Հագուելակերպը եւ յարդարանքը ինծի արգելք կ’ըլլային որ ճշմարտութիւնը ընդունիմ
Հագուելակերպը եւ յարդարանքը ինծի արգելք կ’ըլլային որ ճշմարտութիւնը ընդունիմ
ԿԸ ՊԱՏՄԷ ԱՅԼԻՆ ՊՐԸՄՊԱՆ
ԵՍ մեծցած եմ «Հին գերմանական մկրտչական եղբայրներ» կրօնքին մէջ, որ նման է մեննոնայթներուն եւ ամիշներուն։ Այս կրօնքը սկիզբ առաւ Գերմանիայի մէջ, 1708–ին։ Համայնագիտարան մը կ’ըսէ որ այս կրօնքը սկսաւ, քանի որ կարգ մը մարդիկ համոզուած էին, որ ամէն մարդ պէտք էր լսէր բարի լուրը Յիսուսի մասին (The Encyclopedia of Religion)։ Անոր համար, շատ մը երկիրներ միսիոնարներ ղրկուեցան։
1719–ին, պզտիկ խումբ մը, Ալեքսանտր Մէքին առաջնորդութեամբ, հասաւ Միացեալ Նահանգներու այն շրջանը, որ հիմա ծանօթ է որպէս Փէնսիլվանիոյ նահանգ։ Անկէ ի վեր, այս խումբը բաժնուած է շատ մը տարբեր խումբերու։ Ամէն մէկ խումբ տարբեր կարծիք ունէր Ալեքսանտր Մէքին սորվեցուցածներուն մասին։ Մեր պզտիկ եկեղեցին մօտ 50 անդամ ունէր։ Մեզի համար շատ կարեւոր էր Աստուածաշունչը կարդալ եւ մեր կրօնական առաջնորդներուն ըսածներուն հնազանդիլ։
Մեր գերդաստանը երկար ժամանակէ ի վեր այս կրօնքին կը պատկանէր։ Ես այս եկեղեցիին կը պատկանէի եւ մկրտուեցայ երբ որ 13 տարեկան էի։ Ես մեծցայ, հաւատալով որ սխալ է գործածել ինքնաշարժ, թրաքթոր, հեռաձայն, ռատիօ, կամ որեւէ ելեկտրոնային գործիք։ Մեր կրօնքին պատկանող կիները միշտ շատ պարզ եւ երկար հագուստներ կը հագուէին։ Մենք մեր մազերը բնաւ չէինք կտրեր եւ միշտ մեր գլուխը կը ծածկէինք։ Իսկ տղամարդիկը մօրուք կը ձգէին։ Քանի՛ որ Յիսուս ըսած էր որ աշխարհի մէկ մասը չըլլանք, մենք կը կարծէինք որ սխալ էր վերջին նորոյթէն հագնիլ, մեր դէմքը շպարել կամ գոհարեղէն դնել։ Մեր կարծիքով ասոնք ցոյց կու տային որ մէկը հպարտ է։
Մեզի կը սորվեցնէին որ Աստուածաշունչին հանդէպ խոր յարգանք ունենանք, քանի որ ատիկա Աստուծոյ Խօսքն է։ Ամէն առտու նախաճաշէն առաջ, նստասենեակը կը հաւաքուէինք եւ հայրիկս Աստուածաշունչէն գլուխ մը կը կարդար, եւ յետոյ իր կարդացածը կը բացատրէր։ Վերջը, բոլորս ծունկի կու գայինք ու հայրիկս կ’աղօթէր։ Անկէ ետք, մայրիկս կը կրկնէր Տէրունական աղօթքը։ Ես միշտ անհամբեր կը սպասէի առտուան այս պաշտամունքին, քանի որ ընտանեօք կը հաւաքուէինք եւ հոգեւոր բաներու վրայ կը կեդրոնանայինք։
Մենք կ’ապրէինք Դելփիի մօտ (Ինտիանա), եւ հոն տարբեր տեսակի բանջարեղէններ կը ցանէինք։ Ձիակառքով գիւղաքաղաք կ’երթայինք եւ այդ բանջարեղէնները կը ծախէինք ճամբան կամ դռնէ դուռ։ Մեզի համար ծանր աշխատիլը Աստուծոյ ծառայութեան մէկ մասն էր։ Անոր համար շատ ծանր կ’աշխատէինք, բացի՝ կիրակի օրերը, քանի որ կը սեպէինք որ այդ օրը սուրբ օր է եւ պէտք չէր աշխատէինք։ Բայց ատեններ, մեր ընտանիքը այնքա՛ն տարուած կ’ըլլար ագարակին աշխատանքով, որ դժուար կ’ըլլար կեդրոնանալ հոգեւոր բաներու վրայ։
Կ’ամուսնանամ եւ ընտանիք կը կազմեմ
1963–ին, երբ 17 տարեկան էի, ամուսնացայ Ճէյմզին հետ, որ մեր եկեղեցական խումբի անդամներէն մէկն էր։ Իր գերդաստանն ալ շատոնց կը պատկանէր այս կրօնքին։ Երկուքս շատ կը փափաքէինք Աստուծոյ ծառայել եւ կը հաւատայինք, որ մեր եկեղեցին միակ ճշմարիտ եկեղեցին է։
1975–ին, արդէն վեց զաւակներ ունէինք եւ 1983–ին, մեր եօթներորդ եւ վերջին զաւակը ծնաւ։ Մեր երկրորդ զաւակը՝ Ռեպեքան, մեր միակ աղջիկն էր։ Մենք շատ ծանր կ’աշխատէինք, քիչ կը ծախսէինք եւ պարզ կեանք կը վարէինք։ Շատ ջանք ըրինք որ մեր զաւակները մեծցնենք Սուրբ Գիրքի սկզբունքներով, որոնք մենք սորված էինք մեր ծնողներէն եւ մեր եկեղեցիին ուրիշ անդամներէն։
Արտաքին տեսքը շատ կարեւոր բան մըն էր մեր եկեղեցիին մէջ։ Մենք կը հաւատայինք որ քանի՛ որ չենք կրնար մէկու մը սիրտը կարդալ, անհատի մը հագուելակերպը շատ բան ցոյց կու տայ իր անձնաւորութեան մասին։ Ուրեմն եթէ մէկը իր մազերը զարդարէր, ատիկա ցոյց կու տար որ հպարտ է։ Եթէ մեր պարզ հագուստին վրայի տպագրութիւնը, գծագրութիւնը կամ զարդարանքը շատ մեծ ըլլար, ասիկա նորէն ցոյց կու տար որ անհատը հպարտ է։ Երբեմն, այս օրէնքները աւելի՛ կարեւոր կը սեպուէին, քան՝ այն ինչ որ Աստուածաշունչը կ’ըսէր։
Տագրս ճշմարտութիւնը կը սորվի բանտին մէջ
1960–ականներուն վերջաւորութեան, տագրս՝ Ճեսսին, որ մեր կրօնքին մէջ մեծցած էր, բանտ ղրկուեցաւ քանի որ մերժեց զինուորութեան երթալ։ Երբ բանտն էր, ան Եհովայի վկաներուն ծանօթացաւ, որոնք նաեւ կը հաւատային թէ Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ սխալ է պատերազմիլ (Եսայի 2։4. Մատթէոս 26։52)։ Ճեսսին շատ սիրեց Եհովայի վկաներուն հետ խօսիլ աստուածաշնչական նիւթերու մասին եւ վկաներուն լաւ յատկութիւնները նկատեց։ Աստուածաշունչը բաւական սերտելէ ետք, ան մկրտուեցաւ որպէս Եհովայի վկայ։ Եւ ասիկա մեզ շատ նեղացուց։
Ճեսսին իր սորվածներուն մասին ամուսինիս հետ խօսեցաւ։ Ան նաեւ կարգադրութիւններ տեսաւ որ Ճէյմզը կանոնաւորաբար Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերը ստանայ։ Երբ որ Ճէյմզը այս պարբերաթերթերը կարդաց, աւելի՛ հետաքրքրուեցաւ Աստուածաշունչով։ Ճէյմզը միշտ կը փափաքէր Աստուծոյ ծառայել, բայց շատ անգամ կը զգար որ իրմէ հեռու էր։ Անոր համար, ան շատ կը հետաքրքրուէր որեւէ բանով, որ իրեն կրնար օգնել Աստուծոյ մօտենալու։
Մեր կրօնական խումբի առաջնորդները մեզ կը քաջալերէին որ մեր կրօնքին նմանող կրօնքներուն հրատարակութիւնները կարդայինք, հակառակ անոր որ այդ կրօնքները աշխարհին մէկ մասը կը սեպէինք։ Բայց հայրս Վկաներուն շատ դէմ էր։ Իր կարծիքով, մենք բնաւ պէտք չէր կարդայինք Դիտարան–ը եւ Զարթի՛ր–ը։ Անոր համար սիրտս կը փրթէր, երբ տեսնէի որ Ճէյմզը ատոնք կը կարդայ։ Կը վախնայի որ ան սխալ գաղափարներ ընդունէր։
Ճէյմզը երկար ժամանակ կը կասկածէր մեր եկեղեցիին կարգ մը սորվեցուցածներէն, որոնք Սուրբ Գիրքին կը հակասէին, մանաւանդ երբ ըսէին որ կիրակի օրը աշխատիլը մեղք է։ Օրինակ, մեր կրօնքին առաջնորդները կը սորվեցնէին, որ կրնանք կիրակի օրերը մեր անասուններուն ջուր տալ, բայց չենք կրնար խոտերը մաքրել։ Եւ անոնք այս օրէնքին համար չէին կրնար Սուրբ Գիրքէն պատճառ մը տալ։ Կամաց–կամաց ես ալ սկսայ կասկածներ ունենալ այս տեսակ ուսուցումներու վրայ։
Մեզի միշտ սորվեցուցած էին, որ մենք ճշմարիտ կրօնքն ենք։ Եւ գիտէինք որ շատ դժուարութիւններու առջեւ պիտի ըլլայինք, եթէ այս կրօնքը ձգէինք։ Անոր համար շատ դժուար էր, որ որոշում առնէինք որ այս կրօնքը ձգենք։ Բայց այլեւս մեր խիղճը չէր ներեր, որ մնայինք կրօնքի մը մէջ որ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը չի սորվեցներ։ Անոր համար 1983–ին, նամակ մը գրեցինք, բացատրելով որ ինչ պատճառներ ունինք մեր կրօնքը ձգելու, եւ խնդրեցինք որ նամակը եկեղեցիի անդամներուն առջեւ կարդացուի։ Մեզ եկեղեցիէն դուրս վռնտեցին։
Սկսանք ճշմարիտ կրօնքը փնտռել
Ուրեմն, սկսանք ճշմարիտ կրօնքը փնտռել։ Մենք կը փնտռէինք կրօնք մը, որ իր սորվեցուցածները կը գործադրէր։ Ամէն բանէ առաջ, մէկ կողմ դրինք որեւէ կրօնք որ պատերազմի կը մասնակցէր։ Բայց մինչ այդ, կը փնտռէինք կրօնքներ, որոնք ծանօթ էին իրենց պարզ ապրելակերպով եւ հագուելակերպով, քանի որ մեր կարծիքով ատոնք ցոյց կու տային որ աշխարհին մէկ մասը չեն։ 1983-1985, Միացեալ Նահանգներու մէջ, տեղէ տեղ փոխադրուեցանք եւ մէկ–մէկ կարգ մը կրօնքներ քննեցինք. օրինակ՝ մեննոնայթները եւ քուէյթըրները։
Այդ ժամանակ Եհովայի վկաները մեր ագարակը եկան, Քէմտընի մօտ, Ինտիանա։ Մենք իրենց մտիկ կ’ընէինք, բայց իրենցմէ կը խնդրէինք որ միա՛յն մեզի ծանօթ եղող Աստուածաշունչը գործածեն։ Ես Վկաները կը յարգէի, քանի որ պատերազմի չէին մասնակցեր։ Բայց ինծի համար դժուար էր իրենց մտիկ ընել, քանի որ իմ կարծիքովս, եթէ իրենք պէտքը չէին տեսներ որ աշխարհէն տարբեր ըլլան՝ պարզ հագուստ հագնելով, ուրեմն չէին կրնար ճշմարիտ կրօնքը ըլլալ։ Համոզուած էի, որ նորոյթէն հագուիլը եւ նորոյթէն ապրանքներ ունենալը ցոյց կու տան որ մարդիկ հպարտ են։
Ճէյմզը սկսաւ Եհովայի վկաներու Թագաւորութեան սրահը երթալ, իրեն հետ տանելով մեր տղաներէն ոմանք։ Ես շատ նեղացայ։ Ամուսինս ինձմէ խնդրեց որ հետը երթամ, բայց ես չուզեցի երթալ։ Յետոյ օր մը ինծի ըսաւ. «Նոյնիսկ եթէ իրենց բոլոր սորվեցուցածներուն հետ չես համաձայնիր, գնա՛ եւ տե՛ս թէ իրարու հետ ինչպէս կը վարուին»։ Վկաներուն վարուելակերպը իրեն շատ ազդած էր։
Վերջը, որոշեցի ժողովի երթալ, բայց շատ զգոյշ էի։ Թագաւորութեան սրահ մտայ իմ պարզ հագուստովս եւ գլխարկովս։ Մեր տղաներէն ոմանք բոպիկ էին եւ իրենց հագուստն ալ շատ պարզ էր։ Բայց եւ այնպէս, Վկաները մեզի մօտեցան եւ շատ ընկերային էին։ Ես ինծի ըսի. «Մեր երեւոյթը տարբեր է, բայց մեզի կ’ընդունին ինչպէ՛ս որ ենք»։
Իրենց վարքով շատ տպաւորուեցայ, բայց դեռ վճռած էի միայն երթալ եւ դիտել։ Երգեցողութեան ժամանակ ոտքի չէի ելլեր կամ նոյնիսկ երգերը չէի երգեր։ Ժողովէն ետք իրենց շատ հարցումներ կը հարցնէի բաներու մասին, որոնք իմ կարծիքովս իրենք ճիշդ կերպով չէին ըներ, կամ որոշ համարի մը իմաստին մասին։ Հակառակ անոր որ փափկանկատ չէի, ամէն մէկ անհատ ինձմով շատ հետաքրքրուած էր։ Նաեւ շատ կը տպաւորուէի, երբ որ նոյն հարցումը տարբեր անհատներու կը հարցնէի եւ նո՛յն պատասխանը կ’առնէի։ Երբեմն, պատասխանը թուղթի վրայ կը գրէին եւ ասիկա ինծի շատ կ’օգնէր, քանի որ յետոյ կ’երթայի եւ այդ նիւթը անձամբ կը սերտէի։
1985–ի ամառը, մեր ընտանիքը գնաց Եհովայի վկաներու համաժողովին Մեմփիսի մէջ (Թենըսի), միայն որ տեսնենք թէ ատիկա ինչպէս կ’ըլլայ։ Ճէյմզը դեռ մօրուք ունէր եւ մենք ալ դեռ մեր պարզ հագուստները հագած էինք։ Դադարներուն գրեթէ միշտ մէկը կը մօտենար որ մեզի հետ խօսակցէր։ Անոնց սէրը, հոգատարութիւնը եւ ազնուութիւնը մեզի շատ ազդեցին։ Ասկէ զատ, անոնց միութիւնը մեզ շատ տպաւորեց, քանի որ ո՛ւր որ ալ ժողովի ներկայ ըլլայինք, նոյն բաները կը լսէինք։
Վկաներուն ցոյց տուած անձնական հետաքրքրութիւնը, շատ ազդեց Ճէյմզին։ Անոր համար ան ընդունեց Սուրբ Գիրքը սերտել։ Ան ամէն մէկ բան կը քննէր, որպէսզի տեսնէր թէ իր սորվածները ճի՛շդ էին կամ ոչ (Գործք 17։11. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։21)։ Ժամանակի ընթացքին, Ճէյմզը անդրադարձաւ որ ճշմարտութիւնը գտած էր։ Բայց ես մէջէս կը պայքարէի։ Կ’ուզէի՛ ճիշդը ընել, բայց չէի ուզեր «նորոյթին հետեւիլ» եւ «աշխարհային» սեպուիլ։ Առաջին անգամ երբ համաձայն գտնուեցայ որ Սուրբ Գիրքի սերտողութեան ներկայ ըլլամ, մէկ ծունկիս վրայ դրած էի Ճէյմս թագաւորին Աստուածաշունչը, իսկ միւսին վրայ՝ Նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը։ Սերտողութեան ժամանակ, ամէն մէկ համար որ կը բացուէր, երկու թարգմանութիւններուն կը նայէի, որպէսզի չխաբուիմ։
Անդրադարձայ որ ճշմարտութիւնը գտած եմ
Եհովայի վկաներուն հետ սերտած ժամանակ, սորվեցանք որ մեր երկնաւոր հայրը մէ՛կ Աստուած է, ոչ թէ երրորդութիւն է, եւ թէ մենք անմահ հոգի չունինք, հապա մե՛նք հոգի ենք (Ծննդոց 2։7. Բ. Օրինաց 6։4. Ա. Կորնթացիս 8։5, 6)։ Մենք նաեւ սորվեցանք որ դժոխքը մարդկութեան գերեզմանն է, եւ ոչ թէ՝ կրակոտ տանջանքի վայր (Յոբ 14։13. Սաղմոս 16։10. Ժողովող 9։5, 10. Գործք 2։31)։ Ամէնէն շատ դժոխքին մասին սորվիլը մեզ համոզեց, որ ճշմարտութիւնը գտանք, քանի որ մեր կրօնքին մէջ ամէն մէկը բան մը կ’ըսէր ասոր մասին եւ չէին կրնար բացատրել թէ դժոխքը ճիշդ ինչ է։
Դեռ կ’առնէի–կու տայի որ Վկաները ինչպէ՛ս ճշմարիտ կրօնքը կրնան ըլլալ, եթէ անոնք դեռ աշխարհի մէկ մասն են։ Անոնք պարզ կեանք չէին վարեր, ինչ որ ինծի համար շատ կարեւոր էր։ Բայց նոյն ատեն անդրադարձայ որ անոնք կը հնազանդէին Յիսուսին պատուէրին, որ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզեն բոլոր մարդոց։ Շատ շուարած վիճակ մը ունէի (Մատթէոս 24։14. 28։19, 20)։
Այդ դժուար ժամանակին, Վկաներուն սէրը ինծի օգնեց որ շարունակեմ պրպտել։ Լման ժողովքը մեզի հոգ կը տանէր։ Երբ ժողովքի տարբեր անդամներ մեզի կու գային, պատճառ բռնելով որ մեր կաթէն եւ հաւկիթներէն պիտի գնեն, մենք կը տեսնէինք որ անոնք որքան ազնիւ մարդիկ են։ Ճիշդ է որ մէկ հոգի մեզի հետ կը սերտէր, բայց միւսներն ալ մեզի կ’այցելէին, եւ երբ որ մեր ժողովքի անդամները մեր տունին մօտը ըլլային, մեզի կը հանդիպէին։ Մենք շատ պէտք ունէինք այս այցելութիւններուն, որ Եհովայի վկաները ճանչնայինք, եւ իրենց այս անկեղծ հետաքրքրութիւնը եւ սէրը շատ գնահատեցինք։
Միայն մեզի ամէնէն մօտ ժողովքի Վկաները չէին որ մեզմով այսքան հետաքրքրուած էին։ Քէյ Պրիկզ անունով Վկայ մը, որ մօտակայ ժողովքէ մըն էր, եւ կը նախընտրէր պարզ հագուիլ եւ չշպարուիլ, ինծի այցելեց։ Իրեն հետ հանգիստ զգացի եւ կրցայ աւելի արտայայտուիլ։ Յետոյ, օր մը, Լուիս Ֆլորան, որ ինքն ալ մեծցած էր իմ կրօնքիս նման կրօնքի մը մէջ, ինծի այցելեց։ Դէմքէս գիտցաւ որ իրար անցած վիճակ մը ունիմ, եւ ինծի տասը էջնոց նամակ մը ղրկեց, միտքս հանգստացնելու համար։ Իր ազնուութիւնը ինծի շատ ազդեց եւ սկսայ լալ։ Եւ իր ղրկած նամակը քանի մը անգամ կարդացի։
Շրջագայող տեսուչին՝ եղբայր Օտէլին՝ հարցուցի որ ինծի բացատրէ Եսայի 3։18-23 եւ Ա. Պետրոս 3։3, 4–ը։ Իրեն հարցուցի. «Այս համարները ցոյց չե՞ն տար որ մէկը պէտք է պարզ հագուստ հագուի, որպէսզի Աստուած հաճեցնէ»։ Ան պատասխանեց. «Լաւ ի՞նչ կ’ըսես գլուխը ծածկելու մասին եւ մազերը հիւսելու մասին։ Ուրեմն ատո՞նք ալ սխալ են»։ Մեր կրօնքին մէջ մենք պզտիկ աղջիկներուն մազերը կը հիւսէինք եւ կիները գլուխնին կը ծածկէին։ Ես նկատեցի որ մեր ըրածին եւ Սուրբ Գիրքին ըսածին միջեւ հակասութիւն կայ։ Իսկ շրջագայող տեսուչին համբերութիւնով եւ ազնուութիւնով շատ տպաւորուեցայ։
Կամաց–կամաց սկսայ աւելի համոզուիլ, բայց կիներուն մազ կտրելը դեռ խելքիս չէր պառկեր, եւ ասիկա զիս շատ կը նեղացնէր։ Ժողովքի երէցները ինծի ըսին որ կարգ մը կիներու մազերը շատ չեն երկարիր, իսկ ուրիշներունը՝ աւելի կ’երկարին։ Բայց ասիկա կը նշանակէ՞ որ մէկ կինը միւսէն լաւ է։ Վերջը անոնք ինծի օգնեցին որ տեսնեմ, թէ խիղճը մեծ դեր կը խաղայ հագուելակերպի ու յարդարանքի մէջ, եւ ինծի տեղեկութիւններ տուին որ ետքը կարդամ։
Վերջապէս համոզուեցանք
Մենք կը փնտռէինք կրօնք մը, որ Աստուածաշունչին սորվեցուցածները կը գործադրէր, եւ ատիկա գտանք։ Յիսուս ըսաւ. «Ասով ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք» (Յովհաննէս 13։35)։ Մենք համոզուած էինք որ Եհովայի վկաները մարդոց հանդէպ իսկական սէր ունին։ Հակառակ ասոր, մեր առաջին երկու զաւակները՝ Նաթանը եւ Ռեպեքան շուարած էին, քանի որ մեր կրօնքը ընդունած էին եւ այդ եկեղեցիին մէջ մկրտուած էին։ Բայց ետքը Աստուածաշունչին ճշմարտութիւնները եւ Վկաներուն ցոյց տուած սէրը իրենց սրտին դպան։
Օրինակ՝ Ռեպեքան, միշտ կ’ուզէր Աստուծոյ հետ մտերիմ ըլլալ։ Անոր համար երբ սորվեցաւ որ ճակատագիր չկայ եւ Աստուած չ’որոշեր ամէն մէկը ինչպէս պիտի վարուի, իրեն համար դիւրին եղաւ Աստուծոյ աղօթել։ Ասկէ զատ, ան Աստուծոյ աւելի մօտեցաւ, երբ որ հասկցաւ թէ ան Երրորդութիւն չէ, հապա իսկական անձնաւորութիւն է եւ թէ կրնայ զինք ընդօրինակել (Եփեսացիս 5։1)։ Ասկէ զատ, ան շատ ուրախ էր որ հին եւ անգործածական լեզուով պէտք չունէր խօսելու Աստուծոյ հետ։ Երբ որ հասկցաւ աղօթքի նկատմամբ Աստուծոյ պահանջքները եւ Աստուծոյ նպատակը որ մարդիկ յաւիտեան ապրին դրախտին մէջ երկրի վրայ, իր Ստեղծիչին աւելի մօտեցաւ (Սաղմոս 37։29. Յայտնութիւն 21։3, 4)։
Հիմա բոլորս Եհովային կը ծառայենք
Ես եւ Ճէյմզը եւ մեր հինգ զաւակները՝ Նէյթընը, Ռեպեքան, Ճորճը, Տէնիէլը եւ Ճոնը մկրտուեցանք եւ Եհովայի վկայ դարձանք 1987–ի ամառը։ Հարլին մկրտուեցաւ 1989–ին, եւ Սայմընը՝ 1994–ին։ Ընտանեօք կ’ընենք այն ինչ որ Յիսուս Քրիստոս իր հետեւորդներէն խնդրեց որ ընեն, այսինքն՝ Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրին մասին կը քարոզենք։
Մեր տղաներէն հինգը՝ Նէյթընը, Ճորճը, Տէնիէլը, Ճոնը եւ Հարլին, ինչպէս նաեւ մեր աղջիկը՝ Ռեպեքան, ծառայած են Եհովայի վկաներու Միացեալ Նահանգներու մասնաճիւղին մէջ։ Ճորճը դեռ հոն կը ծառայէ 14 տարիէ ի վեր։ Իսկ Սայմընը, որ դպրոցը աւարտեց 2001–ին, վերջերս ինքն ալ մասնաճիւղին մէջ սկսաւ ծառայել։ Մեր տղաքը կա՛մ երէցներ են կամ ալ օգնական ծառաներ Եհովայի վկաներու ժողովքներուն մէջ։ Ամուսինս կը ծառայէ որպէս երէց, Թէյըր ժողովքին մէջ (Միսուրի)։ Իսկ ես ծառայութեամբ զբաղած կը մնամ։
Հիմա երեք թոռնիկներ ունինք՝ Ճեսիքան, Լաթիշան եւ Գէյլըպը, եւ ուրախ ենք որ իրենց ծնողները իրենց փափուկ սրտին մէջ Եհովային սէրը կը քանդակեն։ Ընտանեօք Եհովայէն շատ շնորհակալ ենք, որ մեզ իրեն քաշեց եւ մեզի օգնեց որ իր անունը կրող ժողովուրդը ճանչնանք՝ իրենց ցուցաբերած սիրոյն միջոցաւ։
Մենք շատ կը զգանք անոնց հետ որոնք կ’ուզեն Աստուած ուրախացնել, բայց մեծցած են կարծելով որ կրօնական օրէնքները աւելի՛ կարեւոր են Աստուածաշունչէն։ Կը յուսանք որ իրենք ալ մեզի պէս ուրախութիւն գտնեն։ Ժամանակին, բանջարեղէն կը ծախէինք դռնէ դուռ, բայց հիմա Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին բարի լուրը կը քարոզենք դռնէ դուռ։ Աչքերս գնահատանքի արցունքներով կը լեցուի, երբ մտածեմ որ Եհովային անունը կրող ժողովուրդը որքա՛ն համբերութիւն եւ սէր ցուցաբերեց մեզի հանդէպ։
[Նկար]
Երբ մօտ եօթը տարեկան էի եւ ետքը՝ երբ չափահաս դարձայ
[Նկար]
Ճէյմզը, Ճորճը, Հարլին եւ Սայմընը, պարզ հագուստներ հագած
[Նկար]
Տեղական թերթի մը մէջ երեւցաւ իմ նկարս, մինչ բանջարեղէն կը բերէի շուկայ
[Նկարին աղբիւրը]
Journal and Courier, Lafayette, Indiana
[Նկար]
Ընտանեօք՝ այսօր