Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՍԵՐՏԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԱՌԱՋԱՐԿ

Սիրտդ պատրաստէ

Սիրտդ պատրաստէ

Երբ Սուրբ Գիրքը կը սերտենք, կ’ուզենք որ մեր սորված բաները ազդեն մեր սիրտին, կամ՝ ներքին անձին։ Մենք կրնանք Եզրասէն օրինակ առնել, որ «իր սիրտը պատրաստեց՝ որպէս զի Տէրոջը օրէնքը փնտռէ» (Եզր. 7։10)։ Լաւ, ինչպէ՞ս կրնանք մեր սիրտը պատրաստել։

Աղօթէ։ Սերտելու սկսելէ առաջ՝ աղօթէ։ Եհովայէն խնդրէ որ քեզի օգնէ սորվածներդ հասկնալու եւ գործադրելու (Սաղ. 119։18, 34

Խոնարհ եղիր։ Աստուած ճշմարտութիւնը կը պահէ անոնցմէ, որոնք հպարտ են եւ կը կարծեն, թէ իր օգնութեան պէտք չունին Սուրբ Գիրքը հասկնալու համար (Ղուկ. 10։21)։ Փնտռտուք մի՛ ըներ պարզապէս ուրիշներուն ցոյց տալու համար, որ դուն շատ բաներ գիտես։ Եւ խոնարհօրէն փոխէ մտածելակերպդ, երբ տեսնես որ ատիկա Աստուծոյ մտածելակերպին համաձայն չէ։

Մեր երգերէն մէկը մտիկ ըրէ։ Երաժշտութիւնը զօրութիւն ունի, որ մեր սիրտին խօսի, եւ կը ձգէ որ Եհովային վրայ կեդրոնանանք։ Ուրեմն, սերտելէ առաջ՝ մեր երգերէն մէկը մտիկ ընելը կրնայ քեզի օգնել, որ սիրտդ պատրաստես։