Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Սիրենք. . . գործով ու ճշմարտութիւնով»

«Սիրենք. . . գործով ու ճշմարտութիւնով»

«Ո՛չ թէ խօսքով ու լեզուով սիրենք, հապա գործով ու ճշմարտութիւնով» (Ա. ՅՈՎՀ. 3։18

ԵՐԳԵՐ. 72, 124

1. Սիրոյ մեծագոյն տեսակը ի՞նչ է եւ ինչո՞ւ (տե՛ս բացման նկարը)։

ԵՀՈՎԱՆ սիրոյ Աղբիւրն է, եւ սէրը իր կողմէ նուէր մըն է (Ա. Յովհ. 4։7)։ Ճիշդ սկզբունքներու վրայ հիմնուած սէրը (ա·կաբէ)՝ սիրոյ մեծագոյն տեսակն է։ Այս սիրոյն մէջ կրնայ գուրգուրանք եւ ջերմութիւն ըլլալ, բայց ատիկա միայն զգացումներ չէ։ Ատիկա կ’արտայայտուի՝ անձնազոհութեամբ բաներ ընելով ուրիշներուն օգտին համար։ Ատիկա այնպիսի սէր մըն է, որ մեզ կը մղէ լաւ բաներ ընելու ուրիշներուն համար։ Այս սէրը մեզի ուրախութիւն կու տայ եւ մեր կեանքը իմաստալից կը դարձնէ։

2, 3. Եհովան ինչպէ՞ս անձնազոհ սէր ցուցուցած է մարդոց հանդէպ։

2 Եհովան մարդ արարածին հանդէպ սէր ցուցուց նոյնիսկ Ադամն ու Եւան ստեղծելէն առաջ։ Ան երկիրը այնպէս մը ըրաւ որ մարդուն յաւիտենական տունը ըլլայ, եւ ասկէ աւելին՝ որպէսզի մարդը կեանքէն հաճոյք առնէ։ Եհովան ասիկա մե՛ր օգտին համար ըրաւ, եւ ոչ թէ իր շահին համար։ Ետքը, ան մարդը ստեղծեց եւ իրեն տուաւ Դրախտին մէջ յաւիտեան ապրելու յոյսը։

3 Ադամին ու Եւային ըմբոստութենէն ետք, Եհովան մեծագոյն կերպով ցուցուց իր անձնազոհ սէրը։ Ան կարգադրութիւն ըրաւ որ իր Որդին զոհուի անոնց սերունդին համար, եւ վստահ էր որ անոնցմէ ոմանք իրենց կարգին պիտի սիրէին զինք (Ծն. 3։15. Ա. Յովհ. 4։10)։ Այն վայրկեանէն որ Եհովան փրկանքը խոստացաւ, սեպեց որ ատիկա արդէն իսկ տրուած է։ Իսկ շուրջ 4000 տարի ետք, Եհովան իր միածին Որդին զոհեց մարդկութեան համար (Յովհ. 3։16)։ Շա՜տ երախտապարտ ենք Եհովայի անձնազոհ սիրոյն համար։

4. Ի՞նչը կը յայտնէ որ անկատար մարդիկը կրնա՛ն անձնազոհ սէր ցուցնել։

4 Կրնա՞նք անձնազոհ սէր ցուցնել հակառակ որ անկատար ենք։ Ա՛յո, քանի որ Եհովան իր պատկերով ստեղծեց մեզ։ Մեզի համար միշտ դիւրին չէ սիրով վարուիլ, բայց կրնա՛նք։ Աբէլ Աստուծոյ հանդէպ սէր ցուցուց, երբ անձնազոհութեամբ նուիրեց իր ունեցածին լաւագոյնը (Ծն. 4։3, 4)։ Նոյ անձնազոհ սէր ցուցուց երբ շարունակեց Աստուծոյ պատգամը տարիներով քարոզել, հակառակ որ մարդիկ մտիկ չըրին (Բ. Պետ. 2։5)։ Իսկ երբ Աստուած Աբրահամէն խնդրեց որ իր տղան՝ Իսահակը զոհէ, Աբրահամ ցուցուց թէ Աստուծոյ հանդէպ իր սէրը աւելի զօրաւոր էր քան՝ իր զգացումները (Յակ. 2։21)։ Կ’ուզենք մենք ալ այդ հաւատարիմ մարդոց պէս սէր ցուցնել, հակառակ մեր ունեցած դժուարութիւններուն։

ՀԱՐԱԶԱՏ ՍԷՐԸ ԵՒ ԿԵՂԾ ՍԷՐԸ

5. Ի՞նչ կերպերով կրնանք հարազատ սէր ցուցնել։

5 Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ հարազատ սէր կը ցուցնենք «ո՛չ թէ խօսքով ու լեզուով. . . հապա գործով ու ճշմարտութիւնով» (Ա. Յովհ. 3։18)։ Ասիկա կը նշանակէ՞ որ չենք կրնար խօսքով սէր արտայայտել։ Անշուշտ ո՛չ (Ա. Թես. 4։17)։ Ատիկա կը նշանակէ որ միա՛յն խօսքով պէտք չէ սիրենք, հապա՝ երբ պէտք ըլլայ, գործով պէտք է ցուցնենք մեր սէրը։ Օրինակ, երբ մեր եղբայրներն ու քոյրերը բաւարար ուտելիք կամ հագուելիք չունենան, ազնիւ խօսքերը փոր չեն կշտացներ (Յակ. 2։15, 16)։ Նմանապէս, քանի որ կը սիրենք Եհովան եւ մեր ընկերը, ոչ միայն կ’աղօթենք որ ան «մշակներ հանէ իր հունձքին», հապա նաեւ անձամբ շատ ջանք կ’ընենք որ քարոզենք (Մատ. 9։38

6, 7. ա) «Անկեղծ սէրը» ի՞նչ է։ բ) Կեղծ սիրոյ կարգ մը օրինակներ տուր։

6 Յովհաննէս առաքեալ ըսաւ որ պէտք է «գործով ու ճշմարտութիւնով» սիրենք։ Ուրեմն, պէտք է մեր սէրը «առանց կեղծաւորութեան» եւ «անկեղծ» ըլլայ (Հռով. 12։9. Բ. Կոր. 6։6)։ Ասիկա կը նշանակէ թէ եթէ դուրսէն բան մը կը ձեւացնենք՝ բայց ներսէն ուրիշ բան մըն ենք, ասիկա հարազատ սէր չէ եւ անարժէք է։ Կեղծաւորութեամբ սիրել ըսուած բան մը չկայ։

7 Նկատի առ կեղծ սիրոյ կարգ մը օրինակներ։ Եդեմի պարտէզին մէջ, Սատանան ձեւացուց որ Եւային շահին համար կը խօսէր, բայց իր ըրածը անձնասիրութիւն էր եւ կեղծաւորութիւն էր (Ծն. 3։4, 5)։ Երբ Դաւիթ թագաւոր էր, Աքիտոփէլ անունով բարեկամ մը ունէր։ Բայց Աքիտոփէլ Դաւիթին դաւաճանեց իր անձնական շահին համար, եւ այսպիսով փաստեց որ իսկական բարեկամ մը չէր (Բ. Թագ. 15։31)։ Այսօր ալ, հաւատուրացները եւ ուրիշներ, որոնք ժողովքին մէջ բաժանումներ կը պատճառեն, «անոյշ խօսքերով ու գովեստներով» կը ձեւացնեն սիրալիր ըլլալ, բայց իրականութեան մէջ անոնք անձնասէր են (Հռով. 16։17, 18

8. Մենք մեզի ի՞նչ պէտք է հարցնենք։

8 Կեղծաւոր սէրը շատ ամօթալի է, քանի որ ճիշդ հակառակն է անձնազոհ սիրոյն։ Այսպիսի կեղծաւորութիւն մը կրնայ խաբել մարդիկը, բայց ո՛չ Եհովան։ Յիսուս ըսաւ որ անոնք որոնք կեղծաւորներու պէս են, շատ խստօրէն պիտի պատժուին (Մատ. 24։51)։ Անշուշտ, Եհովային ծառաները բնա՛ւ չեն ուզեր կեղծաւոր սէր ցուցնել։ Բայց լաւ կ’ըլլայ որ մենք մեզի հարցնենք. ‘Իմ սէրս միշտ հարազատ եւ անկե՞ղծ է, թէ ոչ՝ անձնասէր եւ խաբուսիկ’։ Նկատի առնենք ինը կերպեր, որոնցմով կրնանք «անկեղծ սէր» ցուցնել։

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆՔ ՍԻՐԵԼ «ԳՈՐԾՈՎ ՈՒ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆՈՎ»

9. Հարազատ սէրը պիտի ձգէ որ ի՞նչ ընենք։

9 Ուրախութեամբ ծառայէ քուլիսներուն ետին։ Պէտք է պատրաստ ըլլանք որ մեր եղբայրներուն ընենք սէրէ մղուած բաներ, որոնք «գաղտուկ» են (կարդա՛ Մատթէոս 6։1-4)։ Անանիան եւ Սափիրան այսպէս չվարուեցան։ Անոնք ուզեցին որ ուրիշները գիտնան, թէ իրենք նուիրատուութիւն կ’ընեն, եւ սուտ խօսեցան իրենց տուած գումարին մասին։ Այսպիսով, անոնք իրենց կեղծաւորութեան համար պատժուեցան (Գործք 5։1-10)։ Ասոր հակառակը, անկեղծ սէրը մեզ կը մղէ, որ մեր եղբայրներուն համար լաւ բաներ ընենք առանց ֆանֆարի։ Օրինակ, այն եղբայրները որոնք Կառավարիչ մարմինին կ’օգնեն հոգեւոր սնունդ պատրաստելու, ուշադրութիւնը իրենց վրայ չեն հրաւիրեր եւ ուրիշներուն չեն գիտցներ որ ի՛նչ նիւթերու վրայ աշխատած են։

10. Ինչպէ՞ս կրնանք ուրիշները պատուել։

10 Ուրիշները պատուէ (կարդա՛ Հռովմայեցիս 12։10)։ Յիսուս իր առաքեալները պատուեց ամէնէն աննշան գործը ընելով՝ անոնց ոտքերը լուալով (Յովհ. 13։3-5, 12-15)։ Պէտք է շատ ջանք թափենք որ Յիսուսին պէս խոնարհ ըլլանք եւ ուրիշներուն ծառայենք։ Նոյնիսկ առաքեալները Յիսուսին ըրածը լման չհասկցան, մինչեւ որ սուրբ հոգին ստացան (Յովհ. 13։7)։ Կրնանք ուրիշները պատուել, մենք մեզ բան մը չկարծելով, քանի որ աւելի ուսում առած ենք, աւելի դրամ ունինք կամ յատուկ նշանակումներ ունինք (Հռով. 12։3)։ Եւ փոխանակ ուրիշներուն նախանձելու երբ կը գովուին, անոնց հետ կ’ուրախանանք, նոյնիսկ եթէ կը զգանք որ պէտք էր նոյնքան գովասանք ստանայինք։

11. Ինչո՞ւ պէտք է մեր գովասանքը անկեղծ ըլլայ։

11 Անկեղծօրէն գովէ եղբայրները։ Պէտք է առիթներ փնտռենք որ իրար գովենք, քանի որ ասիկա «շինութիւն» կ’ընէ (Եփ. 4։29)։ Պէտք չէ դիմացինը ուռեցնենք, հապա՝ պէտք է անկեղծ ըլլանք եւ պէտք եղած տեղը խրատ տանք (Առ. 29։5)։ Կեղծաւոր կ’ըլլանք եթէ մէկը գովենք, բայց իր կռնակին ետեւէն զինք կտրենք։ Պօղոս առաքեալին սէրը հարազատ էր։ Ան անկեղծօրէն գովեց Կորնթոսի քրիստոնեաները իրենց ըրած լաւ բաներուն համար (Ա. Կոր. 11։2)։ Բայց երբ անոնք խրատի պէտք ունէին, ան պէտք եղած խրատը տուաւ եւ ազնուօրէն ու յստակօրէն բացատրեց պատճառը (Ա. Կոր. 11։20-22

Մեր սէրը եւ հիւրասէր ըլլալը կը ցուցնենք, պէտք եղած ատեն մեր եղբայրներուն օգնելով (տե՛ս պարբերութիւն 12)

12. Ինչպէ՞ս կրնանք հարազատ սէր ցուցնել երբ հիւրասէր կը գտնուինք։

12 Հիւրասէր եղիր։ Եհովան մեզի կը պատուիրէ որ առատաձեռն ըլլանք մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն հանդէպ (կարդա՛ Ա. Յովհաննէս 3։17)։ Բայց պէտք է ասիկա լաւ շարժառիթով ընենք եւ ոչ թէ անձնասիրութեամբ։ Կրնանք մենք մեզի հարցնել. ‘Տունս կը հրաւիրեմ միա՞յն մտերիմ բարեկամներս, ճանչցուած անձերը կամ անոնք որոնք փոխարէնը լաւութիւն մը պիտի ընեն ինծի. թէ ոչ առատաձեռն եմ այն եղբայրներուն եւ քոյրերուն հանդէպ, որոնց լաւ չեմ ճանչնար կամ որոնք չեն կրնար փոխարէնը բան մը ընել ինծի’ (Ղուկ. 14։12-14)։ Իսկ ինչպէ՞ս պէտք է վարուինք եթէ եղբայր մը օգնութեան պէտք ունենայ անխոհեմ որոշում մը առնելուն պատճառով, կամ մեզի շնորհակալութիւն չյայտնէ զինք հիւրասիրելէ ետք։ Այս պարագաներուն պէտք է հետեւեալ խրատը գործադրենք. «Իրարու հիւրասիրութիւն ցուցուցէ՛ք առանց տրտունջ ընելու» (Ա. Պետ. 4։9)։ Երբ ճիշդ շարժառիթով տանք ուրիշներուն, ուրախ պիտի ըլլանք (Գործք 20։35

13. ա) Ե՞րբ աւելի համբերութեան պէտք կ’ունենանք։ բ) Ի՞նչ կրնանք ընել որպէսզի տկարներուն օգնենք։

13 Տկարներուն օգնէ։ Սուրբ Գիրքին պատուէրը որ ‘տկարներուն ձեռնտու ըլլանք, ամենուն ալ երկայնամիտ ըլլանք’, կրնայ մէջտեղ հանել որ մեր սէրը անկե՛ղծ է կամ ոչ (Ա. Թես. 5։14)։ Տկար եղողներէն շատեր յետագային կը զօրանան, բայց ուրիշներ պէտք ունին որ իրենց շարունակաբար եւ համբերութեամբ օգնենք։ Ինչպէ՞ս։ Կրնանք Սուրբ Գիրքը գործածելով զանոնք քաջալերել, կամ զանոնք հրաւիրել որ մեզի հետ քարոզեն, կամ ալ կրնանք պարզապէս անոնց մտիկ ընել։ Նաեւ, փոխանակ մեր մտքին մէջ որոշելու թէ որոշ հաւատակից մը «զօրաւոր» է կամ «տկար» է, պէտք է ընդունինք որ բոլորս ունինք զօրաւոր եւ տկար կէտեր։ Նոյնիսկ Պօղոս առաքեալ խոստովանեցաւ որ տկարութիւններ ունի (Բ. Կոր. 12։9, 10)։ Ամէն մէկս պէտք ունի միւսին օգնութեան եւ քաջալերութեան։

14. Պէտք է պատրաստ ըլլանք ի՞նչ ընելու, որպէսզի եղբայրներուն հետ խաղաղութիւն ունենանք։

14 Խաղաղարար եղիր։ Մեր ամէն կարելին կ’ընենք որ խաղաղութիւն ունենանք մեր եղբայրներուն հետ, նոյնիսկ եթէ կը զգանք որ դիմացինը սխալ հասկցած է մեզ կամ անարդարօրէն վարուած է մեզի հետ (կարդա՛ Հռովմայեցիս 12։17, 18)։ Եթէ մէկը ցաւցուցած ենք, պարզապէս պէտք է ներողութիւն խնդրենք. բայց պէտք է անկեղծ ըլլանք։ Օրինակ, փոխանակ ըսելու՝ ‘Կը ներես որ ատանկ կը զգաս’, աւելի լաւ կ’ըլլայ որ հարցին մէջ մեր սխալը ընդունինք, ըսելով՝ ‘Կը ներես որ խօսքերովս վիրաւորեցի քեզ’։ Խաղաղութիւնը շատ կարեւոր է ամուսնութեան մէջ։ Ամուսին մը ու կին մը պէտք չէ մարդոց առջեւ ձեւացնեն որ իրար կը սիրեն, մինչ երբ առանձին են՝ իրարու հետ չեն խօսիր, իրար կը վիրաւորեն կամ բռնութեամբ կը վարուին։

15. Ինչպէ՞ս կրնանք ցուցնել որ անկեղծօրէն կը ներենք։

15 Առատօրէն ներէ։ Եթէ մէկը մեզ նեղացնէ, իրեն կը ներենք եւ մեր վիրաւորուած զգացումները մէկ կողմ կը դնենք։ Երբ ‘սիրով իրարու ներողամիտ կ’ըլլանք եւ կը ջանանք Սուրբ Հոգիին միաբանութիւնը խաղաղութեան կապովը պահել’, կրնանք առատօրէն ներել անոնց, որոնք չեն անդրադառնար որ մեզ նեղացուցած են (Եփ. 4։2, 3)։ Մեր ներողամտութիւնը անկեղծ ըլլալու համար, պէտք չէ շարունակենք մտածել դիմացինին ըրած սխալին մասին, քանի որ սէրը «վիրաւորանքները չի հաշուեր» (Ա. Կոր. 13։4, 5, ՆԱ)։ Եթէ ոխ պահենք, կրնանք վնասել թէ՛ մեր եղբօր կամ քրոջ հետ մեր փոխյարաբերութեան եւ թէ Եհովային հետ մեր փոխյարաբերութեան (Մատ. 6։14, 15Նաեւ կը ցուցնենք որ անկեղծօրէն ներած ենք, երբ աղօթենք այն անձին համար որ մեզ նեղացուցած է (Ղուկ. 6։27, 28

16. Եհովային ծառայութեան մէջ մեր ստացած առանձնաշնորհումները ի՞նչ աչքով պէտք է դիտենք։

16 Անձնական շահերդ զոհէ։ Երբ Եհովային ծառայութեան մէջ առանձնաշնորհումներ ստանանք, կրնանք փաստել թէ մեր սէրը հարազատ է՝ ‘փնտռելով ոչ թէ մեր անձին օգուտը, հապա մեր ընկերինը’ (Ա. Կոր. 10։24)։ Օրինակ, մեր համաժողովներուն, նշանակումներ ունեցող եղբայրները միւսներէն աւելի առաջ կը մտնեն համաժողովի վայրը։ Փոխանակ այս առիթը օգտագործելու որ ամէնէն լաւ աթոռները գրաւեն իրենց եւ իրենց ընտանիքին համար, անոնցմէ շատեր ուրիշ շարքի մէջ կը նստին։ Այսպիսով, անոնք կը ցուցնեն որ անձնազոհ սէր ունին։ Դուն ինչպէ՞ս կրնաս անոնց նմանիլ։

17. Եթէ մէկը լուրջ մեղք մը գործէ, անկեղծ սէրը զինք պիտի մղէ ի՞նչ ընելու։

17 Գաղտնօրէն ըրած մեղքերդ խոստովանէ եւ լքէ։ Ոմանք լուրջ մեղք մը գործելէ ետք կը փորձեն զայն գաղտնի պահել, որպէսզի ամօթով չելլեն կամ ուրիշները յուսախաբ չընեն (Առ. 28։13)։ Բայց ասիկա սիրալիր չէ, քանի որ թէ՛ մեղք գործողին կը վնասէ եւ թէ ուրիշներուն։ Ինչպէ՞ս։ Կրնայ ըլլալ որ Եհովան իր սուրբ հոգին քաշէ ժողովքէն եւ ժողովքին խաղաղութիւնը խանգարուի (Եփ. 4։30)։ Ուրեմն, եթէ մէկը լուրջ մեղք մը գործէ, անկեղծ սէրը զինք պիտի մղէ որ երէցներուն հետ խօսի, որպէսզի իրեն պէտք եղած օգնութիւնը տան (Յակ. 5։14, 15

18. Հարազատ սէրը որքա՞ն կարեւոր է։

18 Սէրը մեծագոյն յատկութիւնն է (Ա. Կոր. 13։13)։ Ատիկա մարդոց կ’օգնէ որ գիտնան թէ որո՛նք են Յիսուսի իսկական հետեւորդները, եւ տեսնեն թէ որո՛նք իրապէս կ’ընդօրինակեն սիրոյ Աղբիւրը՝ Եհովան (Եփ. 5։1, 2)։ Պօղոս գրեց. «Եթէ. . . սէր չունենամ, ոչինչ եմ» (Ա. Կոր. 13։2)։ Ուրեմն, շարունակենք մեր սէրը ցուցնել ոչ միայն «խօսքով», հապա՝ «գործով ու ճշմարտութիւնով»։