Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Վստահէ մեր Առաջնորդին՝ Քրիստոսին

Վստահէ մեր Առաջնորդին՝ Քրիստոսին

«Ձեր միակ առաջնորդը Քրիստոսն է» (ՄԱՏ. 23։10, ՆԹ

ԵՐԳԵՐ. 108, 99

1, 2. Յեսուն ի՞նչ դժուարութիւններ ունեցաւ Մովսէսին մահէն ետք։

ԵՀՈՎԱՅԻՆ խօսքը տակաւին Յեսուին ականջին կը հնչէր. «Իմ ծառաս Մովսէս մեռաւ. հիմա ելի՛ր ու անցի՛ր Յորդանանէն՝ դուն եւ այս բոլոր ժողովուրդը՝ այն երկիրը որ ես Իսրայէլի որդիներուն պիտի տամ» (Յես. 1։1, 2)։ Ասիկա ի՜նչ անակնկալ փոփոխութիւն մըն էր Յեսուին համար, որ գրեթէ 40 տարի Մովսէսին ծառան էր։

2 Որովհետեւ Մովսէս շատ երկար տարիներ առաջնորդեց իսրայէլը, Յեսուն մտածած ըլլալու էր որ արդեօք ժողովուրդը զինք պիտի ընդունէի՞ն (Բ. Օր. 34։8, 10-12)։ Աստուածաշունչի աշխատասիրութիւն մը Յեսու 1։1, 2–ին ակնարկելով կ’ըսէ, թէ ըլլա՛յ անցեալին կամ ներկայիս՝ պետութեան մը համար ամէնէն դժուար եւ վտանգաւոր ժամանակներէն մէկն է, երբ առաջնորդի մը կը յաջորդէ ուրիշ մը։

3, 4. ա) Աստուած ինչպէ՞ս օրհնեց Յեսուն։ բ) Թերեւս ի՞նչ հարցում հարցնենք։

3 Բնական է որ Յեսուն վախեր ունենար, բայց Եհովային վստահեցաւ եւ շուտով հետեւեցաւ Իր ցուցմունքներուն (Յես. 1։9-11)։ Եւ քանի որ իրեն վստահեցաւ, Աստուած զինք օրհնեց եւ հրեշտակի մը միջոցաւ առաջնորդեց զինք եւ իսրայէլացիները։ Տրամաբանական է եզրակացնել որ այդ հրեշտակը Բանն էր՝ Աստուծոյ միածին Որդին (Ել. 23։20-23. Յովհ. 1։1

4 Եհովան իսրայէլ ազգին օգնեց, որ համակերպի եղած փոփոխութիւններուն, երբ Յեսուն նոր առաջնորդը եղաւ։ Մեր օրերուն ալ բազմաթիւ մեծ փոփոխութիւններ կ’ըլլան։ Թերեւս մտածենք. ‘Մինչ Աստուծոյ կազմակերպութիւնը արագօրէն յառաջ կ’երթայ, վաւերական պատճառներ ունի՞նք վստահելու մեր Առաջնորդին՝ Յիսուսին’ (կարդա՛ Մատթէոս 23։10) *։ Նկատի առնենք թէ Եհովան անցեալին ինչպէ՛ս առաջնորդեց իր ժողովուրդը երբ փոփոխութիւններէ անցան։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԱՌԱՋՆՈՐԴԵԼ ԴԷՊԻ ՔԱՆԱՆԻ ԵՐԿԻՐԸ

5. Երիքովին մօտ, Յեսուին հետ ի՞նչ տարօրինակ բան մը եղաւ (տե՛ս բացման նկարը)։

5 Իսրայէլացիները Յորդանան գետը կտրելէ ետք, տարօրինակ բան մը եղաւ Յեսուին հետ։ Մինչ Երիքովի կը մօտենար, հանդիպեցաւ մարդու մը, որ սուր ունէր իր ձեռքը։ Յեսուն անոր հարցուց. «Մեզմէ՞ ես թէ մեր թշնամիներէն ես»։ Յեսուն զարմացաւ երբ մարդը ըսաւ, որ ինք «Տէրոջը զօրավար»ն էր։ Ան պատրաստ էր Աստուծոյ ժողովուրդը պաշտպանելու (կարդա՛ Յեսու 5։13-15)։ Թէեւ ուրիշ համարներ կ’ըսեն որ Եհովան էր ուղղակի Յեսուին հետ խօսողը, բայց անկասկած Եհովան հրեշտակի միջոցաւ կը խօսէր Յեսուին, ինչպէս որ անցեալին շատ անգամ ըրած էր (Ել. 3։2-4. Յես. 4։1, 15. 5։2, 9. Գործք 7։38. Գաղ. 3։19

6-8. ա) Եհովային ցուցմունքներէն ոմանք թերեւս ինչո՞ւ անտրամաբանական թուեցան։ բ) Ինչպէ՞ս գիտենք որ ցուցմունքները թէ՛ իմաստուն էին եւ թէ ժամանակայարմար (տե՛ս նաեւ ստորանիշը)։

6 Յեսուն արդէն իսկ յստակ ցուցմունքներ կը ստանար Երիքովը ինչպէ՛ս գրաւելուն մասին։ Սկիզբը, թերեւս այնպէս մը երեւցաւ որ ցուցմունքներէն ոմանք տրամաբանական չէին։ Օրինակ, Եհովան հրամայեց որ բոլոր տղամարդիկը թլփատուին։ Ասիկա նշանակեց որ անոնք քանի մը օր պիտի չկարենային կռուիլ։ Ատիկա իրապէ՞ս յարմար ժամանակն էր, որ զինուորները թլփատուէին (Ծն. 34։24, 25. Յես. 5։2, 8

7 Հաւանաբար այդ իսրայէլացի զինուորները մտածեցին, որ ինչպէ՛ս պիտի կարենային իրենց ընտանիքները պաշտպանել, եթէ թշնամիները իրենց վրայ յարձակէին։ Բայց անակնկալ բան մը պատահեցաւ։ Փոխանակ իսրայէլացիներուն վրայ յարձակելու, Երիքովի մարդիկը անոնցմէ վախցան եւ ‘Երիքով ամուր կերպով փակուեցաւ’ (Յես. 6։1)։ Այս լուրը աւելի զօրացուցած ըլլալու էր իսրայէլացիներուն վստահութիւնը Աստուծոյ առաջնորդութեան հանդէպ։

8 Ասկէ զատ, հրեշտակը Յեսուին ըսաւ որ իսրայէլացիները պէտք չէ յարձակին Երիքովին վրայ, հապա պէտք է քաղաքին շուրջ դառնան վեց օր՝ օրական մէկ անգամ, իսկ եօթներորդ օրը՝ եօթը անգամ։ Թերեւս զինուորներէն ոմանք մտածեցին. ‘Պարապի ժամանակ ու կորով պիտի վատնենք’։ Բայց իսրայէլի անտեսանելի Առաջնորդը՝ Եհովան, շատ լաւ գիտէր թէ ի՛նչ կ’ընէր։ Այս ցուցմունքը զօրացուց իսրայէլացիներուն հաւատքը, ինչպէս նաեւ՝ պէտք չեղաւ որ անոնք կռուին Երիքովի հզօր զինուորներուն դէմ (Յես. 6։2-5. Եբ. 11։30) *։

9. Ինչո՞ւ պէտք է Աստուծոյ կազմակերպութեան ցուցմունքներուն հետեւինք. օրինակ մը տուր։

9 Այս պատմութենէն ի՞նչ կը սորվինք։ Ատեններ կազմակերպութիւնը փոփոխութիւններ կ’ընէ որոշ բաներու մէջ, եւ թերեւս լման չենք հասկնար պատճառները։ Օրինակ, երբ սկսանք ելեկտրոնային սարքեր գործածել անձնական ուսումնասիրութեան, ծառայութեան եւ ժողովներուն մէջ, թերեւս սկիզբը զգացինք որ ատիկա լաւ գաղափար մը չէ։ Բայց հիմա կը տեսնենք որ ատիկա օգուտներ ունի։ Երբ այսպիսի փոփոխութիւններու դրական արդիւնքները կը տեսնենք, մեր հաւատքը կը զօրանայ եւ աւելի միացած կ’ըլլանք եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ։

ՔՐԻՍՏՈՍ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԱՌԱՋՆՈՐԴԵՑ ԱՌԱՋԻՆ ԴԱՐՈՒ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐԸ

10. Ո՞վ հարցերը այնպէս մը ուղղեց, որ կառավարիչ մարմինը այդ կարեւոր ժողովը ընէ։

10 Կոռնելիոս քրիստոնեայ դառնալէն շուրջ 13 տարի ետք, կարգ մը հրեայ քրիստոնեաներ տակաւին կ’ըսէին որ թլփատութիւնը անհրաժեշտ է (Գործք 15։1, 2)։ Երբ Անտիոքի մէջ վիճաբանութիւն ծագեցաւ, կարգադրութիւն եղաւ որ Պօղոս Երուսաղէմի մէջ հարցը ներկայացնէր կառավարիչ մարմինին։ Բայց այդ ուղղութեան ետին ո՞վ կար։ Պօղոս ըսաւ. «Երուսաղէմ. . . ելայ յայտնութիւնով»։ Յստակ է թէ Քրիստոս հարցերը այնպէս մը ուղղեց, որ կառավարիչ մարմինը լուծէ խնդիրը (Գաղ. 2։1-3

Քրիստոսին առաջնորդութիւնը առաջին դարուն յայտնի էր (տե՛ս պարբերութիւն 10, 11)

11. ա) Կարգ մը հրեայ քրիստոնեաներ տակաւին ի՞նչ կը խորհէին թլփատութեան մասին։ բ) Պօղոս ինչպէ՞ս ցուցուց որ խոնարհօրէն թիկունք կը կանգնէր Երուսաղէմի երէցներուն (տե՛ս նաեւ ստորանիշը)։

11 Քրիստոսին ուղղութեան ներքեւ, կառավարիչ մարմինը յստակացուց թէ հրեայ չեղող քրիստոնեաները պէտք չունէին թլփատուելու (Գործք 15։19, 20)։ Բայց այս որոշումէն տարիներ ետք, շատ մը հրեայ քրիստոնեաներ տակաւին կը թլփատէին իրենց որդիները։ Միւս կողմէ, երբ Երուսաղէմի երէցները լսեցին այն տարաձայնութիւնը, թէ Պօղոս չէր յարգեր Մովսիսական օրէնքը, կարգ մը անակնկալ ցուցմունքներ տուին իրեն (Գործք 21։20-26) *։ Իրմէ խնդրեցին որ չորս տղամարդ տանի տաճար, որպէսզի մարդիկ տեսնեն որ ինք կը յարգէր Օրէնքը։ Պօղոս կրնար ըսել. ‘Ասիկա տրամաբանական չէ։ Ինչո՞ւ ասանկ բան մը պիտի ընեմ։ Բուն խնդիրը՝ թլփատութեան հարցը չհասկցող հրեայ քրիստոնեաներուն հետ է’։ Բայց Պօղոս հասկցաւ թէ երէցները կ’ուզէին որ բոլոր քրիստոնեաները միացած ըլլան, եւ այս պատճառով անոնց ցուցմունքներուն խոնարհաբար հետեւեցաւ։ Թերեւս մտածենք. ‘Յիսուս ինչո՞ւ ձգեց որ թլփատութեան հարցը այսքա՛ն երկարի, հակառակ որ իր մահը վերջ դրած էր Մովսիսական օրէնքին’ (Կող. 2։13, 14

12. Քրիստոս հաւանաբար ինչո՞ւ երկար ժամանակ սպասեց, մինչեւ որ թլփատութեան հարցը լուծէ։

12 Կարգ մը մարդոց հետ ժամանակ կ’առնէ որ հասկացողութեան մը փոփոխութեան վարժուին։ Հրեայ քրիստոնեաները ժամանակ կ’ուզէին, որ իրենց տեսակէտը փոխէին (Յովհ. 16։12)։ Ոմանց համար դժուար էր ընդունիլ, որ թլփատութիւնը այլեւս Աստուծոյ հետ յատուկ փոխյարաբերութեան նշան չէ (Ծն. 17։9-12)։ Ուրիշներ կը վախնային որ հալածուին, եթէ իրենց հրեայ շրջանակէն տարբեր ըլլային (Գաղ. 6։12)։ Ժամանակի ընթացքին, Քրիստոս Պօղոսի նամակներուն միջոցաւ յաւելեալ ուղղութիւններ տուաւ (Հռով. 2։28, 29. Գաղ. 3։23-25

ՔՐԻՍՏՈՍ ՏԱԿԱՒԻՆ ԻՐ ԺՈՂՈՎՔԸ Կ’ԱՌԱՋՆՈՐԴԷ

13. Ի՞նչը կրնայ մեզի օգնել որ թիկունք կանգնինք Քրիստոսին առաջնորդութեան։

13 Երբ լման չենք հասկնար կազմակերպութեան ըրած կարգ մը փոփոխութիւններուն պատճառները, լաւ կ’ըլլայ որ մտածենք թէ Քրիստոս անցեալին ինչպէ՛ս առաջնորդեց Աստուծոյ ժողովուրդը։ Ըլլա՛յ Յեսուին օրերուն կամ առաջին դարուն, Քրիստոս միշտ իմաստուն ցուցմունքներ տուած է, որպէսզի Աստուծոյ ժողովուրդը որպէս խումբ պաշտպանէ, անոնց հաւատքը զօրացնէ եւ Աստուծոյ ծառաներուն միութիւնը պահպանէ (Եբ. 13։8

14-16. «Հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին տուած ուղղութիւնները ինչպէ՞ս կը փաստեն, որ Քրիստոս մեր հոգեւոր բարօրութեամբ հետաքրքրուած է։

14 Ներկայիս, «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» ճիշդ ատենին մեզի կու տայ պէտք եղած ուղղութիւնը (Մատ. 24։45)։ Ասիկա կը ցուցնէ որ Յիսուս մեզմով հետաքրքրուած է։ Օրինակ, չորս զաւակ ունեցող Մարք կ’ըսէ. «Սատանան ընտանիքներուն վրայ յարձակելով կը փորձէ ժողովքները տկարացնել։ Հիմա որ քաջալերութիւն կը տրուի, որ ամէն շաբաթ ընտանեկան պաշտամունք ընենք, ընտանիքի գլուխը շատ յստակ կերպով կը հասկնայ, որ պէտք է իր ընտանիքը պաշտպանէ վտանգներէ»։

15 Երբ կ’ըմբռնենք որ Քրիստոս ինչպէ՛ս կ’առաջնորդէ մեզ, կը զգանք թէ ան որքա՜ն հետաքրքրուած է մեր հոգեւոր յառաջդիմութեամբ։ Օրինակ, Փաթրիք անունով երէց մը կ’ըսէ. «Երբ շաբաթավերջերուն սկսանք պզտիկ խումբերով հաւաքուիլ դաշտի ծառայութեան համար, ոմանք սկիզբը վհատեցան։ Բայց այս կարգադրութիւնը յստակօրէն յայտնեց Յիսուսին գլխաւոր յատկութիւններէն մէկը, թէ ինք հետաքրքրուած է խեղճերով»։ Օրինակ, կարգ մը եղբայրներ ու քոյրեր, որոնք ամչկոտ են կամ շատ ծառայութեան չէին ելլեր, այլեւս կը զգան որ իրենց աւելի պէտք կայ եւ կրնան աւելի օգտակար դառնալ։ Այսպիսով, անոնք հոգեւորապէս յառաջ գացած են։

16 Քրիստոս նաեւ մեզի կ’օգնէ որ կեդրոնացած մնանք ներկայիս կատարուող ամէնէն կարեւոր գործին վրայ (կարդա՛ Մարկոս 13։10)։ Անտրէ անունով նոր երէց մը միշտ ջանացած է քայլ պահել կազմակերպութեան տուած նոր ուղղութիւններուն հետ։ Ան կ’ըսէ. «Մասնաճիւղերուն մէջ ծառայողներուն թիւը նուազեցնելու կարգադրութիւնը մեզի կը յիշեցնէ, որ վերջը շատ մօտեցած է եւ թէ մեր կորովը պէտք է կեդրոնացնենք քարոզչութեան գործին վրայ»։

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆՔ ԹԻԿՈՒՆՔ ԿԱՆԳՆԻԼ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՈՒՂՂՈՒԹԵԱՆ

17, 18. Ինչո՞ւ պէտք է կեդրոնանանք այն օգուտներուն վրայ, որ կը քաղենք փոփոխութիւններուն համակերպելով։

17 Մեր Թագաւորին՝ Յիսուս Քրիստոսին տուած ուղղութիւնները մեզի պիտի օգնեն ոչ միայն հիմա, հապա նաեւ ապագային։ Ուրեմն, ջանա՛ կեդրոնանալ այն օգուտներուն վրայ, որ քաղեցիր երբ համակերպեցար վերջերս եղած փոփոխութիւններուն։ Ընտանեկան պաշտամունքիդ ընթացքին կրնաս քննարկել, թէ ժողովներուն մէջ կամ ծառայութեան մէջ մտցուած փոփոխութիւնները ինչպէ՛ս ընտանիքիդ օգնած են։

Ընտանիքիդ եւ ուրիշներուն կ’օգնե՞ս որ քայլ պահեն Եհովայի կազմակերպութեան հետ (տե՛ս պարբերութիւն 17, 18)

18 Եթէ ըմբռնենք որ Եհովայի կազմակերպութեան տուած ցուցմունքներուն հետեւիլը օգուտներ ունի մեզի համար, աւելի դիւրին պիտի ըլլայ որ ուրախութեամբ ատոնց հետեւինք։ Օրինակ, ուրախ ենք որ աւելի քիչ թիւով հրատարակութիւններ տպելը դրամ կը խնայէ, իսկ նոր արհեստագիտութիւններ գործածելը կազմակերպութեան թոյլ կու տայ, որ բարի լուրը աւելի մարդոց հասցնէ։ Կրնա՞նք անձնապէս աւելի գործածել ելեկտրոնային հրատարակութիւնները եւ վիտէօներն ու ձայնագրութիւնները։ Այսպիսով, թիկունք կանգնած կ’ըլլանք Քրիստոսին, որ կ’ուզէ որ իմաստութեամբ գործածենք կազմակերպութեան նիւթական միջոցները։

19. Ինչո՞ւ Քրիստոսին ուղղութեան պէտք է թիկունք կանգնինք։

19 Երբ Քրիստոսին ուղղութեան սրտանց թիկունք կանգնինք, եղբայրներուն ու քոյրերուն կ’օգնենք, որ աւելի զօրաւոր հաւատք ունենան եւ աւելի միացած ըլլան։ Համայն աշխարհի մէջ Բեթէլի ընտանիքին մեծութեան նկատմամբ եղած փոփոխութիւններուն ակնարկելով, Անտրէ կ’ըսէ. «Այն դրական ոգին որ տեսայ նախկին բեթէլականներու մէջ, որոնք այսպիսի փոփոխութիւններու համակերպեցան, կը ձգէ որ Քրիստոսին առաջնորդութեան վստահիմ եւ զանոնք յարգեմ։ Անոնք Եհովայի կառքին հետ քայլ կը պահեն, ուրախութեամբ կատարելով որեւէ նշանակում որ կը ստանան»։

ՀԱՒԱՏՔԻ ԱՉՔԵՐՈՎ ՎՍՏԱՀԷ ՄԵՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴԻՆ

20, 21. ա) Ինչո՞ւ կրնանք վստահիլ Քրիստոսին՝ մեր Առաջնորդին։ բ) Ի՞նչ պիտի քննարկենք յաջորդ յօդուածին մէջ։

20 Մեր Առաջնորդը՝ Յիսուս Քրիստոս մօտ ատենէն վերջնականապէս ‘պիտի յաղթէ’ եւ «ահաւոր բաներ» պիտի իրագործէ (Յայտ. 6։2. Սաղ. 45։4)։ Մինչ այդ, ան մեզ կը պատրաստէ նոր աշխարհի կեանքին, ուր յարութիւն առնողներուն պիտի սորվեցնենք եւ երկիրը դրախտի պիտի վերածենք։

21 Մեր Թագաւորը մեզ իրապէս պիտի առաջնորդէ դէպի նոր աշխարհը, եթէ կոյր վստահութիւն ունենանք իրեն վրայ՝ ի՛նչ ալ պատահի (կարդա՛ Սաղմոս 46։1-3)։ Ներկայիս, փոփոխութիւններուն վարժուիլը դժուար կրնայ ըլլալ, մանաւանդ եթէ ատոնց պատճառով մեր կեանքը անակնկալօրէն փոխուի։ Ինչպէ՞ս կրնանք ներքին խաղաղութիւն եւ Եհովային հանդէպ զօրաւոր հաւատք պահպանել։ Այս հարցումը պիտի քննարկենք յաջորդ յօդուածին մէջ։

^ պարբ. 4 Մատթէոս 23։10, ՆԹ. «‘Առաջնորդ’ մի՛ կոչուիք, որովհետեւ ձեր միակ առաջնորդը Քրիստոսն է»։

^ պարբ. 8 Հնագէտները Երիքովի աւերակներուն մէջ գտան մեծ քանակով հատեղէն, որ ժողովուրդը հնձած էր բայց չէր կերած։ Ասիկա կը համաձայնի Սուրբ Գիրքին հետ, որ կը յայտնէ թէ պաշարումը կարճ տեւեց եւ թէ իսրայէլացիներուն արտօնուած չէր Երիքովին ուտելիքէն ուտել։ Իսկ որովհետեւ հունձքի եղանակն էր՝ յարմար ժամանակ էր Աւետեաց երկիրը մտնելու, քանի որ առատ ուտելիք կար դաշտերուն մէջ (Յես. 5։10-12

^ պարբ. 11 Տե՛ս «Պօղոս խոնարհաբար փորձ մը կը դիմագրաւէ» շրջանակը, Դիտարան–ի 1 ապրիլ 2003 թիւին մէջ, էջ 20։