Հարցումներ՝ ընթերցողներէն
Քրիստոնեան կրնա՞յ իր քով հրազէն պահել, ինչպէս՝ ատրճանակ կամ հրացան, որպէսզի ինքզինք ուրիշ մարդոցմէ պաշտպանէ։
Քրիստոնեաները կը հետեւին Սուրբ Գիրքի սկզբունքներուն, երբ պիտի որոշեն թէ ինքզինքնին ինչպէ՛ս պիտի պաշտպանեն։ Այս սկզբունքները կը ցուցնեն, թէ սխալ է որ քրիստոնեան զէնքեր գործածէ, ինչպէս՝ ատրճանակ, հրացան կամ որեւէ այլ զէնք, որպէսզի ինքզինք պաշտպանէ ուրիշ մարդոցմէ։ Նկատի առ հետեւեալ կէտերը.
Մարդկային կեանքը սուրբ է Եհովային աչքին։ Սաղմոսերգու Դաւիթ գիտէր թէ Եհովան «կեանքի աղբիւր»ն է (Սաղ. 36։9)։ Այս պատճառով, եթէ քրիստոնեան ուզէ ինքզինք կամ իր ստացուածքը պաշտպանել, պէտք է ամէն ինչ ընէ որ արիւնապարտ չըլլայ, այսինքն՝ մէկու մը մահուան պատճառ չդառնայ (Բ. Օր. 22։8. Սաղ. 51։14)։
Ճիշդ է որ մէկը ի՛նչ ալ գործածէ որ ինքզինք պաշտպանէ՝ կրնայ ուրիշի մը մահուան պատճառ դառնալ, բայց զէնքերը աւելի դիւրին կը դարձնեն որ մէկը սպաննուի, ըլլա՛յ պատահաբար կամ դիտմամբ *։ Ասկէ զատ, յարձակողը արդէն իսկ ջիղերուն վրայ կրնայ ըլլալ, եւ այս պատճառով՝ եթէ տեսնէ որ դիմացինը զէնք շալկած է, վիճակը կրնայ աւելի գէշ դառնալ եւ թերեւս սպանութիւն մը պատահի։
Երբ Յիսուս իր մահուան նախորդող գիշերը իր հետեւորդներուն ըսաւ որ իրենց հետ սուր առնեն, իր նպատակը չէր որ ասիկա պաշտպանութեան համար ընեն (Ղուկ. 22։36, 38)։ Իրականութեան մէջ, Յիսուս ասիկա ուզեց, որպէսզի կարենայ անոնց սորվեցնել, որ պէտք չէ բռնութեան դիմեն, նոյնիսկ երբ զինուած խումբի մը առջեւ գտնուին (Ղուկ. 22։52)։ Երբ Պետրոս իր սուրով յարձակեցաւ քահանայապետին ծառային վրայ, Յիսուս իրեն հրամայեց. «Սուրդ տե՛ղը դարձուր»։ Ետքը, ան կարեւոր սկզբունք մը ըսաւ, որուն կը հետեւին իր հետեւորդները մինչեւ հիմա. «Բոլոր սուր առնողները՝ սուրով պիտի կորսուին» (Մատ. 26։51, 52)։
Ինչպէս որ Միքիա 4։3–ին մէջ մարգարէացուած է, Աստուծոյ ժողովուրդը ‘իր սուրերը խոփեր կը շինէ եւ իր նիզակները՝ յօտոցներ’։ Ճշմարիտ քրիստոնեաները ճանչցուած են որպէս խաղաղասէր մարդիկ։ Անոնք կը հետեւին այն խրատին, որ Աստուած Պօղոս առաքեալին միջոցաւ տուաւ. «Չարութեան փոխարէն մէկո՛ւն չարութիւն մի՛ հատուցանէք. . . որչափ կարելի է ձեզի՝ ամէն մարդու հետ խաղաղութիւն ունեցէ՛ք» (Հռով. 12։17, 18)։ Թէեւ Պօղոս դժուար պարագաներու մէջ գտնուեցաւ, մէջը ըլլալով՝ «աւազակներէն վտանգներ», բայց ան բնա՛ւ չսեպեց որ իր ապահովութիւնը աւելի կարեւոր է քան՝ Սուրբ Գիրքին սկզբունքները (Բ. Կոր. 11։26)։ Ընդհակառակը, ան Աստուծոյ վստահեցաւ եւ գիտէր, թէ Սուրբ Գիրքին բովանդակած իմաստութիւնը «պատերազմական զէնքերէն աղէկ է» (Ժող. 9։18)։
Քրիստոնեաներուն աչքին՝ կեանքը աւելի կարեւոր է քան նիւթական բաները։ «Մարդուս ստացուածքներուն աւելնալէն կախուած չէ իր կեանքը» (Ղուկ. 12։15)։ Այս պատճառով, եթէ անոյշ լեզու թափենք զինեալ գողին, բայց ան իր միտքը չփոխէ, կը հետեւինք Յիսուսին խրատին. «Չարին հակառակ մի՛ կենար»։ Թերեւս նոյնիսկ ստիպուինք իրեն տալ ի՛նչ որ ուզէ (Մատ. 5։39, 40. Ղուկ. 6։29) *։ Անշուշտ, լաւագոյն բանը որ կրնանք ընել՝ սկիզբէն աչքի չզարնելն է։ Եթէ մեր ‘ապրուստի միջոցները ցուցադրաբար չներկայացնենք’, եւ ճանչցուած ըլլանք որպէս խաղաղասէր Եհովայի վկաներ, աւելի քիչ հաւանականութիւն կ’ըլլայ որ ոճրագործներուն թիրախը դառնանք (Ա. Յովհ. 2։16, ՆԱ. Առ. 18։10)։
Քրիստոնեաները ուրիշներուն խղճմտանքը կը յարգեն (Հռով. 14։21)։ Կարգ մը եղբայրներ ու քոյրեր թերեւս շատ զարմանան կամ նոյնիսկ գայթակղին, երբ լսեն որ ժողովքէն մէկը իր քով զէնք կը պահէ, որպէսզի ուրիշներէն պաշտպանուի։ Թերեւս օրինական իրաւունք է որ զէնք ունենանք, բայց քանի որ մեր եղբայրները կը սիրենք, բնա՛ւ չենք ուզեր զանոնք գայթակղեցնել (Ա. Կոր. 10։32, 33. 13։4, 5)։
Քրիստոնեաները կը ջանան օրինակելի ըլլալ (Բ. Կոր. 4։2. Ա. Պետ. 5։2, 3)։ Այն քրիստոնեան որ կը շարունակէ զէնք պահել ուրիշներէն պաշտպանուելու համար, հակառակ որ երէցները Սուրբ Գիրքէն խրատ տուին իրեն, օրինակելի չ’ըլլար։ Ուստի, ան չի կրնար որեւէ պատասխանատուութիւն կամ յատուկ առանձնաշնորհում ստանալ ժողովքին մէջ։ Նոյնն է պարագան այն քրիստոնեային, որ իր աշխարհիկ գործին պատճառաւ զէնք կը կրէ։ Շա՜տ աւելի լաւ կ’ըլլայ որ ան ուրիշ գործ մը փնտռէ *։
Քրիստոնեան պէտք է ինք որոշէ թէ ինչպէ՛ս պիտի պաշտպանէ ինքզինք, իր ընտանիքը եւ իր ստացուածքը, ինչպէս նաեւ՝ ի՛նչ գործ պիտի աշխատի։ Բայց ան պէտք է Սուրբ Գիրքին սկզբունքներուն համաձայն այսպիսի որոշումներ առնէ։ Այս սկզբունքները կը ցուցնեն Աստուծոյ իմաստութիւնը եւ մեզի հանդէպ իր սէրը։ Այս պատճառով, հոգեւորապէս հասուն քրիստոնեաները կ’որոշեն հրազէն չպահել ուրիշներէն պաշտպանուելու համար։ Անոնք գիտեն թէ եթէ Աստուծոյ կը վստահին եւ իրենց կեանքին մէջ Սուրբ Գիրքին սկզբունքներուն կը հետեւին, իսկական ապահովութիւն պիտի վայելեն յաւիտեան (Սաղ. 97։10. Առ. 1։33. 2։6, 7)։
^ պարբ. 3 Քրիստոնեան թերեւս որոշէ զէնք ունենալ (ինչպէս՝ հրացան կամ որսի զէնք), որպէսզի անասուններ որսայ ուտելու համար, կամ որպէսզի վայրի անասուններէն պաշտպանուի։ Բայց երբ ան զէնքը չի գործածեր, պէտք է կապարները պարպէ, թերեւս նոյնիսկ զէնքը քակէ, եւ ապահով տեղ մը պահէ զայն։ Այն երկիրները ուր զէնք ունենալը անօրէն է, կամ այլ կերպերով սահմանափակուած է, քրիստոնեաները օրէնքը կը յարգեն (Հռով. 13։1)։
^ պարբ. 2 Բռնաբարումէ պաշտպանուելու նկատմամբ, տե՛ս «Ինչպէ՞ս կրնաս բռնաբարումի զոհ չերթալ» յօդուածը, Զարթի՛ր–ի 8 մարտ 1993 թիւին մէջ (անգլերէն)։
^ պարբ. 4 Աւելին գիտնալու համար թէ քրիստոնեան պէ՞տք է ընդունի գործ մը, որ կը պահանջէ զէնք կրել, տե՛ս Դիտարան–ի 1 նոյեմբեր 2005 թիւը, էջ 31, եւ 15 յուլիս 1983 թիւը, էջ 25-26 (անգլերէն)։