Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ներկայ կեանքին օգտող հին գիրք մը

Ներկայ կեանքին օգտող հին գիրք մը

Շատեր Աստուածաշունչը կը յարգեն՝ իր կրօնական կարեւորութեան համար։ Սակայն, Աստուածաշունչը կրօնական ուղղութիւններ տալէն աւելին կ’ընէ. առօրեային համար գործնական խրատներ կու տայ։

Օրինակ, նկատէ թէ ոմանք ինչպէ՛ս անձնապէս օգտուած են Աստուածաշունչը կարդալով եւ անոր խրատները գործադրելով։

«Կեանքս աւելի հաւասարակշռուած է։ Մտային եւ հոգեկան առողջութիւնս բարելաւուած է։ Այժմ կեանքին հանդէպ աւելի դրական տեսակէտ ունիմ» (Ֆիոնա

«Աստուածաշունչը սերտելով՝ կեանքս իսկական նպատակ ունեցաւ» (Կնիդքօ

«Կեանքս շա՜տ բարելաւուած է։ Հիմա պարզ ապրելակերպ մը ունիմ եւ ընտանիքիս աւելի ժամանակ կը տրամադրեմ» (Էնտրու

Այսպիսի բազմաթիւ փորձառութիւններ ցոյց կու տան, թէ աշխարհի տարածքին շատե՜ր շօշափած են, որ Աստուածաշունչը առօրեային համար օգտակար խրատներով լեցուն է։

Տեսնե՛նք թէ Աստուածաշունչը ինչպէ՛ս կրնայ մարդոց օգնել, որ բարելաւեն իրենց՝

  • մարմնական առողջութիւնը

  • հոգեկան առողջութիւնը

  • ընտանեկան կեանքը եւ բարեկամութիւնները

  • դրամական կայունութիւնը

  • հոգեւորութիւնը

Յաջորդ յօդուածները ցոյց պիտի տան, թէ Աստուածաշունչը Աստուծմէ տրուած գիրք մըն է, որ գործնական կերպերով կրնայ քեզի օգտել։