Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 34

Շարունակէ ‘ճշմարտութեան մէջ քալել’

Շարունակէ ‘ճշմարտութեան մէջ քալել’

‘Ճշմարտութեան մէջ քալեցէք’ (Գ. ՅՈՎՀ. 4

ԵՐԳ 75 Մեր ուրախութեան պատճառները

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1. Ինչպէ՞ս կ’օգտուինք, երբ կը պատմենք թէ ինչպէ՛ս «ճշմարտութեան» եկանք։

 «ԻՆՉՊԷ՞Ս ճշմարտութեան եկար»։ Անկասկած, այս հարցումին շատ անգամ պատասխանած ես։ Անիկա առաջին հարցումներէն մէկն է, որ հաւատակիցները կը հարցնեն, երբ իրարու կը ծանօթանան։ Կը սիրենք լսել, թէ մեր եղբայրներն ու քոյրերը ինչպէ՛ս Եհովան ճանչցած են եւ սկսած են զինք սիրել, եւ հաճոյք կ’առնենք, երբ անոնց կը պատմենք թէ ճշմարտութիւնը ի՛նչ կը նշանակէ մեզի համար (Հռով. 1։11)։ Այսպիսի խօսակցութիւններ մեզի կը յիշեցնեն, թէ ճշմարտութիւնը ի՜նչ թանկարժէք է մեզի համար։ Եւ ա՛լ աւելի կը վճռենք շարունակել ճշմարտութեան մէջ քալել, այսինքն՝ շարունակել ապրիլ այնպիսի կերպով, որ վայելենք Եհովայի օրհնութիւնն ու հաճութիւնը (Գ. Յովհ. 4

2. Յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի քննարկենք։

2 Յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք կարգ մը պատճառներ, թէ ինչո՛ւ ճշմարտութիւնը կը սիրենք։ Ետքը, նկատի պիտի առնենք, թէ ինչպէ՛ս կրնանք մեր սէրը ցոյց տալ այս թանկագին նուէրին հանդէպ։ Այսպէս ընելով, Եհովայէն աւելի շնորհակալ պիտի ըլլանք, որ մեզ ճշմարտութեան քաշած է (Յովհ. 6։44)։ Նաեւ, մեր փափաքը պիտի աւելնայ, որ ճշմարտութիւնը ուրիշներուն ալ սորվեցնենք։

ԻՆՉՈ՞Ւ «ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ» ԿԸ ՍԻՐԵՆՔ

3. Ի՞նչ է ամէնէն կարեւոր պատճառը, թէ ինչո՛ւ ճշմարտութիւնը կը սիրենք։

3 Ճշմարտութիւնը կը սիրենք շատ մը պատճառներով։ Ամէնէն կարեւոր պատճառը այն է, որ կը սիրենք Եհովա Աստուած՝ ճշմարտութեան աղբիւրը։ Իր Խօսքէն գիտցած ենք՝ ոչ միայն որ ան երկինքի ու երկրի ամենազօր Ստեղծիչն է, հապա նաեւ՝ որ ան մեր սիրալիր ու հոգատար երկնաւոր Հայրն է (Ա. Պետ. 5։7)։ Գիտենք որ մեր Աստուածը «ողորմած ու բարերար, երկայնամիտ եւ առատ [է]՝ ողորմութիւնով ու ճշմարտութիւնով» (Ել. 34։6)։ Եհովան արդարութիւնը կը սիրէ (Եսա. 61։8)։ Ան կը ցաւի մեր տառապանքը տեսնելով եւ պատրաստ է,– այո՛, մեծ փափաք ունի,– իր նշանակած ժամանակին, վերջ դնելու ամբողջ չարչարանքին (Եր. 29։11)։ Ի՜նչ հոյակապ բան մը։ Ուրեմն, այս բոլոր յատկութիւններուն համար է որ Եհովան այսչա՛փ կը սիրենք։

Աստուածաշնչական ճշմարտութիւնը կը նմանի խարիսխի

Ինչպէս որ նաւու մը խարիսխը զայն անշարժ կը պահէ, նոյնպէս Աստուածաշունչին վրայ հիմնուած մեր յոյսը կրնայ մեզի օգնել, որ հանդարտ մնանք կեանքի դժուարութիւններուն դիմաց։ Ճշմարտութիւնը նաեւ մեզ կը մղէ, որ ապագային նկատմամբ մեր յոյսին մասին ուրիշներուն ալ պատմենք (տե՛ս պարբ. 4-7)

4-5. Ինչո՞ւ Պօղոս առաքեալ մեր յոյսը խարիսխի նմանցուց։

4 Ուրիշ ի՞նչ պատճառով ճշմարտութիւնը կը սիրենք։ Անիկա մեզի մեծ օգուտներ կը բերէ։ Նկատի առ օրինակ մը։ Աստուածաշնչական ճշմարտութեան մաս կը կազմէ ապագային նկատմամբ մեր յոյսը։ Յոյսին կարեւորութիւնը ցոյց տալու համար, Պօղոս առաքեալ գրեց. «[Այս յոյսը] ունինք իբրեւ հաստատ ու անշարժ խարիսխ մը մեր անձին» (Եբ. 6։19)։ Ճիշդ ինչպէս որ նաւու մը խարիսխը զայն անշարժ կը պահէ, նոյնպէս Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած մեր յոյսը կրնայ մեզի օգնել, որ հանդարտ մնանք կեանքի դժուարութիւններուն դիմաց։

5 Պօղոս կը խօսէր երկնային յոյսին մասին, որ օծեալ քրիստոնեաները շատ կ’արժեւորեն։ Բայց իր խօսքերը նաեւ կը կիրարկուին այն քրիստոնեաներուն, որոնք անհամբեր կը սպասեն, որ դրախտային երկրի վրայ յաւիտեան ապրին (Յովհ. 3։16)։ Վստահաբար, երբ յաւիտենական կեանքի յոյսին մասին գիտցանք, մեր կեանքը իմաստ ունեցաւ։

6-7. Իվոնը ինչպէ՞ս օգտուած է ապագային նկատմամբ ճշմարտութիւնը գիտնալով։

6 Նկատի առ Իվոն անունով քրոջ մը փորձառութիւնը։ Ան ճշմարտութեան մէջ չմեծցաւ եւ պզտիկութենէն մահէն կը վախնար։ Ան կը յիշէ, թէ տեղ մը նախադասութիւն մը կարդաց, որ իր միտքը մնաց. «Օր մը պիտի գայ, որ պիտի չարթննաս»։ Ան կ’ըսէ. «Այդ խօսքը կարդալէն ետք, ամբողջ գիշերը արթուն մնացի, մտածելով ապագային մասին։ ‘Տրամաբանական չէ, որ միայն քանի մը տարի ապրինք եւ ետքը մեռնինք’, ես ինծի կ’ըսէի։ ‘Ինչո՞ւ աշխարհ եկայ’։ Չէի ուզեր մեռնիլ»։

7 Երբ պատանի էր, Իվոն Եհովայի վկաներուն հետ կապի մէջ մտաւ։ Ան կը պատմէ. «Սկսայ հաւատալ, որ դրախտային երկրի վրայ յաւիտեան ապրելու յոյսը կրնամ ունենալ»։ Քոյրը ինչպէ՞ս օգտուեցաւ ճշմարտութիւնը գիտնալով։ Ան կ’ըսէ. «Այլեւս գիշերը անքուն չեմ մնար մտահոգուելով ապագային կամ մահուան մասին»։ Ինչպէս տեսար, ճշմարտութիւնը շատ թանկարժէք է Իվոնին համար։ Եւ ան շատ կը սիրէ ուրիշներուն պատմել ապագային նկատմամբ իր յոյսին մասին (Ա. Տիմ. 4։16

Աստուածաշնչական ճշմարտութիւնը կը նմանի գանձի

Հիմա՛ Եհովային ծառայելը եւ իր Թագաւորութեան իշխանութեան ներքեւ յաւիտեան ծառայելու յոյսը գանձի կը նմանի։ Ասոր համար կ’արժէ որեւէ զոհողութիւն ընել (տե՛ս պարբ. 8-11)

8-9. ա) Յիսուսի մէկ առակին մէջ, մարդ մը որքա՞ն արժեւորեց իր գտած գանձը։ բ) Ճշմարտութիւնը որքա՞ն արժէքաւոր է քեզի համար։

8 Աստուածաշնչական ճշմարտութեան մաս կը կազմէ նաեւ Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին բարի լուրը։ Յիսուս Թագաւորութեան մասին ճշմարտութիւնը նմանցուց պահուած գանձի մը։ Մատթէոս 13։44–ին մէջ, Յիսուս ըսաւ. «Երկնքի թագաւորութիւնը արտի մէջ պահուած գանձի մը նման է, որ մարդ մը գտնելով՝ կը ծածկէ եւ ուրախութենէն կ’երթայ բոլոր ունեցածը կը ծախէ ու այն արտը կը գնէ»։ Նկատէ թէ այդ մարդը գանձը չէր փնտռեր։ Բայց երբ գտաւ, մեծ զոհողութիւններ ըրաւ, որ զայն ունենայ։ Իր ամէն ունեցածը ծախեց։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ գիտէր, թէ այդ գանձը որքա՜ն արժէքաւոր էր։ Անոր արժէքը շա՜տ աւելի էր, քան այն բոլոր բաները, որոնցմէ վազ անցաւ։

9 Ճշմարտութեան նկատմամբ այդպէս կը զգա՞ս։ Անկասկած։ Մենք գիտենք, որ ոչ մէկ բան որ աշխարհը կ’առաջարկէ աւելի արժէքաւոր է քան այն ուրախութիւնը, որ կու գայ Եհովային ծառայելէն եւ Թագաւորութեան իշխանութեան ներքեւ յաւիտեան ապրելու մեր յոյսէն։ Եհովային հետ մտերիմ փոխյարաբերութիւն վայելելու առանձնաշնորհումին համար կ’արժէ որեւէ զոհողութիւն ընել։ Մեզի ամէնէն շատ կ’ուրախացնէ ‘ամէն բանի մէջ զինք հաճեցնելը’ (Կող. 1։10

10-11. Ի՞նչ բան ձգեց, որ Մայքըլ իր կեանքին մէջ մեծ փոփոխութիւններ ընէ։

10 Մեզմէ շատեր բաւական զոհողութիւններ ըրած են, որպէսզի Եհովային հաճութիւնը շահին։ Ոմանք աշխարհին մէջ ունեցած իրենց լաւ գործը ձգած են։ Ուրիշներ այլեւս հարստանալու ետեւէ չեն։ Իսկ ոմանք՝ Եհովան ճանչնալով՝ իրենց ամբողջ ապրելակերպը փոխած են։ Մայքըլ ճիշդ ասիկա ըրաւ։ Ճշմարտութեան մէջ ծնած չըլլալով, ան պատանի եղած ատեն քարաթէ սորվեցաւ։ Ան կ’ըսէ. «Ինծի համար զօրաւոր ըլլալը շատ կարեւոր էր։ Ատեններ կը զգայի, որ մէկը չի կրնար ինծի յաղթել»։ Բայց երբ Մայքըլ սկսաւ Աստուածաշունչը սերտել, գիտցաւ թէ Եհովան ի՛նչ կը զգայ բռնութեան նկատմամբ (Սաղ. 11։5)։ Իսկ գալով իրեն հետ սերտող Վկայ զոյգին, Մայքըլ կ’ըսէ. «Անոնք ոչ մէկ անգամ ինծի ըսին, որ քարաթէն ձգեմ։ Պարզապէս շարունակեցին ճշմարտութիւնը սորվեցնել»։

11 Մայքըլ ո՛րքան աւելի ճանչցաւ Եհովան, ա՛յնքան աւելի անոր հանդէպ իր սէրը մեծցաւ։ Մանաւանդ ազդուեցաւ, երբ գիտցաւ որ Եհովան իր ծառաներուն հետ կը զգայ։ Ժամանակի ընթացքին, Մայքըլ անդրադարձաւ, որ իր կեանքին նկատմամբ շատ կարեւոր որոշում մը պէտք էր առնէր։ «Կը գիտակցէի, որ քարաթէն ձգելը ամէնէն դժուար բանը պիտի ըլլար ինծի համար», կ’ըսէ ան։ «Գիտէի որ այդ որոշումս Եհովան պիտի հաճեցնէր եւ համոզուած էի, որ իրեն ծառայելու համար կ’արժէր որեւէ զոհողութիւն ընել»։ Մայքըլ իր գտած ճշմարտութիւնը արժեւորեց եւ ատոր համար իր կեանքին մէջ մեծ զոհողութիւններ ըրաւ (Յակ. 1։25

Աստուածաշնչական ճշմարտութիւնը կը նմանի ճրագի

Ճրագին զօրաւոր լոյսը մեզի կ’օգնէ, որ մութին մէջ մեր ճամբան գտնենք։ Նոյնպէս, Աստուծոյ Խօսքը մեզի ցոյց կու տայ, թէ ինչպէ՛ս մեր ճամբան գտնենք Սատանային մութ աշխարհին մէջ (տե՛ս պարբ. 12-13)

12-13. Աստուածաշնչական ճշմարտութիւնը ինչպէ՞ս Մայլիին կեանքը լուսաւորեց։

12 Ճշմարտութեան արժէքը ցոյց տալու համար, Աստուածաշունչը զայն կը նմանցնէ մութին մէջ շողացող ճրագի մը (Սաղ. 119։105. Եփ. 5։8)։ Ազրպէյճանէն եղող Մայլին խորապէս կը գնահատէ այն հոգեւոր լոյսը, որ Աստուծոյ Խօսքը իրեն տուած է։ Ան մեծցաւ կրօնապէս բաժնուած ընտանիքի մը մէջ։ Հայրը իսլամ էր, մայրը՝ հրեայ։ Ան կ’ըսէ. «Թէեւ Աստուծոյ գոյութեան նկատմամբ բնա՛ւ կասկած չունէի, բայց շատ հարցումներ ունէի։ Հարց կու տայի. ‘Ինչո՞ւ Աստուած մարդիկը ստեղծեց եւ ինչո՞ւ մէկը պէտք է իր ամբողջ կեանքին ընթացքին տառապի եւ յետոյ ալ նորէն դժոխքին մէջ յաւիտեան չարչարուի’։ Որովհետեւ մարդիկ կ’ըսէին, թէ ամէն ինչ որ կը պատահի, Աստուծոյ ուզելովը կ’ըլլայ, ես ինծի հարց կու տայի. ‘Արդեօք մարդիկ Աստուծոյ ձեռքին մէջ խամաճի՞կ են եւ Աստուած անոնց տառապանքը դիտելէն հաճոյ՞ք կ’առնէ’»։

13 Մայլին շարունակեց իր հարցումներուն պատասխանները փնտռել։ Ժամանակի ընթացքին, ան ընդունեց Աստուածաշունչը սերտել եւ ճշմարտութեան եկաւ։ «Աստուածաշունչին տրամաբանութիւնը այնքա՛ն համոզիչ էր, որ ինծի օգնեց որ աւելի ուրախ անձ մը դառնամ», կ’ըսէ ան։ «Աստուծոյ Խօսքին բացատրութիւններուն վստահելի ըլլալը ինծի խաղաղութիւն տուաւ»։ Մայլիին պէս, բոլորս կը փառաբանենք Եհովան, «որ [մեզ] խաւարէն իր սքանչելի լոյսին կանչեց» (Ա. Պետ. 2։9

14. Ինչպէ՞ս կրնանք ճշմարտութեան հանդէպ մեր սէրը աւելցնել (տե՛ս նաեւ « Ուրիշ նմանութիւններ» շրջանակը)։

14 Ասոնք միայն քանի մը օրինակներ են, որոնք ցոյց կու տան ճշմարտութեան արժէքը։ Վստահաբար, կրնաս ուրիշ օրինակներ ալ միտքդ բերել։ Ի՞նչ կ’ըսես եթէ անձնական սերտողութեանդ մէջ փնտռտուք ընես՝ գիտնալու թէ ուրիշ ի՛նչ պատճառներ կան ճշմարտութիւնը սիրելու։ Ո՛րքան աւելի ճշմարտութիւնը սիրենք, ա՛յնքան աւելի կերպեր պիտի գտնենք այդ սէրը գործով ցոյց տալու։

ԻՆՉՊԷ՞Ս ՑՈՅՑ ԿՈՒ ՏԱՆՔ, ՈՐ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՍԻՐԵՆՔ

15. Ի՞նչ կերպով մը կրնանք ցոյց տալ, որ ճշմարտութիւնը կը սիրենք։

15 Կրնանք ցոյց տալ, որ ճշմարտութիւնը կը սիրենք, կանոնաւորաբար սերտելով Աստուածաշունչը եւ աստուածաշնչական հրատարակութիւնները։ Ի վերջոյ, միշտ կան բաներ որ կրնանք սորվիլ, նոյնիսկ եթէ երկար ատենէ ի վեր ճշմարտութեան մէջ ենք։ Դիտարան–ին առաջին թիւը ըսաւ. «Ճշմարտութիւնը կը նմանի պզտիկ պահուըտած ծաղիկի մը, որ գրեթէ խեղդուած է բազմաթիւ որոմներու մէջ։ Եթէ կ’ուզէք զայն գտնել, շատ արթուն պէտք է ըլլաք։. . . Եթէ կ’ուզէք զայն ունենալ, պէտք է ծռիք զայն քաղելու համար։ Ճշմարտութեան միայն մէկ ծաղիկով մի՛ բաւարարուիք։. . . Միշտ քաղելու նայեցէք, շարունակեցէ՛ք աւելին փնտռել»։ Սերտողութիւնը ծանր աշխատանք է, բայց կ’արժէ՛ ջանք թափել։

16. Սերտողութեան ո՞ր մեթոտը դուն անձամբ օգտակար կը գտնես (Առակաց 2։4-6

16 Մեզմէ ո՛չ բոլորը կը սիրեն կարդալ ու սերտել։ Եհովան մեզ կը քաջալերէ, որ շարունակենք ‘փնտռել’ ու ‘խնդրել’ ճշմարտութեան աւելի խոր հասկացողութիւն (կարդա՛ Առակաց 2։4-6)։ Երբ այդպիսի ջանքեր կը թափենք, միշտ օգուտներ կը քաղենք։ Աստուածաշունչի անձնական ընթերցանութեան մասին խօսելով, Քօրին ըսաւ, որ իր կարդացած ամէն մէկ համարին վրայ կը կեդրոնանայ։ Ան կը բացատրէ. «Կը կարդամ ամէն մէկ ստորանիշ, կը բանամ համարին հետ կապ ունեցող ամէն մէկ համար եւ յաւելեալ փնտռտուք կ’ընեմ։. . . Այս մեթոտէն շա՜տ կ’օգտուիմ»։ Չնայած թէ ի՛նչ մեթոտ կը գործածենք, ճշմարտութեան հանդէպ մեր գնահատանքը ցոյց կու տանք, երբ զայն սերտելու համար ժամանակ կու տանք եւ ջանք կը թափենք (Սաղ. 1։1-3

17. Ի՞նչ ըսել է ճշմարտութիւնը ապրիլ (Յակոբոս 1։25

17 Անշուշտ գիտենք, որ պարզապէս ճշմարտութիւնը սերտելը չի բաւեր։ Լիովին օգտուելու համար, պէտք է ճշմարտութիւնը ապրինք այն իմաստով, որ պէտք է մեր սորվածը գործադրենք մեր կեանքին մէջ։ Միայն այն ատեն է որ ճշմարտութիւնը մեզի իսկական ուրախութիւն պիտի բերէ (կարդա՛ Յակոբոս 1։25)։ Ինչպէ՞ս կրնանք վստահ ըլլալ, որ ճշմարտութիւնը մեր կեանքին մէջ կը գործադրենք։ Եղբայր մը կը քաջալերէ որ քննենք, թէ ո՛ր մարզերուն մէջ զայն կը գործադրենք եւ ո՛ր մարզերուն մէջ պէտք է աւելի ջանք թափենք։ Ասոր նկատմամբ Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Ի՛նչ աստիճանի որ հասեր ենք նոյն կանոնին համեմատ քալենք, նոյն խորհուրդը ունենանք» (Փլպ. 3։16

18. Ինչո՞ւ մեր լաւագոյնը կ’ընենք, որ շարունակենք ‘ճշմարտութեան մէջ քալել’։

18 Վայրկեան մը մտածէ այն օգուտներուն մասին, որ կ’ունենանք, երբ մեր լաւագոյնը կ’ընենք, որ շարունակենք ‘ճշմարտութեան մէջ քալել’։ Ոչ միայն մեր կեանքին որակը կը բարելաւենք, հապա նաեւ Եհովան եւ մեր հաւատակիցները կ’ուրախացնենք (Առ. 27։11. Գ. Յովհ. 4)։ Իրաւ, ասոնցմէ աւելի լաւ պատճառներ ունի՞նք ճշմարտութիւնը սիրելու եւ ապրելու։

ԵՐԳ 24 Շարունակէ՛ նայիլ մրցանակին

^ Յաճախ, երբ «ճշմարտութիւն» կ’ըսենք, ըսել կ’ուզենք՝ մեր հաւատալիքներն ու ապրելակերպը։ Չնայած թէ ճշմարտութիւնը նոր ընդունած ենք կամ մեր ամբողջ կեանքը զայն գիտենք, կրնանք մեծապէս օգտուիլ, նկատի առնելով թէ ինչո՛ւ կը սիրենք ճշմարտութիւնը։ Այդպէս ընելով, ա՛լ աւելի պիտի վճռենք Եհովային հաճութիւնը ունենալ։