Պատրա՞ստ ես ‘երկիրը ժառանգելու’
ԲՈԼՈՐՍ անհամբեր կը սպասենք Յիսուսի այս խոստումին կատարման. «Երանի՜ հեզերուն, վասն զի անոնք պիտի ժառանգեն երկիրը» (Մատ. 5։5)։ Օծեալները երկիրը պիտի ժառանգեն՝ երկինքին մէջ Յիսուսին հետ իշխելով որպէս թագաւորներ (Յայտ. 5։10. 20։6)։ Իսկ ճշմարիտ քրիստոնեաներուն մեծամասնութիւնը անհամբեր կը սպասէ երկիրը ժառանգելու եւ անոր մէջ յաւիտեան ապրելու՝ կատարեալ, խաղաղ եւ ուրախ վիճակի մէջ։ Որպէսզի ատիկա կարելի ըլլայ, անոնք ընելիք կարեւոր գործեր պիտի ունենան։ Նկատի առ ատոնցմէ երեքը. երկիրը դրախտ դարձնել, յարութիւն առնողներուն պէտքերը հոգալ եւ անոնց սորվեցնել։ Նկատի առ նաեւ, թէ ինչպէ՛ս կրնաս նոյնիսկ հիմակուընէ ցոյց տալ, որ կը փափաքիս այդ գործերուն մասնակցիլ։
ՊԱՏՐԱ՞ՍՏ ԵՍ ԵՐԿԻՐԸ ԴՐԱԽՏ ԴԱՐՁՆԵԼՈՒ
Երբ Եհովան մարդոց պատուիրեց որ ‘երկիրը լեցնեն եւ անոր տիրեն’, ցոյց տուաւ որ ի վերջոյ ամբողջ աշխարհը դրախտ պիտի ըլլայ (Ծն. 1։28)։ Անոնք որոնք երկիրը պիտի ժառանգեն, նոյն պատուէրին պէտք է հնազանդին։ Սկիզբը երկիրը դրախտ պիտի չըլլայ, քանի որ Եդեմի պարտէզը այլեւս գոյութիւն չունի։ Արմագեդոնէն անմիջապէս ետք, շատ գործ պիտի ունենանք ընելիք, որպէսզի մաքրենք երկրին այն մասերը, որոնք քարուքանդ եղած են։ Եւ ատիկա վստահաբար դիւրին գործ մը պիտի չըլլայ։
Ասիկա մեր միտքը կը բերէ այն գործը, որ իսրայէլացիները պէտք էր ընէին, երբ Բաբելոնէն վերադարձան։ Իրենց երկիրը 70 տարի ամայի մնացեր էր, բայց Եսային մարգարէացած էր որ Եհովայի օրհնութեամբ անոնք պիտի կարենային երկիրը ետ բնակելի դարձնել։ Մարգարէութիւնը ըսաւ. «Անոր անապատը՝ Եդեմի պէս, անոր ամայութիւնը Տէրոջը դրախտին պէս պիտի ընէ» (Եսա. 51։3)։ Եւ իսրայէլացիները կրցան ատիկա ընել։ Նոյնպէս Եհովայի օրհնութեամբ, երկիրը ժառանգողները պիտի կարենան զայն դրախտ դարձնել։ Եւ նոյնիսկ հիմակուընէ կրնաս ցոյց տալ, որ կը փափաքիս ատոր մասնակցիլ։
Ատիկա ընելու կերպերէն մէկն է՝ տունդ ու շրջապատդ մաքուր ու կոկիկ պահել, չնայած թէ դրացիներդ այդպէս կ’ընե՛ն կամ ոչ։ Կրնաս նաեւ օգնել Թագաւորութեան սրահը եւ համաժողովի սրահը մաքրելու եւ նորոգելու։ Իսկ եթէ պարագաներդ կը ներեն, կրնաս դիմել շրջանիդ մէջ աղէտէ տուժածներուն օգնելու աշխատանքին մասնակցելու։ Այսպէս ցոյց կու տաս, որ պատրաստ ես օգնելու եղբայրներուդ ու քոյրերուդ։ Դուն քեզի հարցուր. ‘Կրնա՞մ կարգ մը հմտութիւններ զարգացնել, որոնք կրնամ գործածել, եթէ Եհովան թոյլ տայ որ երկիրը ժառանգեմ’։
ՊԱՏՐԱ՞ՍՏ ԵՍ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱՌՆՈՂՆԵՐՈՒՆ ՀՈԳ ՏԱՆԵԼՈՒ
Յայրոսին աղջիկին յարութիւն տալէ անմիջապէս ետք, Յիսուս ըսաւ որ այդ պզտիկին ուտելու բան մը տրուի (Մար. 5։42, 43)։ Հաւանաբար դժուար չէր 12 տարեկան այդ աղջիկը կերակրել։ Բայց պահ մը մտածէ, թէ ի՜նչ մեծ գործ պիտի տարուի, երբ Յիսուս կատարէ իր այս խոստումը. «Բոլոր գերեզմաններուն մէջ եղողները անոր ձայնը պիտի լսեն, ու դուրս պիտի գան» (Յովհ. 5։28, 29)։ Թէեւ Աստուածաշունչը շատ մանրամասնութիւններ չի տար, բայց կրնանք երեւակայել թէ յարութիւն առնողները ուտելիքի, բնակարանի ու հագուելիքի պէտք պիտի ունենան։ Կրնա՞ս հիմակուընէ իսկ ցոյց տալ, որ կ’ուզես օգտակար ըլլալ։ Նկատի առ կարգ մը բաներ, որ կրնաս ընել։
Ի՞նչ կրնաս հիմա ընել, ցոյց տալու համար թէ պատրաստ ես երկիրը ժառանգելու
Երբ ծանուցանուի որ շրջանային տեսուչը ժողովքդ պիտի այցելէ, զինք ճաշի կը հրաւիրե՞ս։ Երբ յատուկ լիաժամ ծառաներ Բեթէլէն դաշտ կը նշանակուին, կամ երբ շրջանային տեսուչ մը իր ծառայութիւնը կը դադրեցնէ, կրնա՞ս օգտակար ըլլալ բնակարան գտնելու։ Եթէ շրջանիդ մէջ տարեկան կամ մասնաւոր համաժողով մը տեղի պիտի ունենայ, կրնա՞ս առաջարկել համաժողովէն առաջ կամ ետք օգնել կամ պատրաստ ըլլալ պատուիրակները դիմաւորելու։
ՊԱՏՐԱ՞ՍՏ ԵՍ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱՌՆՈՂՆԵՐՈՒՆ ՍՈՐՎԵՑՆԵԼՈՒ
Գործք 24։15–ի համաձայն, կ’ակնկալենք որ միլիառաւոր մարդիկ յարութիւն պիտի առնեն։ Անոնցմէ շատեր նախապէս առիթը չեն ունեցած Եհովան ճանչնալու։ Բայց յարութիւն առնելէ ետք, անոնց այդ առիթը պիտի տրուի a։ Եհովայի հաւատարիմ եւ փորձառու ծառաներ պիտի մասնակցին այդպիսի սորվեցնելու գործի (Եսա. 11։9)։ Շարլոթ, որ քարոզած է Եւրոպայի, Հարաւային Ամերիկայի եւ Ափրիկէի մէջ, անհամբեր կը սպասէ ատոր։ Ան ուրախութեամբ կ’ըսէ. «Չորս աչքով կը սպասեմ որ յարութիւն առնողներուն սորվեցնեմ։ Երբ անցեալին ապրած մէկու մը մասին կը կարդամ, յաճախ կը մտածեմ. ‘Երանի՜ այս անձը Եհովան ճանչնար. Իր կեանքը շա՜տ տարբեր պիտի ըլլար’։ Մէկ վայրկեան առաջ կ’ուզեմ յարութիւն առնողներուն պատմել, թէ ի՛նչ կեանք կրնան ունենալ, եթէ Եհովային ծառայեն»։
Նոյնիսկ Եհովայի այն հաւատարիմ ծառաները, որոնք ապրեցան Յիսուս երկիր գալէն առաջ, շա՜տ բան պիտի ունենան սորվելիք։ Մտածէ թէ ի՜նչ մեծ ուրախութիւն եւ առանձնաշնորհում պիտի ըլլայ Դանիէլին բացատրել, թէ ինչպէ՛ս կատարուեցան այն մարգարէութիւնները, որոնք առանց հասկնալու գրեց (Դան. 12։8)։ Կամ ի՜նչ աղուոր պիտի ըլլայ օգնել Հռութին եւ Նոեմիին գիտնալու, թէ Մեսիան իրենց սերունդէն եկաւ։ Եւ ի՜նչ մեծ ուրախութիւն պիտի ըլլայ մասնակցիլ ամբողջ աշխարհի մէջ տարուող կրթական ծրագրին, առանց այսօրուան չար աշխարհին ճնշումներուն եւ խանգարումներուն։
Ինչպէ՞ս կրնաս հիմակուընէ ցոյց տալ, որ կ’ուզես պատրաստ ըլլալ այդ ծրագրին մասնակցելու։ Կարեւոր մէկ կերպ է ջանք ընել որ սորվեցնելու հմտութիւններդ լաւացնես եւ կանոնաւորաբար մասնակցիս ներկայիս տարուող համաշխարհային քարոզչութեան (Մատ. 24։14)։ Նոյնիսկ եթէ տարիքիդ կամ պարագաներուդ պատճառաւ չես կրնար շատ բան ընել, ջանքերդ կրնան ցոյց տալ որ պատրաստ ես յարութիւն առնողներուն սորվեցնելու։
Ուրեմն, կը մնայ այս կարեւոր հարցումը. Իրապէս անհամբեր կը սպասե՞ս որ երկիրը ժառանգես։ Ուրա՞խ ես որ առիթը պիտի ունենաս երկիրը դրախտ դարձնելու, ինչպէս նաեւ յարութիւն առնողներուն հոգ տանելու եւ սորվեցնելու։ Կրնաս հիմակուընէ՛ ցոյց տալ որ պատրաստ ես՝ առիթներ փնտռելով որ մասնակցիս այնպիսի գործերու, որոնք կը նմանին այն բաներուն, որոնք պիտի ընես երբ երկիրը ժառանգես։
a Տե՛ս «Շատերը արդարութեան առաջնորդել» յօդուածը, Դիտարան–ի սեպտեմբեր 2022 թիւին մէջ։