ԴԻՏԱՐԱՆ (ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐԱԿԱՆ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ) Յունիս 2017

Այս թիւը կը բովանդակէ 2017–⁠ի յուլիս 31–⁠օգոստոս 27 նկատի առնուելիք ուսումնասիրութեան յօդուածները։

Կը յիշե՞ս

«Դիտարան»ի վերջին թիւերը ուշի–⁠ուշով կարդացա՞ծ ես։ Տե՛ս թէ աստուածաշնչական քանի՞ հարցումներու կրնաս պատասխանել։

Եհովան մեզ կը մխիթարէ մեր բոլոր նեղութիւններուն մէջ

Ի՞նչ դժուարութիւններ կրնանք ունենալ ամուսնութեան եւ ընտանեկան կեանքին մէջ։ Աստուած ինչպէ՞ս կրնայ մխիթարել մեզ։

Հոգեւոր գանձերը սրտանց արժեւորէ

Ո՞ր գանձերուն վրայ պէտք է գուրգուրանք, եւ ինչպէ՞ս։

Կրնա՞ս արտաքին երեւոյթէն չդատել

Ի՞նչ պատահեցաւ երբ Եհովայի վկայ մը համբերութեամբ խօսեցաւ աղտոտ եւ մեկուսացած անձի մը հետ, որ փողոցը կ’ապրէր։

Պիտի ջանա՞ս հարցը լուծել եւ խաղաղութիւնը պահպանել

Մենք շատ պէտք ունինք խաղաղութեան։ Ինչպէ՞ս կրնանք խաղաղասէր ըլլալ, նոյնիսկ երբ անապահով զգանք կամ հպարտութեան հակումը ունենանք։

«Քու դատողութիւնդ օրհնեա՜լ ըլլայ»

Դաւիթ այս խօսքը ըսաւ Աբիգիան գովելու համար։ Ի՞նչը ձգեց որ Դաւիթ գովէ զինք, եւ ինչպէ՞ս կրնանք իր օրինակէն օգտուիլ։

Աչքերդ ամէնէն կարեւոր հարցին վրայ պահէ

Մարդոց առջեւ եղած այս կարեւոր հարցը ի՞նչ է։ Ինչո՞ւ կարեւոր է որ գիտնաս զայն։

Եհովային գերիշխանութեան թիկո՛ւնք կանգնէ

Քեզի համար ի՞նչ տարբերութիւն կ’ընէ, եթէ ընդունիս որ Եհովան տիեզերքին իրաւացի Գերիշխանն է։

Գիտէի՞ր

Յիսուս ինչո՞ւ ըսաւ որ տաճարին մէջ անասուններ ծախող վաճառականները աւազակներ էին։