ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 26
Կրնա՞ս մասնակցիլ աշակերտելու գործին
«Աստուած է որ ձեզ եռանդուն կը դարձնէ, ձեզի տալով գործելու թէ՛ փափաքը եւ թէ ուժը» (ՓԼՊ. 2։13, ՆԱ)։
ԵՐԳ 44 Ուրախութեամբ մասնակցինք հունձքի գործին
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *
1. Եհովան քեզի համար ի՞նչ ըրած է։
ԻՆՉՊԷ՞Ս Եհովայի վկայ մը դարձար։ Նա՛խ, բարի լուրը լսեցիր. թերեւս ծնողներէդ, գործընկերէդ, դասընկերէդ կամ դռնէ դուռ քարոզչութեան ատեն (Մար. 13։10)։ Ետքը, մէկը շատ ժամանակ տուաւ եւ ջանք թափեց՝ հետդ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն վարելով։ Ուսումնասիրելու ընթացքին, տեսար որ սկսար Եհովան սիրել եւ գիտցար որ ինք քեզ կը սիրէ։ Եհովան քեզ ճշմարտութեան քաշեց եւ հիմա Յիսուս Քրիստոսին աշակերտը ըլլալով, յաւիտեան ապրելու յոյսը ունիս (Յովհ. 6։44)։ Անկասկած Եհովայէն շնորհակալ ես, որ մէկը մղեց քեզի ճշմարտութիւնը սորվեցնելու, եւ որ Ան քեզ ընդունեց որպէս իր ծառաներէն մէկը։
2. Յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի քննարկենք։
2 Ճշմարտութիւնը գիտնալով, առանձնաշնորհումը ունինք ուրիշներուն օգնելու, որ մեզի հետ կեանքի տանող ճամբուն մէջ քալեն։ Թերեւս հանգիստ կը զգանք դռնէ դուռ քարոզչութեան մասնակցելու, բայց մեզի համար դժուար է Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը առաջարկել եւ վարել։ Այդպէս կը զգա՞ս։ Եթէ այո, թերեւս այս յօդուածին կարգ մը առաջարկները օգտակար գտնես։ Նկատի պիտի առնենք, թէ ի՛նչ բան մեզի կ’օգնէ որ աշակերտելու գործին մասնակցինք։ Նաեւ, նկատի պիտի առնենք թէ ինչպէ՛ս կրնանք յաղթահարել այն դժուարութիւնները, որոնք կրնան մեզ ետ պահել Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն վարելէ։ Նա՛խ, տեսնենք թէ ինչո՛ւ պէտք է ոչ միայն բարի լուրի քարոզիչներ ըլլանք, հապա նաեւ ուսուցիչներ։
ՅԻՍՈՒՍ ՄԵԶԻ ՊԱՏՈՒԻՐԵՑ ՈՐ ՔԱՐՈԶԵՆՔ ԵՒ ՍՈՐՎԵՑՆԵՆՔ
3. Ինչո՞ւ կը քարոզենք։
3 Երկրի վրայ եղած ատեն, Յիսուս իր հետեւորդներուն տուաւ պատուէր մը, որ երկու մասէ կը բաղկանար։ Առաջին, անոնց Մատ. 10։7. Ղուկ. 8։1)։ Օրինակ, Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ որ ի՛նչ ընէին, երբ մարդիկ Թագաւորութեան պատգամը մտիկ ընէին, եւ ի՛նչ ընէին՝ երբ անոնք մտիկ չընէին (Ղուկ. 9։2-5)։ Ան նաեւ բացատրեց, որ իր աշակերտները շատ մարդոց եւ շատ վայրերու մէջ պիտի քարոզէին, երբ ըսաւ որ անոնք «բոլոր ազգերուն վկայութիւն» պիտի տային (Մատ. 24։14. Գործք 1։8)։ Ի՛նչ ալ ըլլար մարդոց հակազդեցութիւնը, աշակերտները պէտք էր անոնց պատմէին Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին, եւ թէ ի՛նչ բաներ պիտի իրագործէր։
ըսաւ որ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզեն, եւ ցոյց տուաւ թէ ինչպէ՛ս ատիկա ընեն (4. Մատթէոս 28։18-20–ի համաձայն, Թագաւորութեան մասին քարոզելէն զատ ի՞նչ պէտք է ընենք։
4 Երկրորդ, ան իր հետեւորդներուն ըսաւ, որ մարդոց սորվեցնեն իր պատուիրած բոլոր բաները պահել։ Բայց արդեօք քարոզելու եւ սորվեցնելու գործը միայն առաջին դարու քրիստոնեաներո՞ւն համար էր, ինչպէս ոմանք կ’ըսեն։ Ո՛չ։ Յիսուս ցոյց տուաւ որ այս կարեւոր գործը պիտի շարունակուէր նոյնիսկ մինչեւ մեր օրերը՝ «մինչեւ աշխարհիս վերջը» (կարդա՛ Մատթէոս 28։18-20)։ Յիսուս այդ պատուէրը տուաւ հաւանաբար այն ատեն, երբ երեւցաւ աւելի քան 500 աշակերտներու (Ա. Կոր. 15։6)։ Եւ այն յայտնութեան մէջ, որ Յովհաննէսին տուաւ, Յիսուս յստակ կերպով բացատրեց, թէ իր բոլոր աշակերտներէն կ’ակնկալուի, որ ուրիշներուն օգնեն Եհովային մասին գիտնալու (Յայտ. 22։17)։
5. Ա. Կորնթացիս 3։6-9–ի համաձայն, Պօղոս ի՞նչ օրինակով բացատրեց քարոզելուն եւ սորվեցնելուն միջեւ եղած կապը։
5 Պօղոս առաքեալ աշակերտելու գործը նմանցուց բերք մշակելուն, եւ ցոյց տուաւ որ պէտք է սերմ ցանելէն աւելին ընենք։ Ան կորնթացիներուն յիշեցուց. «Ես տնկեցի, Ապօղոս ջուր տուաւ. . . դուք Աստուծոյ մշակութիւնն էք» (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 3։6-9)։ Մենք Աստուծոյ դաշտին մէջ աշխատողներ ըլլալով, ոչ միայն սերմերը կը ցանենք, հապա նաեւ զանոնք կը ջրենք եւ կանոնաւորաբար կը ստուգենք անոնց աճումը (Յովհ. 4։35)։ Միեւնոյն ատեն, կը գիտակցինք որ Աստուած է սերմը աճեցնողը։
6. Մեր սորվեցնելու գործին մէջ ի՞նչ պարփակուած է։
6 Մենք կը փնտռենք անոնք, որոնք «յաւիտենական կեանքի հանդէպ ճիշդ տրամադրուած» են (Գործք 13։48, ՆԱ)։ Այդ անհատներուն օգնելու համար որ աշակերտներ դառնան, պէտք է անոնց օգնենք, որ Աստուածաշունչէն իրենց սորվածը 1) հասկնան, 2) ընդունին եւ 3) գործադրեն (Յովհ. 17։3. Կող. 2։6, 7. Ա. Թես. 2։13)։ Ժողովքին մէջ, բոլորը կրնան աշակերտներուն օգնել՝ անոնց սէր ցոյց տալով եւ ընդունուած զգացնելով, երբ ժողովներու կու գան (Յովհ. 13։35)։ Ասկէ զատ, թերեւս պէտք ըլլայ որ ուսուցիչը շատ ժամանակ ու ջանք տրամադրէ աշակերտին օգնելու, որ լքէ հաւատալիքներ կամ սովորութիւններ, որոնք «ամրոցներ»ու պէս են (Բ. Կոր. 10։4, 5)։ Կրնայ ժամանակ առնել, մինչեւ որ աշակերտը քայլեր առնէ եւ ի վերջոյ մկրտութեան նպատակակէտին հասնի։ Բայց մեր ըրած ջանքերը պարապի պիտի չերթան։
ՍԷՐԸ ՄԵԶ ԿԸ ՄՂԷ ՈՐ ԱՇԱԿԵՐՏԵՆՔ
7. Ի՞նչ բան մեզ կը մղէ, որ քարոզելու եւ աշակերտելու գործին մասնակցինք։
7 Ինչո՞ւ քարոզելու եւ աշակերտելու գործին կը մասնակցինք։ Առաջին, քանի որ Եհովան կը սիրենք։ Երբ ամէն ջանք կ’ընես, որ քարոզելու եւ աշակերտելու պատուէրին հնազանդիս, ցոյց տուած կ’ըլլաս որ Աստուած կը սիրես (Ա. Յովհ. 5։3)։ Մտածէ ասոր մասին. Եհովային հանդէպ սէրդ քեզ արդէն մղած է, որ տունէ տուն քարոզես։ Այս պատուէրին հնազանդիլը դիւրի՞ն էր։ Հաւանաբար, ո՛չ։ Երբ քարոզչութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով դուռի մը մօտեցար, ջղագրգի՞ռ էիր։ Վստահաբար, այո՛։ Բայց գիտէիր որ Յիսուս կ’ուզէ որ այս գործը ընես, եւ իր պատուէրին հնազանդեցար։ Եւ հաւանաբար ժամանակի ընթացքին, քեզի համար աւելի դիւրին եղաւ քարոզել։ Հիմա խօսինք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն վարելուն մասին։ Նոյնիսկ գաղափարը քեզ կը վախցնէ՞։ Թերեւս։ Սակայն, կրնաս Եհովայէն օգնութիւն խնդրել, որ ջղագրգռութիւնդ յաղթահարես եւ քաջութիւն հաւաքես Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն առաջարկելու։ Եհովան կրնա՛յ քեզի օգնել որ աշակերտելու փափաքդ աւելցնես։
8. Մարկոս 6։34–ի համաձայն, ուրիշ ի՞նչ բան կրնայ մեզ մղել, որ մարդոց սորվեցնենք։
8 Երկրորդ, ընկերին հանդէպ սէրը մեզ կը մղէ, որ ճշմարտութիւնը սորվեցնենք։ Անգամ մը, Յիսուս եւ իր աշակերտները չափազանց յոգնած էին երկար ատեն քարոզելնուն համար։ Անոնք պէտք ունէին որ տեղ մը հանգչէին, բայց մեծ բազմութիւն մը իրենց ետեւէն եկաւ։ Ժողովուրդին վրայ խղճալով, Յիսուս սկսաւ «շատ բաներ» սորվեցնել անոնց (կարդա՛ Մարկոս 6։34)։ Ան ատիկա ընելու համար շատ ջանք թափեց։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ինքզինք մարդոց տեղը դրաւ։ Ան տեսաւ որ անոնք որքա՜ն կը տառապէին,– որքա՜ն յոյսի պէտք ունէին,– եւ ուզեց իրենց օգնել։ Ներկայիս, մարդիկ նոյն վիճակը ունին։ Անոնց երեւոյթէն մի՛ խաբուիր։ Անոնք կը նմանին ոչխարներու, որոնք կը թափառին, եւ չունին հովիւ մը, որ զիրենք առաջնորդէ։ Պօղոս առաքեալ այսպիսի մարդոց համար ըսաւ, որ անաստուած են եւ յոյս չունին (Եփ. 2։12)։ Անոնք այն ճամբուն վրայ են, որ «դէպի կորուստ կը տանի» (Մատ. 7։13)։ Երբ մտածենք, թէ մեր թաղամասի մարդիկը որքա՜ն պէտք ունին Աստուծոյ մասին գիտնալու, սէրն ու կարեկցութիւնը մեզ կը մղեն որ իրենց օգնենք։ Եւ օգնելու լաւագոյն կերպը այն է, որ առաջարկենք իրենց հետ Աստուածաշունչը սերտել։
9. Փիլիպպեցիս 2։13–ի համաձայն, Եհովան ինչպէ՞ս կրնայ քեզի օգնել։
9 Թերեւս երկմտիս Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը առաջարկելու, քանի որ գիտես թէ ուսումնասիրութեան նախապատրաստուիլը շատ ժամանակ կ’առնէ եւ ուսումնասիրութիւն մը սովորաբար ամիսներ կը տեւէ։ Այդ պարագային, զգացումներդ Եհովային պատմէ։ Իրմէ խնդրէ որ քեզի օգնէ, որ փափաքիս ուսումնասիրութիւն մը գտնել ու վարել (կարդա՛ Փիլիպպեցիս 2։13)։ Յովհաննէս առաքեալ մեզ վստահեցուց, որ Աստուած պիտի պատասխանէ այն աղօթքներուն, որ Իր կամքին համաձայն են (Ա. Յովհ. 5։14, 15)։ Ուրեմն, կրնաս վստահ ըլլալ որ Եհովան քեզի պիտի օգնէ, որ աշակերտելու գործին մասնակցելու փափաք ունենաս։
ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆՔ ՈՒՐԻՇ ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՅԱՂԹԱՀԱՐԵԼ
10-11. Ի՞նչը կրնայ մեզ ետ պահել Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը վարելէ։
10 Մենք սորվեցնելու պատուէրը լուրջի կ’առնենք, թէեւ դժուարութիւններ ունինք, որոնք թերեւս չեն ձգեր, որ աշակերտելու գործին մէջ ընենք ա՛յնքան, ո՛րքան կ’ուզենք ընել։ Նկատի առնենք այդ դժուարութիւններէն ոմանք եւ թէ ինչպէ՛ս կրնանք զանոնք յաղթահարել։
11 Թերեւս չենք կրնար ընել ա՛յնքան, ո՛րքան կ’ուզենք։ Օրինակ, կարգ մը հրատարակիչներ տարիքով աւելի մեծ են կամ տկար առողջութիւն ունին։ Ա՞յդ է պարագադ։ Եթէ այո, նկատի առ դասերէն մէկը, որ սորվեցանք ՔՈՎԻՏ–19 համավարակէն։ Գիտցանք թէ կրնանք ելեկտրոնային միջոցներով արդիւնաբեր դասեր վարել։ Ուստի, կրնաս քու տունդ նստած՝ դաս սկսիլ ու վարել։ Ուրիշ առաւելութիւն մըն ալ կայ։ Ոմանք կը սիրեն Աստուածաշունչը սերտել, բայց զբաղած են այն ժամերուն, երբ մեր եղբայրները ընդհանրապէս կը ծրագրեն քարոզել։ Սակայն, թերեւս անոնք ազատ են առտու կանուխ կամ ուշ գիշերով։ Կրնա՞ս այս ժամերուն մէկու մը հետ սերտել։ Յիսուս գիշերով սորվեցուց Նիկոդէմոսին, քանի որ անոր այդպէս կը յարմարէր (Յովհ. 3։1, 2)։
12. Ի՞նչ բաներ կրնան մեզի վստահութիւն տալ, որ կրնանք լաւ ուսուցիչ ըլլալ։
Բ. Կոր. 3։5)։ Երկրորդ, Յիսուս՝ որուն ‘ամէն իշխանութիւն տրուած է երկնքի ու երկրի մէջ’, սորվեցնելու պատուէրը տուած է քեզի (Մատ. 28։18)։ Եւ երրորդ, կրնաս Եհովայէն եւ ուրիշներէն օգնութիւն ստանալ։ Եհովան Յիսուսին օգնեց, որ գիտնայ ի՛նչ խօսի, եւ կրնայ քեզի ալ օգնել (Յովհ. 8։28. 12։49)։ Ասկէ զատ, կրնաս դաշտի ծառայութեան խումբի տեսուչէն, հմուտ ռահվիրայէ մը կամ փորձառու հրատարակիչէ մը խնդրել, որ քեզի օգնէ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսելու եւ վարելու։ Կրնաս անոնց հետ իրենց վարած դասերուն ներկայ ըլլալ, եւ այդպէս վստահութիւն ձեռք պիտի ձգես։
12 Թերեւս մենք մեզի չենք վստահիր, որ պիտի կարենանք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը վարել։ Թերեւս զգանք թէ մէկու մը հետ սերտելէ առաջ, պէտք է աւելի գիտութիւն կամ հմտութիւն ունենանք՝ որպէս ուսուցիչ։ Եթէ այդպէս կը զգաս, նկատի առ երեք բաներ, որոնք ինքնավստահութիւնդ պիտի աւելցնեն։ Առաջին, Եհովան քեզ որակեալ կը նկատէ ուրիշներուն սորվեցնելու (13. Ինչո՞ւ պէտք է պատրաստ ըլլանք նոր կերպերու վարժուելու։
13 Թերեւս մեզի համար դժուար ըլլայ նոր մեթոտներ եւ նոր գործիքներ գործածել։ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ վարելու մեր կերպը հիմա փոխուած է։ Ուսումնասիրութեան մեր գլխաւոր հրատարակութիւնը՝ Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն, մեզմէ կը պահանջէ որ տարբեր կերպով դասը պատրաստենք ու վարենք։ Նուազ պարբերութիւններ կը կարդանք, եւ աշակերտին հետ աւելի քննարկութիւններ կ’ունենանք։ Սորվեցնելու ատեն, աւելի կը գործածենք վիտէօներ, մեր կայքէն նիւթեր եւ JW Library®–ն։ Եթէ չես գիտեր այս գործիքները գործածել, խօսէ մէկու մը հետ, որ կրնայ քեզի սորվեցնել։ Մարդ արարածին համար դիւրին չէ իր սովորութիւնները ձգել եւ նոր բաներու վարժուիլ։ Բայց Եհովային եւ ուրիշներուն օգնութեամբ, քեզի համար աւելի դիւրին պիտի ըլլայ որ վարժուիս եւ նոյնիսկ աւելի հաճոյք առնես ուսումնասիրութիւններ վարելէ։ Ինչպէս որ ռահվիրայ մը ըսաւ, ուսումնասիրելու այս մեթոտը «կը թարմացնէ թէ՛ աշակերտը եւ թէ ուսուցիչը»։
14. Ի՞նչ պէտք է յիշենք, երբ դժուար թաղամասի մը մէջ կը քարոզենք, եւ Ա. Կորնթացիս 3։6, 7–ն մեզ ինչպէ՞ս կը քաջալերէ։
14 Թերեւս կ’ապրինք թաղամասի մը մէջ, ուր դժուար է Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսիլ։ Կարգ մը մարդիկ մեր տուած պատգամին հանդէպ անտարբեր են կամ նոյնիսկ անոր կը հակառակին։ Ի՞նչը կրնայ մեզի օգնել, որ այս տեսակ թաղամասի մը մէջ դրական մնանք։ Յիշէ՛ որ այս փոթորկոտ աշխարհին մէջ, մարդոց պարագաները կրնան արագօրէն փոխուիլ, եւ անոնք՝ որոնք ատեն մը չէին հետաքրքրուած, կրնան իրենց հոգեւոր պէտքին գիտակից դառնալ (Մատ. 5։3)։ Ոմանք, որոնք միշտ կը մերժէին մեր հրատարակութիւնները առնել, ընդունեցին Աստուածաշունչը սերտել։ Նաեւ գիտենք, որ Եհովան հունձքին Տէրն է (Մատ. 9։38)։ Ան կ’ուզէ որ շարունակ ցանենք ու ջրենք, բայց աճումին պատասխանատուն Ինքն է (Ա. Կոր. 3։6, 7)։ Եւ որքա՛ն քաջալերական է յիշելը, թէ նոյնիսկ եթէ ներկայիս չենք կրնար դաս մը վարել, Եհովան մեզ կը վարձատրէ մեր ջանքերուն համար, եւ ոչ թէ արդիւնքներուն համար *։
ԱՇԱԿԵՐՏԵԼՈՒ ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆԸ ԶԳԱ՛
15. Եհովան ի՞նչ կը զգայ, երբ մէկը կ’ընդունի Աստուածաշունչը սերտել եւ իր սորվածը կը գործադրէ։
15 Եհովան կ’ուրախանայ, երբ մէկը Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը կ’ընդունի եւ անոր մասին կը խօսի ուրիշներուն (Առ. 23։15, 16)։ Եհովան որքա՜ն ուրախ ըլլալու է, տեսնելով այն ինչ որ ներկայիս կը պատահի։ Օրինակ, հակառակ 2020 ծառայութեան տարուան ընթացքին տեղի ունեցող համավարակին, 7,705,765 Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ վարուեցան, ինչ որ 241,994 անհատներու օգնեց, որ իրենց կեանքը Եհովային նուիրեն եւ մկրտուին։ Այս նոր աշակերտները իրենց կարգին Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ պիտի վարեն եւ աւելի աշակերտներ պիտի պատրաստեն (Ղուկ. 6։40)։ Անկասկած, Եհովայի սիրտը կ’ուրախացնենք, երբ աշակերտելու գործին կը մասնակցինք։
16. Ի՞նչ լաւ նպատակակէտ մը կրնանք դնել։
16 Ճիշդ է որ աշակերտելու գործը դժուար է, բայց Եհովայի օգնութեամբ կրնանք նորեկներուն սորվեցնել, որ մեր երկնաւոր Հայրը սիրեն։ Կրնա՞նք նպատակակէտ դնել, որ գոնէ մէկ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն սկսինք եւ վարենք։ Թերեւս զարմանանք, երբ տեսնենք թէ արդիւնքը ի՛նչ պիտի ըլլայ, եթէ ուսումնասիրութիւն առաջարկենք բոլոր անոնց, որոնց կը հանդիպինք։ Կրնանք վստահ ըլլալ, որ Եհովան մեր ջանքերը պիտի օրհնէ։
17. Եթէ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը վարենք, ի՞նչ պիտի զգանք։
17 Մեզի համար ի՜նչ մեծ առանձնաշնորհում է՝ ճշմարտութիւնը ուրիշներուն քարոզել ու սորվեցնել։ Այս գործը մեզի իսկական ուրախութիւն կու տայ։ Պօղոս առաքեալ, որ Թեսաղոնիկէի մէջ շատերու օգնեց աշակերտներ դառնալու, իր զգացումները այսպէս արտայայտեց. «Ո՞վ է մեր յոյսը կամ ուրախութիւնը կամ մեր պարծանքին պսակը, եթէ ոչ դուք՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին առջեւ անոր գալու ատենը։ Որովհետեւ դուք էք մեր փառքը եւ ուրախութիւնը» (Ա. Թես. 2։19, 20. Գործք 17։1-4)։ Ներկայիս, շատեր նոյնը կը զգան։ Սթեֆանի անունով քոյր մը, որ իր ամուսինին հետ շատերու օգնած է, որ մկրտութեան հասնին, կ’ըսէ. «Աւելի մեծ ուրախութիւն չկայ, քան՝ մարդոց օգնել որ իրենց կեանքը Եհովային նուիրեն»։
ԵՐԳ 142 Ամէն տեսակ մարդոց քարոզենք
^ պարբ. 5 Եհովան մեզի առանձնաշնորհումը տուած է, որ ոչ միայն ուրիշներուն քարոզենք, հապա նաեւ անոնց սորվեցնենք որ Յիսուսին պատուիրած բոլոր բաները պահեն։ Ի՞նչը մեզ կը մղէ որ ուրիշներուն սորվեցնենք։ Ի՞նչ դժուարութիւններ ունինք քարոզելու եւ աշակերտելու գործին մէջ։ Եւ ինչպէ՞ս կրնանք անոնք յաղթահարել։ Յօդուածը պիտի պատասխանէ այս հարցումներուն։
^ պարբ. 14 Աշակերտելու գործին մէջ մեր դերին մասին աւելի գիտնալու համար, տե՛ս «Բոլո՛րս օգնենք Աստուածաշունչի աշակերտներուն որ յառաջդիմեն դէպի մկրտութիւն» յօդուածը, հրատարակուած՝ Դիտարան–ի մարտ 2021 թիւին մէջ։
^ պարբ. 53 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Տե՛ս թէ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը ինչպէ՛ս կրնայ անհատի մը կեանքը փոխել. սկիզբը, մարդ մը կը զգայ, որ իր կեանքը նպատակ մը չունի, եւ Եհովան չի ճանչնար։ Ետքը, Վկաներ՝ քարոզչութեան մէջ եղած ատեն իրեն կը հանդիպին, եւ ան կ’ընդունի Աստուածաշունչը սերտել։ Իր սորվածները զինք կը մղեն, որ նուիրուի ու մկրտուի։ Ժամանակի ընթացքին, ինքն ալ աշակերտելու գործին կը մասնակցի։ Ի վերջոյ, անոնք բոլորը կեանքը կը վայելեն Դրախտին մէջ։