ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 41
«Մեծ նեղութեան» ընթացքին հաւատարիմ մնացի՛ր
«Տէ՛րը սիրեցէք, ո՛վ անոր բոլոր բարեպաշտները. արդարեւ Տէրը հաւատարիմները կը պաշտպանէ» (ՍԱՂ. 31։23, ԱԾ)։
ԵՐԳ 154 Շարունակենք տոկալ
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *
1-2. ա) Մօտ օրէն ազգերը ի՞նչ պիտի յայտարարեն։ բ) Ի՞նչ հարցումներ պիտի քննարկենք։
ԵՐԵՒԱԿԱՅԷ որ ազգերը ըրին այն յայտարարութիւնը, որ երկար ատենէ ի վեր կը սպասէինք. «Խաղաղութիւն ու ապահովութիւն է»։ Անոնք թերեւս պարծենան, որ աշխարհը շատ ապահով վիճակի մէջ է։ Անոնք պիտի ուզեն որ խորհինք, թէ իրենք կարող են աշխարհի բոլոր խնդիրները լուծել։ Բայց որեւէ կերպով պիտի չկարենան արգելք կենալ յաջորդ դէպքին։ Ըստ Աստուածաշունչի մարգարէութեան, «կորուստը յանկարծակի անոնց վրայ պիտի հասնի. . . ու պիտի չազատին» (Ա. Թես. 5։3)։
2 Անհրաժեշտ է որ գիտնանք հետեւեալ կարեւոր հարցումներուն պատասխանները. Ի՞նչ պիտի պատահի «մեծ նեղութեան» ընթացքին։ Այն ատեն Եհովան մեզմէ ի՞նչ պիտի ակնկալէ որ ընենք։ Եւ ինչպէ՞ս կրնանք հիմակուընէ նախապատրաստուիլ, որպէսզի «մեծ նեղութեան» ընթացքին հաւատարիմ մնանք (Մատ. 24։21)։
Ի՞ՆՉ ՊԻՏԻ ՊԱՏԱՀԻ «ՄԵԾ ՆԵՂՈՒԹԵԱՆ» ԸՆԹԱՑՔԻՆ
3. Յայտնութիւն 17։5, 15-18–ի համաձայն, Աստուած ինչպէ՞ս «Մեծ Բաբելոն»ը պիտի կործանէ։
3 Կարդա՛ Յայտնութիւն 17։5, 15-18։ «Մեծ Բաբելոն»ը պիտի կործանի։ Ինչպէս նախապէս նշուեցաւ, ազգերը պիտի չկարենան արգելք կենալ որեւէ բանի, որ այս հանգրուանին պիտի պատահի։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ «Աստուած անոնց սրտին մէջ [պիտի դնէ], որ իր կամքը կատարեն»։ Ի՞նչ է իր կամքը։ Սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութիւնը կործանել, մէջը ըլլալով քրիստոնէական աշխարհը *։ Աստուած իր խորհուրդը «կարմիր գազանին» «տասը եղջիւրներ»ուն սրտին մէջ պիտի դնէ։ Տասը եղջիւրները կը ներկայացնեն բոլոր քաղաքական ուժերը, որոնք թիկունք կը կանգնին «գազան»ին՝ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան (Յայտ. 17։3, 11-13. 18։8)։ Այդ քաղաքական ուժերը սուտ կրօնքին վրայ յարձակելով, մեծ նեղութիւնը կը սկսի, որ իսկապէս համաշխարհային աղէտալի դէպք մը պիտի ըլլայ։
4. ա) Ազգերը թերեւս ի՞նչ պատճառներ տան սուտ կրօնքին վրայ իրենց յարձակումը արդարացնելու համար։ բ) Այդ կրօնքներուն նախկին անդամները հաւանաբար ի՞նչ պիտի ընեն։
4 Չենք գիտեր թէ ազգերը ի՛նչ պատճառներ պիտի տան, Մեծ Բաբելոնի վրայ իրենց յարձակումը արդարացնելու համար։ Անոնք թերեւս ըսեն, թէ աշխարհի կրօնքները խաղաղութեան արգելք կ’ըլլան եւ թէ միշտ քաղաքականութեան միջամուխ կ’ըլլան։ Կամ ալ թերեւս ըսեն, որ այդ կրօնական կազմակերպութիւնները շատ մեծ հարստութիւն ու ստացուածքներ դիզած են (Յայտ. 18։3, 7)։ Երբ անոնք սուտ կրօնքին վրայ յարձակին, հաւանաբար պիտի չբնաջնջեն կրօնքներուն բոլոր անդամները, հապա պիտի ձերբազատուին կրօնական կազմակերպութիւններէն։ Մէյ մը որ այդ կազմակերպութիւնները մէջտեղէն վերցուին, անոնց նախկին անդամները պիտի անդրադառնան, որ իրենց կրօնական առաջնորդները զիրենք յուսախաբ ըրին, եւ հաւանաբար պիտի ըսեն որ իրենք այդ կրօնքներուն հետ կապ չունին։
5. Մեծ նեղութեան նկատմամբ Եհովան ի՞նչ խոստացած է եւ ինչո՞ւ։
5 Աստուածաշունչը չի նշեր թէ Մեծ Բաբելոնի կործանումը որքա՛ն ժամանակ պիտի առնէ, բայց գիտենք որ երկար պիտի չտեւէ (Յայտ. 18։10, 21)։ Եհովան խոստացած է, որ մեծ նեղութեան ‘օրերը պիտի կարճեցնէ’, որպէսզի իր «ընտրեալներ»ը վերապրին եւ ճշմարիտ կրօնքը գոյատեւէ (Մար. 13։19, 20)։ Բայց Եհովան մեզմէ ի՞նչ պիտի ակնկալէ որ ընենք, մեծ նեղութիւնը սկսելէն ետք եւ Արմագեդոն պատերազմը չսկսած։
ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԵՀՈՎԱՅԻ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԸ ՎԵՐ ԲՌՆԵԼ
6. Ինչո՞ւ բաւարար չէ պարզապէս սուտ կրօնքին հետ մեր կապը խզել։
6 Ինչպէս որ նախորդ յօդուածին մէջ քննարկեցինք, Եհովան իր երկրպագուներէն կ’ակնկալէ որ Մեծ Բաբելոնէն անջատուին։ Սակայն բաւարար չէ սուտ կրօնքին հետ մեր կապը խզել, հապա պէտք է նաեւ վճռենք վեր բռնել ճշմարիտ կրօնքը,– Եհովայի մաքուր պաշտամունքը։ Նկատի առ ատիկա ընելու երկու կերպեր։
7. ա) Ինչպէ՞ս կրնանք Եհովայի բարոյական չափանիշներուն կողքին հաստատ դիրք բռնել։ բ) Եբրայեցիս 10։24, 25–ը ինչպէ՞ս կը շեշտէ միասին հաւաքուելու կարեւորութիւնը՝ մանաւանդ հիմա։
7 Առաջին, պէտք է Եհովայի բարոյական չափանիշներուն կողքին հաստատ դիրք բռնենք։ Մենք չենք կրնար աշխարհի արժանիքներն ու չափանիշները ընդունիլ։ Օրինակ, կը մերժենք որեւէ տեսակի սեռային անբարոյութիւն, մէջը ըլլալով՝ նոյն սեռին պատկանող անհատներու ամուսնութիւնը եւ ուրիշ միասեռական ապրելակերպեր (Մատ. 19։4, 5. Հռով. 1։26, 27)։ Երկրորդ, պէտք է շարունակենք մեր հաւատակիցներուն հետ պաշտել։ Ասիկա կ’ընենք ո՛ւր որ յարմար է, այսինքն՝ Թագաւորութեան սրահին մէջ կամ, երբ որ հարկ է, անձնական տուներու մէջ կամ նոյնիսկ գաղտնաբար։ Ի՛նչ որ ալ պատահի, բնա՛ւ պիտի չդադրինք ժողովներու երթալէ։ Իրականութեան մէջ, մենք պէտք ունինք միասին հաւաքուելու «այնչափ աւելի՝ որչափ այն օրուան մօտենալը կը տեսն[ենք]» (կարդա՛ Եբրայեցիս 10։24, 25)։
8. Մեր քարոզած պատգամը հաւանաբար ապագային ինչպէ՞ս պիտի փոխուի։
8 Մեծ նեղութեան ընթացքին, մեր քարոզած պատգամը հաւանաբար պիտի փոխուի։ Ներկայիս, Թագաւորութեան բարի լուրը կը քարոզենք եւ կը ջանանք աշակերտել։ Բայց այն ատեն, թերեւս հաղորդենք խիստ պատգամ մը, որ խոշոր կարկուտի նմանցուած է (Յայտ. 16։21)։ Թերեւս ծանուցանենք Սատանայի աշխարհին մօտալուտ կործանումը։ Ժամանակի ընթացքին, պիտի գիտնանք թէ այդ պատգամը ի՛նչ պիտի ըլլայ եւ ինչպէ՛ս զայն պիտի հաղորդենք։ Արդեօք պիտի գործածենք այն նո՞յն մեթոտները, որոնք աւելի քան հարիւր տարիէ ի վեր գործածած ենք մեր ծառայութեան մէջ, թէ՞ ուրիշ մեթոտներ պիտի գործածենք։ Սպասենք ու տեսնենք։ Ամէն պարագայի, այնպէս կ’երեւի որ առանձնաշնորհումը պիտի ունենանք համարձակօրէն ծանուցանելու Եհովայի դատաստանական պատգամը (Եզեկ. 2։3-5)։
9. Ազգերը թերեւս ինչպէ՞ս մեր պատգամին հակազդեն, բայց ի՞նչ բանէ կրնանք վստահ ըլլալ։
9 Շատ հաւանաբար, մեր քարոզած պատգամը պիտի գրգռէ ազգերուն բարկութիւնը եւ անոնք պիտի ջանան մեզ լռեցնել մէկ անգամ ընդմիշտ։ Ինչպէս որ ներկայիս ծառայելու համար Եհովայի օգնութեան կ’ապաւինինք, նոյնպէս այն ատեն հարկ պիտի ըլլայ որ իրեն ապաւինինք։ Կրնանք վստահ ըլլալ, որ մեր Աստուածը մեզ զօրութեամբ պիտի լեցնէ, որպէսզի իր կամքը կատարենք (Միք. 3։8)։
ՊԱՏՐԱՍՏ ԵՂԻՐ ԳԱԼԻՔ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻՆ
10. Ինչպէս որ Ղուկաս 21։25-28–ի մէջ մարգարէացուած է, մարդոց մեծամասնութիւնը մեծ նեղութեան ընթացքին ինչպէ՞ս պիտի հակազդէ պատահելիք բաներուն։
10 Կարդա՛ Ղուկաս 21։25-28։ Մեծ նեղութեան ընթացքին, մարդիկ պիտի ապշին, տեսնելով որ աշխարհին մէջ ամէն բան, որ կը կարծէին անխախտ է, փուլ կու գայ։ Մարդկութեան պատմութեան ամէնէն աղէտալի ժամանակին, անոնք պիտի ‘տառապին’ եւ իրենց կեանքին վրայ պիտի վախնան (Սոփ. 1։14, 15)։ Այդ ատեն, կեանքը հաւանաբար աւելի դժուար պիտի ըլլայ նոյնիսկ Եհովայի ժողովուրդին համար։ Որովհետեւ աշխարհի մէկ մասը չենք, թերեւս կարգ մը դժուարութիւններէ անցնինք։ Թերեւս ստիպուինք որոշ անհրաժեշտութիւններ չունենալ։
11. ա) Սուտ կրօնքը կործանուելէ ետք, Եհովայի ժողովուրդը ինչո՞ւ աչքի պիտի զարնէ։ բ) Ինչո՞ւ հարկ չկայ որ մեծ նեղութենէն վախնանք։
11 Մեծ նեղութեան որոշ մէկ հանգրուանին, *։ Իրարու պիտի միանան եւ իրենց ամբողջ ուժով Եհովայի ժողովուրդին վրայ պիտի յարձակին (Եզեկ. 38։2, 14-16)։ Թերեւս սկսինք մտահոգուիլ, թէ մեծ նեղութեան ընթացքին ի՛նչ պիտի պատահի, մանաւանդ՝ քանի որ չենք գիտեր մանրամասնութիւնները։ Սակայն, մէկ բանէ վստահ ենք. հարկ չկայ որ մեծ նեղութենէն վախնանք։ Եհովան մեզի պիտի տայ կենսապահ ուղղութիւններ (Սաղ. 34։19)։ Պիտի կարենանք ‘ելլել ու գլուխնիս բարձրացնել’, քանի որ պիտի գիտնանք թէ մեր «փրկութիւնը մօտ է» *։
մարդիկ՝ որոնց կրօնքները կործանեցան, թերեւս զայրանան, քանի որ Եհովայի վկաներուն կրօնքը տակաւին գոյութիւն ունի։ Անոնք վստահաբար իրենց զայրոյթը ուրիշներուն պիտի արտայայտեն, ի միջի այլոց՝ համացանցը գործածելով։ Ազգերը եւ անոնց իշխանը՝ Սատանան, մեզ պիտի ատեն, քանի որ կը պատկանինք միակ կրօնքին, որ մէջտեղէն չէ վերցուած։ Անոնք բոլոր կրօնքները արմատախիլ ընելու իրենց նպատակին հասած չըլլալով, իրենց ամբողջ ուշադրութիւնը մեր վրայ պիտի կեդրոնացնեն։ Այս հանգրուանին, ազգերը Մագոգի երկիրը եղող Գոգին դերը պիտի առնեն12. «Հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» մեզ ինչպէ՞ս կը պատրաստէ գալիք բաներուն համար։
12 «Հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» մեզ կը պատրաստէ, որպէսզի մեծ նեղութեան ընթացքին հաւատարիմ մնանք (Մատ. 24։45)։ Օրինակ մըն են՝ 2016-2018–ի տարեկան համաժողովներու ժամանակայարմար յայտագիրները։ Ատոնց միջոցաւ, մեզի քաջալերութիւն տրուեցաւ, որ զօրացնենք այն յատկութիւնները, որոնց պէտք ունինք, մինչ Եհովայի օրը կը մօտենայ։ Հակիրճ կերպով աչքէ անցընենք այդ յատկութիւնները։
ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԶՕՐԱՑՆԵԼ ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆԴ, ՀԱՄԲԵՐԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԴ ԵՒ ՔԱՋՈՒԹԻՒՆԴ
13. Ինչպէ՞ս կրնանք Եհովայի հանդէպ մեր հաւատարմութիւնը զօրացնել, եւ ինչո՞ւ պէտք է ատիկա հիմակուընէ ընենք։
13 Հաւատարմութիւն. 2016–ի տարեկան համաժողովի բնաբանն էր՝ «Եհովային հաւատարիմ մնացէք»։ Այս յայտագիրին միջոցաւ սորվեցանք, որ եթէ Եհովայի հետ անձնական զօրաւոր փոխյարաբերութիւն ունինք, իրեն հաւատարիմ պիտի ըլլանք։ Մեզի յիշեցում տրուեցաւ, որ կրնանք Եհովայի մօտենալ՝ սրտանց աղօթելով եւ իր Խօսքը ժրաջանօրէն սերտելով։ Այդպէս ընելով կը զօրանանք եւ կրնանք նոյնիսկ ամէնէն դժուար փորձութիւններուն հետ գլուխ ելլել։ Մինչ Սատանայի դրութիւնը վերջ գտնելու վրայ է, կրնանք ակնկալել որ Աստուծոյ եւ իր Թագաւորութեան հանդէպ մեր հաւատարմութիւնը ա՛լ աւելի պիտի փորձուի։ Հաւանաբար պիտի շարունակենք մարդոց ծաղրանքին թիրախը ըլլալ, յատկապէս քանի որ չէզոք ենք (Բ. Պետ. 3։3, 4)։ Պէտք է հիմակուընէ մեր հաւատարմութիւնը զօրացնենք, որպէսզի մեծ նեղութեան ընթացքին հաւատարիմ մնանք։
14. ա) Երկրի վրայ առաջնորդութիւն առնող եղբայրներուն նկատմամբ ի՞նչ փոփոխութիւն տեղի պիտի ունենայ։ բ) Այդ ատեն ինչո՞ւ պէտք է որ հաւատարիմ ըլլանք։
14 Մեծ նեղութեան ընթացքին, երկրի վրայ առաջնորդութիւն առնող եղբայրներուն նկատմամբ փոփոխութիւն մը տեղի պիտի ունենայ։ Որոշ մէկ հանգրուանին, երկրի վրայ եղող բոլոր օծեալները երկինք պիտի առնուին, որպէսզի Արմագեդոն պատերազմին մասնակցին (Մատ. 24։31. Յայտ. 2։26, 27)։ Ասիկա կը նշանակէ թէ Կառավարիչ մարմինը այլեւս մեզի հետ երկրի վրայ պիտի չըլլայ։ Սակայն, մեծ բազմութիւնը կազմակերպուած պիտի մնայ։ Ուրիշ ոչխարներէն եղող որակեալ եղբայրներ առաջնորդութիւնը պիտի առնեն։ Պէտք է մեր հաւատարմութիւնը ցոյց տանք՝ այս եղբայրներուն թիկունք կանգնելով եւ իրենց աստուածատուր ուղղութեան հետեւելով։ Մեր փրկութիւնը ատկէ կախեալ պիտի ըլլայ։
15. Ինչպէ՞ս կրնանք մեր համբերատարութիւնը զօրացնել, եւ ինչո՞ւ կարեւոր է որ հիմա ատիկա ընենք։
15 Համբերատարութիւն. 2017–ի տարեկան համաժողովի բնաբանն էր՝ «Մի՛ յանձնուիր»։ Այս յայտագիրը մեզի օգնեց, որ դժուարութիւններու դիմանալու մեր կարողութիւնը զօրացնենք։ Սորվեցանք որ մեր տոկալը կախեալ չէ նպաստաւոր պայմաններէ։ Կրնանք մեր համբերատարութիւնը զօրացնել Եհովայի ապաւինելով (Հռով. 12։12)։ Թող որ բնա՛ւ չմոռնանք Յիսուսի խոստումը. «Ով որ մինչեւ վերջը համբերէ, անիկա պիտի ապրի» (Մատ. 24։13)։ Այս խոստումը կը նշանակէ, թէ պէտք է հաւատարիմ մնանք հակառակ մեր դիմագրաւած որեւէ փորձութեան։ Հիմա իւրաքանչիւր փորձութեան տոկալով, աւելի զօրաւոր կը դառնանք մեծ նեղութիւնը սկսելէ առաջ։
16. Ի՞նչ բան մեզ քաջ կը դարձնէ, եւ ինչպէ՞ս կրնանք հիմա աւելի քաջ ըլլալ։
16 Քաջութիւն. 2018–ի տարեկան համաժողովի բնաբանն էր՝ «Քա՛ջ եղէք»։ Այս յայտագիրը մեզի յիշեցուց, որ մեր քաջութիւնը կախեալ չէ մեր անձնական կարողութիւններէն։ Ինչպէս է պարագան համբերատարութեան, պէտք է Եհովայի ապաւինինք իսկական քաջութիւն ունենալու համար։ Ինչպէ՞ս կրնանք սորվիլ Աստուծոյ աւելի վստահիլ։ Ամէն օր իր Խօսքը կարդալով եւ խոկալով թէ անցեալին ինչպէ՛ս իր ժողովուրդը ազատեց (Սաղ. 68։20. Բ. Պետ. 2։9)։ Երբ ազգերը մեր վրայ յարձակին մեծ նեղութեան ընթացքին, հարկ պիտի ըլլայ որ քաջ ըլլանք եւ որեւէ ժամանակէ աւելի Եհովայի վստահինք (Սաղ. 112։7, 8. Եբ. 13։6)։ Եթէ հիմա Եհովայի ապաւինինք, պէտք եղած քաջութիւնը պիտի ունենանք Գոգի յարձակումը դիմագրաւելու *։
ԱԿՆԿԱՌՈՅՑ ՍՊԱՍԷ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆԴ
17. Ինչո՞ւ Արմագեդոնը մեզ պէտք չէ վախցնէ (տե՛ս կողքին նկարը)։
17 Ինչպէս որ նախորդ յօդուածին մէջ նշուեցաւ, մեր մեծամասնութիւնը իրենց ամբողջ Առ. 1։33. Եզեկ. 38։18-20. Զաք. 14։3)։ Երբ Եհովան հրաման տայ, Յիսուս Քրիստոս երկնային զօրքը պատերազմի պիտի առաջնորդէ։ Իր կողքին պիտի ըլլան յարուցուած օծեալները եւ բիւրաւոր հրեշտակներ։ Անոնք միասնաբար պիտի պատերազմին Սատանային, դեւերուն եւ անոնց երկրային բանակներուն դէմ (Դան. 12։1. Յայտ. 6։2. 17։14)։
կեանքը ապրեցան վերջին օրերուն ընթացքին։ Բայց նաեւ կը յուսանք մեծ նեղութենէն վերապրիլ։ Արմագեդոն պատերազմով այս չար աշխարհը վերջ պիտի գտնէ։ Սակայն, հարկ չկայ որ բանէ մը վախնանք։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ասիկա Աստուծո՛յ պատերազմն է (18. ա) Եհովան ի՞նչ բան խոստացած է։ բ) Յայտնութիւն 7։9, 13-17–ն ինչպէ՞ս վստահութիւնդ կ’աւելցնէ ապագային նկատմամբ։
18 Եհովան կը վստահեցնէ. «Քեզի վնասող ոեւէ գործիք ամենեւին պիտի չյաջողի» (Եսա. 54։17)։ Եհովայի հաւատարիմ երկրպագուներու «մեծ բազմութիւն մը» «մեծ նեղութենէն» պիտի վերապրի։ Ետքը, անոնք պիտի շարունակեն իրեն սուրբ ծառայութիւն մատուցանել (կարդա՛ Յայտնութիւն 7։9, 13-17)։ Աստուածաշունչը որքա՜ն մեզ կը հաւաստիացնէ, թէ ապագային պիտի փրկուինք։ Գիտենք թէ Եհովան «հաւատարիմները կը պաշտպանէ» (Սաղ. 31։23, ԱԾ)։ Բոլոր անոնք՝ որոնք Եհովան կը սիրեն ու զինք կը փառաբանեն, ուրախութեամբ պիտի դիտեն, մինչ իր անունը կը սրբացնէ (Եզեկ. 38։23)։
19. Մեզի ի՞նչ հոյակապ ապագայ մը կը սպասէ։
19 Մտածէ թէ Բ. Տիմոթէոս 3։2-5–ի խօսքերը ի՛նչ պիտի ըլլային, եթէ նկարագրէր մարդիկը նոր աշխարհի մէջ, որ Սատանայի ազդեցութենէն զերծ է (տե՛ս « Մարդոց նկարագիրը ապագային» շրջանակը)։ Եղբայր Ճորճ Կանկըս, որ Կառավարիչ մարմինի անդամ էր, այս կերպով արտայայտուեցաւ. «Աշխարհը որքա՜ն հիանալի վայր մը պիտի ըլլայ, երբ բոլոր մարդիկը եղբայրներ ու քոյրեր են։ Մօտ ատենէն, առանձնաշնորհումը պիտի ունենաք նոր դրութեան մէջ ապրելու։ Պիտի ապրիք ա՛յնքան, որքան՝ Եհովան։ Մենք յաւիտեան պիտի ապրինք»։ Ի՜նչ գեղեցիկ յոյս մը։
ԵՐԳ 32 Հաստատո՛ւն եւ անշա՛րժ կեցէք
^ պարբ. 5 Գիտենք որ մօտ ատենէն մարդկութեան վրայ «մեծ նեղութիւն» մը պիտի գայ։ Այն ատեն ի՞նչ պիտի պատահի մեզի։ Եհովան մեզմէ ի՞նչ պիտի ակնկալէ որ ընենք։ Եւ ի՞նչ յատկութիւններ պէտք է հիմակուընէ զարգացնենք, որպէսզի կարենանք հաւատարիմ մնալ։ Յօդուածը պիտի քննարկէ այս հարցումները։
^ պարբ. 3 ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆ. Քրիստոնէական աշխարհը կազմուած է կրօնքներէ, որոնք կը դաւանին քրիստոնէական ըլլալ, բայց մարդոց չեն սորվեցներ որ Եհովան պաշտեն իր չափանիշներուն համաձայն։
^ պարբ. 11 ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆ. Մագոգի երկիրը եղող Գոգը արտայայտութիւնը (եւ անոր կրճատուած տարբերակը՝ Գոգ) կ’ակնարկէ ազգերու միասնութեան, որ մեծ նեղութեան ընթացքին ճշմարիտ պաշտամունքին դէմ պիտի պատերազմի։
^ պարբ. 11 Աւելի մանրամասնութիւններու համար, թէ ի՛նչ պիտի պատահի Արմագեդոն պատերազմէն առաջ, տե՛ս Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կ’իշխէ՛ գրքին 21–րդ գլուխը։ Իսկ աւելի մանրամասնութիւններ առնելու համար Մագոգի երկիրը եղող Գոգի յարձակումին մասին եւ թէ Եհովան ինչպէ՛ս իր ժողովուրդը պիտի պաշտպանէ Արմագեդոնի ընթացքին, տե՛ս Դիտարան–ի 15 յուլիս 2015 թիւը, էջ 14-19։
^ պարբ. 16 2019–ի տարեկան համաժողովի բնաբանն է՝ «Սէրը բնա՛ւ չ’իյնար»։ Յայտագիրը մեզ կը համոզէ թէ Եհովայի սիրալիր պաշտպանութեան ներքեւ կրնանք միշտ ապահով մնալ (Ա. Կոր. 13։8)։
^ պարբ. 64 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Մեծ նեղութեան ընթացքին, ժողովքին մէկ ժողովը ունենալու համար, Վկաներու պզտիկ խումբ մը քաջաբար կը հաւաքուի անտառի մը մէջ։
^ պարբ. 66 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Եհովայի հաւատարիմ երկրպագուներու մեծ բազմութիւն մը մեծ նեղութենէն դուրս պիտի գայ, ողջ եւ ուրախ։