Յիսուս Քրիստոս ի՛նչպէս կրնայ օգնել մեզի
Յիսուս Քրիստոս ի՛նչպէս կրնայ օգնել մեզի
ԵՐԿՐԻ վրայ եղած ատեն մարդոց օգնելու նպատակաւ Յիսուս Քրիստոսի ըրածները հոյակապ էին։ Ասիկա այնքան ճշմարիտ էր որ Յիսուսի կեանքին բազմաթիւ անցուդարձերը արձանագրելէ ետք, ականատես մը ըսաւ. «Ուրիշ շատ բաներ ալ կան, որոնք Յիսուս ըրաւ, որոնք եթէ մէկիկ մէկիկ գրուած ըլլային, կարծեմ թէ աշխարհս ալ բաւական պիտի չըլլար պարունակելու գրուած գրքերը»։ (Յովհաննու 21։25) Քանի որ Յիսուս երկրի վրայ այսքան շատ բաներ ըրաւ, կրնանք հարց տալ. ‘Ան ի՞նչպէս մեր օգնականը կրնայ ըլլալ երկնքի մէջ։ Կրնա՞նք Յիսուսի քնքուշ կարեկցութենէն օգտուիլ ներկայիս’։
Պատասխանը շատ սրտապնդիչ է եւ վստահութիւն կը ներշնչէ։ Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ թէ Քրիստոս մտաւ «բուն երկինքը՝ որպէս զի հիմա մեզի համար Աստուծոյ առջեւ ներկայանայ»։ (Եբրայեցիս 9։24) Ան մեզի ի նպաստ ի՞նչ ըրաւ։ Պօղոս առաքեալ կը բացատրէ թէ Քրիստոս ոչ թէ «նոխազներու ու զուարակներու արիւնով, հապա իր արիւնովը մէկ անգամ սրբարանը [«նոյնինքն երկինքը»] մտաւ՝ յաւիտենական փրկութիւն ստանալով»։—Եբրայեցիս 9։12. Ա. Յովհաննու 2։2
Ասիկա ի՜նչ բարի լուր մըն է։ Մարդոց ի նպաստ Յիսուսի կատարած հոյակապ գործը փոխանակ վերջ գտնելու, երկինք բարձրանալով կարող դարձաւ որ մարդկութեան համար տակաւին աւելին ընէ։ Այս է պարագան, քանի որ Աստուած իր հոյակապ անարժան ողորմութեամբ Յիսուսը նշանակեց ծառայելու համար որպէս «պաշտօնեայ» մը՝ քահանայապետ մը՝ «երկինքը Աստուծոյ մեծութեանը աթոռին աջ կողմը»։—Եբրայեցիս 8։1, 2
«Պաշտօնեայ»
Արդ, երկնքի մէջ Յիսուս մարդկութեան համար պաշտօնեայ մը պիտի ըլլար։ Ան, վաղեմի ժամանակներուն Աստուծոյ երկրպագուներուն ի նպաստ Իսրայէլի քահանայապետին գործին նման գործ մը պիտի կատարէր։ Իսկ ի՞նչ էր այդ գործը։ Պօղոս կը բացատրէ. «Ամէն քահանայապետ պատարագներ ու զոհեր մատուցանելու համար որոշուած է. ուստի հարկ է որ ասիկա [երկինք բարձրացած Յիսուս Քրիստոս] ալ բան մը ունենայ մատուցանելու»։—Եբրայեցիս 8։3
Յիսուս վաղեմի քահանայապետին մատուցանած բաներէն գերազանց բան մը ունէր մատուցանելիք։ «Եթէ ցուլերուն ու նոխազներուն արիւնը» կրնար որոշ տարողութեամբ հոգեւորապէս մաքրել վաղեմի Իսրայէլը, «ալ ո՜րչափ աւելի Քրիստոսին արիւնը, . . . պիտի սրբէ [մեր] խղճմտանքը մեռած գործերէն՝ կենդանի Աստուածը պաշտելու»։—Եբրայեցիս 9։13, 14
Յիսուս նաեւ ուշագրաւ պաշտօնեայ մըն է, քանի որ իրեն անմահութիւն շնորհուեցաւ։ Վաղեմի Իսրայէլի մէջ «շատ քահանաներ եղած են, քանի որ մահը արգելք եղած է, որ անոնք շարունակ քահանայ մնան»։ Սակայն, ի՞նչ կրնանք ըսել Յիսուսի մասին։ Պօղոս կը գրէ. «Իր քահանայութիւնը անանցանելի է։ Ուստի բոլորովին կարող ալ է ապրեցնելու զանոնք, որ իրմով Աստուծոյ կու գան. որովհետեւ ինք միշտ կենդանի է անոնց Եբրայեցիս 7։23-25. Հռովմայեցիս 6։9) Այո, երկնքի մէջ Աստուծոյ աջ կողմը պաշտօնեայ մը ունինք, որ ‘միշտ կենդանի է մեզի բարեխօս ըլլալու համար’։ Պահ մը խորհեցէք թէ ներկայիս ասիկա ի՛նչ կը նշանակէ մեզի համար։
բարեխօս ըլլալու համար»։ (Երբ Յիսուս երկրի վրայ էր, մարդիկ իր քով հաւաքուեցան օգնութիւն խնդրելու, եւ երբեմն երկար ճամբորդութիւններ կատարեցին իր տուած օժանդակութենէն օգտուելու համար։ (Մատթէոս 4։24, 25) Երկնքի մէջ, Յիսուս ամէն ազգէ եղող անհատներուն դիւրամատչելի է։ Իր նպաստաւոր վայրէն, ան որպէս պաշտօնեայ միշտ մատչելի է։
Յիսուս Ի՞նչպիսի Քահանայապետ մըն Է
Աւետարաններուն մէջ Յիսուս Քրիստոսի մասին տրուած նկարագրութիւնը, մեզ կասկածի մէջ չի ձգեր իր օգտակարութեան եւ քնքուշ կարեկցութեան նկատմամբ։ Ան ի՜նչ անձնազոհ անհատ մըն էր։ Մէկէ աւելի անգամներ իր առանձնութիւնը խանգարուեցաւ, երբ ինք ու իր աշակերտները կը փորձէին հանգստանալ, որու մեծ կարիքը ունէին։ Փոխանակ զգալու թէ խաղաղ, հանդարտ ու արժէքաւոր պահերէ կը զրկուէր, ան իր օժանդակութիւնը փնտռող մարդոց ‘վրայ խղճաց’։ Նոյնիսկ երբ Յիսուս յոգնած, անօթի ու ծարաւ էր, ‘զանոնք ընդունեց’, եւ պատրաստ էր իր ճաշէն հրաժարելու, երբ կարելի էր անկեղծ մեղաւորներու օգնել։—Մարկոս 6։31-34. Ղուկաս 9։11-17. Յովհաննու 4։4-6, 31-34
Խղճալով, Յիսուս գործնական քայլեր առաւ մարդոց ֆիզիքական, զգացական ու հոգեւոր կարիքները լեցնելու համար։ (Մատթէոս 9։35-38. Մարկոս 6։35-44) Ասկէ զատ, անոնց սորվեցուց մնայուն հանգստութիւն ու մխիթարութիւն գտնել։ (Յովհաննու 4։7-30, 39-42) Որքա՜ն հրապուրիչ է, զոր օրինակ, իր ուղղակի հրաւէրը. «Եկէ՛ք ինծի, բոլոր յոգնած ու բեռնաւորուածներ եւ ես ձեզ պիտի հանգչեցնեմ։ Իմ լուծս ձեր վրայ առէք եւ ինծմէ սորվեցէք՝ որ հեզ եմ ու սրտով խոնարհ եւ ձեր անձերուն հանգստութիւն պիտի գտնէք»։—Մատթէոս 11։28, 29
Մարդոց հանդէպ Յիսուսի սէրը ա՛յնքան մեծ էր, որ ի վերջոյ իր կեանքը տուաւ մեղաւոր մարդկութեան համար։ (Հռովմայեցիս 5։6-9) Այս առնչութեամբ Պօղոս առաքեալ տրամաբանեց. «[Եհովա Աստուած] որ իր Որդիին չխնայեց, հապա մեր ամենուն համար մատնեց զանիկա, ալ ի՞նչպէս անոր հետ բոլոր բաները մեզի չի պարգեւեր։ . . . Քրիստոս է որ մեռաւ, մանաւանդ որ յարութիւն ալ առաւ ու Աստուծոյ աջ կողմն է, որ նաեւ մեզի համար բարեխօսութիւն կ’ընէ»։—Հռովմայեցիս 8։32-34
Քահանայապետ մը որ Կրնայ Կարեկցիլ
Որպէս մարդ, Յիսուս տառապեցաւ անօթութենէ, ծարաւէ, յոգնութենէ, մտատանջութենէ, վշտէ եւ մահէ։ Իր ենթարկուած ճնշումները, շատ մասնայատուկ կերպով զինք պատրաստեցին որ տառապող մարդկութեան համար որպէս Քահանայապետ ծառայէ։ Պօղոս գրեց. «[Յիսուս] պէտք էր բոլորովին եղբայրներուն նմանէր, որպէս զի ինք ողորմած ըլլայ ու հաւատարիմ քահանայապետ՝ Աստուծոյ կողմանէ, ժողովուրդին մեղքերը քաւելու համար։ Քանզի ինչ բանով որ ինք չարչարուեցաւ փորձութիւն կրելով, կրնայ փորձուողներուն ալ օգնական ըլլալ»։—Եբրայեցիս 2։17, 18. 13։8
Յիսուս ցոյց տուաւ թէ ինք որակելի ու պատրաստ է մարդոց օգնելու, որ Աստուծոյ աւելի մօտենան։ Բայց ասիկա կը նշանակէ՞ թէ ան ներելու վարանող, կոշտ ու անողորմ Աստուած մը պէտք է համոզէ։ Արդարեւ ոչ, քանի որ Աստուածաշունչը մեզ կը հաւաստիացնէ թէ «Եհովա բարի է ու ներելու պատրաստ»։ Անիկա նաեւ կ’ըսէ. «Եթէ խոստովանինք մեղքերնիս, հաւատարիմ ու արդար է անիկա մեր մեղքերուն թողութիւն տալու եւ մեզ ամէն անիրաւութենէ սրբելու»։ (Սաղմոս 86։5, ՆԱ. Ա. Յովհաննու 1։9) Իրականութեան մէջ, Յիսուսի քաղցր խօսքերն ու արարքները իր Հօր կարեկցութիւնը, ողորմութիւնը ու սէրը կը ցոլացնեն։—Յովհաննու 5։19. 8։28. 14։9, 10
Յիսուս զղջացող մեղաւորները ի՞նչպէս կը հանգստացնէ։ Անոնց օգնելով որ Աստուած հաճեցնելու իրենց անկեղծ ջանքերուն մէջ ուրախութիւն եւ գոհունակութիւն գտնեն։ Քրիստոնեայ հաւատակիցներուն գրելով, Պօղոս կացութիւնը ամփոփեց, ըսելով. «Արդ՝ մենք որ մեծ Քահանայապետ մը ունինք երկինքը գացած, Յիսուսը՝ Աստուծոյ Որդին՝ ամուր բռնենք մեր դաւանութիւնը։ Քանզի ո՛չ թէ այնպիսի քահանայապետ մը ունինք՝ որ կարող չըլլայ մեր տկարութիւններուն կարեկից ըլլալ, հապա ինք ամէն կերպով փորձը առած է մեզի նման, բայց առանց մեղքի։ Ուստի ա՛լ համարձակութիւնով մօտենանք շնորհաց աթոռին, որպէս զի ողորմութիւն ընդունինք ու շնորհք գտնենք պէտք եղած ատեն մեզի օգնելու»։—‘Պէտք Եղած Ատեն Մեզի Օգնութիւն’
Սակայն, ի՞նչ կրնանք ընել երբ խնդիրներ դիմագրաւենք, որոնք կը խորհինք թէ մեր կարողութենէն վեր են, ինչպէս՝ լուրջ հիւանդութիւն, յանցաւոր ըլլալու ճնշիչ բեռը, ծայրայեղ յուսահատութիւն եւ յուսալքում։ Կրնանք գործածել այն նոյն հայթայթումը որու Յիսուս կանոնաւորաբար դիմեց՝ աղօթքի թանկագին առանձնաշնորհումը։ Օրինակ, մեզի համար իր կեանքը տալէ առաջ՝ գիշերը, ան «աւելի ջերմեռանդութեամբ աղօթք ըրաւ։ Եւ իր քրտինքը արիւնի մեծ կաթիլներու պէս էր, որ գետինը կը թափուէր»։ (Ղուկաս 22։43, 44) Այո՛, Յիսուս գիտէ թէ ջերմեռանդօրէն Աստուծոյ աղօթել ի՛նչ կը նշանակէ։ Ան «սաստիկ գոչումով ու արցունքով աղօթք եւ աղաչանք մատուցանեց անոր որ կարող էր զինք մահուանէ ազատել ու լսուեցաւ իր բարեպաշտութեանը պատճառով»։—Եբրայեցիս 5։7
Յիսուս գիտէ թէ մարդիկ որքա՛ն կը գնահատեն երբ ‘լսուին’ եւ զօրացուին։ (Ղուկաս 22։43) Ասկէ զատ, ան խոստացաւ. «Իմ անունովս ի՛նչ որ խնդրէք Հօրմէն, պիտի տայ ձեզի։ . . . Խնդրեցէք ու պիտի առնէք, որպէս զի ձեր ուրախութիւնը լման ըլլայ»։ (Յովհաննու 16։23, 24) Ուստի, կրնանք Աստուծոյ պաղատիլ, վստահ ըլլալով որ ան իր Որդւոյն պիտի արտօնէ իր հեղինակութիւնը եւ իր փրկանքի զոհին արժէքը ի նպաստ մեզի կիրարկելու։—Մատթէոս 28։18
Վստահ կրնանք ըլլալ որ իր երկնային դիրքին մէջ, Յիսուս յարմար ժամանակին հարկ եղած օգնութիւնը պիտի տայ։ Զոր օրինակ, եթէ մեղք մը գործած ենք որու համար անկեղծօրէն կը զղջանք, կրնանք մխիթարուիլ այն երաշխիքով թէ «Հօրը քով բարեխօս ունինք Յիսուս Քրիստոս արդարը»։ (Ա. Յովհաննու 2։1, 2) Երկինք գտնուող մեր Բարեխօսը եւ Մխիթարիչը մեզի համար պիտի աղերսէ, որ իր անունով եւ Աստուածաշունչին հետ ներդաշնակ եղած մեր աղօթքները պատասխանուին։—Յովհաննու 14։13, 14. Ա. Յովհաննու 5։14, 15
Քրիստոսի Օգնութեան Հանդէպ Գնահատութիւն Ցուցաբերենք
Իր Որդւոյն միջոցով Աստուծոյ աղաչելէն աւելին պարփակուած է։ Իր փրկանքի զոհին արժէքով, Քրիստոս կարծես թէ մարդկային ցեղը «ծախու առնող»ը եղաւ։ (Գաղատացիս 3։13. 4։5. Բ. Պետրոս 2։1) Քրիստոսի ըրած բոլոր բաներուն հանդէպ մեր երախտագիտութիւնը կրնանք յայտնել, իր սեփականութիւնը ըլլալնիս ընդունելով եւ իր տուած հրաւէրին ուրախութեամբ ընդառաջելով. «Եթէ մէկը կ’ուզէ իմ ետեւէս գալ, թող իր անձը ուրանայ եւ ամէն օր իր խաչը վերցնէ ու իմ ետեւէս գայ»։ (Ղուկաս 9։23) ‘Անձը ուրանալը’ պարզապէս սեփականատէր փոխելու բերանացի դաւանութիւն մը չէ։ Ի վերջոյ, Քրիստոս «ամենուն համար մեռաւ, որպէս զի կենդանի եղողներն ալ միայն իրենց անձերուն համար կենդանի չըլլան, հապա անոր՝ որ իրենց համար մեռաւ»։ (Բ. Կորնթացիս 5։14, 15) Հետեւաբար, փրկանքին հանդէպ գնահատութիւնը խոր ազդեցութիւն պիտի ունենայ մեր հեռանկարին, նպատակակէտերուն, եւ կենցաղին վրայ։ ‘Իր անձը մեզի համար տուող Յիսուս Քրիստոսի’ հանդէպ մեր յաւիտենական պարտաճանաչութիւնը, մեզ պէտք է մղէ որ իր եւ իր սիրալիր Հօր՝ Եհովա Աստուծոյ մասին աւելի սորվինք։ Նաեւ պէտք է փափաքինք հաւատքի մէջ աճիլ, Աստուծոյ օգտակար չափանիշներուն համաձայն ապրիլ եւ «բարի գործերու նախանձախնդիր» ըլլալ։—Տիտոս 2։13, 14. Յովհաննու 17։3
Քրիստոնէական ժողովքը այն միջոցն է որով կը ստանանք այժմէական հոգեւոր սնունդ, քաջալերութիւն եւ առաջնորդութիւն։ (Մատթէոս 24։45-47. Եբրայեցիս 10։21-25) Եթէ մէկը հոգեւորապէս հիւանդ է, զոր օրինակ, կրնայ ‘եկեղեցիին երէցները կանչել’։ Յակոբոս կ’աւելցնէ հետեւեալ երաշխիքը. «Հաւատքով եղած աղօթքը պիտի փրկէ հիւանդը ու Տէրը զանիկա ոտքի պիտի հանէ։ Եւ եթէ մեղք ալ գործեր է, պիտի ներուի անոր»։—Յակոբու 5։13-15
Բացատրենք. Հարաւային Ափրիկէի մէջ բանտարկեալ մը, ժողովքի երէցի մը նամակ մը գրեց իր գնահատութիւնը արտայայտելու համար «բոլոր Եհովայի Վկաներուն հանդէպ, որոնք Յիսուս Քրիստոսի սկսած բարի գործը կը շարունակեն, մարդոց օգնելով որ Աստուծոյ Թագաւորութեան համար ջանք թափեն»։ Ապա շարունակեց. «Ուրախութեանս սահման չկար երբ ձեր նամակը
ստացայ։ Իմ հոգեւոր փրկութեանս հանդէպ ձեր հետաքրքրութիւնը խոր կերպով սրտիս դպաւ։ Ասիկա յաւելեալ պատճառ մը տուաւ որ Եհովա Աստուծոյ կողմէ տրուած զղջումի հրաւէրին սկսիմ հնազանդիլ։ 27 տարիէ ի վեր կը սայթաքիմ եւ մեղքի, խաբեբայութեան, ապօրինի յարաբերութիւններու, անբարոյ սովորութիւններու եւ կասկածելի կրօնքներու խաւարին մէջ ճամբաս կը կորսնցնեմ։ Եհովայի Վկաներուն ծանօթանալէս ետք, կը զգամ թէ ի վերջոյ ճամբան գտած եմ. շիտա՛կ ճամբան։ Միակ բանը որ կը մնայ, անոր հետեւիլն է»։Մօտ Ապագային Աւելի՛ Օգնութիւն
Աշխարհի երթալով վատթարացող վիճակները բացայայտ ապացոյց մըն են թէ կ’ապրինք յատկանշական ժամանակի մը ընթացքին՝ «մեծ նեղութիւն»ը սկսելէն առաջ։ Ներկայիս, բոլոր ազգերէն ու ցեղերէն եւ ժողովուրդներէն ու լեզուներէն մեծ բազմութիւն մը ‘իրենց հանդերձները կը լուան ու զանոնք Գառնուկին արիւնով կը ճերմկցնեն’։ (Յայտնութիւն 7։9, 13, 14. Բ. Տիմոթէոս 3։1-5) Յիսուսի փրկանքի զոհագործութեան վրայ հաւատք ի գործ դնելով, անոնք իրենց մեղքերուն համար թողութիւն կը ստանան, եւ օգնութիւն կը տրուի իրենց որ Աստուծոյ հետ սերտ յարաբերութեան մէջ գան, արդարեւ, իր բարեկամները ըլլալով։—Յակոբու 2։23
Գառնուկը՝ Յիսուս Քրիստոս, «պիտի հովուէ [մեծ նեղութենէն վերապրողները] ու դէպի կենդանի ջուրերու աղբիւրները պիտի առաջնորդէ զանոնք եւ Աստուած բոլոր արցունքները պիտի սրբէ անոնց աչքերէն»։ (Յայտնութիւն 7։17) Այն ատեն Քրիստոս որպէս Քահանայապետ իր պարտականութիւնները պիտի ամբողջացնէ։ Ան Աստուծոյ բոլոր բարեկամներուն պիտի օգնէ որ լիովին օգտուին «կենդանի ջուրերու աղբիւրներ»էն՝ հոգեւոր, ֆիզիքական, մտային ու զգացական գետնի վրայ։ Ի՛նչ որ Յիսուս սկսաւ Հ.Դ. 33–ին, եւ անկէ ի վեր ի՛նչ որ երկնքէն շարունակած է, կատարելապէս պիտի ամբողջացուի։
Հետեւաբար, բնաւ մի դադարիք խոր գնահատութիւն ցուցաբերելէ, Աստուծոյ ու Քրիստոսի անցեալին ու ներկայիս մեզի համար ըրած բոլոր բաներուն հանդէպ։ Պօղոս առաքեալ յորդորեց. «Ուրախ եղէք Տէրոջմով ամէն ատեն . . . Բանի մը համար հոգ մի՛ ընէք, հապա ամէն բանի մէջ աղօթքով ու աղաչանքով, գոհութիւնով մէկտեղ, ձեր խնդրանքը Աստուծոյ յայտնի ըլլայ։ Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է, ձեր սրտերը ու մտքերը Յիսուս Քրիստոսով պիտի պահպանէ»։—Փիլիպպեցիս 4։4, 6, 7
Յիսուս Քրիստոսի՝ մեր երկնաւոր Բարեխօսին հանդէպ ձեր գնահատութիւնը ցուցաբերելու համար յատկանշական կերպ մը կայ։ Չորեքշաբթի, 19 Ապրիլ 2000–ին, արեւնամուտէն ետք, համայն աշխարհի մէջ Եհովայի Վկաները պիտի հաւաքուին Քրիստոսի մահուան Յիշատակատօնը տօնելու համար։ (Ղուկաս 22։19) Ասիկա Քրիստոսի փրկանքի զոհին հանդէպ ձեր գնահատութիւնը աւելցնելու պատեհութիւն մը պիտի ըլլայ։ Ջերմօրէն հրաւիրուած էք ներկայ գտնուելու եւ մտիկ ընելու, թէ Քրիստոսի միջոցաւ Աստուծոյ ըրած փրկութեան հոյակապ կարգադրութիւնը ի՛նչպէս կրնայ ձեզի յաւիտենապէս օգտակար ըլլալ։ Հաճեցէք ձեր շրջանին մէջ եղող Եհովայի Վկաներէն տեղեկանալ այս մասնայատուկ առիթին ճշգրիտ ժամն ու վայրը։
[Նկար՝ էջ 7]
Յիսուս գիտէ թէ ի՛նչ կը նշանակէ ջերմեռանդօրէն Աստուծոյ աղօթել
[Նկարներ՝ էջ 8]
Քրիստոս պիտի օգնէ մեզի որ մեր կարողութենէն վեր եղող խնդիրներուն հետ կարենանք գլուխ ելլել
[Նկար՝ էջ 9]
Քրիստոս մեզի կ’օգնէ սիրալիր երէցներու միջոցաւ