Յեզրայէլի մէջ ի՞նչ երեւան հանեցին
Յեզրայէլի մէջ ի՞նչ երեւան հանեցին
ԴԱՐԵՐ շարունակ, վաղեմի Յեզրայէլ քաղաքին վայրը ամայի մնացած է։ Ժամանակ մը անիկա կարկառուն էր Աստուածաշունչի պատմութեան մէջ։ Հիմա, իր նախկին փառքէն մերկացուած եւ հողի շերտերով ծածկուած, անիկա թումբ մը կամ հողաբլուր մը դարձած է։ Վերջերս, հնագէտներ սկսած են Յեզրայէլի աւերակները հետազօտել։ Այս աւերակները Աստուածաշունչի պատմութիւններուն մասին ի՞նչ կը յայտնեն։
Յեզրայէլը Աստուածաշունչին Մէջ
Յեզրայէլի Հովիտին արեւելեան մասին մէջ ըլլալով, Յեզրայէլ վաղեմի Իսրայէլի երկրին ամենէն բերրի շրջաններէն մէկն էր։ Հովիտին ճիշդ դիմացը՝ դէպի հիւսիս, կը գտնուի Մօրէի բլուրը, ուր Մադիանացիները բանակած էին եւ ուրկէ կը պատրաստուէին Գեդէօնի ու անոր գունդերուն վրայ յարձակիլ։ Քիչ մը դէպի արեւելք կայ Հարօդ աղբիւրը, Գեղբուէի լերան ստորոտը։ Հոս էր որ Եհովա Գեդէօնի հազարաւոր հոգիներէ բաղկացող բանակը 300–ի իջեցուց, որպէսզի առանց զինուորական հզօր ուժի իր ժողովուրդը ազատելու իր կարողութիւնը ցոյց տայ։ (Դատաւորաց 7։1-25. Զաքարեայ 4։6) Մօտակայ Գեղբուէ լերան վրայ Իսրայէլի առաջին թագաւորը Սաւուղ, եղերական պատերազմի մը մէջ Փղշտացիներու կողմէ պարտուեցաւ, որու ընթացքին Յովնաթան եւ Սաւուղի ուրիշ որդիներէն երկուքը սպաննուեցան, իսկ Սաւուղ անձնասպան եղաւ։—Ա. Թագաւորաց 31։1-5
Վաղեմի Յեզրայէլ քաղաքին մասին սուրբ գրային ակնարկութիւնները շատ հակասական պատկեր մը կը գծեն։ Անոնք կը խօսին Իսրայէլի կառավարիչներուն հեղինակութեան չարաչար գործածութեան եւ հաւատուրացութեան՝ բայց նաեւ, Եհովայի ծառաներուն հաւատարմութեան եւ նախանձախնդրութեան մասին։ Յեզրայէլի մէջ էր որ Աքաաբ Թագաւորը՝ Հ.Դ.Ա. տասներորդ դարու վերջին կիսուն Իսրայէլի տասը–ցեղեան թագաւորութեան կառավարիչը՝ իր պալատը կանգնեց, թէեւ պաշտօնական մայրաքաղաքը Սամարիան էր։ (Գ. Թագաւորաց 21։1) Յեզրայէլի մէջ էր որ Եղիա մարգարէն մահուան սպառնալիքներ ստացաւ Աքաաբի օտարազգի կնոջմէն՝ Յեզաբէլէն։ Ան բարկացած էր, քանի որ Եղիա անվախօրէն սպաննած էր Բահաղի մարգարէները, Կարմեղոս Լերան վրայ ճշմարիտ աստուածութեան շուրջ Եղիայի կատարած փորձէն ետք։—Գ. Թագաւորաց 18։36–19։2
Յետոյ, Յեզրայէլի մէջ ոճիր մը գործուած էր։ «Յեզրայելացի Նաբովթ» սպաննուած էր։ Աքաաբ Թագաւորի աչքը Նաբովթի այգիին վրան էր։ Երբ թագաւորը պահանջեց հողը, Նաբովթ հաւատարմօրէն պատասխանեց. «Տէրը ինծի չցուցնէ, որ իմ հայրերուս ժառանգութիւնը քեզի տամ»։ Սկզբունքի վրայ հիմնուած այս պատասխանը շատ տհաճ թուեցաւ Աքաաբի։ Տեսնելով թագաւորին անտրամադիր վիճակը, Յեզաբէլ Թագուհին կեղծ դատ մը կարգադրելով, Նաբովթը հայհոյութեամբ ամբաստանեց։ Անմեղ Նաբովթ յանցաւոր նկատուեցաւ եւ քարկոծուելով մահացաւ, իսկ թագաւորը անոր այգիին տիրացաւ։—Գ. Թագաւորաց 21։1-16
Այս չար արարքին համար, Եղիա մարգարէացաւ. «Յեզրայէլի պարսպին քով շուները Յեզաբէլը պիտի ուտեն»։ Մարգարէն շարունակեց. «Աքաաբէն քաղաքին մէջ մեռնողը շուները Գ. Թագաւորաց 21։23-29) Աստուածաշունչը կը շարունակէ ըսել որ Եղիայի յաջորդին՝ Եղիսէի օրերուն, Յէուն Իսրայէլի թագաւոր օծուեցաւ։ Մինչ ան կ’արշաւէր դէպի Յեզրայէլ, Յէու հրամայեց որ Յեզաբէլ իր պալատին պատուհանէն վար նետուի եւ անիկա ձիերու սմբակներուն տակ կոխկռտուեցաւ։ Հետագային, տեսնուեցաւ որ դիակակեր շուներ միայն անոր գանկը, ոտքերը եւ ձեռքերուն թաթերը ձգած էին։ (Դ. Թագաւորաց 9։30-37) Յեզրայէլի հետ ուղղակիօրէն կապակցութիւն ունեցող սուրբ գրային վերջին պատմութեան հետ կը յիշուի Աքաաբի 70 որդիներուն սպանութիւնը։ Յէու անոնց գլուխները երկու դէզ ընելով Յեզրայէլի դրան քով հաւաքեց, որմէ ետք Աքաաբի հաւատուրաց իշխանութեան մէջ բաժին ունեցող մնացեալ մեծաւորներն ու քահանաները մեռցուց։—Դ. Թագաւորաց 10։6-11
պիտի ուտեն . . . Աքաաբին պէս բնաւ թագաւոր մը եղած չէր, որ զինք ծախէ Տէրոջը առջեւ չարութիւն ընելու համար։ Իր կինը՝ Յեզաբէլ՝ զինք գլխէ հանեց»։ Բայց քանի որ Աքաաբ խոնարհեցաւ երբ Եղիա ծանուցանեց Եհովայի դատաստանը, Եհովա ըսաւ որ այս պատիժը Աքաաբի ապրած շրջանին պիտի չգար։ (Հնագէտներ Ի՞նչ Գտած Են
1990–ին, Յեզրայէլի վայրը փորելու միացեալ ծրագիր մը սկսուեցաւ։ Ասոր մասնակցեցան Թէլ Ավիվի Հնագիտական Համալսարանը (ներկայացուցիչ՝ Տէյվիտ Ուսիշգին) եւ Երուսաղէմի մէջ Հնագիտութեան Բրիտանական Դպրոցը (ներկայացուցիչ՝ Ճոն Ուուտհէտ)։ 1990-1996 տարիներու ընթացքին եօթը յայտագիրներու ընթացքին (ամէն մէկը վեց շաբաթ երկարութեամբ) 80–էն 100 կամաւորներ կ’աշխատէին այդ վայրին մէջ։
Հնագիտութեան ներկայ մերձեցումն է վայրի մը ապացոյցները քննել իր արժանիքներուն համաձայն, առանց կանխայղացուած գաղափարներու եւ վարկածներու։ Հետեւաբար, սուրբ գրային երկիրներ ուսումնասիրող հնագէտներու համար Աստուածաշունչի պատմութիւնը այդ մասին վերջին խօսքը չունի։ Մնացեալ բոլոր աղբիւրներն ու ֆիզիքական ապացոյցները հաշուի պէտք է առնուին եւ ուշադրութեամբ կշռադատուին։ Սակայն, ըստ Ճոն Ուուտհէտի, Աստուածաշունչի քանի մը գլուխներէն զատ, Յեզրայէլի մասին գրաւոր ապացոյցներ չկան։ Ուստի, Աստուածաշունչի տեղեկութիւնները եւ ժամանակագրութիւնը որեւէ հետազօտութեան մաս պէտք է կազմեն։ Հնագէտներուն աշխատանքները ի՞նչ յայտնաբերած են։
Մինչ ամրոցներ եւ խեցեղէն իրեր երեւան կը հանուէին, սկիզբէն իսկ յստակ եղաւ որ փլատակները այդպէս կոչուած Երկաթի Դարաշրջանէն են, իրապէս համապատասխանելով Յեզրայէլի սուրբ գրային ժամանակաշրջանին։ Բայց մինչ պեղումները կը շարունակուէին, շատ մը չսպասուած բաներ մէջտեղ եկան։ Առաջինը՝ վայրին տարածութիւնն ու անոր հսկայական ամրոցներն էին։ Հնագէտները կ’ակնկալէին ամրոցներով շրջան մը որ համեմատէր վաղեմի Սամարիոյ՝ Իսրայէլի թագաւորութեան մայրաքաղաքին։ Բայց մինչ շարունակեցին պեղել, մէջտեղ ելաւ որ Յեզրայէլը շատ աւելի ընդարձակ էր։ Պարիսպները մէկ ծայրէն միւսը 300–ով 150 մեթր ըլլալով, անոր
ամրոցներուն միջեւ երեւան հանուած ընդհանուր տարածութիւնը այդ ժամանակաշրջանին Իսրայէլի մէջ գտնուող որեւէ քաղաքէ երեք անգամ աւելի մեծ էր։ Անիկա չոր խրամատով մը շրջապատուած էր, որ ամրոցներէն 11 մեթր բացութիւն մը կը ստեղծէր։ Ուսիշգին ուսուցչապետին համաձայն, այս խրամատը աննախընթաց երեւոյթ մըն էր սուրբ գրային ժամանակներուն։ «Մինչեւ Խաչակիրներու շրջանը ասոր նման բան մը չենք գտներ Իսրայէլի մէջ», ըսաւ ան։Ուրիշ անսպասելի երեւոյթ մըն էր քաղաքին կեդրոնը ընդարձակ կառոյցներու բացակայութիւնը։ Քաղաքին շինութեան ժամանակ բերուած թուխ կարմրաւուն հողը գործածուած էր պարիսպներուն միջեւ բարձր թումբ մը՝ ընդարձակ բարձր հողաբլուր մը շինելու համար։ Թել Յեզրայէլի պեղումներուն մասին Երկրորդ Նախնական Տեղեկագրութիւն–ը կը բացատրէ թէ այս ուշագրաւ մակերեսը կրնայ ապացուցանել որ Յեզրայէլ պալատէ մը աւելին էր։ Անիկա կ’ըսէ. «Կ’ուզենք այն հաւանականութիւնը ներկայացնել թէ Յեզրայէլ Իսրայելեան արքայական բանակին զինուորական հիմնական կայանն էր Ամրիական [Ամրի եւ իր սերունդը] թագաւորներուն համար . . . ուր արքայական կառքերն եւ հեծելազօրքը կը պահուէին ու կը մարզուէին»։ Այս բարձրացուած յատակամածին տարածութենէն, ինչպէս նաեւ ցանկապատէն դատելով, Ուուտհէտ կռահեց թէ ասիկա զօրահանդէսի գետին մը ըլլալու էր, ուր կը ցուցադրուէին այդ ժամանակուան Միջին Արեւելքի ամենաշատ կառքեր ունեցող ուժին զինուորական կարողութիւնը։
Քաղաքի դռներուն պեղուած փլատակները մասնաւորաբար կը հետաքրքրեն հնագէտները։ Անոնք առնուազն չորս խուցեր ունեցող դրան մուտք մը ցոյց կու տան։ Բայց քանի որ դարերու ընթացքին այդ վայրէն շատ քարեր կողոպտուած են, այս գիւտերը որոշ եզրակացութեան մը չեն յանգեցներ։ Ուուտհէտի կարծիքն է թէ փլատակները կը մատնանշեն վեց խուցեր ունեցող դրան մը, որու չափերը Մակեդդովի, Հասորի եւ Գազերի մէջ գտնուածներուն կը համեմատին։ *
Հնագիտական յայտնագործումները զարմանալիօրէն կը նշեն կարճատեւ կեանք ունեցած քաղաք մը, որ թէ՛ զինուորականօրէն եւ թէ աշխարհագրականօրէն իտէալ դիրք մը ունէր։ Ուուտհէտ կը պնդէ թէ որպէս պարսպապատ մեծ քաղաք մը, Յեզրայէլ միայն որոշ ժամանակ, միայն քանի մը տասնեակ տարիներու գործածութիւն ունեցած էր։ Ասիկա ուղղակի հակապատկերն է Իսրայէլի մէջ ուրիշ սուրբ գրային գլխաւոր վայրերու, ինչպէս՝ Մակեդդովի, Հասորի եւ Սամարիա մայրաքաղաքին, որոնք յաճախ վերաշինուած, ծաւալած եւ վերաբնակուած էին տարբեր ժամանակաշրջաններու ընթացքին։ Այս իտէալ վայրը ինչո՞ւ այսքան շուտ անգործածելի դարձած էր։ Ուուտհէտ կ’ենթադրէ թէ Աքաաբ եւ իր սերունդը ազգին հարստութիւնը մսխած ըլլալով գրեթէ տնտեսական քայքայում պատճառած էին։ Ասիկա բացայայտ էր Յեզրայէլի չափազանց մեծ տարածութենէն եւ զօրութենէն։ Յէուի ներքեւ եղող նոր վարչաձեւը հաւանաբար ուզած էր ամէն կապ խզել Աքաաբի յիշատակին հետ, հետեւաբար՝ քաղաքը լքած էր։
Ցարդ պեղուած ամէն բան կը հաստատէ որ Յեզրայէլի վայրը Երկաթի Դարաշրջանին Իսրայելեան գլխաւոր կեդրոն մըն էր։ Անոր տարածութիւնն ու ամրոցները Աստուածաշունչի տուած նկարագրութեան կը յարմարին, որպէս Աքաաբի եւ Յեզաբէլի նշանաւոր պալատը։ Այդ շրջանին անոր բնակչութեան սահմանափակ ըլլալուն նշանները կը համաձայնին այս քաղաքին մասին տրուած սուրբ գրային տեղեկութեանց հետ. անիկա Աքաաբի իշխանութեան ընթացքին արագօրէն կարեւորութիւն ստացաւ, ապա Եհովայի հրամանով արժեզրկուեցաւ, երբ «Յէու Յեզրայէլի մէջ Աքաաբին տունէն բոլոր մնացածներն ու անոր բոլոր մեծ նախարարները եւ մտերիմ բարեկամներն ու քուրմերը մեռցուց, այնպէս որ մնացորդ մը չթողուց»։—Դ. Թագաւորաց 10։11
Յեզրայէլի Ժամանակագրութիւնը
«Հնագիտութեան մէջ շա՛տ դժուար է թուարկութեան համար ճշգրիտ հիմ մը ունենալ», կ’ընդունի Ճոն Ուուտհէտ։ Ուստի, մինչ հնագէտները եօթը տարուան պեղումները մանրազնին կերպով կը քննեն, անոնք կը բաղդատեն զանոնք հնագիտական այլ վայրերու մէջ իրենց յայտնաբերումներուն հետ։ Ասիկա վերարժեւորման եւ վիճաբանութիւններու առաջնորդած է։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ 1960–ական տարիներուն եւ 1970–ական տարիներու սկիզբը Մակեդդովի մէջ Իսրայելացի հնագէտ Եիկայէլ Եատինի ըրած պեղումներէն ի վեր, հնագիտական աշխարհի պատկան շատեր հաստատօրէն համոզուած էին թէ ան ամրոցներ եւ քաղաքի դռներ գտած էր, որոնք Սողոմոն Թագաւորին ժամանակաշրջանէն էին։ Հիմա, Յեզրայէլի մէջ գտնուած ամրոցներն, խեցեղէններն ու դռները պատճառ կ’ըլլան որ ոմանք այդ եզրակացութեան վրայ կասկածին։
Օրինակ, Յեզրայէլի մէջ գտնուած խեցեղէնները Մակեդդովի երկրի խաւին մէջ գտնուածներուն կը նմանին, որ Եատին Սողոմոնի իշխանութեան հետ կապած էր։ Դրան կազմութիւնը եւ երկու վայրերուն չափերը նոյնատեսակ են, եթէ ոչ ճիշդ նոյնը։ Ուուտհէտ կ’ըսէ. «Բոլոր իրողութիւնները կա՛մ Յեզրայէլի վայրը Սողոմոնական ժամանակաշրջանին կը տանին, եւ կամ այս երեւոյթներուն թուականը միւս վայրերուն [Մակեդդով եւ Հասոր]՝ Աքաաբի ժամանակաշրջանին կ’իջեցնեն»։ Քանի որ Աստուածաշունչը որոշապէս Յեզրայէլի վայրը կը կապէ Աքաաբի ժամանակաշրջանին հետ, Ուուտհէտ շատ աւելի տրամաբանական կը գտնէ ընդունիլ որ հնագիտական այս խաւերը Աքաաբի իշխանութեան ժամանակը ցոյց կու տան։ Տէյվիտ Ուսիշգին կ’եզրակացնէ. «Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ Սողոմոն շինեց Մակեդդովը, անիկա չ’ըսեր թէ ինք շինեց այս յիշեալ դռները»։
Յեզրայէլի Պատմութիւնը Կրնա՞յ Գիտցուիլ
Հնագիտական այս յայտնագործութիւնները եւ անոնց յարուցած վիճարկութիւնը Յեզրայէլի կամ Սողոմոնի մասին Աստուածաշունչի տուած տեղեկութեան վրայ կասկած կը նետէ՞։ Իրականութեան մէջ, հնագիտական հակաճառութիւնները Աստուածաշունչի տեղեկութեան գրեթէ չեն վերաբերիր։ Հնագիտութիւնը պատմութիւնը կը քննէ սուրբ գրային պատմուածքէն տարբեր հիման մը վրայ։ Անիկա տարբեր հարցումներ կ’ուղղէ եւ տարբեր բաներ կը շեշտէ։ Աստուածաշունչի աշակերտը եւ հնագէտը կարելի է համեմատել մօտաւորապէս զուգահեռ ճամբաներու մէջ ընթացող ուղեւորներու։ Ուղեւորներէն մէկը ճամբուն մէջտեղէն ինքնաշարժով կ’երթայ, իսկ միւսը ճամբուն եզերքէն կը քալէ։ Անոնց մտորումներն ու հետաքրքրութիւնները տարբեր են։ Սակայն անոնց հեռանկարները յաճախ զիրար կ’ամբողջացնեն քան թէ կը հակասեն։ Երկու ուղեւորներուն տպաւորութիւնները իրարու հետ համեմատելը շատ հետաքրքրական ու խոր հասկացողութիւններու կրնայ առաջնորդել։
Աստուածաշունչը հին դէպքերու եւ ժողովուրդներու մասին գրաւոր արձանագրութիւն կը պարունակէ. հնագիտութիւնը կը փորձէ այս դէպքերուն եւ ժողովուրդներուն մասին տեղեկութիւններ հաւաքել, քննելով անոնց մասին տակաւին հողին մէջ մնացած որեւէ հետք։ Այսուհանդերձ, այս բեկորները սովորաբար շատ թերի են եւ՝ այլազան մեկնութիւններու ենթակայ։ Աստուածաշունչի Երկիրներու Հնագիտութիւն. Հ.Դ.Ա. 10,000-586 խորագրով իր գրքին մէջ, Ամիհայ Մազար այս ուղղութեամբ կ’ըսէ. «Հնագիտական դաշտին աշխատանքը . . . մեծաւ մասամբ արուեստ, ինչպէս նաեւ՝ մարզումի եւ արհեստավարժական հմտութեան միացումն է։ Անթեք եղող ո՛չ մէկ մեթոտաբանութիւն կրնայ յաջողութիւն ապահովել եւ այդ դաշտին մէջ աշխատող ղեկավարներուն ճկունութիւն եւ ստեղծագործական միտք ունենալը անհրաժեշտութիւն մըն է։ Հնագէտին նկարագիրը, տաղանդը եւ առողջ բանականութիւնը նոյնքան կարեւոր են, որքան իր մարզումը եւ իրեն մատչելի եղող միջոցները»։
Հնագիտութիւնը հաստատած է Յեզրայէլի մէջ արքայական ու զինուորական գլխաւոր կեդրոնի մը գոյութիւնը, կեդրոն մը որ զարմանալիօրէն կարճ ժամանակ տեւեց, Աքաաբի իշխանութեան զուգադիպող պատմական ժամանակաշրջանի ընթացքին, ինչպէս Աստուածաշունչը կ’ըսէ։ Ուրիշ բազմաթիւ հետաքրքրաշարժ հարցումներ յարուցուած են, զորս հնագէտներ յառաջիկայ տարիներուն կրնան սերտել։ Բայց Աստուծոյ Խօսքին՝ Աստուածաշունչին, էջերը կը շարունակեն յստակօրէն բացատրել, լման պատմութիւնը մեզի ներկայացնելով այնպիսի կերպով մը որ հնագէտներ բնաւ չեն կրնար։
[Ստորանիշ]
^ պարբ. 13 Տեսնել՝ «Դռներուն Խորհուրդը» յօդուածը, 15 Օգոստոս 1988–ի Դիտարան–ին մէջ (Անգլերէն)։
[Նկարներ՝ էջ 26]
Յեզրայէլի մէջ հնագիտական պեղումներ
[Նկար՝ էջ 28]
Յեզրայէլի մէջ գտնուած քանանական կուռք