Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 32

ԵՐԳ 68 Խոնարհ մարդուն աղօթքը

Եհովան կ’ուզէ որ բոլորը զղջան

Եհովան կ’ուզէ որ բոլորը զղջան

«Տէրը. . . չ’ուզեր որ մէ՛կը կորսուի, հապա որ ամէնքը ապաշխարեն» (Բ. ՊԵՏ. 3։9

ՆԻՒԹ

Պիտի տեսնենք թէ ի՛նչ է զղջումը, թէ ինչո՛ւ բոլորս պէտք ունինք զղջալու եւ թէ Եհովան ինչպէ՛ս մարդոց օգնած որ իրենց մեղքերուն համար զղջան։

1. Զղջացած անձը ի՞նչ կ’ընէ։

 ԵՐԲ սխալ մը ընենք, կարեւոր է որ զղջանք։ Սուրբ Գիրքը յստակ կը դարձնէ որ զղջացած անձը կը սկսի իր սխալը ատել, զայն կը կեցնէ եւ կ’որոշէ նորէն նոյն սխալը չընել (Մատ. 3։8. Գործք 3։19, 20. Բ. Պետ. 3։9

2. Բոլորս ի՞նչ պէտք է գիտնանք զղջումին մասին (Նէեմիա 8։9-11

2 Ամէն մարդ պէտք է զղջումին մասին գիտնայ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ բոլորս ամէն օր մեղք կը գործենք։ Մենք Ադամէն ու Եւայէն ժառանգած ենք մեղքն ու մահը (Հռով. 3։23. 5։12)։ Բոլորս մեղաւոր ենք եւ պէտք է զղջանք։ Նոյնիսկ Պօղոս առաքեալին պէս զօրաւոր հաւատք ունեցողները դժուարութիւն ունեցան մեղքին դէմ դնելու (Հռով. 7։21-24)։ Ասիկա ըսե՞լ է որ մենք մեր մեղքերուն պատճառով միշտ տխուր պէտք է ըլլանք։ Ո՛չ, քանի որ Եհովան կ’ողորմի եւ կ’ուզէ որ ուրախ ըլլանք։ Նկատի առ Նէեմիային օրերուն ապրող հրեաներուն օրինակը (կարդա՛ Նէեմիա 8։9-11)։ Եհովան չուզեց որ անոնք չափէ դուրս նեղուին իրենց ըրած մեղքերուն պատճառով, հապա՝ ուզեց որ ուրախութեամբ զինք պաշտեն։ Եհովան գիտէ որ երբ զղջանք, ուրախ կ’ըլլանք։ Անոր համար, ան մեզի կը սորվեցնէ զղջումին մասին։ Եթէ մեր մեղքերուն համար զղջանք, կրնանք վստահ ըլլալ որ մեր ողորմած Աստուածը մեզի պիտի ներէ։

3. Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի տեսնենք։

3 Այս յօդուածին մէջ աւելի պիտի գիտնանք զղջումին մասին եւ երեք բաներ պիտի տեսնենք։ Առաջին, պիտի տեսնենք թէ Եհովան իսրայէլացիներուն ի՛նչ սորվեցուց զղջալու մասին։ Երկրորդ, պիտի տեսնենք թէ Եհովան ինչպէ՛ս մեղաւորներուն օգնած է որ զղջան։ Երրորդ, պիտի տեսնենք թէ Յիսուսի աշակերտները զղջալու մասին ի՛նչ սորվեցան։

ԵՀՈՎԱՆ ԻՍՐԱՅԷԼԱՑԻՆԵՐՈՒՆ Ի՞ՆՉ ՍՈՐՎԵՑՈՒՑ ԶՂՋԱԼՈՒ ՄԱՍԻՆ

4. Եհովան իսրայէլացիներուն ի՞նչ սորվեցուց զղջումին մասին։

4 Երբ Եհովան իր օրէնքները տուաւ իսրայէլացիներուն, անոնց հետ ուխտ մը ըրաւ, այսինքն՝ օրինական համաձայնութիւն մը, եւ անոնց խոստացաւ որ եթէ իր օրէնքներուն հնազանդին, զանոնք պիտի պաշտպանէր եւ օրհնէր։ Ան այդ օրէնքներուն մասին ըսաւ. «Այս պատուիրանքը որ ես այսօր քեզի կը յայտնեմ, քեզի անիմանալի չէ ու քեզմէ հեռու ալ չէ» (Բ. Օր. 30։11, 16)։ Բայց եթէ անոնք իրեն դէմ ըմբոստանային (օրինակ՝ չաստուածներ պաշտելով), ան իր օրհնութիւնը պիտի վերցնէր անոնց վրայէն եւ անոնք շատ նեղութիւններ պիտի քաշէին։ Բայց նոյնիսկ այս պարագային, անոնք կրնային Աստուծոյ հաճութիւնը շահիլ։ Անոնք կրնային իրենց ‘Տէր Աստուծոյն դառնալ եւ. . . անոր խօսքին հնազանդիլ’ (Բ. Օր. 30։1-3, 17-20)։ Ուրիշ խօսքով, անոնք կրնային զղջալ։ Եթէ զղջային, Եհովան նորէն անոնց պիտի մօտենար եւ օրհնէր։

5. Եհովան ինչպէ՞ս իր յոյսը չկտրեց իր ժողովուրդէն (Դ. Թագաւորաց 17։13, 14

5 Եհովային ժողովուրդը շատ անգամներ ըմբոստացան իրեն դէմ։ Անոնք ոչ միայն կուռքեր պաշտեցին, հապա նաեւ՝ ուրիշ գէշ բաներ ըրին։ Ասոր պատճառով, անոնք նեղութիւններ քաշեցին։ Բայց Եհովան իր յոյսը չկտրեց իր ժողովուրդէն։ Ան շատ անգամներ մարգարէներ ղրկեց, որ իր ժողովուրդը քաջալերէ որ զղջան եւ իրեն վերադառնան (կարդա՛ Դ. Թագաւորաց 17։13, 14

6. Եհովան ինչպէ՞ս իր մարգարէները գործածեց, իր ժողովուրդին սորվեցնելու համար թէ ինչո՞ւ կարեւոր է որ զղջան (տե՛ս նաեւ նկարը)։

6 Եհովան շատ անգամներ իր մարգարէները գործածեց իր ժողովուրդը զգուշացնելու եւ սրբագրելու համար։ Օրինակի համար, Երեմիա մարգարէին միջոցաւ Աստուած ըսաւ. «‘Դարձի՛ր, ո՛վ ապստամբ Իսրայէլ’. . . ։ ‘Իմ բարկութիւնս ձեր վրայ չեմ թափեր. քանզի ես ողորմած եմ. . . ։ ‘Յաւիտեան ոխ չեմ պահեր. միայն թէ քու ունայնութիւնդ ճանչցիր, որ քու Տէր Աստուծոյդ դէմ ապստամբեցար» (Եր. 3։12, 13)։ Յովէլ մարգարէին միջոցաւ Եհովան ըսաւ. «Ինծի դարձէ՛ք ձեր բոլոր սրտովը» (Յվլ. 2։12, 13)։ Եհովան Եսայիին բերնով ըսաւ. «Լուացուեցէ՛ք, մաքրուեցէ՛ք, իմ աչքերուս առջեւէն ձեր չար գործերը մէկդի՛ ըրէք, չարութիւն գործելէ դադրեցէ՛ք» (Եսա. 1։16-19)։ Իսկ Եհովան Եզեկիէլին միջոցաւ հարցուց. «Միթէ ես ամբարշտին մեռնիլը կ’ուզե՞մ. . . ։ Չէ՞ որ ես կ’ուզեմ որ անիկա իր ճամբայէն դառնայ ու ապրի։ Վասն զի մեռնողին մեռնիլը չեմ ուզեր. . . ուստի դարձէ՛ք ու ապրեցէ՛ք» (Եզեկ. 18։23, 32)։ Եհովան շատ կ’ուրախանայ երբ տեսնէ որ մարդիկ կը զղջան, քանի որ ան կ’ուզէ որ անոնք յաւիտեան ապրին։ Ուրեմն Եհովան պարզապէս չի սպասեր որ մեղաւոր մարդիկ փոխուին, որպէսզի ետքը սկսի անոնց օգնել։ Հիմա տեսնենք ասոր կարգ մը օրինակները։

Եհովան շատ անգամներ իր մարգարէները գործածեց իր ըմբոստ ժողովուրդը քաջալերելու համար որ զղջան (Տե՛ս պարբերութիւններ 6-7)


7. Ովսէէ մարգարէին ու իր կնոջ օրինակը գործածելով, Եհովան իր ժողովուրդին ի՞նչ սորվեցուց։

7 Նկատէ թէ Եհովան իր ժողովուրդին ի՛նչ սորվեցուց գործածելով Ովսէէ մարգարէին ու իր կնոջ՝ Գոմերի օրինակը։ Գոմեր շնութիւն ընելէ ետք, ձգեց Ովսէէն եւ ուրիշ տղամարդոց ետեւէն գնաց։ Եհովան, որ սրտերը կրնայ քննել, ի՞նչ ըրաւ։ Ան Ովսէէին ըսաւ. «Նորէն գնա՛, իր բարեկամէն սիրուած շնացող կին մը սիրէ, ինչպէս Տէրը Իսրայէլի որդիները կը սիրէ, թէեւ անոնք օտար աստուածներու կը դառնան» (Ով. 3։1. Առ. 16։2)։ Նկատէ թէ Ովսէէին կինը տակաւին լուրջ մեղքեր կը գործէր։ Բայց եւ այնպէս, Եհովան Ովսէէին ըսաւ որ իր կնոջ ներէր եւ հետը հաշտուէր a։ Այս օրինակով, Եհովան ուզեց իր ժողովուրդին սորվեցնել թէ իրենց հանդէպ ի՛նչ կը զգար։ Թէեւ անոնք շատ գէշ մեղքեր կը գործէին, բայց ինք տակաւին կը սիրէր զիրենք։ Ան շարունակեց իր մարգարէները ղրկել, անոնց օգնելու համար որ զղջան եւ իրենց կեանքին մէջ փոփոխութիւններ մտցնեն։ Այս օրինակը ցոյց կու տա՞յ թէ «սիրտերը քննող» Եհովան պիտի փորձէ օգնել մէկու մը, որ տակաւին լուրջ մեղք կը գործէ, եւ պիտի ջանայ անոր օգնել որ զղջայ (Առ. 17։3)։ Տեսնենք։

ԵՀՈՎԱՆ ԻՆՉՊԷ՛Ս ՄԵՂԱՒՈՐՆԵՐՈՒՆ ՕԳՆԱԾ Է ՈՐ ԶՂՋԱՆ

8. Եհովան ի՞նչ ըրաւ Կայէնին օգնելու համար որ զղջայ (Ծննդոց 4։3-7) (տե՛ս նաեւ նկարը)։

8 Կայէն, Ադամին եւ Եւային առաջին զաւակն էր։ Ան իր ծնողքէն մեղաւոր հակումներ ժառանգեց։ Ասկէ զատ, Աստուածաշունչը անոր մասին կ’ըսէ. «Իր գործերը չար էին» (Ա. Յովհ. 3։12)։ Թերեւս ասոր համար է որ Եհովան «Կայէնին ու անոր ընծային չնայեցաւ»։ Կայէն փոխանակ իր վարքը փոխելու, «խիստ բարկացաւ ու երեսը կախեց»։ Եհովան ի՞նչ ըրաւ։ Ան Կայէնին հետ խօսեցաւ (կարդա՛ Ծննդոց 4։3-7)։ Նկատէ թէ Եհովան ազնուօրէն խօսեցաւ Կայէնին եւ իրեն յոյս տուաւ, նաեւ զինք զգուշացուց մեղք գործելուն վտանգներէն։ Ցաւօք սրտի, Կայէն Եհովային խօսքը մտիկ չըրաւ։ Ան չձգեց որ Եհովան իրեն օգնէ որ զղջայ։ Քանի որ Կայէն Եհովային մտիկ չըրաւ, արդեօք Եհովան որոշեց որ այլեւս մէկու մը պիտի չօգնէ՞ որ զղջայ։ Երբե՛ք։

Եհովան ազնուօրէն խօսեցաւ Կայէնին եւ իրեն յոյս տուաւ, նաեւ զինք զգուշացուց մեղք գործելուն վտանգներէն (տե՛ս պարբերութիւն 8)


9. Եհովան Դաւիթին ինչպէ՞ս օգնեց որ զղջայ։

9 Եհովան շատ կը սիրէր Դաւիթ թագաւորը։ Ան նոյնիսկ զինք կոչեց «իմ սրտիս համեմատ մարդ» (Գործք 13։22)։ Բայց Դաւիթ լուրջ մեղքեր գործեց, մէջը ըլլալով՝ շնութիւն եւ սպանութիւն։ Մովսիսական օրէնքին համաձայն, Դաւիթ պէտք էր որ մեռնէր (Ղեւ. 20։10. Թւ. 35։31)։ Բայց Եհովան ուզեց Դաւիթին օգնել որ զղջայ b։ Ան Նաթան մարգարէն Դաւիթին քով ղրկեց, թէեւ Դաւիթ տակաւին չէր զղջացած իր մեղքերուն համար։ Նաթան օրինակ մը գործածեց Դաւիթին օգնելու համար, որ հասկնայ թէ ինք շատ գէշ մեղքեր գործած էր։ Այդ օրինակը Դաւիթին սրտին դպաւ (Բ. Թագ. 12։1-14)։ Ան սաղմոս մը գրեց, որ ցոյց կու տայ թէ ինք որքա՜ն զղջացած էր իր ըրածին համար։ (Սաղ. 51, վերնագիր)։ Այդ սաղմոսը բազմաթիւ մեղաւորներ մխիթարած ու մղած է որ զղջան։ Ուրախ չե՞նք որ Եհովան իր սիրելի ծառային՝ Դաւիթին՝ օգնեց որ զղջայ։

10. Ի՞նչ կը զգաս գիտնալով որ Եհովան համբերող է եւ մեզի կը ներէ։

10 Եհովան ամէն տեսակի մեղքերը կ’ատէ (Սաղ. 5։4, 5)։ Բայց ան գիտէ թէ բոլորս ալ մեղաւոր ենք եւ քանի որ մեզ կը սիրէ, կ’ուզէ մեզի օգնել, որ մեղքին դէմ պայքարինք։ Ան միշտ կը փորձէ օգնել նոյնիսկ ամէնէն գէշ մեղաւորներուն, որպէսզի զղջան եւ իրեն մօտենան։ Ասիկա գիտնալը մեզ կը հանգստացնէ։ Երբ Եհովային համբերութեան ու ներումին մասին մտածենք, կը մղուինք իրեն հաւատարիմ մնալու եւ արագօրէն զղջալու՝ երբ պատահի որ մեղք գործենք։ Հիմա պիտի տեսնենք թէ Յիսուսի աշակերտները զղջալու մասին ի՛նչ սորվեցան։

ՅԻՍՈՒՍԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ԶՂՋԱԼՈՒ ՄԱՍԻՆ Ի՛ՆՉ ՍՈՐՎԵՑԱՆ

11-12. Յիսուս մարդոց ի՞նչ սորվեցուց իր Հօր ներողամտութեան մասին (տե՛ս նկարը)։

11 Ք.Ե. առաջին դարուն, ժամանակը հասած էր որ Մեսիան գայ։ Ինչպէս նախորդ յօդուածին մէջ յիշուեցաւ, Եհովան Յովհաննէս Մկրտիչն ու Յիսուս Քրիստոսը գործածեց որպէսզի ժողովուրդին սորվեցնեն, թէ որքա՛ն կարեւոր է զղջալը (Մատ. 3։1, 2. 4։17

12 Երբ Յիսուս երկրի վրայ էր, ան մարդոց սորվեցուց թէ իր Հայրը շատ կ’ուզէ մեզի ներել, երբ մենք մեղք գործենք։ Անգամ մը, ան ասիկա սորվեցուց անառակ որդիին գեղեցիկ պատմութիւնը պատմելով։ Առակին մէջի երիտասարդը որոշեց տունը ձգել–երթալ եւ շատ մը գէշ բաներ ընել։ Բայց ժամանակ մը ետք, «ինքզինքին գալով» ան տուն վերադարձաւ։ Հայրը ի՞նչ ըրաւ։ Յիսուս ըսաւ, որ երբ դեռ որդին «շատ հեռու էր, հայրը տեսաւ զանիկա ու գութը շարժեցաւ եւ վազելով՝ անոր պարանոցին վրայ ինկաւ ու համբուրեց զանիկա»։ Որդին կ’ուզէր հարցնել եթէ կրնար իր հօր տան մէջ որպէս ծառայ ըլլալ, բայց հայրը զինք «իմ որդիս» կոչեց եւ զինք ետ ընդունեց որպէս ընտանիքին մէկ անդամը։ Հայրը ըսաւ. «Կորսուած էր ու գտնուեցաւ» (Ղուկ. 15։11-32)։ Երբ Յիսուս երկիր գալէն առաջ երկինքը կ’ապրէր, վստահաբար ան շատ անգամ տեսած էր, թէ իր Հայրը ինչպէ՛ս զղջացողներուն կը կարեկցէր եւ անոնց կը ներէր։ Յիսուսի այս պատմութիւնը մեզ շա՜տ կը մխիթարէ եւ ցոյց կու տայ որ մեր Հայրը որքա՜ն ողորմութիւն ունի։

Անառակ որդիին առակին մէջի հայրը վազելով կու գայ փաթթուելու իր ըմբոստ որդիին, որ տուն վերադարձած է (տե՛ս պարբերութիւններ 11-12)


13-14. Պետրոս առաքեալ ի՞նչ դասեր սորվեցաւ զղջալու մասին եւ ուրիշներուն ի՞նչ սորվեցուց ասոր մասին (տե՛ս նաեւ նկարը)։

13 Պետրոս առաքեալ զղջալու եւ ներելու մասին կարեւոր դասեր սորվեցաւ Յիսուսէն։ Պետրոս շատ սխալներ ըրաւ եւ Յիսուս առատօրէն իրեն ներեց։ Օրինակ, Պետրոս իր Տէրը երեք անգամ ուրանալէ ետք, իր ըրածին համար շատ գէշ զգաց (Մատ. 26։34, 35, 69-75)։ Բայց Յիսուս յարութիւն առնելէն ետք, Պետրոսին քով գնաց հետը խօսելու համար, թերեւս երբ ան առանձին էր (Ղուկ. 24։33, 34. Ա. Կոր. 15։3-5)։ Անկասկած, այդ առիթով, Յիսուս սիրալիրօրէն ներեց եւ հանգստացուց իր զղջացած առաքեալը։

14 Պետրոս հասկցած էր թէ ի՛նչ ըսել է զղջալ եւ ներուիլ, անոր համար ան կրնար այս բաներուն մասին ուրիշներուն սորվեցնել։ Պէնտէկոստէի տօնէն ժամանակ մը ետք, Պետրոս դասախօսութեան մը մէջ, անհաւատ հրեաներուն բացատրեց որ իրենց սպաննած անձը Մեսիան էր։ Բայց ան սիրալիր կերպով քաջալերեց զիրենք, ըսելով. «Ապաշխարեցէ՛ք ու դարձի՛ եկէք, որպէս զի մեղքերնիդ ջնջուի. որպէս զի սփոփանքի ժամանակները գան Տէրոջը երեսէն» (Գործք 3։14, 15, 17, 19, 20)։ Ուրեմն, Պետրոս սորվեցուց որ անձ մը զղջալէն ետք դարձի կու գայ։ Ասիկա կը նշանակէ որ ան իր սխալ մտածումները կը փոխէ, կը դադրի գէշ բաներ ընելէ եւ կը սկսի ընել բաներ, որոնք Աստուծոյ կը հաճեցնեն։ Առաքեալը նաեւ ըսաւ որ Եհովան իրենց մեղքերը պիտի ջնջէ, այսինքն՝ ատոնք բոլորովին պիտի անհետանան։ Եւ տարիներ ետք, Պետրոս քրիստոնեաները վստահեցուց, ըսելով. «Տէրը. . . երկայնամիտ կ’ըլլայ. վասն զի չ’ուզեր որ մէ՛կը կորսուի, հապա որ ամէնքը ապաշխարեն» (Բ. Պետ. 3։9)։ Ասիկա ի՜նչ աղուոր յոյս մըն է քրիստոնեաներուն համար, երբ անոնք մեղք մը գործեն, նոյնիսկ եթէ ատիկա լուրջ մեղք մըն է։

Յիսուս սիրալիրօրէն ներեց եւ հանգստացուց իր զղջացած առաքեալը (տե՛ս պարբերութիւններ 13-14)


15-16. ա) Պօղոս առաքեալ ինչպէ՞ս սորվեցաւ ներողամտութեան մասին (Ա. Տիմոթէոս 1։12-15)։ բ) Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի տեսնենք։

15 Տարսոնցի Սօղոս շատ գէշ բաներ ըրած էր։ Ան քրիստոնեաները վայրագօրէն հալածած էր։ Քրիստոնեաներէն շատեր կարծեցին, որ ան երբեք պիտի չզղջար։ Բայց Յիսուս գիտէր որ Սօղոս կրնար փոխուիլ եւ զղջալ։ Ան ու իր Հայրը լաւ յատկութիւններ տեսան Սօղոսին մէջ։ Յիսուս ըսաւ. «Անիկա ինծի ընտիր աման մըն է» (Գործք 9։15)։ Յիսուս նոյնիսկ հրաշք մը ըրաւ որպէսզի Սօղոսին օգնէ որ զղջայ (Գործք 7։58–8։3. 9։1-9, 17-20)։ Քրիստոնեայ դառնալէն ետք, Սօղոսը՝ որ ետքը ճանչցուեցաւ իբր Պօղոս առաքեալ, շատ անգամներ ըսաւ թէ ինք ո՜րքան կը գնահատէր, որ Եհովան ու Յիսուս իրեն հետ ազնուութեամբ եւ ողորմութեամբ վարուած են (կարդա՛ Ա. Տիմոթէոս 1։12-15)։ Պօղոս գնահատութեամբ ըսաւ. «Աստուծոյ քաղցրութիւնը քեզ դէպի ապաշխարութիւն կ’առաջնորդէ» (Հռով. 2։4

16 Երբ Պօղոս լսեց որ Կորնթոսի ժողովքը թոյլ տուած է որ սեռային անբարոյութիւն գործած անձ մը ժողովքին մէջ մնայ, անոնց ի՞նչ ըսաւ որ ընեն։ Իր ըսածներէն կրնանք սորվիլ, թէ Եհովան ինչպէ՛ս սէր ցոյց կու տայ, երբ իր սիրելի ծառաները կը կրթէ եւ անոնց կ’ողորմի՝ երբ անոնք զղջան։ Յաջորդ յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք թէ ի՛նչ եղաւ Կորնթոսի ժողովքին մէջ։

ԵՐԳ 38 Հոգդ Եհովայի վրայ ձգէ

a Ասիկա յատուկ պարագայ մըն էր։ Ներկայիս Եհովան չի պահանջեր որ անմեղ կողակիցը շնացող կողակիցին հետ ամուսնացած մնայ։ Եհովան սիրալիրօրէն իր Որդիին միջոցաւ բացատրեց, թէ ամուսին մը կամ կին մը կրնան ամուսնալուծուիլ եթէ իրենց կողակիցը շնութիւն գործած է։ (Մատ. 5։32. 19։9

b Տե՛ս «Եհովայի ներումէն կրնա՛նք օգտուիլ» յօդուածը, Դիտարան–ի 1 նոյեմբեր 2012 թիւին մէջ, էջ 23-25, պարբերութիւն 3-10։