Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Քուրիլլոս Լուքարիս. մարդ մը որ Աստուածաշունչը կ’արժեւորէր

Քուրիլլոս Լուքարիս. մարդ մը որ Աստուածաշունչը կ’արժեւորէր

Քուրիլլոս Լուքարիս. մարդ մը որ Աստուածաշունչը կ’արժեւորէր

1638–ի ամառնային օր մըն էր։ Օսմանեան Կայսրութեան մայրաքաղաքին՝ Կոստանդնուպոլսոյ (ներկայ Իսթանպուլ) մօտերը, Մարմարա Ծովուն մէջ ձկնորսներ ահաբեկուեցան, ջուրին երեսը ծփացող դիակ մը տեսնելով։ Երբ մօտէն քննեցին, սարսափի մատնուեցան, գիտնալով թէ խեղթուած մարմինը Կոստանդնուպոլսոյ տիեզերական պատրիարքին՝ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ մեծաւորին դիակն էր։ Այս եղաւ 17–րդ դարու կրօնական կարկառուն դէմքերէն մէկուն՝ Քուրիլլոս Լուքարիսի՝ ողբերգական վախճանը։

ԼՈՒՔԱՐԻՍ բաւական երկար չապրեցաւ իր երազին իրականացուիլը տեսնելու համար, որ էր՝ խօսակցական Յունարէնով Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն թարգմանութեան հրատարակութիւնը։ Լուքարիս ուրիշ երազ մըն ալ ունէր, որ երբեք չիրականացաւ. տեսնել Ուղղափառ Եկեղեցիին «աւետարանական պարզութեան» վերադարձը։ Ո՞վ էր այս մարդը։ Իր այս ջանքերը ի՞նչպիսի խոչընդոտներու հանդիպեցան։

Ուսման Պակասի Պատճառաւ Վհատած

Քուրիլլոս Լուքարիս ծնած էր 1572–ին, Վենետիկի կողմէ գրաւուած Քանտիայի մէջ (ներկայիս Իրաքլիոն), Կրետէ։ Հոյակապ տաղանդներու տէր ըլլալով, ան Իտալիոյ Վենետիկ եւ Բատովա քաղաքներուն մէջ ուսանեցաւ, ապա այդ եւ ուրիշ երկիրներու մէջ լայնօրէն շրջագայեցաւ։ Եկեղեցիին մէջ հակադիր խումբերու պայքարներէն դառնացած ու Եւրոպայի բարեկարգչական շարժումներէն հրապուրուած՝ հաւանաբար այցելած ըլլալու էր Կալվինական ազդեցութեան ներքեւ եղող Ժընէվ քաղաքը։

Մինչ Լեհաստան կ’այցելէր, Լուքարիս տեսաւ թէ հոն գտնուող Ուղղափառները՝ կղերականները ինչպէս նաեւ աշխարհականները, ուսման պակասի պատճառաւ հոգեւորապէս ողբալի վիճակի մէջ էին։ Ան վրդովեցաւ տեղեկանալով թէ Աղեքսանդրիոյ ու Կոստանդնուպոլսոյ մէջ, նոյնիսկ գրակալները՝ ուրկէ Աստուածաշունչը կը կարդացուէր՝ կարգ մը եկեղեցիներէն վերցուած էին։

1602–ին, Լուքարիս Աղեքսանդրիա գնաց, եւ այդ թեմին մէջ իր ազգականին՝ Մելեդիոս Պատրիարքին յաջորդեց։ Ապա ան սկսաւ նամակցիլ Եւրոպայի մէջ գտնուող բարեկարգչական գաղափարներ ունեցող տարբեր աստուածաբաններու հետ։ Այդ նամակներէն մէկուն մէջ, ան նշեց թէ Ուղղափառ Եկեղեցին բազմաթիւ սխալ սովորութիւններ կը պահպանէր։ Ուրիշ նամակներու մէջ ան ընդգծեց թէ հարկ էր որ եկեղեցին նախապաշարումները փոխարինէր «աւետարանական պարզութեամբ» եւ միայն Աստուածաշունչի հեղինակութեան յենուէր։

Լուքարիս նաեւ վրդովեցաւ որ Եկեղեցիի Հայրերուն ունեցած հոգեւոր հեղինակութիւնը, Յիսուսի ու առաքեալներու խօսքերուն համարժէք կը նկատուէր։ Ան գրեց. «Այլեւս չեմ կրնար հանդուրժել, երբ լսեմ որ անհատներ կ’ըսեն թէ մարդկային աւանդութիւնները Աստուածաշունչին համարժէք են»։ (Մատթէոս 15։6) Ան աւելցուց թէ իր կարծիքով արձաններու պաշտամունքը ցաւալի երեւոյթ մըն էր։ Ան դիտել տուաւ թէ «սուրբերու» աղօթելը, Միջնորդ Յիսուսը նախատել էր։—Ա. Տիմոթէոս 2։5

Պատրիարքական Աթոռը Վաճառքի Դրուած

Այս գաղափարները եւ Կաթողիկէ Եկեղեցիին հանդէպ իր խորշանքը, Լուքարիսի վրայ բերաւ Ժէզուիթներու եւ Կաթողիկէներու հետ միաբանութիւն փնտռող Ուղղափառ Եկեղեցիի անդամներուն ատելութիւնն ու հալածանքը։ Ի հեճուկս այդ հակառակութեան, 1620–ին Լուքարիս Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարք ընտրուեցաւ։ Այդ ժամանակ, Ուղղափառ Եկեղեցւոյ պատրիարքարանը Օսմանեան Կայսրութեան տիրապետութեան ներքեւ էր։ Օսմանեան Կայսրութիւնը դրամի փոխարէն պատրաստ էր պատրիարք մը գահընկէց ընելու եւ անոր տեղ նոր մը դնելու։

Լուքարիսի թշնամիները, գլխաւորաբար Ժէզուիթները եւ պապական ամենազօր ու վախազդու Քոնկրիկաթիօ տէ Բրոբականտա Ֆիտէ–ն (Հաւատքի Տարածման Ժողովք), շարունակեցին զինք զրպարտել ու իր դէմ դաւեր լարել։ Քուրիլլոս Լուքարիս խորագրով աշխատասիրութիւնը կը նշէ. «Ժէզուիթները ամէն միջոց գործածեցին այս նպատակը հետապնդելու համար՝ խարդախութիւն, զրպարտութիւն, շողոքորթութիւն, եւ մանաւանդ, կաշառակերութիւն, որ [Օսմանեան] դիւանագէտներուն հաճութիւնը շահելու ամենէն ազդու գործիքն էր»։ Որպէս հետեւանք, 1622–ին Լուքարիս Ռոդոս կղզին աքսորուեցաւ, եւ Ամասիոյ Կրէկորին՝ 20,000 արծաթ դրամով այդ պաշտօնը գնեց։ Սակայն, Կրէկորին չկարողացաւ խոստացեալ գումարը մէջտեղ բերել, ուստի Էտիրնէի Անթիմուսը գնեց այդ պաշտօնը, բայց հետագային հրաժարեցաւ։ Զարմանալիօրէն Լուքարիս վերստանձնեց պատրիարքական աթոռը։

Լուքարիս վճռած էր այս նոր պատեհութիւնը գործածել Ուղղափառ կղերականներն ու աշխարհականները դաստիարակելու համար, Աստուածաշունչի թարգմանութիւն մը եւ աստուածաբանական թերթիկներ հրատարակելով։ Ասիկա իրագործելու համար, ան կարգադրութիւն ըրաւ որ Անգլիոյ դեսպանին հովանաւորութեամբ, տպագրամեքենայ մը բերուի Կոստանդնուպոլիս։ Սակայն, Յունիս 1627–ին երբ տպագրամեքենան հասաւ, Լուքարիսի թշնամիները զինք ամբաստանեցին թէ անիկա քաղաքական նպատակներու համար պիտի գործածէր, եւ ի վերջոյ զայն փճացնել տուին։ Արդ, Լուքարիս ստիպուեցաւ Ժընէվի մէջ գտնուած տպագրամեքենաները գործածել։

Քրիստոնէական Սուրբ Գրութիւններու Թարգմանութիւն մը

Աստուածաշունչին ու դաստիարակելու անոր զօրութեան հանդէպ Լուքարիսի ունեցած մեծ յարգանքը, զինք մղեց որ անոր խօսքերը աւելի ձեռնտու դարձնէ հասարակ մարդուն։ Ան նկատեց թէ սովորական անհատ մը այլեւս չէր հասկնար նախնական, ներշնչեալ Յունարէն Աստուածաշունչի ձեռագիրներուն մէջ գործածուած լեզուն։ Ուստի Լուքարիսի յանձնարարած առաջին գիրքն էր՝ Քրիստոնէական Յունարէն Սուրբ Գրութիւններուն իր օրուան Յունարէնի թարգմանութիւնը։ Մարտ 1629–ին, Մաքսիմոս Քալլիբոլիթիս անունով զարգացած վանական մը, այս աշխատանքին ձեռնարկեց։ Ուղղափառներէն շատեր Սուրբ Գրութիւնները թարգմանելը անարգական բան մը սեպեցին, հոգ չէ թէ վաղեմի Յունարէն բնագիրը ընթերցողներուն համար որքան անհասկնալի ըլլար։ Զանոնք հանդարտեցնելու համար, Լուքարիս բնագիրը եւ արդի թարգմանութիւնը զուգահեռ սիւնակներու վրայ տպեց, միայն քանի մը նոթեր աւելցնելով։ Քանի որ Քալլիբոլիթիս այս թարգմանութիւնը յանձնելէն քիչ ետք մահացաւ, Լուքարիս ինք կատարեց անոր սրբագրութիւնը։ Այս թարգմանութիւնը տպուեցաւ 1638–ին՝ Լուքարիսի մահէն անմիջապէս ետք։

Հակառակ Լուքարիսի կանխազգուշութիւններուն, այս թարգմանութիւնը շատ մը եպիսկոպոսներու կողմէ դժգոհութեան ալիք մը բարձրացուց։ Աստուծոյ Խօսքին հանդէպ Լուքարիսի սէրը շատ բացայայտ էր Աստուածաշունչի այս թարգմանութեան նախաբանին մէջ։ Ան գրեց թէ ժողովուրդին խօսած լեզուով մատուցուած Սուրբ Գրութիւնները, «երկնքէն մեզի տրուած անոյշ պատգամ մըն են»։ Ան մարդիկը յորդորեց որ «[Աստուածաշունչի] ամբողջ պարունակութիւնը գիտնան եւ անոր քաջածանօթ ըլլան», նաեւ ըսաւ թէ «հաւատքի առնչուող հարցերու շուրջ ճշգրտօրէն» սորվելու ուրիշ կերպ չկայ, բացի՝ «աստուածային ու սրբազան Աւետարանին միջոցաւ»։—Փիլիպպեցիս 1։9, 10

Լուքարիս խստօրէն դատապարտեց Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնը արգիլողները, ինչպէս նաեւ բնագրին թարգմանութիւնը մերժողները։ «Եթէ առանց հասկնալու խօսինք կամ կարդանք, մեր խօսքերը հովին նետելու կը նմանի»։ (Համեմատել՝ Ա. Կորնթացիս 14։7-9) Նախաբանը եզրափակելով, ան գրեց. «Մինչ բոլորդ ալ այս սուրբ ու աստուածային Աւետարանը ձեր լեզուով կը կարդաք, անոր ընթերցանութենէն առթած օգուտները իւրացուցէ՛ք, . . . եւ կը մաղթեմ որ Աստուած միշտ լուսաւորէ ձեր ճամբան, դէպի բարին առաջնորդելով»։—Առակաց 4։18

Հաւատքի Հանգանակ մը

Աստուածաշունչի այս թարգմանութիւնը սկսելէն ետք, Լուքարիս ուրիշ խիզախ քայլ մը առաւ։ 1629–ին Ժընէվի մէջ ան հրատարակեց Հաւատքի Հանգանակ–ը։ Անիկա հաւատալիքներու անձնական տեսակէտ մըն էր, զոր կը յուսար որ Ուղղափառ Եկեղեցիին կողմէ որդեգրուէր։ Ուղղափառ Եկեղեցին խորագրով գրքին համաձայն, այդ Հանգանակ–ը «Քահանայութեան եւ սուրբ կարգերու Ուղղափառ վարդապետութիւնը կը մերկացնէ իրենց իմաստէն, եւ սրբանկարներու տրուած պատիւը ու սուրբերու աղօթելը կը դատապարտէ որպէս կռապաշտութեան կերպեր»։

Հանգանակ–ը կը բաղկանայ 18 յօդուածներէ։ Անոր երկրորդ յօդուածը կ’ըսէ թէ Սուրբ Գրութիւնները Աստուծմէ ներշնչուած են եւ թէ անոնց հեղինակութիւնը կը գերազանցէ եկեղեցիին հեղինակութիւնը։ Անիկա կ’ըսէ. «Կը հաւատանք թէ Սուրբ Գրութիւնները Աստուծմէ տրուած են . . . Կը հաւատանք թէ Սուրբ Գրութիւններու հեղինակութիւնը Եկեղեցիին հեղինակութենէն բարձր է։ Սուրբ Հոգիին կողմէ ուսուցուիլը, մարդու կողմէ ուսուցուելէն շա՜տ տարբեր բան մըն է»։—Բ. Տիմոթէոս 3։16

Ութերորդ եւ տասներորդ յօդուածները կը հաստատեն թէ Յիսուս Քրիստոս միակ Միջնորդը, Քահանայապետը եւ ժողովքի Գլուխն է։ Լուքարիս գրեց. «Կը հաւատանք թէ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը Իր Հօր աջ կողմը նստած է, եւ հոն մեզի համար բարեխօսութիւն կ’ընէ, քահանայապետի եւ միջնորդի իսկական եւ օրինաւոր պաշտօնը առանձին կատարելով»։—Մատթէոս 23։10

12–րդ յօդուածը կ’ըսէ թէ եկեղեցին կրնայ մոլորիլ, սուտը շիտակին հետ շփոթելով, սակայն սուրբ հոգիին լոյսը կրնայ զայն փրկել հաւատարիմ ծառաներու ջանքերով։ 18–րդ յօդուածին մէջ, Լուքարիս կ’ըսէ թէ քաւարանը պարզապէս հնարուած բան մըն է. «Բացայայտ է թէ Քաւարանի կեղծիքը պէտք չէ թոյլատրուի»։

Հանգանակ–ին յաւելուածականը կը բովանդակէ կարգ մը հարցումներ ու պատասխաններ։ Անոր մէջ Լուքարիս նախ կ’ընդգծէ թէ Սուրբ Գրութիւնները իւրաքանչիւր հաւատարիմ անհատի կողմէ պէտք է կարդացուին եւ թէ Աստուծոյ Խօսքը կարդալու մէջ թերանալը վնասակար է Քրիստոնեայի մը համար։ Ապա կ’աւելցնէ թէ Պարականոն գրքերը պէտք է մերժուին։—Յայտնութիւն 22։18, 19

Չորրորդ հարցումը կ’ըսէ. «Սրբանկարներուն նկատմամբ ի՞նչ տեսակէտ պէտք է ունենանք»։ Լուքարիս կը պատասխանէ. «Աստուած եւ Սուրբ Գրութիւնները մեզի կը սորվեցնեն, որոնք բացայայտօրէն կ’ըսեն. ‘Դուն քեզի կուռք չշինես, ո՛չ վերը երկնքի մէջ, ո՛չ վարը երկրի վրայ, կամ երկրի տակի ջուրերուն մէջ եղած բաներուն մէկ նմանութիւնը. անոնց երկրպագութիւն չընես ու զանոնք չպաշտես. [Ելից 20։4, 5]’ քանի որ ո՛չ թէ արարածը, այլ միա՛յն Արարիչը ու երկնքի ու երկրի Ստեղծիչը պէտք է պաշտենք, եւ միա՛յն անոր երկրպագութիւն պէտք է ընենք։ . . . [Սրբանկարներ] պաշտելը ու անոնց ծառայութիւն մատուցանելը արգիլուած ըլլալով . . . Սուրբ Գրութիւններուն մէջ, մենք զանոնք կը մերժենք, չըլլայ թէ մոռնանք եւ Արարիչին ու Ստեղծիչին փոխարէն՝ գոյներու, արուեստի գործերու եւ արարածներու երկրպագութիւն ընենք»։—Գործք 17։29

Թէեւ Լուքարիս կարող չէր բոլոր սխալ բաները լիովին ըմբռնել այն հոգեւոր խաւար ժամանակաշրջանին * որու մէջ ապրեցաւ, բայց Աստուածաշունչը եկեղեցական վարդապետութեան վրայ լիազօրութիւն ունենալու եւ ժողովուրդը անոր ուսուցումներով դաստիարակելու մէջ ան գովելի ջանքեր թափեց։

Այս Հանգանակ–ին լոյս տեսնելէն անմիջապէս ետք, Լուքարիսի դէմ հակառակութիւնը վերարծարծուեցաւ։ 1633–ին, Քուրիլլոս Կոնդարի, Բերիոյ (ներկայիս Հալէպ) արքեպիսկոպոսը՝ Լուքարիսի անձնական թշնամի մը, որու Ժէզուիթները թիկունք կը կանգնէին՝ փորձեց պատրիարքական աթոռին համար սակարկել Օսմանցիներու հետ։ Սակայն, այս ծրագիրը ձախողեցաւ, երբ Կոնդարի դրամը վճարելու կարող չեղաւ։ Լուքարիս պաշտօնի վրայ մնաց։ Յաջորդ տարին, Թեսաղոնիկէի Աթանասը 60,000 արծաթ դրամ վճարեց այդ պաշտօնին համար։ Լուքարիս դարձեալ պաշտօնազուրկ եղաւ, սակայն ամիս մը չանցած ան ետ կանչուեցաւ եւ վերահաստատուեցաւ։ Մինչ այդ, Քուրիլլոս Կոնդարի իր 50,000 արծաթ դրամը մէջտեղ բերած էր։ Այս անգամ Լուքարիս Ռոդոս աքսորուեցաւ։ Վեց ամիս ետք, իր բարեկամները կրցան զինք ետ պաշտօնի վրայ հաստատել։

Սակայն, 1638–ին, Ժէզուիթները եւ իրենց Ուղղափառ գործակիցները Լուքարիսը ամբաստանեցին որպէս Օսմանեան Կայսրութեան դաւաճան մը։ Այս անգամ սուլթանը հրամայեց որ ան սպաննուի։ Լուքարիս ձերբակալուեցաւ եւ 27 Յուլիս 1638–ին պզտիկ նաւու մը վրայ դրուելով իբրեւ թէ աքսորուեցաւ։ Հազիւ թէ նաւը ծովեզերքէն հեռացաւ, զայն խեղդամահ ըրին։ Անոր դիակը ծովեզերքը թաղեցին, ապա գերեզմանէն դուրս հանելով ծով նետեցին։ Ձկնորսները գտան դիակը եւ հետագային իր բարեկամները զայն թաղեցին։

Մեզի Համար Դասեր

Ուսումնական մը կ’ըսէ. «Պէտք չէ անտեսուի թէ [Լուքարիսի] գլխաւոր նպատակներէն մէկն էր իր կղերները եւ հօտը լուսաւորել եւ անոնց ուսումնական մակարդակը բարձրացնել, որ տասնըվեցերորդ դարուն ու տասնըեօթներորդ դարուն սկիզբը չափազանց ցած մակարդակի մը իջած էր»։ Բազմաթիւ խոչընդոտներ արգելք եղան որ Լուքարիս իր նպատակին հասնի։ Ան պատրիարքական աթոռէն հինգ անգամ հեռացուեցաւ։ Իր մահուընէ երեսունչորս տարի ետք, Երուսաղէմի մէջ գումարուած սինոդ մը, իր հաւատալիքները նզովեց որպէս հերետիկոսութիւն։ Անոնք յայտարարեցին թէ Սուրբ Գրութիւնները «պէտք չէ ոեւէ անհատ կարդայ, այլ՝ միայն հոգիին խորունկ բաներուն մէջ ակնկառոյց նայողները կրնան կարդալ՝ հարկ եղած հետազօտութիւնը կատարելէ ետք», այսինքն՝ միայն այդպէս կոչուած զարգացած կղերականները։

Անգամ մը եւս, եկեղեցական իշխող դասակարգը Աստուծոյ Խօսքը իր հօտին մատչելի դարձնելու ջանքերը խափանեց։ Անոնք վայրագօրէն լռեցուցին այն ձայնը, որ ցոյց տուաւ սուրբ գրային չեղող իրենց հաւատալիքներուն կարգ մը սխալները։ Անոնք փաստեցին որ կրօնական ազատութեան ու ճշմարտութեան ամենադաժան թշնամիներուն մաս կը կազմէին։ Դժբախտաբար, այս հոսանքը զանազան կերպերով կը վերապրի մինչեւ մեր օրերը։ Անիկա զգաստացնող յիշեցում մըն է թէ ի՛նչ կրնայ պատահիլ, երբ կղերականներու կողմէ հրահրուած դաւեր, մտքի ու խօսքի ազատութեան արգելք հանդիսանան։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 24 Իր Հանգանակ-ին մէջ, ան թիկունք կը կանգնի Երրորդութեան եւ նախասահմանումի ու հոգիի անմահութեան վարդապետութիւններուն. ուսուցումներ՝ որոնք սուրբ գրային չեն։

[Մէջբերում՝ էջ 29]

Լուքարիս Աստուածաշունչը եկեղեցական վարդապետութեան վրայ լիազօրութիւն ունենալու եւ ժողովուրդը անոր ուսուցումներով դաստիարակելու մէջ գովելի ջանքեր թափեց

[Շրջանակ/Նկար՝ էջ 28]

Լուքարիս եւ Աղեքսանդրիոյ մատեանը

Բրիտանական Գրադարանի գոհարներէն մէկն է՝ Աղեքսանդրիոյ Մատեանը, Հ.Դ. հինգերորդ դարու Աստուածաշունչի ձեռագիր մը։ Անոր հաւանական 820 հարազատ թերթերէն, 773–ը պահպանուած են։

Լուքարիս Աղեքսանդրիոյ (Եգիպտոս) պատրիարքը եղած ժամանակ, գրքերու մեծ հաւաքածոյ մը ունէր։ Երբ ան Կոստանդնուպոլիսի պատրիարքը եղաւ, Աղեքսանդրիոյ Մատեանը իր հետ տարաւ։ 1624–ին, զայն Թուրքիոյ բրիտանական դեսպանին տուաւ, զայն նուիրելով Անգլիոյ Ճէյմս Ա. Թագաւորին։ Երեք տարի ետք, անիկա յանձնուեցաւ անոր յաջորդին՝ Չարլզ Ա.–ի։

1757–ին, Թագաւորին Արքունի Գրադարանը Բրիտանացի ազգին տրուեցաւ եւ այս ընտիր մատեանը ներկայիս կը ցուցադրուի Բրիտանական նոր Գրադարանի, Ճոն Րիթպլըթ Ցուցասրահին մէջ։

[Նկարին աղբիւրները]

Gewerbehalle, Vol. 10

From The Codex Alexandrinus in Reduced Photographic Facsimile, 1909

[Նկարին աղբիւրը՝ էջ 26]

Bib. Publ. Univ. de Genève