ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 43
‘Ան քեզ պիտի զօրացնէ’. ինչպէ՞ս
«[Եհովան] ձեզ թող. . . հաստատէ՛, զօրացնէ՛ ու հիմնէ՛» (Ա. ՊԵՏ. 5։10)։
ԵՐԳ 60 Ան պիտի զօրացնէ քեզ
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ a
1. Անցեալին, Աստուծոյ ծառաները ինչպէ՞ս զօրութիւն ստացան։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԸ շատ անգամներ հաւատարիմ մարդիկը կը նկարագրէ որպէս զօրաւոր։ Բայց նոյնիսկ անոնցմէ ամէնէն զօրաւորները միշտ զօրաւոր չզգացին։ Օրինակի համար, երբեմն Դաւիթ թագաւորը զգաց որ «լեռ»ան մը պէս «հաստատուն» էր, մինչ ուրիշ ատեններ ‘խռովեցաւ’, կամ վախցաւ (Սաղ. 30։7)։ Թէեւ Սամփսոն յատուկ ոյժ ունէր երբ Աստուծոյ սուրբ հոգին իր հետն էր, բայց ան գիտակցեցաւ որ առանց Աստուծոյ ուժին, ‘պիտի տկարանար եւ ամէն մարդու պէս պիտի ըլլար’ (Դատ. 14։5, 6. 16։17)։ Այս հաւատարիմ մարդիկը զօրաւոր էին, քանի որ Եհովան իրենց զօրութիւն կու տար։
2. Պօղոս առաքեալ ինչո՞ւ ըսաւ որ թէ՛ տկար էր եւ թէ զօրաւոր (Բ. Կորնթացիս 12։9, 10)։
2 Պօղոս առաքեալն ալ գիտակցեցաւ որ Եհովային ուժին պէտք ունէր (կարդա՛ Բ. Կորնթացիս 12։9, 10)։ Շատերուս պէս, Պօղոս առողջապահական խնդիրներ ունէր (Գաղ. 4։13, 14)։ Ատկէ զատ, ատեններ ան պայքարեցաւ որ ճիշդը ընէ (Հռով. 7։18, 19)։ Եւ երբեմն ալ կը մտահոգուէր եւ կը վախնար որ իրեն ի՛նչ պիտի պատահէր (Բ. Կոր. 1։8, 9)։ Բայց երբ Պօղոս տկար էր, զօրացաւ։ Ինչպէ՞ս։ Եհովան իրեն տուաւ այն ուժը, որ չունէր։ Այսպէս, ան Պօղոսը զօրացուց։
3. Այս յօդուածին մէջ ո՞ր հարցումներուն պիտի պատասխանենք։
3 Եհովան կը խոստանայ մեզ ալ զօրացնել (Ա. Պետ. 5։10)։ Բայց մենք չենք ակնկալեր որ այդ զօրութիւնը ստանանք, առանց ջանք թափելու։ Բացատրելու համար, եթէ պնակ մը ճաշ ունիս, պէտք է որ ձեռքդ պնակին մէջ նետես, որպէսզի ուտես եւ անկէ օգտուիս։ Նոյնպէս, Եհովան պատրաստ է մեզի պէտք եղած ուժը տալու, պայմանաւ որ անկէ օգտուելու համար քայլեր առնենք։ Եհովան ի՞նչ բաներ կու տայ, որ մեզ զօրացնէ։ Եւ ի՞նչ բաներ պէտք է ընենք, որպէսզի այդ զօրութիւնը ստանանք։ Այս հարցումներուն պատասխանները պիտի առնենք, նկատի առնելով թէ Եհովան ինչպէ՛ս զօրացուց Աստուածաշունչի մէջ յիշուած երեք անհատներ. Յովնան մարգարէն, Յիսուսին մայրը՝ Մարիամը եւ Պօղոս առաքեալը։ Նաեւ պիտի տեսնենք թէ Եհովան ինչպէ՛ս կը շարունակէ իր ծառաները զօրացնել նոյնանման կերպերով։
ԶՕՐԱՑԻՐ՝ ԱՂՕԹԵԼՈՎ ԵՒ ՍԵՐՏԵԼՈՎ
4. Ինչպէ՞ս կրնանք Եհովայէն զօրութիւն ստանալ։
4 Եհովային աղօթելը կերպերէն մէկն է որ զօրութիւն ստանանք։ Եհովան ալ՝ մեր աղօթքներուն պատասխանելով, մեզի «սովորականէն աւելի եղող ուժը» պիտի տայ (Բ. Կոր. 4։7, ՆԱ)։ Մենք նաեւ կրնանք զօրանալ՝ իր Խօսքը կարդալով եւ անոր վրայ խոկալով (Սաղ. 86։11)։ Սուրբ Գիրքին մէջ եղող Եհովային պատգամը «զօրեղ» է (Եբ. 4։12)։ Ուրեմն, երբ Եհովային կ’աղօթես եւ իր Խօսքը կը կարդաս, պէտք եղած զօրութիւնը պիտի ստանաս, որպէսզի տոկաս, ուրախութիւնդ պահես կամ դժուար նշանակում մը կատարես։ Եկուր տեսնենք թէ Եհովան ինչպէ՛ս Յովնան մարգարէն զօրացուց։
5. Յովնան մարգարէն ինչո՞ւ զօրութեան պէտք ունէր։
5 Յովնան մարգարէն զօրութեան պէտք ունէր։ Ան փախուստ տուած էր դժուար նշանակումէ մը, որ Եհովան տուած էր իրեն։ Այս պատճառաւ ալ, ան քիչ մնաց որ իր կեանքը կորսնցնէր զօրաւոր փոթորիկի մը պատճառաւ եւ վտանգի տակ դրաւ նաւու մը մէջ իրեն հետ ճամբորդողները։ Երբ անոնք զինք նաւէն դուրս նետեցին, ան իր աչքերը բացաւ ձուկի մը մութ փորին մէջ։ Արդեօք Յովնան ի՞նչ զգաց։ Արդեօք միտքէն անցա՞ւ որ թերեւս հոն մեռնի։ Արդեօք մտածե՞ց որ թերեւս Եհովան զինք մերժած է։ Մէկ բանէ վստահ ենք որ Յովնան շատ մտահոգ ըլլալու էր։
6. Յովնան 2։1, 2, 7–ի հիման վրայ, ի՞նչ բան Յովնանը զօրացուց, երբ ան ձուկին փորին մէջն էր։
6 Յովնան ի՞նչ ըրաւ որ զօրանայ ձուկին փորին մէջ։ Առաջին բանը որ ըրաւ՝ աղօթելն էր (կարդա՛ Յովնան 2։1, 2, 7)։ Ճիշդ է որ ան Եհովային հնազանդ չէր եղած, բայց զղջացած էր եւ վստահ էր որ Եհովան իր խոնարհ աղօթքը պիտի լսէր։ Յովնան նաեւ խոկաց Սուրբ Գրութիւններուն վրայ։ Ինչպէ՞ս գիտենք։ Քանի որ իր աղօթքին մէջ, որ արձանագրուած է Յովնան գրքին 2–րդ գլուխին մէջ, ան կը գործածէ շատ մը խօսքեր եւ արտայայտութիւններ, որոնք սաղմոսներուն մէջ յիշուած են (օրինակ, համեմատէ Յովնան 2։2, 5–ը Սաղմոս 69։1–ին եւ 86։7–ին հետ)։ Յստակ է որ Յովնան այդ սաղմոսները շատ լաւ գիտէր եւ իր դժուար ժամանակին անոնց վրայ խոկալով՝ ան վստահութիւն ունեցաւ որ Եհովան իրեն պիտի օգնէր։ Ետքը, Եհովան Յովնանը ազատեց եւ ան այլեւս պատրաստ էր իր յաջորդ նշանակումը ընդունելու եւ կատարելու (Յովն. 2։10–3։4)։
7-8. Թայուանի մէջ ապրող եղբայր մը ինչպէ՞ս իր փորձութիւններուն ժամանակ զօրութիւն ստացաւ։
7 Յովնանի օրինակը կրնայ մեզի օգնել, երբ տարբեր–տարբեր փորձութիւններէ կ’անցնինք։ Օրինակի համար, Թայուանի մէջ ապրող Զիմինկ b անունով եղբայր մը առողջապահական լուրջ խնդիրներ ունի։ Ասկէ զատ, Եհովային հանդէպ իր հաւատքին համար, խիստ հակառակութեան կը տոկայ։ Ան Եհովայէն զօրութիւն կը ստանայ աղօթքի եւ ուսումնասիրութեան միջոցաւ։ Ան կ’ըսէ. «Երբեմն, երբ խնդիրներ ծագին, այնքա՛ն ջղագրգիռ կ’ըլլամ, որ չեմ կրնար հանդարտիլ որպէսզի անձնական ուսումնասիրութիւն ընեմ»։ Բայց ան չի յանձնուիր։ Ան կը շարունակէ. «Նա՛խ Եհովային կ’աղօթեմ, ետքը ընկալուչներս (earphones) կը դնեմ եւ Թագաւորութեան երգեցողութիւնները մտիկ կ’ընեմ։ Երբեմն, նոյնիսկ ցած ձայնով կ’երգեմ, մինչեւ որ հանդարտիմ։ Ետքը, կը սկսիմ ուսումնասիրել»։
8 Անձնական ուսումնասիրութիւնը զօրացուցած է Զիմինկը չակնկալուած կերպերով։ Օրինակի համար, երբ ան մեծ գործողութենէ մը ետք կը հանգստանար, հիւանդապահուհի մը իրեն ըսաւ, որ քանի՛ որ իր կարմիր գնդիկներուն քանակը քիչ էր, ան արեան ներարկումի պէտք պիտի ունենար։ Իր գործողութենէն մէկ գիշեր առաջ, Զիմինկը կարդաց քրոջ մը փորձառութիւնը, որ նոյն գործողութիւնը ունեցած էր եւ անոր արեան կարմիր գնդիկներուն քանակը իրենինէն շա՜տ աւելի քիչ էր. բայց եւ այնպէս ան արիւն չառաւ եւ կրցաւ առողջանալ։ Այս փորձառութիւնը Զիմինկը զօրացուց որ հաւատարիմ մնայ։
9. Եթէ փորձութեան մը պատճառաւ տկարացած ես, ի՞նչ կրնաս ընել (տե՛ս նաեւ նկարները)։
9 Փորձութեան մը ատեն, այնքա՛ն ջղագրգիռ կ’ըլլաս որ չե՞ս կրնար բառեր գտնել աղօթելու։ Կամ այնքա՛ն տկար կը զգաս որ չե՞ս կրնար սերտել։ Յիշէ որ Եհովան պարագադ շատ լաւ կը հասկնայ։ Անոր համար, նոյնիսկ եթէ քանի մը բառով աղօթես, վստահ եղիր որ ան քեզի ճիշդ պէտք եղածը պիտի տայ (Եփ. 3։20)։ Իսկ եթէ մարմնային կամ զգացական ցաւերու պատճառաւ դժուար կը գտնես կարդալը եւ սերտելը, փորձէ մտիկ ընել Աստուածաշունչի կամ անոր վրայ հիմնուած հրատարակութիւններու ձայնագրութիւնները։ Նաեւ օգտակար պիտի գտնես մտիկ ընել jw.org կայքին վրայ մեր երգերէն մէկը կամ դիտել վիտէօներէն մէկը։ Երբ Եհովային աղօթես եւ պատասխանը փնտռես Աստուածաշունչին եւ անոր վրայ հիմնուած հրատարակութիւններուն մէջ, Եհովային առիթ կու տաս որ քեզ զօրացնէ։
ՀԱՒԱՏԱԿԻՑՆԵՐՈՎԴ ԶՕՐԱՑԻՐ
10. Մեր եղբայրներն ու քոյրերը ինչպէ՞ս կը զօրացնեն մեզ։
10 Եհովան կրնայ մեր քրիստոնեայ եղբայրներն ու քոյրերը գործածել մեզ զօրացնելու համար։ Անոնք կրնան «մխիթարութիւն» ըլլալ, երբ մենք փորձութիւն մը կը դիմագրաւենք կամ դժուար նշանակում մը կը ստանանք (Կող. 4։10, 11)։ Մենք բարեկամներու պէտք ունինք գլխաւորաբար «նեղութեան ատեն» (Առ. 17։17)։ Երբ տկար զգանք, մեր հաւատակիցները կրնան մեզի օգնել՝ ֆիզիքական, զգացական եւ հոգեւոր գետնի վրայ։ Նկատի առնենք թէ ինչպէ՛ս Մարիամ՝ Յիսուսին մայրը, ուրիշներուն միջոցաւ զօրացաւ։
11. Մարիամ ինչո՞ւ զօրութեան պէտք ունէր։
11 Մարիամ զօրութեան պէտք ունէր։ Մէյ մը մտածէ թէ ան որքա՛ն վախցաւ, երբ Գաբրիէլ հրեշտակը իրեն այս լուրջ նշանակումը տուաւ։ Թէեւ ան չէր ամուսնացած, բայց յղի պիտի մնար։ Թէեւ ան պզտիկներ չէր մեծցուցած, բայց պիտի մեծցնէր պզտիկ մը, որ ապագային Մեսիան պիտի ըլլար։ Եւ քանի՛ որ սեռային յարաբերութիւններ չէր ունեցած, իր նշանածին՝ Յովսէփին ինչպէ՞ս պիտի բացատրէր այս բոլորը (Ղուկ. 1։26-33)։
12. Ղուկաս 1։39-45–ի համաձայն, Մարիամը ինչպէ՞ս պէտք եղած զօրութիւնը ստացաւ։
12 Մարիամ ինչպէ՞ս պէտք եղած զօրութիւնը ստացաւ այս անսովոր եւ ծանր նշանակումը ընելու համար։ Ան ուրիշներուն օգնութիւնը խնդրեց։ Օրինակ, Գաբրիէլէն խնդրեց որ այս նշանակումին մասին աւելի տեղեկութիւններ տայ (Ղուկ. 1։34)։ Եւ անկէ քիչ ետք, ան «լեռնակողմը Յուդայի մէկ քաղաքը գնաց»՝ իր ազգականին՝ Եղիսաբէթին այցելելու համար։ Եւ ան օգտուեցաւ այդ այցելութենէն, քանի որ Եղիսաբէթը զինք գովեց եւ Եհովայէն ներշնչուելով քաջալերական մարգարէութիւն մը ըսաւ ծնելիք մանուկին մասին (կարդա՛ Ղուկաս 1։39-45)։ Ասոր վրայ, Մարիամը ըսաւ որ Եհովան «իր բազուկովը զօրութիւն ցուցուց» (Ղուկ. 1։46-51)։ Եհովան Գաբրիէլին եւ Եղիսաբէթին միջոցաւ Մարիամը զօրացուց։
13. Պոլիվիայէն քոյր մը ինչպէ՞ս զօրացաւ, քանի որ իր հաւատակիցներէն օգնութիւն խնդրեց։
13 Մարիամին պէս, դուն ալ կրնաս հաւատակիցներովդ զօրանալ։ Պոլիվիայէն եղող Տասուրի անունով քոյր մը պէտք ունէր զօրանալու։ Երբ գիտցուեցաւ որ իր հայրը մահացու հիւանդութիւն մը ունի, եւ հիւանդանոց մտաւ, Տասուրին սիրայօժար կերպով իր հօր հոգ տանելու պատասխանատուութիւնը ստանձնեց (Ա. Տիմ. 5։4)։ Բայց ասիկա միշտ դիւրին չէր։ Ան կ’ըսէ. «Շատ անգամներ զգացի որ այլեւս չեմ կրնար շարունակել»։ Արդեօք ան օգնութիւն խնդրե՞ց։ Սկիզբը ոչ։ Ան կ’ըսէ. «Չուզեցի եղբայրներուն նեղութիւն տալ։ Ես ինծի ըսի. ‘Եհովան է որ ինծի պիտի օգնէ, երբ օգնութեան պէտք ունենամ’։ Բայց ետքը անդրադարձայ որ ես ինծի ուրիշներէն հեռացնելով՝ կը փորձէի խնդիրներս առանձին լուծել» (Առ. 18։1)։ Տասուրին որոշեց իր բարեկամներէն ոմանց նամակ գրել եւ բացատրել իր պարագան։ Ան կ’ըսէ. «Բառերը չեն կրնար նկարագրել, թէ սիրելի հաւատակիցներս որքա՜ն զօրացուցին զիս։ Անոնք հիւանդանոցը ճաշ բերին, եւ Սուրբ Գիրքէն մխիթարական համարներ կարդացին ինծի։ Ի՜նչ հոյակապ զգացում է գիտնալ որ առանձին չես, հապա կը պատկանիս Եհովային մեծ ընտանիքին, որ պատրաստ է ձեռք մը տալու, քեզի հետ լալու եւ քեզի հետ պայքարելու»։
14. Ինչո՞ւ պէտք է երէցներուն օգնութիւնը ընդունինք։
14 Եհովան նաեւ երէցները կը գործածէ մեզ զօրացնելու համար։ Անոնք նուէրներ են, որոնց միջոցաւ Եհովան մեզ կը թարմացնէ (Եսա. 32։1, 2)։ Անոր համար, երբ մտահոգ զգաս, երէցներուն հետ խօսէ։ Եւ անոնց օգնութիւնը ընդունէ։ Եհովան անոնց միջոցաւ կրնայ քեզ զօրացնել։
ԱՊԱԳԱՅԻ ՅՈՅՍՈՎ ԶՕՐԱՑԻՐ
15. Բոլոր քրիստոնեաները ո՞ր յոյսը կ’արժեւորեն։
15 Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած մեր յոյսը կրնայ մեզ զօրացնել (Հռով. 4։3, 18-20)։ Մենք քրիստոնեաներս յաւիտեան ապրելու անգին յոյսը ունինք՝ կա՛մ դրախտային երկրի մը մէջ կամ երկնային Թագաւորութեան մէջ։ Մեր յոյսը մեզ կը զօրացնէ որ փորձութիւններու տոկանք, բարի լուրը քարոզենք եւ ժողովքին մէջ տարբեր–տարբեր նշանակումներ կատարենք (Ա. Թես. 1։3)։ Նոյն այդ յոյսը Պօղոս առաքեալն ալ զօրացուց։
16. Ինչո՞ւ Պօղոս առաքեալ զօրութեան պէտք ունէր։
16 Պօղոս պէտք ունէր զօրանալու։ Կորնթացիներուն գրած իր նամակին մէջ, ան ինքզինք նմանցուց հողէ տկար ամանի մը։ Ան «վշտացած», «տագնապած», «հալածուած» եւ «վար ձգուած» էր։ Նոյնիսկ իր կեանքը վտանգի տակ էր (Բ. Կոր. 4։8-10)։ Պօղոս այս խօսքերը գրեց իր միսիոնարական երրորդ ճամբորդութեան ընթացքին։ Թերեւս ան այդ ժամանակ չէր գիտեր որ իր խնդիրները տակաւին պիտի շարունակուէին։ Ան տակաւին վայրագութեան զոհ պիտի դառնար, պիտի ձերբակալուէր, նաւաբեկութենէ պիտի անցնէր եւ պիտի բանտարկուէր։
17. Բ. Կորնթացիս 4։16-18–ի համաձայն, ի՞նչ բան Պօղոսը զօրացուց փորձութիւններու տոկալու։
17 Պօղոս իր յոյսին վրայ կեդրոնանալով զօրացաւ (կարդա՛ Բ. Կորնթացիս 4։16-18)։ Ան կորնթացիներուն ըսաւ որ նոյնիսկ եթէ իր մարմինը ‘ապականէր’ կամ քայքայուէր, ան պիտի չյուսահատէր։ Այսպիսով, ան կեդրոնացաւ իր ապագային վրայ։ Երկինքի մէջ յաւիտենական կեանքի իր յոյսը իրեն համար ‘աւելի ու աւելի գերազանց’ էր, որուն քով իր քաշած չարչարանքները բան մը չէին։ Պօղոս խոկաց այդ յոյսին վրայ եւ այդ պատճառաւ ‘օրէ օր նորոգուեցաւ’։
18. Յոյսը ինչպէ՞ս զօրացուցած է Թիհոմիրը եւ իր ընտանիքը։
18 Թիհոմիր անունով պուլկարացի եղբայր մը իր յոյսով կը զօրանայ։ Քանի մը տարի առաջ, իր պզտիկ եղբայրը՝ Զտրավքոն, արկածի մը պատճառաւ մահացաւ։ Ատոր վրայ, Թիհոմիրը շատ նեղուեցաւ։ Այդ ցաւին տոկալու համար, ինք եւ իր ընտանիքը երեւակայած են, թէ յարութիւնը ինչպէ՛ս պիտի ըլլայ։ Ան կ’ըսէ. «Օրինակի համար, միասին կը խօսինք որ ո՛ւր պիտի դիմաւորենք Զտրաւքոն, իրեն համար ի՛նչ ճաշ պիտի եփենք, որո՛նք պիտի հրաւիրենք երբ ինք վերադառնայ եւ իրեն ի՛նչ պիտի պատմենք վերջին օրերուն մասին։ Թիհոմիրը կ’ըսէ որ իրենց յոյսին վրայ կեդրոնանալը կը զօրացնէ իր ընտանիքը եւ կ’օգնէ որ շարունակեն տոկալ եւ սպասել այն ժամանակը, երբ Եհովան իր եղբայրը պիտի յարուցանէ։
19. Յոյսդ զօրացնելու համար ի՞նչ կրնաս ընել (տե՛ս նաեւ նկարը)։
19 Ինչպէ՞ս կրնաս յոյսդ զօրացնել։ Օրինակ, եթէ երկրի վրայ յաւիտեան ապրելու յոյսը ունիս, կարդա՛ Դրախտին մասին Աստուածաշունչին նկարագրութիւնը եւ անոր վրայ խոկա՛ (Եսա. 25։8. 32։16-18)։ Երեւակայէ թէ կեանքը ինչպէ՛ս պիտի ըլլայ նոր աշխարհին մէջ։ Դուն քեզ հոն տես։ Հոն որո՞ւ կը տեսնես։ Ի՞նչ ձայներ կը լսես։ Ի՞նչ կը զգաս։ Երեւակայութեանդ թռիչք տալու համար, մեր գրականութիւններուն մէջ փնտռէ նկարներ, որոնք Դրախտը կը նկարագրեն, կամ մտիկ ըրէ՝ Դրախտ երկրի վրայ, Նոր աշխարհը շատ մօտ է կամ Երեւակայէ երաժշտական վիտէօները։ Եթէ նոր աշխարհի նկատմամբ մեր յոյսը մեր մտքին մէջ հաստատ պահենք, մեր խնդիրները ‘վայրկենական եւ թեթեւ’ պիտի ըլլան (Բ. Կոր. 4։17)։ Եհովային տուած յոյսը քեզ պիտի զօրացնէ։
20. Նոյնիսկ երբ տկար զգանք, ինչպէ՞ս կրնանք զօրանալ։
20 Նոյնիսկ երբ տկար զգանք, ‘Աստուծմով քաջութիւն պիտի ունենանք’ (Սաղ. 108։13)։ Եհովան արդէն իսկ քեզի տուած է ինչ որ պէտք է որ զօրանաս։ Անոր համար, երբ նշանակում մը ընելու, փորձութեան մը տոկալու կամ ուրախութիւնդ պահպանելու համար օգնութեան պէտք ունենաս, անկեղծօրէն Եհովային աղօթէ եւ անձնական ուսումնասիրութեամբ իր օգնութիւնը խնդրէ։ Քրիստոնեայ եղբայրներուդ ու քոյրերուդ տուած քաջալերութիւնը ընդունէ եւ յոյսդ յստակ եւ վառ պահէ։ Այն ատեն, ‘պիտի զօրանաս ամբողջ ուժով՝ [Աստուծոյ] փառաւոր զօրութեան համեմատ, ուրախութեամբ համբերելով եւ համբերատար ըլլալով’ (Կող. 1։11, ԱԾ)։
ԵՐԳ 38 Հոգդ Եհովայի վրայ ձգէ
a Այս յօդուածը պիտի օգնէ անոնց, որոնք փորձութեան մը կամ դժուար նշանակումի մը պատճառով վախ կը զգան։ Պիտի սորվինք թէ Եհովան ինչպէ՛ս կրնայ մեզ զօրացնել եւ ի՛նչ կրնանք ընել որպէսզի իր օգնութիւնը ստանանք։
b Կարգ մը անուններ փոխուած են։
c ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Խուլ քոյր մը կը խոկայ Աստուածաշունչի խոստումներուն վրայ եւ կը դիտէ երաժշտական վիտէօ մը՝ երեւակայելու համար թէ նոր աշխարհին մէջ իր կեանքը ինչպէ՛ս պիտի ըլլայ։