Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԱՆՈՆՑ ՀԱՒԱՏՔԸ ԸՆԴՕՐԻՆԱԿԵՆՔ | ԵՆՈՎՔ

«Աստուծոյ հաճելի էր»

«Աստուծոյ հաճելի էր»

ԵՆՈՎՔ երկար ապրեցաւ՝ 365 տարի։ Թերեւս մեզի համար դժուար է որ ասիկա երեւակայենք։ Բայց իրականութեան մէջ, ան տարիքոտ չէր սեպուեր այդ ժամանակ՝ աւելի քան 50 դար առաջ։ Երբ Ենովք ծնաւ, Ադամ՝ առաջին մարդը, աւելի քան վեց հարիւր տարեկան էր եւ շարունակեց երեք դար ալ ապրիլ։ Ադամի սերունդէն ոմանք նոյնիսկ իրմէ աւելի երկար ապրեցան։ Ուստի Ենովքին կորովը տեղը ըլլալու էր 365 տարեկանին, եւ իր կեանքը տակաւին իր առջեւն էր։ Բայց իրականութեան մէջ, ան երկար չապրեցաւ։

Ենովք հաւանաբար մեծ վտանգի մէջ էր։ Պահ մը երեւակայէ որ ան ինչպէս կը պահուըտի եւ չի կրնար իր մտքէն հանել այն մարդոց հակազդեցութիւնը, որոնց վերջերս ըսած էր Աստուծոյ պատգամը։ Անոնք բարկութեամբ լեցուեցան, իր պատգամը արհամարհեցին, զինք եւ զինք ղրկող Աստուածը ատեցին։ Անոնք չէին կրնար բան մը ընել Ենովքի Աստուծոյն՝ Եհովային, բայց վստահաբար կրնային այս մարդուն վրայ յարձակիլ։ Թերեւս Ենովք սկսաւ մտածել որ արդեօք իր ընտանիքը նորէն պիտի տեսնէ՞ր։ Արդեօք ան մտածե՞ց իր կնոջ եւ աղջիկներուն մասին կամ իր տղուն՝ Մաթուսաղային մասին կամ իր թոռնիկին՝ Ղամէքին մասին (Ծննդոց 5։21-23, 25)։ Արդեօք մահը համտեսելու վրա՞յ էր։

Ենովքին մասին շատ բան չէ գրուած Սուրբ Գիրքին մէջ։ Միայն երեք կարճ հատուածներ կը խօսին իր մասին (Ծննդոց 5։21-24. Եբրայեցիս 11։5. Յուդա 14, 15)։ Սակայն այդ համարները բաւարար են որ զօրաւոր հաւատք ունեցող այսպիսի մարդու մը պատկերը գծեն մեր մտքին մէջ։ Լաւ, ընտանիքիդ հոգ տանելու պատասխանատուութիւնը ունի՞ս։ Օր մը օրանց պայքարի մէջ եղա՞ծ ես որ ճիշդին կողմը դիրք բռնես։ Եթէ այո՛, Ենովքի հաւատքէն կրնաս շատ բան սորվիլ։

«ԵՆՈՎՔ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՀԵՏ ՔԱԼԵՑ»

Ենովքի ժամանակ մարդիկ գէշ ճամբաներու կը հետեւէին։ Ենովք եօթներորդն էր Ադամէն. մարդիկ շատ մօտ էին այն ֆիզիքական կատարելութեան, որ Ադամն ու Եւան ատեն մը ունէին։ Այս պատճառով է որ մարդիկ տակաւին երկար կ’ապրէին։ Բայց անոնք բարոյական ու հոգեւոր շատ գէշ պայմաններու մէջ կ’ապրէին։ Ամէն տեղ բռնութիւն կար։ Ատիկա սկսած էր երկրորդ սերունդին մէջ, երբ Կայէն սպաննեց իր եղբայրը՝ Աբէլը։ Կայէնին սերունդէն անձ մը նոյնիսկ իրմէ աւելի վայրագ եւ վրէժ առնող էր։ Իսկ երրորդ սերունդին մէջ նոր չարիք մը մէջտեղ եկաւ։ Մարդիկ սկսան Եհովային անունը կանչել անարգական եւ անյարգալից կերպով (Ծննդոց 4։8, 23-26

Այդ ապականած կրօնքը հաւանաբար շատ սովորական դարձած էր Ենովքի օրերուն։ Մինչ Ենովք կը մեծնար, ընտրութիւն մը պէտք էր ընէր. իր ժամանակուան մարդո՞ց պիտի հետեւէր, թէ՞ ճշմարիտ Աստուծոյն՝ Եհովային, որ երկինքն ու երկիրը ստեղծած էր։ Վստահաբար իրեն շատ ազդեց Աբէլին պատմութիւնը, որ նահատակուեցաւ քանի որ աստուածահաճոյ կերպով Եհովան կը պաշտէր։ Ենովք որոշեց համանման կեցուածք բռնել։ Ծննդոց 5։22–ը կ’ըսէ. «Ենովք. . . Աստուծոյ հետ քալեց»։ Այս գեղեցիկ արտայայտութիւնը կը ցուցնէ, թէ Ենովք աստուածավախ մարդ մըն էր անաստուած աշխարհի մը մէջ։ Ան Սուրբ Գիրքին մէջ նշուած առաջին անձն է որ այս կերպով նկարագրուած է։

Նոյն համարը կ’ըսէ թէ Ենովք Մաթուսաղան ծնանելէն ետք շարունակեց Եհովային հետ քալել։ Ուրեմն, ան արդէն ընտանիքի գլուխ էր շուրջ 65 տարեկանին։ Սուրբ Գիրքը չ’ըսեր իր կնոջ անունը, բայց կը նշէ թէ ան ունէր անորոշ թիւով «տղաքներ ու աղջիկներ»։ Ենովք ըմբռնած էր թէ որպէսզի Աստուծոյ հետ քալէ մինչ իր զաւակները կը մեծցնէ եւ ընտանիքին հոգ կը տանի, պէտք է Աստուծո՛յ ուզած կերպով ընէ ասիկա եւ հաւատարմօրէն իր կնոջ յարի (Ծննդոց 2։24)։ Եւ ան վստահաբար իր լաւագոյնը ըրաւ, որ իր զաւակներուն սորվեցնէ Եհովա Աստուծոյ մասին։ Լաւ, արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։

Սուրբ Գիրքը ասոր մասին շատ մանրամասնութիւններ չի տար։ Անիկա բան մը չ’ըսեր Ենովքի որդիին՝ Մաթուսաղային հաւատքին մասին։ Մաթուսաղան Սուրբ Գիրքին մէջ նշուած ամէնէն երկար ապրող անձն է, եւ ան մահացաւ Ջրհեղեղին եկած տարին։ Ան ունեցաւ Ղամէք անունով որդի մը։ Ղամէք աւելի քան 100 տարեկան էր երբ իր մեծ հայրը՝ Ենովք մահացաւ։ Իսկ Ղամէք մեծ հաւատք ունէր։ Եհովան զինք մղեց որ իր տղուն՝ Նոյին մասին մարգարէութիւն մը տայ, եւ այդ մարգարէութիւնը կատարուեցաւ Ջրհեղեղէն ետք։ Նոյ Ենովքին պէս Աստուծոյ հետ քալեց։ Ան բնա՛ւ չհանդիպեցաւ Ենովքին, բայց Ենովք շատ լաւ օրինակ մը ձգած էր։ Թերեւս Նոյ անոր մասին լսեց իր հօրմէն՝ Ղամէքէն, կամ իր մեծ հօրմէն՝ Մաթուսաղայէն, կամ նոյնիսկ Ենովքի հօրմէն՝ Յարեդէն, որ մահացաւ երբ Նոյ 366 տարեկան էր (Ծննդոց 5։25-29. 6։9. 9։1

Պահ մը մտածէ Ենովքին եւ Ադամին միջեւ եղած տարբերութեան մասին։ Թէեւ Ադամ կատարեալ էր, բայց Եհովային դէմ մեղք գործեց եւ ըմբոստութեան օրինակ ձգեց իր սերունդին ու անոնց տառապանք պատճառեց։ Անդին, թէեւ Ենովք անկատար էր, բայց Աստուծոյ հետ քալեց եւ հաւատքի օրինակ ձգեց իր սերունդին։ Ադամ մահացաւ երբ Ենովք 308 տարեկան էր։ Արդեօք Ադամի ընտանիքը սուգ ըրա՞ւ իր այս անձնասէր նախահօր համար։ Չենք գիտեր. բայց ամէն պարագայի՝ Ենովք շարունակեց «Աստուծոյ հետ քալե[լ]» (Ծննդոց 5։24

Եթէ ընտանիքիդ պէտքերուն հոգ կը տանիս, նկատի առ թէ ի՛նչ կրնաս սորվիլ Ենովքի հաւատքէն։ Ճիշդ է որ պէտք է ընտանիքիդ ֆիզիքական պէտքերուն հոգ տանիս, բայց ամէնէն կարեւորը հոգեւոր պէտքերն են (Ա. Տիմոթէոս 5։8)։ Հոգեւոր պէտքերուն հոգ կը տանիս ոչ միայն ըսածներովդ, այլեւ՝ ըրածներովդ։ Եթէ Ենովքին պէս Աստուծոյ հետ քալես եւ Իր չափանիշներուն համաձայն ապրիս, դուն ալ շատ լաւ օրինակ պիտի ձգես ընտանիքիդ։

ԵՆՈՎՔ «ԱՆՈՆՑ ՀԱՄԱՐ ՄԱՐԳԱՐԷԱՑԱՒ»

Ենովք որպէս հաւատքի տէր անհատ հաւանաբար միայնակ կը զգար այդպիսի անհաւատ աշխարհի մը մէջ։ Բայց Եհովան՝ իր Աստուածը, ուշադրութիւն դարձո՞ւց իրեն։ Այո՛։ Օր մը Եհովան խօսեցաւ Ենովքին հետ։ Ան իր այս հաւատարիմ ծառային ըսաւ որ պատգամ մը տայ ժամանակակից մարդոց։ Այսպիսով Ենովք մարգարէ եղաւ։ Ան առաջին մարգարէն է, որուն պատգամը գրուած է Սուրբ Գիրքին մէջ։ Ասիկա գիտենք Յիսուսի խորթ եղբօրմէն՝ Յուդայէն, որ Ենովքի մարգարէական խօսքերը գրի առաւ *։

Ենովք այսպէս մարգարէացաւ. «Ահա Տէրը իր բիւրաւոր սուրբերովը եկաւ, ամենուն դատաստան ընելու ու բոլոր ամբարիշտները յանդիմանելու իրենց ըրած բոլոր ամբարիշտ գործերուն համար եւ այն բոլոր խիստ խօսքերուն համար, որոնք ամբարիշտ մեղաւորները անոր դէմ խօսեցան» (Յուդա 14, 15)։ Թերեւս նկատեցիր որ Ենովք գործածեց անցեալ կատարեալ եղանակը, կարծես թէ Աստուած արդէն իսկ ըրած էր մարգարէութեան ըսածը։ Յետագային, շատ մը մարգարէութիւններ այս կերպով տրուեցան։ Կէտը այն է, թէ մարգարէն կը խօսի բանի մը մասին, որ այնքան ստոյգ պիտի կատարուի, որ կարելի է ատոր մասին ըսել թէ արդէն կատարուած է (Եսայի 46։10

Ենովք Աստուծոյ պատգամը անվախօրէն ըսաւ վայրագ մարդոց

Պահ մը երեւակայէ թէ Ենովք ինչպէս այս խօսքերը կ’ըսէր։ Ան թերեւս կը քարոզէր որո՛ւ որ հանդիպէր։ Նկատէ թէ զգուշացումը որքա՛ն զօրաւոր էր. ատիկա չորս անգամ նշեց «ամբարիշտ» բառը, դատապարտելու համար մարդիկը եւ անոնց գործերը։ Այսպիսով, մարգարէութիւնը բոլոր մարդոց զգուշացում տուաւ, թէ աշխարհը վերջին ծայր փտած դարձած էր։ Այդ աշխարհը վերջ պիտի գտնէր, երբ Եհովան կործանելու համար գար «իր բիւրաւոր սուրբերով»՝ հզօր հրեշտակներով։ Ենովք անվախօրէն եւ առանձին տուաւ այդ աստուածային ազդարարութիւնը։ Թերեւս երիտասարդ Ղամէք իր մեծ հօր քաջութեամբ տպաւորուած կը դիտէր զինք, եւ չենք զարմանար թէ ինչո՛ւ։

Ենովքին հաւատքը կը մղէ մեզ որ մենք մեզի հարցնենք, թէ ներկայ աշխարհը Աստուծոյ աչքով կը տեսնե՞նք։ Ենովքին ըսած դատաստանը ներկայ աշխարհին կը կիրարկուի, ճիշդ ինչպէս որ իր օրուան աշխարհին կիրարկուեցաւ։ Նոյին օրերուն, Եհովան Ջրհեղեղը բերելով կործանեց ամբարիշտ մարդիկը, ճիշդ ինչպէս որ Ենովք զգուշացում տուած էր։ Բայց այդ կործանումը գալիք աւելի մեծ կործանումի մը օրինակը եղաւ (Մատթէոս 24։38, 39. Բ. Պետրոս 2։4-6)։ Ներկայիս ալ Աստուած իր բիւրաւոր սուրբերով պատրաստ է, որ այս ամբարիշտ աշխարհը արդարութեամբ դատէ։ Ամէն մէկս պէտք է Ենովքին զգուշացումը լուրջի առնէ եւ ուրիշներուն խօսի ատոր մասին։ Թերեւս մեր ընտանիքը եւ բարեկամները մեզմէ հեռանան եւ ատեններ միայնակ զգանք։ Բայց Եհովան իր հաւատարիմ ծառաները բնա՛ւ պիտի չլքէ, ճիշդ ինչպէս որ Ենովքը երեսէ չձգեց։

«ՓՈԽԱԴՐՈՒԵՑԱՒ ՈՐՊԷՍ ԶԻ ՄԱՀ ՉՏԵՍՆԷ»

Ենովքին կեանքը ինչպէ՞ս վերջ գտաւ։ Իր մահը ա՛լ աւելի թաքուն ու հետաքրքրական է քան՝ իր կեանքը։ Ծննդոց գիրքը պարզապէս կ’ըսէ. «Ենովք Աստուծոյ հետ քալեց եւ չէր գտնուեր, քանզի Աստուած առաւ զանիկա» (Ծննդոց 5։24)։ Աստուած ինչպէ՞ս առաւ Ենովքը։ Պօղոս առաքեալ յետագային բացատրեց. «Հաւատքով Ենովք երկրէն փոխադրուեցաւ որպէս զի մահ չտեսնէ ու տեղ մը չէր գտնուեր, վասն զի Աստուած փոխադրեց զանիկա. քանզի անոր փոխադրուելէն առաջ վկայուեցաւ թէ Աստուծոյ հաճելի էր» (Եբրայեցիս 11։5)։ Պօղոս ի՞նչ ըսել ուզեց երբ ըսաւ. «Փոխադրուեցաւ որպէս զի մահ չտեսնէ»։ Աստուածաշունչի կարգ մը թարգմանութիւններ կ’ըսեն որ Աստուած Ենովքը երկինք տարաւ։ Բայց ասիկա ճիշդ չէ, քանի որ Սուրբ Գիրքը կը ցուցնէ թէ Յիսուս Քրիստոս առաջին անձն էր որ յարութիւն առնելով երկինք ելաւ (Յովհաննէս 3։13

Լաւ, Ենովք ինչպէ՞ս «փոխադրուեցաւ» եւ ‘մահ չտեսաւ’։ Շատ հաւանաբար, Եհովան զինք հանդարտօրէն փոխադրեց մահուան, չձգելով որ իր թշնամիները վայրագօրէն մեռցնեն զինք։ Բայց ատկէ առաջ, Ենովք վկայութիւն ստացաւ որ «Աստուծոյ հաճելի էր»։ Ինչպէ՞ս։ Կրնայ ըլլալ որ Ենովք իր մահէն ճիշդ առաջ տեսիլք մը ստացաւ Աստուծմէ, որ թերեւս կը ցուցնէր երկիրը որպէս դրախտ։ Եհովային հաճութեան այդ նշանը առնելով, ան մահուան քունին մէջ մտաւ։ Պօղոս առաքեալ Ենովքին եւ ուրիշ հաւատարիմ տղամարդոց ու կիներու մասին գրելով ըսաւ. «Ասոնք ամէնքն ալ հաւատքով մեռան» (Եբրայեցիս 11։13)։ Ատկէ ետք, թերեւս իր թշնամիները իր մարմինին վրայ փնտռեցին, բայց ատիկա «տեղ մը չէր գտնուեր», հաւանաբար քանի որ Եհովան անհետացուց զայն, թոյլ չտալով որ անոնք անարգալից կերպով վարուին ատոր հետ կամ զայն գործածեն սուտ կրօնքը յառաջ մղելու համար *։

Լաւ, ասիկա մեր միտքը պահելով փորձենք երեւակայել, թէ Ենովքին կեանքը թերեւս ինչպէ՛ս վերջ գտաւ։ Պատկերացուր հետեւեալը, բայց մի՛ մոռնար որ ասիկա պարզապէս հաւանականութիւն մըն է։ Ենովք կը փախչէր, եւ քիչ մնացած էր որ ուժասպառ ըլլար։ Իր թշնամիները իր տուած դատաստանական պատգամին պատճառով ջղայնութեամբ բորբոքած՝ զինք կը հալածէին։ Ան պահուըտելու եւ շունչ առնելու տեղ մը գտաւ, բայց գիտէր թէ ի վերջոյ զինք պիտի բռնէին եւ վայրագօրէն մեռցնէին։ Մինչ կը հանգչէր, ան Աստուծոյ աղօթեց։ Ետքը, խաղաղութիւն մը եկաւ վրան եւ տեսիլք մը տեսաւ, որ այնքա՛ն իրական էր որ կարծես ինք իրապէս հոն էր։

Ենովք շատ հաւանաբար վայրագօրէն սպաննուելու վրայ էր երբ Եհովան զինք առաւ

Երեւակայէ թէ ան տեսաւ աշխարհ մը որ լման տարբեր էր իր գիտցածէն։ Իրեն համար, ատիկա Եդեմի պարտէզին չափ գեղեցիկ էր, բայց հոն քերովբէներ չկային որ մարդիկը դուրս պահէին։ Բազմաթիւ մարդիկ կային, որոնք լման առողջ էին եւ իրենց ուժը տեղն էր, ինչպէս նաեւ իրենց միջեւ խաղաղութիւն կար։ Իր օրուան ատելութեան եւ կրօնական հալածանքին նշոյլը անգամ չկար։ Ան անձամբ զգաց Եհովային սէրն ու հաճութիւնը։ Ան վստահ էր որ այդ աշխարհը իր տեղն է եւ հոն պիտի ապրի։ Մինչ խաղաղութիւնը կը պատէր զինք, Ենովք իր աչքերը գոցեց եւ խոր ու աներազ քունի անցաւ։

Ան մինչեւ այսօր մահուան քունին մէջ է՝ Եհովա Աստուծոյ անսահման յիշողութեան մէջ պահպանուած։ Ճիշդ ինչպէս որ Յիսուս յետագային խոստացաւ, ժամանակը պիտի գայ երբ բոլոր անոնք որ Աստուծոյ յիշողութեան մէջ են, Քրիստոսին ձայնը պիտի լսեն եւ գերեզմանէն դուրս պիտի գան։ Անոնք աչքերնին պիտի բանան եւ գեղեցիկ ու խաղաղ նոր աշխարհ մը պիտի տեսնեն (Յովհաննէս 5։28, 29

Կ’ուզե՞ս հոն ըլլալ։ Երեւակայէ թէ ի՜նչ աղուոր պիտի ըլլայ Ենովքին ծանօթանալը։ Մտածէ թէ ի՜նչ հոյակապ բաներու մասին կրնանք սորվիլ իրմէ։ Ան կրնայ մեզի ըսել թէ իր վերջին վայրկեաններուն մասին ինչ որ երեւակայեցինք՝ որքանով իրականութեան մօտ էր։ Բայց կայ բան մը որ շատ կարեւոր է որ հիմա սորվինք իրմէ։ Պօղոս Ենովքի մասին խօսելէ ետք ըսաւ. «Առանց հաւատքի անհնար է Աստուծոյ հաճելի ըլլալ» (Եբրայեցիս 11։6)։ Ասիկա ի՜նչ զօրաւոր պատճառ մըն է որ ամէն մէկս ունենայ Ենովքի հաւատքն ու քաջութիւնը։

^ պարբ. 14 Կարգ մը Աստուածաշունչի ուսումնականներ կ’ըսեն թէ Յուդա մէջբերեց պարականոն գիրքէ մը, որ կը կոչուի՝ Ենովքի գիրքը։ Բայց այդ գիրքին ծագումը յայտնի չէ եւ սխալ կերպով Ենովքի կը վերագրուի։ Ատոր մէջ ճշգրտօրէն գրուած է Ենովքի մարգարէութիւնը, բայց կրնայ ըլլալ որ ատիկա առնուած է հին աղբիւրէ մը որ հիմա չենք գիտեր, ըլլա՛յ արձանագրութիւն մը կամ բերանացի պատմութիւն մը։ Յուդան թերեւս նոյն հին աղբիւրը գործածեց, կամ ալ Ենովքի մասին իմացաւ Յիսուսէն, որ երկինքէն տեսած էր Ենովքի կենցաղը։

^ պարբ. 20 Համանման կերպով, Աստուած վստահ եղաւ որ Մովսէսին ու Յիսուսին մարմինները այդպիսի կերպերով չարաչար չգործածուին (Բ. Օրինաց 34։5, 6. Ղուկաս 24։3-6. Յուդա 9