Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

1918. Հարիւր տարի առաջ

1918. Հարիւր տարի առաջ

Դիտարան–ի 1 յունուար 1918 թիւը սկսաւ այս խօսքով. «1918–ն ի՞նչ պիտի բերէ»։ Մեծ պատերազմը շարունակուեցաւ Եւրոպայի մէջ, բայց այն դէպքերը, որ տեղի ունեցան տարուան սկիզբը, ըստ երեւոյթին լաւ բաներ խոստացան Աստուածաշունչի Աշակերտներուն եւ ընդհանուր առմամբ ամբողջ աշխարհին։

ԱՇԽԱՐՀԸ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ ԿԸ ԽՕՍԻ

8 յունուար 1918–ին, նախագահ Ուուտրօ Ուիլսըն Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին ուղղած իր ճառին մէջ նշեց 14 գաղափարներ, որոնք իր կարծիքով կարեւոր էին «արդար եւ կայուն խաղաղութեան» մը համար։ Ան առաջարկեց՝ ազգերու միջեւ բաց դիւանագիտութիւն, ազգային զինեալ ուժերու կրճատում եւ «ազգերու համընդհանուր միութեան» հաստատում, որ պիտի օգտէր «թէ՛ մեծ եւ թէ փոքր պետութիւններուն»։ Յետագային, իր «Տասնչորս կէտերը» գործածուեցան Ազգերու դաշնակցութիւնը հիմնելու համար եւ Վերսայի դաշնագրութեան բանակցութիւններուն ատեն, վերջ դնելով Մեծ պատերազմին։

ՀԱԿԱՌԱԿՈՐԴՆԵՐՈՒՆ ՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ

Հակառակ նախորդ տարուան իրարանցումին *, այնպէս երեւցաւ որ Աստուածաշունչի Աշակերտներուն համար ալ խաղաղ ժամանակներ պիտի գային, ինչպէս որ Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ թերթիկի ընկերութեան տարեկան գործի ժողովի ընթացքին եղած դէպքերը ցոյց տուին։

5 յունուար 1918–ին տեղի ունեցած այս ժողովին ընթացքին, քանի մը երեւելի տղամարդիկ, որոնք Բեթէլէն դուրս դրուած էին, փորձեցին իրենց ձեռքը կազմակերպութեան վրայ դնել։ Ժողովը սկսաւ հաւատարիմ շրջագայող տեսուչ՝ Ռիչըրտ Հ. Պարպըրին աղօթքով։ Նախորդ տարուան գործունէութեան մասին տեղեկագրութիւն մը ներկայացուելէ ետք, վարչականներուն տարեկան ընտրութիւնը սկսաւ։ Եղբայր Պարպըր՝ որպէս թեկնածու առաջարկեց Ժոզեֆ Ռատըրֆորտը եւ վեց ուրիշ եղբայրներ։ Ետքը, հակառակորդներուն աջակցող փաստաբան մը առաջարկեց եօթը ուրիշ տղամարդոց թեկնածութիւնը, մէջը ըլլալով անոնք որ Բեթէլէն դուրս դրուած էին։ Անոնք պարտութիւն կրեցին։ Բաժնետէրերուն մեծամասնութիւնը ընտրեց Ժոզեֆ Ռատըրֆորտը եւ վեց ուրիշ հաւատարիմ եղբայրներ որպէս վարչականներ։

Ներկայ եղող եղբայրներէն շատեր ուրախ էին, քանի որ որեւէ ժամանակէ աւելի այս ժողովին զգացին Եհովայի հաճութիւնը։ Բայց անոնց ուրախութիւնը երկար չտեւեց։

ԿԱՏԱՐՈՒԱԾ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԳԻՐՔԸ Ի՞ՆՉ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ ԳՏԱՒ

Արդէն քանի մը ամիսներէ ի վեր Աստուածաշունչի Աշակերտները կը բաժնէին Կատարուած խորհուրդը գիրքը։ Անկեղծ ընթերցողները դրականօրէն հակազդեցին ատոր մէջ գրուած աստուածաշնչական ճշմարտութիւններուն։

Քանատային մէջ, շրջագայող տեսուչ մը՝ Է. Ֆ. Քրիսթ, պատմեց ամուսնացած զոյգի մը մասին, որոնք կարդացին Կատարուած խորհուրդը եւ միայն հինգ շաբթուան մէջ ընդունեցին ճշմարտութիւնը։ Ան ըսաւ. «Թէ՛ ամուսինը եւ թէ կինը ամբողջութեամբ նուիրուած են եւ հոյակապ յառաջդիմութիւն կը ցուցնեն»։

Տղամարդ մը հազիւ որ գիրքը ստացաւ, ատոր տեղեկութիւնները բաժնեց իր բարեկամներուն հետ։ Գիրքին պատգամը իրեն «զարկաւ»։ Ինչպէ՞ս։ Ան կը պատմէ. «Երրորդ պողոտայէն կ’իջնէի, երբ մէկէն ուսիս բան մը զարկաւ։ Կարծեցի աղիւս մըն էր, բայց մէջտեղ ելաւ որ ‘Կատարուած խորհուրդը’ գիրքն էր։ Զայն տուն բերի եւ կողքէ կողք կարդացի։ . . .Յետագային, իմացայ որ գիրքը պատուհանէն նետողը. . . կատղած քարոզիչ մըն էր։ . . .Վստահ եմ որ քարոզիչը աւելի շատ մարդոց ճշմարտութիւնը ճանչցուց այդ մէկ արարքով, քան իր կեանքին մէջ ըրած որեւէ այլ արարքով կամ քարոզով։ . . .Այս քարոզիչին բարկութիւնը պատճառ դարձաւ որ այժմ Աստուած կը փառաբանենք»։

Բայց քարոզիչը միակը չէր որ այսպէս հակազդեց։ 12 փետրուար 1918–ին, Քանատայի իշխանութիւնները գիրքը արգիլեցին, ըսելով որ ատիկա կը բովանդակէր խռովարար եւ հակապատերազմական խօսքեր։ Ատկէ շատ չանցած, Միացեալ Նահանգներուն իշխանութիւնները նոյն բանը ըրին։ Կառավարական պաշտօնեաներ խուզարկեցին Բեթէլի տունը եւ Նիւ Եորքի, Փէնսիլվանիայի եւ Քալիֆորնիայի գրասենեակները, որպէսզի կազմակերպութեան մէջ առաջնորդութիւն առնող եղբայրներուն դէմ բան մը գտնեն։ 14 մարտ 1918–ին, Միացեալ Նահանգներուն արդարադատութեան նախարարութիւնը արգիլեց Կատարուած խորհուրդը գիրքը, սեպելով որ զայն հրատարակելը եւ բաժնելը կը տկարացնէ պատերազմին նպաստ բերելը, ինչ որ լրտեսութեան վերաբերեալ օրէնքին խախտում է։

ԲԱՆՏԱՐԿՈՒԹԻՒՆ

7 մայիս 1918–ին, արդարադատութեան նախարարութիւնը արտօնութիւն ստացաւ, որ ձերբակալէ Ալեքսանդր Մէգմիլըն, Գլէյթըն Ուուտուըրթ, Ժոզեֆ Ռատըրֆորտ, Ճիովաննի ՏեՉեգգա, Ճորճ Ֆիշըր, Ուիլիամ Վան Էմպըրկ, Ռապըրթ Մարթին եւ Ֆրետերիք Ռապիսըն։ Անոնք ամբաստանուեցան թէ «ապօրինի կերպով, նենգութեամբ եւ դիտումնաւոր կերպով կը մղէին մարդիկը, որ պետութեան անհնազանդ եւ անհաւատարիմ գտնուին եւ Միացեալ Նահանգներու ռազմական եւ ծովային ուժերուն հանդէպ իրենց պարտականութիւնը չկատարեն»։ Դատավարութիւնը սկսաւ 5 յունիս 1918–ին, եւ կասկած չկար որ անոնք պիտի դատապարտուէին։ Ինչո՞ւ։

Միացեալ Նահանգներուն ընդհանուր դատախազը լրտեսութեան վերաբերեալ օրէնքը կոչեց՝ «ազդու զէնք» մը պետութեան վնասող փրոփականտի դէմ։ 16 մայիս 1918–ին, Քոնկրեսը չընդունեց այդ օրէնքին մէջ մտցնել փոփոխութիւն մը, որ պիտի պաշտպանէր անոնք որ կը հրատարակէին «ինչ որ ճիշդ է, ունենալով լաւ շարժառիթներ եւ արդարանալի նպատակներ»։ Անոնք շատ խօսեցան Կատարուած խորհուրդը գիրքին մասին։ Միացեալ Նահանգներուն Քոնկրեսի պաշտօնական արձանագրութիւնը ատոր նկատմամբ կ’ըսէ. «‘Կատարուած խորհուրդը’ կոչուող գիրքը այս տեսակ փրոփականտի ամէնէն վտանգաւոր նմոյշներէն է. . . Ատիկա միմիայն կը ձգէ որ զինուորներուն մէջ անվստահութիւն սերմանուի մեր նպատակներուն նկատմամբ եւ մարդիկը կը մղէ, որ. . . ընդդիմանան զինուորագրութեան»։

20 յունիս 1918–ին, երդուեալները նշուած բոլոր կէտերով յանցաւոր գտան ութ եղբայրները։ Յաջորդ օրը, դատաւորը վճիռը արձակեց։ Ան ըսաւ. «Այս ամբաստանեալներուն վճռականօրէն քարոզած եւ տարածած կրօնական փրոփականտը. . . աւելի վտանգաւոր է քան՝ Գերմանիոյ բանակի մէկ զօրաբաժինը։ . . .Անոնց պատիժը խիստ պէտք է ըլլայ»։ Այս ութ եղբայրները դատապարտուեցան 10-20 տարուան բանտարկութեան, եւ երկու շաբաթ ետք մտան դաշնակցային բանտը Աթլանթայի մէջ, Ճորճիա։

ՔԱՐՈԶՉՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ

Այս հանգրուանին, Աստուածաշունչի Աշակերտները զօրաւոր հակառակութիւն դիմագրաւեցին։ Հետաքննութեան դաշնակցային գրասենեակը (Էֆ.Պի.Այ.) մանրամասնօրէն քննեց անոնց գործունէութիւնը, եւ հազարաւոր փաստաթուղթեր ներկայացուց։ Այս փաստաթուղթերը կը վկայեն որ մեր եղբայրները վճռած էին քարոզչութեան գործը շարունակել։

Ֆլորիտայի Օրլանտօ քաղաքին թղթատարական տեսուչը Էֆ.Պի.Այ.–ին գրեց, որ Աստուածաշունչի Աշակերտները ամբողջ քաղաքին մէջ տունէ տուն կը ծառայեն, գլխաւորաբար գիշերը, եւ այնպէս կը թուի թէ վճռած են շարունակել քարոզել։

Միացեալ Նահանգներու Պատերազմի բաժանմունքին գնդապետներէն մէկը, Էֆ.Պի.Այ.–ին տեղեկագրութիւն մը ղրկեց Ֆրետերիք Ու. Ֆրանզին գործունէութեան մասին, որ յետագային ծառայեց որպէս Կառավարիչ մարմինին մէկ անդամը։ Գնդապետը գրեց. «Ֆ. Ու. Ֆրանզ. . . ծախած է ‘Կատարուած խորհուրդը’ գիրքէն գրեթէ հազար հատոր»։

Չարլզ Ֆէքըլ, որ նոյնպէս յետագային ծառայեց որպէս Կառավարիչ մարմինին մէկ անդամը, ուժգին հալածանք դիմագրաւեց։ Իշխանութիւնները զինք ձերբակալեցին Կատարուած խորհուրդը գիրքը բաժնելուն համար եւ հսկեցին իր անձնական նամակագրութեան վրայ։ Ան մէկ ամիս բանտարկուեցաւ Մերիլենտի Պալթիմոր քաղաքին մէջ եւ «աւստրիացի օտար թշնամի» սեպուեցաւ։ Իր միտքը բերելով Ա. Կորնթացիս 9։16–ին խօսքը՝ «Վայ է ինծի՝ եթէ աւետարանը չքարոզեմ», ան քաջաբար վկայութիւն տուաւ հարցաքննիչներուն *։

Նախանձախնդրութեամբ քարոզելէն զատ, Աստուածաշունչի Աշակերտները ջերմեռանդօրէն մարդոց ներկայացուցին հանրագիր մը, որով կը խնդրէին Աթլանթայի բանտէն ազատ արձակել մեր եղբայրները։ Էննա Ք. Կարտնըր պատմեց. «Միշտ բանով մը զբաղած էինք։ Եղբայրները բանտարկուելէն ետք, սկսանք ստորագրութիւններ հաւաքել։ Դռնէ դուռ կ’երթայինք։ Հազարաւոր ստորագրութիւններ հաւաքեցինք։ Մարդոց կ’ըսէինք որ այս մարդիկը ճշմարիտ քրիստոնեաներ են եւ անարդարօրէն բանտարկուած են»։

ՀԱՄԱԺՈՂՈՎՆԵՐ

Այդ դժուար ժամանակներուն, համաժողովներ գումարուեցան եղբայրները հոգեւորապէս զօրացնելու համար։ Դիտարան–ը ըսաւ. «Այս տարուան ընթացքին աւելի քան քառասուն համաժողովներ տեղի ունեցան. . . Ուրախալի եւ շատ դրական տեղեկագրութիւններ ստացանք բոլոր այս համաժողովներէն։ Նախապէս, բոլոր համաժողովները տեղի կ’ունենային ամառուան վերջաւորութեան կամ աշնան սկիզբը, բայց հիմա տարուան ընթացքին ամէ՛ն ամիս համաժողովներ կը գումարուին»։

Տակաւին անկեղծ մարդիկ կային, որոնք բարի լուրը կ’ընդունէին։ Օհայոյի Քլիվլէնտ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած համաժողովի մը ներկայ գտնուեցան շուրջ 1200 անհատներ եւ մկրտուեցան 42 անհատներ, որոնց մէջ կար պզտիկ տղայ մը, որուն «սէրն ու նուիրումը Աստուծոյ հանդէպ կրնար ամչցնել մեծերէն շատեր»։

ԵՏՔԸ Ի՞ՆՉ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՐ

Մինչ 1918–ը իր աւարտին կը մօտենար, Աստուածաշունչի Աշակերտները անստոյգ ապագայի մը առջեւ էին։ Պրուքլինի մէջ մեր շէնքերէն ոմանք ծախուեցան եւ կեդրոնատեղին փոխադրուեցաւ Փիթցպըրկ, Փէնսիլվանիա։ Մինչ առաջնորդութիւն առնող եղբայրները բանտարկուած էին, բաժնետէրերու յաջորդ տարեկան ժողովը կը մօտենար, որ տեղի պիտի ունենար 4 յունուար 1919–ին։ Ի՞նչ պիտի պատահէր։

Մեր եղբայրները յարատեւեցին իրենց գործին մէջ։ Այնքա՛ն վստահ էին թէ վերջաւորութեան ի՛նչ պիտի ըլլար, որ Եսայի 54։17–ն զատեցին որպէս 1919–ի տարուան համարը. «Քեզի վնասող ոեւէ գործիք ամենեւին պիտի չյաջողի»։ Կտրուկ փոփոխութիւններ պիտի ըլլային, ինչ որ իրենց հաւատքը պիտի ամրացնէր եւ զիրենք պիտի զօրացնէր, որ իրենց առջեւ եղող մեծ գործը կատարեն։

^ պարբ. 6 Տե՛ս 2017–ի Եհովայի վկաներու տարեգիրք–ին մէջ, «1917. Հարիւր տարի առաջ» յօդուածը, էջ 172-176 (անգլերէն)։

^ պարբ. 22 Տե՛ս Չարլզ Ֆէքըլին կենսագրութիւնը՝ «Ուրախութիւններ՝ բարի գործը յարատեւաբար կատարելով», Դիտարան–ի 1 մարտ 1969 թիւին մէջ (անգլերէն)։