ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻՆ ՏԵՍԱԿԷՏԸ
Աստուծոյ անունը
Միլիոնաւոր մարդիկ երբ Աստուծոյ մասին խօսին, անոր յարգալից տիտղոսներ կու տան, ինչպէս՝ Տէր, Ալլահ կամ պարզապէս Աստուած։ Բայց Աստուած անուն ունի։ Արդեօք պէ՞տք է որ այդ անունը գործածես։
Ի՞նչ է Աստուծոյ անունը։
ՄԱՐԴԻԿ Ի՞ՆՉ Կ’ԸՍԵՆ։
Անոնք՝ որոնք կ’ըսեն որ քրիստոնեայ են, կը հաւատան որ Աստուծոյ անունը Յիսուս է։ Ուրիշներ ալ կ’ըսեն, որ պէտք չկայ Աստուած անունով մը կանչելու, քանի որ միայն մէկ Ամենակալ Աստուած կայ։ Իսկ ուրիշ խումբ մըն ալ կ’ըսէ, որ անվայել է Աստուած անունով մը կանչել։
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ Ի՞ՆՉ Կ’ԸՍԷ։
Ամենակալ Աստուծոյ անունը Յիսուս չէ, քանի որ Յիսուս Ամենակալ Աստուածը չէ։ Իրականութեան մէջ, Յիսուս իր հետեւորդներուն սորվեցուց Աստուծոյ աղօթել այսպէս. «Ով Հայր մեր, որ երկինքն ես, քու անունդ սուրբ ըլլայ» (Ղուկաս 11։2)։ Եւ Յիսուս ինք Աստուծոյ աղօթեց, ըսելով. «Հա՛յր, փառաւորէ քու անունդ» (Յովհաննէս 12։28)։
Աստուածաշունչին մէջ, Աստուած կ’ըսէ. «Ես Եհովան եմ. իմ անունս այս է. իմ փառքս ուրիշին չեմ տար» (Եսայի 42։8)։ Եբրայերէն չորս բաղաձայն տառերը (יהוה), որոնք Աստուծոյ անունը կը ներկայացնեն, արեւմտահայերէնով ԵՀՎՀ կը գրուին եւ կը թարգմանուին՝ «Եհովա»։ Այս անունը մօտ 7000 անգամ կ’երեւնայ Եբրայերէն Գրութիւններուն մէջ, որոնք նաեւ ծանօթ են որպէս «Հին Կտակարան» *։ Այսպէս, «Եհովա» անունը «Աստուած», «Ամենակալ», «Ամենակարող» «Տէր» եւ ուրիշ տիտղոսներէ աւելի՛ կ’երեւնայ։ Այս անունը Աբրահամ, Մովսէս, Դաւիթ եւ ուրիշ անձնական անուններէ աւելի ալ կ’երեւնայ։
Աստուածաշունչին մէջ տեղ մը չենք կարդար, որ Եհովա Աստուած մարդիկը կ’արգիլէ իր անունը յարգալից կերպով գործածելէ։ Ընդհակառա՛կը. Սուրբ Գրութիւնները ցոյց կու տան, որ Աստուծոյ ծառաները կը գործածէի՛ն իր անունը։ Նաեւ, Աստուծոյ անունը մաս կը կազմէր իրենց զաւակներուն անուններուն։ Օրինակ, «Եղիա» կը նշանակէ՝ «Իմ Աստուածս Եհովան է» եւ «Զաքարիա» կը նշանակէ՝ «Եհովան յիշած է»։
Աստուած կ’ուզէ որ իր անունը գործածենք։ Մեզի քաջալերութիւն կը տրուի, որ Եհովա Աստուծմէն ‘գոհանանք’ կամ շնորհակալ ըլլանք եւ ‘անոր անունը կանչենք’ (Սաղմոս 105։1)։ Աստուած նոյնիսկ կը նկատէ իր «անուան վրայ մտածողներ»ը եւ անոնց կը հաճի (Մաղաքիա 3։16)։
«Որպէս զի գիտնան թէ միայն դո՛ւն, որուն անունը Եհովա է, Բարձրեալ ես բոլոր երկրի վրայ» (Սաղմոս 83։18)։
Աստուծոյ անունը ի՞նչ կը նշանակէ։
Կարգ մը ուսումնականներ կ’ըսեն, որ «Եհովա» բառը եբրայերէնով կը նշանակէ «Ան կը պատճառէ ըլլալ»։ Այսինքն, Եհովա Աստուած կրնայ պէտք եղածը ըլլալ, որ իր նպատակը իրագործէ։ Անիկա նաեւ կը նշանակէ, որ Եհովա Աստուած պատճառ կ’ըլլայ, որ իր ստեղծագործութի՛ւնը ըլլայ կամ ընէ որեւէ բան որ պէտք է, իր նպատակը իրագործելու համար։ Միայն Ամենակալ Ստեղծիչին յարմար է այսպիսի անուն ունենալ։
ԱՍԻԿԱ Ի՞ՆՉ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ ՔԵԶԻ ՀԱՄԱՐ։
Աստուծոյ անունը գիտնալը իրեն հանդէպ կարծիքդ պիտի փոխէ։ Պիտի նկատես որ քեզի համար աւելի դիւրին պիտի ըլլայ իրեն մօտենալ։ Ինչո՞ւ այսպէս կ’ըսենք։ Մէյ մը մտածէ. ինչպէ՞ս կրնաս մտերմանալ մէկու մը, որուն անունը չես գիտեր։ Աստուած քեզի յայտնե՛ց իր անունը։ Ասիկա ցոյց կու տայ, որ ան կ’ուզէ որ իրեն մօտենաս (Յակոբոս 4։8)։
Կրնաս վստահ ըլլալ, որ Եհովա Աստուած միշտ իր անուան համաձայն կը շարժի եւ իր խոստումները կը կատարէ։ Անոր համար է որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Անոնք որ քու անունդ գիտեն՝ քեզի պիտի յուսան» կամ վստահին (Սաղմոս 9։10)։ Աստուծոյ հանդէպ վստահութիւնդ պիտի զօրանայ, երբ սորվիս որ իր առած քայլերուն ետին կայ հաւատարիմ սէր, ողորմածութիւն, կարեկցութիւն եւ արդարութիւն (Ելից 34։5-7)։ Ասոնք գիտնալը որքա՜ն մեզ կը մխիթարեն։
Յստակ է որ Ամենակալ Աստուծոյ անունը գիտնալը շատ մեծ պատիւ է, քանի որ կրնանք թէ՛ հիմա եւ թէ ապագային օրհնուիլ։ Աստուած կը խոստանայ. «Անոր ամրութիւն պիտի ըլլամ, վասն զի անիկա իմ անունս գիտցաւ» (Սաղմոս 91։14)։
«Ամէն ով որ Տէրոջը անունը կանչէ, պիտի ազատի» (Յովէլ 2։32)։
^ պարբ. 9 Աստուածաշունչի շատ մը թարգմանութիւններ Աստուծոյ անունը կը ջնջեն կամ ալ կը փոխարինեն գլխագիր «ՏԷՐ» բառով։ Իսկ ուրիշ թարգմանութիւններ Աստուծոյ անունը կը նշեն միայն քանի մը համարներու կամ ստորանիշներու մէջ։ Սուրբ Գրութիւններու նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը Աստուծոյ անունը շատ կը գործածէ։