ի մտի ունենալով, կրնանք հասկնալ Եսայի մարգարէին նկարագրած վիճակին լրջութիւնը։ Ան ըսաւ. «Ահա խաւարը՝ երկիրը ու մառախուղը ազգերը պիտի ծածկէ»։ (Եսայեայ 60։2) Անշուշտ, հոս նկարագրուած խաւարը բառացի առումով չէ։ Եսայի ըսել չուզեց թէ օր մը արեւը, լուսինը եւ աստղերը պիտի դադրին փայլելէ։ (Սաղմոս 89։36, 37. 136։7-9) Այլ, ան կը խօսէր հոգեւոր խաւարի մասին։ Սակայն հոգեւոր խաւարը մահացու է։ Ի վերջոյ, չենք կրնար առանց հոգեւոր լոյսի ապրիլ, ինչպէս որ չենք կրնար առանց բառացի լոյսի ապրիլ։—Ղուկաս 1։79
3. Եսայիի խօսքերուն ի տես, Քրիստոնեաները ի՞նչ պէտք է ընեն։
3 Ասոր ի տես, Եսայիի խօսքերը լուրջ նկատողութեան արժանի են, որոնք թէեւ վաղեմի Յուդայի վրայ կատարուեցան, սակայն, ներկայիս աւելի մեծ կատարում մը կ’ունենան։ Այո, ներկայիս աշխարհ հոգեւոր խաւարի մէջ թաղուած է։ Այսպիսի վտանգաւոր կացութեան մը մէջ, հոգեւոր լոյսը չափազանց կարեւոր է։ Ասոր համար Քրիստոնեաները պէտք է հետեւին Յիսուսի յորդորին. «Թող լուսաւոր[է] ձեր լոյսը մարդոց առջեւ»։ (Մատթէոս 5։16) Հաւատարիմ Քրիստոնեաներ կրնան հեզերուն համար խաւարը լուսաւորել, այս կերպով անոնց կեանք ձեռք ձգելու պատեհութիւն տալով։—Յովհաննու 8։12
Խաւար Ժամանակներ՝ Իսրայէլի Մէջ
4. Եսայիի մարգարէական խօսքերը նախ ե՞րբ կատարուեցան, սակայն, ո՞ր կացութիւնը արդէն առկայ էր իր օրերուն։
4 Խաւարը երկիրը ծածկելուն մասին Եսայիի խօսքերը առաջին անգամ կատարուեցան, երբ Յուդա ամայացաւ եւ իր ժողովուրդը Բաբելոն աքսորուեցաւ։ Սակայն, նոյնիսկ անկէ առաջ, Եսայիի օրերուն, ազգին մեծ մասը հոգեւոր խաւարի մէջ թաղուած էր, իրողութիւն մը՝ որ մղեց զինք իր հայրենակիցները յորդորելու, ըսելով. «Ո՛վ Յակոբի տուն, եկէ՛ք Տէրոջը լոյսովը քալենք»։—Եսայեայ 2։5. 5։20
5, 6. Ի՞նչ ազդակներ Եսայիի օրուան խաւարին սատարեցին։
5 Եսայի Յուդայի մէջ մարգարէացաւ՝ «Յուդայի թագաւորներուն Ոզիային, Յովաթամին, Աքազին ու Եզեկիային օրեր»ուն։ (Եսայեայ 1։1) Անիկա քաղաքական վերիվայրումներու, կրօնական կեղծաւորութեան, դատական ապականութեան եւ աղքատները հարստահարելու փոթորկալից ժամանակ մըն էր։ Նո՛յնիսկ Յովաթամի նման հաւատարիմ թագաւորներու իշխանութեան ընթացքին, շատ մը բլուրներու վրայ կեղծ աստուածներու խորաններ կը տեսնուէին։ Անհաւատարիմ թագաւորներու իշխանութեան ընթացքին, կացութիւնը աւելի վատ էր։ Աքազ չար Թագաւորը, օրինակի համար, մինչեւ իսկ իր զաւակը Մողոք չաստուծոյն զոհ մատուցանեց։ Ա՛րդարեւ, խաւար ժամանակ մըն էր։—Դ. Թագաւորաց 15։32-34. 16։2-4
6 Միջազգային կացութիւնն ալ մութ էր։ Մովաբը, Եդովմը եւ Փղշտիան Յուդայի սահմաններուն վրայ իրեն կը սպառնային։ Իսրայէլի հիւսիսային թագաւորութիւնը արիւնակից մը ըլլալով հանդերձ, իր թիւ մէկ թշնամին էր։ Աւելի հիւսիսը, Սուրիան կը սպառնար Յուդայի խաղաղութեան։ Տակաւին աւելի վտանգաւոր էր Ասորեստանի անգութ ու ծաւալապաշտ ոյժը։ Եսայիի մարգարէացած շրջանին, Ասորեստան նուաճած էր Իսրայէլը եւ գրեթէ կործանած էր Յուդան։ Եկաւ ժամանակ մը, երբ Երուսաղէմէն զատ՝ Յուդայի բոլոր պարսպապատ քաղաքները Ասորեստանի ձեռքն էին։—7. Իսրայէլ եւ Յուդա ի՞նչ ընթացք ընտրեցին, եւ Եհովա ի՞նչպէս հակազդեց։
7 Աստուծոյ ուխտեալ ժողովուրդը այսպիսի աղէտներու հանդիպեցաւ, քանի որ Յուդան եւ Իսրայէլը իրեն հանդէպ անհաւատարիմ եղած էին։ Առակաց գրքին մէջ յիշուած անհատներուն նման, ‘անոնք ուղիղ ճամբան ձգեցին, որպէս զի խաւար ճամբաներու մէջ քալեն’։ (Առակաց 2։13) Այսուհանդերձ, թէեւ Եհովա իր ժողովուրդէն բարկացած էր, ան զանոնք բոլորովին չլքեց։ Այլ՝ Եսային եւ ուրիշ մարգարէներ հանեց, որպէսզի հոգեւոր լոյս տան ազգին մէջէն այն անհատներուն, որոնք տակաւին կը փորձէին հաւատարմօրէն Եհովայի ծառայել։ Այս մարգարէներուն միջոցաւ հայթայթուած լոյսը արդարեւ արժէքաւոր էր։ Անիկա կենսատու լոյս մըն էր։
Խաւար Ժամանակներ՝ Ներկայիս
8, 9. Ի՞նչ ազդակներ կը սատարեն աշխարհի ներկայ խաւարին։
8 Եսայիի օրերուն կացութիւնը շատ կը նմանէր մեր ներկայ պայմաններուն։ Այս ժամանակին մէջ, մարդկային առաջնորդներ կռնակ դարձուցած են Եհովայի եւ իր գահակալած Թագաւորին՝ Յիսուս Քրիստոսի։ (Սաղմոս 2։2, 3) Քրիստոնեայ Աշխարհի կրօնական առաջնորդները իրենց հօտերը խաբած են։ Այս առաջնորդները կը դաւանին Աստուծոյ ծառայել, սակայն խորքին մէջ անոնց մեծ մասը, հեթանոսական վարդապետութիւններ սորվեցնելու կողքին, այս աշխարհին աստուածները կը ջատագովեն՝ ազգայնականութիւնը, ռազմապաշտութիւնը, հարստութիւնը եւ կարկառուն անհատները։
9 Տեղ–տեղ Քրիստոնեայ Աշխարհի կրօնքները միջամուխ եղած են պատերազմներու եւ քաղաքացիական պայքարներու, որոնց ընթացքին ցեղային մաքրագործութիւններ եւ ուրիշ սարսափելի բաներ տեղի ունեցած են։ Ասկէ զատ, Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած բարոյականութեան կողքին դիրք բռնելու փոխարէն, եկեղեցիներէն շատեր պոռնկութեան եւ միասեռականութեան նման անբարոյ արարքները անտեսած եւ կամ գործօն կերպով թիկունք կանգնած են անոնց։ Աստուածաշունչի չափանիշները մերժուելուն որպէս հետեւանք, Քրիստոնեայ Աշխարհի ծուխերը վաղեմի սաղմոսերգուին յիշած մարդոց նման են. «Չեն իմանար ու չեն հասկնար, խաւարի մէջ կը պտըտին»։ (Սաղմոս 82։5) Արդարեւ, Քրիստոնեայ Աշխարհը, վաղեմի Յուդայի նման, խոր խաւարի մէջ է։—Յայտնութիւն 8։12
10. Ներկայ խաւարին մէջ լոյսը ի՞նչպէս կը փայլի, իսկ հեզերը ասկէ ի՞նչպէս կ’օգտուին։
10 Այսպիսի խաւարի մէջ, Եհովա հեզերուն սիրոյն լոյս ծագեցուց։ Ասիկա ընելու համար ան կը գործածէ իր երկրային օծեալ ծառաները՝ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան», որոնք ‘լուսաւորներու պէս կը փայլին աշխարհին մէջ’։ (Մատթէոս 24։45. Փիլիպպեցիս 2։15) Այդ ծառայ դասակարգը, որու թիկունք կը կանգնին միլիոնաւոր «ուրիշ ոչխարներ», Աստուծոյ Խօսքին՝ Աստուածաշունչին վրայ հիմնուած հոգեւոր լոյս կ’արտացոլացնէ։ (Յովհաննու 10։16) Այս խաւարած աշխարհին մէջ, այս լոյսը հեզերուն յոյս կու տայ, անոնց կ’օգնէ որ Աստուծոյ հետ յարաբերութիւն մշակեն եւ հոգեւոր ծուղակներէն խուսափին։ Անիկա թանկարժէք՝ կենսատու է։
«Քու Անուանդ Փառք Պիտի Տամ»
11. Եսայիի օրերուն Եհովա ի՞նչ տեղեկութիւն մատչելի դարձուց։
11 Եսայիի ապրած խաւար օրերուն, եւ անոր յաջորդելիք աւելի՛ խաւար օրերուն, երբ Բաբելոնացիները Եհովայի ազգը գերութեան տարին, Եհովա ի՞նչպիսի առաջնորդութիւն հայթայթեց։ Բարոյական ուղղութիւն հայթայթելէ զատ, ան կանխաւ յստակ կերպով ուրուագծեց թէ իր ժողովուրդին վերաբերեալ իր նպատակները ի՛նչպէս պիտի կատարէր։ Նկատի առէք, զոր օրինակ, Եսայեայ 25-27–րդ գլուխներուն բովանդակած հոյակապ մարգարէութիւնները։ Այս գլուխներուն բովանդակութիւնը մեզի ցոյց կու տայ թէ Եհովա հարցերը ի՛նչպէս ձեռք առաւ այդ օրերուն եւ թէ ներկայիս ի՛նչպէս ձեռք կ’առնէ զանոնք։
12. Եսայի ի՞նչ սրտաբուխ արտայայտութիւն մը կ’ընէ։
12 Նախ՝ Եսայի կ’ըսէ. «Ո՛վ Տէր, իմ Աստուածս դուն ես. քեզ պիտի բարձրացնեմ, քու անուանդ փառք պիտի տամ»։ Փառաբանութեան ի՜նչ սրտաբուխ արտայայտութիւն մը։ Սակայն, ի՞նչը մղեց որ մարգարէն այսպիսի աղօթք մը մատուցանէ։ Գլխաւոր պատճառը կը տեսնուի համարին երկրորդ մասին մէջ, ուր կը կարդանք. «Քանզի սքանչելի բաներ ըրիր [Եհովա], քու վաղեմի խորհուրդներն հաւատարիմ եւ ճշմարիտ են»։—Եսայեայ 25։1
13. (ա) Ո՞ր գիտութիւնը Եհովայի հանդէպ Եսայիի գնահատութիւնը զօրացուց։ (բ) Եսայիի օրինակէն ի՞նչպէս կրնանք սորվիլ։
13 Մինչեւ Եսայիի օրերը, Եհովա Իսրայէլի համար բազմաթիւ սքանչելի գործեր ըրած էր, եւ ասոնք գրի առնուած էին։ Անշուշտ, Եսայի ծանօթ էր այդ գրութիւններուն։ Ան գիտէր, զոր օրինակ, թէ Եհովա իր ժողովուրդը Եգիպտոսի գերութենէն ազատագրեց եւ զանոնք Կարմիր Ծովուն մէջ Փարաւոնի բանակին ճիրաններէն փրկեց։ Ան գիտէր թէ Եհովա իր ժողովուրդը անապատին մէջէն առաջնորդեց եւ զանոնք Խոստացեալ Երկիրը բերաւ։ (Սաղմոս 136։1, 10-26) Այսպիսի պատմական տեղեկութիւններ ցոյց տուին թէ Եհովա Աստուած հաւատարիմ եւ վստահելի է։ Իր «խորհուրդներ»ը՝ իր նպատակադրած բոլոր բաները՝ կ’իրականանան։ Աստուծոյ կողմէ հայթայթուած ճշգրիտ գիտութիւնը զօրացուց Եսային որ շարունակէ լոյսի մէջ քալել։ Ուստի, ան գեղեցիկ օրինակ հանդիսացաւ մեզի։ Եթէ ուշադրութեամբ ուսումնասիրենք Աստուծոյ գրաւոր Խօսքը, եւ զայն կիրարկենք մեր կեանքին մէջ, մե՛նք ալ պիտի կարենանք լոյսին մէջ մնալ։—Սաղմոս 119։105. Բ. Կորնթացիս 4։6
Քաղաք մը կը Կործանի
14. Քաղաքի մը մասին ի՞նչ մարգարէացուած է, եւ հաւանաբար, անիկա ո՞ր քաղաքն էր։
14 Աստուծոյ խորհուրդներէն օրինակ մը կը գտնենք Եսայեայ 25։2–ի մէջ, ուր կը կարդանք. «Քաղաքը հողակոյտ ու պարսպապատ քաղաքը աւերակ դարձուցիր, որպէս զի այսուհետեւ քաղաք չըլլալով՝ օտարականներուն պալատը յաւիտեան չշինուի»։ Ի՞նչ է այս քաղաքը։ Հաւանաբար Եսային մարգարէաբար կը խօսէր Բաբելոնի մասին։ Արդարեւ, եկաւ ժամանակը, երբ Բաբելոն աւերակներու կոյտ մը դարձաւ։
15. Ներկայիս ո՞ր «մեծ քաղաք»ը գոյութիւն ունի, եւ անոր ի՞նչ պիտի պատահի։
15 Եսայիին յիշած քաղաքը իր համանմանը ունի՞ ներկայիս։ Այո՛։ Յայտնութիւն գիրքը ակնարկութիւն կ’ընէ ‘մեծ քաղաքի մը որ կը թագաւորէ երկրի թագաւորներուն վրայ’։ (Յայտնութիւն 17։18) Այդ մեծ քաղաքը «Մեծ Բաբելոն»ը՝ սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութիւնն է։ (Յայտնութիւն 17։5) Ներկայիս, Մեծն Բաբելոնի գլխաւոր հատուածը Քրիստոնեայ Աշխարհն է, որու կղերները Եհովայի ժողովուրդին կատարած Թագաւորութեան քարոզչութեան գործին գլխաւոր հակառակողներն են։ (Մատթէոս 24։14) Վաղեմի Բաբելոնին նման, սակայն, Մեծն Բաբելոնը շուտով պիտի կործանի, վերստին չկանգնելու պայմանաւ։
16, 17. Եհովայի թշնամիները ի՞նչպէս փառք տուած են իրեն՝ անցեալին եւ ներկայիս։
16 «Պարսպապատ քաղաք»ին մասին Եսայի ուրիշ ի՞նչ կը մարգարէանայ։ Եհովայի ուղղելով իր խօսքը, Եսային կ’ըսէ. «Զօրաւոր ժողովուրդը քեզ պիտի պատուէ եւ ահարկու ազգերուն քաղաքը քեզմէ պիտի վախնայ»։ (Եսայեայ 25։3) Այս թշնամական քաղաքը՝ «ահարկու ազգերուն քաղաքը», ի՞նչպէս Եհովան պիտի պատուէր։ Լա՛ւ, նկատի առէք թէ ինչ պատահեցաւ Բաբելոնի ամենահզօր թագաւորին՝ Նաբուգոդոնոսորին։ Իր տկարութիւնը ցուցադրող զգաստացուցիչ փորձառութենէ մը ետք, ան ստիպուեցաւ Եհովայի մեծութիւնը եւ ամենակալութիւնը խոստովանիլ։ (Դանիէլ 4։34, 35) Երբ Եհովա իր զօրութիւնը ի գործ դնէ, նոյնիսկ իր թշնամիները կը ստիպուին ընդունիլ իր զօրաւոր գործերը, թէեւ՝ վարանելով։
17 Մեծն Բաբելոնը երբեք ստիպուեցա՞ւ Եհովայի հզօր գործերը ընդունիլ։ Այո՛։ Առաջին Աշխարհամարտի ընթացքին, Եհովայի օծեալ ծառաները նեղութեան ներքեւ քարոզեցին։ 1918–ին, անոնք հոգեւոր գերութեան տարուեցան, երբ Դիտարանի Ընկերութիւն պատասխանատուները բանտարկուեցան։ Կազմակերպուած քարոզչութիւնը գրեթէ դադրեցաւ։ Ապա 1919–ին, Եհովա զանոնք վերահաստատեց ու իր հոգիով կազդուրեց, անկէ ետք անոնք գործի լծուեցան, համայն աշխարհի մէջ բարի լուրը քարոզելու յանձնարարութիւնը կատարելու համար։ (Մարկոս 13։10) Այս բոլորը մարգարէացուած են Յայտնութիւն գրքին մէջ, ինչպէս նաեւ՝ անոնց թշնամիներուն վրայ այս բոլորին ունեցած ազդեցութիւնը։ Այս վերջինները, «վախով լեցուեցան ու փառք տուին երկնքի Աստուծոյն»։ (Յայտնութիւն 11։3, 7, 11-13) Ոչ թէ բոլորն ալ դարձի եկան, այլ ստիպուեցան այս առիթով Եհովայի կատարած զօրաւոր գործը ընդունիլ, ճիշդ ինչպէս որ Եսայի նախագուշակած էր։
‘Ապաւէն . . . Աղքատին’
18, 19. (ա) Հակառակորդները ինչո՞ւ չեն յաջողած Եհովայի ժողովուրդին ուղղամտութիւնը բեկանել։ (բ) «Բռնաւորներուն ցնծութեան ձայնը» ի՞նչպէս պիտի ցածնայ։
18 Այժմ՝ լոյսին մէջ քալողներուն հետ Եհովայի ազնիւ վերաբերմունքին դարձնելով ուշադրութիւնը, Եսայի Եհովայի կ’ըսէ. «Դուն ապաւէն եղար աղքատին, ապաւէն՝ չքաւորին իր նեղութեան ատենը, ապաստանարան՝ փոթորիկէն, հովանի՝ տաքութենէն, երբ անօրէն մարդոց կատաղութիւնը պատ փլցնող փոթորիկի պէս գայ։ Օտարականներուն աղաղակը չոր տեղին տաքութեանը պէս պիտի մեղմացնես։ Ինչպէս տաքութիւնը ամպի հովանիով կ’իջնէ, այնպէս բռնաւորներուն ցնծութեան ձայնը պիտի ցածնայ»։—Եսայեայ 25։4, 5
19 1919–էն ի վեր, բռնաւորներ ամէ՛ն կերպ փորձած
են ճշմարիտ երկրպագուներուն ուղղամտութիւնը բեկանելու համար, բայց ձախողած են։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Եհովան իր ժողովուրդին ապաւէնն ու ապաստանարանն է։ Ան հալածանքի կիզիչ տաքութենէն զովացնող հովանի մը կը հայթայթէ եւ հակառակութեան փոթորիկին դէմ ուժեղ պատի մը նման կը կենայ։ Մենք՝ Աստուծոյ լոյսին մէջ քալողներս, վստահութեամբ կը սպասենք այն ժամանակին, «երբ բռնաւորներուն ցնծութեան ձայնը պիտի ցածնայ»։ Այո, անձկագին կը սպասենք այն օրուան, երբ Եհովայի թշնամիները պիտի չքանան։20, 21. Եհովա ի՞նչ կոչունք մը կու տայ, եւ նոր աշխարհին մէջ այդ կոչունքը ի՞նչ պիտի պարփակէ։
20 Եհովա իր ծառաները պաշտպանելէն աւելին կ’ընէ։ Սիրալիր Հօր մը նման անոնց պէտք եղածը կը հայթայթէ։ 1919–ին իր ժողովուրդը Մեծն Բաբելոնէն ազատագրելէ ետք, անոնց յաղթութեան կոչունք մը՝ առատ հոգեւոր կերակուր տուաւ։ Ասիկա նախագուշակուած էր Եսայեայ 25։6–ի մէջ, ուր կը կարդանք. «Զօրքերու Տէրը այս լերան վրայ բոլոր ազգերուն կոչունք մը պիտի ընէ, պարարտ բաներու եւ հին գինիներու, ծուծով լեցուած պարարտ բաներու ու զտուած հին գինիներու կոչունք»։ Այս կոչունքին մասնակից ըլլալը ի՜նչ մեծ առանձնաշնորհում մըն է։ (Մատթէոս 4։4) «Տէրոջը սեղան»ը իրապէս օգտակար ուտելիքներով լեցուն է։ (Ա. Կորնթացիս 10։21) «Հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին միջոցով, հոգեւոր առումով մեզի հարկ եղած ամէն բան մեզի կը տրուի։
21 Բայց Աստուծոյ հայթայթած կոչունքի սեղանը միայն այսքան չէ։ Հիմա մեր վայելած հոգեւոր կոչունքը մեզի կը յիշեցնէ Աստուծոյ խոստացած նոր աշխարհին մէջ ըլլալիք ֆիզիքական ուտելիքի առատութիւնը։ Այն ատեն, ‘պարարտ բաներու կոչունքը’ պիտի պարփակէ առատ ֆիզիքական ուտելիք։ Ոեւէ մէկը ֆիզիքապէս կամ հոգեւորապէս անօթի պիտի չըլլայ։ Ասիկա ի՜նչ մխիթարութիւն պիտի ըլլայ այն սիրելի հաւատարիմներուն համար, որոնք այժմ Յիսուսի ներկայութեան «նշան»ին մաս կազմող նախագուշակուած «սովեր»էն կը տառապին։ (Մատթէոս 24։3, 7) Անոնց համար սաղմոսերգուին խօսքերը արդարեւ մխիթարական են։ Ան ըսաւ. «Ցորենի առատութիւն պիտի ըլլայ երկրի մէջ։ Լեռներուն գլուխը»։—Սաղմոս 72։16
22, 23. (ա) Ի՞նչ «ծածկոց» կամ «վարագոյր» պիտի վերցուի, եւ ի՛նչպէս։ (բ) ‘Եհովայի ժողովուրդին նախատինքը’ ի՞նչպէս պիտի վերցուի։
22 Հիմա տակաւին աւելի հոյակապ խոստում մը լսեցէք։ Մեղքն ու մահը «ծածկոց»ի կամ «վարագոյր»ի մը նմանցնելով, Եսային կ’ըսէ. «Այս լերան վրայ [Եհովա] բոլոր ժողովուրդներուն վրայ տարածուած ծածկոցը ու բոլոր ազգերուն վրայ փռուած վարագոյրը բնաջինջ պիտի ընէ»։ (Եսայեայ 25։7) Պահ մը խորհեցէ՛ք։ Շնչահեղձ ընող ծածկոցի մը նման մարդկութեան վրայ ճնշող մեղքն ու մահը պիտի չքանայ։ Որքա՜ն կը տենչանք այն օրուան, երբ Յիսուսի քաւիչ զոհին օգուտները լման կերպով պիտի կիրարկուին հնազանդ ու հաւատարիմ մարդկութեան։—Յայտնութիւն 21։3, 4
23 Այդ հոյակապ ժամանակին մատնանշելով, ներշնչեալ մարգարէն մեզ կը վստահեցնէ. «[Աստուած] մահը յաւիտեան բնաջինջ պիտի ընէ ու Տէր Եհովան ամէն աչքէ արցունքը պիտի սրբէ եւ բոլոր երկրի երեսէն իր ժողովուրդին նախատինքը պիտի վերցնէ. վասն զի Տէրը խօսեցաւ»։ (Եսայեայ 25։8) Ոեւէ մէկը բնական պատճառներով պիտի չմեռնի, ո՛չ ալ սիրելիի մը կորուստին համար պիտի լայ։ Ի՜նչ երանելի փոփոխութիւն մը։ Ասկէ զատ, աշխարհի մէջ ո՛չ մէկ տեղ պիտի լսուին նախատինքներ եւ զրպարտիչ պրոպականդներ, որոնց այսքան ատեն ենթարկուած են Աստուած եւ իր ծառաները։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Եհովա անոնց դրդապատճառը՝ ստութեան հայրը, Բանսարկու Սատանան, եւ անոր ամբողջ սերունդը մէջտեղէն պիտի վերցնէ։—Յովհաննու 8։44
24. Լոյսին մէջ քալողները ի՞նչպէս կ’ընդառաջեն իրենց ի նպաստ Եհովայի ըրած զօրաւոր գործերուն։
24 Եհովայի զօրութեան այս յայտնաբերումներուն մասին խոկալէ ետք, լոյսին մէջ քալողները կը մղուին բացագանչելու. «Ահա մեր Աստուածը ասիկա է. անոր յուսացինք ու անիկա մեզ ազատեց. Տէրը ասիկա է, անոր յուսացինք. անոր փրկութիւնովը պիտի ցնծանք եւ ուրախանանք»։ (Եսայեայ 25։9) Շուտով, արդար մարդկութիւնը ամէն պատճառ պիտի ունենայ ցնծալու։ Խաւարը բոլորովին պիտի չքանայ, եւ հաւատարիմները յաւիտեանս յաւիտենից Եհովայի լոյսով պիտի ողողուին։ Ասկէ աւելի փառաւոր յոյս մը կրնա՞յ ըլլալ։ Արդարեւ ո՛չ։
Կրնա՞ք բացատրել
• Ինչո՞ւ ներկայիս կենսական է լոյսին մէջ քալել։
• Եսայի ինչո՞ւ Եհովայի անունը փառաբանեց։
• Ինչո՞ւ թշնամիները երբեք պիտի չկարենան Աստուծոյ ժողովուրդին ուղղամտութիւնը բեկանել։
• Լոյսին մէջ քալողներուն ի՞նչ առատ օրհնութիւններ վերապահուած են։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 12, 13]
Յուդայի բնակիչները երախաները Մողոքին զոհ կը մատուցանէին
[Նկարներ՝ էջ 15]
Եհովայի հզօր արարքներուն մասին գիտութիւն ունենալը Եսային մղեց որ Եհովայի անուան փառք տայ
[Նկար՝ էջ 16]
Արդարները յաւիտեան Եհովայի լոյսով պիտի ողողուին