Անցնիլ բովանդակութեան

ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ

Ինչպէ՞ս կրնաս ժամանակդ իմաստուն կերպով գործածել

Ինչպէ՞ս կրնաս ժամանակդ իմաստուն կերպով գործածել

«Երանի՜ աւելի ժամանակ ունենայի»։ Կեանքիդ մէջ քանի՞ անգամ ըսած ես այս խօսքը։ Ժամանակը ո՛չ հարուստ գիտէ, ո՛չ ալ՝ աղքատ։ Բոլորս նոյնչափ ժամանակ ունինք։ Ո՛չ հարուստը ո՛չ ալ աղքատը կրնայ ժամանակ դիզել։ Մէյ մը որ ժամանակը երթայ, ետ չի գար։ Ասոր համար, լաւ կ’ըլլայ որ ժամանակը իմաստուն կերպով գործածենք։ Ինչպէ՞ս։ Նկատի պիտի առնենք չորս կերպեր, որոնք շատերու օգնած են ասոր մէջ։

Առաջին կերպ. կազմակերպուած եղիր

Ամէնէն կարեւոր բաները առաջին տեղը դիր։ Սուրբ Գիրքը այս խրատը կու տայ. ‘Աւելի կարեւոր բաները ընտրեցէք’ (Փիլիպպեցիս 1։10, ՆԱ)։ Ցանկ մը պատրաստէ այն բաներուն, որոնք կա՛մ կարեւոր են կա՛մ ալ աճապարանօք, կամ ալ երկուքը միասին։ Միտքդ պահէ որ ատեններ՝ բան մը որ կարեւոր է կրնայ աճապարանօք չըլլալ (օրինակ՝ ընթրիքին համար գնում ընելը), եւ բան մը որ աճապարանօք է՝ կրնայ կարեւոր չըլլալ (օրինակ, հեռատեսիլի սիրած յայտագիրդ ճիշդ ժամանակին դիտելը) a։

Սկիզբէն ծրագրէ։ Ժողովող 10։10–ն (ԱԾ) կ’ըսէ. «Եթէ երկաթը բթացած է, ու մարդ անոր բերանը չսրէ՝ իր ոյժը կրկնապատկելու է. բայց իմաստութիւնը կ’օգնէ՝ որ յաջողի»։ Բուն կէտը ի՞նչ է։ Ընելիքներդ սկիզբէն ծրագրէ, որպէսզի ժամանակդ լաւագոյն կերպով գործածես։ Յետաձգէ այն բաները, որոնք պարզապէս ժամանակի կորուստ են։ Եթէ տեսնես որ բան մը շուտ վերջացուցիր եւ դեռ ժամանակ ունիս, կրնաս ընել ուրիշ բան մը որ վերջը պիտի ընէիր։ Երբ սկիզբէն ծրագրես, ճիշդ ինչպէս որ խելացի արհեստաւոր մը իր գործիքը սկիզբէն կը սրէ, աւելի ընելիքներ կը վերջացնես։

Կեանքդ պարզացուր։ Մի՛ ըներ բաներ, որոնք կարեւոր չեն կամ պարզապէս ժամանակդ պարապի պիտի տանին։ Շատ ընելիքները ու ժամադրութիւնները կրնան սթրեսդ աւելցնել եւ ուրախութիւնդ պակսեցնել։

Երկրորդ կերպ. մի՛ ձգեր որ բան մը ժամանակդ գողնայ

Մի՛ յետաձգեր եւ որոշում առնելու մի՛ դժուարանար։ «Հովը դիտողը չի կրնար ցանել եւ ամպերուն նայողը չի կրնար հնձել» (Ժողովող 11։4)։ Ի՞նչ կը սորվինք։ Եթէ ընելիքներդ յետաձգես, թէ՛ ժամանակդ պարապի կը տանիս, թէ՛ ալ տեղ մը չես հասնիր։ Այն հողագործը որ լաւագոյն պայմաններուն կը սպասէ, թերեւս բնա՛ւ չցանէ կամ չհնձէ։ Եթէ մենք ալ կեանքի լաւագոյն պայմաններուն սպասենք որ բան մը ընենք, ձեռքերնիս ծալած կը նստինք։ Կամ եթէ որոշում մը առնելէ առաջ սպասենք, որ որոշ բանի մը մասին ամէն մէկ պզտիկ մանրամասնութիւն գիտնանք, պիտի չկրնանք որոշում մը առնել։ Ճիշդ է որ կարեւոր որոշումներ առնելու համար պէտք է պրպտում ընենք եւ լաւ մտածենք, ինչպէս որ Առակաց 14։15–ը կ’ըսէ որ «խելացին իր քայլերը կը քննէ»։ Բայց իրականութիւնը այն է, որ շատ մը պարագաներու՝ բաներ կան որ մեզի համար պղտոր պիտի մնան մինչեւ որ որոշում մը առնենք (Ժողովող 11։6

Մի՛ փորձեր ամէն բան կատարեալ կերպով ընել։ Յակոբոս 3։17–ն (ՆԱ) կ’ըսէ. «Վերին [կամ՝ Աստուծմէ եկող] իմաստութիւնը... խոհեմ [է]»։ Անշուշտ, լաւ է որ մէկը ուզէ ամէն բան լաւ կերպով ընել, բայց ատեններ այնքա՛ն շատ բաներ կ’ակնկալենք մենք մեզմէ, որ եթէ բան մը վերջին ծայր լաւ չընենք, յուսախաբ կ’ըլլանք եւ թերեւս նոյնիսկ չյաջողինք մեր ըրածին մէջ։ Օրինակ, այն անձը որ նոր լեզու մը կը սորվի՝ պէտք է իր աչքը առնէ որ սխալներ պիտի ընէ, քանի որ այդ սխալներէն պիտի սորվի։ Բայց մէկը որ կը փորձէ ամէն բան կատարեալ կերպով ընել, թերեւս քաշուի խօսելու՝ վախնալով որ սխալ բան մը պիտի ըսէ։ Բայց ասիկա արգելք կ’ըլլայ որ ան յառաջդիմէ։ Շատ աւելի լաւ է, եթէ մէկը չափէ դուրս բաներ չ’ակնկալեր իր անձէն։ Առակաց 11։2–ը կ’ըսէ որ «իմաստութիւնը խոնարհներուն հետ է»։ Այն անձը որ խոնարհ է եւ իր կարողութիւնները գիտէ, չափէ դուրս կարեւորութիւն չի տար ինքզինքին, եւ եթէ սխալ մը ընէ, պարզի կ’առնէ եւ կը խնդայ։

«ԵՐԲ ԲԱՆ ՄԸ ԿԸ ԳՆԵՍ, ԴՐԱՄ ՉԷ ՈՐ ԿԸ ՎՃԱՐԵՍ, ՀԱՊԱ՝ ԺԱՄԱՆԱԿԴ» (What to Do Between Birth and Death )

Երրորդ կերպ. հաւասարակշռուած եղիր եւ տրամաբանական քայլեր առ

«Աւելի աղէկ է մէկ լեցուն ձեռք հանգստութեամբ, քան թէ երկու լեցուն ձեռք, որ աշխատանքով ու հոգիի տանջանքով է» (Ժողովող 4։6)։ Գործի մոլի եղողները չափէ դուրս կ’աշխատին եւ ընդհանրապէս իրենց գործին արդիւնքը չեն վայելեր, քանի որ ո՛չ ժամանակ կը մնայ իրենց, ո՛չ ալ՝ ոյժ։ Միւս կողմէ, ծոյլ եղողները չափէ դուրս հանգիստ կ’ընեն եւ իրենց ժամանակը պարապի կը տանին։ Սուրբ Գիրքը կը քաջալերէ, որ հաւասարակշռուած ըլլանք. թէ՛ աշխատինք թէ՛ ալ մեր գործին արդիւնքները վայելենք։ Ասիկա «Աստուծոյ պարգեւն է» (Ժողովող 5։19

Բաւարար չափով քնացիր։ Սուրբ Գիրքի գրողներէն մէկը ըսաւ. «Խաղաղութեամբ պիտի պառկիմ ու քնանամ» (Սաղմոս 4։8)։ Ընդհանրապէս, չափահասները ամէն գիշեր գրեթէ ութ ժամ քունի պէտք ունին, որպէսզի ֆիզիքապէս առողջ ըլլան եւ զգացական գետնի վրայ՝ հաւասարակշռուած։ Ասկէ զատ, քունը կ’օգնէ որ կեդրոնանաս ու յիշես։ Ասիկա կը ձգէ որ դիւրութեամբ սորվիս նոր բաներ, եւ այսպիսով ժամանակ խնայած կ’ըլլաս։ Բայց եթէ բաւարար չափով չես քնանար, նոր բաներ սորվիլը դիւրին չ’ըլլար, արկածներ ու սխալներ կ’ընես եւ աւելի շուտ կը նեղանաս մարդոցմէ։

Տրամաբանական նպատակներ դիր. «Աչքերով տեսնելը հոգիով փափաքելէն աղէկ է։ Ասիկա ալ ունայնութիւն ու հոգիի տանջանք է» (Ժողովող 6։9)։ Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ։ Կը նշանակէ թէ իմաստուն անձը չի ձգեր որ իր փափաքները իշխեն իր կեանքին վրայ, մանաւանդ այն փափաքները, որոնք տրամաբանական չեն կամ անկարելի է որ զանոնք իրականացնէ։ Ասոր արդիւնքը ի՞նչ կ’ըլլայ։ Ան չի խաբուիր աչքառու ծանուցումներով, կամ չի վազեր որ դիւրին պայմաններով դրամ պարտքի առնէ։ Փոխարէն, ան կը գոհանայ այն բաներով որ ‘իր աչքերով կը տեսնէ’, այսինքն՝ կրնայ իսկապէս ձեռք ձգել։

Չորրորդ կերպ. ճիշդ սկզբունքներով ապրէ

Սկզբունքներդ քննէ։ Քու սկզբունքներդ քեզի կ’օգնեն ըմբռնելու, թէ ո՛ր բաները կարեւոր եւ լաւ են։ Կեանքդ կը նմանի նետի, եւ քու սկզբունքներդ կ’ուղղեն այդ նետը։ Անոր համար, եթէ ճիշդ սկզբունքներով կ’ապրիս կեանքդ, պիտի կարենաս ամէնէն կարեւոր բաները առաջին տեղը դնել, եւ լաւագոյն կերպով պիտի գործածես ժամանակիդ ամէ՛ն մէկ ժամը եւ ամէ՛ն մէկ օրը։ Լաւ, ո՞ւր կրնաս գտնել այսպիսի լաւ սկզբունքներ։ Շատեր Սուրբ Գիրքին մէջ կը փնտռեն զանոնք, քանի որ կ’ընդունին որ ատոր խօսքերը իմաստուն են (Առակաց 2։6, 7

Սէրը ամենակարեւոր սկզբունքդ թող ըլլայ։ Կողոսացիս 3։14–ը (ՆԱ) կ’ըսէ, թէ սէրը «միութեան կատարեալ կապն է»։ Մենք առանց սիրոյ իսկապէս ուրախ եւ զգացական գետնի վրայ հաւասարակշռուած չենք կրնար ըլլալ, մանաւանդ մեր ընտանիքին մէջ։ Մարդիկ, որ սիրոյ տեղ՝ հարստութեան կամ գործի կարեւորութիւն կու տան, իսկապէս ուրախ չեն ըլլար։ Սուրբ Գիրքը հարիւրաւոր անգամներ կը խօսի սիրոյ մասին եւ ցոյց կու տայ, թէ սէրը ամենակարեւոր սկզբունքն է (Ա. Կորնթացիս 13։1-3. Ա. Յովհաննէս 4։8

Ժամանակ յատկացուր որ ամենակարեւոր պէտքդ գոհացնես։ Ճէֆ անունով մարդ մը կար, որ ունէր կին մը, երկու զաւակ, լաւ բարեկամներ եւ լաւ գործ մը՝ առողջապահական մարզին մէջ։ Բայց ան շատ անգամ իր աչքերուն առջեւ կը տեսնէր թէ մարդիկ ինչպէ՛ս կը չարչարուին ու կը մեռնին, եւ հարց կու տար. «Ասա՞նկ պէտք է ըլլայ կեանքը»։ Օրին մէկը, ան Եհովայի վկաներուն հրատարակութիւնները կարդաց եւ հոն գոհացուցիչ պատասխաններ գտաւ։

Ճէֆը իր սորվածները բացատրեց իր կնոջ ու զաւակներուն, եւ անոնք ալ հետաքրքրուեցան։ Բոլոր ընտանիքը սկսաւ Սուրբ Գիրքը սերտել, եւ ասիկա անոնց կեանքը ճոխացուց եւ օգնեց որ իրենց ժամանակը աւելի իմաստուն կերպով գործածեն։ Աստուածաշունչը սերտելը նաեւ անոնց տուաւ յաւիտեան ապրելու հիանալի յոյսը՝ աշխարհի մը մէջ ուր չարչարանք պիտի չըլլայ (Յայտնութիւն 21։3, 4

Ճէֆին փորձառութիւնը մեր միտքը կը բերէ Յիսուս Քրիստոսի սա խօսքը. «Երջանիկ են անոնք, որոնք գիտակից են իրենց հոգեւոր կարիքներուն» (Մատ. 5։3, ՆԱ)։ Դուն ալ պատրա՞ստ ես ժամանակ յատկացնելու, որ քու ամենակարեւոր պէտքդ գոհացնես։ Վստահ եղիր, որ չկա՛յ ուրիշ բան մը որ քեզի պիտի տայ այն իմաստութիւնը, որ լաւագոյնդ օգտուիս թէ՛ ժամանակէդ, թէ՛ ալ՝ լման կեանքէդ։

a Տե՛ս «Աւելի ժամանակ ստեղծելու 20 կերպեր» յօդուածը՝ Զարթի՛ր–ի ապրիլ 2010 թիւին մէջ (անգլ.)։