Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 5

ԵՐԳ 151 Աստուծոյ որդիները կը յայտնուին

«Բնաւ քեզ երեսէ պիտի չձգեմ»

«Բնաւ քեզ երեսէ պիտի չձգեմ»

«[Աստուած] ըսաւ թէ՝ ‘Բնաւ քեզ պիտի չթողում ու բնաւ քեզ երեսէ պիտի չձգեմ’» (ԵԲ. 13։5բ

ՆԻՒԹ

Աստուծոյ ծառաները վստահեցնել, որ անոնք երեսի վրայ պիտի չձգուին, երբ օծեալ քրիստոնեաներու մնացորդը երկինք ելլեն։

1. Ե՞րբ բոլոր օծեալները երկինքը պիտի ըլլան։

 ՏԱՐԻՆԵՐ առաջ, Եհովայի ծառաները հարց կու տային. ‘Վերջին օծեալ քրիստոնեան ե՞րբ երկինք պիտի առնուի’։ Ատեն մը, կը կարծէինք որ օծեալներէն ոմանք հաւանաբար Արմագեդոն պատերազմէն ետք որոշ ժամանակ մը երկրային Դրախտին մէջ մեզի հետ մնան։ Բայց Դիտարան–ի 15 յուլիս 2013 թիւին մէջ, տեսանք որ երկրի վրայ մնացած բոլոր օծեալները երկինք պիտի առնուին Արմագեդոնը սկսելէն առաջ (Մատ. 24։31

2. Ի՞նչ հարցում կրնայ ծագիլ, եւ այս յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

2 Բայց թերեւս հարցում մը ծագի. Ի՞նչ պիտի պատահի Քրիստոսին «ուրիշ ոչխարներ»ուն, որոնք «մեծ նեղութեան» ժամանակ երկրի վրայ հաւատարմօրէն Եհովային կը ծառայեն (Յովհ. 10։16. Մատ. 24։21)։ Թերեւս անոնցմէ ոմանք մտահոգուին, որ երբ օծեալ եղբայրներն ու քոյրերը երկինք ելլեն, իրենք կորսուած եւ երեսի վրայ ձգուած զգան։ Եկէք նկատի առնենք Սուրբ Գիրքէն երկու դէպքեր, որոնք թերեւս պատճառ ըլլան որ անոնք այսպէս մտածեն։ Ետքը, նկատի պիտի առնենք թէ ի՛նչ պատճառներ ունինք որ չմտահոգուինք։

Ի՞ՆՉ ՊԻՏԻ ՉՊԱՏԱՀԻ

3-4. Ոմանք թերեւս ի՞նչ մտածեն, եւ ինչո՞ւ։

3 Ոմանք թերեւս մտածեն որ երբ Կառավարիչ մարմինի օծեալ եղբայրները երկրի վրայ չըլլան եւ զիրենք չառաջնորդեն, ուրիշ ոչխարները ճշմարտութենէն հեռանան։ Թերեւս անոնք այսպէս զգան Սուրբ Գիրքին մէջ յիշուած կարգ մը դէպքերու պատճառաւ։ Նկատի առնենք ատոնցմէ երկու հատը։ Առաջին դէպքը կապ ունի Յովիադա քահանայապետին հետ, որ Եհովային հաւատարիմ մէկ ծառան էր։ Ան եւ իր կինը՝ Յօսափէէն, Յովաս անունով պզտիկ տղայ մը պաշտպանեցին եւ անոր օգնեցին որ հաւատարիմ եւ բարի թագաւոր մը ըլլայ։ Մինչեւ այն ատեն որ Յովիադան ողջ էր, Յովասը Եհովան կը պաշտէր եւ բարի բաներ կ’ընէր։ Բայց երբ Յովիադան մեռաւ, Յովաս դադրեցաւ Եհովային ծառայելէ։ Ան չար իշխաններուն մտիկ ըրաւ եւ Եհովայէն հեռացաւ (Բ. Մն. 24։2, 15-19

4 Յաջորդ օրինակը երկրորդ դարուն ապրող քրիստոնեաներուն օրինակն է։ Վերջին առաքեալը որ մահացաւ՝ Յովհաննէսն էր։ Այնքան ատեն որ ան ողջ էր, շատ մը քրիստոնեաներու օգնեց որ հաւատարիմ մնան (Գ. Յովհ. 4)։ Յիսուսին միւս առաքեալներուն պէս, ան շատ ջանք թափեց որ ժողովքները պաշտպանէ այդ ժամանակ տարածուող հաւատուրացութենէն (Ա. Յովհ. 2։18)։ Բայց երբ մահացաւ, հաւատուրացութիւնը կրակի պէս տարածուեցաւ։ Քանի մը տարի ետք, քրիստոնէական ժողովքը արդէն իսկ սուտ ուսուցումներով ապականած էր։

5. Այս երկու դէպքերէն ի՞նչ եզրակացութիւններու պէտք չէ հասնինք։

5 Այս երկու օրինակները ցոյց կու տա՞ն որ օծեալները երկինք առնուելէ ետք, Քրիստոսի ուրիշ ոչխարները թերեւս սկսին Յովասին պէս չար բաներ ընել կամ ալ հաւատուրաց դառնալ, ինչպէս որ շատերուն պարագան էր առաքեալներուն մահէն ետք։ Անշուշտ ո՛չ։ Կրնանք վստահ ըլլալ, որ երբ օծեալները երկինք ելլեն, ուրիշ ոչխարները պիտի շարունակեն Եհովան հաւատարմօրէն պաշտել, եւ ան պիտի շարունակէ անոնց հոգ տանիլ։ Ինչո՞ւ կրնանք ասկէ վստահ ըլլալ։

ՄԱՔՈՒՐ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԸ ՊԻՏԻ ՉԱՊԱԿԱՆԻ

6. Ո՞ր երեք ժամանակները նկատի պիտի առնենք։

6 Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ, որ մաքուր պաշտամունքը պիտի չապականի նոյնիսկ գալիք դժուար օրերուն։ Քանի որ Սուրբ Գիրքը կը բացատրէ, որ մեր օրերը շա՜տ տարբեր են անցեալի իսրայէլացիներուն եւ առաքեալներուն օրերէն։ Ասոր համար, հիմա մանրամասնօրէն նկատի առնենք այս երեք ժամանակները. 1) Անցեալի իսրայէլի ժամանակները, 2) առաքեալներուն մահուան յաջորդող ժամանակները, եւ 3) մեր ժամանակները, «երբ բոլոր բաները վերահաստատուին» (Գործք 3։21, ԱԾ

7. Անցեալի Իսրայէլի մէջ, ինչո՞ւ համար հաւատարիմ իսրայէլացիներ չյուսահատեցան, երբ թագաւորները եւ շատեր ընտրեցին չար ընթացքի մը հետեւիլ։

7 Անցեալի իսրայէլի ժամանակները։ Իր մահէն քիչ առաջ, Մովսէս իսրայէլացիներուն ըսաւ. «Գիտեմ թէ իմ մեռնելէս ետքը դուք անշուշտ անօրէնութիւն պիտի ընէք ու իմ ձեզի պատուիրած ճամբայէս պիտի խոտորիք» (Բ. Օր. 31։29)։ Ան նաեւ զգուշացուց որ եթէ իսրայէլացիները ըմբոստանան, անոնք պիտի աքսորուին (Բ. Օր. 28։35, 36)։ Այս խօսքերը կատարուեցա՞ն։ Այո՛։ Դարերու ընթացքին, շատ մը թագաւորներ չար ընթացք մը ընտրեցին եւ Աստուծոյ ժողովուրդը անոնց հետեւեցաւ։ Ասիկա պատճառ եղաւ որ Եհովան պատժէ իր չար ժողովուրդը եւ չձգէ որ իսրայէլացի թագաւորները շարունակեն թագաւորել (Եզեկ. 21։25-27)։ Բայց հաւատարիմ իսրայէլացիներ շատ քաջալերուեցան, երբ տեսան որ Մովսէսի բերնով ըսուած Աստուծոյ խօսքերը կատարուեցան (Եսա. 55։10, 11

8. Պէ՞տք է զարմանանք որ Ք.Ե. երկրորդ դարուն քրիստոնէական ժողովքը ապականեցաւ. բացատրէ։

8 Առաքեալներուն մահուան յաջորդող ժամանակները։ Պէ՞տք է զարմանանք որ Ք.Ե. երկրորդ դարուն քրիստոնէական ժողովքը ապականեցաւ։ Ո՛չ։ Քանի որ Յիսուս մարգարէացած էր, որ շատ մեծ հաւատուրացութիւն մը պիտի ըլլար (Մատ. 7։21-23. 13։24-30, 36-43)։ Պօղոս, Պետրոս եւ Յովհաննէս առաքեալները յստակ դարձուցին որ Յիսուսին մարգարէութիւնը արդէն սկսած էր կատարուիլ Ք. Ե. առաջին դարուն (Բ. Թես. 2։3, 7. Բ. Պետ. 2։1. Ա. Յովհ. 2։18)։ Վերջին առաքեալին մահէն ետք, հաւատուրաց քրիստոնեաները գլխաւոր մէկ մասը դարձան Մեծ Բաբելոնին, որ կը ներկայացնէ բոլոր սուտ կրօնքները։ Այսպիսով, Յիսուսին մարգարէութիւնը կատարուեցաւ։

9. Մեր ապրած ժամանակաշրջանը ինչպէ՞ս կը տարբերի անցեալի իսրայէլի ժամանակներէն եւ երկրորդ դարու քրիստոնէական ժողովքին ժամանակներէն։

9 Այն ժամանակները, «երբ բոլոր բաները վերահաստատուին»։ Մեր ժամանակը տարբեր է անցեալի իսրայէլի ժամանակներէն եւ երկրորդ դարու մեծ հաւատուրացութեան ժամանակներէն։ Մեր ժամանակը ի՞նչ կը կոչուի։ Սովորաբար, մեր ժամանակը կը կոչենք՝ այս աշխարհին «վերջին օրերը» (Բ. Տիմ. 3։1)։ Բայց Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ որ այս վերջին օրերուն, սկսաւ նաեւ աւելի կարեւոր եւ աւելի երկար ժամանակաշրջան մը։ Եւ ատիկա պիտի շարունակուի, մինչեւ որ մեսիական Թագաւորութիւնը մարդկութիւնը կատարելութեան հասցնէ եւ երկիրը դրախտի մը վերածէ։ Այս ժամանակաշրջանը կը կոչուի՝ այն ժամանակները, «երբ բոլոր բաները վերահաստատուին» (Գործք 3։21, ԱԾ)։ Այս ժամանակաշրջանը սկսաւ 1914–ին։ Լաւ, այդ տարին ի՞նչ բան է որ վերահաստատուեցաւ։ Նախ Յիսուս, որ հաւատարիմ Դաւիթ թագաւորին սերունդէն էր, երկինքին մէջ թագաւոր եղաւ։ Եւ այսպէս Եհովան անգամ մը եւս զինք ներկայացնող կառավարիչ մը ունեցաւ։ Բայց Եհովան միայն այս թագաւորութիւնը չէ որ վերահաստատեց։ Անկէ քիչ ետք, Եհովան երկրի վրայ իր ծառաներուն օգնեց որ ի վերջոյ անգամ մը եւս զինք պաշտեն այն կերպով, որ ինք կ’ուզէ (Եսա. 2։2-4. Եզեկ. 11։17-20)։ Արդեօք անոնք անգամ մը եւս, Եհովային պաշտամունքէն պիտի հեռանա՞ն։

10. ա) Աստուածաշունչը մեր ժամանակներուն գոյութիւն ունեցող մաքուր պաշտամունքին մասին ի՞նչ կը մարգարէանայ (Եսայի 54։17)։ բ) Այսպիսի մարգարէութիւններ մեր միտքը ինչպէ՞ս կը հանգստացնեն։

10 Կարդա՛ Եսայի 54։17։ Մտածէ այս մարգարէութեան մասին. «Քեզի վնասող ոեւէ գործիք ամենեւին պիտի չյաջողի»։ Այս խօսքը ներկայիս կը կատարուի։ Ասկէ զատ, սա մխիթարական խօսքերն ալ մեր ժամանակին կը կիրարկուին. «Քու բոլոր որդիներդ Տէրոջմէ պիտի սորվին ու քու որդիներուդ խաղաղութիւնը շատ պիտի մեծնայ։ Դուն արդարութեամբ պիտի հաստատուիս, բռնութենէն հեռու պիտի ըլլաս, որպէս զի չվախնաս ու արհաւիրքէն՝ որպէս զի քեզի չմօտենայ» (Եսա. 54։13, 14)։ Նոյնիսկ «այս աշխարհի աստուածը»՝ Սատանան, չի կրնար կեցնել Եհովային ժողովուրդին ըրած քարոզչութիւնը (Բ. Կոր. 4։4)։ Մաքուր պաշտամունքը վերահաստատուած է, եւ ատիկա անգամ մը եւս պիտի չապականի, հապա յաւիտեա՛ն պիտի մնայ։ Մեզի վնասող որեւէ գործիք պիտի չյաջողի։

Ի՞ՆՉ ՊԻՏԻ ՊԱՏԱՀԻ

11. Ի՞նչ բան մեզ կը համոզէ որ մեծ բազմութիւնը երեսի վրայ պիտի չձգուի, երբ օծեալները երկինք ելլեն։

11 Ի՞նչ պիտի պատահի, երբ օծեալները երկինք առնուին։ Մի՛ մոռնար որ Յիսուս մեր Հովիւն է եւ Քրիստոնէական ժողովքին գլուխը։ Ան յստակօրէն ըսաւ. «Ձեր առաջնորդը մէկ է, այսինքն՝ Քրիստոս» (Մատ. 23։10, ՆԱ)։ Երկնքի մէջ իշխող մեր Թագաւորը միշտ հոգ պիտի տանի իր հետեւորդներուն, որոնք երկրի վրայ են։ Ասոր համար, անոնք պէտք չունին բանէ մը վախնալու։ Անշուշտ, բոլոր մանրամասնութիւնները չունինք, թէ Քրիստոս այդ ժամանակ իր ժողովուրդը ինչպէ՛ս պիտի առաջնորդէ, ատոր համար, քննարկենք կարգ մը սուրբգրային օրինակներ, որոնք մեր միտքը կրնան հանգստացնել։

12. Եհովան ինչպէ՞ս իր ժողովուրդին հոգ տարաւ՝ ա) Մովսէսին մահէն ետք։ բ) Եղիային ուրիշ նշանակում ստանալէն ետք (տե՛ս նաեւ նկարը)։

12 Մովսէս մահացաւ, առաջ որ իսրայէլացիները Աւետեաց երկիրը մտնեն։ Անկէ ետք Աստուծոյ ժողովուրդին ի՞նչ պատահեցաւ։ Եհովան երեսի վրայ ձգե՞ց զանոնք։ Ո՛չ։ Այնքան ատեն որ անոնք հաւատարիմ էին, Եհովան անոնց հոգ տարաւ։ Մովսէսը մեռնելէն առաջ, Եհովան իրեն ըսաւ որ Յեսուն նշանակէ որպէս իր ժողովուրդին առաջնորդը։ Մովսէս երկար տարիներէ ի վեր մարզած էր Յեսուն (Ել. 33։11. Բ. Օր. 34։9)։ Յեսուէն զատ, շատ մը կարող տղամարդիկ կային, որոնք առաջնորդութիւնը կ’առնէին։ Անոնք հազարապետներ, հարիւրապետներ, յիսնապետներ եւ նոյնիսկ տասնապետներ էին (Բ. Օր. 1։15)։ Ուրեմն, Աստուծոյ ժողովուրդին լաւ հոգ կը տարուէր։ Եղիային օրերուն ալ պարագան նոյնն էր։ Ան երկար տարիներ իսրայէլացիները առաջնորդեց, որ մաքուր պաշտամունքին հետեւին։ Բայց ժամանակը եկաւ, երբ Եհովան զինք Յուդայի երկու–ցեղեան թագաւորութեան հողամասը ղրկեց, որ հոն ծառայէ (Դ. Թագ. 2։1. Բ. Մն. 21։12)։ Լաւ, Իսրայէլի տասը–ցեղեան թագաւորութեան մէջ եղող հաւատարիմ իսրայէլացիները երեսի վրայ ձգուեցա՞ն։ Ո՛չ։ Եղիան արդէն տարիներէ ի վեր կը մարզէր Եղիսէն։ Եղիսէէն զատ կային «մարգարէներուն որդիներ»ը, որոնք նոյնպէս մարզուած էին (Դ. Թագ. 2։7)։ Ուրեմն, Եհովան շատ մը հաւատարիմ տղամարդիկ կը գործածէր, որ իր ժողովուրդը առաջնորդէր։ Եհովան շարունակեց իր նպատակը իրագործել եւ իր հաւատարիմ ծառաներուն հոգ տանիլ։

Թէ՛ Մովսէսը (ձախին) եւ թէ Եղիան (աջին) մէկը մարզեցին որ Աստուծոյ ժողովուրդը առաջնորդէ (տե՛ս պարբերութիւն 12)


13. Եհովան ի՞նչ կը խոստանայ մեզի Եբրայեցիս 13։5բ–ին մէջ (տե՛ս նաեւ նկարը)։

13 Ի մտի ունենալով այս օրինակները, ի՞նչ կը կարծես պիտի պատահի, երբ օծեալներուն վերջին անդամները երկինք առնուին։ Պէտք չունինք մտահոգուելու։ Աստուածաշունչը այս յստակ խոստումը կու տայ. Եհովան բնա՛ւ երեսի վրայ պիտի չձգէ երկրի վրայ իր ժողովուրդը (կարդա՛ Եբրայեցիս 13։5բ)։ Մովսէսի եւ Եղիայի պէս, ներկայիս երկրի վրայ առաջնորդութիւն առնող օծեալ քրիստոնեաներու պզտիկ խումբը ուրիշները մարզելու կարեւորութիւնը կը հասկնայ։ Տարիներէ ի վեր, Կառավարիչ մարմինի եղբայրները ուրիշ ոչխարներէն տղամարդիկ կը մարզեն, որպէսզի առաջնորդութիւնը առնեն։ Օրինակ, անոնք շատ մը դպրոցներ կազմակերպած են, որպէսզի մարզեն՝ երէցներ, շրջանային տեսուչներ, Մասնաճիւղի յանձնախումբի անդամներ, Բեթէլի տեսուչներ եւ այլն։ Կառավարիչ մարմինը անձամբ մարզած է Կառավարիչ մարմինի տարբեր յանձնախումբերու մէջ ծառայող օգնականներ։ Այս օգնականները, կազմակերպութեան մէջ հոգ կը տանին շատ մը պատասխանատուութիւններու։ Անոնք շատ լաւ պատրաստուած են, որպէսզի շարունակեն հոգ տանիլ Քրիստոսի ոչխարներուն։

Կառավարիչ մարմինը շատ ջանք թափած է որ օգնականներ մարզէ, եւ աշխարհին չորս կողմը դպրոցներ կազմակերպէ, մարզելու համար՝ երէցներ, շրջանային տեսուչներ, Մասնաճիւղի յանձնախումբի անդամներ, Բեթէլի տեսուչներ եւ միսիոնարներ (տե՛ս պարբերութիւն 13)


14. Այս յօդուածին բուն կէտը ի՞նչ է։

14 Այս յօդուածին բուն կէտը հետեւեալն է։ Երբ վերջին օծեալ քրիստոնեան մեծ նեղութեան վերջաւորութեան երկինք առնուի, երկրի վրայ Եհովայի ժողովուրդը պիտի շարունակէ հաւատարմօրէն զինք պաշտել Յիսուս Քրիստոսի առաջնորդութեամբ։ Ճիշդ է որ այդ ժամանակ Մագոգի Գոգը, որ աշխարհի կառավարութիւններու միութիւն մըն է, պիտի յարձակի մեր վրայ, բայց այդ յարձակումը պիտի չյաջողի (Եզեկ. 38։18-20)։ Ատիկա պիտի չկարենայ Աստուծոյ ժողովուրդին արգելք ըլլալ որ Եհովան պաշտեն։ Ան անկասկած պիտի ազատէ իր ժողովուրդը։ Ասիկա ինչպէ՞ս գիտենք։ Յովհաննէս առաքեալ տեսիլքի մը մէջ տեսաւ Քրիստոսի ուրիշ ոչխարներու «մեծ բազմութիւն մը», եւ իրեն ըսուեցաւ որ ասոնք ‘մեծ նեղութենէն կու գան’, այսինքն՝ անոնք պիտի ազատին (Յայտ. 7։9, 14

15-16. Յայտնութիւն 17։14–ի համաձայն, Քրիստոսին օծեալները ի՞նչ պիտի ընեն Արմագեդոն պատերազմին, եւ ասիկա ինչո՞ւ մեզ կը քաջալերէ։

15 Տակաւին ոմանք կրնան հարց տալ. ‘Օծեալները ի՞նչ պիտի ընեն երկինք երթալէն ետք’։ Աստուածաշունչը այս հարցումներուն ուղղակիօրէն կը պատասխանէ։ Ատիկա կ’ըսէ թէ այս աշխարհի կառավարութիւնները «Գառնուկին հետ պիտի պատերազմին» (Յայտ. 17։14)։ Անշուշտ, անոնք պիտի պարտուին, քանի որ կը կարդանք. «Գառնուկը անոնց պիտի յաղթէ»։ Որո՞նք պիտի օգնեն Գառնուկին։ Համարը կը պատասխանէ։ Անոնք որոնք «կանչուած», «ընտրուած» եւ «հաւատարիմ» են (կարդա՛ Յայտնութիւն 17։14)։ Ո՞վ են ասոնք։ Ասոնք յարութիւն առած օծեալներն են։ Ուրեմն, երբ երկրի վրայ գտնուող վերջին օծեալը երկինք առնուի մեծ նեղութեան վերջաւորութեան, օծեալներուն առաջին նշանակումներէն մէկը պիտի ըլլայ պատերազմիլ։ Այս ի՜նչ հետաքրքրական նշանակում։ Կարգ մը օծեալ քրիստոնեաներ Եհովայի վկայ ըլլալէ առաջ, կռուողներ էին։ Անոնցմէ ոմանք նոյնիսկ բանակին մէջ կը ծառայէին։ Ետքը, ճշմարիտ քրիստոնեաներ դարձան եւ սորվեցան ուրիշներուն հետ խաղաղութեամբ ապրիլ (Գաղ. 5։22. Բ. Թես. 3։16)։ Անոնք այլեւս չմասնակցեցան պատերազմներու։ Բայց երկինք ելլելէ ետք, անոնք Քրիստոսի եւ իր սուրբ հրեշտակներուն հետ պիտի ծառայեն եւ Աստուծոյ թշնամիներուն դէմ տեղի ունենալիք վերջին պատերազմին պիտի մասնակցին։

16 Պահ մը մտածէ՛։ Երկրի վրայ կարգ մը օծեալ Քրիստոնեաներ տարիքով մեծ են եւ ֆիզիքապէս՝ տկար։ Բայց հազիւ որ անոնք յարութիւն առնելով երկինք ելլեն, զօրաւոր եւ անմահ արարածներ պիտի ըլլան, եւ իրենց նշանակումը պիտի ըլլայ Թագաւոր Յիսուս Քրիստոսին կողքին պատերազմիլ։ Արմագեդոն պատերազմէն վերջ, անոնք մարդոց պիտի օգնեն որ կատարեալ դառնան։ Վստահաբար, անոնք երկրի վրայ իրենց եղբայրներուն ու քոյրերուն շատ աւելի պիտի կարենան օգնել երկինքէն, քան երկրէն։

17. Ինչպէ՞ս գիտենք որ Աստուծոյ բոլոր ծառաներն ալ Արմագեդոն պատերազմին ընթացքին ապահով պիտի ըլլան։

17 Ուրիշ ոչխարներէն մէ՞կն ես։ Ուրեմն, երբ Արմագեդոն պատերազմը սկսի, դուն ի՞նչ պէտք է ընես։ Պարզապէս Եհովային վստահէ՛ եւ իր ուղղութեան հետեւէ՛։ Ասիկա ինչպէ՞ս կ’ընես։ Աստուածաշունչը այս մխիթարական խօսքերը կ’ըսէ. «Քու սենեակներուդ մէջ մտի՛ր ու քու վրադ դռներդ գոցէ՛. պահուէ՛ քիչ մը, վայրկեան մը, մինչեւ բարկութիւնը անցնի» (Եսա. 26։20)։ Աստուծոյ բոլոր հաւատարիմ ծառաները երկինքի մէջ եւ երկրի վրայ այդ ժամանակին ապահով պիտի ըլլան։ Պօղոս առաքեալին պէս, մենք ալ համոզուած ենք որ «ո՛չ իշխանութիւնները,. . . ո՛չ ներկայ բաները, ո՛չ գալու բաները. . . կրնա[ն] մեզ զատել Աստուծոյ սէրէն» (Հռով. 8։38, 39)։ Միշտ յիշէ թէ Եհովան քեզ կը սիրէ եւ բնա՛ւ քեզ երեսի վրայ պիտի չձգէ։

ԵՐԲ ՎԵՐՋԻՆ ՕԾԵԱԼ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆ ԵՐԿԻՆՔ ԱՌՆՈՒԻ,

  • ի՞նչ պիտի չպատահի։

  • ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովային ծառաները ճշմարտութենէն պիտի չհեռանան։

  • ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովան իր ժողովուրդին հոգ պիտի տանի։

ԵՐԳ 49 Եհովան մեր ապաւէնն է