ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 21
Աստուածատուր նուէրները կը գնահատե՞ս
«Ի՜նչ հրաշալի են գործերը որ ըրիր մեզի համար, ո՜վ Տէր, Աստուածս, եւ քու ծրագիրներդ՝ որ մեզի համար պատրաստեցիր» (ՍԱՂ. 40։5, ՆԹ)։
ԵՐԳ 110 Աստուծոյ զարմանալի գործերը
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *
1-2. Սաղմոս 40։5–ի համաձայն, Եհովան մեզի ի՞նչ նուէրներ տուած է, եւ ինչո՞ւ զանոնք նկատի պիտի առնենք։
ԵՀՈՎԱՆ առատաձեռն Աստուած է։ Մտածէ այն կարգ մը նուէրներուն մասին, որոնք մեզի տուած է՝ մեր գեղեցիկ ու յատուկ տունը, երկիրը. մեր սքանչելիօրէն ծրագրուած ուղեղը. եւ իր թանկարժէք Խօսքը, Աստուածաշունչը։ Այս երեք նուէրներուն միջոցաւ, Եհովան մեզի տուած է ապրելու վայր մը, մեզի շնորհած է մտածելու եւ հաղորդակցելու կարողութիւնը եւ պատասխանած է մեր ամենակարեւոր հարցումներուն (կարդա՛ Սաղմոս 40։5)։
2 Այս յօդուածին մէջ, այդ երեք նուէրները հակիրճ կերպով նկատի պիտի առնենք։ Անոնց մասին ո՛րքան աւելի խոկանք, ա՛յնքան աւելի զանոնք պիտի գնահատենք եւ ա՛յնքան աւելի զօրաւոր փափաք պիտի ունենանք մեր հոգատար Ստեղծիչը՝ Եհովան, հաճեցնելու (Յայտ. 4։10բ)։ Նաեւ աւելի ի վիճակի պիտի ըլլանք օգնելու անոնց, որոնք մոլորած են բարեշրջութեան հաւատալով։
ՄԵՐ ՅԱՏՈՒԿ ՄՈԼՈՐԱԿԸ
3. Երկիրը ինչո՞ւ յատուկ է։
3 Աստուծոյ իմաստութիւնը յստակօրէն կը տեսնենք այն կերպին մէջ, որով պատրաստեց մեր տունը՝ երկիրը (Հռով. 1։20. Եբ. 3։4)։ Անիկա միակը չէ որ արեւուն շուրջ կը դառնայ, բայց յատուկ է, քանի որ մարդկային կեանքը գոյատեւելու բոլոր յարմար պայմանները ունի։
4. Ինչո՞ւ կրնանք ըսել որ երկիրը որեւէ նաւէ աւելի լաւ է։
4 Կարգ մը երեսակներով, երկիրը կը նմանի ովկիանոսի մը մէջ ծփացող նաւու մը։ Բայց մեծ տարբերութիւններ կան մարդոցմով լեցուն նաւու մը եւ երկրին միջեւ։ Օրինակ, նաւու մէջի
մարդիկը որքա՞ն ժամանակ ողջ պիտի մնան, եթէ իրե՛նք կ’ապահովեն իրենց թթուածինը, ուտելիքն ու ջուրը, եւ եթէ չեն կրնար աղբերը նաւէն դուրս թափել։ Անոնք չեն կրնար երկար ապրիլ։ Միւս կողմէ, երկիրը միլիառաւոր էակներ կ’ապրեցնէ։ Անիկա մեզի պէտք եղած թթուածինը, ուտելիքն ու ջուրը կ’արտադրէ, եւ անոնք բնա՛ւ վերջ չեն գտներ։ Թէեւ աղբերը անջրպետ չեն թափուիր, բայց երկիրը գեղեցիկ ու բնակելի կը մնայ։ Ասիկա ինչպէ՞ս կարելի է։ Եհովան երկիրը այնպէս մը ծրագրեց, որ կրնայ բնական աղբիւրները վերամշակել։ Ակնարկ մը նետենք հոյակապ կերպով ծրագրուած շրջաններէն երկուքին վրայ. թթուածինի շրջանը եւ ջուրի շրջանը։5. Ինչո՞ւ թթուածինը վերջ չի գտներ, եւ ասիկա ի՞նչ կը փաստէ։
5 Թթուածինը կենսապահ կազ մըն է, որ մարդ արարածը եւ ուրիշ էակներ կը գործածեն։ Կ’ենթադրուի որ ամէն տարի ողջ էակները հարիւր միլիառ թոն թթուածին կը ներշնչեն։ Անոնք կ’արտաշնչեն երկթթուածին բնածուխ (carbon dioxide)։ Բայց եւ այնպէս, անոնք բնա՛ւ ամբողջ թթուածինը չեն սպառեր, ոչ ալ օդը կը լեցուի «աղբ» կազով՝ երկթթուածին բնածուխով։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Եհովան նաեւ ստեղծեց գոյացութիւններ,– մեծ ծառերէն մինչեւ փոքր լօռեր,– որոնք երկթթուածին բնածուխ կ’առնեն եւ թթուածին կու տան։ Նկատի առնելով թէ այս շրջանը կ’արտադրէ մեր շնչած օդը, կրնանք համաձայնիլ Գործք 17։24, 25–ի խօսքերուն. «Աստուած. . . կու տայ ամենուն կեանք ու շունչ»։
6. Երկիրը ինչո՞ւ միշտ ջուր ունի, եւ ասիկա ի՞նչ կը փաստէ (տե՛ս « Եհովայի նուէրը՝ ջուրի շրջանը» շրջանակը)։
6 Ջուրը որպէս հեղուկ գոյութիւն ունի երկրի վրայ, քանի որ մեր մոլորակը արեւէն ճիշդ հեռաւորութեամբ կը գտնուի։ Եթէ քիչ մը աւելի մօտ ըլլար, ամբողջ ջուրը պիտի շոգիանար եւ երկիրը պիտի դառնար տաք ու անկենդան։ Իսկ եթէ քիչ մը աւելի հեռու ըլլար, երկրի վրայ բոլոր ջուրերը պիտի սառէին։ Որովհետեւ Եհովան երկիրը յարմարագոյն հեռաւորութեամբ դրաւ, անոր ջուրի շրջանը կրնայ կեանքը պահպանել։ Արեւը ովկիանոսներու եւ երկրի մակերեսը գտնուող ջուրերը կը տաքցնէ ու կը շոգիացնէ, ամպեր կազմելու համար։ Ամէն տարի արեւը մօտաւորապէս 500,000 խորանարդ քիլոմեթր ջուր կը շոգիացնէ։ Այս ջուրը շուրջ 10 օր օդին մէջ կը մնայ, եւ ետքը կ’իջնէ որպէս անձրեւ կամ ձիւն։ Ջուրը ի վերջոյ կը վերադառնայ ովկիանոսներուն ու միւս ջրակոյտերուն, եւ շրջանը կը կրկնուի։ Եհովան այս շրջանը ծրագրեց, որպէսզի երկիրը միշտ ջուր ունենայ։ Ասիկա կը փաստէ, թէ ան իմաստուն ու զօրեղ է (Յոբ 36։27, 28. Ժող. 1։7)։
7. Ի՞նչ կարգ մը կերպերով կրնանք մեր գնահատանքը յայտնել այն նուէրին հանդէպ, որ նշուած է Սաղմոս 115։16–ին մէջ։
7 Ինչպէ՞ս կրնանք մեր գնահատանքը աւելցնել մեր հիանալի մոլորակին եւ անոր մատակարարած բոլոր բաներուն հանդէպ (կարդա՛ Սաղմոս 115։16)։ Կերպերէն մէկն է՝ Եհովայի ըրած բաներուն մասին խոկալ։ Ատիկա մեզ պիտի մղէ՝ ամէն օր Եհովայէն շնորհակալ ըլլալու այն լաւ բաներուն համար, որ մեզի տուած է։ Եւ ցոյց կու տանք որ երկիրը կ’արժեւորենք, մեր ապրած վայրը կարելի եղածին չափ մաքուր պահելով։
ՄԵՐ ՅԱՏՈՒԿ ՈՒՂԵՂԸ
8. Ինչո՞ւ կրնանք ըսել որ մեր ուղեղը սքանչելի կերպով ծրագրուած է։
8 Մարդկային ուղեղը սքանչելի կերպով ծրագրուած է։ Երբ մօրդ արգանդին մէջն էիր, ուղեղդ կազմուեցաւ նախապէս դրուած ծրագիրի մը համաձայն, եւ իւրաքանչիւր վայրկեան անոր մէջ հազարաւո՛ր նոր բջիջներ շինուեցան։ Հետազօտիչներ կ’ենթադրեն որ չափահասի մը ուղեղը, որ շուրջ 1,5 քկ. կը
կշռէ, մօտ 100 միլիառ ջղաբջիջներ կը պարունակէ, որոնք յարմար կերպով համախմբուած են։ Նկատի առ ուղեղին միայն քանի մը սքանչելի կարողութիւնները։9. Ի՞նչը քեզի կը փաստէ, թէ խօսելու կարողութիւնը Աստուծոյ կողմէ նուէր է։
9 Խօսելու մեր կարողութիւնը հրաշք է։ Պահ մը մտածէ թէ ի՛նչ կը պատահի, երբ կը խօսիս։ Ամէն անգամ որ բառ մը կ’ըսես, ուղեղդ պէտք է համակարգէ շուրջ 100 մկաններու շարժումը՝ լեզուիդ, կոկորդիդ, շրթներուդ, կզակիդ եւ կուրծքիդ մէջ։ Բառերը հասկնալի ըլլալու համար, այդ բոլոր մկանները պէտք է ճշգրիտ ժամանակաւորումով շարժին։ Լեզուներ խօսելու կարողութեան նկատմամբ, 2019–ին հրատարակուած ուսումնասիրութիւն մը ցոյց տուաւ, որ նորածինը կրնայ խօսուած նախադասութեան մէջ որոշ բառեր զատորոշել։ Այս ուսումնասիրութիւնը թիկունք կը կանգնի այն համոզումին, որ շատ մը հետազօտիչներ ունին, թէ մենք կը ծնինք լեզուներ սորվելու կարողութեամբ։ Վստահաբար, խօսելու մեր կարողութիւնը Աստուծոյ կողմէ նուէր է (Ել. 4։11)։
10. Ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ, որ խօսելու աստուածատուր նուէրը կը գնահատենք։
10 Խօսելու մեր նուէրը գնահատելու մէկ կերպն է՝ բարեշրջութեան հաւատացողներուն բացատրել, թէ ինչո՛ւ կը հաւատանք որ Աստուած ամէն բան ստեղծեց (Սաղ. 9։1. Ա. Պետ. 3։15)։ Բարեշրջութեան տեսութիւնը յառաջ մղողները կ’ուզեն որ համոզուինք, թէ երկիրը եւ անոր վրայ ամէն կեանք դիպուածով մէջտեղ եկան։ Աստուածաշունչը եւ այս յօդուածին մէջ քննարկուած կարգ մը կէտեր գործածելով, կրնանք մեր երկնաւոր Հայրը պաշտպանել եւ բացատրել, թէ ինչո՛ւ համոզուած ենք, որ Եհովան երկինքի ու երկրի Ստեղծիչն է (Սաղ. 102։25. Եսա. 40։25, 26)։
11. Ի՞նչ պատճառով մը, մեր ուղեղը հոյակապ է։
11 Յիշելու մեր կարողութիւնը հոյակապ է։ Անցեալին, հեղինակ մը ենթադրեց, որ մարդկային ուղեղը կրնայ 20 միլիոն գիրքի բովանդակած տեղեկութիւնը յիշել։ Սակայն ներկայիս կը կարծուի, որ մեր յիշելու կարողութիւնը շա՜տ աւելի է։ Մեր յիշողութեան շնորհիւ, ի՞նչ յատուկ կարողութիւն ունինք։
12. Բարոյական դասեր սորվելու մեր կարողութիւնը ինչպէ՞ս ցոյց կու տայ, որ մարդը եւ անասունը իրարմէ տարբեր են։
12 Երկրի վրայ եղող բոլոր արարածներուն մէջ, միայն մարդը կրնայ բարոյական դասեր սորվիլ՝ անցեալի դէպքերը յիշելով եւ վերլուծելով։ Առ ի արդիւնք, կրնանք աւելի լաւ արժանիքներ որդեգրել եւ մեր մտածելակերպն ու ապրելակերպը փոխել (Ա. Կոր. 6։9-11. Կող. 3։9, 10)։ Իրականութեան մէջ, կրնա՛նք մեր խիղճը մարզել, որ ճիշդը սխալէն զանազանէ (Եբ. 5։14)։ Կրնա՛նք սորվիլ սէր, կարեկցութիւն եւ ողորմութիւն ցուցաբերել։ Եւ կրնա՛նք սորվիլ Եհովայի արդարութիւնը ընդօրինակել։
13. Սաղմոս 77։11, 12–ի համաձայն, յիշելու նուէրը ինչպէ՞ս պէտք է գործածենք։
13 Յիշելու նուէրը գնահատելու մէկ կերպը Սաղմոս 77։11, 12. 78։4, 7)։ Ուրիշ կերպ մը այն է, որ յիշենք այն լաւ բաները, որոնք ուրիշներ մեզի համար կ’ընեն, եւ իրենց ըրածը գնահատենք։ Հետազօտիչներ նկատած են, որ երախտագէտ անհատները աւելի հաւանական է որ երջանիկ ըլլան։ Նաեւ լաւ կ’ըլլայ որ Եհովան ընդօրինակենք եւ որոշենք կարգ մը բաներ մոռնալ։ Օրինակ, Եհովան կատարեալ յիշողութիւն ունի, բայց երբ զղջանք, կ’որոշէ մեր ըրած մեղքը ներել ու մոռնալ (Սաղ. 25։7. 130։3, 4)։ Եւ ան կ’ուզէ որ նոյնը ընենք ուրիշներուն, երբ կը զղջան որ մեզ վիրաւորեցին (Մատ. 6։14. Ղուկ. 17։3, 4)։
այն է, որ ջանանք յիշել այն բոլոր պահերը, երբ Եհովան մեզի օգնեց ու մխիթարեց։ Ասիկա մեր վստահութիւնը պիտի աւելցնէ, որ ան ապագային ալ պիտի օգնէ մեզի (կարդա՛14. Ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ, թէ մեր ուղեղը կը գնահատենք։
14 Կրնանք գնահատել սքանչելի նուէրը՝ ուղեղը, զայն գործածելով որ Ստեղծիչը պատուենք։ Ոմանք իրենց ուղեղը կը գործածեն անձնասէր նպատակներու համար, իրե՛նց չափանիշները դնելով թէ ի՛նչ բան ճիշդ է ու ի՛նչ բան սխալ։ Բայց քանի որ Եհովա՛ն մեզ ստեղծեց, տրամաբանական է ակնկալել որ իր չափանիշները շա՜տ աւելի լաւ են, քան որեւէ չափանիշ որ կը դնենք մեր անձին համար (Հռով. 12։1, 2)։ Երբ իր չափանիշներուն համաձայն կ’ապրինք, խաղաղութիւն կ’ունենանք (Եսա. 48։17, 18)։ Եւ ապրելու յստակ նպատակ կ’ունենանք. մեր Ստեղծիչն ու Հայրը պատուել եւ իր սիրտը ուրախացնել (Առ. 27։11)։
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ՝ ՅԱՏՈՒԿ ՆՈՒԷՐ ՄԸ
15. Եհովայի նուէրը՝ Աստուածաշունչը, ինչպէ՞ս կը յայտնէ իր սէրը մարդկութեան հանդէպ։
15 Սուրբ Գիրքը Աստուծոյ կողմէ սիրալիր նուէր մըն է։ Մեր երկնաւոր Հայրը մարդիկ ներշնչեց որ զայն գրեն, քանի որ մեզ շա՜տ կը սիրէ։ Սուրբ Գիրքին միջոցաւ, Եհովան կը պատասխանէ մեր ամենակարեւոր հարցումներուն, ինչպէս՝ ուրկէ՞ եկանք. ի՞նչ է կեանքին նպատակը. եւ ապագան ի՞նչ վերապահած է։ Ան կ’ուզէ որ իր բոլոր երկրային Աստուածաշունչը մատչելի դարձնել ափրիկեան լեզուներով» շրջանակը)։
զաւակները այդ հարցումներուն պատասխանները գիտնան, ուստի դարերու ընթացքին մարդիկ մղած է, որ Աստուածաշունչը թարգմանեն բազմաթիւ լեզուներով։ Ներկայիս, Աստուածաշունչը՝ ամբողջութեամբ կամ մասամբ, մատչելի է աւելի քան 3000 լեզուներով։ Անիկա պատմութեան մէջ ամենաշատ թարգմանուած ու բաշխուած գիրքն է։ Մարդիկ ո՛ւր որ ալ կ’ապրին կամ ի՛նչ լեզու ալ որ կը խօսին, մեծաւ մասամբ առիթը ունին Աստուածաշունչի պատգամը գիտնալու իրենց մայրենի լեզուով (տե՛ս «16. Մատթէոս 28։19, 20–ի հիման վրայ, Աստուածաշունչին հանդէպ մեր գնահատանքը ինչպէ՞ս կը յայտնենք։
16 Աստուածաշունչին հանդէպ մեր գնահատանքը կը յայտնենք՝ ամէն օր զայն կարդալով, անոր ուսուցումներուն վրայ խոկալով եւ մեր ամէն կարելին ընելով, որ մեր սորվածը գործադրենք։ Ասկէ զատ, Աստուծոյ հանդէպ մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք, մեր լաւագոյնը ընելով որ անոր պատգամը հաղորդենք կարելի եղածին չափ շատ մարդոց (Սաղ. 1։1-3. Մատ. 24։14. կարդա՛ Մատթէոս 28։19, 20)։
17. Այս յօդուածին մէջ ինչպիսի՞ նուէրներ քննարկեցինք, իսկ յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի քննարկենք։
17 Այս յօդուածին մէջ նկատի առինք կարգ մը աստուածատուր նուէրներ. մեր տունը՝ երկիրը. սքանչելիօրէն ծրագրուած մեր ուղեղը. եւ Աստուծոյ ներշնչեալ Խօսքը՝ Աստուածաշունչը։ Բայց չերեւցած նուէրներ ալ կան, որոնք Եհովան մեզի տուած է։ Յաջորդ յօդուածին մէջ պիտի քննարկենք այս չերեւցած գանձերը։
ԵՐԳ 112 Եհովան մեծ Աստուած է
^ պարբ. 5 Յօդուածը մեր գնահատութիւնը պիտի աւելցնէ Եհովայի հանդէպ եւ մեզի տուած երեք նուէրներու հանդէպ։ Նաեւ մեզի պիտի օգնէ որ տրամաբանենք անոնց հետ, որոնք կը կասկածին Աստուծոյ գոյութեան։
^ պարբ. 64 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Քոյր մը օտար լեզու մը կը սորվի, որպէսզի կարենայ գաղթականներու սորվեցնել աստուածաշնչական ճշմարտութիւններ։