Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

‘Ո՛վ Աստուած, քու լոյսդ ղրկէ’

‘Ո՛վ Աստուած, քու լոյսդ ղրկէ’

‘Ո՛վ Աստուած, քու լոյսդ ղրկէ’

«Քու լոյսդ ու ճշմարտութիւնդ ղրկէ, որպէս զի անոնք առաջնորդեն ինծի»։—ՍԱՂՄՈՍ 43։3

1. Եհովա ի՞նչպէս կը յայտնէ իր նպատակները։

ԵՀՈՎԱ իր նպատակները իր ծառաներուն գիտցնելու կերպին մէջ շատ նկատառու է։ Փոխանակ ամբողջ ճշմարտութիւնը շլացուցիչ փայլքով մը մէկ անգամէն յայտնելու, ան աստիճանաբար կը լուսաւորէ մեզ։ Կեանքի ճամբուն մէջ քալելը կրնայ նմանցուիլ հետիոտն ճամբորդութեան, զոր անհատ մը կը ձեռնարկէ երկար արահետի մը մէջ։ Ան առաւօտ կանուխ ճամբայ կ’ելլէ եւ յստակօրէն չի կրնար տեսնել։ Մինչ արեւը կը սկսի դանդաղօրէն բարձրանալ հորիզոնին վրայ, ան իր շուրջը գտնուող բաները կը սկսի քիչ մը զատորոշել. մնացեալը տարտամօրէն կը տեսնէ։ Բայց մինչ արեւը կը շարունակէ բարձրանալ, ան հետզհետէ աւելի հեռուն կը տեսնէ։ Նոյնն է պարագան Աստուծոյ տուած հոգեւոր լոյսին։ Ան թոյլ կու տայ որ ամէն անգամ քանի մը բաներ ըմբռնենք։ Յիսուս Քրիստոս՝ Աստուծոյ Որդին ալ նոյն կերպով տուաւ հոգեւոր լուսաւորութիւնը։ Նկատի առնենք թէ Եհովա անցեալին ի՛նչպէս լուսաւորեց իր ժողովուրդը եւ թէ ներկայիս ինչպէս կ’ընէ ասիկա։

2. Եհովա նախաքրիստոնէական շրջանին ի՞նչպէս լուսաւորութիւն հայթայթեց։

2 43–րդ Սաղմոսը յօրինողները հաւանաբար Կորխի որդիներն էին։ Ղեւտացիներ ըլլալով, անոնք ժողովուրդին Աստուծոյ Օրէնքը սորվեցնելու առանձնաշնորհումը ունէին։ (Մաղաքեայ 2։7) Անշուշտ, Եհովան էր իրենց Մեծ Ուսուցիչը եւ անոր կը նայէին որպէս ամէն իմաստութեան Աղբիւր։ (Եսայեայ 30։20ՆԱ) «Ո՛վ Աստուած . . . քու լոյսդ ու ճշմարտութիւնդ ղրկէ, որպէս զի անոնք առաջնորդեն ինծի», աղօթեց սաղմոսերգուն։ (Սաղմոս 43։1, 3) Այնքան ատեն որ Իսրայելացիները հաւատարիմ էին իրեն, Եհովա անոնց կը սորվեցնէր իր ճամբաները։ Դարեր ետք, Եհովա ամենէն հոյակապ լոյսը եւ ճշմարտութիւնը շնորհեց անոնց։ Աստուած ասիկա ըրաւ, երբ իր Որդին երկիր ղրկեց։

3. Յիսուսի ուսուցումը Հրեաները ի՞նչ կերպով փորձի ենթարկեց։

3 Մարդ Յիսուս Քրիստոս՝ Աստուծոյ Որդին, «աշխարհի լոյս»ն էր։ (Յովհաննու 8։12) Ան մարդոց «շատ բաներ կը սորվեցնէր առակներով». նոր բաներ։ (Մարկոս 4։2) Ան Պոնտացի Պիղատոսին ըսաւ. «Իմ թագաւորութիւնս այս աշխարհէն չէ»։ (Յովհաննու 18։36) Ասիկա նոր գաղափար մըն էր Հռովմէացիի մը եւ վստահաբար, ազգայնական Հրեաներուն համար, քանի որ անոնք կը խորհէին որ Մեսիան Հռովմէական Կայսրութիւնը ծունկի պիտի բերէր եւ Իսրայէլի պիտի տար իր նախկին փառքը։ Յիսուս Եհովայի տուած լոյսը կ’արտացոլացնէր, բայց իր խօսքերը հաճելի չեղան Հրեայ կառավարիչներուն, որոնք «մարդոց փառքը Աստուծոյ փառքէն աւելի սիրեցին»։ (Յովհաննու 12։42, 43) Մարդոցմէ շատեր նախընտրեցին իրենց մարդկային աւանդութիւններուն կառչած մնալ, քան թէ Աստուծմէ եկած հոգեւոր լոյսը եւ ճշմարտութիւնը ընդունիլ։—Սաղմոս 43։3. Մատթէոս 13։15

4. Ի՞նչպէս գիտենք որ Յիսուսի աշակերտները պիտի շարունակէին հասկացողութեան մէջ աճիլ։

4 Սակայն սակաւաթիւ ուղղամիտ այրեր ու կիներ ուրախութեամբ ողջունեցին Յիսուսի սորվեցուցած ճշմարտութիւնը։ Անոնք Աստուծոյ նպատակներուն հասկացողութեան մէջ հաստատ քայլերով յառաջդիմեցին։ Սակայն, մինչ իրենց Ուսուցիչին երկրային կեանքը իր վախճանին կը մօտենար, անոնք տակաւին շատ սորվելիք ունէին։ Յիսուս անոնց ըսաւ. «Ձեզի տակաւին շատ բաներ ունիմ ըսելու, բայց հիմա չէք կրնար տանիլ»։ (Յովհաննու 16։12) Այո, աշակերտները պէտք էր աճէին Աստուծոյ ճշմարտութեան հասկացողութեան մէջ։

Լոյսը կը Շարունակէ Փայլիլ

5. Առաջին դարուն ի՞նչ հարցում յարուցուեցաւ եւ զայն լուծելու պատասխանատուութիւնը որո՞նք ունէին։

5 Յիսուսի մահուընէ ու յարութենէն ետք, Աստուծմէ եկած լոյսը որեւէ ժամանակէ աւելի փայլեցաւ։ Պետրոսի տրուած տեսիլքի մը մէջ, Եհովա յայտնեց որ անթլփատ հեթանոսները այսուհետեւ կրնային Քրիստոսի հետեւորդները ըլլալ։ (Գործք 10։9-17) Ասիկա յայտնութի՛ւն մըն էր։ Սակայն, հետագային հարցում մը յարուցուեցաւ. Եհովա կը պահանջէ՞ր որ այդ հեթանոսները թլփատուէին Քրիստոնեայ ըլլալէ ետք։ Տեսիլքին մէջ այդ հարցումին պատասխանուած չէր, եւ ասիկա Քրիստոնեաներուն մէջ հրատապ վիճաբանութեան նիւթ դարձաւ։ Անիկա պէտք էր լուծուէր, ապա թէ ոչ իրենց թանկագին միութիւնը պիտի քայքայուէր։ Ուստի, Երուսաղէմի մէջ, «առաքեալներն ու երէցները հաւաքուեցան այս մասին խորհելու»։—Գործք 15։1, 2, 6

6. Առաքեալներն ու երէցները ի՞նչ քայլերու հետեւեցան, երբ թլփատութեան հարցը նկատի կ’առնէին։

6 Այդ ժողովին ներկայ եղողները ի՞նչպէս կրնային որոշել թէ ի՛նչ էր Աստուծոյ կամքը հաւատացեալ հեթանոսներուն նկատմամբ։ Եհովա հրեշտակ մը չղրկեց բանակցութիւնները ղեկավարելու համար, ոչ ալ հոն ներկայ եղողներուն տեսիլք մը շնորհեց։ Այսուհանդերձ, առաքեալներն ու երէցները ամբողջովին առանց առաջնորդութեան չմնացին։ Անոնք կարգ մը Հրեայ Քրիստոնեաներու վկայութիւնը լսեցին, որոնք տեսած էին թէ Աստուած ի՛նչպէս սկսած էր վարուիլ հեթանոս անհատներու հետ, իր սուրբ հոգին թափելով անթլփատ հեթանոսներու վրայ։ Անոնք առաջնորդութեան համար Սուրբ Գրութիւններն ալ հետազօտեցին։ Որպէս արդիւնք, Յակոբոս աշակերտ լուսաբանող համարներու վրայ հիմնուելով յանձնարարութիւն մը ըրաւ։ Մինչ անոնք տուեալներուն մասին կը խորհէին, Աստուծոյ կամքը յստակ եղաւ իրենց։ Հեթանոսներէն եկողները թլփատուելու կարիքը չունէին, Եհովայի հաճութիւնը վայելելու համար։ Առաքեալներն ու երէցները անյապաղ այս որոշումը գրի առին, որպէսզի Քրիստոնեայ հաւատակիցները անով առաջնորդուէին։—Գործք 15։12-29. 16։4

7. Առաջին դարու Քրիստոնեաները ի՞նչ կերպով յառաջդիմական էին։

7 Իրենց նախահայրերուն աւանդութիւններուն կառչած Հրեայ կրօնական առաջնորդներուն հակառակը, Հրէութենէ եկած Քրիստոնեաներէն շատեր ուրախացան, երբ հեթանոս անհատներու շուրջ Աստուծոյ նպատակին մասին այս հոյակապ հասկացողութիւնը ստացան, հակառակ անոր որ զայն ընդունիլը ընդհանուր հեթանոսներուն նկատմամբ իրենց տեսակէտը փոխել կը պահանջէր։ Եհովա օրհնեց անոնց հեզ հոգին եւ «եկեղեցիներն ալ հաւատքի մէջ կը հաստատուէին եւ օրէ օր անոնց թիւը կ’աւելնար»։—Գործք 15։31. 16։5

8. (ա) Ի՞նչպէս գիտենք թէ առաջին դարու վերջաւորութենէն ետք յաւելեալ լոյս կ’ակնկալուէր։ (բ) Ի՞նչ տեղին հարցումներ նկատի պիտի առնենք։

8 Հոգեւոր լոյսը շարունակեց փայլիլ առաջին դարու ամբողջ տեւողութեան։ Բայց Եհովա իր նպատակին բոլոր երեսակները չյայտնեց նախկին Քրիստոնեաներուն։ Պօղոս առաքեալ առաջին դարու իր հաւատակիցներուն ըսաւ. «Հիմա մենք որպէս թէ [«մետաղեայ», ՆԱ] հայելիի մէջ կը տեսնենք անյայտ կերպով»։ (Ա. Կորնթացիս 13։12) Այսպիսի հայելի մը արտացոլացնող լաւորակ մակերես մը չունէր։ Ուստի սկիզբը, հոգեւոր լոյսին հասկացողութիւնը սահմանափակ պիտի ըլլար։ Առաքեալներուն մահուընէ ետք, ժամանակ մը լոյսը աղօտեցաւ, բայց վերջերս Աստուածաշունչի գիտութիւնը աւելցած է։ (Դանիէլ 12։4) Եհովա ներկայիս ի՞նչպէս կը լուսաւորէ իր ժողովուրդը։ Իսկ մենք ի՞նչպէս պէտք է ընդառաջենք, երբ ան Սուրբ Գրքին մասին մեր հասկացողութիւնը կ’ընդլայնէ։

Լոյսը Հետզհետէ Աւելի կը Փայլի

9. Աստուածաշունչի նախկին Աշակերտները Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան ի՞նչ յատուկ եւ ազդու կերպ մը գործածեցին։

9 Արդի ժամանակներուն, լոյսի առաջին իրական շողերը սկսան երեւիլ 19–րդ դարու վերջին քառորդին, երբ Քրիստոնեայ այրեր ու կիներ սկսան Սուրբ Գիրքը ջանադրութեամբ ուսումնասիրել։ Անոնք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան գործնական կերպ մը զարգացուցին։ Մէկը հարցում մը կը հարցնէր, ապա խումբը անոր կապակցաբար սուրբ գրային բոլոր համարները կը վերլուծէր։ Երբ Աստուածաշունչի համար մը ուրիշ համարի մը հետ հակասական թուէր, այս անկեղծ Քրիստոնեաները կը ջանային երկուքը իրարու հետ ներդաշնակել։ Այդ ժամանակուան կրօնական առաջնորդներուն հակառակը, Աստուածաշունչի Աշակերտները (ինչպէս կը կոչուէին Եհովայի Վկաները այն ատեն) որոշած էին առաջնորդուիլ Սուրբ Աստուածաշունչով ու ո՛չ թէ մարդակերտ աւանդութիւններով։ Սուրբ գրային այս բոլոր տուեալները նկատի առնելէ ետք, անոնք իրենց եզրակացութիւնները գրի առին։ Այս կերպով, Աստուածաշունչի հիմնական վարդապետութիւններէն շատեր պարզուեցան։

10. Չարլզ Թէյզ Ռասըլ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան օժանդակող ի՞նչ օգտակար գրքեր գրեց։

10 Աստուածաշունչի Աշակերտներուն մէջ ուշագրաւ էր Չարլզ Թէյզ Ռասըլը։ Ան Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան օժանդակող վեց հատորներէ բաղկացած գիրք մը հրատարակեց, որու խորագիրն էր՝ Սուրբ Գրութիւններու Ուսումնասիրութիւններ։ Եղբայր Ռասըլ մտադրած էր եօթներորդ հատորը գրել, որ Աստուածաշունչի Եզեկիէլ եւ Յայտնութիւն գրքերը պիտի բացատրէր։ Ան ըսաւ. «Երբ բանալին գտնեմ, Եօթներորդ Հատորը պիտի գրեմ»։ Բայց աւելցուց. «Եթէ Տէրը ուրիշի մը տայ այդ բանալին, ա՛ն կրնայ գրել զայն»։

11. Ժամանակաւորումի ու Աստուծոյ նպատակը հասկնալու մէջ ի՞նչ կապակցութիւն կայ։

11 Չ. Թ. Ռասըլի վերոյիշեալ խօսքը Աստուածաշունչի կարգ մը հատուածները հասկնալու մէջ կարեւոր ազդակ մը ցոյց կու տայ, որ է՝ ժամանակաւորումը։ Եղբայր Ռասըլ գիտէր թէ ինք չէր կրնար պարտադրել որ Յայտնութիւն գրքին վրայ լոյսը փայլէր, ճիշդ ինչպէս որ ուղեւոր մը որքան ալ փափաքի, չի կրնար արեւը համոզել որ իր նշանակուած ժամանակէն առաջ ծագի։

Յայտնուած՝ Բայց Աստուծոյ Յարմար Ժամանակին

12. (ա) Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները ե՞րբ աւելի լաւ կը հասկցուին։ (բ) Ի՞նչ օրինակ ցոյց կու տայ թէ Աստուածաշունչի մարգարէութիւնը հասկնալու մեր կարողութիւնը Աստուծոյ ժամանակացոյցէն կախեալ է։ (Տես՝ ստորանիշը։)

12 Ճիշդ ինչպէս որ առաքեալները Մեսիային մասին եղած մարգարէութիւններէն շատերը հասկցան Յիսուսի մահուընէ ու յարութենէն ետք, ներկայիս Քրիստոնեաները Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները ամենայն մանրամասնութեամբ կը հասկնան միայն անոնց կատարուելէն ետք։ (Ղուկաս 24։15, 27. Գործք 1։15-21. 4։26, 27) Յայտնութիւնը մարգարէական գիրք մըն է, ուստի պէտք է ակնկալենք զայն յստակօրէն հասկնալ անոր մէջի նկարագրուած դէպքերը յայտնաբերուելէն ետք։ Օրինակ, Չ. Թ. Ռասըլ չէր կրնար ճշգրտօրէն հասկնալ Յայտնութիւն 17։9-11–ի մէջ յիշուած այլաբանական կարմիր գազանին ինքնութիւնը, քանի որ այդ գազանին ներկայացուցած կազմակերպութիւնները, այսինքն, Ազգերու Դաշնակցութիւնը եւ Միացեալ Ազգերը, իր մահուընէ ետք միայն գոյացան։ *

13. Երբ սուրբ գրային նիւթի մը վրայ լոյս սփռուի, երբեմն ի՞նչ տեղի կ’ունենայ։

13 Երբ նախկին Քրիստոնեաները գիտցան որ անթլփատ հեթանոսները կրնային իրենց հաւատակիցները ըլլալ, այդ փոփոխութիւնը հեթանոսներուն թլփատուելու հարկաւորութեան մասին նոր հարցումի մը դուռ բացաւ։ Ասիկա մղեց առաքեալներն ու երէցները որ թլփատութեան ամբողջ հարցը վերաքննութեան ենթարկեն։ Ներկայիս ալ պարագան նոյնն է։ Սուրբ գրային նիւթի մը վրայ սփռուած լոյս մը երբեմն Աստուծոյ օծեալ ծառաները՝ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան», կ’առաջնորդէ որ անոր հետ առնչուող կարգ մը նիւթեր վերաքննեն, ինչպէս հետեւեալ արդի օրինակը ցոյց կու տայ։—Մատթէոս 24։45

14-16. Հոգեւոր տաճարի մասին վերաճշդուած տեսակէտ մը, ի՞նչպէս Եզեկիէլ 40–էն 48–րդ գլուխներու մեր հասկացողութեան վրայ ազդեցութիւն ունեցաւ։

14 1971–ին, Եզեկիէլի մարգարէութեան մասին բացատրութիւն մը հրատարակուեցաւ «Ազգերը Պիտի Գիտնան որ Ես Եհովան Եմ»—Ի՞նչպէս խորագրով գրքին մէջ։ Այդ գրքին գլուխներէն մէկը համառօտաբար կը խօսէր Եզեկիէլի տաճարի տեսիլքին մասին։ (Եզեկիէլ 40–էն 48–րդ գլուխները) Այդ ժամանակ, ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր թէ Եզեկիէլի տաճարի տեսիլքը ի՛նչպէս պիտի կատարուէր նոր աշխարհին մէջ։—Բ. Պետրոս 3։13

15 Սակայն, 1 Դեկտեմբեր 1972 թուակիր Դիտարան–ի (Անգլերէն) երկու յօդուածներ Եզեկիէլի տաճարի տեսիլքին մասին մեր հասկացողութեան վրայ ազդեցութիւն ունեցան։ Անոնք կը խօսէին Եբրայեցիս 10–րդ գլուխին մէջ Պօղոս առաքեալի նկարագրած հոգեւոր մեծ տաճարին մասին։ Դիտարան–ը բացատրեց որ հոգեւոր տաճարին Սրբութիւն մասը եւ ներքին գաւիթը առնչութիւն ունէին երկրի վրայ օծեալներուն վիճակին հետ։ Երբ Եզեկիէլ 40-48–րդ գլուխները տարիներ ետք վերատեսութեան ենթարկուեցան, նշմարուեցաւ որ ճիշդ ինչպէս որ հոգեւոր տաճարը հիմա ի զօրու է, ուրեմն տեսիլքի մէջ Եզեկիէլի տեսած տաճարն ալ պէտք է գործէ ներկայիս։ Ի՞նչպէս։

16 Եզեկիէլի տեսիլքին մէջ, քահանաները տաճարի գաւիթին մէջ կը շրջագային, մինչ ոչ–քահանայական ցեղերուն կը ծառայեն։ Այս քահանաները որոշապէս կը ներկայացնեն «թագաւորական քահանայութիւն»ը՝ Եհովայի օծեալ ծառաները։ (Ա. Պետրոս 2։9) Սակայն, անոնք Քրիստոսի Հազարամեայ Իշխանութեան ընթացքին տաճարի գաւիթին մէջ պիտի չծառայեն։ (Յայտնութիւն 20։4) Այդ շրջանին՝ եթէ ոչ ամբողջ, առնուազն մեծ մասին մէջ, օծեալները Աստուծոյ հոգեւոր տաճարին Սրբութիւն Սրբութեանցին՝ ‘բուն երկնքին’ մէջ պիտի ծառայեն։ (Եբրայեցիս 9։24) Քանի որ Եզեկիէլի տաճարի գաւիթներուն մէջ քահանաները կը շրջագային, ուրեմն այդ տեսիլքը հիմա է որ պէտք է կատարուի, երբ օծեալներէն ոմանք տակաւին երկրի վրայ են։ Հետեւաբար, այս պարբերաթերթի 1 Մարտ 1999–ի համարին մէջ այս նիւթին մասին բարեճշդուած տեսակէտ մը ներկայացուեցաւ։ Ուստի, 20–րդ դարու վերջաւորութեան էր որ Եզեկիէլի մարգարէութեան վրայ հոգեւոր լոյս սփռուեցաւ։

Ձեր Տեսակէտը Վերաճշդելու Յօժար Եղէք

17. Ճշմարտութեան գիտութեան գալէն ետք, ի՞նչ վերաճշդումներ ըրած էք ձեր անձնական տեսակէտին մէջ, եւ անոնք ի՞նչպէս օգտակար եղած են ձեզի։

17 Ճշմարտութեան գիտութեան ցանկացող ոեւէ անհատ պէտք է յօժարի ‘գերի ընել բոլոր միտքերը, հնազանդելու համար Քրիստոսին’։ (Բ. Կորնթացիս 10։5, Երուսաղէմ) Ասիկա միշտ հեշտ չէ, մանաւանդ երբ տեսակէտները զօրաւոր կերպով արմատ կապած են։ Օրինակ, Աստուծոյ ճշմարտութիւնը սորվելէ առաջ, թերեւս ձեր ընտանիքին հետ կրօնական կարգ մը տօներ կը տօնէիք։ Աստուածաշունչը ուսումնասիրելու սկսելէ ետք, անդրադարձաք որ այս տօնակատարութիւնները իրապէս հեթանոսական ծագում ունին։ Սկիզբը թերեւս վարանեցաք ձեր սորվածները գործադրել։ Բայց վերջապէս Աստուծոյ հանդէպ սէրը կրօնական զգացումներէն շատ աւելի զօրաւոր եղաւ եւ այլեւս Աստուած տհաճեցնող տօնակատարութիւններու չէք մասնակցիր։ Եհովա ձեր ջանքերը չէ՞ օրհնած։—Համեմատել՝ Եբրայեցիս 11։25

18. Երբ Աստուածաշունչի ճշմարտութեան մասին մեր հասկացողութիւնը յստակացուի, ի՞նչպէս պէտք է հակազդենք։

18 Աստուծոյ ուզած կերպով վարուելով, մի՛շտ կ’օգտուինք։ (Եսայեայ 48։17, 18) Ուստի, երբ Աստուածաշունչի հատուածի մը մասին մեր տեսակէտը պարզուի, յառաջացեալ ճշմարտութեամբ ուրախանա՛նք։ Արդարեւ, շարունակաբար լուսաւորուիլը կը հաստատէ որ մենք շիտակ ճամբուն մէջ ենք։ «Արդարներուն ճամբան» է որ «ծագող լոյսի պէս է, որ երթալով կը լուսաւորուի, մինչեւ կատարեալ օր ըլլայ»։ (Առակաց 4։18) Ճիշդ է որ ներկայիս Աստուծոյ նպատակներուն կարգ մը մասերը «անյայտ կերպով» կը տեսնենք։ Բայց երբ Աստուծոյ յարմար ժամանակը հասնի, ճշմարտութիւնը իր ամբողջ գեղեցկութեամբ պիտի տեսնենք, պայմանաւ որ մեր ոտքերը ‘ճամբուն’ մէջ հաստատ մնան։ Մինչ այդ, Եհովայի պարզած ճշմարտութիւններով ուրախանանք, սպասելով որ տակաւին չհասկցուած բաներուն վրայ լոյս սփռուի։

19. Ի՞նչ է կերպերէն մէկը որով ցոյց կու տանք թէ ճշմարտութիւնը կը սիրենք։

19 Լոյսի հանդէպ մեր սէրը ի՞նչպէս կրնանք գործնականապէս ցոյց տալ։ Կերպերէն մէկն է Աստուծոյ Խօսքը կանոնաւորաբար կարդալ. եթէ կարելի է՝ ամէ՛ն օր։ Աստուածաշունչի ընթերցանութեան կանոնաւոր յայտագրի մը կը հետեւի՞ք։ Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերը մեզի առատապէս հոգեւոր սննդարար կերակուր կը հայթայթեն։ Նկատի առէք նաեւ գիրքերը, գրքոյկները եւ այլ գրականութիւններ, որոնք պատրաստուած են մեր օգտին համար։ Նոյնն է պարագան Եհովայի Վկաներու Տարեգիրք–ին մէջ Թագաւորութեան քարոզչութեան գործունէութեան քաջալերական տեղեկագրութիններուն։

20. Եհովայէ եկած լոյսին ու ճշմարտութեան եւ քրիստոնէական ժողովներու յաճախելու միջեւ ի՞նչ կապակցութիւն կայ։

20 Այո, Եհովա սքանչելի կերպով պատասխանած է Սաղմոս 43։3–ի մէջ արտայայտուած աղօթքին։ Այդ համարին վերջաւորութեան, կը կարդանք. «Անոնք [քու լոյսդ ու ճշմարտութիւնդ] առաջնորդեն ինծի ու զիս հանեն քու սուրբ լեռդ ու բնակարաններդ»։ Հոծ բազմութեան մը հետ Եհովան պաշտելու անձկալից փափաքը ունի՞ք։ Ներկայիս մեր ժողովներուն ներկայացուած հոգեւոր դաստիարակութիւնը Եհովայի հայթայթած լուսաւորութեան կարեւոր կերպերէն մէկն է։ Քրիստոնէական ժողովներու հանդէպ մեր գնահատութիւնը խորացնելու համար ի՞նչ կրնանք ընել։ Կը հրաւիրենք ձեզ որ յաջորդ յօդուածով ասիկա նկատի առնէք երկիւղած հոգիով մը։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 12 Չ. Թ. Ռասըլի մահուընէ ետք, Սուրբ Գրութիւններու Ուսումնասիրութիւններ–ուն համար որոշուած եօթներորդ հատորը պատրաստուեցաւ, Եզեկիէլ եւ Յայտնութիւն գրքերուն մասին բացատրութիւն տալու փորձ մը կատարելով։ Այս հատորը մասամբ հիմնուած էր Աստուածաշունչի այդ գրքերուն մասին Ռասըլի տուած մեկնաբանութեանց վրայ։ Սակայն, այդ մարգարէութիւններուն նշանակութիւնը յայտնելու ժամանակը տակաւին եկած չէր, անոր համար Սուրբ Գրութիւններու Ուսումնասիրութիւններ–ու այդ հատորին մէջ մատուցուած բացատրութիւնը աղօտ էր։ Յառաջիկայ տարիներուն, Եհովայի անարժան ողորմութիւնը եւ աշխարհի թատերաբեմին վրայ տեղի ունեցող փոփոխութիւնները, առիթ տուին Քրիստոնեաներուն որ այդ մարգարէական գրքերուն իմաստը աւելի ճշգրտօրէն ըմբռնեն։

Կրնա՞ք պատասխանել

• Եհովա ինչո՞ւ իր նպատակները աստիճանաբար կը յայտնէ։

• Երուսաղէմի առաքեալներն ու երէցները թլփատութեան հարցը ի՞նչպէս լուծեցին։

• Նախկին Աստուածաշունչի Աշակերտները Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան ի՞նչ կերպ գործածեցին եւ ասիկա ինչո՞ւ անզուգական էր։

• Բացատրեցէք թէ հոգեւոր լոյսը ի՛նչպէս յայտնուած է Աստուծոյ յարմար ժամանակին։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 12]

Չարլզ Թէյզ Ռասըլ գիտցաւ թէ Յայտնութիւն գրքին վրայ լոյս պիտի սփռուէր Աստուծոյ յարմար ժամանակին