Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Որո՞նք են Աստուծոյ ծառաները ներկայիս

Որո՞նք են Աստուծոյ ծառաները ներկայիս

Որո՞նք են Աստուծոյ ծառաները ներկայիս

«Աստուած է որ այդ կարողութիւնը կու տայ մեզի։ Դարձեալ ինքն է, որ մեզ արժանի ըրաւ ըլլալու ծառաներ նոր Ուխտին»։—Բ. ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 3։5, 6, Անթիլիաս

1, 2. Առաջին դարու բոլոր Քրիստոնեաները ի՞նչ պատասխանատուութիւն ունէին, բայց հարցերը ի՞նչպէս փոխուեցան։

ՄԵՐ Հասարակ Դարաշրջանի առաջին դարուն, բոլոր Քրիստոնեաները կարեւոր պատասխանատուութիւն մը ունէին՝ բարի լուրը քարոզելու պարտաւորութիւնը։ Բոլորն ալ օծեալներ՝ եւ նոր ուխտին ծառաներն էին։ Ոմանք յաւելեալ պատասխանատուութիւններ ունէին, ինչպէս՝ ժողովքին մէջ ուսուցանել։ (Ա. Կորնթացիս 12։27-29. Եփեսացիս 4։11) Ծնողներ ծանր պատասխանատուութիւն ունէին տունէն ներս։ (Կողոսացիս 3։18-21) Բայց բոլորն ալ կը մասնակցէին քարոզելու հիմնական եւ կենսական գործին։ Քրիստոնէական Սուրբ Գրութիւններու Յունարէն բնագրին մէջ այս պատասխանատուութիւնը տի·ա·քո·նիա մըն է, ծառայութիւն մը կամ սպասարկութիւն մը։—Կողոսացիս 4։17

2 Ժամանակի ընթացքին հարցերը փոխուեցան։ Կղեր դասակարգ մը յառաջ եկաւ, իրեն վերապահելով քարոզելու առանձնաշնորհումը։ (Գործք 20։30) Կղերները իրենք զիրենք Քրիստոնեայ կոչողներուն մէջ փոքրամասնութիւն մըն էին։ Հսկայ մեծամասնութիւնը նկատուեցաւ որպէս աշխարհական։ Մինչ աշխարհականներուն կը սորվեցնէին որ կարգ մը պարտաւորութիւններ ունէին, ի միջի այլոց նուիրատուութիւններ ընել կղերականներուն պէտքերը հոգալու համար, բայց անոնց մեծամասնութիւնը քարոզելու հարցին մէջ անտարբեր ունկնդիրներ դարձան։

3, 4. (ա) Քրիստոնեայ Աշխարհի մէջ անհատներ ի՞նչպէս ծառաներ կամ քարոզիչներ կ’ըլլան։ (բ) Քրիստոնեայ Աշխարհին մէջ ո՞վ քարոզիչ կամ ծառայ նկատուած է, եւ Եհովայի Վկաներու մէջ պարագան ի՞նչպէս տարբեր է։

3 Կղերները կը դաւանին որ իրենք ծառաներ (մինիսթըր) են (տի·աքո·նոս բառին Լատիներէն թարգմանութիւնը)։ * Ասոր համար անոնք համալսարաններէն կամ վանքերէն շրջանաւարտ կ’ըլլան եւ կը ձեռնադրուին։ Տը Ինթըրնէշընլ Սթէնտըրտ Պայպըլ Ինսայգլոբիտիա–ն կ’ըսէ. «Սովորաբար, ‘ձեռնադրելը’ կամ ‘ձեռնադրութիւնը’, պաշտօնական ծէսերով ծառաներուն կամ քահանաներուն մասնաւոր կարգ մը տալուն կ’ակնարկէ, անոր հետ մէկտեղ Խօսքը ծանուցանելու կամ հաղորդութիւն տալու, կամ երկուքն ալ ընելու հեղինակութիւն տալով անոնց»։ Ո՞վ կը ձեռնադրէ ծառաները կամ քարոզիչները։ Պրիթանիքա Նոր Համայնագիտարանը կ’ըսէ. «Այն եկեղեցիները, որոնք պատմական եպիսկոպոսական կարգը պահած են, ձեռնադրողը միշտ եպիսկոպոս մը կ’ըլլայ։ Երիցական եկեղեցիներուն մէջ, երիցաժողովի ծառաներուն [քարոզիչներուն] կողմէ կը կատարուի ձեռնադրութիւնը»։

4 Հետեւաբար, Քրիստոնեայ Աշխարհի եկեղեցիներուն մէջ, քարոզիչ կամ ծառայ ըլլալու առանձնաշնորհումը խստօրէն սահմանափակուած է։ Բայց Եհովայի Վկաներու մէջ այս չէ պարագան։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ առաջին դարու քրիստոնէական ժողովքին մէջ այդպէս չէր։

Իսկապէս Որո՞նք Են Աստուծոյ Ծառաները

5. Ըստ Աստուածաշունչին, որպէս ծառայ ծառայողներուն մէջ որո՞նք կան։

5 Ըստ Աստուածաշունչին, Եհովայի բոլոր երկրպագուները՝ երկնաւոր թէ երկրաւոր՝ ծառաներ են։ Հրեշտակներ ծառայեցին Յիսուսի։ (Մատթէոս 4։11. 26։53. Ղուկաս 22։43) Հրեշտակները կը ծառայեն նաեւ անոնց որ «փրկութիւն պիտի ժառանգեն»։ (Եբրայեցիս 1։14. Մատթէոս 18։10) Յիսուս ծառայ մըն էր։ Ան ըսաւ. «Որդին մարդոյ չեկաւ սպասաւորութիւն ընդունելու, հապա սպասաւորութիւն ընելու»։ (Մատթէոս 20։28. Հռովմայեցիս 15։8) Ուստի, քանի որ Յիսուսի հետեւորդները պէտք է «իր շաւիղներուն հետեւին», զարմանալի չէ որ իրենք ալ ծառաներ պէտք է կոչուին։—Ա. Պետրոս 2։21

6. Յիսուս ի՞նչպէս նշեց որ իր աշակերտները ծառաներ կամ քարոզիչներ պիտի ըլլային։

6 Իր երկինք համբառնալէն քիչ առաջ, Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք, մկրտեցէ՛ք զանոնք յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. սորվեցուցէք անոնց որ այն բոլոր բաները պահեն՝ ինչ որ ես ձեզի պատուիրեցի»։ (Մատթէոս 28։19, 20) Յիսուսի աշակերտները պէտք էր աշակերտներ պատրաստողներ՝ ծառաներ ըլլային։ Իրենց պատրաստած աշակերտները պիտի սորվէին Յիսուսի պատուիրած բոլոր բաները պահել, ի միջի այլոց, երթալու եւ աշակերտելու պատուէրը։ Տղամարդ թէ կին, չափահաս թէ երախայ, Յիսուս Քրիստոսի ճշմարիտ աշակերտ մը ծառայ կամ քարոզիչ մը պէտք էր ըլլար։—Յովելեայ 2։28, 29

7, 8. (ա) Ո՞ր համարները ցոյց կու տան թէ բոլոր ճշմարիտ Քրիստոնեաները ծառաներ կամ քարոզիչներ են։ (բ) Ձեռնադրութեան մասին ի՞նչ հարցումներ կը յարուցուին։

7 Ասոր հետ ներդաշնակ ըլլալով, Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէի օրը, հոն ներկայ եղող Յիսուսի բոլոր աշակերտները՝ այր թէ կին՝ «Աստուծոյ մեծամեծ բաներու մասին» խօսելու միացան։ (Գործք 2։1-11) Աւելի ուշ, Պօղոս առաքեալ գրեց. «Սրտով կը հաւատայ մէկը արդարանալու համար ու բերնով կը խոստովանի փրկուելու համար»։ (Հռովմայեցիս 10։10) Պօղոս այս խօսքերը ուղղեց ո՛չ թէ սահմանափակ թիւով կղեր դասակարգի մը, հապա՝ ‘բոլորին, որ Հռովմի մէջ էին, որպէս Աստուծոյ սիրելիներուն’։ (Հռովմայեցիս 1։1, 7) Նմանապէս, ‘Եփեսոսի մէջ եղող բոլոր սուրբերը եւ Յիսուս Քրիստոսին հաւատացողները’, պէտք էր իրենց ‘ոտքերուն ամրացնէին խաղաղութեան աւետարանին պատրաստութիւնը’։ (Եփեսացիս 1։1. 6։15) Իսկ անոնք որոնք Եբրայեցիներուն գրած իր նամակը լսեցին, պէտք էր ‘անխախտ պահէին իրենց յոյսին դաւանութիւնը’։—Եբրայեցիս 10։23

8 Արդ՝ անհատ մը ե՞րբ ծառայ կամ քարոզիչ մը կ’ըլլայ։ Ուրիշ խօսքով, ան ե՞րբ կը ձեռնադրուի եւ ո՞վ կը ձեռնադրէ զինք։

Ե՞րբ կը Ձեռնադրուին Որպէս Քարոզիչներ

9. Յիսուս ե՞րբ ձեռնադրուեցաւ եւ որո՛ւ կողմէ։

9 Յիսուս Քրիստոսի օրինակը նկատի առէք, գիտնալու համար թէ անհատ մը ե՛րբ եւ որո՛ւ կողմէ կը ձեռնադրուի։ Ան որեւէ վանքէ մը ձեռնադրութեան կամ աստիճանաւորումի վաւերագիր մը չունէր, փաստելու համար թէ ինք ծառայ մըն էր. ան ոեւէ մարդու ձեռքով ալ չձեռնադրուեցաւ։ Արդ, ինչո՞ւ կրնանք ըսել որ ան ծառայ մըն էր։ Քանի որ Եսայիին ներշնչեալ խօսքերը իր վրայ կատարուեցան. «Տէր Եհովային Հոգին իմ վրաս է, վասն զի Տէրը զիս օծեց . . . աւետիս տալու»։ (Ղուկաս 4։17-19. Եսայեայ 61։1) Այս խօսքերը ստոյգ կերպով կ’ապացուցանեն որ Յիսուս բարի լուրը տալու յանձնարարութիւն ստացած էր։ Ո՞րմէ։ Քանի որ Եհովայի հոգին զինք օծած էր այս գործին համար, Յիսուս բացայայտօրէն Եհովա Աստուծոյ կողմէ ձեռնադրուած էր։ Ասիկա ե՞րբ պատահեցաւ։ Եհովայի հոգին իրապէս Յիսուսի վրայ եկաւ իր մկրտութեան ատեն։ (Ղուկաս 3։21, 22) Ուստի, իր մկրտութեան ատենն էր որ ան ձեռնադրուեցաւ։

10. Քրիստոնեայ ծառայ մը որո՞ւ կողմէ «որակելի» կը դառնայ։

10 Ի՞նչ կրնանք ըսել Յիսուսի առաջին դարու հետեւորդներուն մասին։ Որպէս քարոզիչ կամ ծառայ անոնց աստիճանաւորումն ալ Եհովայէն եկաւ։ Պօղոս ըսաւ. «Աստուած է որ որակելի կը դարձնէ մեզ, արդարեւ ինքն է որ մեզ որակելի դարձուցած է նոր ուխտին ծառաներ ըլլալու»։ (Բ. Կորնթացիս 3։5, 6, ՆԱ) Եհովա ի՞նչպէս իր երկրպագուները որակելի կը դարձնէ ծառաներ ըլլալու։ Նկատի առէք Տիմոթէոսի օրինակը, որու Պօղոս կոչեց «Աստուծոյ պաշտօնեան [ծառան] . . . Քրիստոսին աւետարանին մէջ»։—Ա. Թեսաղոնիկեցիս 3։2

11, 12. Տիմոթէոս ի՞նչպէս յառաջդիմեց ծառայ կամ քարոզիչ մը ըլլալու համար։

11 Տիմոթէոսի ուղղուած հետեւեալ խօսքերը մեզի կ’օգնեն հասկնալու թէ ան ի՛նչպէս ծառայ մը եղաւ. «Դուն հաստատո՛ւն կեցիր այն բաներուն մէջ որոնք սորվեցար ու որոնց հաւատացիր, վասն զի գիտես թէ որմէ՛ սորված ես։ Նաեւ քու մանկութենէդ ի վեր սուրբ գրքերը գիտես, որոնք կրնան իմաստուն ընել քեզ փրկուելու Քրիստոս Յիսուսին վրայ եղած հաւատքովը»։ (Բ. Տիմոթէոս 3։14, 15) Տիմոթէոսի հաւատքին հիմը կը կազմէր Սուրբ Գրութիւններու գիտութիւնը, որ պիտի մղէր զինք հանրային յայտարարութիւն ընելու։ Ասոր համար միակ պահանջուածը անձնական ընթերցանութի՞ւնն էր։ Ո՛չ. Տիմոթէոս օգնութեան պէտք ունէր ճշգրիտ գիտութիւն ու հոգեւոր հասկացողութիւն ձեռք ձգելու համար։ (Կողոսացիս 1։9) Հետեւաբար, Տիմոթէոս ‘հաւատաց’։ Քանի որ ան Սուրբ Գրքերը ‘մանկութենէն’ գիտէր, անոր առաջին ուսուցիչները եղած ըլլալու էին իր մայրն ու մեծմայրը՝ ըստ երեւոյթին իր հայրը հաւատացեալ մը ըլլալու չէր։—Բ. Տիմոթէոս 1։5

12 Սակայն Տիմոթէոս քարոզիչ կամ ծառայ մը ըլլալու համար ասկէ աւելին պէտք էր։ Նախ իր հաւատքը զօրացած ըլլալու էր մօտակայ ժողովքներու Քրիստոնեաներուն ընկերակցութեամբ։ Ի՞նչպէս գիտենք։ Քանի որ երբ Պօղոս առաջին անգամ հանդիպեցաւ Տիմոթէոսի, այս երիտասարդը «Լիւստրացի ու Իկոնացի եղբայրներէն ալ բարի վկայուած էր»։ (Գործք 16։2) Ասկէ զատ, այդ օրերուն կարգ մը եղբայրներ ժողովքներուն նամակներ կը գրէին զանոնք հաստատելու համար։ Իսկ տեսուչներ այցելութիւններ կու տային, զանոնք քաջալերելու համար։ Այսպիսի կարգադրութիւններ Տիմոթէոսի նման Քրիստոնեաներուն օգնեցին որ հոգեւորապէս յառաջդիմեն։—Գործք 15։22-32. Ա. Պետրոս 1։1

13. Տիմոթէոս ե՞րբ ձեռնադրուեցաւ որպէս ծառայ, եւ ինչո՞ւ կրնաք ըսել որ իր հոգեւոր յառաջդիմութիւնը հոն վերջ չգտաւ։

13 Մատթէոս 28։19, 20–ի մէջ արձանագրուած Յիսուսի պատուէրին ի տես, կրնանք վստահ ըլլալ որ որոշ ատեն մը Տիմոթէոսի հաւատքը զինք մղեց որ Յիսուսը ընդօրինակէ ու մկրտուի։ (Մատթէոս 3։15-17. Եբրայեցիս 10։5-9) Ասիկա Աստուծոյ կատարած Տիմոթէոսի սրտանց նուիրումը կը խորհրդանշէր։ Իր մկրտութեան ատեն Տիմոթէոս ծառայ մը եղաւ։ Անկէ սկսեալ իր կեանքը, կորովը եւ ի՛նչ որ ունէր՝ Աստուծոյ կը պատկանէր։ Ասիկա իր պաշտամունքին անբաժան մէկ մասն էր՝ «սրբազան ծառայութիւն մը»։ Սակայն, Տիմոթէոս չխորհեցաւ որ ինք փառքի տիրացաւ ու իր գործը վերջացաւ։ Ան շարունակեց հոգեւորապէս աճիլ, հասուն Քրիստոնեայ ծառայ մը դառնալով։ Ասոր նպաստեցին Պօղոսի նման հասուն Քրիստոնեաներուն հետ իր ընկերակցութիւնը, անձնական ուսումնասիրութիւնը եւ իր նախանձախնդիր քարոզչութիւնը։—Ա. Տիմոթէոս 4։14. Բ. Տիմոթէոս 2։2. Եբրայեցիս 6։1

14. Ներկայիս՝ «յաւիտենական կեանքի համար լաւ տրամադրուած» անհատ մը ի՞նչպէս կը յառաջդիմէ ծառայ մը ըլլալու համար։

14 Ներկայիս, քրիստոնէական ծառայութեան համար ձեռնադրութիւնը նոյն կերպով կ’ըլլայ։ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան մը շնորհիւ, «յաւիտենական կեանքի համար լաւ տրամադրուած» անհատի մը օգնութիւն կը տրուի որ Աստուծոյ ու իր նպատակներուն մասին սորվի։ (Գործք 13։48ՆԱ) Անհատը Աստուածաշունչի սկզբունքները իր կեանքին մէջ կիրարկել եւ Աստուծոյ իմաստալից աղօթք մատուցանել կը սորվի։ (Սաղմոս 1։1-3. Առակաց 2։1-9. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։17, 18) Ան ուրիշ հաւատացեալներու հետ կ’ընկերակցի եւ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին հայթայթումներէն ու կարգադրութիւններէն կ’օգտուի։ (Մատթէոս 24։45-47. Առակաց 13։20. Եբրայեցիս 10։23-25) Այս կերպով կրթական ծրագրուած կարգադրութեամբ ան կը յառաջդիմէ։

15. Ի՞նչ կը պատահի երբ անհատ մը մկրտուի։ (Տես նաեւ՝ ստորանիշը։)

15 Եհովա Աստուծոյ հանդէպ սէր մշակած եւ փրկանքի զոհին վրայ զօրաւոր հաւատք ունեցող Աստուածաշունչի աշակերտ մը ի վերջոյ կը փափաքի ինքզինք ամբողջովին նուիրել իր երկնաւոր Հօր։ (Յովհաննու 14։1) Ան այս նուիրումը կ’ընէ իր անձնական աղօթքին մէջ, ապա կը մկրտուի՝ առանձին իր առած քայլին որպէս հանրային խորհրդանիշ։ Մկրտութիւնը իր ձեռնադրութեան արարողութիւնն է, քանի որ ա՛յն ատեն է որ կը ճանչցուի որպէս ամբողջովին նուիրուած ծառայ մը, Աստուծոյ տի·աքո·նոս մը։ Ան աշխարհէն զատուած պէտք է մնայ։ (Յովհաննու 17։16. Յակոբու 4։4) Ան իր ամբողջ անձը կը ներկայացնէ որպէս «կենդանի զոհ մը՝ սուրբ, Աստուծոյ հաճելի»՝ անվերապահօրէն եւ առանց պայմանի։ (Հռովմայեցիս 12։1) * Ան Աստուծոյ ծառան կ’ըլլայ՝ Քրիստոսը ընդօրինակելով։

Քրիստոնէական Ծառայութիւնը Ի՞նչ Է

16. Որպէս ծառայ, Տիմոթէոսի կարգ մը պատասխանատուութիւնները ի՞նչ էին։

16 Տիմոթէոսի ծառայութիւնը ի՞նչ կը պարփակէր։ Ան որպէս Պօղոսի ուղեկիցը՝ մասնաւոր պարտականութիւններ ունէր։ Իսկ երբ երէց եղաւ, Քրիստոնեայ հաւատակիցներուն սորվեցնելու ու զանոնք զօրացնելու համար ծանր աշխատեցաւ։ Բայց իր ծառայութեան կորիզը կը կազմէր բարի լուրը քարոզել ու աշակերտել, ինչպէս ըրած էին Յիսուս եւ Պօղոս։ (Մատթէոս 4։23. Ա. Կորնթացիս 3։5) Պօղոս ըսաւ Տիմոթէոսի. «Դուն ամէն բանի մէջ արթո՛ւն կեցիր, նեղութիւններու համբերէ՛, աւետարանիչի գործ գործէ՛, քու պաշտօնդ կատարէ՛»։—Բ. Տիմոթէոս 4։5

17, 18. (ա) Քրիստոնեաները ո՞ր ծառայութեան կը ձեռնարկեն։ (բ) Քարոզչութիւնը ո՞րքան կարեւոր է Քրիստոնեայ ծառայի մը համար։

17 Նոյնն է պարագան արդի ծառաներուն։ Անոնք հանրային ծառայութեան՝ աւետարանչութեան կը մասնակցին, ուրիշներուն ցոյց տալով Յիսուսի զոհագործութեան հիման վրայ մատչելի եղող փրկութիւնը, եւ հեզերուն սորվեցնելով որ Եհովայի անունը կանչեն։ (Գործք 2։21. 4։10-12. Հռովմայեցիս 10։13) Անոնք Աստուածաշունչէն կ’ապացուցանեն որ տառապող մարդկութեան միակ յոյսը Թագաւորութիւնն է, եւ ցոյց կու տան որ երբ աստուածային սկզբունքներով ապրինք, հիմակուընէ իսկ ամէն բան կը բարելաւուի։ (Սաղմոս 15։1-5. Մարկոս 13։10) Բայց Քրիստոնեայ ծառայ մը ընկերային աւետարան չի քարոզեր։ Հապա կը սորվեցնէ որ «աստուածպաշտութիւնը ամէն բանի օգտակար է, որ թէ՛ ներկայ եւ թէ՛ ապագայ կեանքին խոստումը ունի»։—Ա. Տիմոթէոս 4։8

18 Ճիշդ է որ ծառաներէն շատեր սպասարկութեան յաւելեալ պարտականութիւններ ունին, որոնք մէկ Քրիստոնեայէն միւսը կը տարբերին։ Շատեր ընտանեկան պարտաւորութիւններ ունին։ (Եփեսացիս 5։21–6։4) Երէցներ եւ օգնական ծառաներ ժողովքին մէջ պարտականութիւններ ունին։ (Ա. Տիմոթէոս 3։1, 12, 13. Տիտոս 1։5. Եբրայեցիս 13։7) Շատ Քրիստոնեաներ Թագաւորութեան Սրահներու շինարարութեան կ’օգնեն։ Ոմանք Դիտարանի Ընկերութեան Պէթէլի տուներուն մէջ կամաւորապէս աշխատելու հոյակապ առանձնաշնորհումը ունին։ Բայց բոլոր Քրիստոնեայ ծառաներն ալ բարի լուրի քարոզչութեան կը մասնակցին։ Ոեւէ մէկը բացառութիւն չի կազմեր։ Այս գործին մասնակցելով է որ անհատ մը հանրապէս կը բնորոշուի որպէս իրական Քրիստոնեայ ծառայ մը։

Քրիստոնեայ Ծառայի մը Կեցուածքը

19, 20. Քրիստոնեայ ծառաներ ի՞նչ կեցուածք պէտք է մշակեն։

19 Քրիստոնեայ Աշխարհի ծառաներէն շատեր մասնայատուկ յարգանք կ’ակնկալեն եւ կարգ մը տիտղոսներ կ’առնեն իրենց վրայ, ինչպէս՝ «պատուելի» եւ «հայր»։ Բայց Քրիստոնեայ ծառայ մը գիտէ թէ միայն Եհովան արժանի է պատիւի։ (Ա. Տիմոթէոս 2։9, 10) Քրիստոնեայ ծառաներէն ո՛չ մէկը այսպիսի ինքնագով յարգանք կը պահանջէ, կամ մասնայատուկ տիտղոսներու կը տենչայ։ (Մատթէոս 23։8-12) Ան գիտէ թէ տի·ա·քո·նիա–ին հիմնական իմաստն է՝ «ծառայութիւն»։ Անոր ընկերակցող բայը երբեմն Աստուածաշունչին մէջ գործածուած է անձնական սպասարկութեան առնչութեամբ, ինչպէս՝ սեղաններու սպասարկել։ (Ղուկաս 4։39. 17։8. Յովհաննու 2։5) Նոյնիսկ երբ քրիստոնէական ծառայութեան կապակցաբար անոր գործածութիւնը աւելի բարձր է, բայց տի·աքո·նոս մը տակաւին ծառայ մըն է։

20 Ուստի ոեւէ Քրիստոնեայ ծառայ պատճառ չունի ինքզինք կարեւոր զգալու։ Անկեղծ Քրիստոնեաները՝ նոյնիսկ ժողովքին մէջ մասնաւոր պատասխանատուութիւններ ունեցողները՝ խոնարհ ծառաներ են։ Յիսուս ըսաւ. «Ձեզմէ ով որ մեծ ըլլալ կ’ուզէ, թող անիկա ձեր սպասաւորը ըլլայ ու ձեզմէ ով որ առաջին ըլլալ կ’ուզէ, թող անիկա ձեր ծառան ըլլայ»։ (Մատթէոս 20։26, 27) Երբ իր աշակերտներուն ցոյց կու տար մշակելիք շիտակ կեցուածքը, Յիսուս անոնց ոտքերը լուաց, ամենանուաստ ծառայի մը գործը ընելով։ (Յովհաննու 13։1-15) Ի՜նչ խոնարհ ծառայութիւն մը։ Ուստի, Քրիստոնեայ ծառաներ խոնարհաբար կը ծառայեն Եհովա Աստուծոյ եւ Յիսուս Քրիստոսի։ (Բ. Կորնթացիս 6։4. 11։23) Անոնք իրարու սպասարկելով մտքի խոնարհութիւն ցոյց կու տան։ Իսկ երբ բարի լուրը կը քարոզեն, անոնք անձնուրացաբար կը ծառայեն իրենց անհաւատ դրացիներուն։—Հռովմայեցիս 1։14, 15. Եփեսացիս 3։1-7

Ծառայութեան Մէջ Համբերել

21. Ծառայութեան մէջ համբերելով, Պօղոս ի՞նչպէս վարձատրուեցաւ։

21 Պօղոսի համար, ծառայ մը ըլլալը համբերութիւն պահանջեց։ Ան Կողոսացիներուն ըսաւ որ իրենց բարի լուրը քարոզելու համար, շատ բաներու տոկացած էր։ (Կողոսացիս 1։24, 25) Բայց քանի որ համբերեց, շատեր ընդունեցին բարի լուրը եւ ծառաներ եղան։ Անոնք Աստուծոյ որդիներ եւ Յիսուս Քրիստոսի եղբայրները եղան, յուսալով անոր կողքին երկնքի մէջ հոգեղէն արարածներ ըլլալ։ Համբերութեան համար ի՜նչ փառահեղ վարձատրութիւն մը։

22, 23. (ա) Ինչո՞ւ Քրիստոնեայ ծառաներ ներկայիս համբերութեան կարիքը ունին։ (բ) Քրիստոնէական համբերութենէն ի՞նչ հոյակապ պտուղ յառաջ կու գայ։

22 Ներկայիս ալ անհրաժեշտ է որ Աստուծոյ իսկական ծառաները համբերութիւն ունենան։ Շատեր ամէն օր հիւանդութեան եւ յառաջացած տարիքի ցաւերուն դէմ կը պայքարին։ Ծնողներ ծանր կ’աշխատին իրենց զաւակները մեծցնելու համար, որոնցմէ շատեր՝ առանց կողակիցի։ Երախաներ դպրոցներուն մէջ խիզախօրէն կ’ընդդիմանան զիրենք շրջապատող սխալ ազդեցութիւններու։ Շատ Քրիստոնեաներ տնտեսական ծանր պայքարներ կը դիմագրաւեն։ Իսկ շատեր ներկայ «չար ժամանակներ»ուն պատճառով հալածանք կամ դժուարութիւններ կը կրեն։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1) Այո, գրեթէ վեց միլիոն Եհովայի ծառաներ կրնան Պօղոս առաքեալի հետ ներկայիս ըսել՝ «Ամէն բանի մէջ մեր անձը կ’ընծայենք՝ Աստուծոյ սպասաւորներու պէս՝ շատ համբերութիւնով»։ (Բ. Կորնթացիս 6։4) Քրիստոնեայ ծառաները ձեռնթափ չեն ըլլար։ Անոնք իրապէս գովելի են իրենց համբերութեան համար։

23 Ասկէ զատ, ինչպէս Պօղոսի պարագային՝ համբերութիւնը հոյակապ պտուղներ յառաջ կը բերէ։ Համբերելով՝ Եհովայի հետ մեր սերտ յարաբերութիւնը կը պահպանենք ու իր սիրտը կ’ուրախացնենք։ (Առակաց 27։11) Մեր հաւատքը կը զօրացնենք եւ կ’աշակերտենք, քրիստոնէական եղբայրակցութիւնը ուռճացնելով։ (Ա. Տիմոթէոս 4։16) Եհովա նեցուկ կանգնած է իր ծառաներուն եւ զանոնք օրհնած է այս վերջին օրերու ընթացքին։ Որպէս արդիւնք, 144,000–ի վերջին անդամները հաւաքուած են, իսկ միլիոնաւոր ուրիշներ ալ դրախտ երկրի մը վրայ յաւիտենական կեանք վայելելու վստահ յոյսը ունին։ (Ղուկաս 23։43. Յայտնութիւն 14։1) Իրապէս, քրիստոնէական ծառայութիւնը Եհովայի ողորմութեան մէկ արտայայտութիւնն է։ (Բ. Կորնթացիս 4։1) Թող որ բոլորս ալ զայն արժեւորենք եւ երախտապարտ ըլլանք որ անոր պտուղը յաւիտեան պիտի մնայ։—Ա. Յովհաննու 2։17

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 3 Յունարէն տի·աքո·նոս բառէն ծագում առած է եկեղեցիին մէջ պաշտօն կատարող սարկաւագ (տիքըն) բառը։ Այն եկեղեցիներուն մէջ, ուր կիներ կրնան սարկաւագներ ըլլալ, անոնք կը կոչուին սարկաւագուհիներ։

^ պարբ. 15 Թէեւ Հռովմայեցիս 12։1–ը գլխաւորաբար օծեալ Քրիստոնեաներուն կը կիրարկուի, բայց անոր սկզբունքը «ուրիշ ոչխարներ»ուն ալ կը կիրարկուի։ (Յովհաննու 10։16) Ասոնք ‘Եհովայի կը յարին, անոր ծառայութիւն ընելու ու Եհովայի անունը սիրելու ու անոր ծառաներ ըլլալու համար’։—Եսայեայ 56։6ՆԱ

Կրնա՞ք բացատրել

• Առաջին դարու բոլոր Քրիստոնեաները ի՞նչ պատասխանատուութիւն ունէին։

• Քրիստոնեայ ծառայ մը ե՞րբ եւ որո՞ւ կողմէ կը ձեռնադրուի։

• Քրիստոնեայ ծառայ մը ի՞նչ կեցուածք պէտք է մշակէ։

• Քրիստոնեայ ծառայ մը ինչո՞ւ պէտք է դժուարութիւններու համբերէ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկարներ՝ էջ 16, 17]

Տիմոթէոս իր մանկութենէն Աստուծոյ Խօսքը սորվեցաւ։ Ան մկրտուած ժամանակ ձեռնադրուած ծառայ մը եղաւ

[Նկար՝ էջ 18]

Մկրտութիւնը՝ անհատի մը Աստուծոյ ըրած նուիրումը կը խորհրդանշէ եւ որպէս ծառայ անոր ձեռնադրութիւնը կը նշէ

[Նկար՝ էջ 20]

Քրիստոնեայ ծառաներ՝ ծառայելու պատրաստ են