Փողի հնչեցումներուն ինչպէ՞ս կ’ընդառաջենք
ԲՈԼՈՐՍ համոզուած ենք, որ Եհովան այս «վերջին օրեր»ուն ընթացքին իր ժողովուրդը կ’առաջնորդէ ու հոգեւորապէս կը սնուցանէ (Բ. Տիմ. 3։1)։ Անշուշտ, մեր իւրաքանչիւրին որոշումն է, թէ ինչպէ՛ս ատոր կ’ընդառաջենք։ Կրնանք մեր պարագան բաղդատել իսրայէլացիներուն պարագային հետ, երբ անապատին մէջ կը թափառէին։ Անոնք պէտք էր գործի անցնէին, երբ փողի հնչեցումը լսէին։
Եհովան Մովսէսին ըսաւ, որ արծաթէ երկու փողեր շինէ, որպէսզի գործածուին «ժողովուրդը կանչելու համար ու բանակներուն չուելուն համար» (Թւ. 10։2)։ Քահանաները տարբեր կերպերով փողերը պիտի հնչեցնէին, ժողովուրդին հասկցնելու համար թէ ի՛նչ պէտք է ընեն (Թւ. 10։3-8)։ Ներկայիս, Աստուծոյ ժողովուրդը քանի մը կերպերով ուղղութիւններ կը ստանայ։ Նկատի առնենք այդ կերպերէն երեքը, որոնք մեզի կը յիշեցնեն վաղեմի փողի հնչեցումները։ Այդ երեք կերպերն են՝ երբ համաժողովներու կը հրաւիրուինք, երբ նշանակուած տեսուչներ մարզում կը ստանան եւ երբ ժողովքին վերաբերեալ աստուածպետական կարգադրութիւններ փոփոխութեան կ’ենթարկուին։
ԵՐԲ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎՆԵՐՈՒ ԿԸ ՀՐԱՒԻՐՈՒԻՆՔ
Երբ Եհովան կ’ուզէր, որ «բոլոր ժողովուրդը» հաւաքուի վկայութեան խորանի մուտքին առջեւ, քահանաները երկու փողերն ալ կը հնչեցնէին (Թւ. 10։3)։ Բոլոր ցեղերը, որոնք չորս մասերու բաժնուած էին եւ խորանին շուրջը իրենց վրանները լարած էին, կը լսէին այդ յատուկ ձայնը։ Անոնք, որոնք մուտքին մօտ կը գտնուէին, թերեւս քանի մը վայրկեանուան մէջ կրնային գալ։ Ուրիշներ, որոնք աւելի հեռու կը գտնուէին, հասնելու համար աւելի ժամանակի ու ջանքի պէտք ունէին։ Ըլլային մօտ կամ հեռու, Եհովան կ’ուզէր որ բոլորը հաւաքուէին ու օգուտներ քաղէին։
Ներկայիս, մենք խորանի մը առջեւ չենք հաւաքուիր, բայց Աստուծոյ ժողովուրդին համաժողովներուն կը հրաւիրուինք։ Ատոնք կը պարփակեն տարեկան համաժողովներ եւ ուրիշ յատուկ առիթներ, ուր կարեւոր տեղեկութիւններ եւ ուղղութիւններ կը ստանանք։ Աշխարհի տարածքին, Եհովայի ամբողջ ժողովուրդը նոյն յայտագիրը կը վայելէ։ Ուստի անոնք, որոնք կ’ընդառաջեն այդ հրաւէրին, միասին ըլլալու ուրախութիւնը կը համտեսեն։ Ոմանք աւելի երկար ճամբայ պէտք է կտրեն, քան ուրիշներ։ Սակայն բոլոր ներկայ եղողները կը համաձայնին, որ կ’արժէր ջանք թափել։
Իսկ հեռաւոր վայրեր գտնուող խումբերը կրնա՞ն որոշ առիթներէ օգտուիլ։ Արդի արհեստագիտութեան շնորհիւ, այսպիսիներ կրնան նոյն յայտագիրէն օգտուիլ եւ նոյնիսկ զգալ թէ իրենք ալ համախմբուածներուն մէջն են։ Օրինակ, կեդրոնատեղիի ներկայացուցիչի մը այցելութեան ընթացքին, Պենինի մասնաճիւղը յայտագիրը հաղորդեց Նիկէրի
Արլիդ գիւղաքաղաքը, որ Սահարա անապատին մէջ կը գտնուի։ Քսանմէկ եղբայրներ, քոյրեր եւ հետաքրքրուած անհատներ հաւաքուեցան։ Թէեւ հեռաւոր վայրի մը մէջ կը գտնուէին, բայց միացած զգացին հոն ժողվուած 44,131 անհատներուն հետ։ Եղբայրներէն մէկը ըսաւ. «Սրտանց շնորհակալ ենք, որ այս առիթը հաղորդեցիք։ Ատիկա դարձեալ ցոյց տուաւ, թէ որչա՜փ մեզ կը սիրէք»։ՀՐԱՒԷՐ ՆՇԱՆԱԿՈՒԱԾ ՏԵՍՈՒՉՆԵՐՈՒՆ
Երբ իսրայէլացի քահանաները մէ՛կ փող հնչեցնէին, միայն «իշխանները, Իսրայէլի հազարապետները» պէտք էր հաւաքուէին վկայութեան խորանին առջեւ (Թւ. 10։4)։ Հոն կրնային Մովսէսէն տեղեկութիւններ ու մարզում ստանալ։ Ատիկա պիտի օգնէր, որ անոնք իրենց ցեղերուն մէջ իրենց պատասխանատուութիւններուն հոգ տանէին։ Եթէ այդ իշխաններէն ըլլայիր, ամէն կարելիդ պիտի չը՞նէիր, որ ներկայ ըլլայիր եւ օգտուէիր։
Ներկայիս, ժողովքի երէցները «իշխաններ» չեն։ Եւ չեն տիրապետեր Աստուծոյ հօտին վրայ (Ա. Պետ. 5։1-3)։ Բայց վստահաբար իրենց լաւագոյնը կ’ընեն, որ հօտը հովուեն։ Ուստի անոնք յօժարաբար կ’ընդառաջեն, երբ կը հրաւիրուին յաւելեալ մարզում ստանալու, օրինակ՝ Թագաւորութեան ծառայութեան դպրոցին միջոցաւ։ Այդ նիստերուն ընթացքին, երէցները կը սորվին ինչպէս աւելի ազդու կերպով հոգ տանիլ ժողովքային հարցերուն։ Առ ի արդիւնք, բոլորին հոգեւորութեան մակարդակը կը բարձրանայ։ Նոյնիսկ եթէ այդ դպրոցներէն մէկը չես յաճախած, տակաւին կ’օգտուիս, քանի որ անոնք որոնք գացած են, իրենց սորվածները կը գործածեն ժողովքին օգնելու։
ԵՐԲ ՃՇԴՈՒՄՆԵՐ Կ’ԸԼԼԱՆ
Իսրայէլացի քահանաները ատեններ տատանուող ազդանշան կը հնչեցնէին։ Ասիկա կը ծանուցանէր որ Եհովան կ’ուզէ որ բոլոր բանակները չուեն (Թւ. 10։5, 6)։ Չուելը շա՜տ կազմակերպուած կերպով տեղի կ’ունենար, բայց իւրաքանչիւր անհատէ մեծ ջանք կը պահանջէր։ Երբեմն ոմանք թերեւս դժկամելով կը չուէին։ Ինչո՞ւ։
Թերեւս ոմանք զգացին թէ չուելու հնչեցումները յաճախ ու շատ անակնկալօրէն կ’ըլլային։ Երբեմն «ամպը իրիկուընէ մինչեւ առտու» կը մնար, իսկ ուրիշ անգամներ՝ «երկու օր, կամ մէկ ամիս եւ կամ մէկ տարի» (Թւ. 9։21, 22)։ Բանակները քանի՞ անգամ չուեցին։ Թուոց 33–րդ գլուխը կը թուէ շուրջ 40 վայր, ուր իսրայէլացիները բանակեցան։
Ատեններ ոմանք թերեւս իրենց վրանները կը լարէին ուր որ շուք կար։ Այդ «մեծ եւ ահաւոր անապատ»ին մէջ ատիկա շատ հաճելի ըլլալու էր (Բ. Օր. 1։19, ԱԾ)։ Ուստի կրնային մտածել թէ յաջորդ չուելը պիտի ըլլար դէպի աննպաստ վայր մը։
Մէյ մը որ ցեղերը սկսէին չուել, ոմանց համար կրնար դժուար ըլլալ իրենց կարգին սպասելը։ Բոլորը կը լսէին տատանուող ազդանշանի հնչեցումը, սակայն ո՛չ բոլորը կրնային նոյն վայրկեանին մեկնիլ։ Տատանուող ազդանշանի հնչեցումը կը նշանակէր, որ արեւելքը բանակած ցեղերը, այսինքն՝ Յուդան, Իսաքարը եւ Զաբուղոնը, պէտք էր մեկնէին (Թւ. 2։3-7. 10։5, 6, ՆԱ)։ Անոնց մեկնելէն ետք, քահանաները տատանուող ազդանշանը երկրորդ անգամ կը հնչեցնէին, ծանուցանելու համար, որ հարաւը գտնուող երեք ցեղերը պէտք էր մեկնէին։ Քահանաները կը շարունակէին այսպէս ընել, մինչեւ որ բոլոր բանակները չուէին։
Թերեւս քեզի համար դժուար եղած է, որ ընդունիս կազմակերպութեան մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւն մը։ Կրնայ ըլլալ որ շփոթութեան մատնուեցար, երբ ետեւ–ետեւի չսպասուած ճշդումներ եղան։ Կամ թերեւս հանգիստ կը զգայիր կարգ մը կարգադրութիւններու հետ եւ կ’ուզէիր որ ատոնք չփոխուէին։ Ամէն պարագայի, թերեւս զգացիր թէ համբերութիւնդ կը փորձուի, եւ ժամանակ առաւ մինչեւ որ յարմարիս։ Սակայն եթէ մեր լաւագոյնը ընենք, որ պէտք եղածին պէս ընդառաջենք, հաւանաբար պիտի տեսնենք թէ Աստուած մեզ կ’օրհնէ։
Մովսէսի օրերուն, Եհովան միլիոնաւոր տղամարդիկ, կիներ եւ երեխաներ անապատին մէջ առաջնորդեց։ Առանց անոր հոգատարութեան եւ ուղղութեան, անոնք պիտի չվերապրէին։ Ներկայիս, Եհովան մեզ կ’առաջնորդէ այս վտանգաւոր վերջին օրերուն մէջ։ Ան մեզի կ’օգնէ, որ իրեն մօտիկ մնանք եւ մեր հաւատքը զօրաւոր պահենք։ Ուստի վճռենք ընդառաջել, ինչպէս որ հաւատարիմ իսրայէլացիները ընդառաջեցին փողի յատուկ հնչեցումներուն։