Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 28

ԵՐԳ 125 Աստուածպետական կարգուկանոնին ենթարկուինք

Ճշմարտութիւնը կրնա՞ս զանազանել սուտէն

Ճշմարտութիւնը կրնա՞ս զանազանել սուտէն

«Ձեր տեղը կայնեցէք, մէջքերնիդ ճշմարտութեամբ ամրացնելով» (ԵՓ. 6։14

ՆԻՒԹ

Մարզուինք որ Եհովայէն մեր սորված ճշմարտութիւնը զանազանենք Սատանային եւ մեր հակառակորդներուն ըսած սուտերէն։

1. Ճշմարտութեան հանդէպ ինչպէ՞ս կը զգաս։

 ԵՀՈՎԱՅԻ ժողովուրդը կը սիրէ Աստուծոյ Խօսքին մէջ գտնուած ճշմարտութիւնները։ Մեր հաւատքը ատոնց վրայ հիմնուած է (Հռով. 10։17)։ Մենք համոզուած ենք, որ Եհովան քրիստոնէական ժողովքը հաստատեց որպէս «ճշմարտութեան սիւնը ու հաստատութիւնը» (Ա. Տիմ. 3։15)։ Մենք նաեւ ուրախութեամբ կը հնազանդինք առաջնորդութիւնը առնողներուն, մինչ մեզի Աստուածաշունչէն ճշմարտութիւնը կը բացատրեն եւ Աստուծոյ կամքին համաձայն ուղղութիւն կու տան (Եբ. 13։17

2. Յակոբոս 5։19–ի համաձայն, ճշմարտութիւնը ընդունելէ ետք մեզի հետ ի՞նչ կրնայ պատահիլ։

2 Բայց մենք տակաւին կարելի է որ մոլորինք, նոյնիսկ եթէ ճշմարտութիւնը ընդունած ենք եւ յօժարած ենք, որ պէտք է Աստուծոյ կազմակերպութեան ուղղութիւններուն հետեւինք (կարդա՛ Յակոբոս 5։19)։ Սատանան փափաքելով կը փափաքի, որ մենք չվստահինք Սուրբ Գիրքին կամ Աստուծոյ կազմակերպութեան ուղղութիւններուն (Եփ. 4։14

3. Ինչո՞ւ պէտք է հաւատարմօրէն վստահինք ճշմարտութեան (Եփեսացիս 6։13, 14

3 Կարդա՛ Եփեսացիս 6։13, 14։ Մօտ օրէն, Սատանան համոզիչ սուտեր գործածելով ազգերը պիտի խաբէ որ Եհովային դէմ ելլեն (Յայտ. 16։13, 14)։ Ասկէ զատ, ան շատ աւելի բաներ պիտի ընէ, որ Եհովային ժողովուրդը մոլորեցնէ (Յայտ. 12։9)։ Ասոր համար, կարեւոր է որ մենք մեզ մարզենք, որ ճշմարտութիւնը զանազանենք սուտերէն եւ ճշմարտութեան հնազանդինք (Հռով. 6։17. Ա. Պետ. 1։22)։ Մեծ նեղութեան ընթացքին մեր փրկուիլը ատկէ կախեալ պիտի ըլլայ։

4. Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

4 Այս յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք, թէ ո՛ր երկու յատկութիւններուն պէտք ունինք, որպէսզի Սուրբ Գիրքին ճշմարտութիւնը զանազանենք մեր լսած սուտերէն եւ ընդունինք Աստուծոյ կազմակերպութեան տուած ուղղութիւնը։ Ետքը, պիտի խօսինք երեք բաներու մասին որ պէտք է ընենք, որպէսզի շարունակենք ճշմարտութիւնը ամուր բռնել։

ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ ՍՈՒՏԷՆ ԶԱՆԱԶԱՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԵՐԿՈՒ ՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆԵՐ

5. Աստուծոյ վախը մեզի ինչպէ՞ս կ’օգնէ, որ գիտնանք ի՛նչն է ճշմարտութիւնը։

5 Աստուծոյ վախը։ Աստուծմէ վախնալ ըսել է որ զինք այնքա՛ն կը սիրենք, որ բան մը չենք ըներ որ զինք կը նեղացնէ։ Նաեւ շատ ջանք կ’ընենք որ տարբերութիւնը գիտնանք ճիշդին ու սխալին, ճշմարտութեան ու սուտին, որպէսզի Եհովային սիրտը ուրախացնենք (Առ. 2։3-6. Եբ. 5։14)։ Բնաւ պէտք չէ ձգենք, որ մարդու վախը աւելի ըլլայ քան՝ Եհովային հանդէպ մեր սէրը, քանի որ ի՛նչ որ մարդիկը կը հաճեցնէ՝ շատ անգամ Եհովան կը նեղացնէ։

6. Մարդու վախը ինչպէ՞ս պատճառ եղաւ, որ տասը իսրայէլացի իշխաններ ճշմարտութիւնը չխօսին։

6 Եթէ Աստուծմէ աւելի մարդոցմէ վախնանք, կրնանք ճշմարտութենէն հեռանալ։ Նկատի առ այն 12 իշխաններուն օրինակը, որոնք գացին լրտեսելու այն երկիրը որ Եհովան իսրայէլացիներուն խոստացած էր։ Անոնցմէ տասն այնքա՜ն կը վախնային քանանացիներէն, որ իրենց վախը աւելի էր քան՝ Եհովային հանդէպ իրենց սէրը։ Անոնք միւս իսրայէլացիներուն ըսին. «Մենք այն ժողովուրդին վրայ ելլելու կարող չենք, վասն զի անոնք մեզմէ զօրաւոր են» (Թւ. 13։28-32)։ Ճիշդ է որ մարդոց աչքով դիտելով, քանանացիները իսրայէլացիներէն աւելի զօրաւոր էին, բայց երբ ըսին թէ իսրայէլացիները չէին կրնար իրենց թշնամիներուն յաղթել, ասիկա ցոյց տուաւ որ անոնք Եհովան հաշուի չէին առներ։ Այս տասը լրտեսները պէտք էր կեդրոնանային, թէ Եհովան իսրայէլացիներէն ի՛նչ կ’ուզէր որ ընեն։ Անոնք նաեւ պէտք էր խոկային, թէ տակաւին վերջերս Եհովան իրենց համար ինչե՜ր ըրած էր։ Այն ատեն պիտի անդրադառնային, որ քանանացիներուն ուժը բան մը չէր բաղդատած՝ Եհովային ամենակալ ուժին։ Բայց Յեսուն եւ Քաղէբը, անհաւատ լրտեսներուն հակառակը՝ կ’ուզէին որ Եհովան իրենց հաճէր։ Անոր համար, ժողովուրդին ըսին. ‘Եթէ Տէրը մեզի հաճի, մեզ այն երկիրը պիտի տանի եւ զանիկա մեզի պիտի տայ’ (Թւ. 14։6-9

7. Ինչպէ՞ս կրնանք մեր ունեցած Աստուծոյ վախը զօրացնել (տե՛ս նաեւ նկարը)։

7 Որպէսզի մեր ունեցած Աստուծոյ վախը զօրացնենք, պէտք է մտածենք որ ինչպէ՛ս կրնանք զինք ուրախացնել ամէն անգամ որ որոշում պիտի առնենք (Սաղ. 16։8)։ Երբ Սուրբ Գիրքի պատմութիւնները կը կարդաս, դուն քեզի հարցուր. ‘Եթէ ես հոն ըլլայի, ի՞նչ որոշում կ’առնէի’։ Օրինակ, երեւակայէ որ հոն ես եւ մտիկ կ’ընես տասը լրտեսներուն, երբ կ’ըսեն որ իսրայէլացիները պիտի չկարենան Քանանը գրաւել։ Անոնց կը հաւատայի՞ր եւ կը սկսէի՞ր վախնալ, թէ ոչ քու ունեցած Աստուծոյ սէրդ եւ փափաքդ որ զինք հաճեցնես աւելի զօրաւոր կ’ըլլային քան՝ վախդ։ Իսրայէլացիներուն այդ բոլոր սերունդը, Յեսուին եւ Քաղէբին ըսած ճշմարտութիւնը չկրցաւ զանազանել միւսներուն տուած սխալ տեղեկութիւններէն։ Ասոր համար, անոնք առիթը կորսնցուցին որ Աւետեաց երկիրը մտնեն (Թւ. 14։10, 22, 23

Որո՞ւն պիտի հաւատայիր (տե՛ս պարբերութիւն 7)


8. Ո՞ր յատկութիւնը մշակելու համար շատ ջանք պէտք է թափենք, եւ ինչո՞ւ։

8 Խոնարհութիւն։ Եհովան ճշմարտութիւնը կը յայտնէ խոնարհներուն (Մատ. 11։25)։ Երբ ճշմարտութիւնը սկսանք սերտել, խոնարհութեամբ ընդունեցինք որ մէկը մեզի օգնէ (Գործք 8։30, 31)։ Բայց պէտք է զգոյշ ըլլանք, որ երթալով հպարտ չդառնանք։ Հպարտութիւնը կրնայ պատճառ ըլլալ, որ մեր կարծիքները նո՛յնքան ճիշդ նկատենք ո՛րքան Սուրբ Գիրքին սկզբունքները եւ Եհովային կազմակերպութենէն եկած ուղղութիւնը։

9. Ինչպէ՞ս կրնանք խոնարհ մնալ։

9 Որպէսզի խոնարհ մնանք պէտք է յիշենք, որ Եհովային մեծութեան հետ բաղդատած մենք որքա՜ն աննշան ենք (Սաղ. 8։3, 4)։ Նաեւ կրնանք աղօթքով Եհովայէն խնդրել, որ խոնարհ մնանք եւ սորվելու պատրաստ ըլլանք։ Եհովան մեզի պիտի օգնէ որ մեր գաղափարներէն աւելի կարեւորութիւն տանք իր գաղափարներուն, որոնք մեզի կը փոխանցէ իր Խօսքին եւ իր կազմակերպութեան միջոցաւ։ Երբ Աստուածաշունչի ընթերցանութիւնդ կ’ընես, փնտռէ կէտեր որոնք ցոյց կու տան որ Եհովան կը սիրէ խոնարհութիւնը եւ կ’ատէ հպարտութիւնն ու ինքնահաւանութիւնը։ Եւ մասնաւորաբար ուշադիր եղիր որ խոնարհ մնաս, երբ ստանաս առանձնաշնորհում մը որ քեզ երեւելի կը դարձնէ։

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆՔ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ ԱՄՈՒՐ ԲՌՆԵԼ

10. Եհովան որո՞նք գործածած է իր ժողովուրդին ուղղութիւն տալու համար։

10 Շարունակէ վստահիլ Եհովայի կազմակերպութեան ուղղութիւններուն։ Անցեալին, Եհովան Մովսէսն ու Յեսուն գործածեց, որ իր ժողովուրդին ուղղութիւններ տայ (Յես. 1։16, 17)։ Անոնք կ’օրհնուէին երբ այս տղամարդոց նայէին որպէս Եհովա Աստուծոյ ներկայացուցիչները։ Դարեր ետք, երբ քրիստոնէական ժողովքը կազմուեցաւ, 12 առաքեալները սկսան ուղղութիւններ տալ (Գործք 8։14, 15)։ Ետքը, առաքեալներուն աւելցան Երուսաղէմի երէցները։ Երբ ժողովքները այդ հաւատարիմ մարդոց ուղղութիւններուն հետեւէին, «հաւատքի մէջ կը հաստատուէին եւ օրէ օր անոնց թիւը կ’աւելնար» (Գործք 16։4, 5)։ Ներկայիս, մենք ալ կ’օրհնուինք երբ Եհովայի կազմակերպութեան ուղղութիւններուն հետեւինք։ Բայց Եհովան ինչպէ՞ս կը զգայ, եթէ մենք չընդունինք իր նշանակած մարդիկը։ Այս հարցումին կրնանք պատասխանել նկատի առնելով թէ ի՛նչ պատահեցաւ, երբ իսրայէլացիները Աւետեաց երկիրը կ’ուղղուէին։

11. Ի՞նչ պատահեցաւ այն իսրայէլացիներուն, որոնք Մովսէսը չընդունեցին որպէս Աստուծոյ կողմէ նշանակուած առաջնորդ (տե՛ս նաեւ նկարը)։

11 Անգամ մը՝ Աւետեաց երկիրը երթալու ճամբուն վրայ, կարգ մը երեւելի իսրայէլացիներ Մովսէսին դէմ ելան եւ չընդունեցին, որ Եհովան Մովսէսը որպէս առաջնորդ նշանակած է։ Անոնք ըսին. «Բոլոր ժողովուրդը ամէնքն ալ սուրբ են [ոչ միայն Մովսէսը] եւ Տէրը անոնց մէջ է» (Թւ. 16։1-3)։ Ճիշդ է որ Եհովային աչքին «բոլոր ժողովուրդը» սուրբ էր, բայց Եհովան Մովսէսը ընտրած էր, որ իր ժողովուրդը առաջնորդէր (Թւ. 16։28)։ Երբ ըմբոստները Մովսէսը քննադատեցին, անոնք իրականութեան մէջ Եհովան կը քննադատէին։ Անոնց հոգը չէր որ Եհովա՛ն ինչ կ’ուզէր. անոնց խելքը–միտքն էր, որ իրե՛նք ինչ կ’ուզէին։ Անոնք կ’ուզէին աւելի իշխանութիւն ունենալ եւ երեւելի դառնալ։ Եհովան սպաննեց այս ըմբոստութեան առաջնորդները, ինչպէ՛ս նաեւ այն հազարաւորները, որոնք անոնց պէս կը մտածէին (Թւ. 16։30-35, 41, 49)։ Մեր օրերուն, Եհովան չի հաճիր անոնց, որոնք իր կազմակերպութեան տուած ուղղութիւնը չեն յարգեր։

Որո՞ւն կողմը պիտի բռնէիր (տե՛ս պարբերութիւն 11)


12. Ինչո՞ւ կրնանք շարունակել Եհովայի կազմակերպութեան վստահիլ։

12 Կրնանք շարունակել Եհովայի կազմակերպութեան վստահիլ։ Մեր կազմակերպութեան մէջ առաջնորդութիւն առնողները շուտով պէտք եղած փոփոխութիւնները կ’ընեն, երբ յստակ դառնայ թէ փոփոխութիւն մը մտցնելու պէտքը կայ՝ Աստուածաշունչի մեր հասկացողութեան կամ մեր գործունէութիւններուն կերպին մէջ (Առ. 4։18)։ Անոնք այս փոփոխութիւնները կ’ընեն, քանի որ ամէն բանէ աւելի կ’ուզեն Եհովան հաճեցնել։ Անոնք նաեւ իրենց լաւագոյնը կ’ընեն, որ իրենց որոշումները Աստուծոյ Խօսքին վրայ հիմնեն, որուն պէտք է հետեւին Աստուծոյ բոլոր ծառաները։

13. «Ողջամիտ խօսքերուն օրինակը» ի՞նչ է, եւ ի՞նչ պէտք է ընենք։

13 «Ամո՛ւր բռնէ այն ողջամիտ խօսքերուն օրինակը» (Բ. Տիմ. 1։13)։ «Ողջամիտ խօսքերուն օրինակը» կ’ակնարկէ Սուրբ Գիրքին մէջ գտնուող քրիստոնէական ուսուցումներուն (Յովհ. 17։17)։ Մենք մեր հաւատալիքները ատոնց վրայ կը հիմնենք։ Եհովային կազմակերպութիւնը մեզի սորվեցուցած է, որ այդ ուսուցումները ամուր բռնենք։ Եւ այնքա՛ն ատեն որ ատոնք ամուր կը բռնենք, Եհովան մեզ պիտի օրհնէ։

14. Կարգ մը քրիստոնեաներ ինչպէ՞ս «ողջամիտ խօսքերուն օրինակը» ամուր չբռնեցին։

14 Ի՞նչ կրնայ պատահիլ, եթէ «ողջամիտ խօսքերուն օրինակ»էն շեղինք։ Նկատի առ օրինակ մը։ Առաջին դարուն, կարգ մը քրիստոնեաներ սուտ լուր մը կը տարածէին, ըսելով թէ Եհովային օրը եկած է։ Թերեւս նամակ մը կար, որ կը վերագրէին Պօղոս առաքեալին, որուն մէջ իբր թէ այսպիսի բան մը ըսուած էր։ Առանց իրողութիւններէն վստահ ըլլալու, Թեսաղոնիկէի կարգ մը քրիստոնեաները հաւատացին այս սուտ լուրին եւ նոյնիսկ սկսան ատիկա տարածել։ Եթէ միայն մտաբերէին, որ երբ Պօղոս իրենց քովն էր՝ ի՛նչ կը սորվեցնէր, անոնք պիտի չխաբուէին (Բ. Թես. 2։1-5)։ Պօղոս իր եղբայրները խրատեց, որ իրենց ամէն լսածին չհաւատան։ Եւ որպէսզի անոնց օգնէ որ ապագային նոյն բանը չընեն, Պօղոս թեսաղոնիկեցիներուն գրած իր երկրորդ նամակը եզրափակեց այս խօսքերով. «Ես՝ Պօղոս, ի՛մ ձեռքովս կը գրեմ այս բարեւը, որ ամէն նամակի մէջ իմ նշանս է. ես ա՛յսպէս կը գրեմ» (Բ. Թես. 3։17, ԱԾ

15. Մենք մեզ ինչպէ՞ս կրնանք պաշտպանել այն սուտերէն, որոնք ճիշդ կ’երեւին. օրինակ մը տուր (տե՛ս նաեւ նկարները)։

15 Ի՞նչ կրնանք սորվիլ թեսաղոնիկեցիներուն ըսած Պօղոսին խօսքերէն։ Երբ լսենք բան մը, որ Սուրբ Գիրքէն մեր սորվածներուն հետ համաձայն չէ, կամ երբ լսենք շատ զարմանալի լուր մը, պէտք է իմաստութիւն գործածենք։ Անգամ մը, նախկին Խորհրդային Միութեան մէջ, մեր թշնամիները նամակ մը տարածեցին, որ այնպէս մը կ’երեւէր որ մեր կեդրոնատեղիէն էր։ Նամակը կարգ մը եղբայրներ կը քաջալերէր, որ անջատ կազմակերպութիւն մը հիմնեն։ Նամակը իրական կ’երեւէր։ Բայց հաւատարիմ եղբայրները չխաբուեցան։ Անոնք անդրադարձան, որ նամակին ըսածները համաձայն չէին իրենց սորվածներուն հետ։ Այսօր ալ, ճշմարտութեան թշնամիները ատեններ հիմակուան թեքնոլոճին կը գործածեն, որպէսզի մեզ շուարեցնեն եւ բաժնեն։ Փոխանակ ‘շուտ մը խախտելու մեր մտքէն’, կրնանք մենք մեզ պաշտպանել։ Ինչպէ՞ս։ Մեր լսածները կամ կարդացածները բաղդատելով մեր սորված ճշմարտութիւններուն հետ (Բ. Թես. 2։2. Ա. Յովհ. 4։1

Մի՛ խաբուիր այն սուտերով որոնք իրական կ’երեւին (տե՛ս պարբերութիւն 15) a


16. Հռովմայեցիս 16։17, 18–ի համաձայն, եթէ ոմանք ճշմարտութենէն շեղին, ի՞նչ պէտք է ընենք։

16 Եհովային հաւատարիմ եղողներուն հետ միութեան մէջ մնա՛։ Աստուած կ’ուզէ որ միութեամբ զինք պաշտենք։ Եւ մենք միացած պիտի մնանք այնքան ատեն որ ճշմարտութիւնը ամուր կը բռնենք։ Երբ մէկը ճշմարտութենէն շեղի, ան ժողովքին մէջ բաժանումներ կը յառաջացնէ։ Անոր համար, Աստուած մեզ կը զգուշացնէ, որ ‘անոնցմէ ետ կենանք’, թէ ոչ հաւանական է որ մե՛նք ալ ճշմարտութենէն հեռանանք (կարդա՛ Հռովմայեցիս 16։17, 18

17. Ինչպէ՞ս կ’օգտուինք երբ ճշմարտութիւնը սուտերէն կը զանազանենք եւ ատիկա ամուր կը բռնենք։

17 Երբ ճշմարտութիւնը սուտերէն զանազանենք եւ ատիկա ամուր բռնենք, Եհովային մօտիկ պիտի մնանք եւ մեր հաւատքը զօրաւոր պիտի պահենք (Եփ. 4։15, 16)։ Ասկէ զատ, Սատանային սուտ ուսուցումներէն եւ լուրերէն պիտի պաշտպանուինք եւ Եհովան ալ իր կարգին մեզ ապահով պիտի պահէ մեծ նեղութեան ընթացքին։ Ուրեմն, ամուր բռնէ ի՛նչ որ ճշմարտութիւնով է ‘եւ խաղաղութեան Աստուածը քեզի հետ պիտի ըլլայ’ (Փլպ. 4։8, 9

ԵՐԳ 32 Հաստատո՛ւն եւ անշա՛րժ կեցէք

a ՆԿԱՐ. Ցուցադրութիւն. երկար տարիներ առաջ, նախկին Խորհրդային Միութեան մէջ, եղբայրները նամակ մը ստացան, որ այնպէս մը երեւցաւ որ կեդրոնատեղիէն էր, բայց ատիկա իրականութեան մէջ մեր թշնամիներէն էր։ Մեր օրերուն, մեր թշնամիները կրնան ինթըրնէթը գործածել, որպէսզի Եհովայի կազմակերպութեան մասին շուարեցուցիչ տեղեկութիւն մը տարածեն։