ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Եհովային քով ամէն բան կարելի է
«ԱՅԼԵՒՍ մահ պիտի չըլլայ եւ նոյնիսկ մեռելները ետ կեանքի պիտի գան»։ Կինս՝ Մայրամպուպու, այս խօսքերը լսեց, երբ պասին մէջ էր։ Իր մէջ հետաքրքրութիւն արթնցաւ եւ ուզեց աւելին գիտնալ։ Հազիւ որ պասը կեցաւ եւ ճամբորդները իջան, ան վազեց այդ խօսքերը ըսող կնոջ ետեւէն։ Անոր անունը Աբուն Մամպեցատըքովա էր, եւ Եհովայի վկայ էր։ Այդ օրերուն վտանգաւոր էր Վկաներուն հետ խօսիլը, բայց այն ինչ որ յետագային Աբունէն լսեցինք, մեր կեանքը փոխեց։
ԱՐՇԱԼՈՅՍԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ՄԹՆՇԱՂ Կ’ԱՇԽԱՏԷԻՆՔ
Ծնած եմ 1937–ին, Խըրխըզիստանի Թոքմոք քաղաքին քովը գտնուող կոլխոզի մը մէջ, որ հաւաքական ագարակ էր։ Ընտանիքս խըրխըզ են եւ կը խօսինք խըրխըզերէն։ Ծնողքս հողագործ էին եւ կոլխոզին մէջ կ’աշխատէին արշալոյսէն մինչեւ մթնշաղ։ Գիւղացիները կանոնաւորաբար կերակուրի պաշար կը ստանային, բայց դրամական վարձք կ’առնէին միայն տարին մէկ անգամ։ Մայրս դժուարութեամբ կը հոգար իմ եւ պզտիկ քրոջս պէտքերը։ Միայն 5 տարի դպրոց երթալէ ետք, ես ալ սկսայ կոլխոզին մէջ լիաժամ աշխատիլ։
Ապրած շրջանիս մէջ աղքատութիւնը տարածուած էր, եւ մարդիկ չափէ դուրս ծանր կ’աշխատէին, որպէսզի ծայրը ծայրին բերէին։ Որպէս երիտասարդ, շատ չէի մտածեր կեանքին նպատակին կամ ապագային մասին։ Բնաւ չէի երեւակայեր որ Եհովա Աստուծոյ եւ իր նպատակին մասին հրաշալի ճշմարտութիւնները պիտի փոխէին կեանքս։ Այդ պատգամը Խըրխըզիստան հասնելու եւ տարածուելու պատմութիւնը շատ հետաքրքրական է։ Ամէն բան սկսաւ ապրած շրջանիս մէջ, Խըրխըզիստանին հիւսիսը։
ՆԱԽԿԻՆ ԱՔՍՈՐԵԱԼՆԵՐ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԲԵՐԵՆ
Եհովա Աստուծոյ մասին ճշմարտութիւնը Խըրխըզիստանին մէջ արմատ կապեց 1950–ականներուն։ Խըրխըզիստանը այն ատեն կը պատկանէր Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւններու Միութեան (ԽԸՀՄ)։ Ատոր համար, հարկ էր որ ճշմարտութիւնը յաղթահարէր համայնավարութեան գաղափարախօսութիւնը։ Իսկ քանի որ Եհովայի վկաները քաղաքական գետնի վրայ չէզոք մնացին, ամբողջ ԽԸՀՄ–ին մէջ հալածուեցան որպէս համայնավարական պետութեան Յովհ. 18։36)։ Բայց ո՛չ մէկ գաղափարախօսութիւն կրնայ արգելք ըլլալ, որ Աստուծոյ Խօսքը անկեղծ մարդոց սրտին հասնի։ Ամբողջ կեանքիս ընթացքին, ամէնէն արժէքաւոր դասերէն մէկը որ սորվեցայ այն է, որ Եհովային քով «ամէն բան կարելի է» (Մար. 10։27)։
թշնամիներ (Հալածանքը ձգեց որ Եհովայի վկաները տարածուին Խըրխըզիստանին մէջ։ Ինչպէ՞ս։ ԽԸՀՄ–ը կը պարփակէր Սիպերիան, ուր պետութեան թշնամիները կ’աքսորուէին։ Երբ աքսորեալները ազատութիւն ստացան, շատեր եկան Խըրխըզիստան եւ անոնցմէ ոմանք ճշմարտութիւնը բերին իրենց հետ, ինչպէս՝ Էմիլ Իեանցըն, որ 1919–ին ծնած էր Խըրխըզիստանին մէջ։ Ան աքսորուած էր տաժանակրութեան ճամբար, եւ հոն Վկաներուն հանդիպած էր։ Ան ընդունեց ճշմարտութիւնը եւ 1956–ին տուն վերադարձաւ։ Էմիլը սկսաւ ապրիլ Սոքուլուք գիւղաքաղաքին մօտ, որ ապրած շրջանիս մէջն է։ 1958–ին, այս գիւղաքաղաքին մէջ հաստատուեցաւ առաջին ժողովքը Խըրխըզիստանին մէջ։
Շուրջ մէկ տարի ետք, Վիքթոր Վինթէր փոխադրուեցաւ Սոքուլուք։ Այս հաւատարիմ եղբայրը շատ չարչարանքներ կրեց։ Երկու անգամ բանտարկուեցաւ երեք տարի, քանի որ չէզոք մնաց։ Ետքը, տասը տարի ալ անցուց բանտին մէջ եւ հինգ տարի՝ աքսորի մէջ։ Բայց հալածանքը չկրցաւ արգելք ըլլալ որ ճշմարիտ պաշտամունքը տարածուի։
ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ ԾՆՆԴԱՎԱՅՐԻՍ ԱՒԵԼԻ ՄՕՏ ԿԸ ՔԱՐՈԶՈՒԻ
1963–ին, Խըրխըզիստանին մէջ շուրջ 160 Վկաներ կային, որոնցմէ շատեր Գերմանիայէն, Ուքրանիայէն եւ Ռուսիայէն եկած էին։ Անոնցմէ մէկն էր Էտուարտ Վարթէր, աքսորեալ մը որ 1924–ին մկրտուած էր Գերմանիայի մէջ։ 1940–ականներուն, նացիները զինք համակեդրոնացման ճամբար ղրկած էին, եւ քանի մը տարի ետք՝ ԽԸՀՄ–ի համայնավարները զինք աքսորած էին։ 1961–ին, այս հաւատարիմ եղբայրը փոխադրուեցաւ Քանթ գիւղաքաղաքը, որ ծննդավայրիս շատ մօտիկ է։
Էլիզապէթ Ֆօթ, որ Եհովայի հաւատարիմ ծառայ էր, նոյնպէս Քանթին մէջ կ’ապրէր։ Ան դերձակութիւն ընելով իր ապրուստը կը ճարէր։ Որովհետեւ իր գործին մէջ հմուտ էր, մասնագէտներ, ինչպէս՝ բժիշկներ եւ ուսուցիչներ, իրմէ հագուստներ կ’ապսպրէին։ Յաճախորդներէն մէկն էր Աքսամայ Սուլթանալիեվա, որուն ամուսինը կ’աշխատէր ընդհանուր դատախազին գրասենեակը։ Աքսամայ Էլիզապէթին քով եկաւ որոշ հագուստ մը ապսպրելու, եւ շատ հարցումներ հարցուց կեանքին իմաստին եւ մեռելներուն վիճակին մասին։ Էլիզապէթ ուղղակի Սուրբ Գիրքէն պատասխանեց անոր հարցումներուն։ Յետագային, Աքսամայ բարի լուրի նախանձախնդիր քարոզիչ եղաւ։
Գրեթէ այդ ժամանակ, Մոլտովիայէն եղող Նիքոլայ Չիմփոյէշ նշանակուեցաւ որպէս շրջանային տեսուչ եւ մնաց այդ ծառայութեան մէջ մօտ 30 տարի։ Նիքոլայ ոչ միայն ժողովքներուն կ’այցելէր, հապա նաեւ կը կազմակերպէր մեր հրատարակութիւններուն տպելը եւ բաշխումը։ Անոր գործունէութիւնները իշխանութիւններուն աչքէն չվրիպեցան։ Ասոր համար, Էտուարտ Վարթէր քաջալերական խրատ տուաւ Նիքոլային. «Երբ իշխանութիւնները քեզ հարցաքննեն, բացէ ի բաց ըսէ որ Պրուքլինի կեդրոնատեղիէն կը ստանանք մեր հրատարակութիւնները։ Ուղղակի Քը.Կէ.Պէ. պաշտօնեային աչքերուն նայէ։ Վախնալու ո՛չ մէկ պատճառ ունիս» (Մատ. 10։19)։
Այս խօսակցութենէն շատ չանցած, Նիքոլայ կանչուեցաւ Քը.Կէ.Պէ.–ին կեդրոնատեղին, Քանթին մէջ։ Ան պատմեց. «Պաշտօնեան հարցուց թէ ուրկէ՛ կը ստանանք մեր հրատարակութիւնները։ Իրեն ըսի որ Պրուքլինէն կը ստանանք։ Ան չգիտցաւ ինչ ըսէ այս կէտին շուրջ։ Զիս արձակեց ու անգամ
մըն ալ չկանչեց»։ Այսպիսի անվախ Վկաներ շարունակեցին բարի լուրը զգուշօրէն տարածել Խըրխըզիստանի հիւսիսը։ 1981–ին, Եհովայի մասին թանկագին ճշմարտութիւնը վերջապէս հասաւ ընտանիքիս։ Կինս՝ Մայրամպուպու, առաջինն էր որ լսեց զայն։ԿԻՆՍ ՇՈՒՏՈՎ ԸՆԴԱՌԱՋԵՑ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ
Մայրամպուպուն Խըրխըզիստանի Նարինի մարզէն է։ Օր մը, օգոստոս 1974–ին, ան այցելեց քրոջս տունը, ուր առաջին անգամ ըլլալով իրարու հանդիպեցանք։ Իսկոյն զինք հաւնեցայ եւ այդ նոյն օրը ամուսնացանք։
Յունուար 1981–ին, երբ Մայրամպուպուն պասով կ’երթար շուկայ, լսեց այս յօդուածին սկիզբը նշուած խօսակցութիւնը։ Կինս աւելին ուզեց գիտնալ, ուստի կնոջմէն խնդրեց որ ըսէ իր անունն ու հասցէն։ Ան ըսաւ որ իր անունը ‘Աբուն’ էր, բայց զգոյշ էր, քանի որ Վկաներուն գործունէութիւնը արգիլուած էր նոյնիսկ 1980–ականներուն։ Իր հասցէն տալու փոխարէն՝ Աբուն իր քովը գրեց մեր հասցէն։ Կինս ոգեւորուած՝ տուն հասաւ։
«Հոյակապ բաներ լսեցի», ըսաւ Մայրամպուպուն։ «Կին մը ինծի ըսաւ որ մօտ ատենէն մարդիկ այլեւս պիտի չմեռնին։ Նոյնիսկ վայրի անասունները ընտանի պիտի դառնան»։ Պատմածը հեքիաթի պէս էր ինծի համար։ Իրեն պատասխանեցի. «Սպասենք որ մեզի այցելէ եւ մանրամասնութիւններ տայ»։
Աբուն երեք ամիս ետք այցելեց մեզի։ Ետքը, մեզի այցելեցին առաջին խըրխըզ Վկաներէն ոմանք։ Այդ քոյրերը մեզի գիտցուցին Եհովային եւ մարդկութեան հանդէպ իր նպատակին մասին հրաշալի ճշմարտութիւններ։ Անոնք մեզի հետ սերտեցին Կորսուած Դրախտէն մինչեւ վերագտնուած Դրախտը գիրքը *։ Եւ քանի որ այս գիրքէն միայն մէկ օրինակ կար Թոքմոքին մէջ, ձեռքով ընդօրինակեցինք մեր անձնական օրինակները։
Ծննդոց 3։15–ին մարգարէութիւնը առաջին բաներէն էր որ սորվեցանք։ Այս մարգարէութիւնը պիտի կատարուի Յիսուսին միջոցաւ, որպէս Աստուծոյ Թագաւորութեան մեսիական Թագաւորը։ Բոլո՛ր մարդիկը պէտք է լսեն այս կարեւոր պատգամը։ Ատիկա կը ձգէ որ աւելի մղուինք բարի լուրը հռչակելու (Մատ. 24։14)։ Շատ չանցած, Աստուածաշունչին ճշմարտութիւնը սկսաւ մեր կեանքը փոխել։
ԱՐԳԻԼՈՒՄԻ ՏԱԿ՝ ԺՈՂՈՎՆԵՐՈՒ ԵՐԹԱԼ ԵՒ ՄԿՐՏՈՒԻԼ
Եղբայր մը մեզ հրաւիրեց հարսանիքի մը Թոքմոքին մէջ։ Կինս եւ ես շուտով նկատեցինք որ Վկաները տարբեր վարք ունէին։ Ալքոլ չկար հարսանիքին եւ ամէն բան պատշաճ կերպով ընթացաւ։ Մեծ տարբերութիւն կար այս հարսանիքին եւ մեր
գացած ուրիշ հարսանիքներու միջեւ, ուր հիւրերը յաճախ կը գինովնային, գէշ վարք կ’ունենային եւ կը հայհոյէին։Նաեւ ներկայ եղանք Թոքմոքի ժողովքին կարգ մը ժողովներուն։ Եթէ օդը լաւ ըլլար, ժողովները տեղի կ’ունենային անտառին մէջ։ Եղբայրներն ու քոյրերը գիտէին որ ոստիկանութիւնը ուշի–ուշով կը հետապնդէր մեր գործունէութիւնները, ատոր համար եղբայրները հսկիչ մը կը նշանակէին։ Ձմեռը տունի մը մէջ կը հաւաքուէինք։ Քանի մը անգամ, ոստիկանութիւնը եկաւ տունը եւ հարցուց թէ ինչ կ’ընէինք։ Երբ յուլիս 1982–ին ես եւ Մայրամպուպուն մկրտուեցանք Չուի գետին մէջ, շատ զգոյշ էինք (Մատ. 10։16)։ Եղբայրները պզտիկ խումբերով եկան եւ հաւաքուեցան անտառին մէջ։ Թագաւորութեան երգ մը երգեցինք եւ մկրտութեան դասախօսութիւնը մտիկ ըրինք։
ԱՌԻԹԸ Կ’ՕԳՏԱԳՈՐԾԵՆՔ ՈՐ ՄԵՐ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԸՆԴԱՐՁԱԿԵՆՔ
1987–ին, եղբայր մը ինձմէ խնդրեց որ հետաքրքրուած անհատի մը այցելեմ, որ Պալիքչի գիւղաքաղաքին մէջ կ’ապրէր։ Մեր տունէն հոն հասնելու համար պէտք էր չորս ժամ շոգեկառքով ճամբորդէինք։ Քանի մը անգամ Պալիքչի երթալէն ետք, նկատեցինք որ հոն բազմաթիւ հետաքրքրուած անհատներ կային։ Ատիկա առիթ մըն էր մեր ծառայութիւնը ընդարձակելու։
Մայրամպուպուն եւ ես յաճախ Պալիքչի կը ճամբորդէինք։ Գրեթէ բոլոր շաբաթավերջերը հոն կ’անցընէինք, ծառայութեան կ’երթայինք եւ ժողովներ կ’ունենայինք։ Մեր հրատարակութիւնները սկսան շատ պահանջուիլ։ Թոքմոքէն հրատարակութիւնները միշոք–ով կը տանէինք. պարկ մը՝ որով գետնախնձոր կը կրէին։ Ամէն ամիս հրատարակութիւններով լեցուն երկու պարկեր հազիւ պահանջքին գոհացում կու տային։ Նոյնիսկ շոգեկառքին մէջ ճամբորդներուն վկայութիւն կու տայինք, թէ՛ Պալիքչի գացած ատեն եւ թէ վերադարձած ատեն։
1995–ին՝ Պալիքչիի մէջ ժողովք մը հաստատուեցաւ, մեր առաջին այցելութենէն ութ տարի ետք։ Պալիքչի երթալ–գալը շատ ծախսի կը նայէր, բայց մենք շատ դրամ չունէինք։ Ինչպէ՞ս կրցանք գլուխ ելլել։ Եղբայր մը կանոնաւորաբար մեզի դրամ կու տար, որպէսզի կարենայինք մեր բոլոր ծախսերը գոցել։ Եհովան տեսաւ մեր ծառայութիւնը ընդարձակելու մեր փափաքը եւ «երկնքի պատուհանները» բացաւ մեզի (Մաղ. 3։10)։ Անկասկած, Եհովային քով ամէն բան կարելի է։
ԸՆՏԱՆԻՔՈՎ ԵՒ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՄԲ ԶԲԱՂԱԾ ԷԻՆՔ
1992–ին, երէց նշանակուեցայ. առաջին խըրխըզ երէցն էի երկրին մէջ։ Թոքմոքի մեր ժողովքին մէջ ծառայութեան նոր դռներ բացուեցան։ Արուեստից վարժարաններ յաճախող բազմաթիւ խըրխըզ ուսանողներու հետ Աստուածաշունչը կը սերտէինք։ Այդ երիտասարդներէն մէկը հիմա Մասնաճիւղի յանձնախումբին մէկ անդամն է, իսկ ուրիշ երկու անհատներ մասնաւոր ռահվիրաներ են։ Նաեւ կը ջանայինք ժողովներուն մէջ ուրիշներուն օգտակար ըլլալ։ 1990–ականներուն սկիզբը, թէ՛ մեր հրատարակութիւնները ռուսերէն լեզուով էին, թէ ալ ժողովները։ Բայց ժողովքին մէջ երթալէն կը շատնար այն անհատներուն թիւը, որոնց մայրենի լեզուն խըրխըզերէն էր։ Ատոր համար, ժողովին ընթացքին ներկայացուած նիւթերը կը թարգմանէի, ինչ որ ձգեց որ ճշմարտութիւնը աւելի լաւ ըմբռնեն։
Մայրամպուպուն եւ ես նաեւ զբաղած էինք մեր զաւակները մեծցնելով։ Մեզի հետ զանոնք ծառայութեան եւ ժողովներուն կը տանէինք։ Երբ մեր աղջիկը՝ Կուլսայրան միայն 12 տարեկան էր, կը սիրէր
ճամբան անցող–դարձողներուն խօսիլ Աստուածաշունչի մասին։ Մեր զաւակները կը սիրէին համարներ գոց սորվիլ։ Այս բաները ընելով՝ անոնք,– եւ յետագային նաեւ մեր թոռնիկները,– մեծապէս կը մասնակցէին ժողովքի գործունէութիւններուն։ Ողջ եղող 9 զաւակներէս եւ 11 թոռնիկներէս 16–ը Եհովային կը ծառայեն կամ ժողովներուն ներկայ կը գտնուին իրենց ծնողքին հետ։ՆՇԱՆԱՒՈՐ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Այն սիրելի եղբայրներն ու քոյրերը, որոնք 1950–ականներուն Եհովային խօսքը սկսան տարածել մեր շրջանին մէջ, պիտի ապշէին եթէ տեսնէին թէ ինչ փոփոխութիւններ տեղի ունեցած են։ Օրինակ, 1990–ականներէն սկսեալ աւելի ազատօրէն կը քարոզենք բարի լուրը եւ մեծ խումբերով մէկտեղ կը հաւաքուինք։
1991–ին, ես եւ կինս առաջին անգամ ըլլալով ներկայ գտնուեցանք համաժողովի մը Ղազախստանի Ալմա–Աթա քաղաքին մէջ, որ հիմակուան Ալմաթին է։ Իսկ 1993–ին, Խըրխըզիստանին մէջ առաջին համաժողովը տեղի ունեցաւ Պիշքեք քաղաքին Սպարտակ Սթատիումին մէջ։ Հրատարակիչները համաժողովին նախորդ շաբաթը սթատիումը մաքրեցին։ Տնօրէնը այնքան տպաւորուեցաւ, որ մեզմէ դրամ չառաւ սթատիումին համար։
1994–ին, ուրիշ յատկանշական իրադարձութիւն մը տեղի ունեցաւ. խըրխըզերէն լեզուով առաջին հրատարակութիւնը տպուեցաւ։ Այժմ, հրատարակութիւնները կանոնաւորաբար խըրխըզերէն լեզուով կը թարգմանուին թարգմանչական խումբի մը կողմէ, որ կը գտնուի Պիշքեքին մէջ եղող մասնաճիւղին մէջ։ 1998–ին, Վկաներուն գործունէութիւնը օրինաւոր ճանաչում ստացաւ Խըրխըզիստանին մէջ։ Այժմ հրատարակիչներուն թիւը հասած է աւելի քան 5000–ի, եւ ունինք 83 ժողովք եւ 25 խումբ, հետեւեալ լեզուներով՝ անգլերէն, թրքերէն, խըրխըզերէն, ուզպեքերէն, ուիղուրերէն, չինարէն, ռուսական նշանային լեզու եւ ռուսերէն։ Տարբեր ենթահողեր ունեցող բոլոր այս եղբայրներն ու քոյրերը Եհովային ուս–ուսի կը ծառայեն։ Եհովա՛ն է որ բոլոր այս նշանաւոր փոփոխութիւնները կարելի դարձուց։
Եհովան իմ կեանքս ալ փոխեց։ Ես մեծցայ գիւղացի համեստ ընտանիքի մը մէջ, եւ միայն հինգ տարի դպրոց գացի։ Բայց Եհովան օգնեց որ որպէս երէց ծառայեմ եւ աստուածաշնչական թանկագին ճշմարտութիւններ սորվեցնեմ ուսեալ մարդոց։ Արդարեւ, Եհովան ամէնէն ապշեցուցիչ բաները կ’իրագործէ։ Իմ փորձառութիւնս զիս կը մղէ, որ շարունակեմ հաւատարմօրէն վկայել Եհովային մասին, որուն քով «ամէն բան կարելի է» (Մատ. 19։26)։
^ պարբ. 21 Հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ, բայց այժմ սպառած է։