Հարցումներ ընթերցողներէն
Հարցումներ ընթերցողներէն
Արեան պատշաճ գործածութեան մասին Աստուածաշունչի պատուէրներուն լոյսին տակ, Եհովայի Վկաները ի՞նչպէս կը նկատեն անհատին անձնական արիւնը գործածելու բժշկական գործընթացները։
Փոխանակ զուտ անձնական նախընտրութիւններու, կամ բժշկական որոշ յանձնարարութեան հիման վրայ որոշում տալու, իւրաքանչիւր Քրիստոնեայ լրջօրէն պէտք է նկատի առնէ թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կ’ըսէ։ Անիկա իրեն եւ Եհովայի միջեւ հարց մըն է։
Եհովա՝ որու կը պարտինք մեր կեանքը՝ պատուիրեց որ արիւն պէտք չէ ուտուի։ (Ծննդոց 9։3, 4) Վաղեմի Իսրայէլի տուած Օրէնքին մէջ, Աստուած արեան գործածութիւնը սահմանափակեց, քանի որ անիկա կեանք կը ներկայացնէ։ Ան պատուիրեց. «Մարմնին կենդանութիւնը արեան մէջ է եւ ես ձեզի տուի զայն, որպէս զի սեղանին վրայ ձեր հոգիներուն համար քաւութիւն ընէք»։ Եթէ մարդ մը անասուն մը մեռցնէր ուտելու համար, ի՞նչ էր օրէնքը։ Աստուած ըսաւ. «Անոր արիւնը պէտք է թափէ ու հողով ծածկէ զայն»։ * (Ղեւտացւոց 17։11, 13) Եհովա այս պատուէրը բազմիցս կրկնեց։ (Բ. Օրինաց 12։16, 24. 15։23) Հրէական Սոնսինօ Գումաշ–ը կը նշէ. «Արիւնը պէտք չէ մթերուի, այլ՝ գետին թափելով ուտելու անյարմար պէտք է նկատել զայն»։ Ո՛չ մէկ Իսրայելացի պէտք էր իւրացնէր, մթերէր եւ գործածէր ուրիշ արարածի մը արիւնը, որու կեանքը Աստուծոյ կը պատկանէր։
Մովսիսական Օրէնքը պահելու պարտաւորութիւնը վերջ գտաւ Մեսիային մահով։ Բայց արեան սրբութեան մասին աստուածային տեսակէտը կը մնայ։ Աստուծոյ սուրբ հոգիով մղուած, առաքեալները ուղղութիւն տուին Քրիստոնեաներուն որ ‘ետ կենան արիւնէ’։ Այդ պատուէրը պէտք չէր թեթեւի առնուէր։ Անիկա բարոյապէս նո՛յնքան կարեւոր էր, ո՛րքան սեռային անբարոյութենէ եւ կռապաշտութենէ հեռու մնալը։ (Գործք 15։28, 29. 21։25) Երբ արիւն տալը եւ ներարկելը սովորական դարձաւ քսաներորդ դարուն, Եհովայի Վկաները հասկցան որ այս սովորութիւնը հակառակ էր Աստուծոյ Խօսքին։ *
Երբեմն բժիշկ մը կը քաջալերէ որ հիւանդը գործողութենէն շաբաթներ առաջ իր արիւնը մթերէ (նախավիրահատութեան ինքնուրոյն արեան նուիրում, կամ ՓԷՏ), որպէսզի երբ կարիք տեսնուի, կարենայ հիւանդին ներարկել ինքնիր մթերուած արիւնը։ Սակայն, այս կերպով արիւնը հաւաքելը, մթերելը եւ ներարկելը ուղղակիօրէն հակառակ է Ղեւտացւոց եւ Երկրորդ Օրինացին մէջ ըսուածներուն։ Արիւնը պէտք չէ մթերուի, այլ պէտք է թափուի՝ Աստուծոյ վերադարձուի, այդպէս ըսուած։
Ճիշդ է որ ներկայիս Մովսիսական Օրէնքը ի զօրու չէ։ Բայց եւ այնպէս Եհովայի Վկաները անոր մէջի Աստուծոյ սկզբունքները կը յարգեն եւ որոշած են ‘արիւնէ ետ կենալ’։ Հետեւաբար, մենք արիւն չենք տար, ոչ ալ ներարկման համար կը մթերենք մեր արիւնը, որ պէտք է ‘թափուի’։ Այս սովորութիւնը Աստուծոյ օրէնքին հակառակ է։Անհատի մը իր իսկ արիւնը պարփակող ուրիշ գործընթացներ կամ քննութիւններ, նոյնքան բացայայտօրէն Աստուծոյ նշած սկզբունքներուն հետ բախումի մէջ չեն։ Օրինակի համար, շատ Քրիստոնեաներ թոյլ տուած են որ իրենցմէ արիւն առնուի քննութեան կամ տարրալուծման համար, որմէ ետք այդ առնուած արիւնը կը թափուի։ Բժիշկներ կրնան անհատին իր իսկ արեան հետ առնչուած աւելի բարդ գործընթացներ յանձնարարել։
Օրինակ, վիրաբուժական կարգ մը գործողութիւններու ընթացքին, արիւնէն մաս մը մարմինէն դուրս կրնայ ուղղուիլ, արեան նօսրութիւն կոչուած գործողութեամբ (հէմոտիլուշըն)։ Հիւանդին մէջ մնացած արիւնը կը նօսրացուի։ Ետքը, դուրսը շրջագայող արիւնը դարձեալ մարմնէն ներս կ’ուղղուի, այս կերպով արիւնը գրեթէ իր բնականոն վիճակին մէջ կը բերուի։ Նմանապէս, վէրքին մէջ հոսող արիւնն ալ կ’առնուի ու կը զտուի, այնպէս որ կարմիր գնդիկները կը վերադարձուին հիւանդին. ասիկա կը կոչուի բջիջի փրկութիւն։ Տարբեր մեթոտ մըն է արիւնը ուղղել գործիքի մը մէջ, որ ժամանակաւորապէս մարմնի գործարաններուն (օրինակ՝ սիրտ, թոք կամ երիկամունք) կատարած բնական գործողութիւնը կը կատարէ։ Ետքը, գործիքին մէջի արիւնը կը վերադարձուի հիւանդին։ Ուրիշ մեթոտներով, արիւնը կ’ուղղուի զատիչ (կեդրոնախոյս) գործիքի մը մէջ, անոր վնասուած կամ արատաւոր մասերը հեռացնելու համար։ Կամ նպատակը կրնայ ըլլալ արեան բաղադրիչներէն ոմանք մեկուսացնել եւ մարմնին մէջ ուրիշ տեղ մը կցել։ Կան նաեւ ուրիշ քննութիւններ, որոնց համար որոշ քանակութեամբ արիւն կը քաշուի, անոր մէջ նիւթեր կամ դեղեր դրուելու եւ դարձեալ հիւանդին մարմնին մէջ ներարկելու համար։
Մանրամասնութիւնները կրնան տարբերիլ եւ վստահաբար նոր մեթոտներ, դարմաններ եւ քննութիւններ պիտի մշակուին։ Մեր պարտականութիւնը չէ իւրաքանչիւր տարբերակ քննել եւ որոշումի մը յանգիլ։ Քրիստոնեայ մը ի՛նք պէտք է որոշէ թէ վիրաբուժական գործողութեան մը, բժշկական քննութեան մը կամ ընթացիկ դարմանի մը մէջ իր արիւնը ի՛նչպէս պիտի գործածուի։ Ժամանակէն առաջ ինք բժիշկէն պէտք է բացատրութիւններ խնդրէ թէ այդ մեթոտի ընթացքին ի՛նչ պիտի ընեն իր արեան։ Անկէ ետք իր խղճին համաձայն որոշում պէտք է տայ։ (Տես շրջագիծը։)
Քրիստոնեաները պէտք չէ մոռնան Աստուծոյ ըրած իրենց նուիրումը եւ ‘զինք բոլոր սրտով ու բոլոր անձով եւ բոլոր զօրութիւնով ու բոլոր մտքով սիրելու’ իրենց պարտաւորութիւնը։ (Ղուկաս 10։27) Աշխարհի մէջ գտնուող մարդոց մեծամասնութեան հակառակը, Եհովայի Վկաները մեծապէս կ’արժեւորեն Աստուծոյ հետ իրենց ունեցած լաւ յարաբերութիւնը։ Իրենց Կենսատուն կը յորդորէ բոլորը որ Յիսուսի թափուած արեան վրայ դնեն իրենց վստահութիւնը։ Կը կարդանք. «Որով [Յիսուս Քրիստոսով] փրկութիւն ունինք մենք իր արեանը միջոցով, մեղքի թողութիւն»։—Եփեսացիս 1։7
[Ստորանիշներ]
^ պարբ. 4 Ուսուցչապետ Ֆրէնգ Հ. Կորմէն կը գրէ. «Արիւնը թափելը ըմբռնուած է որպէս երկիւղած արարք մը, անասունին կեանքին հանդէպ յարգանք, եւ անով՝ այդ կեանքը ստեղծած եւ անոր հոգ տանող Աստուծոյ հանդէպ յարգանքի արտայայտութիւն»։
^ պարբ. 5 1 Յուլիս 1951–ի Դիտարան–ը (Անգլերէն) այս նիւթին մասին հիմնական հարցումներու պատասխանեց, ցոյց տալով որ նուիրուած արեան ներարկումները ինչո՛ւ անպատշաճ էին։
[Շրջանակ/Նկարներ՝ էջ 31]
ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐ՝ ՈՐՈՆՔ ԴՈՒՔ ՁԵԶԻ ՊԷՏՔ Է ՈՒՂՂԷՔ
Եթէ արիւնէս մաս մը մարմինէս դուրս պիտի ուղղուի եւ թերեւս անոր հոսքը նոյնիսկ ժամանակ մը ընդհատուի, իմ խիղճս թոյլ պիտի տա՞յ որ այս արիւնը նկատեմ որպէս տակաւին իմ մէկ մասս եւ ո՛չ թէ՝ ‘գետին թափուելիք’։
Աստուածաշունչով մարզուած իմ խիղճս պիտի տանջուի՞, եթէ ախտորոշաբանական կամ դարմանական գործընթացի մը ընթացքին արիւնէս մաս մը քաշուի, բարեփոխուի եւ վերադարձուի մարմնիս մէջ (վրայ)։