‘Աստուծոյ խօսքը զօրեղ է’
«Աստուծոյ խօսքը կենդանի է ու զօրեղ» (ԵԲ. 4։12)։
1. Ի՞նչը կը համոզէ քեզ թէ Աստուծոյ Խօսքը զօրեղ է (տե՛ս բացման նկարը)։
ԵՀՈՎԱՅԻ ժողովուրդը համոզուած է որ իր խօսքը,– մարդոց տրուած իր պատգամը,– «կենդանի է ու զօրեղ» (Եբ. 4։12)։ Մեր աչքով տեսած ենք, որ Սուրբ Գիրքը ինչպէ՛ս կեանքեր կը փոխէ։ Մեր եղբայրներէն ոմանք առաջ որ Վկայ ըլլան՝ գող էին, թմրեցուցիչ կը գործածէին կամ անբարոյ էին։ Ուրիշներ հարուստ էին կամ որոշ դիրք ունէին, բայց կը զգային որ պակաս բան մը կայ իրենց կեանքին մէջ (Ժող. 2։3-11)։ Ուրախ ենք որ շատեր, որոնք անցեալին անյոյս եւ կորսուած էին, այլեւս յոյս ունին եւ կեանքի տանող ճամբուն մէջ կը քալեն։ Շատ հաւանաբար այսպիսի փորձառութիւններ կարդացած ես՝ Դիտարան–ի «Աստուածաշունչը կեանքեր կը փոխէ» յօդուածաշարքին մէջ։ Նաեւ տեսած ես որ քրիստոնեաները, նոյնիսկ իրենց մկրտութենէն ետք, կը շարունակեն Սուրբ Գիրքին միջոցաւ հոգեւորապէս յառաջդիմել։
2. Աստուծոյ Խօսքը ինչպէ՞ս առաջին դարուն ազդեց մարդոց։
2 Զարմանալի չէ որ շատեր մեծ փոփոխութիւններ կ’ընեն երբ ճշմարտութիւնը ճանչնան։ Առաջին դարու մեր եղբայրներն ու քոյրերը, որ երկնային յոյսը ունէին, այսպիսի փոփոխութիւններ ըրին (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 6։)։ Երբ Պօղոս խօսեցաւ այն անձերուն մասին, որոնք պիտի չժառանգեն Աստուծոյ Թագաւորութիւնը, ան աւելցուց. «Դուք մէկ քանիներդ այնպիսիներ էիք»։ Անոնք Աստուծոյ Խօսքին եւ սուրբ հոգիին օգնութեամբ փոխուած էին։ Բայց ոմանք նոյնիսկ ճշմարտութիւնը գիտնալէ ետք լուրջ սխալներ ըրին, ինչ որ Եհովային հետ իրենց փոխյարաբերութեան ազդեց։ Օրինակ, Սուրբ Գիրքը կը նշէ օծեալ եղբայր մը որ վտարուեցաւ։ Ետքը, ան փոփոխութիւններ ըրաւ, որպէսզի կարենայ նորէն ժողովքին մէկ մասը ըլլալ ( 9-11Ա. Կոր. 5։1-5. Բ. Կոր. 2։5-8)։ Որքա՜ն կը քաջալերուինք գիտնալով որ մեր եղբայրներն ու քոյրերը Աստուծոյ Խօսքին զօրութեամբ բազմաթիւ փոփոխութիւններ ըրած են։
3. Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի տեսնենք։
3 Որովհետեւ Աստուծոյ Խօսքը շատ զօրաւոր է եւ Եհովան մեզի տուած է զայն, վստահաբար կ’ուզենք լաւագոյնս օգտուիլ անկէ (Բ. Տիմ. 2։15)։ Այս յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք, որ ինչպէ՛ս կրնանք Սուրբ Գիրքը աւելի գործածել՝ 1) մեր անձնական կեանքին մէջ, 2) ծառայութեան մէջ, եւ 3) երբ ամպիոնէն կը սորվեցնենք։ Ասոնք մեզի պիտի օգնեն, որ մեր սէրը եւ երախտապարտութիւնը ցուցնենք մեր երկնաւոր Հօր, որ օգտակար եղածը կը սորվեցնէ մեզի (Եսա. 48։17)։
ՄԵՐ ԱՆՁՆԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԻՆ ՄԷՋ
4. ա) Ի՞նչ կրնանք ընել որպէսզի Աստուծոյ Խօսքը մեզի ազդէ։ բ) Ինչպէ՞ս ժամանակ կը գտնես Սուրբ Գիրքը կարդալու։
4 Եթէ կ’ուզենք որ Աստուծոյ Խօսքը մեզի ազդէ, պէտք է կանոնաւորաբար կարդանք զայն։ Պէտք է ջանանք ամէն օր կարդալ զայն (Յես. 1։8)։ Մեր մեծամասնութիւնը շատ զբաղած կեանք ունի, բայց պէտք չէ ձգենք որ բան մը,– մէջը ըլլալով մեր պատասխանատուութիւնները,– արգելք ըլլայ որ Սուրբ Գիրքը կարդանք (կարդա՛ Եփեսացիս 5։15, 16)։ Եհովային ժողովուրդէն շատեր կը հնարեն կերպեր, որպէսզի Սուրբ Գիրքը կարդալու ժամանակ ունենան, ըլլայ առտուն, իրիկունը կամ օրուան ընթացքին։ Անոնք սաղմոսերգուին պէս կը զգան, որ գրեց. «Ո՜րչափ կը սիրեմ քու օրէնքդ։ Ա՛յն է ամէն օր իմ մտածութիւնս» (Սաղ. 119։97)։
5, 6. ա) Խոկալը ինչո՞ւ կարեւոր է։ բ) Ինչպէ՞ս կրնանք լաւ կերպով խոկալ։ գ) Ինչպէ՞ս օգտուած ես Աստուծոյ Խօսքը կարդալով եւ ատոր վրայ խոկալով։
5 Պարզապէս Սուրբ Գիրքը կարդալը բաւարար չէ. կարեւոր է որ մեր կարդացածին վրայ խոկանք (Սաղ. 1։1-3)։ Միայն այդ ժամանակ է որ պիտի կարենանք ատոր իմաստութիւնը լաւագոյն կերպով գործադրել մեր կեանքին մէջ։ Երբ Աստուծոյ Խօսքը կը կարդանք,– ըլլայ տպուած կամ ելեկտրոնային,– ատիկա մեզի համար պարզապէս թուղթ ու մելան պէտք չէ ըլլայ, հապա պէտք է մեր սրտին դպչի։
ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ
7. Ծառայութեան մէջ ինչպէ՞ս կրնանք Աստուծոյ Խօսքը լաւ կերպով գործածել։
7 Կարեւոր է որ Աստուծոյ Խօսքը յաճախ գործածենք ծառայութեան մէջ։ Եղբայր մը ըսաւ. «Եթէ անձամբ Եհովային հետ տունէ տուն ծառայէիր, լման ժամանակը դո՞ւն կը խօսէիր, թէ ոչ կը ձգէիր որ Եհովան ալ խօսի»։ Այսինքն, երբ ծառայութեան մէջ ուղղակի Աստուծոյ Խօսքէն կարդանք, թոյլ տուած կ’ըլլանք որ Եհովան խօսի տանտէրին։ Լաւ ընտրուած համար մը շատ աւելի զօրաւոր պիտի ըլլայ քան՝ որեւէ բան որ մենք պիտի ըսենք (Ա. Թես. 2։13)։ Դուն քեզի հարցուր. ‘Ամէն առիթ կը գործածե՞մ որ Աստուծոյ Խօսքէն մաս մը կարդամ անոնց՝ որոնց կու տամ բարի լուրը’։
8. Ինչո՞ւ չի բաւեր որ պարզապէս համար մը կարդանք մարդոց։
8 Բայց չի բաւեր որ համար մը կարդանք անոնց որ կը քարոզենք։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ շատեր չեն հասկնար Սուրբ Գիրքին ըսածներուն իմաստը։ Ասիկա էր պարագան առաջին դարուն, եւ հիմա ալ նոյնն է (Հռով. 10։2)։ Ուրեմն, պէտք չէ կարծենք որ տանտէրը պարզապէս մեր կարդալով պիտի հասկնայ համարին իմաստը։ Կրնանք իրեն օգնել՝ համարին կարգ մը բառերը կամ արտայայտութիւնները նորէն կրկնելով եւ անոնց իմաստը բացատրելով։ Այսպիսով, Աստուծոյ Խօսքը կրնայ հասնիլ մարդոց մտքին ու սրտին (կարդա՛ Ղուկաս 24։32)։
9. Ինչպէ՞ս կրնանք համարները անանկ մէկ ներկայացնել, որ տանտէրը յարգէ Սուրբ Գիրքը. օրինակ մը տուր։
9 Նաեւ լաւ կ’ըլլայ որ համարները անանկ մէկ ներկայացնենք, որ տանտէրը յարգէ Սուրբ Գիրքը։ Օրինակ, կրնանք ըսել. «Տեսնենք թէ մեր Ստեղծիչը ի՛նչ կ’ըսէ այս նիւթին մասին»։ Երբ կը խօսինք անձի մը հետ որ քրիստոնեայ չէ, կրնանք ըսել. «Տես թէ Սուրբ Գրութիւնները ի՛նչ կ’ըսեն մեզի»։ Իսկ եթէ կը խօսինք անձի մը հետ որ կրօնքով հետաքրքրուած չէ, կրնանք ըսել. «Այս հին առակը լսա՞ծ ես»։ Այսպիսով ամէն մէկ անձի հաւատալիքները եւ հետաքրքրութիւնները նկատի կ’առնենք եւ համարները ատոր հիման վրայ կը ներկայացնենք (Ա. Կոր. 9։22, 23)։
10. ա) Եղբօր մը ի՞նչ պատահեցաւ։ բ) Աստուծոյ Խօսքին զօրութիւնը ինչպէ՞ս տեսած ես ծառայութեանդ մէջ։
10 Շատեր նկատած են որ Աստուծոյ Խօսքը կրնայ շատ զօրաւոր ազդեցութիւն ունենալ իրենց քարոզած անհատներուն վրայ։ Օրինակ, եղբայր մը վերայցելեց ծեր մարդու մը, որ երկար տարիներէ ի վեր մեր պարբերաթերթերը կը կարդար։ Փոխանակ պարզապէս Դիտարան–ին վերջին թիւը տալու, եղբայրը որոշեց այդ թիւին մէջ եղող համար մը կարդալ։ Ան կարդաց Բ. Կորնթացիս 1։3, 4–ը, որ կ’ըսէ. «Գթութեան Հայրը եւ ամէն մխիթարութեան Աստուածը. . . մեզ կը մխիթարէ մեր բոլոր նեղութիւններուն մէջ»։ Տանտէրը այնքա՛ն ազդուեցաւ այս խօսքերով, որ եղբօրմէն խնդրեց որ համարը դարձեալ կարդայ։ Ետքը, մարդը ըսաւ որ ինք եւ իր կինը շատ պէտք ունին մխիթարութեան, եւ այսպիսով հետաքրքրուեցաւ Սուրբ Գիրքով։ Չե՞ս համաձայնիր որ Աստուծոյ Խօսքը շատ զօրաւոր է ծառայութեան մէջ (Գործք 19։20)։
ԵՐԲ ԱՄՊԻՈՆԷՆ ԿԸ ՍՈՐՎԵՑՆԵՍ
11. Ամպիոնէն սորվեցնող եղբայրները ի՞նչ պատասխանատուութիւն ունին։
11 Բոլորս կը սիրենք ժողովներու եւ համաժողովներու երթալ։ Կ’երթանք գլխաւորաբար որպէսզի Եհովան պաշտենք։ Նաեւ հոն շատ բաներ կը սորվինք։ Այս պատճառով, ամպիոնէն խօսիլը եղբայրներուն համար մեծ առանձնաշնորհում մըն է, եւ միեւնոյն ատեն՝ լուրջ պատասխանատուութիւն մը (Յակ. 3։1)։ Անոնք միշտ պէտք է վստահ ըլլան, որ իրենց սորվեցուցածը Աստուծոյ Խօսքին վրայ հիմնուած է։ Եթէ այս առանձնաշնորհումը ունիս, ինչպէ՞ս կրնաս Սուրբ Գիրքին զօրութիւնը գործածել որ ներկաներուն սրտին դպչիս։
12. Դասախօս մը ինչպէ՞ս կրնայ վստահ ըլլալ, որ իր դասախօսութիւնը հիմնուած է Սուրբ Գիրքին վրայ։
12 Դասախօսութեան մէջ պէտք է համարները ամէնէն կարեւոր մասը ըլլան (Յովհ. 7։16)։ Ասոր համար, շատ ուշադիր եղիր որ խօսելու կերպդ, եւ գործածած փորձառութիւններդ ու օրինակներդ, Սուրբ Գիրքէն աւելի ուշադրութիւն չգրաւեն։ Նաեւ յիշէ թէ պարզապէս համարներ կարդալը չի նշանակեր որ Սուրբ Գիրքէն կը սորվեցնես։ Իրականութեան մէջ, եթէ շատ համարներ կարդաս, կրնայ ըլլալ որ ատոնցմէ ո՛չ մէկը ներկաներուն մտքին մէջ մնայ։ Ասոր համար, ուշադրութեամբ զատէ կարդալիք համարներդ, եւ ժամանակ տուր որ զանոնք կարդաս, բացատրես, օրինակով մը յստակացնես եւ ցուցնես թէ ինչպէ՛ս կը կիրարկուին (Նէ. 8։8)։ Եթէ դասախօսութիւնը հիմնուած է ուրուագիծի մը վրայ, վերլուծէ նիւթը եւ գործածուած համարները։ Ջանա՛ հասկնալ որ նշուած կէտերը ի՛նչ կապ ունին համարներուն հետ։ Ետքը, այդ համարներէն քանի մը հատը զատէ, որպէսզի ուրուագիծին կէտերը սորվեցնես (կրնաս գործնական առաջարկներ գտնել Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք գիրքին 21-23 ուսումնասիրութիւններուն մէջ)։ Ամէնէն կարեւորը, Եհովայէն խնդրէ որ քեզի օգնէ, որ կարենաս իր Խօսքին արժէքաւոր գաղափարները փոխանցել (կարդա՛ Եզրաս 7։10. Առակաց 3։13, 14)։
13. ա) Քոյր մը ինչպէ՞ս ազդուեցաւ երբ ժողովին մէջ համար մը լսեց։ բ) Ժողովին մէջ համարներով սորվեցնելը ինչպէ՞ս քեզի ազդած է։
13 Աւստրալիոյ մէջ քոյր մը ցաւալի մանկութիւն ունեցած է։ Թէեւ ան Եհովան ճանչցաւ ու մկրտուեցաւ, բայց իրեն համար տակաւին շատ դժուար էր հաւատալ, որ Եհովան զինք կը սիրէ։ Օր մը՝ ժողովին մէջ, ան լսեց համար մը որ իր սրտին դպաւ։ Ան այդ համարին վրայ խոկաց եւ պրպտում ընելով կարդաց կապ ունեցող ուրիշ համարներ ալ։ Այսպիսով ան համոզուեցաւ որ Եհովան զինք կը սիրէ *։ Քու հետդ ալ պատահա՞ծ է որ ժողովին կամ համաժողովին լսած ես համար մը, որ քեզի ազդած է (Նէ. 8։12)։
14. Ինչպէ՞ս կրնանք ցուցնել որ կը գնահատենք Աստուծոյ Խօսքը։
14 Եհովային երախտապարտ չե՞նք որ իր գրաւոր Խօսքը՝ Սուրբ Գիրքը, տուած է մեզի։ Ան խոստացաւ որ ատիկա միշտ պիտի մնայ, եւ իր այս խօսքին տէրը ելաւ (Ա. Պետ. 1։24, 25)։ Վստահաբար կ’ուզենք Աստուծոյ Խօսքը կանոնաւորաբար կարդալ, զայն գործադրել մեր կեանքին մէջ եւ զայն գործածել ուրիշներուն օգնելու։ Այսպիսով ցուցուցած կ’ըլլանք, որ իսկապէս կը սիրենք ու կը գնահատենք այս գանձը եւ ատոր Հեղինակը՝ Եհովա Աստուած։
^ պարբ. 13 Տե՛ս « Միտքս փոխուեցաւ» շրջանակը։