ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ՀՐԵՇՏԱԿՆԵՐԸ ՄԵԶԻ Կ’ԱԶԴԵ՞Ն
Հրեշտակները կրնա՞ն կեանքիդ ազդել
Կիրակի օր մը, Գուրասոյի մէջ ապրող Գեննեթը եւ Ֆիլոմենան գացին որ այցելեն ամուսնացած զոյգի մը, որոնց հետ Սուրբ Գիրքը կը սերտէին։
«Երբ հասանք, տունը ամէն կողմէ գոց էր եւ ինքնաշարժը հոն չէր։ Բայց կարծես մէկը մղեց որ կնոջ հեռաձայնեմ», կ’ըսէ Գեննեթ։
Կինը պատասխանեց եւ ըսաւ որ իր ամուսինը գործի է։ Բայց հազիւ որ անդրադարձաւ որ Գեննեթը եւ Ֆիլոմենան դրան առջեւն են, եկաւ եւ ներս հրաւիրեց զանոնք։
Շուտով անոնց աչքին զարկաւ որ կինը լացած էր։ Երբ Գեննեթ աղօթեց որպէսզի ուսումնասիրութիւնը սկսին, կինը նորէն սկսաւ լալ։ Գեննեթ եւ Ֆիլոմենան ազնուօրէն հարցուցին թէ ան ի՛նչ ունի։
Կինը բացատրեց որ իր միտքը դրած էր որ անձնասպան ըլլայ այդ կէսօրէ ետքը, եւ ատոր համար նամակ կը գրէր իր ամուսինին, երբ Գեննեթ իրեն հեռաձայնեց։ Ան ըսաւ որ ընկճուածութիւն ունի, եւ անոնք ալ Սուրբ Գիրքէն մխիթարական բաներ ըսին իրեն։ Այդ քաջալերութիւնը կնոջ կեանքը ազատեց։
Գեննեթ կ’ըսէ. «Եհովային շնորհակալութիւն յայտնեցինք, քանի որ մեզի առիթ տուաւ որ այս կորսուած կնոջ օգնենք, եւ մանաւանդ քանի որ մեզ մղեց,– թերեւս հրեշտակի մը կամ սուրբ հոգիին միջոցաւ,– որ կնոջ հեռաձայնենք» *։
Գեննեթը եւ Ֆիլոմենան կը հաւատան որ Աստուած միջամտեց հրեշտակի մը միջոցաւ, կամ Իր սուրբ հոգիին միջոցաւ։ Ասիկա ճի՞շդ է, թէ ոչ պարզապէս զուգադիպութիւն մըն էր որ Գեննեթ հեռաձայնեց։
Ասոր վստահ պատասխանը չունինք, բայց մէկ բան գիտենք՝ որ Աստուած իր հրեշտակները կը գործածէ, որ հոգեւորապէս օգնէ մարդոց։ Օրինակ, Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ Աստուած հրեշտակ մը գործածեց, որ Փիլիպպոս անունով քրիստոնեայ քարոզիչը ղրկէ եթովպիացի ներքինիի մը օգնելու, որ հոգեւոր առաջնորդութիւն կը փնտռէր (Գործք 8։26-31)։
Շատ մը կրօնքներ կը քաջալերեն այն հաւատալիքը, թէ գերբնական հոգեղէն արարածներ կան, եւ թէ անոնցմէ ոմանք բարիք կ’ընեն, Աստուծոյ կամքը կատարելով կամ որպէս անձնական պահապաններ ըլլալով։ Շատեր ոչ միայն կը հաւատան որ հրեշտակներ կան, այլ նաեւ՝ թէ անոնք լաւ ազդեցութիւն ունին իրենց կեանքին վրայ։ Բայց ուրիշ շատ մը մարդիկ բնա՛ւ չեն հաւատար որ հրեշտակները գոյութիւն ունին։
Հրեշտակները իրակա՞ն են։ Եթէ ա՛յո, անոնք ուրկէ՞ եկան։ Հրեշտակներուն մասին ճիշդ տեղեկութիւնները ի՞նչ են։ Անոնք կրնա՞ն կեանքիդ ազդել։ Նկատի առնենք այս հարցումները։
^ պարբ. 8 Ինչպէս որ Աստուածաշունչը կը յայտնէ, Աստուծոյ անունը «Եհովա» է (Սաղմոս 83։18)։