Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ֆիճի կղզիներուն մէջ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կը ծանուցանուի

Ֆիճի կղզիներուն մէջ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կը ծանուցանուի

Մենք անոնցմէ ենք որ կը հաւատան

Ֆիճի կղզիներուն մէջ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կը ծանուցանուի

ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍ առիթով մը երկու ճամբաներու մասին խօսեցաւ։ Մէկը լայն է եւ մահուան կը տանի։ Միւսը նեղ է՝ բայց կեանքի կ’առաջնորդէ։ (Մատթէոս 7։13, 14) Որպէսզի մարդիկ կարող ըլլան շիտակ ճամբան ընտրել, Եհովա Աստուած մտադրեց որ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզուի համայն աշխարհի մէջ։ (Մատթէոս 24։14) Ուստի, մարդիկ ամէնուրեք կը լսեն Թագաւորութեան պատգամը եւ ոմանք կեանքը կ’ընտրեն, ըլլալով անոնցմէ որ ‘ետ չեն քաշուիր որ կորսուին, հապա կը հաւատան թէ իրենց հոգին պիտի փրկուի’։ (Եբրայեցիս 10։39) Կը հրաւիրենք ձեզ որ կարդաք անոնց մասին, որոնք Ֆիճիի եւ Հարաւային Խաղաղականի մօտակայ կղզիներուն մէջ ընտրութիւն մը կ’ընեն որ ապրին։

Անոնք Եհովայի Ապաւինեցան

Մէրէն տակաւին դպրոցական աղջնակ մըն էր երբ առաջին անգամ Թագաւորութեան պատգամը լսեց 1964–ին։ Քանի որ մեկուսացած կղզիի մը մէջ կ’ապրէր, Եհովայի Վկաներուն հետ շատ շփում չունէր։ Բայց ի վերջոյ կրցաւ Աստուածաշունչէն ճշգրիտ գիտութիւն ձեռք ձգել։ Այդ ժամանակ ան ամուսնացած էր մարդու մը հետ որ գիւղապետ մըն էր։ Քանի որ Մէրէն կը փափաքէր Աստուածաշունչի սկզբունքներով ապրիլ, ամուսինը եւ ազգականները բրտօրէն կը վարուէին իրեն հետ, իսկ գիւղացիները կ’արհամարհէին զինք։ Այսուհանդերձ, ան մկրտուեցաւ 1991–ին։

Անկէ քիչ ետք, Մէրէյին ամուսինը՝ Ճոշուան, փափկեցաւ եւ սկսաւ իր զաւակներուն հետ Մէրէյի սուրբ գրային զրոյցներուն մասնակցիլ։ Ճոշուան Մեթոտական Եկեղեցի յաճախելը դադրեցուց։ Բայց որպէս գիւղապետ, ան տակաւին գիւղի շաբաթական ժողովները կը վարէր։ Գիւղացիներուն աչքին, Ճոշուան անհաւատարիմ դարձած էր, քանի որ Մեթոտական Եկեղեցին ֆիճիական գեղջկական կեանքին անբաժան մէկ մասն էր։ Ուստի, տեղւոյն պատուելին յորդորեց որ Ճոշուան իր նախկին կրօնքին վերադառնար։

Ճոշուա քաջաբար հաստատեց որ ինք ու իր ընտանիքը որոշած էին Եհովա Աստուած պաշտել «հոգիով ու ճշմարտութիւնով»։ (Յովհաննու 4։24) Գիւղի յաջորդ ժողովին, մեծագոյն գիւղապետը վճռեց որ Ճոշուան եւ իր ընտանիքը գիւղէն մեկնին որպէս վտարանդիներ։ Անոնց եօթը օր տրուեցաւ որ կղզիէն հեռանան, ձգելով իրենց տունը, հողը եւ բերքը, այո, իրենց ամբողջ ապրուստը։

Ուրիշ կղզիէ մը հոգեւոր եղբայրներ օգնութեան փութացին Ճոշուային եւ իր ընտանիքին, անոնց բնակարան մը եւ մշակելու հող տալով։ Հիմա՝ Ճոշուան եւ իր անդրանիկ տղան մկրտուած են եւ տղոցմէ մէկը բարի լուրի չմկրտուած հրատարակիչ մըն է։ Մէրէն վերջերս կանոնաւոր ռահվիրայութեան ձեռնարկեց (լման ժամանակով Թագաւորութիւնը ծանուցանող մը)։ Եհովայի ծառայելու իրենց ընտրութեան համար դիրք եւ նիւթական ստացուածք կորսնցուցին, բայց Պօղոս առաքեալի նման, անոնք ասիկա ոչինչ կը նկատեն բաղդատած իրենց շահածին։—Փիլիպպեցիս 3։8

Խղճի Հետ Կապ Ունեցող Ընտրութիւն մը

Աստուածաշունչով մարզուած խղճմտանքի մը հետեւելու ընտրութիւնը հաւատք եւ քաջութիւն կը պահանջէ։ Վստահաբար պարագան այս էր նոր մկրտուած Սուրաանկին, Գիրիպաթիի կղզիներէն մէկուն՝ Թարաուայի մէջ բնակող երիտասարդ կնոջ մը համար։ Սուրաանկ արտօնութիւն խնդրեց որ հիւանդանոցին մէջ որպէս հիւանդապահուհի իր կատարած գործին մէկ մասին չմասնակցի։ Անոր խնդրանքը լաւ ընդունելութիւն չգտաւ եւ որպէս հետեւանք զինք ղրկեցին հեռաւոր կղզիի մը մէջ գտնուող պզտիկ բժշկական դարմանատուն մը, ուր ան իր հաւատակիցներէն կտրուած էր։

Այդ կղզիին մէջ սովորութիւն է որ բոլոր նոր եկողները տեղական «ոգիին» զոհ մատուցանեն։ Մարդիկ կը հաւատան որ եթէ ասիկա չընեն հետեւանքը մահ կ’ըլլայ։ Քանի որ Սուրաանկ թոյլ չտուաւ որ կռապաշտական այս արարքը կատարուի իրեն եւ իր հետ եղողներուն համար, գիւղացիները սպասեցին որ ան նեղուած ոգիին կողմէ խեղդամահ ըլլայ։ Երբ որեւէ վնաս չհասաւ Սուրաանկի եւ իր հետ եղողներուն, շատ պատեհութիւններ բացուեցան իր դիմաց որ լաւ վկայութիւն մը տայ։

Բայց Սուրաանկի փորձութիւնները վերջ չգտան։ Այդ կղզիին երիտասարդներէն ոմանք մարտահրաւէր կը նկատէին այցելու երիտասարդուհիները հրապուրել։ Բայց Սուրաանկ անոնց առաջարկները մերժեց եւ Աստուծոյ հանդէպ իր ուղղամտութիւնը պահեց։ Իրականութեան մէջ, ան կրցաւ որպէս կանոնաւոր ռահվիրայ ծառայել, հակառակ անոր որ 24 ժամուան մէջ որեւէ ատեն որպէս հիւանդապահուհի կրնար գործի կանչուիլ։

Կղզիէն մեկնելէ առաջ Սուրաանկի ի պատիւ տրուած խնճոյքէն առաջ, գիւղի տարեց մարդիկը նշեցին որ ան առաջին իրական միսիոնարն էր որ իրենց այցելած էր։ Աստուածաշունչի սկզբունքներուն հանդէպ իր ունեցած հաստատ դիրքին պատճառաւ, այդ կղզիին մէջ ուրիշներ նպաստաւոր կերպով ընդառաջած են Թագաւորութեան պատգամին։

Ֆիզիքական Դժուարութիւններ

Կարգ մը գիւղերու մեկուսացումը կը նշանակէ որ Եհովայի ծառաները շատ մեծ ջանք պէտք է թափեն ծառայութեան մասնակցելու եւ քրիստոնէական ժողովներու երթալու համար։ Չորս մկրտուած Վկաներու պարագան նկատի առէք՝ մէկ տղամարդ եւ երեք կին՝ որոնք ժամեր կը տրամադրեն ժողովի երթալու ու անկէ վերադառնալու համար։ Անոնց հետիոտն ճամբորդութեան մաս կը կազմէ միայն երթալու ճամբուն՝ երեք գետ կտրել։ Երբ ջուրը բարձր ըլլայ, նախ եղբայրը գետին միւս կողմը կ’անցնի իր հետ քաշելով մեծ կաթսայ մը, որ կը պարունակէ իրենց պայուսակները, գիրքերը եւ ժողովի համար հագուելիքներ։ Ապա լողալով ետ կու գայ երեք քոյրերուն օգնելու համար։

Ուրիշ պզտիկ խումբ մը որ Գիրիպաթիի Նոնութի մեկուսի կղզիին մէջ ժողովներու կ’երթայ, տարբեր դժուարութեան կը հանդիպի։ Այն տունը ուր կը հաւաքուին, միայն եօթը կամ ութ անհատ կ’առնէ։ Միւսները դուրսը կը նստին եւ մետաղեայ ցանկապատէն ներս կը դիտեն։ Ժողովատեղին դիւրութեամբ տեսանելի է իրենց տպաւորիչ եկեղեցիներէն վերադարձող կամ հոն գացող գիւղացիներուն։ Անշուշտ, Եհովայի ծառաները կը գիտակցին որ ո՛չ թէ շէնքերը, այլ մարդիկն են որ իրապէս ցանկալի են Աստուծոյ աչքին։ (Անգեայ 2։7) Կղզիին մէջ գտնուող մկրտուած քոյր մը տարեց է եւ չի կրնար երկար միջոցներ քալել։ Բայց երիտասարդ քոյր մը, որ չմկրտուած հրատարակիչ մըն է, ծառայութեան մէջ անոր կ’օգնէ ձեռնակառքով մը զինք փոխադրելով։ Ի՜նչ գնահատութիւն ցոյց կու տան ճշմարտութեան հանդէպ։

Ֆիճի կղզիներուն մէջ ծառայող աւելի քան 2,100 հրատարակիչները վճռած են շարունակել Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզել։ Անոնք վստահ են որ տակաւին շատ ուրիշներ ‘պիտի հաւատան որ իրենց հոգին փրկուի’։

[Քարտէս՝ էջ 8]

(Լման շարադրանքին համար՝ տե՛ս հրատարակութիւնը)

Աւստրալիա

Ֆիճի