Աղօթելը որեւէ օգուտ ունի՞
Աղօթելը որեւէ օգուտ ունի՞
ԳՐԵԹԷ ամէն անհատ օր մը աղօթելու կարիքը կը զգայ։ Արդարեւ, գրեթէ ամէն հաւատքի պատկանող անհատներ անկեղծօրէն կ’աղօթեն։ Օրինակ, օրական հազարաւոր անգամներ, Պուտտայական մը կրնայ կրկնել՝ «Վստահութիւնս Ամիտա Պուտտային վրայ կը դնեմ» աղօթքը։
Համայն աշխարհի մէջ յարատեւող խնդիրներուն ի տես, տրամաբանական է հարց տալ. Մարդիկ աղօթելով ի՞նչ կ’ակնկալեն իրագործել։ Այս բոլոր աղօթքները որեւէ օգուտ ունի՞ն։
Մարդիկ Ինչո՞ւ կ’Աղօթեն
Արեւելքցիներէն շատեր իրենց նախահայրերուն եւ Շինթոյական կամ Թաոյական աստուածներուն կ’աղօթեն։ Անոնք ասիկա կ’ընեն յուսալով դպրոցի քննութիւններէն յաջողիլ, լաւ բերք մը ունենալ, կամ հիւանդութիւններէ զերծ ըլլալ։ Պուտտայականներ կը յուսան իրենց ջանքերով լուսաւորութիւն ձեռք ձգել։ Հինտուներ իրենց նախասիրած չաստուածներուն կամ չաստուածուհիներուն անկեղծօրէն կ’աղօթեն, գիտութեան, հարստութեան եւ պաշտպանութեան համար։
Կարգ մը Կաթողիկէներ կը յուսան մարդկութեան օգտակար ըլլալ, որպէս վանական կամ կրօնաւորուհի իրենց կեանքը փակ վանքերու կամ մենաստաններու մէջ անցընելով, ուր անդադար կ’աղօթեն։ Միլիոնաւոր Կաթողիկէներ Մարիամի խնդրանքներ կը ներկայացնեն, անգիր աղօթքներ մատուցանելով, թերեւս վարդարանի օգնութեամբ։ Արեւելեան երկիրներու մէջ, շատեր աղօթքի անիւներ կը գործածեն։ Բողոքականներ Տէրունական Աղօթքին բառերը կը կրկնեն, թէեւ իրենց ինքնաբուխ զգացումներն ալ կ’արտայայտեն Աստուծոյ։
Հրեաներէն շատեր, երկար ճամբորդութիւններ կը կատարեն Երուսաղէմի Արեւմտեան Պատին առջեւ աղօթելու համար, յուսալով տաճարին վերականգնումը եւ բարգաւաճութեան ու խաղաղութեան նոր դարաշրջան մը։Թէեւ միլիոնաւոր անհատներ ջերմեռանդ աղօթքներ կը մատուցանեն, սակայն մարդկային ընկերութիւնը հետզհետէ աւելի կը տառապի աղքատութեան, մոլութեան, քայքայուած ընտանիքներու, ոճիրի եւ պատերազմի խնդիրներով։ Կրնա՞յ ըլլալ որ այս բոլոր անհատները շիտակ կերպով չեն աղօթեր։ Իսկ ինչ կը վերաբերի ասոր, իրապէս աղօթքները լսող մը կա՞յ։
Աղօթքները Լսող մը Կա՞յ
Աղօթքները իսկական օգուտ մը չեն կրնար ունենալ եթէ զանոնք լսող մը չըլլայ։ Երբ անհատ մը կ’աղօթէ, ան բացայայտօրէն կը հաւատայ թէ անտեսանելի հոգեւոր ծիրին մէջ կայ մէ՛կը, որ իրեն կը լսէ։ Սակայն, աղօթքները ձայնի սովորական ալիքներով չեն փոխանցուիր։ Շատեր կը հաւատան թէ կա՛յ մէկը որ նոյնիսկ աղօթող անհատին խորհուրդները կրնայ կարդալ։ Անիկա ո՞վ կրնայ ըլլալ։
Հետազօտողներուն համար, իրապէս անբացատրելի է թէ մտքերը ճիշդ ի՛նչպէս ծագում կ’առնեն միլիառաւոր ջղաբջիջներէ բաղկացած մեր գլխուղեղային կեղեւին մէջ։ Սակայն, տրամաբանական է որ ուղեղը Ծրագրողը կրնայ այսպիսի մտքեր կարդալ։ Անիկա ուրիշ մէկը չէ, եթէ ոչ մեր Ստեղծիչը՝ Եհովա Աստուած։ (Սաղմոս 83։18. Յայտնութիւն 4։10) Աղօթքները իրեն պէտք է ուղղուին։ Սակայն, Եհովա այս բոլո՞ր աղօթքներուն ուշադրութիւն կ’ընծայէ։
Բոլոր Աղօթքները կը Լսուի՞ն
Վաղեմի Իսրայէլի Դաւիթ Թագաւորը աղօթասէր մարդ մըն էր։ Աստուծմէ ներշնչուած սաղմոսերգու մը ըլլալով, ան երգեց. «Ո՛վ աղօթքի լսող, քեզի պիտի գայ ամէն մարմին»։ (Սաղմոս 65։2) Եհովա կարող է հասկնալ մարդոց խօսած հազարաւոր լեզուներով արտասանուած որեւէ աղօթք։ Այն իրողութիւնը, թէ չկա՛յ մարդկային ուղեղ մը որ կարենայ այսքան շատ տեղեկութիւն ընկալել, ինքնին չի նշանակեր թէ Աստուած չի կրնար ուշադրութիւն ընծայել այն բոլոր անհատներուն, որոնք ընդունելի կերպով իրեն կ’աղօթեն։
Այսուհանդերձ, Յիսուս Քրիստոս՝ նոյնպէս աղօթասէր մարդ մը՝ յայտնեց թէ Աստուած բոլոր աղօթքներուն չի հաճիր։ Նկատի առէք թէ Յիսուս ի՛նչ ըսաւ անգիր աղօթքներ սորվելու եւ կրկնելու այն ատենուան ժողովրդական սովորութեան մասին։ Ան ըսաւ. «Երբ աղօթք կ’ընէք, հեթանոսներուն պէս շատախօս մի՛ ըլլաք, վասն զի կը կարծեն թէ իրենց շատ խօսելուն համար պիտի լսուին»։ (Մատթէոս 6։7) Չենք կրնար ակնկալել որ Եհովա մտիկ ընէ աղօթքներ, որոնք մեր իսկական զգացումները չեն արտայայտեր։
Ցոյց տալով թէ ինչո՛ւ կարգ մը աղօթքներ Աստուած չեն հաճեցներ, Աստուածաշունչի առակ մը կ’ըսէ. «Ան որ օրէնքին մտիկ չընելու համար կը գոցէ իր ականջը, անոր աղօթքն անգամ պիղծ է»։ (Առակաց 28։9) Ուրիշ առակ մը կ’ըսէ. «Տէրը ամբարիշտներէն հեռու է, բայց արդարներուն աղօթքը կը լսէ»։ (Առակաց 15։29) Ժամանակ մը, երբ վաղեմի Յուդայի առաջնորդները շատ յանցաւոր էին, Եհովա ըսաւ. «Երբ ձեռքերնիդ տարածէք, աչքերս ձեզմէ պիտի ծածկեմ, նաեւ երբ աղօթքնիդ շատցնէք, պիտի չլսեմ, վասն զի ձեռքերնիդ արիւնով լեցուն են»։—Եսայեայ 1։1, 15
Պետրոս առաքեալ ուրիշ բան մըն ալ յիշեց, որ կրնար աղօթքները Աստուծոյ անընդունելի դարձնել։ Պետրոս գրեց. «Նմանապէս այրերը խոհեմութիւնով անոնց [իրենց կիներուն] հետ ապրին, տկար անօթի պէս յարգելով կիները, իբրեւ կեանքի շնորհքին ժառանգակիցներ՝ որպէս զի ձեր աղօթքներուն արգելք չըլլայ»։ (Ա. Պետրոս 3։7) Այս խրատը զանց ընող տղամարդուն աղօթքները, թերեւս առաստաղէն անդին չանցնին։
Բացայայտօրէն, աղօթքները լսելի ըլլալու համար, կարգ մը պահանջներու գոհացում պէտք է տրուի։ Սակայն, աղօթողներէն շատեր, Աստուծոյ մեզմէ պահանջած բաները կատարելով շատ հետաքրքրուած չեն։ Այս պատճառաւ, այսքան ջերմեռանդօրէն մատուցուած աղօթքներ, աւելի լաւ աշխարհ մը մէջտեղ չեն բերած։
Հետեւաբար, Աստուած մեզմէ ի՞նչ կը պահանջէ, մեր աղօթքները լսելի ըլլալու համար։ Պատասխանը կապ ունի մեր աղօթելու բուն պատճառին հետ։ Իրականութեան մէջ, եթէ կ’ուզենք գիտնալ թէ աղօթքները օգուտ մը ունին թէ ոչ, պէտք է անոնց նպատակը հասկնանք։ Եհովա ինչո՞ւ կարելի դարձուցած է որ իր հետ խօսինք։
[Նկարին աղբիւրը՝ էջ 3]
G.P.O., Jerusalem