Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 4

Եհովան կ’օրհնէ Յիշատակատօնը տօնելու մեր ջանքերը

Եհովան կ’օրհնէ Յիշատակատօնը տօնելու մեր ջանքերը

«Ասիկա ըրէք զիս յիշելու համար» (ՂՈՒԿ. 22։19

ԵՐԳ 8 Տէրունական ընթրիքը

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ a

1-2. Ինչո՞ւ ամէն տարի Յիշատակատօնին ներկայ կ’ըլլանք։

 ԳՐԵԹԷ 2000 տարի առաջ, Յիսուս իր կեանքը տուաւ մեզի համար, այսպէս ճամբան բանալով որ յաւիտենական կեանք ունենանք։ Իր մահուան նախորդող գիշերը, Յիսուս իր հետեւորդներուն պատուիրեց, որ իր փրկանքը յիշեն պարզ արարողութեամբ մը, ուր հաց ու գինի պիտի գործածուէր (Ա. Կոր. 11։23-26

2 Մենք Յիսուսի պատուէրին կը հնազանդինք, քանի որ զինք շա՜տ կը սիրենք (Յովհ. 14։15)։ Ամէն տարի, Յիշատակատօնի շրջանին, մեր գնահատանքը ցոյց կու տանք՝ ժամանակ տրամադրելով որ խոկանք իր մահուան վրայ եւ անոր մասին աղօթենք։ Նաեւ ուրախութեամբ մեր ծառայութիւնը կ’աւելցնենք՝ կարելի եղածին չափ շատ անհատներ քաջալերելով, որ մեզի հետ ներկայ գտնուին այս յատուկ առիթին։ Եւ անշուշտ վճռած ենք թոյլ չտալ որ որեւէ բան արգելք ըլլայ որ Յիշատակատօնին ներկայ ըլլանք։

3. Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի քննարկենք։

3 Այս յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք երեք կերպեր, որոնցմով Եհովային ժողովուրդը ջանքեր թափած է Յիսուսին մահը յիշատակելու համար. 1) Յիշատակատօնը տօնել Յիսուսին սորվեցուցած կերպով, 2) ուրիշները Յիշատակատօնին հրաւիրել եւ 3) Յիշատակատօնը տօնել հակառակ դժուար պարագաներուն։

ՅԻՇԱՏԱԿԱՏՕՆԸ ՏՕՆԵԼ ՅԻՍՈՒՍԻՆ ՍՈՐՎԵՑՈՒՑԱԾ ԿԵՐՊՈՎ

4. Ամէն տարի Յիշատակատօնին, ի՞նչ ճշմարտութիւններ կը յիշեցուին, եւ ինչո՞ւ պէտք չէ այս ճշմարտութիւնները թեթեւի առնենք (Ղուկաս 22։19, 20

4 Ամէն տարի Յիշատակատօնին, Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած դասախօսութիւն մը մտիկ կ’ընենք, ուր կարեւոր հարցումներու պատասխանները կը տրուին։ Կը սորվինք, թէ մարդկութիւնը ինչո՛ւ փրկանքի պէտք ունի եւ թէ ինչպէ՛ս մէկ մարդու մահը կրնայ շատերու մեղքերը քաւել։ Մեզի յիշեցում կը տրուի թէ հացն ու գինին ի՛նչ կը խորհրդանշեն եւ թէ որո՛նք անոնց պէտք է մասնակցին (կարդա՛ Ղուկաս 22։19, 20)։ Եւ կը խոկանք այն օրհնութիւններուն վրայ, որոնք երկրի վրայ յաւիտեան ապրողները պիտի վայելեն (Եսա. 35։5, 6. 65։17, 21-23)։ Պէտք չէ այս ճշմարտութիւնները թեթեւի առնենք։ Միլիառաւոր մարդիկ ատոնք չեն հասկնար եւ Յիսուսի թանկագին փրկանքը չեն արժեւորեր։ Եւ անոնք Յիսուսին մահը չեն յիշատակեր իր սորվեցուցած կերպով։ Ինչո՞ւ։

5. Առաքեալներուն մեծամասնութիւնը մեռնելէն ետք, մարդիկ ինչպէ՞ս սկսան Յիսուսի մահը յիշատակել։

5 Յիսուսի առաքեալներուն մեծամասնութիւնը մեռնելէն ետք, սուտ քրիստոնեաներ մտան քրիստոնէական ժողովքին մէջ (Մատ. 13։24-27, 37-39)։ Անոնք ‘ծուռ բաներ խօսեցան՝ աշակերտները իրենց ետեւէն քաշելու համար’ (Գործք 20։29, 30)։ Այն «ծուռ բաներ»էն մէկը, որ սուտ քրիստոնեաները սկսան սորվեցնել, այն էր որ Յիսուս ոչ թէ իր մարմինը ‘մէկ անգամ պատարագ մատուցանեց՝ շատերուն մեղքերը վերցնելու համար’, ինչպէս Աստուածաշունչը կ’ըսէ, հապա թէ իր զոհը պէտք է կրկին ու կրկին անգամ մատուցուի (Եբ. 9։27, 28)։ Այսօր շատ մը անկեղծ մարդիկ այդ սուտ վարդապետութեան կը հաւատան։ Անոնք եկեղեցիներուն մէջ կանոնաւորաբար կը հաւաքուին,– ատեններ ամէն օր,– մասնակցելու արարողութեան մը, որ կը կոչեն «Պատարագ» b։ Ուրիշ կրօնական կազմակերպութիւններ այդքան յաճախ Յիսուսին մահը չեն յիշատակեր եւ անոնց անդամներուն մեծամասնութեան համար յստակ չէ թէ Յիսուսի զոհը ի՛նչ ըրած է։ Ոմանք թերեւս հարց տան. ‘Յիսուսին մեռնիլը իրապէս կը նշանակէ՞ թէ մեղքերս կրնան ներուիլ’։ Անոնք ինչո՞ւ այս հարցը կու տան։ Քանի որ ազդուած են մարդոցմէ, որոնք կ’ըսեն թէ մեղքերը չեն կրնար ներուիլ Յիսուսին մահուան միջոցաւ։ Յիսուսին ճշմարիտ հետեւորդները այս հարցին նկատմամբ մարդոց ինչպէ՞ս օգնած են։

6. 1872–ին, խումբ մը Աստուածաշունչի Աշակերտներ ի՞նչ եզրակացութեան հասած էին։

6 19–րդ դարու վերջաւորութեան, խումբ մը Աստուածաշունչի Աշակերտներ Չարլզ Թէյզ Ռասըլի առաջնորդութեամբ, սկսան Աստուածաշունչը խորապէս սերտել։ Անոնք ուզեցին ճշմարտութիւնը գիտնալ՝ Յիսուսի փրկանքին արժէքին նկատմամբ եւ թէ ինչպէ՛ս իր մահը պէտք է յիշատակուի։ 1872–ին, անոնք Աստուածաշունչին վրայ հիմնուելով արդէն հասած էին այն եզրակացութեան, որ Յիսուս իրապէս փրկանք հայթայթեց բոլոր մարդկութեան համար։ Եւ իրենց այս գիտցածը իրենց չպահեցին, հապա տարածեցին՝ գիրքերու, լրաթերթերու եւ պարբերաթերթերու միջոցաւ։ Եւ սկիզբէն իսկ առաջին դարու քրիստոնեաներուն օրինակին հետեւելով, անոնք սկսան տարին մէկ անգամ Յիշատակատօնը տօնել։

7. Այսօր ինչպէ՞ս կ’օգտուինք Աստուածաշունչի Աշակերտներուն ըրած փնտռտուքէն։

7 Այսօր մենք կ’օգտուինք այդ անկեղծ քրիստոնեայ տղամարդոց փնտռտուքներէն։ Ինչպէ՞ս։ Եհովան մեր աչքերը բացած է, որ տեսնենք թէ Յիսուսին զոհը ի՛նչ կը նշանակէ եւ թէ մեզի եւ ամբողջ մարդկութեան համար ի՛նչ պիտի ընէ (Ա. Յովհ. 2։1, 2)։ Նաեւ սորված ենք որ Աստուածաշունչը երկու տեսակի յոյս կու տայ Աստուած հաճեցնող մարդոց. ոմանց համար անմահ կեանք երկինքին մէջ, իսկ ուրիշ միլիոնաւորներու համար յաւիտենական կեանք երկրի վրայ։ Երբ նկատի կ’առնենք թէ Եհովան մեզ որքա՜ն կը սիրէ, եւ թէ որչա՛փ անձամբ կ’օգտուինք Յիսուսի զոհէն, Եհովային աւելի կը մօտենանք (Ա. Պետ. 3։18. Ա. Յովհ. 4։9)։ Այդպէս, անցեալի հաւատարիմ եղբայրներուն պէս, մենք ալ ուրիշները կը հրաւիրենք որ մեզի հետ Յիշատակատօնը տօնեն Յիսուսին սորվեցուցած կերպով։

ՈՒՐԻՇՆԵՐԸ ՀՐԱՒԻՐԵԼ ՅԻՇԱՏԱԿԱՏՕՆԻՆ

Ի՞նչ կրնաս ընել, որպէսզի Յիշատակատօնի հրաւիրագիրը բաժնելու արշաւին լիովին մասնակցիս (տե՛ս պարբ. 8-10) e

8. Եհովայի ծառաները ի՞նչ ըրած են ուրիշները Յիշատակատօնի հրաւիրելու համար (տե՛ս նկարը)։

8 Եհովային ծառաները երկա՜ր տարիներէ ի վեր մարդիկը կը հրաւիրեն Յիշատակատօնի։ 1881–էն իսկ Միացեալ Նահանգներուն մէջ եղբայրներ ու քոյրեր հրաւիրուեցան այդ յատուկ առիթին ներկայ գտնուելու տան մը մէջ, որ կը գտնուէր Էլլիկէյնիի մէջ, Փէնսիլվանիա։ Անկէ ետք, ամէն մէկ ժողովք զատ–զատ Յիշատակատօնը ունեցաւ։ Մարտ 1940–ին, հրատարակիչներուն ըսուեցաւ, որ կրնային իրենց թաղամասին մէջ գտնուող հետաքրքրուող մարդիկը հրաւիրել։ 1960–ին, առաջին անգամ ըլլալով Բեթէլը ժողովքներուն տուաւ տպուած հրաւիրագիրներ։ Անկէ ի վեր, Յիշատակատօնի միլիառաւոր հրաւիրագիրներ բաժնուած են։ Մենք ինչո՞ւ այսքան ժամանակ կու տանք եւ ջանք կ’ընենք, որ ուրիշները հրաւիրենք։

9-10. Որո՞նք կ’օգտուին Յիշատակատօնի հրաւիրելու մեր ջանքերէն (Յովհաննէս 3։16

9 Պատճառներէն մէկը թէ ինչո՛ւ կ’ուզենք ուրիշները հրաւիրել, այն է որ կ’ուզենք որ նորեկները գիտնան թէ Եհովան ու Յիսուսը ի՛նչ ըրած են մեր բոլորին համար (կարդա՛ Յովհաննէս 3։16)։ Մենք յոյս ունինք որ այն ինչ որ Յիշատակատօնին կը տեսնեն ու կը լսեն զիրենք պիտի մղեն որ աւելին գիտնան եւ Եհովայի ծառաները ըլլան։ Բայց ուրիշներ ալ կ’օգտուին։

10 Նաեւ կը հրաւիրենք անոնք, որոնք այլեւս Եհովային չեն ծառայեր։ Զիրենք կը հրաւիրենք իրենց յիշեցնելու համար, որ Աստուած տակաւին զիրենք կը սիրէ։ Շատեր կ’ընդառաջեն մեր հրաւէրին։ Եւ մենք շատ կ’ուրախանանք զիրենք տեսնելով։ Յիշատակատօնին ներկայ գտնուիլը իրենց կը յիշեցնէ թէ անցեալին որքա՛ն հաճելի էր Եհովային ծառայելը։ Նկատի առ Մոնիքային օրինակը c։ Ան ՔՈՎԻՏ–19 համավարակին ընթացքին, ետ գործունեայ հրատարակիչ դարձաւ։ 2021–ին, Յիշատակատօնին ներկայ ըլլալէ ետք, ան ըսաւ. «Այս Յիշատակատօնը ինծի համար շատ յատուկ էր։ 20 տարուան մէջ առաջին անգամ ըլլալով կրցայ մարդոց վկայութիւն տալ եւ զիրենք հրաւիրել Յիշատակատօնի։ Ատիկա ամբողջ սրտովս ըրի, քանի որ Եհովային եւ Յիսուսին շատ շնորհակալ եմ այն բանին համար որ ըրին ինծի համար» (Սաղ. 103։1-4)։ Մարդիկ մեր հրաւէրին ընդառաջե՛ն կամ ոչ, մենք պարտաճանաչ կերպով ուրիշները կը հրաւիրենք Յիշատակատօնին, գիտնալով որ Եհովան կը գնահատէ մեր ջանքերը։

11. Եհովան ինչպէ՞ս մարդիկը Յիշատակատօնի հրաւիրելու մեր ջանքերը օրհնած է (Անգէ 2։7

11 Եհովան առատապէս օրհնած է մարդիկը Յիշատակատօնի հրաւիրելու մեր ջանքերը։ 2021–ին, հակառակ ՔՈՎԻՏ–19 համավարակին պատճառաւ դրուած սահմանափակումներուն, ներկաներուն թիւը հասաւ գագաթնակէտի՝ 21,367,603։ Եւ ասիկա ամբողջ աշխարհի մէջ Եհովայի վկաներու թիւին գրեթէ երկուքուկէս անգամն է։ Անշուշտ թիւերը չեն որ Եհովան կը հետաքրքրեն, հապա ան հետաքրքրուած է անհատներով (Ղուկ. 15։7. Ա. Տիմ. 2։3, 4)։ Մենք համոզուած ենք որ Եհովան մեր հրաւիրելու գործը կը գործածէ, որպէսզի մեզի օգնէ անկեղծ սիրտ ունեցող մարդիկը գտնելու (կարդա՛ Անգէ 2։7

ՅԻՇԱՏԱԿԱՏՕՆԸ ՏՕՆԵԼ ՀԱԿԱՌԱԿ ԴԺՈՒԱՐ ՊԱՐԱԳԱՆԵՐՈՒ

Եհովան կ’օրհնէ Յիշատակատօնը տօնելու մեր ջանքերը (տե՛ս պարբ. 12) f

12. Ի՞նչ պարագաներ կրնան դժուարացնել որ Յիշատակատօնը տօնենք (տե՛ս նկարը)։

12 Յիսուս մարգարէացաւ որ վերջին օրերուն ընթացքին, շատ մը դժուար պարագաներու մէջ պիտի ըլլայինք. ընտանեկան հակառակութիւն, հալածանք, պատերազմներ, հիւանդութիւններ եւ շատ մը ուրիշ բաներ (Մատ. 10։36. Մար. 13։9. Ղուկ. 21։10, 11)։ Ատեններ, այս պարագաները մեզի համար կը դժուարացնեն Յիսուսին մահը յիշատակելը։ Մեր եղբայրներն ու քոյրերը ի՞նչ ըրած են որ այդ դժուարութիւններուն հետ գլուխ ելլեն, եւ Եհովան իրենց ինչպէ՞ս օգնած է։

13. Եհովան ինչպէ՞ս Արդեմը օրհնեց, երբ ան քաջութեամբ վճռեց Յիշատակատօնը տօնել բանտին մէջ։

13 Բանտարկութիւն։ Մեր այն եղբայրները, որոնք իրենց հաւատքին համար բանտարկուած են, իրենց ամէն կարելին կ’ընեն, որ Յիսուսին մահը յիշատակեն։ Նկատի առ Արդեմի օրինակը։ 2020–ի Յիշատակատօնի շրջանին, ան 17 քառակուսի մեթր եղող բանտի սենեակի մը մէջ բանտարկուած էր ուրիշ հինգ բանտարկեալներու հետ։ Բանտարկուած ըլլալով հանդերձ, ան կրցաւ Յիշատակատօնին խորհրդանիշները ապահովել եւ որոշեց Յիշատակատօնի դասախօսութիւնը տալ ինքն իրեն համար։ Բայց իր սենեակին մէջ եղողները կը ծխէին ու կը հայհոյէին։ Ան ի՞նչ ըրաւ։ Իրենցմէ խնդրեց որ միայն մէկ ժամ չհայհոյեն ու չծխեն։ Արդեմ զարմացաւ, երբ անոնք համաձայնեցան այդպէս ընել Յիշատակատօնին ատեն։ Արդեմ կ’ըսէ. «Ուզեցի իրենց պատմել Յիշատակատօնին մասին»։ Անոնք ըսին որ չեն ուզեր բան մը գիտնալ այդ դէպքին մասին։ Բայց երբ տեսան թէ Արդեմ ինչպէ՛ս Յիշատակատօնը տօնեց, իրեն շատ բաներ հարցուցին անոր մասին։

14. Ի՞նչ ջանքեր թափուեցան, որպէսզի Յիշատակատօնը տօնուի հակառակ ՔՈՎԻՏ–19 համավարակին։

14 ՔՈՎԻՏ–19 համավարակը։ Երբ այս համավարակը տարածուեցաւ, Եհովայի ժողովուրդը չկրցաւ սրահներու մէջ հաւաքուիլ Յիշատակատօնը տօնելու համար։ Բայց ատիկա արգելք չեղաւ որ անոնք Յիշատակատօնը տօնեն d։ Ինթըրնէթ ունեցող ժողովքները վիտէոյով դիտեցին Յիշատակատօնը։ Իսկ ի՞նչ ըրին այն միլիոնաւորները, որոնք ինթըրնէթ չունէին։ Կարգ մը երկիրներու մէջ, կարգադրութիւններ եղան որ կարելի ըլլայ դասախօսութիւնը հեռատեսիլի կամ ռատիոյի միջոցաւ մտիկ ընել։ Ասկէ զատ, մասնաճիւղեր դասախօսութիւնը արձանագրեցին աւելի քան 500 լեզուներով, որպէսզի նոյնիսկ անոնք որոնք հեռաւոր շրջաններու մէջ կը գտնուին, կարենան Յիշատակատօնը տօնել։ Եւ հաւատարիմ եղբայրներ կարգադրութիւններ ըրին, որպէսզի այդ արձանագրութիւնները հասնին այդ շրջանները։

15. Ի՞նչ կը սորվիս Սու անունով Աստուածաշունչի աշակերտի մը օրինակէն։

15 Ընտանեկան հակառակութիւն։ Ոմանց համար դժուար է Յիշատակատօնին ներկայ ըլլալ, քանի որ իրենց ընտանիքը իրենց կը հակառակի։ Նկատի առ Սու անունով Աստուածաշունչի աշակերտի մը օրինակը։ 2021–ին, Յիշատակատօնէն մէկ օր առաջ, Սու իրեն հետ սերտողին ըսաւ, որ քանի որ իր ընտանիքը իրեն կը հակառակէր, պիտի չկարենար Յիշատակատօնին ներկայ ըլլալ։ Իրեն հետ սերտողը իրեն կարդաց Ղուկաս 22։44–ը։ Ան բացատրեց թէ երբ դժուարութիւններէ կ’անցնինք, պէտք է հետեւինք Յիսուսի օրինակին՝ Եհովային աղօթելով եւ լիովին իրեն վստահելով։ Յաջորդ օրը Սուն խորհրդանիշները պատրաստեց եւ առաւօտեան պաշտամունքի յատուկ յայտագիրը դիտեց jw.org կայքին վրայ։ Այդ իրիկուն, ան իր սենեակին մէջ Յիշատակատօնը դիտեց հեռաձայնով։ Անկէ ետք, Սուն իրեն հետ սերտողին գրեց. «Դուն երէկ զիս շատ քաջալերեցիր։ Ամէն բան ըրի, որ Յիշատակատօնին ներկայ ըլլամ եւ մնացեալը իրապէս Եհովան հոգ տարաւ։ Չեմ կրնար խօսքերով արտայայտել թէ որքա՜ն ուրախ եւ շնորհակալ եմ»։ Կը կարծե՞ս որ Եհովան կրնայ քեզի ալ օգնել, եթէ նոյնանման պարագայի մը մէջ ես։

16. Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ, որ Եհովան պիտի օրհնէ Յիշատակատօնին ներկայ ըլլալու մեր ջանքերը (Հռովմայեցիս 8։31, 32

16 Եհովան մեծապէս կը գնահատէ Յիսուսին մահը յիշատակելու մեր ջանքերը։ Կրնանք վստահ ըլլալ որ ան մեզ պիտի օրհնէ, երբ մեր գնահատանքը ցոյց տանք իր ըրածին համար (կարդա՛ Հռովմայեցիս 8։31, 32)։ Ուրեմն, ամէն բան ընենք որ այս տարի Յիշատակատօնին ներկայ ըլլանք եւ այդ ամիսներուն հոգեւոր գործունէութիւններուն աւելի մասնակցինք։

ԵՐԳ 149 Փրկանքին համար երախտապարտ ենք

a Երեքշաբթի, 4 ապրիլ 2023–ին, միլիոնաւոր անհատներ Քրիստոսի մահուան Յիշատակատօնը պիտի տօնեն։ Շատեր առաջին անգամ ըլլալով ներկայ պիտի ըլլան։ Ուրիշներ, որոնք նախապէս գործունեայ Վկաներ էին, տարիներ ետք առաջին անգամ ըլլալով մեզի պիտի միանան։ Ոմանք դժուար պարագաներ ունենալով հանդերձ ներկայ պիտի ըլլան։ Ի՛նչ ալ ըլլան քու պարագաներդ, կրնաս վստահ ըլլալ որ Եհովան ուրախ պիտի ըլլայ, որ ջանքեր կը թափես ներկայ ըլլալու համար։

b Պատարագին մասնակցողները կը հաւատան, որ պատարագին ընթացքին հացն ու գինին կը դառնան Քրիստոսի մարմինն ու արիւնը։ Անոնք կը հաւատան որ իրականութեան մէջ Յիսուսին մարմինն ու արիւնը կը զոհաբերուին ամէն անգամ որ մէկը այս պատարագին կը մասնակցի։

c Կարգ մը անուններ փոխուած են։

d Տե՛ս նաեւ «2021–ի Յիշատակատօնը» յօդուածները jw.org կայքին վրայ (անգլ.)։

e ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. 1960–ականներէն սկսեալ, Յիշատակատօնի հրաւիրագիրները բարելաւուած են եւ հիմա ատոնք կարելի է գտնել տպուած եւ ելեկտրոնային կերպով։

f ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Խաղարկութիւն. Եղբայրներ ու քոյրեր Յիշատակատօնը կը տօնեն քաղաքային խռովութեան ատեն։